ԴԱՍ 8
Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
1. Ո՞ր աղօթքը նկատի պիտի առնենք։
ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ մարդոց ծանօթ է «Հայր մեր»ը կամ «Տէրունական աղօթք»ը։ Յիսուս այս աղօթքով իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս աղօթել։ Ան ինչի՞ մասին աղօթեց։ Եւ ինչո՞ւ այս աղօթքը այսօր մեզի համար կարեւոր է։
2. Յիսուս սորվեցուց որ ի՞նչ երեք կարեւոր բաներու մասին աղօթենք։
2 Յիսուս ըսաւ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’» (կարդա՛ Մատթէոս 6։9-13)։ Յիսուս ինչո՞ւ սորվեցուց որ այդ երեք բաներուն մասին աղօթենք (տե՛ս Բացատրութիւն 20)։
3. Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ պիտի սորվինք։
3 Մենք սորվեցանք, որ Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Եւ նկատի առինք, որ մարդոց եւ երկրին համար Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Բայց Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Այս դասին մէջ պիտի սորվինք, որ ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, անիկա ի՛նչ պիտի ընէ եւ ինչպէ՛ս Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ։
Ի՞ՆՉ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
4. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ ո՞վ է անոր Թագաւորը։
4 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կառավարութիւն մըն է, որ Եհովա Աստուած հաստատեց երկինքին մէջ եւ Յիսուսը ընտրեց, որ անոր Թագաւորը ըլլայ։ Յիսուս «տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը» (Յայտնութիւն 17։14)։ Ան բոլոր կառավարիչներէն շա՛տ աւելի զօրաւոր է եւ ինչ որ ապագային մեզի համար պիտի ընէ՝ ոեւէ կառավարիչ չի կրնար ընել։
5. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրկէ՞ կ’իշխէ։ Անիկա ինչի՞ վրայ պիտի իշխէ։
5 Յարութիւն առնելէ 40 օր ետք, Յիսուս երկինք վերադարձաւ (Գործք 2։33)։ Ժամանակ մը ետք ան սկսաւ իշխել որպէս Թագաւորութեան Թագաւորը։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքէն պիտի իշխէ երկրի վրայ (Յայտնութիւն 11։15)։ Անոր համար է որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը կոչէ «երկնային թագաւորութիւն» (Բ. Տիմոթէոս 4։18)։
6, 7. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Յիսուսին պէս թագաւոր չկայ։
6 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Յիսուսին պէս թագաւոր չկայ, քանի որ միայն ի՛նք «ունի անմահութիւն» (Ա. Տիմոթէոս 6։16)։ Բոլոր կառավարիչները վերջ ի վերջոյ կը մեռնին. բայց Յիսուս բնա՛ւ պիտի չմեռնի։ Այն բոլոր բաները, որոնք Յիսուս մեզի համար պիտի ընէ՝ յաւիտեան պիտի մնան։
7 Սուրբ Գիրքը Յիսուսին մասին մարգարէացած է. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ [կամ չխրատէ]. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ» (Եսայի 11։2-4)։ Այս խօսքերը ցոյց կու տան որ Յիսուս պիտի ըլլայ Թագաւոր մը, որ արդար է եւ մարդոց հետ կը զգայ։ Կ’ուզէի՞ր այս տեսակ թագաւոր մը ունենալ։
8. Ուրկէ՞ գիտենք որ Յիսուս մինակը պիտի չթագաւորէ։
8 Աստուած կարգ մը մարդիկ ընտրած է որ Յիսուսին հետ թագաւորեն։ Օրինակ, Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին ըսաւ. «Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ» (Բ. Տիմոթէոս 2։12)։ Քանի՞ հոգի Յիսուսին հետ պիտի թագաւորէ։
9. Քանի՞ հոգի Յիսուսին հետ պիտի թագաւորէ։ Աստուած ե՞րբ սկսաւ զանոնք ընտրել։
9 Ինչպէս որ 7–րդ դասին մէջ նկատի առինք, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ, որ Յիսուս Թագաւոր էր երկինքի մէջ եւ անոր հետ կային 144,000 ուրիշ թագաւորներ։ Որո՞նք են այդ 144,000–ը։ Յովհաննէս կը բացատրէ. «Ասոնք Գառնուկին [այսինքն՝ Յիսուսին] ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան» (կարդա՛ Յայտնութիւն 14։1, 4)։ 144,000–ը հաւատարիմ քրիստոնեաներ են, որոնք Աստուած ընտրած է որ ‘երկրի վրայ թագաւորեն’ Յիսուսին հետ։ Երբ անոնք մեռնին, յարութիւն կ’առնեն երկինքի մէջ ապրելու համար (Յայտնութիւն 5։10) Առաջին դարէն ի վեր Եհովան հաւատարիմ քրիստոնեաներ կ’ընտրէ, որ այդ խումբին մաս կազմեն։
10. Ինչո՞ւ Եհովային ըրած կարգադրութիւնը, որ Յիսուս եւ 144,000–ը իշխեն մարդոց վրայ, իր սէրը ցոյց կու տայ։
10 Եհովան մեզ այնքա՛ն կը հոգայ, որ մարդոց մէջէն ընտրած է անհատներ որ Յիսուսին հետ իշխեն։ Յիսուս լաւ իշխող մը պիտի ըլլայ, քանի որ մեզ կը հասկնայ. ան ապրած է որպէս մարդ արարած եւ չարչարուած է։ Պօղոս ըսաւ որ Յիսուս մեզի հետ կը զգայ, կրնայ «մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ» եւ «ամէն կերպով փորձը առած է [կամ ամէն բանի մէջ փորձուած է] մեզի նման» (Եբրայեցիս 4։15. 5։8)։ 144,000–ն ալ գիտէ ինչ ըսել է ապրիլ որպէս մարդ արարած եւ անկատարութեան ու հիւանդութեան դէմ պայքարիլ։ Անոր համար կրնանք վստահ ըլլալ, որ թէ՛ Յիսուս եւ թէ 144,000–ը ո՛չ միայն պիտի հասկնան մեր զգացումները, հապա՝ մեր խնդիրներն ալ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ
11. Երկինքին մէջ մի՞շտ բոլորը Աստուծոյ կամքը կ’ընէին։
11 Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ աղօթեն որ Աստուծոյ կամքը կատարուի ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ։ Բայց ատեն մը երկինքի մէջ բոլորը Աստուծոյ կամքը չէին ըներ։ 3–րդ դասին մէջ սորվեցանք, որ Բանսարկու Սատանան Եհովային դէմ ելաւ։ Անկէ ետք, Եհովան թոյլ տուաւ որ Սատանան եւ անհաւատարիմ հրեշտակները, կամ դեւերը, ժամանակ մը երկինքին մէջ մնան։ 10–րդ դասին մէջ աւելի պիտի սորվինք Սատանային եւ դեւերուն մասին։
12. Յայտնութիւն 12։10–ն ո՞ր երկու կարեւոր դէպքերուն մասին կը խօսի։
12 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալէ քիչ ետք պիտի երթար Սատանային դէմ պատերազմելու (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-10)։ Յայտնութիւն 12։10–ն կը խօսի երկու կարեւոր դէպքերու մասին. առաջին, Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան սկսելուն մասին՝ Թագաւոր ունենալով Յիսուս Քրիստոսը եւ երկրորդ, Սատանային երկինքէն երկիր նետուելուն մասին։ Ինչպէս որ պիտի տեսնենք, այս դէպքերը արդէն կատարուած են։
13. Սատանան վար նետուելէն ետք երկինքին մէջ ի՞նչ եղաւ։
13 Աստուածաշունչը կը նկարագրէ հաւատարիմ հրեշտակներուն ուրախութիւնը, երբ Սատանան եւ անոր դեւերը երկինքէն վար նետուեցան։ Կը կարդանք. «Ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Հիմա երկինքին մէջ մէ՛կը չկայ որ Աստուծոյ դէմ է, քանի որ բոլորը անոր կամքը կ’ընեն։
Սատանան եւ անոր դեւերը երկինքէն դուրս նետուելէն ետք երկրի վրայ չարչարանքը շատցած է։ Այս չարչարանքը շատ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէ
14. Սատանան երկինքէն դուրս նետուելէն ետք երկրի վրայ ի՞նչ բաներ եղած են։
14 Բայց երկրի վրայ կեանքը շատ տարբեր է։ Մարդոց հետ շատ ցաւալի բաներ կ’ըլլան, քանի որ Բանսարկու Սատանան երկիր իջած է եւ «շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Սատանան կատղած է։ Ան երկինքէն դուրս նետուած է եւ գիտէ որ մօտ ատենէն պիտի բնաջնջուի։ Ան ամէն բան կ’ընէ, որ ամբողջ երկրի վրայ նեղութիւն, ցաւ եւ չարչարանք պատճառէ։
15. Ի՞նչ է երկրին նկատմամբ Աստուծոյ կամքը։
15 Բայց երկրին նկատմամբ Աստուծոյ կամքը չէ փոխուած։ Ան դեռ կ’ուզէ որ կատարեալ մարդիկ անվերջ կեանք վայելեն Դրախտին մէջ՝ երկրի վրայ (Սաղմոս 37։29)։ Լաւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ասիկա ինչպէ՞ս պիտի իրականացնէ։
16, 17. Դանիէլ 2։44–ը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
16 Դանիէլ 2։44–ը կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Այս մարգարէութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
17 Առաջին, անիկա կ’ըսէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի սկսէր իշխել «այն թագաւորներուն օրերը». այսինքն՝ երբ Թագաւորութիւնը սկսէր իշխելու, երկրի վրայ ուրիշ կառավարութիւններ գոյութիւն պիտի ունենային։ Երկրորդ, անիկա կ’ըսէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենար եւ ուրիշ կառավարութիւն մը իր տեղը բնա՛ւ պիտի չառնէր։ Եւ երրորդ, պատերազմ պիտի ըլլար Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի յաղթէր եւ երկրի վրայ իշխող միակ կառավարութիւնը պիտի ըլլար։ Այն ատեն, մարդիկ պիտի ունենան ամէնէն լաւ կառավարութիւնը։
18. Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ ըլլալիք վերջնական պատերազմը ի՞նչ կը կոչուի։
18 Աշխարհի կառավարութիւններուն եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջեւ ըլլալիք պատերազմէն ճիշդ առաջ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Դեւերը պիտի խաբեն ‘բոլոր աշխարհի թագաւորները, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն’։ Այո՛, աշխարհի կառավարութիւնները Աստուծոյ Թագաւորութեան դէմ պիտի պատերազմին, բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի յաղթէ։ Այս վերջնական պատերազմը կը կոչուի Արմագեդոն (Յայտնութիւն 16։14, 16. տե՛ս Բացատրութիւն 10)։
19, 20. Ինչո՞ւ պէտք ունինք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխէ։
19 Աստուծոյ Թագաւորութեան պէտք ունինք առնուազն երեք պատճառներով։ Առաջին, մենք մեղաւորներ ենք, ատոր համար կը հիւանդանանք եւ կը մեռնինք։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխէ, մենք յաւիտեան պիտի ապրինք։ Յովհաննէս 3։16–ը կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։
20 Երկրորդ, մենք չար մարդոց մէջ կ’ապրինք։ Շատեր սուտ կը խօսին, կը խաբեն եւ փողոցային են։ Մենք չենք կրնար այդ մարդիկը արգիլել այդպէս վարուելէ։ Բայց քանի՛ որ անոնք չեն ուզեր փոխուիլ, Աստուած զանոնք պիտի բնաջնջէ Արմագեդոնին (կարդա՛ Սաղմոս 37։10)։ Երրորդ, կառավարութիւնները անգութ ու փտած են եւ կարողութիւնը չունին մնայուն կերպով աշխարհի խնդիրները լուծելու։ Անոնք չեն հետաքրքրուած մարդոց օգնելով որ Աստուծոյ հնազանդին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։
21. Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ երկրի վրայ։
21 Արմագեդոնէն ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ երկրի վրայ։ Օրինակ, անիկա Սատանան եւ անոր դեւերը մէջտեղէն պիտի վերցնէ (Յայտնութիւն 20։1-3)։ Այլեւս մարդիկ ո՛չ պիտի հիւանդանան, ոչ ալ մեռնին։ Փրկանքին միջոցաւ բոլոր հաւատարիմ մարդիկը պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ Դրախտին մէջ (Յայտնութիւն 22։1-3)։ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ. այսինքն՝ երբ անիկա երկրի վրայ իշխէ, ամէն մարդ Աստուծոյ անունը պիտի պատուէ, թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով (տե՛ս Բացատրութիւն 21)։
ՅԻՍՈՒՍ Ե՞ՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՂԱՒ
22. Ուրկէ՞ գիտենք որ Յիսուս Թագաւոր չեղաւ երբ երկրի վրայ էր, ոչ ալ յարութիւն առնելուն պէս։
22 Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Ուրեմն յստակ էր որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ապագային պիտի գար։ Եհովան նախ իր Թագաւորութիւնը պիտի հաստատէր եւ Յիսուս անոր Թագաւորը ընէր։ Արդեօք Յիսուս Թագաւոր եղաւ երկինք վերադառնալո՞ւն պէս։ Ո՛չ, ան պէտք էր որ սպասէր։ Յիսուսին յարութենէն ժամանակ մը ետք, թէ՛ Պետրոս եւ թէ Պօղոս ըսին որ Սաղմոս 110։1–ը Յիսուսին վրայ կատարուեցաւ։ Հոն Եհովան կ’ըսէ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ» (Գործք 2։32-35. Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Յիսուս որքա՞ն պիտի սպասէր որ Եհովան զինք Թագաւոր ընէր։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ երկրի վրայ
23. ա) Յիսուս ե՞րբ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եղաւ։ բ) Յաջորդ դասին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։
23 1914–էն տարիներ առաջ խումբ մը անկեղծ քրիստոնեաներ հասկցան, որ ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն այդ տարին կարեւոր տարի մը պիտի ըլլար։ 1914–էն ի վեր աշխարհի դէպքերը փաստած են որ անոնք իրաւունք ունէին։ Ճիշդ այդ տարին, 1914–ին, Յիսուս թագաւոր եղաւ (Սաղմոս 110։2)։ Անկէ քիչ ետք, Սատանան երկիր նետուեցաւ, եւ հիմա ան «քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Աստուածաշունչը այս ժամանակը կը կոչէ «վերջին օրեր»։ Յաջորդ դասին մէջ պիտի տեսնենք ուրիշ փաստեր, որ մենք այդ ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Նաեւ պիտի տեսնենք, որ շատ մօտ ատենէն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ երկրի վրայ (տե՛ս Բացատրութիւն 22)։