Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ՏՀ–յ20 էջ 7-8
  • Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն
  • 2020–ի տարեկան համաժողովի յայտագիր
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԺՈՂՈՎ
  • Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն
    2019–ի տարեկան համաժողովի յայտագիր
  • Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն
    2018–ի մարզային համաժողովի յայտագիր
  • Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն
    2017–ի մարզային համաժողովի յայտագիր
  • Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն
    2021–ի տարեկան համաժողովի յայտագիր
Տես աւելին
2020–ի տարեկան համաժողովի յայտագիր
ՏՀ–յ20 էջ 7-8

Տեղեկութիւններ՝ պատուիրակներուն

ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՆԵՐ։ Անոնց նպատակն է ձեզի օգնել։ Հաճեցէք անոնց հետ համագործակցիլ՝ ինքնաշարժը ո՛ւր շարելու, համաժողովին վայրը մտնելու եւ անկէ ելլելու, նստարան ապահովելու եւ այլ բաներու նկատմամբ։

ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ։ Մկրտութեան թեկնածուներուն յատկացուած նստարանները պիտի դրուին բեմին առջեւ, բացի եթէ ուրիշ կարգադրութիւն եղած է։ Մկրտութեան թեկնածուները պէտք է հոն նստին շաբաթ առտու, մկրտութեան դասախօսութիւնը սկսելէն առաջ եւ իրենց հետ բերեն անձեռոց եւ պատշաճ լողազգեստ։

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ։ Բաւական մեծ գումար ծախսուած է, որ ապահովենք բաւարար նստարաններ, ձայնային գործիքներ, վիտէոյի գործիքներ եւ այլն, որոնք համաժողովին ներկայ ըլլալը հաճելի կը դարձնեն եւ կ’օգնեն որ Եհովային աւելի մօտենանք։ Ձեր նուիրատուութիւնները այս ծախսերը կը գոցեն եւ համաշխարհային գործին թիկունք կը կանգնին։ Անոր համար, համաժողովին վայրին մէջ տեղ–տեղ նուիրատուութեան տուփեր դրուած են։ Կրնաք նաեւ առցանց նուիրատուութիւններ ընել՝ այցելելով՝ donate.jw.org կայքը։ Ձեր նուիրատուութիւնները շատ գնահատելի են։ Կառավարիչ մարմինը շնորհակալ է որ առատաձեռն կերպով թիկունք կը կանգնիք Թագաւորութեան շահերուն։

ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ։ Հաճիս ձեր միտքը պահեցէք որ ասիկա միայն ստիպողական պարագաներու համար է։

ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԵՒ ԳՏՆՈՒԱԾ ԻՐԵՐ։ Բոլոր կորսուած իրերը պէտք է «Կորսուած եւ գտնուած իրերու բաժանմունք» տարուին։ Եթէ բան մը կորսնցուցած էք, այս բաժանմունքը գացէք եւ ձեր կորսնցուցած իրը նկարագրեցէք։ Իսկ այն երեխաները, որոնք կորսուած են, պէտք է որ այս բաժանմունքը տարուին։ Բայց յիշեցէք, որ այս բաժանմունքը մանկանոց չէ։ Հաճեցէք ձեր զաւակներուն ուշադիր ըլլալ եւ ձեր քովը պահել։

ՆՍՏԱՐԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵԼ։ Հաճեցէք նկատառու ըլլալ։ Յիշեցէք, որ կրնաք նստարան ապահովել միայն ընտանիքի անդամներուն, ձեզի հետ նոյն ինքնաշարժով գացողներուն, տնեցիներուն եւ ձեր աշակերտներուն։ Հաճեցէք ապրանքներ չդնել նստարաններու վրայ, որոնք պիտի չապահովէք։

ԿԱՄԱՒՈՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Եթէ կ’ուզէք համաժողովի գործերուն թիկունք կանգնիլ, հաճեցէք «Տեղեկութիւններու եւ կամաւոր ծառայութեան բաժանմունք»ին տեղեկացնել։

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԺՈՂՈՎ

Եհովայի վկայ մը կը քարոզէ կնոջ մը։

Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց։ 23–էն 65 տարեկան ռահվիրաները, որոնք կ’ուզեն իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել, հրաւիրուած են ժողովի մը ներկայ գտնուելու կիրակի կէսօրէ ետք։ Այս ժողովին ժամն ու վայրը պիտի յայտարարուի։

Պատրաստուած է Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինին կողմէ

© 2020 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել