Երկայնամտութեան օրինակներ նկատի առնենք
«Աստուած ... շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց [տուաւ] ա՛յն անօթներուն, որոնք ... կորուստի դատապարտուած են»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 9։22
1. (ա) Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը ինչպէ՞ս մեր օգտին կը ծառայէ։ (բ) Այս կապակցութեամբ, ինչո՞ւ հոս երկայնամտութեան յատկութիւնը նկատի կ’առնուի։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ, մեր Ստեղծիչը, իր ներշնչեալ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը տուաւ մեզի։ Անիկա որպէս ‘մեր ոտքերուն ճրագ ու մեր շաւիղներուն լոյս’ կը ծառայէ։ (Սաղմոս 119։105) Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կ’օգնէ մեզի որ «ամէն բարի գործերու պատրաստուած» ըլլանք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Մեզի պատրաստելու կերպերէն մէկն է անոր պարունակած երկայնամտութեան լաւ տիպարները։ Այս յատկութիւնը Աստուծոյ հոգիին պտուղներէն մէկն է եւ անհրաժեշտ է Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու եւ մեր ընկեր արարածներուն հետ համերաշխօրէն ապրելու համար։—Գաղատացիս 5։22, 23
2. «Երկայնամտութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառին իմաստը ի՞նչ է, եւ ո՞վ այս յատկութիւնը լաւագոյն կերպով ցոյց կու տայ։
2 «Երկայնամտութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «մտքի երկարութիւն»։ Երկայնամտութիւնը սահմանուած է որպէս «գրգռումի դէմ ինքնազսպումի այդ յատկութիւնը որ արտոռնոք չի փոխադարձեր կամ անմիջապէս չի պատժեր»։ (Հին եւ Նոր Կտակարանի Բառերուն Վայնի Բացատրական Բառարանը, Վ.Է. Վայնի կողմէ, հատոր Գ. էջ 12) Երկայնամիտ ըլլալ կը նշանակէ ինքնազսպում ունենալ եւ բարկանալու մէջ դանդաղ ըլլալ։ Իսկ բարկութեան մէջ դանդաղ եղողներուն եւ երկայնամտութիւն ցուցաբերողներուն մէջ ո՞վ առաջնագոյնն է։ Անշուշտ Եհովա Աստուած։ Ուստի, Ելից 34։6–ի մէջ կը կարդանք թէ Եհովա «երկայնամիտ [է] եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով»։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչին մէջ ութ այլ տեղեր ալ Եհովայի մասին կը խօսուի որպէս «երկայնամիտ» Աստուած։—Թուոց 14։18. Նէեմեայ 9։17. Սաղմոս 86։15. 103։8. 145։8. Յովելեայ 2։13. Յովնանու 4։2. Նաւումայ 1։3
3. Ո՞ր յատկութիւնները կը նպաստեն որ Եհովա երկայնամիտ ըլլայ։
3 Եհովա Աստուծմէ կ’ակնկալուի որ երկայնամիտ կամ բարկութեան մէջ դանդաղ ըլլայ, քանի որ ան անսահման զօրութիւն, իմաստութիւն ունի, արդարութեան մէջ կատարեալ է եւ սիրոյ մարմնացումն է։ (Բ. Օրինաց 32։4. Յոբ 12։13. Եսայեայ 40։26. Ա. Յովհաննու 4։8) Ան կրնայ տիրապետել իր յատկութիւններուն վրայ, զանոնք միշտ հակակշռելով։ Անկատար մարդոց հանդէպ ի՛նչու եւ ի՛նչպէս երկայնամտութիւն ցոյց տալուն մասին իր Խօսքը ի՞նչ կը յայտնէ։
Իր Անուան Սիրոյն՝ Երկայնամիտ
4. Ի՞նչ լաւ պատճառով Աստուած երկայնամտութիւն ցոյց տուած է մեղաւորներուն հանդէպ։
4 Եհովա ինչո՞ւ երկայնամիտ է։ Ան ինչո՞ւ անմիջապէս չի պատժեր մեղաւորները։ Այսպէս կը վարուի ոչ թէ անտարբերութեամբ, կամ արդարութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան պակասէ, այլ՝ լաւ պատճառով։ Ան բարկութեան մէջ դանդաղ է եւ շուտով չի պատժեր մարդիկը։ Պատճառներէն մէկը՝ որպէսզի իր անունը ճանչցուի։ Ուրիշ պատճառ մը այն է թէ ժամանակ կը պահանջուէր Եդեմի ըմբոստին կողմէ Աստուծոյ գերիշխանութեան եւ մարդկութեան ուղղամտութեան մասին յարուցուած հարցը լուծելու համար։ Աստուծոյ երկայնամտութեան տակաւին ուրիշ մէկ պատճառը այդ է թէ ան մոլորեալներուն առիթ կու տայ որ իրենց ճամբաները շտկեն։
5, 6. Մարդուն ըմբոստութեան կապակցաբար, Եհովա ինչո՞ւ երկայնամտութիւն ցուցաբերեց։
5 Եհովա երկայնամիտ գտնուեցաւ Եդեմի պարտէզին մէջ մարդկային առաջին զոյգին հետ վարուելու ատեն։ Երբ անոնք բարին ու չարը գիտնալու ծառին պտուղէն ուտելու իր պատուէրը բեկանեցին, ան կրնար անմիջապէս սպաննել զանոնք, ինչպէս նաեւ Եւան խաբող անհաւատարիմ հրեշտակը։ Կասկած չկար որ Եհովայի արդարութեան եւ իրաւունքի զգացումը արհամարհուած էր եւ թէ ան բարկացած էր երեք ըմբոստներուն դէմ։ Եթէ տեղւոյն վրայ զանոնք սպաննէր, իր կատարեալ իրաւունքովը պիտի ըլլար։ Աստուած զգուշացուցած էր առաջին մարդը՝ Ադամը, ըսելով. «Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։17) Ադամի մեղանչած օրն իսկ Աստուած հաշիւ պահանջեց մեղանչողներէն եւ մահուան դատավճիռը տուաւ։ Դատականօրէն, Ադամ եւ Եւա մեռան այդ օրը։ Սակայն մեր երկայնամիտ Ստեղծիչը թոյլ տուաւ որ Ադամ 930 տարի ապրի։—Ծննդոց 5։5
6 Աստուած լաւ պատճառ ունէր այս պարագային երկայնամիտ կամ բարկութեան մէջ դանդաղ ըլլալու։ Եթէ այդ ըմբոստները տեղւոյն վրայ սպաննած ըլլար, անիկա պատասխան մը հայթայթած պիտի չըլլար Բանսարկուին այն հեգնական դիտողութեան թէ Եհովա Աստուած պաշտուելու արժանի չէ եւ թէ չի կրնար մարդկային ծառաներ ունենալ, որոնք ամէն պարագայի ներքեւ պահեն իրենց ուղղամտութիւնը։ Տակաւին հետեւեալ հարցումներն ալ անպատասխան մնացած պիտի ըլլային. Որո՞ւ մեղքն էր որ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին։ Արդեօք Եհովա զիրենք սկիզբէն բարոյապէս այնքան տկար ստեղծեց որ չկրցան փորձութեան դէմ դնել եւ ապա իրենց թերացումին համար պատժե՞ց զիրենք։ Այս բոլորին պատասխանը կը պարզուի Յոբի գրքին պատմութեան առաջին եւ երկրորդ գլուխներուն մէջ։ Թոյլ տալով որ մարդկային ցեղը աճի, Եհովա պատեհութիւն տուաւ որ մարդիկ իրենք փաստեն թէ Սատանայի ամբաստանութիւնները սխալ էին։
7. Եհովա ինչո՞ւ Փարաւոնը անմիջապէս չսպաննեց։
7 Երբ Եհովա իր ժողովուրդը՝ Իսրայէլը, Եգիպտական գերութենէն ազատագրելու վրայ էր, ան դարձեալ փաստեց երկայնամիտ ըլլալ։ Եհովա կրնար անմիջապէս Փարաւոնը եւ իր զօրքերը փճացնել։ Բայց ան ժամանակ մը հանդուրժեց անոնց։ Ի՞նչ լաւ պատճառով։ Ժամանակ անցնելով, Փարաւոն աւելի յամառութիւն ըրաւ, թոյլ չտալով որ Իսրայելացիները Եգիպտոսէ ելլեն որպէս Եհովայի ազատ ժողովուրդը։ Այս կերպով ան ցոյց տուաւ որ ինք ‘բարկութեան աման’ մըն էր, որ Եհովայի մարտահրաւէր կարդալուն համար արժանի էր կործանուելու։ (Հռովմայեցիս 9։14–24) Բայց տակաւին Եհովա աւելի մեծ պատճառ մը ունէր այս պարագային երկայնամիտ ըլլալու։ Մովսէսի միջոցաւ, Եհովա ըսաւ Փարաւոնի. «Հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէսզի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։—Ելից 9։15, 16
8. Ի՞նչ պատճառով Աստուած չսպաննեց ըմբոստ Իսրայելացիները անապատին մէջ։
8 Եհովայի երկայնամտութիւնը դարձեալ լաւ պատճառներով յայտնաբերուեցաւ, երբ Իսրայելացիները անապատին մէջն էին։ Անոնք որքա՜ն Աստուծոյ համբերութիւնը փորձի տակ դրին, ոսկիէ հորթը պաշտելով եւ հաւատքի պակաս ցոյց տուին երբ տասը լրտեսները վերադարձան գէշ տեղեկագրութեամբ։ Աստուած զանոնք չմերժեց որպէս իր ժողովուրդը, քանի որ իր անունը եւ համբաւը խնդրոյ առարկայ էր։ Այո, Եհովա երկայնամտութիւն ցոյց տուաւ իր անուան սիրոյն։—Ելից 32։10–14. Թուոց 14։11–20
Երկայնամտութիւն՝ Վասն Մարդկութեան
9. Եհովա ինչո՞ւ երկայնամտութիւն ցոյց տուաւ Նոյի օրերուն։
9 Ադամ իրմէ յառաջ գալիք բոլոր սերունդը մոլորեցնելէն եւ մեղանչելով անոնց հանդէպ շատ մեծ անիրաւութիւն գործելէն ի վեր, Եհովա երկայնամիտ գտնուած է մարդկութեան հանդէպ։ Աստուծոյ երկայնամտութիւնը կարելի ըրաւ որ այդ սխալը շտկուի, քանի որ ան զղջացող մարդկութեան ժամանակ տուաւ որ իրեն հետ հաշտուի։ (Հռովմայեցիս 5։8–10) Եհովա Նոյի օրերուն ալ մարդկութեան հանդէպ երկայնամիտ գտնուեցաւ։ Այդ ժամանակ, «Տէրը տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր»։ (Ծննդոց 6։5) Երբ Աստուած այս վիճակները տեսաւ, կրնար մարդկային ցեղը անմիջապէս երկրէ սրփել, սակայն ան որոշեց անոր վերջ դնել 120 տարի ետք։ (Ծննդոց 6։3) Երկայնամտութեան այս արտայայտութիւնը պատեհութիւն շնորհեց որ Նոյ երեք որդիներ ունենայ, անոնք մեծնան եւ ամուսնանան, ու իրենց կեանքերը փրկելու եւ անասնական ստեղծագործութիւնը պահպանելու համար ընտանիոք տապանը շինեն։ Այս կերպով կարելի եղաւ որ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը իրականանայ։
10, 11. Եհովա ինչո՞ւ այսքան երկայնամիտ էր Իսրայէլ ազգին հանդէպ։
10 Երկայնամտութեան ուրիշ մէկ սահմանումը կապ ունի մանաւանդ իր ժողովուրդին նկատմամբ Աստուծոյ վերաբերմունքին հետ։ Անիկա «սխալը կամ գրգռումը համբերութեամբ տանիլ [է], որու կ’ընկերակցի խաթարուած յարաբերութիւնը բարելաւուելուն յուսալ»։ (Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 262. Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ)։ Ասիկա յաւելեալ պատճառ մը կու տայ թէ Աստուած ի՛նչու երկայնամիտ գտնուեցաւ Իսրայելացիներուն հանդէպ։ Անոնք յաճախ Եհովայէ հեռացան եւ Հեթանոսներու ձեռքը գերի ինկան։ Սակայն ան երկայնամիտ գտնուեցաւ Իսրայելացիները ազատագրելով եւ անոնց պատեհութիւն տալով որ զղջան։—Դատաւորաց 2։16–20
11 Իսրայէլի թագաւորներուն մեծամասնութիւնը իրենց ենթակաները առաջնորդեցին սխալ պաշտամունքի։ Աստուած այդ ազգը անմիջապէս մերժե՞ց։ Ո՛չ, խաթարուած յարաբերութիւնը բարելաւուելու նկատմամբ, ան իր յոյսը չկտրեց։ Ընդհակառակը, Եհովա բարկանալու մէջ դանդաղ էր։ Երկայնամտութիւն ցոյց տալով, Աստուած կրկնակիօրէն անոնց պատեհութիւն տուաւ որ զղջան։ Երկրորդ Մնացորդաց 36։15, 16–ի մէջ կը կարդանք. «Անոնց հայրերուն Տէր Աստուած՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով ազդարարութիւններ կը ղրկէր. բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց»։
12. Եհովայի երկայնամտութեան ի՞նչ պատճառ կու տան Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները։
12 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններն ալ կ’ապացուցանեն որ Եհովա երկայնամիտ կը գտնուի իր մոլորեալ ժողովուրդին օգնելու համար։ Պօղոս առաքեալ, զոր օրինակ, մեղանչող Քրիստոնեաներուն կը հարցնէ. «Անոր այնչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ»։ (Հռովմայեցիս 2։4) Նոյն հոգին կը կրեն Պետրոսի խօսքերը. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա մեզի երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասնզի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Շատ տեղին ըլլալով մեզի ըսուած է որ ‘մեր Տէրոջը երկայնամտութիւնը փրկութիւն սեպենք’։ (Բ. Պետրոս 3։15) Ուստի, կը տեսնենք որ Եհովա երկայնամիտ է ո՛չ թէ զգացականութեան կամ թուլութեան պատճառով, այլ՝ իր անունը եւ նպատակը խնդրոյ առարկայ են եւ քանի որ ինք ողորմած եւ սիրազեղ է։
Յիսուսի Երկայնամտութեան Օրինակը
13. Սուրբ գրային ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Քրիստոս երկայնամիտ էր։
13 Աստուծմէ ետք, երկայնամտութեան երկրորդ տիպարն է իր Որդին, Մեսիա Յիսուս Քրիստոս։ Ան ինքնազսպումի հոյակապ տիպարն է, առանց անմիջապէս փոխադարձելու՝ հակառակ գրգռումի։a Եսայի մարգարէացած էր թէ Մեսիան երկայնամիտ պիտի ըլլար. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ»։ (Եսայեայ 53։7) Նոյն ճշմարտութեան կը վկայեն Պետրոսի խօսքերը. «Կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ (Ա. Պետրոս 2։23) Յիսուսի աշակերտները որքա՜ն փորձի ենթարկած էին զինք, իրենցմէ ո՛վ մեծ ըլալու մասին իրենց կրկնակի վէճերով։ Այսուհանդերձ, անոնց հետ որքա՜ն երկայնամիտ եւ համբերող էր։—Մարկոս 9։34. Ղուկաս 9։46. 22։24
14. Յիսուսի երկայնամտութեան օրինակը մեզ ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ։
14 Մենք ալ երկայնամիտ ըլլալով, Յիսուսի ձգած օրինակին պէտք է հետեւինք։ Պօղոս գրեց. «Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։ Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք»։—Եբրայեցիս 12։1–3
15. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս երկայնամիտ էր եւ կամայականօրէն փորձութիւններու համբերեց։
15 Յիսուսի երկայնամիտ ըլլալը եւ փորձութիւններու կամայականօրէն համբերելը կրնանք տեսնել ձերբակալութեան ատեն իր ցուցաբերած կեցուածքէն։ Իր Տէրը պաշտպանելու նպատակաւ սուր քաշելուն համար Պետրոսը յանդիմանելէ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։ Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։—Մատթէոս 26։51–54. Յովհաննու 18։10, 11
Երկայնամտութեան Ուրիշ Օրինակներ
16. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Յակոբի որդին՝ Յովսէփ, երկայնամիտ էր։
16 Նոյնիսկ անկատար, մեղաւոր անհատներ կրնան երկայնամտութիւն ցուցաբերել։ Եբրայերէն Գրութիւնները անկատար մարդոց օրինակներ կը պարունակէ, որոնք համբերութեամբ տոկացին սխալներու։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Եբրայեցի Յակոբ նահապետի որդին՝ Յովսէփը։ Ան իր կէս եղբայրներուն եւ Պէտափրէսի կնոջ կողմէ պատճառուած անիրաւութիւններուն համբերութեամբ տոկաց։ (Ծննդոց 37։18–28. 39։1–20) Յովսէփ թոյլ չտուաւ որ այս փորձութիւնները զինք դառնացնեն։ Ասիկա ակներեւ էր երբ ան իր եղբայրներուն ըսաւ. «Զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասնզի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար»։ (Ծննդոց 45։4, 5) Երկայնամտութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ կը հանդիսանայ Յովսէփ։
17, 18. Դաւիթի պարագային, երկայնամտութեան ի՞նչ ապացոյց կը տեսնենք։
17 Դաւիթ՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ուրիշ մըն է, որ համբերութիւնով տոկաց իրեն դէմ գործուած սխալներուն եւ երկայնամտութիւն ցուցաբերեց։ Նախանձ Սաւուղի կողմէ շան մը պէս հալածուած ատեն, ան երկու անգամ առիթ ունեցաւ Սաւուղը սպաննելու որպէսզի իր վրէժը լուծէր։ (Ա. Թագաւորաց 24։1–22. 26։1–25) Սակայն Դաւիթ Եհովայի սպասեց, ինչպէս կը տեսնուի Աբեսսայի ըսած իր խօսքերէն. «Տէրը պիտի զարնէ [Սաւուղին] կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի։ Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ»։ (Ա. Թագաւորաց 26։10, 11) Այո, Դաւիթ կարելիութիւն ունէր Սաւուղի կողմէ հալածուելուն վերջ դնելու։ Սակայն ան նախընտրեց երկայնամիտ ըլլալ։
18 Նկատի առէք նաեւ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ երբ Դաւիթ կը փախչէր իր դաւաճան որդւոյն՝ Աբիսողիմի ձեռքէն։ Սաւուղի ազգատոհմէն Բենիամինցի Սեմէ, Դաւիթի վրայ քար նետեց եւ անոր անէծք տուաւ, ըսելով. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ»։ Աբեսսա ուզեց Սեմէին սպաննել, բայց Դաւիթ մերժեց վրէժ լուծել։ Փոխանակ այդպէս վարուելու, ան դարձեալ երկայնամտութիւն ցուցաբերեց։—Բ. Թագաւորաց 16։5–13
Պօղոսի Օրինակը
19, 20. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք երկայնամիտ էր։
19 Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, անկատար մարդու մը կողմէ ցոյց տրուած երկայնամտութեան ուրիշ օրինակ մը կը հանդիսանայ Պօղոս առաքեալ։ Ան համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տուաւ, թէ՛ իր կրօնական թշնամիներուն եւ թէ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն հանդէպ։ Այո, ան երկայնամտութիւն ցուցաբերեց նոյնիսկ երբ Կորնթոսի ժողովքէն ոմանք ըսին. «Անոր թուղթերը ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։—Բ. Կորնթացիս 10։10. 11։5, 6, 22–33
20 Հետեւաբար, Պօղոս լաւ պատճառ ունէր Կորնթացիներուն ըսելու. «Ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու, ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ, մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնամտութիւնով, քաղցրութիւնով, սուրբ հոգիով, անկեղծ սիրով»։ (Բ. Կորնթացիս 6։4–6) Նոյն հոգիով, Պօղոս առաքեալ կրնար գրել իր աշխատակիցին՝ Տիմոթէոսի. «Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնամտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, հալածանքներուս, չարչարանքներուս ... եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։10, 11) Պօղոս առաքեալ երկայնամտութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ մեզի։
21. Յաջորդ յօդուածը ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի։
21 Յստակ է ուրեմն, որ Աստուածաշունչը լեցուն է երկայնամտութեան գեղեցիկ օրինակներով։ Գլխաւոր օրինակներն են՝ Եհովա եւ իր սիրելի Որդին։ Սակայն որքան քաջալերական է որ այս յատկութիւնը ցուցաբերուած է անկատար մարդոց կողմէ, ինչպէս Յովսէփ, Դաւիթ եւ Պօղոս առաքեալ։ Յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ այսպիսի գեղեցիկ տիպարներ ընդօրինակենք։
[Ստորանիշ էջ 14]
a Երկայնամիտ ըլլալ պարզապէս չի նշանակեր երկար տառապիլ։ Երկար ատենէ ի վեր տառապող մէկը եթէ բարկանայ կամ դառնանայ որ չի կրնար փոխադարձել, անիկա երկայնամտութիւն չէ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ի՞նչ կը նշանակէ երկայնամիտ ըլլալ։
◻ Եհովա գլխաւորաբար ի՞նչ պատճառներով երկայնամիտ եղած է։
◻ Ի՞նչ կերպերով Յիսուս ցոյց տուաւ որ երկայնամիտ էր։
◻ Սուրբ Գրային ի՞նչ փաստ կայ թէ անկատար մարդիկ կրնան երկայնամտութիւն ցուցաբերել։
[Նկար՝ էջ 10]
Յովսէփ, Յիսուս, Դաւիթ, Պօղոս եւ Յոբ երկայնամտութեան տիպարներ են
[Նկար՝ էջ 13]
Յիսուս իր աշակերտներուն հանդէպ երկայնամտութիւն ցուցաբերեց