Կեանքը փրկել՝ արիւնով—Ինչպէ՞ս
«Կեանքը ընտրէ ... անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ... վասնզի քու կեանքդ ու օրերուդ երկարութիւնը այն է»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 30։19, 20
1. Քրիստոնեաները կեանքը յարգելու մէջ ինչպէ՞ս անզուգական են։
ՇԱՏԵՐ կ’ըսեն թէ կեանքը կը յարգեն, որպէս ապացոյց իրենց տեսակէտը տալով մահապատիժի, վիժումի կամ որսորդութեան շուրջ։ Սակայն, ճշմարիտ Քրիստոնեաները մասնաւոր կերպով մը կեանքի հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան։ Սաղմոս 36։9–ն կ’ըսէ. «Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է»։ Կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մը ըլլալով, Քրիստոնեաները կեանքի հեղուկին նկատմամբ իր տեսակէտը կ’որդեգրեն։
2, 3. Արեան հարցով ինչո՞ւ Աստուած նկատի պէտք է առնենք։ (Գործք 17։25, 26)
2 Մեր կեանքը արիւնէ կախեալ է. անիկա թթուածին կը տանի մեր մարմնին, երկթուիթ բնածուխը կը հանէ, թոյլ կու տայ որ ջերմութեան փոփոխութիւններուն յարմարինք եւ մեզի կ’օգնէ որ ախտերու դէմ պայքարինք։ Ան որ մեզի կեանք տուաւ, նաեւ ծրագրեց եւ հայթայթեց արիւն կոչուող հեղուկ հիւսկէնը։ Ասիկա կը յայտնաբերէ մարդկային կեանքը պահպանելու իր մեծ հետաքրքրութիւնը։—Ծննդոց 45։5. Բ. Օրինաց 28։66. 30։15, 16
3 Թէ՛ Քրիստոնեաները եւ թէ ընդհանուր մարդիկը պէտք է իրենք իրենց հարց տան. ‘Արիւնը կրնա՞յ իմ կեանքս փրկել իր բնական պաշտօններով, թէ ոչ անիկա իմ կեանքս կրնայ փրկել աւելի խոր կերպով’ մը։ Մինչ շատեր կը գիտակցին կեանքի եւ արեան բնական պաշտօններուն միջեւ եղող կապին, իրականութեան մէջ, ասկէ աւելին պարփակուած է։ Քրիստոնեաներու, Մահմետականներու եւ Հրեաներու բարոյագիտութիւնը, բոլորն ալ կը կեդրոնանան Կենսատուի մը վրայ, որ կեանքի եւ արեան մասին արտայայտուած է։ Այո, մեր Ստեղծիչը շատ բան ունի ըսելիք արեան մասին։
Արեան Նկատմամբ Իր Հաստատ Դիրքը
4. Մարդկային պատմութեան սկիզբը, Աստուած ի՞նչ ըսաւ արեան մասին։
4 Աստուծոյ Խօսքին, Աստուածաշունչին մէջ, աւելի քան 400 անգամ արիւնը յիշուած է։ Անոնցմէ առաջինը, Եհովայի սա պատուէրն է. «Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ։ ... Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք»։ Ան աւելցուց. «Անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ»։ (Ծննդոց 9։3–5) Եհովա Նոյի ըսաւ ասիկա, որ մարդկային ընտանիքին նախահայրն էր։ Այս կերպով բոլոր մարդկութեան նշուեցաւ թէ Ստեղծիչը արիւնը կը նկատէ որպէս կեանքի համազօր։ Ուստի, ամէն մարդ որ կը դաւանի թէ Աստուծոյ Կենսատու ըլլալը կ’ընդունի, պէտք է գիտակցի թէ կեանքի հեղուկին գործածութեան շուրջ Ան հաստատ դիրք մը բռնած է։
5. Իսրայելացիներուն արիւն չուտելուն գլխաւոր պատճառը ի՞նչ էր։
5 Աստուած դարձեալ արիւնը յիշեց երբ Իսրայէլի Օրինագիրքը տուաւ։ Ղեւտացւոց 17։10, 11–ը կ’ըսէ. «Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը որեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ. վասնզի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է»։ Այդ օրէնքը առողջապահական գետնի վրայ օգտակար էր, բայց միայն այդ չէր։ Արիւնը մասնայատուկ նկատելով, Իսրայելացիները ցոյց պիտի տային թէ իրենց կեանքը Աստուծմէ կախեալ էր։ (Բ. Օրինաց 30։19, 20) Այո, արիւն ուտելէ խուսափելու գլխաւոր պատճառը ո՛չ թէ անոր ապառողջ ըլլալն էր, այլ՝ քանի որ ան մասնաւոր նշանակութիւն մը ունէր Աստուծոյ համար։
6. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս արեան նկատմամբ Աստուծոյ դիրքը պաշտպանեց։
6 Արիւնով կեանք փրկելու հարցին մէջ Քրիստոնէութեան դիրքը ի՞նչ է։ Յիսուս գիտէր ինչ որ իր Հայրը ըսած էր արեան գործածութեան մասին։ Յիսուս «սխալ չգործեց եւ իր լեզուին վրայ նենգութիւն չտեսնուեցաւ»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ան Օրէնքը կատարելապէս պահեց, մէջը ըլլալով արեան շուրջ օրէնքը։ (Ա. Պետրոս 2։22) Այս կերպով ան օրինակ հանդիսացաւ իր հետեւորդներուն, կեանքի եւ արեան հանդէպ յարգանք ունենալու մէջ։
7, 8. Ինչպէ՞ս պարզուեցաւ որ արեան մասին Աստուծոյ օրէնքը Քրիստոնեաներուն ալ կիրառելի էր։
7 Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ հետագային, երբ Կառավարիչ Մարմինը որոշում մը առաւ հարցի մը շուրջ, որ էր՝ Քրիստոնեաները Իսրայէլի բոլոր օրէնքները ստիպուած են պահել թէ ոչ։ Աստուածային առաջնորդութեան ներքեւ, անոնք ըսին որ Քրիստոնեաները ստիպուած չեն Մովսիսական օրէնքը պահել, բայց «հարկաւոր» էր որ ‘ետ կենային կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ’։ (Գործք 15։22–29) Այսպիսով անոնք որոշ կերպով ցոյց տուին թէ արիւնէ ետ կենալը բարոյապէս նոյնքան կարեւոր էր, որքան կռապաշտութենէ եւ մեծ անբարոյութենէ ետ կենալը։a
8 Նախկին Քրիստոնեաները նկատի առին այդ արգելքը։ Այս մասին մեկնութիւն տալով, Բրիտանացի ուսումնական Ժոզէֆ Պէնսըն ըսաւ. «Նոյի եւ իր ամբողջ սերունդին տրուած եւ ապա Իսրայելացիներուն կրկնուած արեան այս արգելքը, ... բնաւ ջնջուած չէ, այլ, ընդհակառակը, Նոր Կտակարանով հաստատուած է Գործք 15–րդ գլուխին մէջ. եւ այսպիսով շարունակական ստիպողականութիւն մը եղած է»։ Սակայն, ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ արեան մասին, արդի բժշկական գործածութեան ալ կ’ակնարկէ՞, զոր օրինակ, ներարկումի, ինչ որ որոշապէս չէր կատարուեր Նոյի կամ առաքեալներուն օրերուն։
Արիւնը որպէս Դեղ
9. Արիւնը ինչպէ՞ս կը գործածուէր հին բժշկութեան մէջ, բայց ասոր հակառակը, ի՞նչ էր Քրիստոնեաներուն դիրքը։
9 բժշկութեան մէջ արեան գործածութիւնը նոր բան մը չէ։ Մարմին եւ Արիւն գիրքը, գրուած՝ Ռէյ Թանահիլի կողմէ, ցոյց կու տայ թէ գրեթէ 2,000 տարի առաջ, Եգիպտոսի մէջ եւ այլ տեղեր, «արիւնը նկատուած էր բորոտութեան համար որպէս լաւագոյն դարմանը»։ Հռովմէացիները կը հաւատային թէ լուսնոտութիւնը կարելի էր բուժել մարդկային արիւն խմելով։ Տերտուղիանոս այս «դեղի» գործածութեան մասին գրեց. «Նայեցէք անոնց որոնք անյագ ծարաւով, կրկէսներու ելոյթներու ընթացքին, ամբարիշտ ոճռագործներուն տաք արիւնը կ’առնեն ... եւ զայն կը տանին իրենց լուսնոտութիւնը բուժելու համար»։ Ասիկա Քրիստոնեաներու սովորութեան ճիշդ հակառակն էր. «Մենք նոյնիսկ անասուններու արիւնը մեր ճաշերուն մէջ չենք խառներ ...։ Քրիստոնեաները փորձելով դուք անոնց արիւնով լեցուն երշիկներ կը հրամցնէք։ Անշուշտ դուք համոզուած էք որ անիկա օրինաւոր չէ իրենց համար»։ Խորհեցէք պահ մը. փոխանակ կեանք նշանակող արիւնը ուտելու, նախկին Քրիստոնեաները իրենց կեանքերը վտանգի տակ դնելու յօժար էին։—Բաղդատել Բ. Թագաւորաց 23։15–17։
10, 11. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ արեան մասին Աստուծոյ չափանիշը արեան ներարկումն ալ կ’արգիլէ։
10 Անշուշտ, այն ատեն արեան ներարկումներ չէին կատարուեր, քանի որ այս փորձերը սկսան ԺԶ. դարուն։ Բայց ԺԷ. դարուն, Գոբէնհակի Համալսարանէն կազմախօսութեան ուսուցչապետ մը առարկեց. «Անոնք որոնք հիւանդութիւններու ներքին դարմանումի համար կը պարտադրեն մարդկային արեան գործածութիւնը, զայն սխալ կերպով կը գործածեն եւ լրջօրէն կը մեղանչեն։ Մարդակերները կը դատապարտենք։ Ինչո՞ւ չենք զզուիր անոնցմէ որոնք իրենց փողրակը մարդկային արիւնով կ’արատաւորեն։ Նոյնն է պարագան կտրուած երակէ մը օտար արիւն ստանալուն՝ անիկա ըլլայ բերնէն թէ ներարկման գործիքներով։ Այս գործողութեան հեղինակներուն վերապահուած է աստուածային օրէնքին սարսափը»։
11 Այո, նոյնիսկ դարեր առաջ, մարդիկ տեսան թէ Աստուծոյ օրէնքը կ’արգիլէր արիւն ստանալը, ըլլայ երակէն, կամ բերնէն։ Ասոր գիտակցիլը կրնայ այսօր օգնել մարդոց հասկնալու Եհովայի Վկաներուն բռնած դիրքը, որ Աստուծոյ միտքին հետ ներդաշնակ է։ Արիւնը մեծապէս արժեւորելով եւ բժշկական դարմանները գնահատելով հանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կեանքը կը յարգեն որպէս Ստեղծիչին կողմէ տրուած պարգեւ մը, սակայն անոնք չեն ջանար արիւն ստանալով իրենց կեանքը պահել։—Ա. Թագաւորաց 25։29
Բժշկականօրէն Փրկարա՞ր Է
12. Խոհեմ անհատներ տրամաբանօրէն ի՞նչ կրնան նկատել արեան ներարկման մասին։
12 Տարիներէ ի վեր, մասնագէտներ դաւանած են որ արիւնը կեանքեր կը փրկէ։ Բժիշկներ կրնան պատմել թէ շատ արիւն կորսնցնող անհատ մը ներարկման միջոցաւ լաւացաւ։ Ուստի մարդիկ հարց կու տան. ‘Բժշկական գետնի վրայ, Քրիստոնեայի մը դիրքը որքան իմաստուն կամ յիմար է’։ Բժըշկական որեւէ լուրջ արարք նկատի առնելէ առաջ, խոհեմ անհատ մը պիտի կշռէր անոր թէ՛ հաւանական օգուտները եւ թէ հաւանական վտանգները։ Ի՞նչ կրնանք ըսել արեան ներարկումներու մասին։ Իրողութիւնը այդ է թէ արեան ներարկումները վտանգներով լեցուն են։ Անոնք կրնան նոյնիսկ մահաբեր ըլլալ։
13, 14. (ա) Ի՞նչ կարգ մը կերպերով արեան ներարկումը փաստուած է վտանգաւոր ըլլալ։ (բ) Պապին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ արեան բերած առողջապահական վտանգները։
13 Վերջերս, երկու բժիշկներ՝ Լ. Թ. Կուտնաֆ եւ Ժ. Մ. Շագ, նշեցին. «Բժշկական համայնքը շատոնց տեղեակ է թէ մինչ արեան մթերքը ըստ իրենց կարծիքին ապահով է, սակայն արեան ներարկումը միշտ վտանգներ կը կրէ։ Արեան ներարկման ամենէն յաճախադէպ բարդութիւնն է ոչ-A, ոչ-B լերդատապը (NANBH). ուրիշ հաւանական բարդութիւններն են, B լերդատապ, այլա–ախտազերծում, ներարկման հակազդեցութիւն, ախտազերծական նուաճում եւ երկաթի ծանրաբեռնում»։ Այս լուրջ վտանգերէն միայն մէկը ‘պահպանողական կերպով’ հաշուելով, տեղեկագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Կ’ակնկալուի որ [Միացեալ Նահանգներուն մէջ] տարեկան մօտաւորապէս 40,000 անհատներ (NANBH) [ոչ-A, ոչ-B լերդատապ] պիտի զարգացնեն եւ անոնցմէ մինչեւ 10 առ հարիւրը, լեարդի քաղցկեղ պիտի ունենայ»։—The American Journal of Surgery, Յունիս 1990։
14 Մարդիկ երթալով աւելի տեղեակ ըլլալով արեան ներարկումով հիւանդութիւններէ վարակուելու վտանգի, անոնք ներարկման շուրջ իրենց տեսակէտը կը վերաքննեն։ Երբ 1981–ին Պապը զարնուեցաւ, ան հիւանդանոցի մը մէջ բուժուեցաւ եւ դուրս ելաւ։ Հետագային ետ վերադարձաւ երկու ամսուայ համար եւ իր վիճակը այնքան լուրջ էր որ կարծեցին թէ գործէ պիտի քաշուէր որպէս անկարող։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իրեն ներարկուած արիւնէն, ան բջջամեծատապէ վարակուած էր։ Ոմանք կը զարմանան, ըսելով. ‘Եթէ Պապին տրուած արիւնը ապահով չէր, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի պէս հասարակ ժողովուրդին տրուած արիւնը’։
15, 16. Ինչո՞ւ արեան ներարկումները ապահով չեն, նոյնիսկ երբ քննութեան կ’ենթարկուին։
15 ‘Բայց արիւնը չե՞ն քններ հիւանդութիւնները տեսնելու համար’, կրնան հարցնել ոմանք։ Նկատի առէք օրինակ մը B–լերդատապի քննութեան համար։ Հիւանդի Հոգատարութիւնը իր 28 Փետրուար 1990 թիւին մէջ կը նշէ. «[Այս հիւանդութեան] համար կատարուած պարտադիր քննութեան պատճառով, լերդատապի յետներարկման դէպքերը նուազած են, բայց տակաւին, 5–10 առ հարիւր յետներարկման լերդատապի պարագաներ կը պատճառուին B–լերդատապով»։
16 Այսպիսի փորձերու սխալական ըլլալը կը տեսնուի նաեւ արիւնէ պատճառուած ուրիշ վտանգով՝ Ադա–ով [AIDS]։ ԱԴԱ–ի համաճարակը մարդիկը ծայր աստիճան արթնցուցած է վարակուած արիւնի վտանգին դէմ։ Ճիշդ է թէ հիմա փորձեր կը կատարուին արեան մէջ ժահրերը երեւան հանելու համար։ Սակայն, ամէն տեղ արիւնը քննութեան չենթարկուիր եւ այնպէս կը թուի թէ մարդիկ կրնան իրենց արեան մէջ ԱԴԱ–ի ժահրը ունենալ տարիներ, առանց ընթացիկ փորձերով կարենալ երեւան հանուելու։ Ուստի հիւանդները կրնան ԱԴԱ ունենալ՝ եւ ունեցած են՝ քննուած եւ մաքուր նկատուած արիւնէ մը։
17. Արեան ներարկումները ինչպէ՞ս կրնան վնաս հասցնել որ նոյնիսկ անմիջապէս յայտնի չըլլար։
17 Կուտնաֆ եւ Շագ բժիշկները նաեւ յիշեցին «ախտազերծական նուաճում»։ Այո, երթալով փաստերը կ’աւելնան թէ նոյնիսկ պատշաճօրէն փորձուած եւ ատակ գտնուած արիւնը կրնայ վնասել հիւանդին ախտազերծական դրութեան, քաղցկեղի ու մահուան դուռ բանալով։ Ուստի, ըստ Գանատական ուսումնասիրութեան մը, «գլուխի եւ վիզի քաղցկեղ ունեցող հիւանդներէն անոնք որոնք ուռը վերցուելու ատեն արեան ներարկում ստացած են, անկէ ետք իրենց ախտազերծական դրութիւնը յատկանշական կերպով նուազած է»։ (The Medical Post, 10 Յունիս 1990) Հարաւային Գալիֆորնիայի Համալսարանի Բժիշկները տեղեկագրած են. «Կոկորդի քաղցկեղի պատահականութեան համեմատութիւնը 14 առ հարիւր է անոնց պարագային, որոնք արիւն չեն ստացած, իսկ 65 առ հարիւր՝ անոնց որոնք արիւն ստացած են։ Բերնի, խռչափողի եւ քիթի կամ խոռոչի քաղցկեղի պարագային, առանց ներարկումի համեմատութիւնն է՝ 31 առ հարիւր, իսկ ներարկումով՝ 71 առ հարիւր»։ (Annals of Otology, Rhinology & Laryngology, Մարտ 1989) Ախտազերծութեան նուազումը կը բացատրէ թէ ի՛նչու գործողութեան ընթացքին արիւն ստացողները շատ աւելի հակամէտ են վարակումներու ենթարկուելու։—Տես էջ 12–ի տուփը։
Արիւնը Փոխարինող Բաներ Կա՞ն
18. (ա) Արեան ներարկումներուն պարփակած վտանգները բժիշկները ի՞նչ բաներու դիմել կու տան։ (բ) Արիւնը փոխարինող ի՞նչ բաներու մասին կրնաք խօսիլ ձեր բժիշկին հետ։
18 Ոմանք կրնան հարցնել. ‘Ներարկումները վտանգաւոր են, բայց զանոնք փոխարինող բաներ կա՞ն’։ Վստահաբար կ’ուզենք բարձր որակի բժշկական խնամք մը, ուստի, առանց արեան գործածութեան բժշկական լուրջ խնդիրները ձեռք առնելու օրինաւոր եւ ազդեցիկ կերպեր կա՞ն։ Բարեբախտաբար այո՛ կրնանք ըսել։ Նոր Անգլիական Բժշկական Օրաթերթը, (7 Յունիս 1990) տեղեկագրեց. «Բժիշկները երթալով աւելի տեղեակ ըլլալով ներարկումներով ԱԴԱ–ի եւ ուրիշ վարակումներու վտանգներէն, կը վերանկատեն ներարկումներուն օգուտները եւ վտանգները եւ փոխարինումներու կը դիմեն, ի միջի այլոց, բոլորովին խուսափիլ ներարկումներէ»։b
19. Ինչո՞ւ կրնաք վստահ ըլլալ որ կարելի է արիւնը մերժել եւ տակաւին բժշկական լաւ խնամք ստանալ։
19 Եհովայի Վկաները երկար ատենէ կը մերժեն արեան ներարկումները, ոչ թէ առողջապահական վտանգներուն համար գլխաւորաբար, այլ՝ արեան մասին Աստուծոյ օրէնքին հնազանդելու համար։ (Գործք 15։28, 29) Սակայն, հմուտ բժիշկներ յաջող կերպով հոգ տարած են Վկայ հիւանդներուն, առանց արիւն գործածելու եւ անկէ առթած վտանգներուն։ Բժշկական շատ մը հրատարակութիւններ տեղեկագրած են այսպիսի օրինակներ։ Անոնցմէ մէկը՝ Վիրաբուժութեան Արխիւները, (Նոյեմբեր 1990), կը խօսէր Վկայ հիւանդներու վրայ կատարուած սրտի պատուաստումի մասին, որոնց խիղճը իրենց թոյլ կու տար այս քայլը առնելու՝ առանց արիւնի։ Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէր. «Աւելի քան 25 տարիէ ի վեր Եհովայի Վկաներու վրայ սրտի վիրաբուժում կատարելուն արդիւնքը եղած է սրտի յաջող պատուաստում, առանց արեան արտադրութիւններ մատակարարելու։ ... Գործողութեան շրջանին մահեր պատահած չեն եւ հետեւողական ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են թէ այս հիւանդներուն քով, պատուաստը մերժելու համեմատութիւնը աւելի բարձր չէ»։
Ամենէն Արժէքաւոր Արիւնը
20, 21. Ինչո՞ւ Քրիստոնեաները զգոյշ պէտք է ըլլան որ «Արիւնը Վատ Դեղ մըն Է» կեցուածքը չզարգացնեն։
20 Սակայն, խորքը քննող հարցում մը կայ զոր իւրաքանչիւրս մենք մեզի պէտք է հարցնենք. ‘Եթէ որոշած եմ արեան ներարկում չընդունիլ, պատճառը ի՞նչ է։ Պարկեշտօրէն, ի՞նչ է իմ գլխաւոր, հիմնական պատճառս’։
21 Յիշեցինք որ արիւնը փոխարինող ազդեցիկ բաներ կան, որոնք ներարկումին ընկերակցող շատ մը վտանգներուն չ’ենթարկեր անհատ մը։ Լերդատապի եւ ԱԴԱ–ի վտանգները մղած են շատերը որ մերժեն արեան ներարկումը, առանց կրօնական պատճառի։ Ոմանք այս մասին ձայներնին կը բարձրացնեն, այն աստիճան որպէս թէ «Արիւնը Վատ Դեղ մըն Է» պաստառի մը ներքեւ քայլարշաւ կ’ընեն։ Կրնայ ըլլալ որ Քրիստոնեայ մըն ալ հետեւի այդ արշաւին։ Բայց ասիկա մահուան տանող ճամբայ մըն է։ Ինչո՞ւ։
22. Կեանքի եւ մահուան նկատմամբ ո՞ր իրապաշտ տեսակէտը պէտք է ունենանք։ (Ժողովողի 7։2)
22 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը գիտակցին որ նոյնիսկ լաւագոյն հիւանդանոցներու մէջ եւ լաւագոյն խնամքով, որոշ ատեն մը մարդիկ կը մեռնին, արեան ներարկումով կամ առանց անոր։ Ասիկա ըսելը չարագուշակութիւն չէ, այլ՝ իրապաշտութիւն է։ Մահը ներկայիս կեանքի իրողութիւն մըն է։ Արեան նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքը անտեսողները կրնան անմիջապէս կամ հետագային անոր վնասը կրել։ Ոմանք նոյնիսկ ներարկուած արիւնէն կը մեռնին։ Սակայն, ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, ներարկումէն վերապրողները յաւիտենական կեանք շահած չեն, ուստի արիւնը իրենց կեանքը մնայուն կերպով փրկած չէ։ Իսկ միւս կողմէ, արիւնը մերժողներէն շատեր՝ կրօնական թէ բժշկական պատճառներով՝ զայն փոխարինող դեղերը կ’ընդունին եւ բժշկական գետնի վրայ լաւ վիճակ մը կ’ունենան։ Այս կերպով անոնք իրենց կեանքերը կ’երկնցնեն քանի մը տարի, բայց ոչ՝ անվերջօրէն։
23. Արեան մասին Աստուծոյ օրէնքը ի՞նչ կապ ունէր մեր մեղաւոր ըլլալուն եւ փրկանքի կարիք ունենալուն հետ։
23 Ներկայիս ապրող բոլոր մարդոց անկատար ըլլալը եւ աստիճանաբար դէպի մահ առաջնորդուիլը մեզի կը բերեն արեան մասին Աստուածաշունչին մէջ ըսուած հիմնական կէտին։ Աստուած բոլոր մարդոց ըսաւ որ արիւն չուտեն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա կեանք կը ներկայացնէ։ (Ծննդոց 9։3–6) Օրինագրքին մէջ, ան օրէնքներ տուաւ, ցոյց տալու համար մարդոց որ բոլորն ալ մեղաւոր են։ Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ որ անասնական զոհեր մատուցանելով ցոյց պիտի տային թէ իրենց մեղքերը քաւուելու կարիքը ունէին։ (Ղեւտացւոց 4։4–7, 13–18, 22–30) Թէեւ ներկայիս Աստուած մեզմէ ասիկա չի պահանջեր, սակայն ասիկա կարեւորութիւն ունի այսօր ալ։ Աստուած ծրագրեց զոհ մը հայթայթել որ կրնար բոլոր հաւատացեալներուն մեղքերը լիովին քաւել. փրկանքը։ (Մատթէոս 20։28) Ասոր համար պէտք է արեան մասին Աստուծոյ տեսակէտը գիտնանք։
24. (ա) Ինչո՞ւ սխալ պիտի ըլլար արեան նկատմամբ առողջապահական վտանգները նկատել որպէս հարցին գլխաւոր պատճառը։ (բ) Արեան գործածութեան նկատմամբ, ի՞նչ բան պէտք է որոշէ մեր ընտրութիւնը։
24 Սխալ պիտի ըլլար գլխաւորաբար մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել արեան առողջապահական վտանգներուն վրայ, քանի որ Աստուծոյ նպատակը այդ չէր։ Իսրայելացիները որոշ չափով կրնային առողջապահական օգուտներ քաղել արիւն չուտելով, ճիշդ ինչպէս որ պիտի օգտուէին խոզի կամ դիակեր անասուններու միսը չուտելով։ (Բ. Օրինաց 12։15, 16. 14։7, 8, 11, 12) Յիշեցէք սակայն որ երբ Աստուած Նոյի պատուիրեց որ միս ուտէ, այն ատեն այսպիսի անասուններու միսը ուտելը չարգիլեց։ Այլ, պատուիրեց որ մարդիկ արիւն չուտեն։ Աստուած գլխաւորաբար առողջապահական հաւանական վտանգներուն վրայ չկեդրոնացուց ուշադրութիւնը։ Արեան մասին իր պատուէրին կենսական նպատակը այդ չէր։ Իր երկրպագուները պէտք էր մերժէին արիւնով իրենց կեանքերը գոյատեւել, ոչ թէ անոր առողջապահական չըլլալուն համար, այլ քանի որ այդպէս ընելը անսուրբ բան մըն էր։ Անոնք արիւնը կը մերժէին, ո՛չ թէ ապականած ըլլալուն համար, այլ՝ քանի որ անիկա թանկագին էր։ Միայն զոհերուն արիւնով կրնային թողութիւն ստանալ։
25. Արիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մնայուն կերպով կեանք փրկել։
25 Պարագան նոյնն է մեզի համար։ Եփեսացիս 1։7–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Որով [Քրիստոսով] փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը»։ Եթէ Աստուած անհատի մը մեղքերը կը ներէ եւ զայն արդար կը նկատէ, այդ անհատը անվերջ կեանքի ակնկալութիւն ունի։ Ուստի, Յիսուսի փրկանքի արիւնը կրնայ կեանք փրկել. մնայուն կերպով, իրապէս՝ յաւիտենապէս։
[Ստորանիշ էջ 11]
a Հրամանը կը վերջանար հետեւեալ խօսքերով. «Որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք [լաւ առողջութիւն ձեզի]»։ (Գործք 15։29) «Լաւ առողջութիւն ձեզի» արտայայտութիւնը խոստում մը չէր. ‘եթէ արիւնէ կամ պոռնկութենէ հեռու մնաք, աւելի լաւ առողջութիւն մը պիտի ունենաք’։ Անիկա պարզապէս նամակ մը փակելու կերպ մըն է, ինչպէս՝ ‘Բարեւներ’։
[Ստորանիշ էջ 14]
b Շատ մը ազդեցիկ փոխարինումներ նկատի առնուած են՝ Արիւնը Ինչպէ՞ս Կրնայ Փրկել Ձեր Կեանքը գրքոյկին մէջ, հրատարակուած 1990–ին, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Արեան ներարկումները մերժելու մէջ Եհովայի Վկաներուն գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։
◻ Ի՞նչ իրողութիւն ցոյց կու տայ թէ արեան նկատմամբ Աստուածաշունչի դիրքը բժշկականօրէն անտրամաբանական չէ։
◻ Փրկանքը ինչպէ՞ս կապուած է արեան մասին Աստուածաշունչի օրէնքին հետ։
◻ Ի՞նչ միակ կերպով արիւնը կրնայ մնայուն կերպով կեանքեր փրկել։
[Շրջանակ՝ էջ 12]
ՆԵՐԱՐԿՈՒՄ ԵՒ ՎԱՐԱԿՈՒՄ
Արեան ներարկումներու եւ հիւանդը վարակումներու ատակ դառնալու միջեւ կապը տեսնելու համար, լայն քննութիւն մը կատարելէ ետք, Տոքթ. Նէյլ Պլումպըրկ եզրակացուց. «[Այս հարցին շուրջ] 12 դարմանական ուսումնասիրութիւններէն 10–ն ցոյց տուած են թէ ներարկումը յատկանշական եւ անկախօրէն ընկերակցած է մանրէական վարակումի վտանգին հետ ...։ Ասկէ զատ, վիրաբուժական գործողութենէն շատ առաջ տեղի ունեցած ներարկումը կրնայ ազդել վարակումի դէմ հիւանդին դիմադրողականութեան, եթէ ներարկումի ախտազերծական ազդեցութիւնը այդքան երկարակեաց է, ինչպէս կը թելադրեն կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ...։ Եթէ այս տուեալները կրնան ընդհանրացուիլ եւ հաստատուիլ, այնպէս կը թուի թէ յետ–գործողութեան ուժգին վարակումները միակ շատ սովորական յատկանշական բարդութիւններ են, որոնք կրնան ընկերակցիլ համադիր ներարկման հետ»։
—Ներարկումի Բժշկական Պարբերաթերթ, Հոկտեմբեր 1990
[Նկար՝ էջ 10]
◀ Արեան մեծցուած կարմիր բջիջներ. «Իւրաքանչիւր մանրալիտրը կր պարուննակէ 4–6 միլիոն արեան կարմիր բջիջներ»։—«Համաշխարհային Համայնագիտարան»
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Kunkel-CNRI/PHOTOTAKE NYC