Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 8
  • Համբերող եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Համբերող եղիր
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսին օրինակը
  • Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Յիսուսին նմանէ
  • Շարունակէ համբերող ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Տեսաերիզներ գործածել՝ սորվեցնելու համար
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Յիսուսին զոհէն օգտուէ
    Ուրիշ նիւթեր
  • Անձով հետաքրքրուէ
    Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 8

ՎԵՐԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Յիսուս իր եղբօր՝ Յակոբոսին՝ կը մօտենայ ատաղձագործարանի մը մէջ։ Յակոբոս Յիսուսը տեսնելով՝ կը զարմանայ։

Յովհ. 7։3-5. Ա. Կոր. 15։3, 4, 7

ԴԱՍ 8

Համբերող եղիր

Սկզբունք. «Սէրը... ամէն բանի կը համբերէ» (Ա. Կոր. 13։4, 7)։

Յիսուսին օրինակը

Յիսուս իր եղբօր՝ Յակոբոսին՝ կը մօտենայ ատաղձագործարանի մը մէջ։ Յակոբոս Յիսուսը տեսնելով՝ կը զարմանայ։

ՎԻՏԷՕ. Յիսուս իր եղբօր համբերութեամբ կ’օգնէ

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Յովհաննէս 7։3-5 եւ Ա. Կորնթացիս 15։3, 4, 7։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Յիսուսին եղբայրները սկիզբը ընդունեցի՞ն իր ըսածները։

  2. բ) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ իր յոյսը չկտրեց իր եղբօրմէն՝ Յակոբոսէն։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Պէտք է համբերող ըլլանք, քանի որ կարգ մը անձերու հետ աւելի ժամանակ կ’առնէ որ բարի լուրը ընդունին։

Յիսուսին նմանէ

3. Տարբեր մեթոտ մը փորձէ։ Եթէ մէկը չընդունի ուղղակի Աստուածաշունչը սերտել, մի՛ ճնշեր որ սերտէ։ Երբ որ յարմար ըլլայ, վիտէօներով կամ յօդուածներով իրեն օգնէ որ հասկնայ, թէ Աստուածաշունչի սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ եւ թէ ինչպէ՛ս պիտի օգտուի անկէ։

4. Դիմացինը ուրիշին հետ մի՛ բաղդատեր։ Ամէն մէկուն պարագան տարբեր է։ Մտածէ թէ ընտանիքի անդամ մը կամ վերայցելութիւն մը ինչո՛ւ երկու միտքի վրայ է՝ Սուրբ Գիրքը սերտելու կամ Սուրբ Գիրքի բացատրութիւն մը ընդունելու նկատմամբ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ կրօնական գաղափար մը իրեն համար շա՛տ կարեւոր է։ Ազգականներու կամ դրացիներու կողմէ ճնշումի տա՞կ է։ Իրեն ժամանակ տուր որ ըսածներուդ մասին մտածէ եւ Սուրբ Գիրքին խօսքերուն արժէքը տեսնէ։

5. Հետաքրքրուած անձին մասին աղօթէ։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ այդ անձէն յոյսդ չկտրես, եւ գիտնաս ե՛րբ այլեւս չայցելել մէկու մը, որ շատ հետաքրքրուած չէ Սուրբ Գիրքին ըսածներով (Ա. Կոր. 9։26)։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Մար. 4։26-28. Ա. Կոր. 3։5-9. Բ. Պետ. 3։9

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել