Սուտ մարգարէներ՝ այսօր
ԵՐԵՄԻԱՆ որպէս Աստուծոյ մարգարէն կը ծառայէր Երուսաղէմի մէջ, այն ժամանակ երբ քաղաքը զեղուն էր կռապաշտութեամբ, անբարոյութեամբ, եղծանումով եւ երբ անմեղ արիւն կը թափուէր։ (Երեմեայ 7։8–11) Այդ ժամանակ, ան միակ գործօն մարգարէն չէր, բայց միւս մարգարէներէն շատերը ինքնասպաս եւ եղծանուած էին։ Ի՞նչ կերպով։ Եհովա կ’ըսէ. «Մարգարէէն մինչեւ քահանան ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։ Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ»։—Երեմեայ 6։13, 14
Սուտ մարգարէները կը ջանային ձեւացնել թէ, հակառակ երկրին մէջ կատարուած ամբողջ եղծանումին, իրերը լաւ էին եւ թէ ժողովուրդը Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ էր. մինչդեռ պարագան ասիկա չէր։ Աստուծոյ դատաստանը անոնց կը սպասէր, ինչպէս Երեմիա խիզախօրէն կը ծանուցանէր։ Երբ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Բաբելոնացի զինուորները Երուսաղէմը գետնին հաւասար ըրին, տաճարը կործանեցին եւ ժողովուրդը կա՛մ սպաննեցին եւ կամ հեռաւոր Բաբելոն գերի քշեցին, Երեմիան՝ ճշմարիտ մարգարէն, ոչ թէ սուտ մարգարէները, ջատագովուեցաւ։ Երկրին մէջ ձգուած փոքր թիւով խեղճ անհատները Եգիպտոս փախեցան։—Երեմեայ 39։6–9. 43։4–7
Սուտ մարգարէները ի՞նչ ըրած էին։ «‘Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘որոնք՝ բոլորն ալ իրենց ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան’»։ (Երեմեայ 23։30) Սուտ մարգարէները Աստուծոյ խօսքերուն զօրութիւնը եւ ազդեցութիւնը կը գողնային, քաջալերելով ժողովուրդին որ սուտերու մտիկ ընեն քան թէ Աստուծմէ եկած ճշմարիտ ազդարարութեան։ Անոնք ոչ թէ «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին» կը խօսէին, այլ՝ իրենց անձնական գաղափարներուն, բաներ զորս ժողովուրդը կ’ուզէր լսել։ Երեմիայի պատգամը իրապէս Աստուծմէ կու գար, իսկ եթէ Իսրայելացիները իր խօսքերուն համաձայն վարուէին՝ պիտի վերապրէին։ Սուտ մարգարէները ‘Աստուծոյ խօսքերը կը գողնային, ու ժողովուրդը աղէտի առաջնորդեցին։ Ճիշդ Յիսուսի օրուան անհաւատարիմ կրօնական առաջնորդներուն նման, որոնց մասին ան ըսաւ. «Իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։—Գործք 2։11. Մատթէոս 15։14
Երեմիայի օրուան նման, այսօր ալ գոյութիւն ունին սուտ մարգարէներ որոնք կը դաւանին Աստուածաշունչին Աստուածը ներկայացնել. սակայն անոնք ալ Աստուծոյ խօսքերը կը գողնան, քարոզելով բաներ որոնք մարդոց ուշադրութիւնը կը վրիպեցնեն ինչ որ Աստուած իրապէս կ’ըսէ Աստուածաշունչին միջոցաւ։ Ի՞նչ կերպով։ Եթէ կ’ուզէք, այս հարցումին պատասխանենք որպէս փորձաքար գործածելով Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումը՝ Թագաւորութիւնը։
Թագաւորութեան Մասին Ճշմարտութիւնը
Քրիստոսի ուսուցումին գլխաւոր բնաբանն էր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որ աւելի քան հարիւր անգամ յիշուած է Աւետարաններուն մէջ։ Իր ծառայութեան սկիզբը, Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ... Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ Ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։—Ղուկաս 4։44. 11։2
Արդ, ի՞նչ է Թագաւորութիւնը։ Ըստ բառարանի մը (The New Thayer’s Greek English Lexicon), Աստուածաշունչին մէջ «թագաւորութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառին առաջին իմաստն է «արքունական զօրութիւն, արքայութիւն, տիրապետութիւն, իշխանութիւն», իսկ երկրորդը՝ «թագաւորի մը իշխանութեան ենթարկուած հողամասը»։ Այս բացատրութեամբ, տրամաբանօրէն պիտի եզրակացնէինք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Թագաւորի մը կողմէ կառավարուած բառացի կառավարութիւն մըն է։ Արդեօք ասիկա՞ է պարագան։
Այո՛ կրնանք ըսել, իսկ Թագաւորը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոս։ Յիսուսի ծնունդէն առաջ, Գաբրիէլ հրեշտակը ըսաւ Մարիամին. «Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը [գահը (ՆԱ)]»։ (Ղուկաս 1։32) Յիսուսի գահ մը ստանալը կը փաստէ որ ան Թագաւոր մը, կառավարական Իշխան մըն է։ Եսայիի մարգարէութիւնն ալ կը փաստէ որ Թագաւորութիւնը բառացի կառավարութիւն մըն է։ «Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը [կառավարութիւնը, King James Version] անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ ... Անոր իշխանութեանը [կառավարութեանը, KJV] մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։6, 7
Յիսուս ո՞ւր կ’իշխէ։ Երուսաղէմի՞ մէջ։ Ո՛չ։ Դանիէլ մարգարէն, տեսիլքի մը մէջ, տեսաւ որ Յիսուս Թագաւորութիւնը կը ստանայ, իսկ իր տեսիլքը Յիսուսը կը ներկայացնէ երկինքի մէջ։ (Դանիէլ 7։13, 14) Ասիկա Թագաւորութեան մասին Յիսուսի ըսածներուն հետ ներդաշնակ է։ Ան յաճախ զանիկա կոչեց «երկնքի թագաւորութիւնը»։ (Մատթէոս 10։7. 11։11, 12) Այս տեսիլքը նաեւ ներդաշնակ է Պիղատոսի ուղղած Յիսուսի խօսքերուն հետ, երբ Յիսուս անոր դիմաց հարցաքըննուեցաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ (Յովհաննու 18։36) Ձեր հովիւը կամ վարդապետը ձեզի սորվեցուցա՞ծ է որ Յիսուսի Թագաւորութիւնը երկնքէն իշխող իրական կառավարութիւն մըն է։ Կամ ան ձեզի սորվեցուցա՞ծ է որ Թագաւորութիւնը պարզապէս սրտին մէջ գոյութիւն ունեցող բան մըն է։ Եթէ այս վերջին գաղափարը սորվեցուցած է, ան ձեզմէ գողցած է Աստուծոյ խօսքերը։
Ի՞նչ յարակցութիւն գոյութիւն ունի Աստուծոյ արքունական կառավարութեան եւ ամէն տեսակ մարդկային կառավարութեան միջեւ։ Ըստ The Encyclopedia of Religion–ին, հրատարակուած՝ Միրսէա Իլիատի կողմէ, Բարեկարգիչ Մարտինոս Լուտեր, Թագաւորութեան մասին խօսելով, հետեւեալ գաղափարը յառաջ բերաւ. «Աշխարհային կառավարութիւնները ... նաեւ կարելի է կոչել Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Ոմանք կը սորվեցնեն որ մարդիկ, իրենց անձնական ջանքերուն շնորհիւ, կրնան մարդկային կառավարութիւնները աւելի մօտեցնել Աստուծոյ Թագաւորութեան։ 1983–ին, Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդը հաստատեց. «Երբ խաղաղութեան համար մեր անկեղծ փափաքը մասնայատուկ արարքներով ցոյց տանք, Աստուծոյ Հոգին մեր անզօր ջանքերը կրնայ գործածել այս աշխարհի թագաւորութիւնները աւելի մօտեցնելու Աստուծոյ թագաւորութեան»։
Նշմարեցէք, սակայն, որ Տէրունական Աղօթքին («Հայր Մեր»ին) մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց աղօթել նախ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար եւ միայն ասկէ ետք անոնց ըսաւ որ աղօթեն. «Քու [Աստուծոյ] կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Ուրիշ խօսքերով, մարդիկ չեն կրնար Թագաւորութիւնը բերել տալ Աստուծոյ կամքը ընելով։ Թագաւորութեան գալով է որ Աստուծոյ կամքը պիտի ըլլայ երկրի վրայ։ Ինչպէ՞ս։
Մտիկ ըրէք թէ Դանիէլ գլուխ 2, համար՝ 44–ի մարգարէութիւնը ի՛նչ կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն [վերջին ժամանակին մարդկային իշխաններուն] օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ ... Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ»։ Զարմանալի չէ ուրեմն որ Յիսուս ըսաւ որ իր Թագաւորութիւնը այս աշխարհին մաս չի կազմեր։ Այդ Թագաւորութիւնը այս երկրին թագաւորութիւնները, կառավարութիւնները, պիտի կործանէ ու մարդկութիւնը կառավարելու համար անոնց տեղը պիտի առնէ։ Մարդկութեան համար որպէս աստուածատուր կառավարութիւն մը, անիկա հոգ պիտի տանի որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկրի վրայ։
Թագաւորութեան առնելիք այս հիմնական քայլը աւելի կը յստականայ, երբ նկատի առնենք թէ այս աշխարհը որո՛ւ իշխանութեան ներքեւ է։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) «Չար»ը Բանսարկու Սատանան է, որու Պօղոս կոչեց «այս աշխարհի աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Հետեւաբար, կարելի չէ առնչել աշխարհի մը հաստատութիւնները, որոնց աստուածը Բանսարկու Սատանան է, Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ։
Ասիկա պատճառներէն մէկն է թէ ինչո՛ւ Յիսուս քաղաքականութեան միջամուխ չեղաւ։ Երբ Հրեայ ազգայնականներ փորձեցին զինք թագաւոր ընել, ան խոյս տուաւ անոնցմէ։ (Յովհաննու 6։15) Ինչպէս տեսանք, ան Պիղատոսի անկեղծօրէն ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ»։ Իսկ ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, ան իր հետեւորդներուն մասին ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։16) Հետեւաբար, կրօնական առաջնորդները որոնք կը սորվեցնեն թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը կարելի է շտապեցնել իրերու այս դրութեան մէջ բարեկարգումներ ընելով եւ որոնք կը քաջալերեն իրենց հօտերը որ այդ նպատակով գործեն՝ սուտ մարգարէներ են։ Անոնք կը գողնան Աստուածաշունչի խօսքերուն զօրութիւնն ու ազդեցութիւնը։
Ինչո՞ւ Կարեւոր Է
Ասոնք պարզապէս տեսական պատճառաբանութիւննե՞ր են։ Բնա՛ւ երբեք։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սխալ ուսուցումները շատերը մոլորեցուցին եւ նոյնիսկ Պատմութեան ընթացքը փոխեցին։ Օրինակի համար, Հռովմէական Կաթողիկէ Համայնագիտարան մը՝ Théo–ն կ’ըսէ. «Աստուծոյ ժողովուրդը կ’ընթանայ դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւն մը, որ երկրի վրայ Քրիստոսով սկսաւ։ ... Եկեղեցին այս Թագաւորութեան հունտն է»։ Ինքզինք Աստուծոյ Թագաւորութեան հետ առնչելով, Կաթողիկէ Եկեղեցին աշխարհային նկատառու հեղինակութիւն ձեռք ձգեց սնապաշտական Միջին Դարուն։ Նոյնիսկ այսօր, եկեղեցական հեղինակութիւններ կը փորձեն աշխարհի դէպքերու ընթացքին ազդել, քաղաքական կարգ մը դրութիւններուն թեր ու դէմ գործելով։
Մեկնաբան մը ուրիշ տեսակէտ մը ներկայացուց, որ լայնատարած է այսօր, երբ ըսաւ. «Յեղափոխութեան ճամբան թագաւորութիւնն է, քանի որ յեղափոխութիւնը նոր մարդկութեան մը մէջ մարդոց համախմբում մըն է, բոցավառուած՝ աստուածային խորհրդանշանով մը, տրուած ճշմարտութեան մարդոց՝ Յիսուսի ... Կանտիի ... Պէրրիկաններու՝ միջոցաւ»։ Սորվեցնելով որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կարելի է յառաջացնել քաղաքական գործօն մասնակցութեամբ եւ անտեսելով Թագաւորութեան մասին իրողութիւնները, կրօնական առաջնորդներ փորձած են քաղաքական պաշտօններու հետամուտ ըլլալ։ Իսկ ուրիշներ առաջնորդուած են քաղաքացիական խլրտումներուն միջամուխ ըլլալու եւ նոյնիսկ մասնակցելու ֆէտայական պայքարներու։ Այս բոլորը ներդաշնակ չեն այն ճշմարտութեան հետ թէ Թագաւորութիւնը այս աշխարհի մէկ մասը չէ։ Իսկ կրօնական առաջնորդները որոնք կը շաղախուին քաղաքականութեամբ, այս աշխարհին անբաժան մէկ մասն են. մինչդեռ Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ աշակերտները անոր մաս պէտք չէ կազմեն։ Անոնք որոնք կը սորվեցնեն որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քաղաքական շարժումներով կ’իրագործուի՝ սուտ մարգարէներ են։ Անոնք Աստուծոյ խօսքերը կը գողնան ժողովուրդէն։
Եթէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդները իրապէս սորվեցնէին ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, իրենց ծուխերը պիտի գիտնային թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդարեւ պիտի լուծէ խնդիրները, ինչպէս՝ աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը, ցեղային անհաւասարութիւնը եւ հարստահարութիւնը։ Բայց ասիկա տեղի պիտի ունենայ Աստուծոյ յարմար ժամանակին ու իր կերպով եւ ո՛չ թէ քաղաքական դրութիւններու բարեկարգումով, որոնք պիտի վերցուին երբ Թագաւորութիւնը գայ։ Եթէ այդ կղերները ճշմարիտ մարգարէներ ըլլային, իրենց ծուխերուն պիտի սորվեցնէին որ մինչ կը սպասեն Աստուծոյ Թագաւորութեան միջամտելուն, կրնան իրական, աստուծմէ եկած, գործնական օգնութիւն ստանալ այս աշխարհի անարդարութիւններէն պատճառուած խնդիրները լուծելու համար։
Վերջապէս, անոնք իրենց ծուխերուն պիտի սորվեցնէին որ երկրի վրայ վիճակներուն վատթարացումը, որ այսքան վիշտեր կը պատճառէ, մարգարէացուեցաւ Աստուածաշունչին մէջ եւ նշան մըն է որ Թագաւորութեան գալը մօտ է։ Այո, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի միջամտէ եւ պիտի փոխարինէ ներկայ քաղաքական կառոյցները։ Ի՜նչ օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ ատիկա։—Մատթէոս 24։21, 22, 36–39. Բ. Պետրոս 3։7. Յայտնութիւն 19։11–21
Մարդկութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան Ներքեւ
Աստուծոյ Թագաւորութեան գալը ի՞նչ պիտի նշանակէ մարդկութեան համար։ Երեւակայեցէք, ամէն առաւօտ կայտառ վիճակով կը զարթնիք։ Ձեր ծանօթներէն ոչ մէկը կը հիւանդանայ կամ կը մահանայ։ Նոյնիսկ ձեր ննջած սիրելիները յարութեամբ վերադարձած են։ (Եսայեայ 35։5, 6. Յովհաննու 5։28, 29) Այլեւս անձնասէր առեւտրականութեան, կամ անհաւասար դրութիւններու պատճառած տնտեսական մտահոգութիւններ չկան։ Անձնական հանգստաւէտ բնակարան եւ ձեր ընտանիքը կերակրելու համար ձեր բոլոր կարիքներուն բաւարար մշակելիք արտ ունիք։ (Եսայեայ 65։21–23) Օրուան կամ գիշերուան որեւէ պահուն, կրնաք որե՛ւէ տեղ պտտիլ առանց յարձակումի ենթարկուելու։ Այլեւս պատերազմներ կամ ձեր ապահովութեան սպառնացող բաներ չկան։ Ամէն մարդ սրտանց ձեր լաւագոյն բարօրութիւնը կը փնտռէ։ Ամբարիշտներ գոյութիւն չունին։ Սէրը եւ արդարութիւնը կը տիրեն։ Կրնա՞ք երեւակայել այսպիսի վիճակներ։ Թագաւորութիւնը այսպիսի աշխարհ մը պիտի բերէ։—Սաղմոս 37։10, 11. 85։10–13. Միքիայ 4։3, 4
Ասիկա միայն ցնո՞րք մըն է։ Ո՛չ։ Նախորդ պարբերութեան մէջ յիշուած համարները կարդացէք եւ պիտի նշմարէք որ անոնք Աստուծոյ տուած վստահ խոստումներն են։ Եթէ մինչեւ հիմա ձեզի այս ճշմարիտ բացատրութիւնը չէ տրուած թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ կրնայ եւ պիտի ընէ մարդկութեան համար, ուրեմն մէկը Աստուծոյ խօսքերը գողցած է ձեզմէ։
Բարեբախտաբար, իրերը կրնան այսպէս չմնալ։ Յիսուս ըսաւ որ մեր օրերուն «արքայութեան այս աւետարանը [թագաւորութեան այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Ձեր կարդացած պարբերաթերթը մաս կը կազմէ այս քարոզչութեան գործին։ Ձեզի կը քաջալերենք որ զգուշանա՛ք սուտ մարգարէներու կողմէ խաբուելէ։ Աստուծոյ Խօսքը աւելի խոր կերպով քննեցէք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը գտնելու համար։ Ապա, ենթարկուեցէք այս Թագաւորութեան որ Մեծագոյն Հովիւին՝ Եհովա Աստուծոյ, մէկ կարգադրութիւնն է։ Իրականութեան մէջ, մարդկութեան միակ յոյսը անիկա է, որ պիտի չձախողի։
[Նկար՝ էջ 5]
Լուտեր սորվեցուց որ մարդկային կառավարութիւնները կրնան նկատուիլ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
[Նկար՝ էջ 7]
Սիրալիր Հովիւի մը նման, Եհովա իր Թագաւորութեան միջոցաւ այնպիսի պայմաններ պիտի բերէ, որոնք մարդուն կողմէ կարելի չեն