Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասպ դաս 12 էջ 124-134
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ
  • Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Կարդալ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԲԱՄԲԱՍԷ
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ՅՈԲԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ՔՈՒ ՄԱՍԻԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԲԱՄԲԱՍԷ
  • ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ
  • ՍԻՐԷ ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՍԻՐԷ
  • Յոբ Եհովայի անունը մեծարեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • «Յոյսդ Տիրոջ վրա՛յ դիր»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Յոբ համբերեց, մենք ալ կրնանք համբերել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Յոբ իր ուղղամտութիւնը կը պահէ
    Աստուածաշունչը. ի՞նչ է անոր պատգամը
Տես աւելին
Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
ասպ դաս 12 էջ 124-134

ԴԱՍ 12

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ

1, 2. Որո՞նք էին Եհովային կարգ մը բարեկամները։

Ի՞ՆՉ տեսակ բարեկամ մը կ’ուզես ունենալ։ Թերեւս մէկը, որուն ընկերակցութիւնը կը սիրես, ջուրը ջուրիդ հետ կը քալէ, ազնիւ է եւ սիրած յատկութիւններդ ունի։

2 Եհովա Աստուած կ’ընտրէ անհատներ որ իր բարեկամները ըլլան։ Օրինակ, Աբրահամ Եհովային բարեկամն էր (Եսայի 41։8. Յակոբոս 2։23)։ Եհովան Դաւիթն ալ շատ կը սիրէր եւ ըսաւ որ ‘իր սրտին համեմատ մարդ’ էր (Գործք 13։22)։ Իսկ Դանիէլ մարգարէն Եհովայի «սիրելին» էր (Դանիէլ 9։23)։

3. Ինչո՞ւ Աբրահամը, Դաւիթն ու Դանիէլը Եհովային բարեկամներն էին։

3 Աբրահամը, Դաւիթն ու Դանիէլը ինչպէ՞ս Եհովային բարեկամները դարձան։ Եհովան Աբրահամին ըսաւ. «Իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծննդոց 22։18)։ Եհովան բարեկամ կ’ըլլայ անոնց հետ, որոնք խոնարհաբար իրեն կը հնազանդին։ Նոյնիսկ ամբողջ ժողովուրդ մը կրնայ իր բարեկամը դառնալ։ Եհովան իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։ Ես ձեզի Աստուած ըլլամ ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք» (Երեմիա 7։23)։ Ուրեմն, եթէ կ’ուզես Եհովային բարեկամը դառնալ, պէտք է իրեն հնազանդիս։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

4, 5. Եհովան ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ իր բարեկամները։

4 Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովան կերպեր կը փնտռէ, որ «իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9)։ Սաղմոս 32։8–ին մէջ Եհովան իր բարեկամներուն կը խոստանայ. «Քեզի պիտի սորվեցնեմ [կամ իմաստութիւն պիտի տամ] ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ»։

5 Մեր զօրաւոր թշնամին՝ Սատանան, չ’ուզեր որ Եհովա Աստուծոյ բարեկամները ըլլանք։ Բայց Եհովան կ’ուզէ մեզ պաշտպանել (կարդա՛ Սաղմոս 55։22)։ Քանի՛ որ Եհովային բարեկամներն ենք, իրեն կը ծառայենք ամբողջ սրտով։ Մենք իրեն հաւատարիմ ենք, նոյնիսկ երբ դժուար պարագաներ դիմագրաւենք։ Դաւիթ Եհովային մասին ըսաւ. «Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ»։ Մենք ալ նոյն վստահութիւնը ունինք (Սաղմոս 16։8. 63։8)։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՄԱՐԴՈՑ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԲԱՄԲԱՍԷ

6. Սատանան մարդոց մասին ի՞նչ բամբասեց։

6 11–րդ դասին մէջ տեսանք, որ Սատանան Եհովային համար ըսաւ որ ստախօս եւ անարդար է, քանի որ չձգեց որ Ադամն ու Եւան իրե՛նք որոշեն, թէ ինչն է ճիշդը եւ ինչն է սխալը։ Յոբ գիրքը կ’ըսէ որ Սատանան նաեւ կը բամբասէ անոնց մասին, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ։ Ան կ’ըսէ որ անոնք Աստուծոյ կը ծառայեն, ոչ թէ քանի որ զինք կը սիրեն, հապա քանի որ անկէ բան մը կ’ակնկալեն։ Ան նոյնիսկ կ’ըսէ որ ինք կրնայ ոեւէ մէկը Աստուծոյ դէմ հանել։ Տեսնենք, թէ Յոբէն ի՛նչ կը սորվինք եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք պաշտպանեց։

7, 8. ա) Յոբ ինչպէ՞ս տարբեր էր ուրիշներէն։ բ) Սատանան Յոբին մասին ի՞նչ ըսաւ։

7 Ո՞վ էր Յոբ։ Ան բարի մարդ մըն էր, որ ապրեցաւ մօտ 3600 տարի առաջ։ Եհովան ըսաւ որ այդ ատեն երկրի վրայ իրեն պէս լաւ մարդ չկար։ Յոբ Աստուծոյ հանդէպ մեծ յարգանք ունէր եւ չարութիւնը կ’ատէր (Յոբ 1։8)։ Այո՛, Յոբ Եհովային իսկական բարեկամն էր։

8 Սատանան Եհովային հասկցուց որ Յոբ իրեն կը ծառայէր, քանի որ իր անձին շահը կը փնտռէր, երբ ըսաւ. «Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ» (Յոբ 1։10, 11)։

9. Եհովան արտօնեց որ Սատանան ի՞նչ ընէ։

9 Սատանան Յոբին համար ըսաւ որ ան Եհովային կը ծառայէր միայն՝ քանի որ անկէ կ’օգտուէր։ Սատանան նաեւ ըսաւ որ ինք կրնայ պատճառ դառնալ, որ Յոբ այլեւս Եհովային չծառայէ։ Եհովան այդպէս չէր մտածեր. բայց ան արտօնեց որ Սատանան Յոբը փորձէ։ Այսպէս յստակ պիտի դառնար, որ Յոբ սէրէ մղուած Եհովային կը ծառայէր։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՅՈԲԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ

10. Սատանան Յոբին գլուխին ի՞նչ փորձանքներ բերաւ, բայց Յոբ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։

10 Նախ, Սատանան պատճառ դարձաւ որ Յոբի բոլոր անասունները գողցուին կամ ալ սատկին։ Յետոյ ան Յոբի ծառաներուն մեծամասնութիւնը մեռցնել տուաւ։ Յոբ ամէն բան կորսնցուց։ Վերջաւորութեան, Սատանան Յոբին տասը զաւակները փոթորիկով մը մեռցուց։ Հակառակ այս բոլորին, Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ «Այս ամէնուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ» (Յոբ 1։12-19, 22)։

Յոբ ուրախ կեանք մը կը վայելէ իր կնոջ եւ տասը զաւակներուն հետ

Եհովան Յոբը վարձատրեց, քանի որ ան հաւատարմօրէն իր բարեկամը մնաց

11. ա) Սատանան Յոբին ուրիշ ի՞նչ ըրաւ։ բ) Յոբ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։

11 Սատանան այսքանով չգոհացաւ։ Ան Աստուծոյ ըսաւ. «Անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Սատանան Յոբը զարկաւ շատ գէշ հիւանդութեամբ մը (Յոբ 2։5, 7)։ Ասով հանդերձ, Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս [կամ ուղղամտութիւնս] ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։

12. Յոբ ինչպէ՞ս փաստեց որ Սատանան ստախօս է։

12 Յոբ չէր գիտեր որ Սատանան ի՛նչ բամբասած էր իր մասին, ոչ ալ գիտէր որ ինչո՛ւ այսքան կը չարչարուէր։ Ան կը կարծէր որ Եհովան էր իր խնդիրներուն պատճառը (Յոբ 6։4. 16։11-14)։ Բայց ասով հանդերձ, Յոբ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Այսպէս փաստուեցաւ որ ան անձնասէր չէր։ Ան Աստուծոյ բարեկամն էր, քանի որ զինք կը սիրէր։ Սատանային ըսածները սուտ ելան։

13. Երբ Յոբ շարունակեց Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, ի՞նչ բան յստակ դարձաւ։

13 Հակառակ անոր որ Յոբ չէր գիտեր որ երկինքին մէջ ի՛նչ կ’անցնէր–կը դառնար, ան շարունակեց Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ։ Այսպէս յստակ դարձաւ որ Սատանան ստախօս է։ Եհովան Յոբը վարձատրեց, քանի որ ան հաւատարմօրէն իր բարեկամը մնաց (Յոբ 42։12-17)։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՔՈՒ ՄԱՍԻԴ Ի՞ՆՉ ԿԸ ԲԱՄԲԱՍԷ

14, 15. Սատանան բոլոր մարդոց մասին ի՞նչ ըսած է։

14 Յոբին հետ եղածէն կրնաս կարեւոր դասեր սորվիլ։ Սատանան կ’ըսէ որ մենք Եհովային կը ծառայենք, քանի որ իրմէ բան մը կ’ակնկալենք։ Յոբ 2։4–ին մէջ Սատանան ըսաւ. «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ»։ Ուրեմն ան կը հասկցնէ որ ամէն մարդ անձնասէր է, եւ ո՛չ թէ միայն Յոբ։ Յոբին մահէն հարիւրաւոր տարիներ ետք, Եհովան Առակաց 27։11–ին մէջ ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ»։ Ուրեմն Սատանան դե՛ռ Եհովան կ’անարգէր եւ անոր ծառաներուն մասին կը բամբասէր։

15 Կրնաս որոշել Եհովային հնազանդիլ եւ իր հաւատարիմ բարեկամը ըլլալ, եւ այսպէս փաստել որ Սատանան ստախօս է։ Նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ կեանքիդ մէջ մեծ փոփոխութիւններ ընես որ Աստուծոյ բարեկամը ըլլաս, ըրէ՛։ Ատիկա ընելը կարեւոր է, քանի որ Սատանան կ’ըսէ որ դուն Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնաս, երբ խնդիրներ ունենաս։ Ան կը փորձէ մեզ խաբել, որ Աստուծոյ անհաւատարիմ ըլլանք։ Ինչպէ՞ս։

16. ա) Սատանան ի՞նչ մեթոտներ կը գործածէ, որ մեզ Աստուծմէ հեռացնէ։ բ) Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ փորձել քեզ Եհովայէն հեռացնել։

16 Սատանան շատ մը մեթոտներ կը գործածէ, որ մեզ Աստուծմէ հեռացնէ։ Ան կը յարձակի ‘մռնչող առիւծի պէս ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ’ (Ա. Պետրոս 5։8)։ Մի՛ զարմանար, եթէ բարեկամներդ, ընտանիքդ կամ ուրիշներ չուզեն որ Աստուածաշունչը սերտես եւ սորվածդ գործադրես։ Թերեւս զգաս որ Սատանա՛ն անոնք կը դրդէ որ քեզի հակառակին (Յովհաննէս 15։19, 20)a։ Սատանան նաեւ կը ձեւացնէ որ ինք «լուսաւոր հրեշտակ» է։ Ան խորամանկ կերպերով մեզ կը խաբէ որ Եհովային անհնազանդ ըլլանք (Բ. Կորնթացիս 11։14)։ Ասկէ զատ, ան կ’ուզէ որ մտածենք թէ մենք Եհովային ծառայելու բնա՛ւ արժանի չենք (Առակաց 24։10)։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ

17. Ինչո՞ւ Եհովային կը հնազանդինք։

17 Երբ Եհովային հնազանդինք, կը փաստենք որ Սատանան ստախօս է։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ հնազանդ ըլլանք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ. Օրինաց 6։5)։ Մենք Եհովային կը հնազանդինք, քանի որ զինք կը սիրենք։ Երբ սկսինք ա՛լ աւելի Եհովան սիրել, պիտի ուզենք ընել ամէն ինչ որ մեզմէ կը խնդրէ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։

18, 19. ա) Ի՞նչ բաներ Եհովային աչքին սխալ են։ բ) Ուրկէ՞ գիտենք որ Եհովան մեզմէ չի խնդրեր բան մը, որ չենք կրնար ընել։

18 Ի՞նչ բաներ Եհովային աչքին սխալ են։ Անոնցմէ քանի մը հատը նշուած են «Ատէ՛ այն ինչ որ Եհովան կ’ատէ» տուփիկին մէջ։ Սկիզբը, թերեւս մտածես որ տուփիկին մէջ նշուած կարգ մը բաներ այդքան ալ գէշ չեն։ Բայց երբ Աստուածաշունչէն համարները կարդաս եւ լրջօրէն անոնց մասին մտածես, պիտի հասկնաս թէ որքա՛ն իմաստութիւն է Եհովային օրէնքներուն հնազանդիլ։ Եւ թերեւս տեսնես որ պէտք է կեանքիդ մէջ փոփոխութիւններ ընես։ Ճիշդ է որ երբեմն ասիկա ընելը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց եթէ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընես, Եհովային հաւատարիմ բարեկամը պիտի ըլլաս եւ ասիկա քեզի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն պիտի տայ (Եսայի 48։17, 18)։ Ուրկէ՞ գիտենք որ կրնա՛նք այս տեսակ փոփոխութիւններ ընել։

19 Եհովան բնա՛ւ մեզմէ չի խնդրեր բան մը, որ չենք կրնար ընել (Բ. Օրինաց 30։11-14)։ Մեր իսկական Բարեկամը ըլլալով, ան մեզ շա՛տ լաւ կը ճանչնայ։ Ան գիտէ մեր զօրաւոր կողմերը եւ տկար կողմերը (Սաղմոս 103։14)։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ ըսելով. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել» (Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Մենք վստահ ենք, որ Եհովան միշտ մեզի պիտի օգնէ որ ճիշդը ընենք։ Ան մեզի պիտի տայ «զօրութեան առաւելութիւնը [կամ սովորականէն աւելի եղող ուժը]», որ կարենանք դժուարութիւններու տոկալ (Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Երբ Պօղոս դժուարութիւններ ունեցաւ, Եհովային օգնութիւնը ուղղակի զգաց, անոր համար ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փիլիպպեցիս 4։13)։

ՍԻՐԷ ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ՍԻՐԷ

20. Եհովային ո՞ր յատկութիւնները պէտք է ընդօրինակես եւ ինչո՞ւ։

20 Եհովային բարեկամը ըլլալու համար, չի բաւեր միայն չընել բաներ, որոնք Եհովային աչքին սխալ են (Հռովմայեցիս 12։9)։ Աստուծոյ բարեկամները նաեւ կը սիրեն այն ինչ որ Եհովան կը սիրէ։ Ասոր մասին գրուած է Սաղմոս 15։1-5–ին մէջ (կարդա՛)։ Եհովային բարեկամները կ’ընդօրինակեն իր յատկութիւնները, ինչպէս՝ «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն [կամ հաւատք], հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղատացիս 5։22, 23)։

21. Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային սիրած յատկութիւնները ընդօրինակել։

21 Ինչպէ՞ս կրնաս այդ գեղեցիկ յատկութիւնները ընդօրինակել։ Պէտք է Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդաս եւ սերտես, որ գիտնաս թէ Եհովան ի՛նչ կը սիրէ (Եսայի 30։20, 21)։ Այսպէս ընելով, Եհովան ա՛լ աւելի պիտի սիրես եւ պիտի ուզես իրեն հնազանդիլ։

22. Եթէ Եհովային հնազանդիս, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

22 Այն փոփոխութիւնները, որոնք կեանքիդ մէջ պիտի ընես, կարելի է նմանցնել հին հագուստներ հանելուն եւ նոր հագուստներ հագուելուն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ պէտք է ‘հին մարդը վրայէդ հանես’ եւ ‘նորը հագուիս’ (Կողոսացիս 3։9, 10)։ Հակառակ անոր որ ասիկա ընելը թերեւս դժուար ըլլայ, բայց երբ այս փոփոխութիւնները ընենք եւ Եհովային հնազանդինք, ան կը խոստանայ մեզի ‘շատ վարձք’ տալ կամ վարձատրել (Սաղմոս 19։11)։ Բայց Եհովային հնազանդէ եւ ծառայէ, ո՛չ թէ ապագային վարձատրուելու համար, հապա քանի որ զինք շա՛տ կը սիրես։ Այսպէս, պիտի փաստես որ Սատանան ստախօս է եւ Եհովա Աստուծոյ իսկական բարեկամը պիտի դառնաս։

a Ասիկա չի նշանակեր որ քեզի հակառակողները ուղղակի Սատանային կողմէ կը ղեկավարուին։ Բայց Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է եւ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է [կամ Չարին իշխանութեան տակ է]»։ Ուրեմն չենք զարմանար, երբ մարդիկ ամէն բան ընեն որ Եհովային չծառայենք (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննէս 5։19)։

ԱՏԷ՛ ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ Կ’ԱՏԷ

  • Ոճիր

    Ելից 20։13. 21։22, 23

  • Սեռային անբարոյութիւն

    Ղեւտացւոց 20։10, 13, 15, 16. Հռովմայեցիս 1։24, 26, 27, 32. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

  • Ոգեհարցութիւն

    Բ. Օրինաց 18։9-13. Ա. Կորնթացիս 10։20բ-22. Գաղատացիս 5։20, 21

  • Կռապաշտութիւն

    Ա. Կորնթացիս 10։14

  • Գինովութիւն

    Ա. Կորնթացիս 5։11

  • Գողութիւն

    Ղեւտացւոց 6։2, 4. Եփեսացիս 4։28

  • Ստախօսութիւն

    Առակաց 6։16, 19. Կողոսացիս 3։9. Յայտնութիւն 22։15

  • Ագահութիւն

    Ա. Կորնթացիս 5։11

  • Բռնութիւն

    Սաղմոս 11։5. Առակաց 3։31. Առակաց 22։24, 25. Գաղատացիս 5։20, 21

  • Անվայել խօսքեր եւ բամբասանք

    Ղեւտացւոց 19։16. Եփեսացիս 5։4. Կողոսացիս 3։8

  • Արիւնի սխալ գործածութիւն

    Ծննդոց 9։4. Գործք 15։20, 28, 29

  • Ընտանիքին հոգ չտանիլ

    Ա. Տիմոթէոս 5։8

  • Պատերազմներու կամ քաղաքականութեան մասնակցիլ

    Եսայի 2։4. Յովհաննէս 6։15. 17։16

  • Ծխել եւ թմրեցուցիչ գործածել

    Մարկոս 15։23. Բ. Կորնթացիս 7։1

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԻՐԵՆ ԿԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻՆ

«Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։ Ես ձեզի Աստուած ըլլամ ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք» (Երեմիա 7։23)։

Կարելի՞ է որ Աստուծոյ բարեկամը դառնանք։

  • Ծննդոց 22։18. Յակոբոս 2։23

    Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամը դարձաւ, քանի որ անոր մտիկ ըրաւ եւ անոր հաւատաց։

  • Բ. Մնացորդաց 16։9

    Եհովան կ’օգնէ անոնց, որոնք իրեն կը հնազանդին։

  • Սաղմոս 25։14. 32։8

    Եհովան իր բարեկամներուն իմաստութիւն կու տայ։

  • Սաղմոս 55։22

    Եհովան իր բարեկամները կը պաշտպանէ։

2. ՅՈԲ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄՆ ԷՐ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՑ

«Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ» (Յոբ 1։22)։

Սատանան Յոբը ինչպէ՞ս փորձեց, եւ Յոբ ինչպէ՞ս հակազդեց։

  • Յոբ 1։10, 11

    Սատանան հասկցուց որ Յոբ անձնասէր է եւ Աստուած չի սիրեր։

  • Յոբ 1։12-19. 2։7

    Եհովան արտօնեց որ Սատանան Յոբէն ամէն բան առնէ։ Սատանան նոյնիսկ Յոբը զարկաւ շատ գէշ հիւանդութեամբ մը։

  • Յոբ 27։5

    Յոբ չէր գիտեր որ ինչո՛ւ այսքան կը չարչարուէր. ասով հանդերձ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց։

3. ՍԱՏԱՆԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՔԵԶ ՀԵՌԱՑՆԵԼ ԵՀՈՎԱՅԷՆ

«Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ» (Յոբ 2։4)։

Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ Եհովային հետ մեր բարեկամութիւնը քանդել։

  • Բ. Կորնթացիս 11։14

    Սատանան կը փորձէ կերպեր գտնել մեզ խաբելու համար որ Աստուծոյ չհնազանդինք։

  • Առակաց 24։10

    Ան կ’ուզէ որ մտածենք թէ մենք Եհովային ծառայելու արժանի չենք։

  • Ա. Պետրոս 5։8

    Սատանան մեզ կը հալածէ։

  • Առակաց 27։11

    Եհովային հնազանդէ՛ եւ անոր հաւատարիմ բարեկամը եղիր։ Այսպէս պիտի փաստես որ Սատանան ստախօս է։

4. ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿԸ ՀՆԱԶԱՆԴԻՆՔ, ՔԱՆԻ ՈՐ ԶԻՆՔ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ

«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։

Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային բարեկամը դառնալ։

  • Բ. Օրինաց 6։5

    Եհովան սիրէ՛ եւ ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ իրեն հնազանդիս։

  • Եսայի 48։17, 18

    Հնազանդէ՛ Եհովային եւ միշտ պիտի օգտուիս։

  • Բ. Օրինաց 30։11-14

    Վստահ եղիր որ Եհովան բնա՛ւ քեզմէ պիտի չի խնդրէ բան մը, որ չես կրնար ընել։

  • Փիլիպպեցիս 4։13

    Ճիշդը ըրէ եւ Եհովան քեզի պիտի օգնէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել