Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 12
  • Քաջ եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քաջ եղիր
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսին օրինակը
  • Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Յիսուսին նմանէ
  • Աստուածաշունչի աշակերտիդ օգնէ որ մկրտուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 2)
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 1)
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • «Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 12

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Յիսուս ջերմ ոճով կը խօսի տղամարդու մը հետ, որ իր եւ իր աշակերտներուն առջեւ ծունկի եկած է։

Մար. 10։17-22

ԴԱՍ 12

Քաջ եղիր

Սկզբունք. «Իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. նոյնպէս կ’ուրախացնէ մտերիմ բարեկամը, որ անկեղծ խրատ կու տայ» (Առ. 27։9, ՆԱ)։

Յիսուսին օրինակը

Յիսուս ջերմ ոճով կը խօսի տղամարդու մը հետ, որ իր եւ իր աշակերտներուն առջեւ ծունկի եկած է։

ՎԻՏԷՕ. Յիսուս հարուստ երիտասարդ իշխան մը կը խրատէ

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Մարկոս 10։17-22։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Յիսուս հաւանաբար ի՞նչ լաւ յատկութիւններ տեսաւ երիտասարդ իշխանին մէջ։

  2. բ) Յիսուս ինչո՞ւ թէ՛ սիրոյ եւ թէ քաջութեան պէտք ունէր, որ իշխանին խրատ տար։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Պէտք է թէ՛ սիրով վարուինք եւ թէ անկեղծ ըլլանք մեր աշակերտներուն հետ, որ իրենց օգնենք որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։

Յիսուսին նմանէ

3. Աշակերտիդ օգնէ որ նպատակակէտեր դնէ եւ ատոնց հասնի

  1. ա) Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին ամէն մէկ դասին «Նպատակակէտ» բաժինը գործածէ։

  2. բ) Աշակերտիդ օգնէ որ հասկնայ, թէ ի՛նչ քայլեր պէտք է առնէ, որ թէ՛ պզտիկ եւ թէ մեծ նպատակակէտերու հասնի։

  3. գ) Աշակերտդ գովէ ամէն անգամ որ յառաջդիմէ։

4. Մտածէ թէ ի՛նչը արգելք կ’ըլլայ որ աշակերտդ յառաջդիմէ, եւ իրեն օգնէ։

  1. ա) Դուն քեզի հարցուր.

    • ‘Ի՞նչը արգելք կ’ըլլայ որ աշակերտս մինչեւ մկրտութիւն յառաջդիմէ’։

    • ‘Ինչպէ՞ս կրնամ իրեն օգնել’։

  2. բ) Եհովայէն քաջութիւն խնդրէ, որ աշակերտիդ անկեղծօրէն եւ սիրով ըսես թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։

5. Եթէ աշակերտդ չի յառաջդիմեր, սերտողութիւնը կեցուր։

  1. ա) Որոշելու համար թէ աշակերտդ կը յառաջդիմէ կամ ոչ, դուն քեզի հարցուր.

    • ‘Սորվածը կը գործադրէ՞’։

    • ‘Ժողովներուն ներկայ կ’ըլլա՞յ եւ ճշմարտութեան մասին կը խօսի՞ ուրիշներուն’։

    • ‘Եթէ երկար ժամանակէ ի վեր կը սերտէ, կ’ուզէ՞ Եհովայի վկայ ըլլալ’։

  2. բ) Եթէ աշակերտդ չ’ուզեր յառաջդիմել.

    • Իրեն հարցուր՝ ինչո՛ւ։

    • Ազնիւ կերպով բացատրէ, որ ինչո՛ւ սերտողութիւնը կը կեցնես։

    • Իրեն ըսէ որ ի՛նչ պէտք է ընէ, առա՛ջ որ ետ սկսիս հետը սերտել։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Սաղ. 141։5. Առ. 25։12. 27։6. Ա. Կոր. 9։26. Կող. 4։5, 6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել