ԴԱՍ 132
«Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը»
ՄԱՏԹԷՈՍ 27։45-56 ՄԱՐԿՈՍ 15։33-41 ՂՈՒԿԱՍ 23։44-49 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։25-30
ՅԻՍՈՒՍ ՑԻՑԻՆ ՎՐԱՅ ԿԸ ՄԵՌՆԻ
ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ՝ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԴԷՊՔԵՐ Կ’ԸԼԼԱՆ
Հիմա «վեցերորդ ժամ»ն է, այսինքն կէսօր է։ Տարօրինակ խաւար կ’ըլլայ ‘երկրին վրայ մինչեւ իններորդ ժամը’, այսինքն՝ կէսօրէ ետք ժամը երեք (Մարկոս 15։33)։ Ատիկա արեգակնային խաւարում չէ, քանի որ ատանկ բան տեղի կ’ունենայ նորալուսնի ժամանակ։ Իսկ հիմա Պասեքի շրջանն է, երբ լիալուսին կ’ըլլայ։ Ասկէ զատ, արեւի խաւարումը միայն քանի մը վայրկեան կը տեւէ, բայց այս խաւարը շատ աւելի երկար կը տեւէ։ Ուրեմն Աստուա՛ծ կը պատճառէ ատիկա։
Երեւակայէ անոր ազդեցութիւնը ունեցաւ Յիսուսը ծաղրողներուն վրայ։ Այդ մութ ժամանակին, տանջանքի ցիցին կը մօտենան չորս կիներ. Յիսուսին մայրը, Սողովմէն, Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոս առաքեալի մայրը՝ Մարիամը։
Յովհաննէս առաքեալ Յիսուսին մօր քովը կը կենայ՝ տանջանքի ցիցին մօտ։ Մարիամ կը դիտէ մինչ իր ծնունդ տուած եւ մեծցուցած տղան ցաւերու մէջ ցիցէն կախուած է։ Մարիամի համար, կարծես իր սրտէն «թուր մը» կ’անցնի (Յովհաննէս 19։25. Ղուկաս 2։35)։ Հակառակ անոր որ Յիսուս անտանելի ցաւերու մէջ է, իր մօր բարօրութեան մասին կը մտածէ։ Ան ջանք կ’ընէ որ գլխու շարժումով Յովհաննէսը ցոյց տայ իր մօր եւ ըսէ. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։ Ետքը իր մայրը ցոյց տալով՝ Յովհաննէսին կ’ըսէ. «Ահա՛ քու մայրդ» (Յովհաննէս 19։26, 27)։
Յիսուս իր սիրելի առաքեալին՝ Յովհաննէսին կը յանձնէ իր մօր հոգատարութիւնը, որ հիմա ըստ երեւոյթին այրի է։ Յիսուս գիտէ որ իր խորթ եղբայրները, Մարիամին միւս տղաքը, դեռ իրեն հանդէպ հաւատք չունին։ Անոր համար ան կարգադրութիւն կ’ընէ, որ Յովհաննէս իր մօր ֆիզիքական եւ հոգեւոր պէտքերը հոգայ։ Ի՜նչ աղուոր օրինակ։
Մօտաւորապէս այն ժամանակ, երբ խաւարը իր աւարտին կը հասնի, Յիսուս կ’ըսէ. «Ծարաւ եմ» (Յովհաննէս 19։28. Սաղմոս 22։15)։ Այսպէս մարգարէութիւն մը կը կատարուի։ Յիսուս կը զգայ որ իր Հայրը իր պաշտպանութիւնը վերցուցած է, որպէսզի իր ուղղամտութիւնը ծայր աստիճան փորձուի։ Ան բարձր ձայնով կ’աղաղակէ. «Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի», որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ Իր քովը կայնողներէն ոմանք իր խօսքը սխալ կերպով կը հասկնան եւ կ’ըսեն. «Եղիան կը կանչէ»։ Անոնցմէ մէկը կը վազէ եւ սպունգ մը քացախի մէջ կը թաթխէ եւ եղէգին անցընելով Յիսուսին կու տայ որ խմէ։ Բայց ուրիշներ անոր կ’ըսեն. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու» (Մարկոս 15։34-36)։
Ետքը Յիսուս կ’աղաղակէ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհաննէս 19։30)։ Այո, ան կատարած է ամէն բան, որուն համար իր Հայրը զինք երկիր ղրկած է։ Յետոյ Յիսուս կ’ըսէ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս» (Ղուկաս 23։46)։ Յիսուս լիովին վստահ է, որ Եհովան իրեն յարութիւն պիտի տայ, անոր համար այդ խօսքը ըսելէ ետք, իր գլուխը կը ծռէ ու կը մեռնի։
Ասոր վրայ զօրաւոր երկրաշարժ կ’ըլլայ ու ժայռերը կը ճեղքուին։ Ատիկա ա՛յնքան զօրաւոր է որ Երուսաղէմէն դուրս գտնուող գերեզմանները կը բացուին եւ դիակներ դուրս կու գան։ Անցորդները, որոնք կը տեսնեն դիակները, «սուրբ քաղաքը» կը մտնեն եւ իրենց տեսածին մասին կը պատմեն (Մատթէոս 12։11. 27։51-53)։
Երբ Յիսուս կը մեռնի, Աստուծոյ տաճարին ծանր եւ երկար վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէ Սրբութիւն Սրբութեանցէն, վերէն վար կը պատռուի։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ Աստուած որքա՜ն բարկացած է իր Որդին սպաննողներուն դէմ։ Ատիկա նաեւ ցոյց կու տայ, որ հիմա ճամբան բաց է դէպի բուն Սրբութիւն Սրբութեանցը, այսինքն՝ երկինք (Եբրայեցիս 9։2, 3. 10։19, 20)։
Մարդիկ շա՛տ կը վախնան։ Հարիւրապետը, որ մահապատիժին գործադրութեան վրայ կը վերահսկէր, կ’ըսէ. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը» (Մարկոս 15։39)։ Թերեւս ան ներկայ էր, երբ Պիղատոսին առջեւ քննարկուեցաւ Յիսուսին Աստուծոյ Որդի ըլլալու նիւթը։ Հիմա ան համոզուած է, որ Յիսուս անմեղ է եւ իրապէս Աստուծոյ Որդին է։
Ուրիշներ ալ, այս արտասովոր դէպքերը տեսնելով, իրենց տունը կ’երթան ‘կուրծքերնուն զարնելով’, այսինքն՝ վիշտով եւ ամօթով լեցուած (Ղուկաս 23։48)։ Հեռուէն դիտողներուն մէջ շատ մը կիներ կան, որոնք Յիսուսին աշակերտներէն են եւ անոր ծառայութեան ժամանակ շատ անգամ անոր ընկերակցած են։ Այս բոլորը տեսնելով՝ անոնք ալ խորապէս ցնցուած եւ յուզուած են։