ՀԱՐՑՈՒՄ 2
Ինչո՞ւ տեսքովս մտահոգ եմ
ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ
Երեւակայէ այս պարագան։ Ճուլիան հայելիին մէջ կը նայի եւ կը տեսնէ որ գիրցած է։ «Պէտք է նիհարնամ», կ’ըսէ ան. հակառակ անոր որ իր ծնողքն ու ընկերները կ’ըսեն թէ ան «շատ նիհար է»։
Վերջերս, Ճուլիան մտածած է խիստ սննդականոնի մը հետեւիլ, միայն քանի մը քիլօ իջնելու համար. . .
Եթէ Ճուլիային պէս զգայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։
ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ
Այն ժխտական տեսակէտը որ անձիդ նկատմամբ ունիս, կը նմանի տեսքդ աւրող հայելիի մը մէջ նայելուն
Սխալ չէ դրսերեւոյթիդ մասին մտածել։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը խօսի շատ մը գեղեցիկ կիներու եւ տղամարդոց մասին, ինչպէս՝ Սառա, Ռաքէլ, Աբիգիա, Յովսէփ եւ Դաւիթ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ Աբիսակ անունով աղջիկ մը «խիստ գեղեցիկ էր» (Գ. Թագաւորաց 1։4)։
Բայց շատ մը պատանիներ չափազանց մտահոգ են իրենց արտաքին երեւոյթով. ինչ որ կրնայ լուրջ խնդիրներու առաջնորդել։ Նկատի առ հետեւեալը.
Ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, որ աղջիկներուն 58 առ հարիւրը ըսաւ թէ գէր էր, մինչդեռ միայն 17 առ հարիւրն էր որ իսկապէս գէր էր։
Ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ կիներուն 45 առ հարիւրը, որ իրականութեան մէջ նիհար էր, կը կարծէր որ շատ գէր էր։
Նիհարնալու համար, կարգ մը պատանիներ զոհը գացին ախորժակի պակասութեան (anorexia),– կեանքի սպառնացող սննդառութեան խանգարում մը, որ հաւասար է ինքզինք սովամահ ընելուն։
Եթէ ախորժակի պակասութեան կամ սննդառութեան ուրիշ խանգարումի մը ախտանշանները կը նշմարես, օգնութեան դիմէ։ Կրնաս ծնողներէդ մէկուն կամ վստահելի չափահասի մը սիրտդ բանալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17)։
ԼԱՒԱԳՈ՛ՅՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ ՈՐ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
Ներքին անձն է որ կրնայ մէկը գրաւիչ դարձնել կամ՝ չդարձնել։ Նկատի առ Դաւիթ թագաւորին տղուն՝ Աբիսողոմին պարագան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ.
«Աբիսողոմին պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար։ Անիկա. . . արատ մը չունէր» (Բ. Թագաւորաց 14։25)։
Բայց այս երիտասարդը հպարտ, փառասէր եւ դաւաճան անձ մըն էր։ Անոր համար է որ Աստուածաշունչը դրական կերպով չի խօսիր Աբիսողոմին մասին. այլ անոր մասին կ’ըսէ՝ անամօթ, անհաւատարիմ եւ ատելութեամբ լեցուած մարդ։
Ուրեմն տեղին ըլլալով, Աստուածաշունչը այս խրատը կու տայ.
«Հագէ՛ք նոր անձնաւորութիւնը» (Կողոսացիս 3։10, ՆԱ)։
‘Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն, հապա սրտին ծածուկ մարդը հոգիին զարդը թող ըլլայ’ (Ա. Պետրոս 3։3, 4)։
Սխալ չէ որ մէկը ուզէ գեղեցիկ երեւիլ. բայց անձնաւորութիւնդ արտաքին երեւոյթէդ աւելի՛ կարեւոր է։ Վերջ ի վերջոյ գովելի յատկութիւննե՛րն են որ քեզ աւելի գրաւիչ պիտի դարձնեն, քան՝ մկանոտ մարմինդ կամ գեղեցիկ տեսքդ։ Ֆիլիսիան կ’ըսէ. «Գեղեցկութիւնը շատ արագ մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէ, բայց ներքին անձդ եւ լաւ յատկութիւններդ են որ մարդիկ պիտի յիշեն»։
ՏԵՍՔԻԴ ՎՐԱՅ ԱԿՆԱՐԿ
Տեսքդ երբեմն քեզ յուսախաբ կ’ընէ՞։
Մտածա՞ծ ես ֆիզիքական որոշ թերութիւն մը սրբագրելու համար գեղեցկագիտական գործողութեան մը դիմել կամ խիստ սննդականոնի հետեւիլ։
Եթէ ձեռքէդ գար տեսքիդ մէջ բան մը փոխել, ի՞նչ կը փոխէիր (ընտրէ՛)։
ՀԱՍԱԿ
ԿՇԻՌՔ
ՄԱԶԵՐ
ՄԱՐՄՆԻ ԿԱԶՄ
ԴԷՄՔ
ՄՈՐԹԻ ԳՈՅՆ
Եթէ առաջին երկու հարցումներուն «այո» պատասխանեցիր, իսկ երրորդ հարցումին մէջ երեք կամ աւելի երեսակներ ընտրեցիր, ինչո՞ւ այսպէս չես մտածեր. հաւանական է որ ուրիշներ տեսքիս նկատմամբ այդքան ժխտական տեսակէտ չունին։ Մի մոռնար որ դիւրի՛ն է երեւոյթովդ չափէ դուրս մտահոգուիլ (Ա. Թագաւորաց 16։7)։