Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 4/1 էջ 29-31
  • Ինչպէ՞ս կրնանք հատուցանել Եհովայի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք հատուցանել Եհովայի
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կարելի՞ Է Հատուցանել
  • Տասանորդ Պէ՞տք Է Տրուի
  • Տասանորդ Տալը՝ Օրէնքին Ներքեւ
  • Քրիստոնեաները Տասանորդ Պէ՞տք է Տան
  • Եհովան Պատուենք Մեր Արժէքաւոր Բաներով
  • ԱՆՈՆՔ Կ’ԸՆԵՆ Ի՛ՆՉ ՈՐ ԿՐՆԱՆ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տասանորդ տալու մասին
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Եհովայի վկաները տասանորդ կու տա՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 4/1 էջ 29-31

Ինչպէ՞ս կրնանք հատուցանել Եհովայի

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ տալու մէջ լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ Ան ամբողջ մարդկութեան «կեանք ու շունչ եւ ամէն բան» պարգեւեց։ (Գործք 17։25) Աստուած իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ ամբարիշտներուն եւ թէ արդարներուն վրայ։ (Մատթէոս 5։45) Արդարեւ, ‘Եհովա երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնվ մեր սրտերը կը լեցնէ’։ (Գործք 14։15–17) Այո, «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ»։—Յակոբու 1։17

Նիւթական բոլոր պարգեւներէն զատ, Աստուած հոգեւոր լոյս եւ ճշմարտութիւն կը սփռէ։ (Սաղմոս 43։3) Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ճոխ օրհնութիւններ կը ստանան հոգեւոր կերակուրով զոր ան կը մատակարարէ ատենին «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։ (Մատթէոս 24։45–47) Կրնանք օգտուիլ Աստուծոյ ըրած հոգեւոր հայթայթումներէն, քանի որ ան կարելի դարձուցած է որ մեղաւոր եւ մահկանացու անհատներ իրեն հետ հաշտուին։ Ինչպէ՞ս։ Իր Որդւոյն, Յիսուս Քրիստոսի մահուամբ, որ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տուաւ։ (Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 5։8–12) Եհովայի՝ սիրազեղ Աստուծոյ՝ կողմէ տրուած ի՜նչ սիրալիր պարգեւ մը։—Յովհաննու 3։16

Կարելի՞ Է Հատուցանել

Փրկանքը հայթայթուելէն դարեր առաջ, սաղմոսերգու մը այդքա՛ն խոր կերպով կը գնահատէր աստուածատուր ողորմութիւնը, ազատագրութիւնը եւ օգնութիւնը, որ ներշնչմամբ ըսաւ. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։ Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ»։—Սաղմոս 116։12–14

Եթէ ամբողջ սրտով նուիրուած ենք Եհովայի, հաւատքով իր անունը կը կանչենք եւ իրեն ըրած մեր ուխտերը կը կատարենք։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, մենք կրնանք Աստուած օրհնել ամէն ատեն իր մասին լաւ խօսելով եւ իր Թագաւորութեան պատգամը յայտարարելով։ (Սաղմոս 145։1, 2, 10–13. Մատթէոս 24։14) Սակայն չենք կրնար հարստացնել Եհովան որու կը պատկանի ամէն բան, ոչ ալ կրնանք մեզի ըրած իր բոլոր բարիքներուն համար իրեն հատուցանել։—Ա. Մնացորդաց 29։14–17

Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար նուիրատուութիւններ ընելը Եհովայի հատուցանելու կամ զինք հարստացնելու միջոց մը չէ։ Այսուհանդերձ, այսպիսի նուիրատուութիւններ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը արտայայտելու պատեհութիւններ են։ Ոչ անձնասէր մղումի, կամ հանրային ծանուցումի, ոչ ալ գովեստի համար, այլ՝ առատաձեռն հոգիով եւ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար տրուած նուիրատուութիւնները տուողին ուրախութիւն եւ Եհովայի օրհնութիւնը կը պարգեւեն։ (Մատթէոս 6։1–4. Գործք 20։35) Անհատ մը կրնայ տալու մէջ իր մասնակցութիւնը բերել եւ անկէ առթած ուրախութիւնը վայելել, իր նիւթականէն կանոնաւորաբար մաս մը յատկացնելով ճշմարիտ պաշտամունքին եւ արժանի եղողներուն թիկունք կանգնելու համար։ (Ա. Կորնթացիս 16։1, 2) Ասիկա տասանորդ տալո՞վ պէտք է ըլլայ։

Տասանորդ Պէ՞տք Է Տրուի

Եհովա Մաղաքեայ մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէսզի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք ... թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։—Մաղաքեայ 3։10

Տասանորդը բանի մը մէկ տասներորդ մասն է։ Անիկա որպէս հարկ տրուած կամ վճարուած բանի մը 10 առ հարիւրն է։ Մասնաւորաբար կրօնական նպատակներու համար տասանորդ կը վճարուի։ Ասիկա կը նշանակէ պաշտամունք մը յառաջ տանելու համար եկամուտին մէկ տասանորդը տալ։

Երբ Աբրահամ (Աբրամ) նահապետ Քոդողագոմորի ու անոր դաշնակիցներուն վրայ յաղթանակ տարաւ, իր բերած աւարին տասանորդը տուաւ Սաղէմի թագաւոր–քահանայ Մելքիսեդեկին։ (Ծննդոց 14։18–20. Եբրայեցիս 7։4–10) Հետագային, Յակոբ ուխտ ըրաւ իր ունեցածին մէկ տասանորդը Աստուծոյ տալու։ (Ծննդոց 28։20–22) Իւրաքանչիւր պարագային ալ, տասանորդ տալը սիրայօժար էր, քանի որ օրէնք մը չկար որ այդ նախկին Եբրայեցիները ստիպուէին տասանորդներ տալ։

Տասանորդ Տալը՝ Օրէնքին Ներքեւ

Որպէս Եհովայի ժողովուրդը, Իսրայելացիները տասանորդ տալու օրէնքներ ստացան։ Երեւութապէս ասոնք իրենց տարեկան եկամուտին երկու տասանորդը կը պարփակէին, թէեւ կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին թէ տարեկան մէկ տասանորդ կը վճարուէր։ Շաբաթ տարուան ընթացքին, տասանորդ չէր վճարուեր, քանի որ այդ տարին եկամուտ մը չունէին։ (Ղեւտացւոց 25։1–12) Երախայրիները Աստուծոյ մատուցանելէն զատ, տասանորդները կը տրուէին։—Ելից 23։19

Երկրի բերքին, պտղաբեր ծառերուն, արջառներուն եւ հօտերուն մէկ տասանորդը սրբարանի համար կ’առնուէր եւ Ղեւտացիներուն կը տրուէր, որոնք երկրին մէջ ժառանգութիւն չէին ստացած։ Իրենց կարգին, Ղեւտացիները իրենց ստացած բաներուն մէկ տասանորդը կու տային Ահարոնական քահանայութեան թիկունք կանգնելու համար։ Ակներեւաբար, տասանորդը տալէն առաջ, հացահատիկը կը կամնէին, խաղողը՝ գինիի եւ ձթապտուղը՝ ձթաիւղի կը վերածէին։ Եթէ Իսրայելացի մը բերքին փոխարէն ուզէր դրամ տալ, կրնար ընել ասիկա, պայմանաւ որ անոր արժէքին մէկ հինգերորդը աւելցնէր։—Ղեւտացւոց 27։30–33. Թուոց 18։21–30

Այնպէս կը թուի որ ուրիշ տասանորդ մըն ալ կը յատկացուէր։ Սովորաբար, ասիկա կը գործածուէր ընտանիքի մը կողմէ, երբ մարդիկ տօներու առթիւ կը հաւաքուէին։ Բայց ի՞նչ կրնային ընել եթէ այս տասանորդը տանելու համար մինչեւ Երուսաղէմ հեռաւորութիւնը շատ երկար ըլլալով, անյարմար ըլլար զայն տանիլ։ Այդ պարագային, հացահատիկը, նոր գինին, ձթաիւղը եւ անասունները կը ծախէին եւ անոնց դրամը դիւրութեամբ կը տանէին։ (Բ. Օրինաց 12։4–18. 14։22–27) Եօթնամեայ շաբաթական շրջանին ամէն երրորդ եւ վեցերորդ տարուան վերջաւորութեան, տասանորդը կը յատկացուէր Ղեւտացիներուն, պանդուխտներուն, որբեւարիներուն եւ որբերուն համար։—Բ. Օրինաց 14։28, 29. 26։12

Օրէնքին ներքեւ, տասանորդ տալու մէջ թերացողին պատիժ մը չէր սահմանուած։ Այլ, Եհովան ժողովուրդը բարոյական մեծ պարտաւորութեան ներքեւ կը դնէր տասանորդը վճարելու մէջ։ Երբեմն, անոնք իր առջեւ պէտք էր յայտարարէին որ տասանորդը լիովին վճարած էին։ (Բ. Օրինաց 26։13–15) Եթէ տասանորդէն որեւէ բան պահուէր, անիկա կը նկատուէր որպէս Աստուծմէ գողցուած բան մը։—Մաղաքեայ 3։7–9

Տասանորդի կարգադրութիւնը բեռ մը չէր։ Իրականութեան մէջ, երբ այս օրէնքները կը պահէին, Իսրայելացիները աւելի կը բարգաւաճէին։ Տասանորդը մաքուր պաշտամունքը կը յառաջացնէր, զայն վճարելու համար նիւթական հայթայթման վրայ առանց անտեղի շեշտ դնելու։ Հետեւաբար, տասանորդի կարգադրութիւնը Իսրայէլի մէջ բոլորին բարիքին կը ծառայէր։ Արդ, Քրիստոնեաներն ալ տասանորդ պէ՞տք է տան։

Քրիստոնեաները Տասանորդ Պէ՞տք է Տան

Ժամանակ մը, տասանորդ տալը սովորական բան մըն էր Քրիստոնեայ Աշխարհի ծիրին մէջ։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը [Անգլ.] կը նշէ. «Անիկա ... աստիճանաբար սովորական դարձաւ Զ. դարուն։ 567–ին, Թուրի Խորհրդաժողովը եւ 585–ին, Մագոնի երկրորդ Խորհրդաժողովը տասանորդ տալը ջատագովեց։ ... Խարդախութիւնը սովորական դարձաւ, մանաւանդ երբ տասանորդներ հաւաքելու իրաւունքը յաճախ աշխարհայիններու ծախուեցաւ կամ տրուեցաւ։ Գրիգոր Է. Պապէն սկսեալ, այս սովորութիւնը անօրէն սեպուեցաւ։ Շատ մը աշխարհայիններ այլեւս տասանորդներ հաւաքելու իրենց իրաւունքները վանքերու եւ տաճարի պաշտօնեաներու ներկայացուցին։ Բարեկարգութիւնը չջնջեց տասանորդ տալը, այնպէս որ այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ Կաթողիկէ Հռովմէական Եկեղեցիին եւ Բողոքական երկիրներուն մէջ»։ Տասանորդ տալը սրբուեցաւ կամ աստիճանաբար փոխարինուեցաւ շատ մը երկիրներու մէջ եւ հիմա շատ քիչ կրօնքներ կը պահանջեն զայն։

Արդ, Քրիստոնեաներէն պահանջուա՞ծ է տասանորդ տալ։ Աղէքսանդր Գրուտէն իր Աստուածաշունչի բառբառին մէջ կ’ըսէ. «Ո՛չ մեր Փրկիչը եւ ոչ ալ անոր առաքեալները տասանորդ տալու պատուէր մը տուին»։ Արդարեւ, Քրիստոնեաներուն չէ պատուիրուած տասանորդ տալ։ Աստուած ինք վերջ մը դրաւ Մովսիսական Օրէնքին, զանիկա Յիսուսի հետ չարչարանքի ցիցին վրայ գամելով, մէջը ըլլալով՝ տասանորդի կարգադրութիւնը։ (Հռովմայեցիս 6։14. Կողոսացիս 2։13, 14) Փոխանակ ժողովքի ծախքերը վճարելու համար Քրիստոնեաներէն որոշ գումար մը պահանջելու, Քրիստոնեաները սիրայօժար նուիրատուութիւններ կ’ընեն։

Եհովան Պատուենք Մեր Արժէքաւոր Բաներով

Անշուշտ, եթէ Քրիստոնեայ մը կամաւորապէս ուզէ իր եկամուտին տասանորդը տալ ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար, սուրբ գրային ո՛չ մէկ սկզբունք կ’արգիլէ զայն։ Փափուա Նոր Կինէէն 15 տարեկան մանչ մը իր նուիրատուութեան հետ յղած նամակին մէջ կը գրէր. «Երբ պզտիկ էի, հայրս միշտ ինծի կ’ըսէր. ‘Երբ սկսիս աշխատիլ, քու երախայրիքդ Եհովային պէտք է տաս’։ Ես կը յիշեմ Առակաց 3։1, 9–ի խօսքերը, ուր կ’ըսէ թէ Եհովան պատուելու համար մեր երախայրիքը պէտք է տանք իրեն։ Ուստի ես խոստացայ ասիկա ընել եւ հիմա իմ խոստումս պէտք է կատարեմ։ Մեծ ուրախութեամբ այս դրամը կը ղրկեմ Թագաւորութեան գործին նպաստելու համար»։ Աստուածաշունչը կոչ չ’ըներ որ Քրիստոնեաները այսպիսի խոստում մը ընեն։ Այսուհանդերձ, առատաձեռնօրէն նուիրատուութիւն ընելը լաւ կերպ մըն է ցոյց տալու որ ճշմարիտ պաշտամունքի յառաջացումով անկեղծօրէն կը հետաքրքրուինք։

Քրիստոնեայ մը կրնայ չսահմանել թէ որքան պիտի նուիրէ Եհովա Աստուծոյ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ Օրինակ մը տանք. Եհովայի Վկաներու համաժողովի մը ընթացքին, երկու տարեց քոյրեր կը խօսակցէին Թագաւորութեան գործին համար տրուելիք նուիրատուութիւններու մասին։ Համաժողովի վայրը ուտելիք առնելու համար, անոնցմէ մէկը որ 87 տարեկան է, հարցուց թէ արդեօք իր առած բանին արժէքը որքան էր, որպէսզի այդքան կարենար տալ։ Միւս քոյրը՝ որ 90 տարեկան է՝ ըսաւ. ‘Տուր ի՛նչ որ կը կարծես որ կ’արժէ, քիչ մըն ալ աւելին տուր’։ Այս տարեց քոյրը ի՜նչ գեղեցիկ կեցուածք մը ցոյց տուաւ։

Քանի որ Եհովայի ծառաները իրենց ամբողջ ունեցածը նուիրած են Իրեն, ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար անոնք նիւթական եւ այլ նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 8։12։) Իրականութեան մէջ, տալու կերպը առիթներ կը հայթայթէ որ Քրիստոնեան իր խոր գնահատութիւնը ցուցաբերէ Եհովայի պաշտամունքին հանդէպ։ Ասիկա որեւէ ատեն տասանորդի հետ կապուած նուիրատուութիւն մը չէ, կարգ մը պարագաներով անհատ մը կը մղուի անկէ աւելին տալ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար։—Մատթէոս 6։33

Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասնզի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Եթէ ճշմարիտ պաշտամունքին թիկունք կանգնելու համար յօժարութեամբ կամ առատաձեռնութեամբ տանք, պիտի վարձատրուինք, քանի որ իմաստուն առակ մը կ’ըսէ. «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի»։—Առակաց 3։9, 10

Մենք չենք կրնար Բարձրեալը հարստացնել։ Իրեն կը պատկանի բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ հազարաւոր լեռներուն անասունները եւ անթիւ թանկագին բաները։ (Սաղմոս 50։10–12) Բնաւ չենք կրնար հատուցանել Աստուծոյ մեզի հանդէպ իր ըրած բոլոր բարիքները։ Բայց կրնանք խոր գնահատութիւն ցուցաբերել իրեն հանդէպ եւ զինք փառաբանող սրբազան ծառայութեան առանձնաշնորհումին համար։ Նաեւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ ճոխ օրհնութիւններ կը տեղան անոնց վրայ, որոնք բաց ձեռքով կու տան մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանելու եւ սիրալիր եւ առատաձեռն Աստուածը՝ Եհովան պատուելու համար։—Բ. Կորնթացիս 9։11

[Շրջանակ՝ էջ 31]

ԱՆՈՆՔ Կ’ԸՆԵՆ Ի՛ՆՉ ՈՐ ԿՐՆԱՆ

Թէեւ Եհովայի բոլոր ըրած բաներուն համար չեն կրնար հատուցում ընել, բայց շատեր կ’ընեն ինչ որ կրնան Իր Վկաներուն քարոզչութեան համաշխարհային գործին թիկունք կանգնելու համար։ (Մատթէոս 24։14. բաղդատել Մարկոս 14։3–9)։ Այս առնչութեամբ, Մինեզոթայէն (Ա.Մ.Ն.) ընտանիքէ մը եկած հետեւեալ նամակը հետաքրքրաշարժ է.

«Սիրելի Եղբայրներ,

«Ձեզի որպէս նուիրատուութիւն կը ղրկենք տոլար գումարը։ Կը խնդրենք որ անիկա գործածէք համաշխարհային գործին կամ Թագաւորութեան Սրահներ կառուցանելու հիմնադրամին, կամ կազմակերպութեան յարմար կարիքի որեւէ մարզին համար։ ...

«Վստահ ենք որ այս դրամը [Եհովայի] կամքին համաձայն պիտի գործածուի։ Առիթէն կ’օգտուինք ձեզի քաջալերելու որ շարունակէք այս գեղեցիկ գործը, մանաւանդ շնորհակալութիւն կը յայտնենք [Դիտարանի] Ընկերութեան համաշխարհային գործունէութեան պատկերաերիզին համար։ Այս երիզն էր որ մեզի անդրադարձուց աշխատանքին հսկայութիւնը եւ մեր մտքին վրայ տպաւորեց նուիրատուութիւն ընելու կարիքը։ Նախապէս, ձգած էինք որ ժողովքը, շրջանը եւ նահանգը ստանձնէ նուիրատուութիւններ ղրկելու հոգածութիւնը, բայց հիմա շնորհակալ ենք Եհովայի որ համբերատար գտնուած է մեր կարճատեսութեան հանդէպ. ան սիրալիր կերպով մեզի ցոյց կու տայ այս կենսապահ գործին անձնապէս նիւթական օգնութիւն մատակարարելու կարիքը, մեր կատարած այլ կերպի նուիրատուութիւններու կողքին։ Որպէս ընտանիք, որոշած ենք ամէն ամիս առնուազն տոլար ուղղարկել ուղղակի Նիւ Եորք։

«Դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ի նպաստ մեզի ձեր կատարած լաւ ծառայութեան եւ Եհովայի հանդէպ ձեր ցուցաբերած հաւատարմութեան համար»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել