ԴԱՍ 56
Ժողովքին միութիւնը պահպանէ
Երբ հաւատակիցներուն հետ կ’ըլլանք, կը զգանք Դաւիթ թագաւորին պէս, որ ըսաւ. «Ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղմոս 133։1)։ Մեր միութիւնը ինքնաբերաբար չ’ըլլար։ Ամէն մէկս պէտք է ջանք թափէ, որ ժողովքին միութիւնը պահպանէ։
1. Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ի՞նչ բան յատուկ է
Եթէ ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովի մը ներկայ ըլլաս, թերեւս լեզուն չհասկնաս, բայց շատ մը կերպերով դուն քեզ օտար պիտի չզգաս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամէն տեղ Սուրբ Գիրքը կը սերտենք գործածելով նոյն հրատարակութիւնները։ Եւ ամէն ջանք կ’ընենք, որ իրարու հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Մենք ո՛ւր որ ալ ապրինք, բոլորս ‘Տէրոջը անունը կը կանչենք ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն կ’ընենք’ (Սոփոնիա 3։9)։
2. Ի՞նչ կրնաս ընել, որ ժողովքին միութիւնը զօրացնես
«Սրտանց սիրեցէ՛ք իրար» (Ա. Պետրոս 1։22, ՆԹ)։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս խրատը գործադրել։ Մի՛ կեդրոնանար ուրիշներուն անկատարութիւններուն վրայ, հապա անոնց լաւ յատկութիւններուն վրայ։ Փոխանակ ժամանակ անցընելու միայն անոնց հետ, որոնք քեզի պէս են եւ քու սիրած բաներդ կը սիրեն, ջանք ըրէ որ նաեւ ճանչնաս այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք քեզմէ տարբեր են։ Պէտք է ջանք թափենք, որ մեր սրտէն հանենք ամէն նախապաշարում, ուրիշ խօսքով՝ պէտք չէ առանց անհատը ճանչնալու, անոր մասին գէշ կարծիք կազմենք (կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։17)a։
3. Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ խնդիր մը ունենաս եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ
Ճիշդ է որ մեր մէջ միութիւն կայ, բայց նաեւ անկատար ենք։ Երբեմն իրար յուսախաբ կ’ընենք կամ նոյնիսկ իրար կը վիրաւորենք։ Անոր համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ շարունակենք «իրարու ներել. . . ինչպէս Քրիստոս [«Եհովան», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք» (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13)։ Մենք շատ անգամ Եհովան նեղացուցած ենք, բայց ան մեզի ներած է։ Ուստի, ան կ’ակնկալէ որ մեր հաւատակիցներուն ներենք։ Եթէ անդրադառնաս որ մէկը վիրաւորած ես, առաջին քայլը դո՛ւն առ հարցը լուծելու համար (կարդա՛ Մատթէոս 5։23, 24)b։
ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ
Տե՛ս թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս ժողովքին օգնել, որ միութիւն եւ խաղաղութիւն ունենայ։
Ինչպէ՞ս կրնաս խաղաղութիւն ընել
4. Եղբայրներն ու քոյրերը ընդունէ ինչպէս որ են
Մենք կ’ուզենք մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը սիրել։ Բայց թերեւս մեզի համար դժուար ըլլայ ընդունիլ մէկը, որ մեզմէ տարբեր է։ Ի՞նչը կրնայ օգնել։ Կարդացէ՛ք Գործք 10։34, 35 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Եհովան ամէն տեսակ մարդիկ կ’ընդունի որպէս իր Վկաները։ Ասիկա գիտնալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ունեցած տեսակէտիդ՝ քեզմէ տարբեր եղողներուն մասին։
Շրջանիդ մէջ ինչպիսի՞ նախապաշարումներ կան, որոնցմէ կ’ուզես չազդուիլ։
Կարդացէ՛ք Բ. Կորնթացիս 6։11-13 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Քու կարծիքովդ, ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել, որ քեզմէ տարբեր եղող եղբայրներն ու քոյրերը սիրես։
5. Սրտանց ներէ եւ խաղաղութիւն ըրէ
Եհովան մեզի շատ կը ներէ, թէեւ բնա՛ւ պէտք պիտի չունենայ որ մենք իրեն ներենք։ Կարդացէ՛ք Սաղմոս 86։5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.
Այս համարէն ի՞նչ կը սորվինք Եհովայի մասին։
Ինչո՞ւ կ’արժեւորես իր ներող ըլլալը։
Ի՞նչ պարագաներ կրնան դժուարացնել, որ ուրիշներու հետ լեզու գտնենք։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միացած մնալ։ Կարդացէ՛ք Առակաց 19։11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Եթէ մէկը քեզ ջղայնացնէ կամ վիրաւորէ, ի՞նչ կրնաս ընել որ վիճակը աւելի լաւ ըլլայ։
Երբեմն ուրիշները կը նեղացնենք։ Երբ ասիկա պատահի, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Վիտէոյին մէջ, քոյրը ինչպէ՞ս խաղաղութիւն ըրաւ։
6. Եղբայրներուդ ու քոյրերուդ լաւ կողմերը տես
Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն աւելի կը մօտենանք, կը գիտնանք թէ՛ իրենց զօրաւոր կողմերը եւ թէ տկար կողմերը։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց զօրաւոր կողմերուն վրայ կեդրոնանալ։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ լաւ յատկութիւնները տեսնես։
Եհովան մեր լաւ յատկութիւններուն վրայ կը կեդրոնանայ։ Կարդացէ՛ք Բ. Մնացորդաց 16։9ա եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Ի՞նչ կը զգաս գիտնալով որ Եհովան լաւ յատկութիւններուդ վրայ կը կեդրոնանայ։
Նոյնիսկ գեղեցիկ ադամանդի մը վրայ թերութիւն կը գտնուի, բայց անիկա տակաւին արժէքաւոր է։ Նոյնպէս, մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը անկատար են, բայց անոնք Եհովայի աչքին արժէքաւոր են
ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Ես իրեն ներած եմ, բայց իր ըրածը բնա՛ւ պիտի չմոռնամ»։
Ինչո՞ւ պէտք է ուրիշներուն սրտանց ներենք։
ԱՄՓՈՓՈՒՄ
Կրնաս օգնել որ ժողովքը միացած մնայ՝ ներելու պատրաստ ըլլալով եւ բոլոր եղբայրներդ ու քոյրերդ սիրելով։
Վերաքաղ
Ինչպէ՞ս կրնաս եղբայրներն ու քոյրերը ընդունիլ ինչպէս որ են։
Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ եղբօր մը կամ քրոջ մը հետ խնդիր մը ունիս։
Կ’ուզե՞ս Եհովան ընդօրինակելով ուրիշներուն ներել։ Ինչո՞ւ։
ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ
Տե՛ս թէ Յիսուսի տուած օրինակներէն մէկը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել, որ ուրիշները չդատենք։
Պէ՞տք է ներողութիւն խնդրենք, եթէ կը զգանք որ սխալ բան մը չենք ըրած։
«Ներողութիւն խնդրելը. խաղաղութիւն ընելու բանալի մը» (Դիտարան 1 նոյեմբեր 2002)
Տես թէ ինչպէ՛ս ոմանք սորվեցան ուրիշներու հետ անաչառութեամբ վարուիլ։
Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս մէկու մը հետ ունեցած խնդիրդ լուծել, եւ այսպէս չձգել որ անիկա ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարէ։
a Բացատրութիւն 6 նկատի կ’առնէ, թէ ինչպէ՛ս սէրը քրիստոնեաները կը մղէ, որ զգոյշ ըլլան որ հիւանդութիւն մը ուրիշներուն չփոխանցեն։
b Բացատրութիւն 7 կը քննարկէ ինչպէ՛ս լուծել առեւտրական եւ օրինական հարցեր։