Աստուծոյ համբերութիւնը տակաւին որքա՞ն պիտի տեւէ
ԻՄԱՍՏՈՒՆ մարդ մը, շուրջ 3,000 տարիներ առաջ գրեց. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Այս դիտողութիւնը ընելէն ի վեր, իրերը չեն բարելաւուած։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, անհատներ կամ խումբեր, իրարու ետեւէն իշխանութեան տիրացած են, իրենց նմաններուն տիրապետելով եւ զանոնք հարստահարելով։ Իսկ Եհովա Աստուած համբերած է ասոր։
Եհովա համբերած է, մինչ կառավարութիւններ պատերազմի մէջ միլիոնաւորներ մահուան մատնած են եւ տնտեսական մեծ անիրաւութիւններ գործած են։ Ներկայիս, ան տակաւին համբերատար կը գտնուի, մինչ մարդիկ օզոնի խաւը կը փճացնեն եւ մթնոլորտն ու ծովը կ’ապականեն։ Վստահաբար, որքա՜ն զինք կը վշտացնէ տեսնել արգասաբեր երկրին աւերումը եւ անտառներուն ու վայրի կեանքին վայրագ կործանումը։
Աստուած Ինչո՞ւ Այսքան Համբերատար Է
Պարզ օրինակ մը կրնայ օգնել մեզի այս հարցումին պատասխանելու։ Նկատի առէք թէ երբ գործաւոր մը միշտ ուշ կու գայ, ասիկա ի՛նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ գործին վրայ։ Գործատէրը ի՞նչ պէտք է ընէ։ Իրաւունքը կը պահանջէ որ ան անմիջապէս գործաւորը գործէն հանէ։ Բայց ան կրնայ մտաբերել Աստուածաշունչի հետեւեալ առակը. «Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է, իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ»։ (Առակաց 14։29) Ներատեսութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ ան սպասէ, գործի անցնելէ առաջ։ Ան կրնայ որոշել ժամանակ մը ձգել, որպէսզի իր տեղը առնողը մարզուի եւ գործը աւելի եւս չքայքայուի։
Կարեկցութիւնն ալ կրնայ պատճառ ըլլալ որ ան սպասէ։ Թերեւս անտարբեր գործաւորը ազդարարուելով իր ընթացքը սրբագրէ։ Կամ ինչո՞ւ ուղղակի չխօսիլ իրեն հետ եւ տեսնել թէ իր սովորական ուշացումին հարցը լուծելի՞ հարց է, թէ ոչ անբուժելի ունակութիւն մըն է։ Թէեւ գործատէրը կրնայ որոշել համբերատար գտնուիլ, սակայն իր համբերութիւնն ալ սահման մը ունի։ Գործաւորը կա՛մ պէտք է բարելաւուի, կամ վերջապէս գործէն հանուի։ Ատիկա թէ՛ գործին համար լաւ պիտի ըլլայ եւ թէ՝ օրինապահ գործաւորներուն։
Գրեթէ նոյնանման կերպով մը, Եհովա Աստուած համբերատար կը գտնուի չարութեան հանդէպ, որպէսզի կարգ մը հարցերուն արդար լուծում գտնուելու համար ժամանակ տրամադրուի։ Ասկէ զատ, իր համբերութիւնը պատեհութիւն կու տայ յանցագործներուն որ իրենց ընթացքը փոխեն եւ յաւիտենական օգուտներ քաղեն։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ մեզ որ գնահատենք Աստուծոյ համբերութիւնը, ինչպէս ըսուած է. «Մեր Տէրոջը երկայնամտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք»։—Բ. Պետրոս 3։15
Աստուծոյ Համբերութեան Մէկ Օրինակը
Եհովա Աստուած համբերած էր Նոյի օրուան մեծ Ջրհեղեղը գալէն առաջ։ Այդ ժամանակուան աշխարհը բռնութեամբ լեցուն եւ շատ չար էր։ Կը կարդանք. «Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնար ... Տէրը ըսաւ. ‘Երկրի վրայէն պիտի բնաջնջեմ ինչ որ ստեղծեցի’»։ (Ծննդոց 6։5, 7) Այո, այդ ատենուան չարութեան համար, Եհովա վերջնական լուծում մը ունէր իր մտքին մէջ. չար մարդոց բնաջնջումը։ Բայց շուտով գործի չլծուեցաւ. ինչո՞ւ արդեօք։
Քանի որ բոլորն ալ չար չէին։ Նոյ եւ իր ընտանիքը Աստուծոյ աչքին արդար էին։ Ուստի, անոնց սիրոյն, Եհովա համբերութեամբ սպասեց, թոյլ տալով որ քանի մը անհատներ փրկութեան կարգադրութիւններ ընեն։ Այդ երկար սպասումը առիթ տուաւ Նոյի որ «արդարութեան քարոզիչ» մը ըլլայ, այդ չարերուն պատեհութիւն տալով որ իրենց ընթացքը փոխեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան»։—Բ. Պետրոս 2։5. Ա. Պետրոս 3։20
Աստուած Ինչո՛ւ կը Համբերէ Հիմա
Ներկայիս պարագան նոյնն է։ Աշխարհը դարձեալ բռնութեամբ լեցուած է։ Ինչպէս Նոյի օրերուն, Աստուած արդէն դատած է այս աշխարհը, որ ըստ Աստուածաշունչին, ‘կրակի համար պահուած է, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ (Բ. Պետրոս 3։7) Երբ ատիկա պատահի, այլեւս մեր միջավայրը պիտի չաւերուի, տկարը պիտի չհարստահարուի, ոչ ալ ագահը իր ոյժը պիտի եղծանէ։
Բայց Աստուած ինչո՞ւ շատոնց չէ կործանած ամբարիշտները։ Քանի որ լուծուելիք խնդիրներ եւ կարգադրուելիք կարեւոր հարցեր կային։ Արդարեւ, Եհովա չարութեան մնայուն լուծում մը բերելու վրայ է, որ շատ բաներ պիտի բովանդակէ, մէջը ըլլալով արդարամիտ անհատները հիւանդութեան եւ մահուան կապանքներէն ազատագրել։
Այս վերջնական լուծումը իր մտքին մէջ ունենալով, Եհովա ծրագրեց Փրկիչ մը հայթայթել, որպէսզի մեր մեղքերուն համար փրկանք մը մատուցանէ։ Անոր մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Հազարաւոր տարիներու պատրաստութիւն պահանջեց մինչեւ որ Յիսուս գայ եւ իր կեանքը մարդկութեան համար զոհէ։ Այս բոլոր տարիներու ընթացքին, Աստուած սիրալիր կերպով կը համբերէր։ Սակայն, այսպիսի հայթայթումին համար չէ՞ր արժեր սպասել։
Յիսուս մարդկութեան համար փրկանքը հայթայթեց գրեթէ երկու հազար տարիներ առաջ։ Արդ, Աստուած տակաւին ինչո՞ւ կը համբերէ։ Պատճառներէն մէկը այն էր թէ Յիսուսի մահը դաստիարակչութեան աշխատանքի մը ճամբան բացաւ։ Մարդիկ պէտք էր գիտնային այս սիրալիր կարգադրութեան մասին եւ պատեհութիւն ունենային զայն ընդունելու կամ մերժելու։ Ատիկա ժամանակ պիտի առնէր, բայց այդ ժամանակը վատնուած ժամանակ մը պիտի չըլլար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասնզի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։—Բ. Պետրոս 3։9
Կառավարութեան Հարցը
Ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ կար, որ ժամանակ կը պահանջէր։ Մարդկութեան կառավարութեան խնդիրն ալ կարգի դրուելու կարիքը կար։ Սկիզբը, մարդը աստուածային կառավարութեան ներքեւ էր։ Բայց Եդեմի պարտէզին մէջ, մեր առաջին ծնողքը կռնակ դարձուցին անոր։ Անոնք նախընտրեցին Աստուծմէ անկախ ըլլալ եւ իրենք զիրենք կառավարել։ (Ծննդոց 3։1–5) Սակայն մարդը ինքզինք կառավարելու համար չէր ստեղծուած։ Երեմեայ մարգարէն գրեց. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23. Առակաց 20։24
Այսուհանդերձ, կառավարութեան հարցը ծագելէն ի վեր, Եհովա համբերութեամբ ժամանակ թոյլատրած է անոր լուծման։ Արդարեւ, ան առատաձեռնօրէն հազարաւոր տարիներ թոյլ տուած է որ մարդը ամէն ձեւի կառավարութիւններ փորձէ։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Բացայայտ եղած է թէ մարդկային ո՛չ մէկ կառավարութիւն կրցած է հարստահարութիւնը, անհաւասարութիւնը, կամ ապերջանկութեան ուրիշ պատճառները վերցնել։
Արդարեւ, մարդկային պատմութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, ոեւէ մէկը իրապէս կրնա՞յ ըսել թէ Աստուած անիրաւ է, երբ կը ծանուցանէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները վերցնելու եւ անոնց տեղ ի՛ր կառավարութիւնը հաստատելու իր դիտաւորութիւնը։ Վստահաբար ոչ։ Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Աստուածաշունչի հետեւեալ մարգարէութիւնը. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44
Այդ Թագաւորութեան երկնային Թագաւորն է յարուցեալ Յիսուս։ Զինք այդ դիրքին համար պատրաստելը, ինչպէս նաեւ իրեն հետ իշխանակիցներ ըլլալու մարդոց ընտրութիւնը, ժամանակ առած է։ Այդ բոլոր ժամանակի տեւողութեան, Աստուած համբերատար գտնուած է։
Հիմա Օգտուիլ Աստուծոյ Համբերութենէն
Ներկայիս, առնուազն 212 երկիրներու մէջ, միլիոնաւոր անհատներ կ’օգտուին Աստուծոյ համբերութենէն։ Անոնք նոյն ցանկութիւնը ունին. Աստուծոյ հնազանդիլ եւ իր երկնային կառավարութեան ծառայել։ Երբ անոնք միասնաբար կը հաւաքուին իրենց Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ, կը սորվին թէ որքան աւելի լաւ է Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրառել իրենց կեանքերուն մէջ։ Անոնք այս աշխարհի պառակտուած քաղաքականութեան չեն մասնակցիր, թէեւ մարդկային կառավարութիւններուն կ’ենթարկուին, այնքան ատեն որ Աստուած համբերութեամբ կը թոյլատրէ անոնց գործունէութիւնը։—Մատթէոս 22։21. Հռովմայեցիս 13։1–5
Այսքան մեծ թիւով անհատներու համագործակցութիւնը Եհովան կը ջատագովէ որպէս Մէկը որ կրնայ համակեցութիւն պատճառել, ազատ կամքի տէր անհատներու միջեւ, որոնք կը սորվին զինք սիրել եւ կ’ուզեն իրեն ծառայել։ Անկասկած հանդիպած էք անոնց որոնք Յիսուսի սկսած գործը կը շարունակեն, այսինքն, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը հռչակեն։ Յիսուս նախագուշակեց որ այս գործը գագաթնակէտի մը պիտի հասնէր, երբ ըսաւ. «Թագաւորութեան [այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14
Ա՛լ Շուտ Է
Բացայայտ ապացոյցներ կը փաստեն թէ երկրին ամբողջական իշխանութիւնը ձեռք առնելու Աստուծոյ արդար կառավարութեան կարգադրութիւնները գրեթէ ամբողջացած են։ Մարդկային կառավարութիւններուն ահաւոր ձախողութեան արդիւնքները նկարագրելէ ետք՝ զորս տեսած ենք մեր այս դարուն մէջ՝ Յիսուս ըսաւ. «Երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։—Ղուկաս 21։10, 11, 31
Շուտով Աստուած չարերը պիտի բնաջնջէ երկրէն։ Սաղմոսերգուին այս խօսքերը բառացի կատարում մը պիտի ունենան. «Չարագործները պիտի կորսուին ... Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես»։ (Սաղմոս 37։9, 10) Կրնա՞ք երեւակայել աշխարհ մը առանց ամբարշտութեան։ Ո՞վ պիտի կառավարէ զայն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ահա թագաւոր մը [երկնքի մէջ գահակալուած Յիսուս Քրիստոս] արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները [երկրի վրայ նշանակած իր հաւատարիմները] իրաւունքով պիտի իշխեն։ Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։ Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ ու ապահով վրաններու մէջ եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի»։—Եսայեայ 32։1, 17, 18
Այս կերպով, Աստուծոյ երկնային կառավարութիւնը պիտի չեզոքացնէ մարդուն սխալներուն գէշ հետեւանքները եւ Իրեն յուսացողները պիտի կազմակերպէ որպէս ներդաշնակ մարդկային ընկերութիւն մը։ Այս ներդաշնակութիւնը նկարագրելով, Աստոուածաշունչը կ’ըսէ. «Գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։ ... Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։6–9
Ի՜նչ հոյակապ եղած է Աստուծոյ համբերութեան արդիւնքը։ Հետեւաբար, փոխանակ գանգատելու թէ Աստուած շատ երկար սպասած է, իր համբերութենէն օգտուեցէք, իր Թագաւորութեան ենթարկուելով։ Աստուածաշունչէն սորվեցէք իր չափանիշները եւ անոնց համակերպեցէք։ Ընկերակցեցէք անոնց հետ, որոնք միասնակամօրէն կ’ենթարկուին իրեն։ Այդ ատեն, Աստուծոյ համբերութիւնը յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ ձեզի։