Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 1/1 էջ 19-24
  • Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իրական Ուրախութիւն. Սրտի Յատկութիւն մը
  • Հակառակ Խնդիրներու, Յոյսով Ուրախ Ըլլանք
  • Մեր Յոյսը Միշտ Մեր Մտքին Մէջ Պահենք
  • Հիմա Ուրախանալ Դրախտի Յոյսով
  • Յոյս՝ որ կ’Արժէւորէ Ապրիլը
  • Յոյսդ քեզ ամօթով պիտի չձգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Եհովայի յուսա՛ եւ քա՛ջ եղիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ուրախ եղէք Եհովայով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովայի ծառայենք սրտի ուրախութիւնով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 1/1 էջ 19-24

Թագաւորութեան յոյսով ուրախ եղէ՛ք

«Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։12

1. Ինչո՞ւ ուրախութիւնը կրնանք կապել Եհովայի հետ, եւ Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ ընելու յորդորեց։

‘ՈՒՐԱԽ Աստուած’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11) Ի՜նչ գեղեցիկ նկարագրութիւն մը Եհովա Աստուծոյ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ իր բոլոր գործերը շատ մեծ ուրախութիւն կը պատճառեն իրեն։ Քանի որ Եհովա բոլոր բարի եւ ուրախացուցիչ բաներուն Աղբիւրն է, իր բոլոր մտացի արարածները կրնան ուրախութիւն գտնել իրեն հետ ընկերակցելով։ Տեղին ըլլալով, Պօղոս առաքեալ յորդորեց Քրիստոնեաներուն որ գնահատեն Եհովա Աստուած ճանչնալու իրենց հաճելի առանձնաշնորհումը, ստեղծագործութեան իր բոլոր հոյակապ պարգեւներուն համար երախտապարտ ըլլան եւ իրենց հանդէպ Անոր ցոյց տուած ողորմութիւնով հրճուին։ Պօղոս գրեց. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք»։—Փիլիպպեցիս 4։4 Սաղմոս 104։31

2. Ո՞ր յոյսը մեծ ուրախութիւն կը բերէ, եւ այս յոյսին նկատմամբ Քրիստոնեաներուն ի՞նչ ընելու քաջալերութիւն տրուած է։

2 Քրիստոնեաները Պօղոսի մատուցած յորդորին ուշադրութիւն կ’ընծայե՞ն։ Ա՛րդարեւ։ Յիսուս Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրները կ’ուրախանան Աստուծոյ իրենց մատուցած փառաւոր յոյսին համար։ (Հռովմայեցիս 8։19–21. Փիլիպպեցիս 3։20, 21) Այո, անոնք գիտեն որ Քրիստոսին հետ երկնային Թագաւորական կառավարութեան մէջ ծառայելով, մարդկութեան՝ թէ՛ ողջերուն եւ թէ մեռածներուն՝ ապագայ հոյակապ յոյսին իրագործման մասնակից պիտի ըլլան։ Երեւակայեցէք թէ որքա՜ն պիտի ուրախանան որպէս ժառանգակիցներ իրենց առաձնաշնորհումով, ծառայելով որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ։ (Յայտնութիւն 20։6) Ի՜նչ մեծ պիտի ըլլայ անոնց ուրախութիւնը, օգնելով հաւատարիմ մարդոց որ կատարելութեան հասնին եւ մեր երկրի վրայ Դրախտին վերահաստատման առաջնորդեն։ Իրապէս, Աստուծոյ բոլոր ծառաները ‘յաւիտենական կեանքի յոյս’ը ունին, զոր «անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ»։ (Տիտոս 1։2) Այս հոյակապ յոյսին ի տես, Պօղոս առաքեալ կը քաջալերէ բոլոր Քրիստոնեաները որ ‘յոյսով ուրախ ըլլան’։—Հռովմայեցիս 12։12a

Իրական Ուրախութիւն. Սրտի Յատկութիւն մը

3, 4. (ա) «Ուրախանալ» ի՞նչ կը նշանակէ եւ Քրիստոնեաները որքա՞ն յաճախ պէտք է ուրախանան։ (բ) Ի՞նչ է իրական ուրախութիւնը եւ ան ի՞նչ բանէ կախեալ է։

3 «Ուրախ ըլլալ» կը նշանակէ ուրախութիւն զգալ եւ զայն արտայայտել. անիկա չի նշանակեր անդադար ոգեւորուած կամ սանձարձակ ըլլալ։ Աստուածաշունչին մէջ, «ուրախութեան», «ցնծութեան» համար գործածուած թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն բայերը ներքին եւ արտաքին ուրախութեան կը մատնանշեն։ Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ «շարունակեն ուրախ ըլլալ (ՆԱ)», ‘ամէն ատեն ուրախ ըլլան’։—Բ. Կորնթացիս 13։11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։16

4 Բայց ինչպէ՞ս կրնայ անհատ մը միշտ ուրախ ըլլալ։ Ասիկա կարելի է, քանի որ իրական ուրախութիւնը սրտի յատկութիւն մըն է, ներքին խոր հոգեւոր յատկութիւն մը։ (Բ. Օրինաց 28։47. Առակաց 15։13. 17։22) Անիկա, Պօղոսի տուած ցանկին մէջ, սէրին անմիջապէս յաջորդող Աստուծոյ հոգիին մէկ պտուղն է։ (Գաղատացիս 5։22) Որպէս ներքին յատկութիւն մը, անիկա դուրսի բաներէն կախեալ չէ, ոչ ալ մեր եղբայրներէն կախեալ է։ Այլ, անիկա Աստուծոյ սուրբ հոգիէն կախեալ է։ Իսկ անիկա կու գայ ներքին խոր գոհունակութենէն, գիտնալով որ ճշմարտութիւնը, Թագաւորութեան յոյսը ունիք եւ Եհովայի հաճելի եղած բաները կ’ընէք։ Հետեւաբար, ուրախութիւնը բնածին նկարագրի գիծ մը չէ. անիկա ‘նոր անձնաւորութեան’ մէկ մասն է, ստորոգելի միացում մը զոր կը զատորոշէր Յիսուս Քրիստոսը։—Եփեսացիս 4։24. Կողոսացիս 3։10

5. Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ուրախութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ։

5 Թէեւ ուրախութիւնը սրտի ներքին յատկութիւն մըն է, բայց անիկա առիթներով կը դրսեւորուի։ Ուրախութեան այս պատահական, դրսեւորուած կերպերը ի՞նչ են։ Անիկա կրնայ ըլլալ դէմքի զուարթութիւն, ինչպէս նաեւ ուրախութենէն ցատկել։ (Գ. Թագաւորաց 1։40. Ղուկաս 1։44. Գործք 3։8. 6։15) Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ այդ անհատները որոնք խօսուն կամ ժպտուն չեն՝ ուրախ չեն։ Ո՜չ։ Իրական ուրախութիւնը միշտ շատախօսելով, խնդալով, ժպտելով, կամ ակռաները ցոյց տալով չ’արտայայտուիր։ Պարագաներու բերմամբ, ուրախութիւնը տարբեր ձեւերով կրնայ յայտնաբերուիլ։ Միայն ուրախութիւնը չէ որ մեզ կարեկից կը դարձնէ Թագաւորութեան Սրահին մէջ, այլ՝ մեր եղբայրական խանդաղատանքը եւ սէրը։

6. Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան ուրախ ըլլալ նոյնիսկ երբ անհաճելի վիճակներ կը դիմագրաւեն։

6 Ուրախութեան յարատեւ երեւոյթը Քրիստոնեային նոր անձնաւորութեան ներքին մնայուն մէկ երեսակն է։ Ասոր համար անհատ մը կրնայ միշտ ուրախ ըլլալ։ Անշուշտ, երբեմն բան մը կրնայ մեզ վրդովեցնել, կամ անհաճելի վիճակի մը մէջ կրնանք գտնուիլ։ Բայց տակաւին կրնանք մեր սրտերուն մէջ ուրախութիւն ունենալ։ Նախկին Քրիստոնեաներէն ոմանք ծառաներ էին, որոնք դժուարահաճ գործատէրեր ունէին։ Այդ Քրիստոնեաները կրնայի՞ն միշտ ուրախ ըլլալ։ Այո՛, քանի որ Թագաւորութեան յոյսը եւ իրենց սրտերուն մէջ ուրախութիւն ունէին։—Յովհաննու 15։11. 16։24. 17։13

7. (ա) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ նեղութիւններու մէջ ուրախ ըլլալու մասին։ (բ) Ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի որ նեղութիւններու տոկանք եւ այս առնչութեամբ ո՞վ լաւագոյն օրինակը հադիսացաւ։

7 Պօղոս՝ «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք» ըսելէ անմիջապէս ետք աւելցուց, «նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք»։ (Հռովմայեցիս 12։12) Յիսուս ալ նեղութեան մէջ ուրախ ըլլալու մասին խօսեցաւ, երբ Մատթէոս 5։11, 12–ի մէջ ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն ...։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասնզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը»։ Հոս նշուած ցնծութիւնը եւ ուրախութիւնը անպայմանօրէն բառացի դրսերեւոյթ մը չէ. անիկա պարզապէս ներքին խոր գոհունակութիւն մըն է, զոր անհատ մը կը զգայ երբ փորձութեան ներքեւ հաստատ մնալով Եհովան եւ Յիսուս Քրիստոսը կը հաճեցնէ։ (Գործք 5։41) Իրականութեան մէջ, ուրախութիւնն է որ մեզի կ’օգնէ տոկալու երբ նեղութեան մէջ ենք։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6) Յիսուս ասոր մէջ գեղեցիկ օրինակ մը հանդիսացաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեզի. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ»։—Եբրայեցիս 12։2

Հակառակ Խնդիրներու, Յոյսով Ուրախ Ըլլանք

8. Քրիստոնեաները ի՞նչ խնդիրներ կրնան դիմագրաւել, բայց ինչո՞ւ խնդիրները Քրիստոնեային ուրախութիւնը չեն խլեր։

8 Եհովայի ծառայ մը ըլլալը անհատ մը զերծ չ’ըներ խնդիրներէ։ Մենք կրնանք ընտանեկան խնդիրներ, տնտեսական դժուարութիւններ, առողջութեան տկարացում կամ սիրելիի մը կորուստը ունենալ։ Թէեւ այսպիսի բաներ կրնան վիշտ պատճառել, սակայն մեզմէ չեն խլեր Թագաւորութեան յոյսին պատճառաւ մեր ունեցած խնդութիւնը, այն ներքին ուրախութիւնը զոր ունինք մեր սրտերուն մէջ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13

9. Աբրահամ ի՞նչ խնդիր ունեցաւ, բայց ինչպէ՞ս գիտենք թէ իր սրտին մէջ ուրախութիւն ունէր։

9 Նկատի առէք Աբրահամը, զոր օրինակ։ Իր կեանքը միշտ հաճելի չէր. ան ընտանեկան խնդիրներ ունեցաւ։ Իր հարճը՝ Հագար եւ իր կինը՝ Սառա, իրարու հետ չապրուեցան, իրարու հետ բաղխումներ ունեցան։ (Ծննդոց 16։4, 6) Իսմայէլ կը ծաղրէր ու կը հալածէր Իսահակը։ (Ծննդոց 21։8, 9. Գաղատացիս 4։29) Վերջապէս, իր սիրելի կինը՝ Սառա, մահացաւ։ (Ծննդոց 23։2) Հակառակ այս խնդիրներուն, Աբրահամ ուրախացաւ Թագաւորութեան Սերունդին յոյսով, որու միջոցաւ երկրի բոլոր ընտանիքները իրենք զիրենք պիտի օրհնէին։ (Ծննդոց 22։15–18) Ուրախութիւնը իր սրտին մէջ, ան Եհովայի ծառայութեան մէջ տոկաց հարիւր տարի, իր ծննդավայրը՝ Ուր քաղաքը ձգելէ ետք։ Հետեւաբար, իր մասին գրուած է. «Ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է»։ Քանի որ Աբրահամ Մեսիական Թագաւորութեան գալուն հաւատք ընծայեց, Աստուծմէ արդէն Թագաւոր նշանակուած Յիսուս Քրիստոս կրցաւ ըսել. «Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։—Եբրայեցիս 11։10. Յովհաննու 8։56

10, 11. (ա) Քրիստոնեաները ի՞նչ պայքար ունին, եւ ի՞նչ բան մեզի օգնութեան կը հասնի։ (բ) Ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի մեր մեղաւոր մարմնին դէմ կատարելապէս պայքար մղելու մեր անկարողութեան։

10 Որպէս անկատար անհատներ, ունինք մեր մեղաւոր մարմինը որու դէմ պէտք է պայքարինք եւ շիտակը ընելու այս պայքարը շատ տանջալից կրնայ ըլլալ։ Մեր տկարութիւններուն դէմ պայքար մղելը, սակայն, չի նշանակեր թէ յոյս չունինք։ Պօղոս ինքզինք խղճալի զգաց այս պայքարին պատճառով, ուստի ան ըսաւ. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն։ Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Հռովմայեցիս 7։24, 25) Ուստի, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր հայթայթած փրկանքին շնորհիւ, փրկուած ենք։—Հռովմայեցիս 5։19–21

11 Քրիստոսի փրկանքի զոհը մեր անկարողութեան օգնութեան կը հասնի պայքարը կատարելապէս մղելու համար։ Կրնանք այս փրկանքով ուրախ ըլլալ, քանի որ անիկա կարելի կը դարձնէ մաքուր խղճմտանք եւ մեղքերու թողութիւն ունենալ։ Եբրայեցիս 9։14–ի մէջ, Պօղոս կը խօսի ‘Քրիստոսի արեան’ մասին, որ զօրութիւնը ունի ‘մեր խղճմտանքը մեռած գործերէն սրբելու’։ Հետեւաբար, Քրիստոնեաներուն խիղճը պէտք չէ ծանրաբեռնուի ինքնադատապարտութեան եւ յանցանքի զգացումով։ Ասիկա եւ մեր ունեցած յոյսը զօրաւոր ոյժ մը կը կազմեն ցնծութեան մէջ ըլլալու համար։ (Սաղմոս 103։8–14. Հռովմայեցիս 8։1, 2) Մեր յոյսին մասին խորհրդածելով պիտի քաջալերուինք յաջողութեամբ մղել պայքարը։

Մեր Յոյսը Միշտ Մեր Մտքին Մէջ Պահենք

12. Օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչ յոյսի մասին կրնան խորհրդածել։

12 Անհրաժեշտ է որ թէ՛ հոգիէն օծուած մնացորդը եւ թէ ուրիշ ոչխարները «փրկութեան յոյսը» միշտ իրենց մտքին մէջ պահեն, շարունակաբար զայն հագնելով որպէս պաշտպանող սաղաւարտ մը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8) Օծեալ Քրիստոնեաները կրնան խորհրդածել երկնքի մէջ անմահութիւն ստանալու առանձնաշնորհումին վրայ։ Անոնք Եհովա Աստուծոյ պիտի կարենան մօտենալ, փառաւորեալ Յիսուս Քրիստոսի, առաքեալներուն եւ 144,000–էն եղող միւսներուն հետ, որոնք դարերու ընթացքին իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին։ Ի՜նչ աննկարագրելի, հարուստ ընկերակցութիւն մը։

13. Տակաւին երկրի վրայ գտնուող օծեալները իրենց յոյսը ինչպէ՞ս կը նկատեն։

13 Տակաւին երկրի վրայ գտնուող քանի մը օծեալները իրենց Թագաւորութեան յոյսը ինչպէ՞ս կը դիտեն։ Ասիկա կարելի է ամփոփել 1913–ին մկրտուած անհատի մը խօսքերով. «Մեր յոյսը վստահ բան մըն է եւ անիկա լիովին պիտի կատարուի, մինչեւ պզտիկ հօտի 144,000 անդամներուն ամենէն վերջինին պարագային, մեր երեւակայածէն շատ աւելի լաւ չափով։ Այդ յոյսին արժէքը ոչ մէկ կերպով նսեմացաւ, մեզի՝ Մնացորդէն եղողներուս համար, որ ներկայ էինք 1914–ին, երբ կ’ակնկալէինք որ բոլորս ալ երկինք պիտի երթանք։ Բայց հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի զօրաւոր կը զգանք անոր համար եւ որքան կը սպասենք անոր, այդքան աւելի կը գնահատենք զայն։ Անիկա բան մըն է, որու համար սպասելը կ’արժէ, նոյնիսկ եթէ մէկ միլիոն տարի պահանջէ։ Ես մեր յոյսը նախկինէն աւելի կ’արժէւորեմ եւ բնաւ չեմ ուզեր անոր հանդէպ իմ գնահատութիւնս կորսնցնել։ Պզտիկ հօտին յոյսը նաեւ կ’երաշխաւորէ թէ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան ակնկալութիւնը առանց ձախողելու հաւանականութեան, մեր երեւակայածէն շատ աւելի փառաւոր կերպով պիտի կատարուի։ Անոր համար մինչեւ հիմա հաստատ կը կենանք եւ պիտի շարունակենք հաստատ մնալ, մինչեւ որ Աստուած իրապէս փաստէ թէ ինք հաւատարիմ է իր ‘ամենամեծ եւ պատուական խոստումներուն’։—Բ. Պետրոս 1։4. Թուոց 23։19. Հռովմայեցիս 5։5

Հիմա Ուրախանալ Դրախտի Յոյսով

14. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչ յոյս ի մտի պէտք է պահէ։

14 Ցնծագին հաւատքի այսպիսի արտայայտութիւն մը ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութենէն եղողներուն ուրախութեան հոյակապ պատճառներ կը ներմուծէ։ (Յայտնութիւն 7։15, 16) Անոնք պէտք է միշտ իրենց մտքին մէջ ունենան Արմագեդոնէն վերապրելու յոյսը։ Այո, անհամբերութեամբ սպասեցէք, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ջատագովէ Եհովա Աստուծոյ տիեզերական գերիշխանութիւնը եւ պիտի սրբացնէ իր փառաւոր անունը, մեծ նեղութիւնը բերելով, որ պիտի մաքրէ երկիրը ամբարիշտներէն որոնց աստուածը Բանսարկուն եղած է։ Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ վերապրիլ այդ մեծ նեղութենէն։—Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 7։14

15. (ա) Երկրի վրայ եղած ատեն, Յիսուս բուժումի ի՞նչ գործ կատարեց եւ ինչո՞ւ։ (բ) Արմագեդոնէն վերապրողներուն առողջապահական կարիքները ի՞նչ պիտի ըլլան, եւ անոնք յարուցուողներէն ինչպէ՞ս տարբեր են։

15 Մեծ բազմութեան մասին, Յայտնութիւն 7։17–ն կ’ըսէ. «Գառնուկը, ... պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ Թէեւ այս մարգարէութիւնը հիմա հոգեւոր կատարում մը ունի, Արմագեդոնէն վերապրողները անոր բառացի կատարումը պիտի տեսնեն։ Ինչպէ՞ս։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ երկրի վրայ էր։ Ան հաշմանդամը բուժեց, կաղին քալել տուաւ, խուլին ականջները եւ կոյրերուն աչքերը բացաւ. ան բուժեց նաեւ բորոտը, անդամալոյծը եւ «բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները»։ (Մատթէոս 9։35. 15։30, 31) Քրիստոնեաներուն կարիքն ալ ասիկա չէ՞։ Մեծ բազմութիւնը հին աշխարհին տկարութիւնները եւ խեղանդամութիւնները պիտի մտցնէ նոր աշխարհ։ Ի՞նչ կ’ակնկալենք որ Գառնուկը ընէ ասոր մասին։ Արմագեդնէն վերապրողներուն կարիքը շատ տարբեր պիտի ըլլայ յարուցեալներուն կարիքէն։ Յարուցեալները հաւանաբար պիտի վերստեղծուին անթերի, առողջ մարմիններով, թէեւ ոչ մարդկային կատարելութեան հասած։ Յարութեան հրաշքին պատճառաւ, անոնք բացայայտօրէն բուժումի հրաշքով իրենց նախկին անկարողութիւններէն բուժուելու կարիքը պիտի չունենան։ Իսկ միւս կողմէն, Արմագեդոնէն վերապրելու անզուգական փորձառութիւնը ունենալով, մեծ բազմութենէն եղող շատեր հրաշալի դարմանումի կարիքը պիտի ունենան եւ պիտի ստանան։ Երեւութապէս, Յիսուսի բուժումներուն գլխաւոր միտքն էր մեծ բազմութիւնը քաջալերել, անոնց ցոյց տալով թէ ո՛չ միայն վերապրելու ուրախ ակնկալութիւնը ունին, այլ՝ անկէ ետք բուժուելու ալ։

16. (ա) Արմագեդոնէն վերապրողներուն պարագային հրաշալի բուժումները թերեւս ե՞րբ տեղի ունենան եւ ի՞նչ արդիւնքով։ (բ) Հազարամեայի ընթացքին, ո՞ր յոյսով պիտի շարունակենք ուրախ ըլլալ։

16 Տրամաբանական է որ Արմագեդոնէն վերապրողները այսպիսի հրաշալի բուժումներու ենթարկուին Արմագեդոնէն անմիջապէս ետք եւ յարութիւնը սկսելէն շատ առաջ։ (Եսայեայ 33։24. 35։5, 6. Յայտնութիւն 21։4. բաղդատել Մարկոս 5։25–29)։ Այն ատեն մարդիկ պիտի նետեն իրենց ակնոցները, գաւազանները, անթացուպերը, անիւաւոր կառքերը, ատամնաշարները, լսողական գործիքները եւ ասոնց նման բաները։ Ուրախութեան ի՜նչ պատճառ պիտի ըլլայ։ Որքա՜ն լաւ կը յարմարի որ նոր երկրին հիմը կազմող Արմագեդոնէն վերապրողներու նկատմամբ, Յիսուս կազդուրման այսպիսի վաղ արարք մը ընէ։ խեղանդամող հիւանդութիւնները մէջտեղէն պիտի վերցուին, որպէսզի վերապրողները կարենան հաճոյքով ընթանալ, իրենց դիմաց գտնուող Հազարամեայի հոյակապ գործունէութեամբ տոգորուած, առանց հին աշխարհին տանջանքներով քաշքռտուելու։ Այո՛, նոյնիսկ Արմագեդոնէն ետք, մեծ բազմութիւնը պիտի շարունակէ ուրախանալ հազարամեայի վերջաւորութեան մարդկային կատարելութեան հասնելու հոյակապ յոյսով։ Հազարամեայի ընթացքին, բոլորն ալ պիտի ցնծան այդ ուրախ նպատակակէտին հասնելու յոյսով։

17. Ի՞նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մինչ Դրախտը վերահաստատելու գործը կը շարունակուի։

17 Եթէ այս յոյսը կը սնուցանէք, խորհեցէք նաեւ երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատելու մասնակից ըլլալու ուրախութեան մասին։ (Ղուկաս 23։42, 43) Անկասկած, Արմագեդոնէն վերապրողները երկիրը մաքրելու պիտի օգնեն եւ յարուցեալներուն հաճելի բնակավայրեր պիտի հայթայթեն։ Թաղման արարողութիւններուն տեղը պիտի առնեն յարուցուողներուն բարի գալուստ մաղթելու նիստեր, անշուշտ մեր մահացած սիրելիներն ալ ներառեալ։ Իսկ մտածեցէք անցեալ դարերուն ապրած հաւատարիմ այրերու եւ կիներու ճոխ ընկերակցութեան մասին։ Որո՞ւ հետ կ’ուզէք մանաւանդ խօսիլ. Աբէ՞լի, Ենո՞վքի, Նո՞յի, Յո՞բի, Աբրահա՞մի, Սառա՞յի, Իսահա՞կի, Յակո՞բի, Յովսէ՞փի, Մովսէ՞սի, Յեսո՞ւի, Ռախա՞բի, Դեբորա՞յի, Սամփսո՞նի, Դաւի՞թի, Եղի՞այի, Եղիսէ՞ի, Երեմիա՞յին, Եզեկիէ՞լին, Դանիէ՞լին, թէ Յովհաննէս Մկրտի՞չին հետ։ Այո, այս հաճոյալի ակնկալութիւնն ալ մեր յոյսին մաս կը կազմէ։ Պիտի կարենաք անոնց հետ խօսիլ, անոնցմէ սորվիլ եւ անոնց հետ աշխատիլ համայն երկիրը դրախտի մը վերածելու համար։

18. Յաւելեալ ի՞նչ ուրախութեան մասին կրնանք մտածել։

18 Երեւակայեցէք նաեւ սննդարար ուտելիքին, ջինջ ջուրին եւ մաքուր օդին մասին, մեր երկիրը մթնոլորտային կատարեալ հաւասարակշռուած վիճակի մէջ գալով, այն կերպով զոր Եհովա ստեղծած էր զայն։ Այդ ատեն կեանքը ո՛չ միայն կատարելութեան անցողակի վայելք մը պիտի ըլլայ, այլ՝ հաճոյալի գործունէութիւններու գործօն եւ իմաստալից մասնակցութիւն մը։ Խորհեցէք ոճիրէ, անձնասիրութենէ, նախանձէ, կռիւներէ զերծ մարդկային համաշխարհային ընկերութիւն մը՝ եղբայրութիւն մը, ուր բոլորը կը մշակեն եւ կ’արտադրեն հոգիին պտուղները։ Ի՜նչ խայտալի պիտի ըլլայ։—Գաղատացիս 5։22, 23

Յոյս՝ որ կ’Արժէւորէ Ապրիլը

19. (ա) Հռովմայեցիս 12։12–ի մէջ յիշուած ուրախութիւնը ո՞ր ժամանակուան համար է։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք է վճռենք որ կեանքի բեռները մեր յոյսը չմարեն։

19 Իրագործուած ակնկալութիւն մը այլեւս յոյս մը չէ, ուստի Հռովմայեցիս 12։12–ի մէջ Պօղոսի յորդորած ուրախութիւնը բան մըն է, որու փորձառութիւնը հիմա պէտք է ունենանք։ (Հռովմայեցիս 8։24) Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք ապագայ օրհնութիւններուն մասին մտածելն իսկ պատճառ կու տայ այդ յոյսով հիմա իսկ ուրախանալու։ Ուստի, որոշեցէք թոյլ չտալ որ այս ապականած աշխարհին կեանքի բեռները խլեն ձեր փառաւոր յոյսը։ Սպառած մի՛ զգաք եւ մի՛ հեղգանաք, ձեր դիմաց եղող յոյսը մարեցնելով։ (Եբրայեցիս 12։3) Քրիստոնէական ընթացքը ձգելը ձեր խնդիրները պիտի չլուծէ։ Մի՛ մոռնաք որ երբ անհատ մը կեանքի ծանրութիւններուն պատճառով կը դադրի Աստուծոյ ծառայելէ, ան տակաւին այդ խնդիրներուն մէջ կը մնայ, բայց կը կորսնցնէ իր յոյսը եւ անով՝ իր դիմաց դրուած սքանչելի ակնկալութեամբ ուրախանալու կարելիութիւնն ալ։

20. Թագաւորութեան յոյսը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի զայն ողջունողներուն վրայ եւ ինչո՞ւ։

20 Եհովայի ժողովուրդը ամէն պատճառ ունի ուրախ կեանքեր վարելու։ Անոնց պայծառ, ներշնչող յոյսը, կեանքը արժէքաւոր կը դարձնէ։ Անոնք իրենք իրենց չեն պահեր այս ցնծալի յոյսը, այլ՝ ամէն գնով կ’ուզեն զայն ուրիշներուն հետ բաժնել։ (Բ. Մնացորդաց 3։12) Ուստի, Թագաւորութեան յոյսը ողջունողները ինքնավստահ անհատներ են եւ կը ջանան ուրիշները քաջալերել, անոնց խօսելով Աստուծոյ տուած բարի լուրին մասին։ Ասիկա իր կարգին, պատգամը ընդունողներուն կեանքերը բոլոր մարդկութեան ցարդ տրուած ամենէն հոյակապ յոյսով կը լեցնէ. երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատելիք Թագաւորութեան յոյսով։ Եթէ մարդիկ չընդունին զայն, մենք պիտի շարունակենք ուրախ ըլլալ, քանի որ յոյս ունինք։ Իրենց ականջները գոցողները պիտի կորսնցնեն, բայց ոչ՝ մենք։—Բ. Կորնթացիս 4։3, 4

21. Ի՞նչ բան մօտ է, եւ մեր յոյսը ինչպէ՞ս պէտք է արժէւորենք։

21 Աստուած կը խոստանայ՝ «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ (Յայտնութիւն 21։5) Նոր աշխարհը իր բոլոր սիրուն եւ անվերջ օրհնութիւններով՝ մօտ է։ Մեր յոյսը՝ ատիկա ըլլայ երկնքի մէջ թէ դրախտային երկրի մը վրայ՝ թանկագին է. անոր կառչած մնանք։ Որեւէ ժամանակէ աւելի այս դժուարին ժամանակներուն, զայն նկատենք որպէս «հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին»։ Մեր յոյսը Եհովայի՝ «Յաւիտենական վէմ»ին, «դարաւոր Վէմ»ին վրայ դնելով, հիմակուընէ իսկ իրական եւ խայտալի պատճառ ունինք մեր դիմաց դրուած ‘յոյսով ուրախ ըլլալու’։—Եբրայեցիս 6։19. Եսայեայ 26։4, Տը Էմֆէթիք Պայպըլ։

[Ստորանիշ էջ 19]

a 1992 տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներու տարուան համարը պիտի ըլլայ՝ «Յոյսով ուրախ եղէ՛ք ...։ Ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք»։—Հռովմայեցիս 12։12

Վերաքաղի Հարցումներ

◻ Ի՞նչ է մարդկութեան մեծ յոյսը։

◻ Ի՞նչ է իրական ուրախութիւնը։

◻ Արմագեդոնէն վերապրողներուն հրաշալի բուժումները հաւանաբար ե՞րբ տեղի պիտի ունենան։

◻ Ինչո՞ւ պէտք չէ թոյլ տանք որ կեանքի բեռները մեր յոյսը մարեցնեն։

◻ Նոր աշխարհի մէջ ի՞նչ ուրախութիւններ կ’ակնկալէք։

[Նկար՝ էջ 20]

Ձեր սրտերը ուրախութեամբ պիտի չլեցուէի՞ն, ականատես ըլլալով Յիսուսի կատարած հրաշքներուն

[Նկար՝ էջ 21]

Թագաւորութեամբ ցնծացողները ուրիշները կը քաջալերեն, իրենց յոյսը բաժնելով

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել