ԴԱՍ 137
Հարիւրաւորներ Յիսուսը կը տեսնեն Պէնտէկոստէէն առաջ
ՄԱՏԹԷՈՍ 28։16-20 ՂՈՒԿԱՍ 24։50-52 ԳՈՐԾՔ 1։1-12. 2։1-4
ՅԻՍՈՒՍ ՇԱՏԵՐՈՒ Կ’ԵՐԵՒԻ
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԿԻՆՔ ԿԸ ՀԱՄԲԱՌՆԱՅ
ՅԻՍՈՒՍ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՆ ԿԸ ԹԱՓԷ ՄՕՏ 120 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ
Իր յարութենէն ետք, Յիսուս կարգադրութիւն կ’ընէ որ իր 11 առաքեալներուն հետ տեսնուի Գալիլիայի մէջ՝ լերան մը վրայ։ Հոն, ուրիշ աշակերտներ ալ կու գան, մօտ 500 հոգի, որոնցմէ ոմանք կասկածներ ունին որ Յիսուս յարութիւն առած է (Մատթէոս 28։17. Ա. Կորնթացիս 15։6)։ Բայց ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ, անոնցմէ ամէն մէկուն կ’օգնէ համոզուելու, որ ինք ողջ է։
Յիսուս կը բացատրէ որ Աստուած իրեն ամէն իշխանութիւն տուաւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ։ Անոր համար իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։18-20)։ Յիսուս ոչ միայն ողջ է, հապա նաեւ կը շարունակէ կարգադրութիւններ ընել որ բարի լուրը քարոզուի։
Յիսուսի բոլոր հետեւորդները,– տղամարդիկ, կիներ եւ պզտիկներ,– աշակերտելու նոյն յանձնարարութիւնը կը ստանան։ Հակառակորդները թերեւս փորձեն անոնց քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին արգելք դառնալ, բայց Յիսուս զանոնք կը վստահեցնէ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ»։ Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ իր հետեւորդներուն համար։ Յիսուս անոնց կ’ըսէ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Յիսուս չ’ըսեր որ բոլոր անոնք՝ որոնք բարի լուրը պիտի քարոզեն, հրաշալի գործեր պիտի ընեն։ Բայց եւ այնպէս, անոնք սուրբ հոգիին օգնութիւնը պիտի ունենան։
Յիսուս իր յարութենէն ետք, «քառասուն օրուան մէջ» իր աշակերտներուն կ’երեւի։ Ան տարբեր մարմիններ կը հագնի ու ‘ինքզինք կենդանի կը ցուցնէ՝ շատ ապացոյցներով’ եւ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ «Աստուծոյ թագաւորութեան» մասին (Գործք 1։3. Ա. Կորնթացիս 15։7)։
Այնպէս կ’երեւի որ մինչ առաքեալները դեռ Գալիլիա են, Յիսուս անոնց կ’ըսէ որ Երուսաղէմ վերադառնան։ Երբ անոնց կը հանդիպի քաղաքին մէջ, անոնց կ’ըսէ որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որուն մասին իրմէ լսեցին։ Ան կ’աւելցնէ. «Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք» (Գործք 1։4, 5)։
Ետքը Յիսուս նորէն կը տեսնուի իր առաքեալներուն հետ եւ ‘զանոնք մինչեւ Բեթանիա կը հանէ’, որ Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի (Ղուկաս 24։50)։ Հակառակ Յիսուսին ըսած բոլոր խօսքերուն իր մեկնելուն նկատմամբ, անոնք տակաւին կը հաւատան, որ ձեւով մը իր Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի ըլլայ (Ղուկաս 22։16, 18, 30. Յովհաննէս 14։2, 3)։
Առաքեալները Յիսուսին կը հարցնեն. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ»։ Ետքը, նորէն շեշտելով այն գործը, որ պէտք է ընեն, ան կ’ըսէ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։6-8)։
Մինչ առաքեալները Ձիթենեաց լերան վրայ Յիսուսին հետ են, ան կը սկսի համբառնալ։ Շուտով ամպ մը Յիսուսը կը ծածկէ։ Իր յարութենէն ետք, Յիսուս տարբեր նիւթականացած մարմիններ հագած էր։ Իսկ հիմա, այդ օր իր հագած մարմինէն կը ձերբազատուի եւ երկինք կը վերադառնայ որպէս հոգեղէն արարած (Ա. Կորնթացիս 15։44, 50. Ա. Պետրոս 3։18)։ Մինչ հաւատարիմ առաքեալները կը շարունակեն Յիսուսին նայիլ, ‘ճերմակ հանդերձներով երկու մարդիկ’ անոնց քով կ’երեւին։ Անոնք հրեշտակներ են, եւ առաքեալներուն կ’ըսեն. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը» (Գործք 1։10, 11)։
Միայն Յիսուսին հաւատարիմ հետեւորդները կը տեսնեն անոր երկրէն մեկնիլը։ Ան «այսպէս պիտի գայ», այն առումով որ միայն իր հաւատարիմ հետեւորդները պիտի ըմբռնեն թագաւորական իշխանութեամբ իր ներկայութիւնը։
Առաքեալները Երուսաղէմ կը վերադառնան։ Յաջորդ օրերուն, անոնք կը հաւաքուին միւս աշակերտներուն հետ, մէջը ըլլալով՝ ‘Յիսուսին մայրը՝ Մարիամ, ու անոր եղբայրները’ (Գործք 1։14)։ Անոնք աղօթքի մէջ կը յարատեւեն։ Անոնք աղօթքի նիւթ կը դարձնեն Յուդա Իսկարիովտացին ուրիշով մը փոխարինելու կէտը, որպէսզի առաքեալներուն թիւը նորէն 12 ըլլայ (Մատթէոս 19։28)։ Անոնք կ’ուզեն ընտրել աշակերտ մը, որ Յիսուսին գործունէութիւններուն եւ յարութեան ականատես եղաւ։ Աստուածաշունչին մէջ վերջին անգամ ըլլալով, անոնք վիճակ կը ձգեն՝ Աստուծոյ կամքը գիտնալու համար (Սաղմոս 109։8. Առակաց 16։33)։ Կ’ընտրուի Մատաթիան, որ կրնայ ըլլալ որ այն 70–էն էր, որ Յիսուս քարոզելու ղրկեց։ Այսպէս, ան «տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ» (Գործք 1։26)։
Յիսուսի համբարձումէն 10 օր ետք, հրեաներուն Պէնտէկոստէի տօնը տեղի կ’ունենայ։ Մօտ 120 աշակերտներ հաւաքուած են վերնատան մը մէջ՝ Երուսաղէմի մէջ։ Յանկարծ ձայն մը կը լսուի՝ զօրաւոր հովի ձայնի պէս, եւ ամբողջ տունը այդ ձայնով կը լեցուի։ Կրակի նման լեզու կ’երեւի ամէն մէկուն վրայ։ Բոլոր աշակերտները տարբեր լեզուներ կը սկսին խօսիլ։ Ասիկա է սուրբ հոգիին թափուիլը, որ Յիսուս խոստացած էր (Յովհաննէս 14։26)։