Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 3/1 էջ 21-25
  • ‘Տեսուչը պէտք է ... ըլլայ... ժուժկալ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Տեսուչը պէտք է ... ըլլայ... ժուժկալ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Երէցներէն Պահանջուած Է Ժուժկալ Ըլլալ
  • Ուրիշներու Հետ Իր Վերաբերմունքը
  • Ժուժկալութիւն՝ Երէցներու ժողովներուն եւ Դատական Նիստերուն
  • Ժուժկալութիւն՝ Հակառակ Սեռի Պատկանողներու Հետ
  • Ուրիշ Մարզերու մէջ ալ Ժուժկալութիւն
  • Ժուժկալութեան պտուղը մշակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ժուժկալութիւն—Ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Մրցանակը շահելու համար՝ ժուժկալութիւն գործադրեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Ձեր գիտութեան վրայ ժուժկալութիւն աւելցուցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 3/1 էջ 21-25

‘Տեսուչը պէտք է ... ըլլայ... ժուժկալ’

«Եպիսկոպոսը [տեսուչը (ՆԱ)] պէտք է ... ըլլայ ... ժուժկալ»։—ՏԻՏՈՍ 1։7, 8

1, 2. Օրանժի Ուիլիըմ սանձահարումի ի՞նչ օրինակ հայթայթեց, եւ ի՞նչ օգտակարութեամբ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ մեզի կը հայթայթէ յուզումներու սանձահարումի ամենէն ուշագրաւ օրինակ մը։ Տասնըվեցերորդ դարուն կիսուն, Հոլանտացի իշխան՝ Օրանժի Ուիլիըմ Ֆրանսայի Հանրի Բ.–ի հետ որսորդութեան ելած էր։ Թագաւորը Ուիլիըմին յայտնեց Ֆրանսայէն եւ Հոլանտայէն, իրականութեան մէջ, ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհէն բոլոր Բողոքականները բնաջնջելու իր եւ Սպանիոյ թագաւորին ծրագիրը։ Հանրի Թագաւորը այդ տպաւորութիւնը ունէր թէ երիտասարդ Ուիլիըմ իրեն նման թունդ Կաթողիկէ մըն էր, հետեւաբար անոր յայտնեց իր դաւադրութեան բոլոր մանրամասնութիւնները։ Ուիլիըմ իր լսած բաներէն չափազանց սարսափեցաւ, քանի որ իր մտերիմ բարեկամներէն շատերը Բողոքականներ էին, բայց ան իր զգացումները չմատնեց. ընդհակառակը, մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ թագաւորին տուած բոլոր մանրամասնութիւններուն։

2 Սակայն, անմիջապէս որ կարելի եղաւ, Ուիլիըմ այս դաւադրութիւնը ի դերեւ հանելու համար ծրագիրներ գործի դրաւ եւ վերջապէս ասիկա նպաստեց որ Հոլանտան Սպանիոյ Կաթողիկէ տիրապետութեան տակ գալէ ազատուի։ Քանի որ Ուիլիըմ դաւադրութեան մասին լսած ժամանակ կրցաւ ժուժկալութիւն ի գործ դնել, ան ճանչցուեցաւ որպէս «Լռակեաց Ուիլիըմ»։ Օրանժի Ուիլիըմ այնքան յաջողակ եղաւ որ ըսուած է. «Ան Հոլանտական հանրապետութեան անկախութեան եւ մեծութեան իսկական հիմնադիրն էր»։

3. Որո՞նք կ’օգտուին երբ Քրիստոնեայ երէցներ ժուժկալութիւն գործադրեն։

3 Իր սանձահարումին պատճառաւ, Լռակեաց Ուիլիըմ մեծապէս օգտակար եղաւ թէ՛ իր անձին եւ թէ իր ժողովուրդին։ Նոյն գծով, ներկայիս Քրիստոնեայ երէցները կամ տեսուչներն ալ սուրբ հոգիին պտուղը եղող ժուժկալութիւն պէտք է ցուցաբերեն։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս յատկութիւնը գործադրելով, թէ՛ իրենք եւ թէ ժողովքը կ’օգտուին։ Իսկ միւս կողմէն, երբ անոնք թերանան ժուժկալութիւն գործադրելու մէջ, անհամար վնասներ կրնան հասցնել։

Երէցներէն Պահանջուած Է Ժուժկալ Ըլլալ

4. Պօղոս առաքեալի ո՞ր խրատը կը շեշտէ երէցներուն ժուժկալութիւն գործադրելուն կարեւորութիւնը։

4 Պօղոս, ինքն ալ երէց մը ըլլալով, ժուժկալութեան կարեւորութիւնը կը գնահատէր։ Երբ Եփեսոսէն զինք տեսնելու եկած երէցներուն կը խրատէր, ան անոնց ըսաւ. «Զուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար»։ Իրենց անձերուն ուշադրութիւն ընելը, ի միջի այլոց, կը պահանջէր ժուժկալութիւն ի գործ դնել, իրենց վարքին հսկել։ Տիմոթէոսի գրելով, Պօղոս նոյն կէտը շեշտեց, ըսելով. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ»։ Այսպիսի խրատներ ցոյց կու տային թէ Պօղոս գիտակից էր որ անոնցմէ ոմանք կրնային մարդկային հակումը ունենալ աւելի քարոզելով քան թէ իրենց քարոզածը գործադրելով հետաքրքրուելու։ Հետեւաբար, ան նախ իրենց անձերուն հսկելու կարեւորութիւնը շեշտեց։—Գործք 20։28. Ա. Տիմոթէոս 4։16

5. Քրիստոնեայ երէցները ինչպէ՞ս կը նշանակուին, եւ Աստուածաշունչին մէջ ո՞ւր յիշուած են անոնց որակումները։

5 Տարիներու ընթացքին, երէցներուն սուրբ գրային դերը աստիճանաբար աւելի յստակացաւ։ Ներկայիս, կ’ըմբռնենք որ երիցութիւնը նշանակումով կը կատարուի։ Երէցները կը նշանակուին Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին, կամ անոր ուղղակի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Այդ մարմինը, իր կարգին, կը ներկայացնէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ (Մատթէոս 24։45–47) Քրիստոնեայ տեսուչ մը կամ երէց մը ըլլալու որակումները տրուած են գլխաւորաբար Պօղոս առաքեալին կողմէ, Ա. Տիմոթէոս 3։1–7–ի եւ Տիտոս 1։5–9–ի մէջ։

6, 7. Երէցներուն ո՞ր մասնայատուկ որակումները ժուժկալութիւն կը պահանջեն։

6 Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3–ի մէջ, Պօղոս կը նշէ թէ տեսուչ մը զգաստ պէտք է ըլլայ։ Ասիկա եւ կարգապահ ըլլալու կարիքը երէցէ մը ժուժկալութիւն գործադրել կը պահանջեն։ Տեսուչ ըլլալու որակելի եղող մարդ մը զարնող կամ կռուազան չէ։ Այս որակումներն ալ կը պահանջեն որ երէց մը ժուժկալ ըլլայ։ Ասկէ զատ, քիչ մը գլուխը բռնած ըլլալով կռիւ հանող կամ գինեմոլ չըլլալու համար, երէց մը ժուժկալութիւն պէտք է գործադրէ։—Տես Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3, Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի վերստուգեալ Թարգմանութեան լուսանցքի բացատրութիւնը։

7 Տիտոս 1։7–ի մէջ, Պօղոս մասնայատուկ յիշեցում մը կ’ընէ թէ տեսուչ մը ժուժկալ պէտք է ըլլայ։ Սակայն նկատի առէք թէ այս համարներուն մէջ տրուած քանի պահանջները ժուժկալութեան հետ կապ ունին։ Օրինակի համար, տեսուչ մը անդատապարտելի, այո, անմեղադրելի պէտք է ըլլայ։ Վստահաբար, երէց մը պիտի չկարենար այս պահանջներուն գոհացում տալ առանց ժուժկալութիւն ի գործ դնելու։

Ուրիշներու Հետ Իր Վերաբերմունքը

8. Խրատ տալու մէջ, երէցներուն ո՞ր յատկութիւնները ժուժկալութեան կարիքը կը շեշտեն։

8 Դարձեալ, տեսուչ մը համբերատար եւ երկայնամիտ պէտք է ըլլայ հաւատակիցներու հետ իր վերաբերմունքին մէջ եւ ասիկա ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Գաղատացիս 6։1–ի մէջ կը կարդանք. «Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք [գլխաւորաբար երէցները], այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս»։ Հեզութեան հոգի մը ցուցաբերելը ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Այդ հարցին մէջ, ժուժկալութիւնը կը պահանջէ որ երէց մը իր անձին ալ զգուշութիւն ընէ։ Նմանապէս, երբ երէց մը նեղութեան մէջ եղողի մը կողմէ օգնութեան համար կը կանչուի, այդ պարագային ժուժկալութիւնը շատ կարեւոր է։ Երէցը ի՛նչ ալ մտածէ անհատին մասին, անոր հանդէպ քաղցրութիւն, համբերութիւն եւ հասկացողութիւն պէտք է ունենայ։ Փոխանակ արագօրէն խրատ տալու, ան յօժարութեամբ մտիկ պէտք է ընէ եւ անհատէն հասկնայ թէ իրապէս ի՛նչ բան զինք կը նեղէ։

9. Երէցները ո՞ր խրատը ի մտի պէտք է ունենան, երբ խորապէս մտահոգուած եղբայրներու հետ գործ ունենան։

9 Մանաւանդ երբ անոնք գործ ունենան խորապէս մտահոգուած անհատներու հետ, Յակոբու 1։19–ի խրատը տեղին է. «Իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ Այո, մանաւանդ երբ բարկութեան կամ գրգռիչ հակազդեցութիւններու հանդիպի, երէց մը ուշադիր պէտք է ըլլայ որ նոյն կերպով չպատասխանէ։ Երբ իր զգացումները վիրաւորուին, ժուժկալութիւն կը պահանջուի որ նոյնպէս չփոխադարձէ, ‘չարութեան փոխարէն չարութիւն չհատուցանէ’։ (Հռովմայեցիս 12։17) Այսպէս ընդառաջելը գէշ հարցերը աւելի վատ կը դարձնէ։ Ուստի, նաեւ հոս Աստուծոյ Խօսքը լաւ խրատ կու տայ երէցներուն, անոնց յիշեցնելով որ «մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ»։—Առակաց 15։1

Ժուժկալութիւն՝ Երէցներու ժողովներուն եւ Դատական Նիստերուն

10, 11. Երէցներու ժողովներուն ի՞նչ բաներ տեղի ունեցած են, ցոյց տալով այսպիսի պարագաներու մէջ ժուժկալութիւն գործադրելու կարիքը։

10 Ուրիշ մարզ մը, որու մէջ Քրիստոնեայ տեսուչները ժուժկալութիւն գործադրելու մէջ ուշադիր ըլլալու կարիքը ունին, երէցներու ժողովներուն է։ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան շահերուն համար հանդարտութեամբ խօսիլը երբեմն շատ մեծ ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Խօսակցութեան մը տիրապետելէ խուսափիլն ալ ժուժկալութիւն կը պահանջէ։ Եթէ երէց մը այսպիսի հակում մը ունի, ուրիշ երէցի մը կողմէ ազնուութիւն պիտի ըլլար զինք խրատել այս ուղղութեամբ։—Բաղդատել Գ. Յովհաննու 9։

11 Դարձեալ երէցներու ժողովին, իր տեսակէտով չափազանց համոզուած երէց մը կրնայ զգացումներէ տարուիլ, նոյնիսկ իր ձայնը բարձրացնել։ Այսպիսի վարք մը որքա՜ն ժուժկալութեան պակաս կը յայտնէ։ Ասիկա կրկնակի վնաս մըն է իրեն համար։ Նախ, անհատ մը որքան կորսնցնէ իր ժուժկալութիւնը, այդքան կը տկարացնէ իր կողմը, թոյլ տալով որ զգացումները մթագնեն տրամաբանութիւնը։ Իսկ միւս կողմէն, անհատ մը որքան գրգռուի, ան իր երէց ընկերակիցները կ’անհանգստացնէ, կամ նոյնիսկ անոնց հակակրանքը կը շահի։ Ասկէ զատ, եթէ երէցները զգոյշ չըլլան, կարծիքներու սուր տարբերութիւն մը կրնայ բաժանումներ յառաջացնել երէցներու մարմինին մէջ։ Ասիկա ի վնաս իրենց եւ ի վնաս ժողովքին կ’ըլլայ։—Բաղդատել Գործք 15։36–40։

12. Ինչպի՞սի պարագաներ ձեռք առնելու ատեն երէցները ուշադիր պէտք է ըլլան ժուժկալութիւն գործադրելու։

12 Երէցները նաեւ շատ մեծ ժուժկալութեան կարիքը ունին կողմնակալ ըլլալէ եւ իրենց հեղինակութիւնը չարաչար գործածելէ խուսափելու համար։ Շա՜տ դիւրին է փորձութեան տեղի տալ, թոյլ տալով որ անկատար մարդուն տեսակէտները ազդեն իր խօսքերուն եւ արարքներուն։ Շատ անգամ, երէցներ վճռական քայլ չեն առած երբ իրենց զաւակներէն մէկը, կամ ուրիշ ազգական մը սխալ վարք ունեցած է։ Այսպիսի պարագաներու, ժուժկալութիւն կը պահանջուի որպէսզի արեան կապերը արգելք չհանդիսանան արդար դատողութեան։—Բ. Օրինաց 10։17

13. Ինչո՞ւ մասնաւորաբար ժուժկալութեան կարիքը կայ դատական նիստերուն։

13 Ուրիշ պարագայ մը, ուր ժուժկալութիւնը շատ կարեւոր է, անիկա ալ դատական նիստերուն է։ Երէցները մեծ ժուժկալութիւն պէտք է գործադրեն որպէսզի անտեղի զգացումներով չազդուին։ Անոնք արցունքներ տեսնելով դիւրութեամբ պէտք չէ տարուին։ Միեւնոյն ատեն, երէց մը ուշադիր պէտք է ըլլայ որ իր հանդարտութիւնը չկորսնցնէ, երբ դատապարտուի եւ զրպարտուի, զոր օրինակ, երբ հաւատուրացներու հետ գործ ունենայ։ Հոս Պօղոսի խօսքերը շատ տեղին են. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամէնուն»։ Ժուժկալութիւն կը պահանջուի ճնշումի ներքեւ հեզահոգի ըլլալու համար։ Պօղոս կը շարունակէ ըսել թէ «Տէրոջը ծառան» պէտք չէ ‘ոխ պահէ, այլ քացրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները’։ Հեզութիւն ցուցաբերելը եւ հակառակութեան դիմաց ոխ չպահելը մեծ ժուժկալութիւն կը պահանջեն։—Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25

Ժուժկալութիւն՝ Հակառակ Սեռի Պատկանողներու Հետ

14. Երէցները ո՞ր գեղեցիկ խրատին ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն, երբ հակառակ սեռի պատկանողներու հետ գործ ունենան։

14 Երէցները մասնաւորաբար արթուն պէտք է ըլլան ժուժկալութիւն գործադրելու երբ հակառակ սեռի պատկանողներու հետ գործ ունենան։ Յանձնարարելի չէ որ երէց մը հովուական այցելութիւն մը ընէ առանձին քրոջ մը։ Անոր հետ պէտք է ընկերակցի ուրիշ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը։ Հաւանաբար այս հարցը նկատի ունենալով էր որ Պօղոս երէց Տիմոթէոսին խրատեց. «Պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս [նկատէ] ամէն կերպ մաքրութիւնով»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2) Տեսնուած է որ երէցներ իրենց ձեռքը քրոջ մը վրայ կը դնեն որպէս հայրական շարժուձեւ մը։ Բայց անոնք իրենք զիրենք կը խաբեն, քանի որ փոխանակ Քրիստոնէական մաքուր եղբայրական սիրոյն, այդ շարժուձեւը կրնայ զգացական մղումներ յառաջացնել։—Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 7։1։

15. Դէպք մը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ երբ երէց մը ժուժկալութիւն չգործադրէ, կրնայ նախատինք բերել Եհովայի անուան։

15 Որքա՜ն վնասներ հասած են ճշմարտութեան, քանի որ երէցներ ժողովքին մէջ քոյրերու հետ իրենց շփման մէջ ժուժկալութիւն ի գործ չեն դրած։ Քանի մը տարիներ առաջ, երէց մը վտարուեցաւ, քանի որ քրոջ մը հետ շնութիւն ըրած էր, որու ամուսինը Վկայ մը չէր։ Այդ նախկին երէցին վտարումը յայտարարուած իրիկունը, վշտացած ամուսինը Թագաւորութեան Սրահ խուժեց հրացանով մը եւ երկու յանցաւորներուն վրայ կրակեց։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը սպաննուեցաւ եւ հրացանը անմիջապէս ձեռքէն առնուեցաւ, բայց յաջորդ օրը մեծ տպաքանակով թերթի մը առաջին էջը դրած էր հետեւեալ լուրը՝ ‘եկեղեցիի մը մէջ հրացանաձգութիւն’։ Այդ երէցին ժուժկալութեան պակասը ի՜նչ նախատինք բերաւ ժողովքին եւ Եհովայի անուան վրայ։

Ուրիշ Մարզերու մէջ ալ Ժուժկալութիւն

16. Ինչո՞ւ երէցները ուշադիր պէտք է ըլլան ժուժկալութիւն գործադրելու, երբ հանրային դասախօսութիւն կու տան։

16 Դարձեալ շատ ժուժկալութիւն կը պահանջուի երբ երէց մը հանրային դասախօսութիւն մը կու տայ։ Հանրային դասախօս մը վստահութեան ու հաւասարակշռութեան տիպար մը պէտք է ըլլայ։ Ոմանք կը փորձեն ունկնդիրները զբօսցնել, զանոնք խնդացնելու համար զուարճախօս ակնարկներ ընելով։ Ասիկա իրենց ունկնդիրներուն հաճելի ըլլալու փորձութիւնը կը մատնէ։ Անշուշտ, որեւէ փորձութեան տեղի տալը ժուժկալութեան պակաս մըն է։ Կրնանք նոյնիսկ ըսել որ դասախօսութիւն տալու ատեն յատկացուած ժամանակէն անդին անցնիլն ալ ժուժկալութեան պակասի եւ անբաւարար պատրաստութեան նշան է։

17, 18. Երէց մը իր տարբեր պատասխանատուութիւնները հաւասարակշռելու մէջ, ժուժկալութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

17 Ծանր աշխատող իւրաքանչիւր երէց իր ժամանակը եւ ոյժը պահանջող տարբեր մարզերու մէջ հաւասարակշիռ ըլլալու հարկաւորութիւնը ունի։ Ժուժկալութիւն կը պահանջուի որ ան մէկ ծայրայեղութենէն միւս ծարայեղութեան չերթայ։ Կարգ մը երէցներ այդքա՛ն կը հետաքրքրուին ժողովքի կարիքներով, որ կ’անտեսեն իրենց ընտանիքը։ Ուստի, երբ քոյր մը երէցի մը կնկան ըսաւ թէ իր ամուսինը հովուական շատ լաւ այցելութիւն մը ըրած էր իրեն, երէցին կինը բացականչեց. «Շատ կը փափաքիմ որ երբեմն ինծի ալ հովուական այցելութիւն մը ընէ»։—Ա. Տիմոթէոս 3։2, 4, 5

18 Երէց մը ժուժկալութեան կարիքը ունի նաեւ անձնական ուսումնասիրութեան եւ դաշտի ծառայութեան, կամ հովուական այցելութիւններու միջեւ իր տրամադրած ժամանակը հաւասարակշռելու մէջ։ Մարդկային սիրտը խաբէական ըլլալով, շատ դիւրին է որ երէց մը աւելի շատ ժամանակ տրամադրէ իրեն հաճելի եղող բաներուն։ Եթէ ան գիրքերը կը սիրէ, ան թերեւս բնականէն աւելի ժամանակ տրամադրէ անձնական ուսումնասիրութեան։ Եթէ տունէ տուն ծառայութիւնը քիչ մը դժուար կը գտնէ, ան թերեւս ինքզինք արդարացնէ անոր փոխան հովուական այցելութիւններ ընելով։

19. Երէցները ի՞նչ ստիպողականութիւն ունին, որ կ’ընդգծէ ժուժկալութեան կարիքը։

19 Գաղտնապահ ըլլալու ստիպողականութիւնն ալ կը պահանջէ որ երէց մը ծայր աստիճան ժուժկալ ըլլայ։ Հետեւեալ խրատը տեղին է. «Գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ»։ (Առակաց 25։9) Փորձառաբար կրնանք ըսել որ ասիկա թերեւս ամենէն շատ բեկանուած պահանջներէն մէկն է երէցներուն մէջ։ Եթէ երէց մը իմաստուն եւ սիրալիր կին մը ունի, որու հետ շատ լաւ կը հաղորդակցի, թերեւս հակումը ունենայ անոր հետ գաղտնի բնոյթ ունեցող նիւթի մը մասին խօսիլ, կամ պարզապէս յիշել զայն։ Սակայն, ասիկա անպատշաճութիւն եւ շատ անմտութիւն է։ Նախ անիկա իր վրայ դրուած վստահութեան կը դաւաճանէ։ Հոգեւոր եղբայրներ եւ քոյրեր երէցի մը կու գան եւ անոր կը յայտնեն խնդիր մը, քանի որ վստահութիւն ունին որ հարցը շատ գաղտնի պիտի պահուի։ Երէցի մը կողմէ սխալ, անմտութիւն եւ անսիրալիր է գաղտնի հարցեր իր կնոջ յայտնել, քանի որ իր կնոջ վրայ անհարկի բեռներ կը դնէ։—Առակաց 10։19. 11։13

20. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ երէցները ժուժկալութիւն գործադրեն։

20 Կասկած չկայ որ ժուժկալութիւնը շա՜տ կարեւոր է, մանաւանդ երէցներուն համար։ Քանի որ Եհովայի ժողովուրդին մէջ անոնց վստահուած է առաջնորդութիւնը առնելու առանձնաշնորհումը, անոնք շատ աւելի համարատու են։ Քանի որ անոնց շատ տրուած է, շատ պիտի պահանջուի։ (Ղուկաս 12։48. 16։10. բաղդատել Յակոբու 3։1։) Երէցներուն առանձնաշնորհումը եւ պարտականութիւնն է ուրիշներուն լաւ օրինակ հանդիսանալ։ Ասկէ աւելին, նշանակուած երէցները ուրիշներէն աւելի բարիք կամ չարիք կրնան ընել եւ յաճախ ասիկա կախեալ է իրենց ժուժկալութենէն։ Զարամանալի չէ որ Պօղոս ըսաւ. «Եպիսկոպոսը [տեսուչը (ՆԱ)] պէտք է ... ըլլայ ... ժուժկալ»։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Սուրբ գրային ո՞ր պահանջները ցոյց կու տան որ երէցները ժուժկալութիւն ի գործ պէտք է դնեն։

◻ Երէցները ինչո՞ւ ժուժկալութեան կարիքը ունին երբ իրենց հաւատակիցներուն հետ գործ ունենան։

◻ Երէցներու ժողովներուն ինչպէ՞ս ժուժկալութիւն պէտք է գործադրուի։

◻ Գաղտնապահութեան կարիքին ի տես, երէցները ո՞ր դժուարութիւնը կրնան թերեւս ունենալ։

[Նկար՝ էջ 22]

Երէցներու ժողովներուն ժուժկալութիւն ցուցաբերելը կենսական է

[Նկար՝ էջ 25]

Քրիստոնեայ երէցները ժուժկալութիւն պէտք է գործադրեն եւ գաղտնապահ ըլլան

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել