Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 2/1 էջ 22-24
  • Օրինակներ—Սրտերու հասնելու բանալի մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրինակներ—Սրտերու հասնելու բանալի մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Դաստիարակիչ Օրինակներ
  • Օրինակներ Գտնել
  • Աստուածաշունչը Կենսունակ Դարձնել
  • «Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Օրինակներ գործածել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Մեծ Ուսուցիչը ընդօրինակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ներատեսութեամբ եւ համոզումով ուսուցանեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 2/1 էջ 22-24

Օրինակներ—Սրտերու հասնելու բանալի մը

ԴԱՒԻԹ իր կեանքին համար կը փախչի։ Իր թշնամին է՝ Իսրայէլի օծեալ Սաւուղ Թագաւորը։ Սաւուղ նախանձէ մղուած Դաւիթի հանդէպ ատելութեամբ լեցուած մարդ մըն է։ Իր այս սպանութեան ծրագրին համար, ան 3,000 զինուորներ հաւաքած է։ Անոնք համրանքով շատ աւելի ըլլալով, Դաւիթ եւ իր մարդիկը անապատին մէջ քարայրի մը մէջ պահուըտեցան։

Մինչ Դաւիթ եւ իր մարդիկը մթութեան մէջ իրարու վրայ խռնուած են, պարագայի բերմամբ, զարմանալիօրէն հարցը կը փոխուի։ Սաւուղ Թագաւոր նոյն քարայրը կը մտնէ հարկաւորութեան համար։ Դաւիթ զէնքը ձեռքին, անձայն կու գայ իր անօգնական թշնամիին քով։ Բայց Դաւիթ չսպաններ թագաւորը, զարմացնելով իր մարդիկը։ Ան միայն Սաւուղի վերարկուին ծայրը կը կտրէ։ Բայց ասոր համար իսկ զղջալով, ան կ’ըսէ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։—Ա. Թագաւորաց 24։1–6

Աստուածաշունչի այս դրուագը խորունկ դաս մը կը սորվեցնէ աստուածատուր հեղինակութիւնը յարգելու մասին։ Անիկա նաեւ սրտի կը դպչի, թերեւս շատ աւելի ազդու կերպով քան ուղղակի տրուած խրատը։ Մեր դաստիարակութեան համար Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած պատմութիւններուն ոյժը այսպէս է։—Հռովմայեցիս 15։4

Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները իրողութիւններ նշելէն աւելին կ’ընեն, երբ բարի լուրը կը քարոզեն, տան Սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կը վարեն, սուրբ գրային դասախօսութիւններ, կամ անպաշտօն վկայութիւն կու տան։ Անոնք սրտերու հասնելու համար փորձառութիւններ կը պատմեն եւ առակներ կը գործածեն։ Անոնց Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Դասագիրքը [Անգլ.] կը բացատրէ. «Օրինակները հետաքրքրութիւնը կը շարժեն եւ կարեւոր գաղափարները աչքառու կը դարձնեն։ Անոնք անհատին միտքը կը գրգռեն եւ նոր խորհուրդները ըմբռնելը կը դիւրացնեն։ Լաւ ընտրուած օրինակները կոչ կ’ընեն մտքին, զգացական տպաւորութեամբ։ . . . Երբեմն, օրինակ մը կրնայ գործածուիլ նախապաշարում մը կամ խոտորում մը մէջտեղէն վերցնելու համար»։a—Էջ 168

Վարէն ՏիւՊուա, իր գրքին (Essentials of Public Speaking) մէջ կ’ըսէ. «Թող որ գրողը կամ դասախօսը իր գաղափարները արտայայտէ մարդոց արարքներով կամ խօսքերով եւ ամենէն ձանձրացուցիչ նիւթն անգամ կեանք եւ գոյն կ’առնէ»։ Ուստի, արդէն թրթռացնող եւ կենսատու պատգամին վրայ կեանք եւ գոյն աւելցնելը պիտի օգնէ Քրիստոնեայ ծառաներուն որ սրտերու հասնին։

Դաստիարակիչ Օրինակներ

Ինչպի՞սի օրինակներ աւելի յաջողութիւն կը գտնեն։ Սովորաբար այն օրինակները որոնք կը հիմնուին բանի մը վրայ զոր ունկնդիրները դիւրութեամբ կրնան կապը տեսնել։ Յիսուս Քրիստոս ասոր մէջ գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ։ Իր Լերան Քարոզին մէջ, ան խօսեցաւ աղի, ճրագի եւ թռչուններու նման հասարակ բաներու մասին։ (Մատթէոս 5։1–7։29) Օրինակի համար, բոլորին ծանօթ էր ձթայիւղով վարուած ճրագը որ երբեմն աշտանակի վրայ կը դրուէր։ Հետեւաբար, Յիսուսի աշակերտները հասկցած ըլլալու էին որ իրենք հոգեւոր լոյս կրողներ պէտք էր ըլլային, երբ անոնց ըսաւ. «Ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորէ ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։15, 16) Նիւթին յարմարող խրթին չեղող օրինակները պիտի օգնեն Քրիստոնեայ ծառաներուն որ գաղափարները եւ Աստուածաշունչի ուսուցումները յստակացնեն։

Յիսուսի ամենէն զօրաւոր օրինակները թերեւս մարդոց վրայ կը կեդրոնանան։ Նկատի առէք Ղուկաս 15–րդ եւ 16–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուածը։ Դպիրները եւ Փարիսեցիները քննադատած էին Յիսուսը, մեղաւորներ եւ մաքսահաւաքներ ընդունելուն համար։ Առ ի պատասխան, ան յուզիչ պատմութիւններ պատմեց մարդոց մասին։ Ան խօսեցաւ հովիւի մը մասին, որ իր կորսուած ոչխարը գտաւ, կնկայ մը մասին, որ կորսուած դրամը վերագտաւ, անառակ որդիի մը մասին, որ տուն վերադարձաւ եւ անիրաւ տնտեսին մասին։

Իրապաշտ օրինակներ եւ իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ կրնան շատ գործնական ըլլալ Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, թէ 60 տարի որպէս հանրային դասախօս անդադար ճամբորդած Ալէքսանտր Մէքմիլլըն ի՛նչպէս մահուան մասին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բացատրեց։ Հոգիի անմահութեան հաւատացող իր հօրը մահէն քիչ առաջ, Մէքմիլլըն հետեւեալ խօսակցութիւնը ունեցաւ անոր հետ։

«Հայրս ուղղակիօրէն հարցուց ինծի. ‘Որդիս, գերեզմանին մէջ առանձի՞ն պիտի մնամ, մինչ կը սպասեմ որ թագաւորութիւնը երկիրը կատարելութեամբ լեցնելու իր գործը սկսի’։

«Ահաւասիկ հարցում մը, որու երիտասարդ մը չի կրնար տարեց անհատ մը գոհացնելու համար շուտով պատասխանել, մանաւանդ երբ նոյն գաղափարը չունին։

«Որպէս պատասխան անոր հարցուցի. ‘Հայր, երէկ գիշեր լաւ քնացա՞ր’։

«Ան պատասխանեց. ‘Այո, որդիս, բժիշկը քնաբեր դեղեր տալէն ետք՝ քնացայ’։

«‘Երբ կը քնանայիր, դուն քեզ առանձին զգացի՞ր’։

«‘Ոչ, չզգացի։ Կը փափաքիմ որ միշտ քնանամ որպէսզի ցաւ չզգամ’»։

Ապա Մէքմիլլըն իր հօրը կարդաց Յոբայ 14։5, 13–15 եւ Յոբայ 3։17–19, ու ըսաւ. «Կը տեսնե՞ս հայր, մեռելները խոր քունի մէջ են եւ այդ վիճակի մէջ բան մը չեն գիտեր, ուստի ինչպէ՞ս կրնան առանձին զգալ»։

Ի՜նչ ազդու ուսուցում մը։ Եթէ դուք Եհովայի Վկաներէն մէկն էք, մարդոց մտքերուն եւ սրտերուն հասնելու համար կրնաք գործածել սուրբ գրային համարներ եւ օրինակներ։

Օրինակներ Գտնել

Բայց ի՛նչպէս կրնաք ազդեցիկ օրինակներ կամ իրական կեանքէ առնուած փորձառութիւններ գտնել։ Ձեր անձնական փորձառութեան գանձարանէն կրնաք գտնել։ Արդեօք հաւատքին օրհնութիւնները, աղօթքի զօրութիւնը կամ ծառայութեան ուրախութի՞ւնը ցոյց պիտի տաք։ Եթէ նուիրուած Քրիստոնեայ մըն էք, հաւանաբար ձեր կեանքէն շատ մը դէպքեր կրնաք պատմել։ Թերեւս ժողովի ընթացքին կամ ուրիշ Քրիստոնեայ հաւատակիցներէ լաւ փորձառութիւն մը լսեցիք։ Կամ թերեւս Եհովայի Վկաներու Տարեգիրքէն քաջալերական փորձառութիւն մը կարդացիք։ Իրականութեան մէջ, Դիտարանի Հրատարակութիւններու Նիւթերու Ցանկը համայն աշխարհէն փորձառութիւններ կու տայ։

Ինչպէ՞ս կրնաք հաճելի կերպով պատմել փորձառութիւն մը։ Նախ ակնկալութիւն մը արթնցնելով, որպէսզի ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւէք։ Փորձառութիւնը պատմելէ առաջ կրնաք ըսել. «Ռահվիրայ մը սորվեցաւ թէ ի՛նչպէս Եհովա կ’օրհնէ իրեն վստահողներուն»։ Անմիջապէս ձեր ունկնդիրները հարց կու տան թէ ի՛նչ օրհնութիւններ վայելեց Թագաւորութեան լիաժամ քարոզիչը։ Ապա սկսեցէք պատմել։

Ջանացէք փորձառութիւն մը ձեր բառերով պատմել։ Մանրամասնութիւններ տուէք, քանի որ ասիկա պատմութեան կշիռ կու տայ։ Պարագաները յստակօրէն պատկերացնելով, ձեր ունկնդիրները դիւրութեամբ կրնաք կապել։ Բայց զգոյշ եղէք որ այնքան պատմութեան գեղեցկութեամբ հետաքրքրուած չըլլաք որ չհասկնան փորձառութեան միտքը։ Նաեւ խուսափեցէք չափազանցութենէ, քանի որ թէեւ ասիկա պատմութիւն մը կրնայ աւելի հետաքրքրական դարձնել, բայց կը նուազեցնէ ձեր վստահելիութիւնը։ Նոյն պատճառով ալ մի՛ պատմէք բաներ որոնցմէ վստահ չէք, կամ այնպիսի փորձառութիւններ զորոնք չէք կրնար փաստել։

Աստուածաշունչը Կենսունակ Դարձնել

Ամենէն դաստիարակիչ օրինակները Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուին։ Ենթադրենք որ կ’ուզէք Աստուածաշունչի աշակերտի մը կամ ունկնդիրներու ցոյց տալ թէ զաւակները Եհովա Աստուծոյ համար դիրք պէտք է բռնեն։ Կրնաք որոշել անանուն աղջկան պատմութիւնը գործածել, որ Նէեմանի կնկան խօսեցաւ Եհովայի Եղիսէ մարգարէին մասին։ Նախ կարդացէք Դ. Թագաւորաց 5։1–5–ի պատմութիւնը։ Ապա կրնաք հարցնել. «Ըստ ձեզի, որքա՞ն դժուար էր որ այս աղջիկը Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահէր սուտ պաշտամունքի երկրի մը մէջ։ Իր կողմէ քաջութիւն չէ՞ր պահանջուէր, որպէսզի համոզիչ կերպով խօսէր Եհովայի եւ իր մարգարէին մասին»։

Նախապէս փնտռտուքներ ընելը պիտի օգնէ ձեզի որ պատմութիւնը կենդանի դարձնէք։ Դիտարանի Հրատարակութիւններու Նիւթերու Ցանկին մէջ կրնաք օգտակար տեղեկութիւններ գտնել ՆԷԵՄԱՆ, ՍՈՒՐԻԱ եւ ԵՂԻՍԷ ենթագլուխներուն ներքեւ։ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան վերագրութիւններն ալ Դ. Թագաւորացի այս պատմութիւնը կը կապեն Սաղմոս 148։12, 13–ի հետ, ուր կը կարդանք. «Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, վասնզի միայն անոր անունը բարձր է, անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է»։ Ի՜նչ քաջալերութիւն տրուած է որ տղաքը Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ խօսին։—Գործք 4։29–31

Եթէ Քրիստոնեայ ծառայ մըն էք, այս ուղղութեամբ ‘միշտ զգուշացէք ձեր վարդապետութեան’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Միայն պարզապէս ճշմարտութիւնը մի խօսիք, օրինակով բացատրեցէք։ Աստուածաշունչի պատմութիւնները կենսունակ եւ իմաստալից դարձուցէք։ Յարմար փորձառութիւններ եւ օրինակներ գործածեցէք։ Ասոնք սրտի հասնելու կերպեր են։

[Ստորանիշ էջ 22]

a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Նկար՝ էջ 23]

Յիսուսի նման, ներկայ Քրիստոնեայ ծառաները կրնան կենսունակ օրինակներ գործածել իրենց պատգամը հաղորդելու եւ սրտերուն հասնելու համար

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել