Եհովայի պարգեւը՝ սուրբ հոգին
«Որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։—ՂՈՒԿԱՍ 11։13
1, 2. (ա) Յիսուս սուրբ հոգիին մասին ի՞նչ խոստում տուաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ իրապէս մխիթարական է։ (բ) Ի՞նչ է սուրբ հոգին։
ՄԵՐ Հասարակ Դարաշրջանի 32–ի աշնան, երբ Յուդայի մէջ բարի լուրը կը քարոզէր, Յիսուս իր աշակերտներուն Եհովայի առատաձեռնութեան մասին խօսեցաւ։ Ան կարգ մը ազդեցիկ օրինակներ գործածեց եւ ապա հետեւեալ հոյակապ խոստումը տուաւ. «Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն սուրբ հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։—Ղուկաս 11։13
2 Ի՜նչ մխիթարական են այս խօսքերը։ Մինչ այս աշխարհի վերջին օրերուն թոհ ու բոհին կը տոկանք, Սատանայի եւ իր դեւերուն թշնամութիւնը կը դիմագրաւենք եւ մեր ինկած մարմնին հակումներուն դէմ կը պայքարինք, իրապէս սրտապնդիչ է գիտնալ թէ Աստուած պիտի զօրացնէ մեզ իր հոգիովը։ Արդարեւ, առանց այդ օգնութեան, անկարելի է հաւատարմօրէն տոկալ։ Աստուծոյ գործօն ոյժը եղող այս հոգիին զօրութիւնը զգացա՞ծ էք։ Գաղափար ունի՞ք թէ անիկա ո՛ր տարողութեամբ կրնայ օգնել ձեզի։ Զայն լիովին կը գործածէ՞ք։
Սուրբ Հոգիին Զօրութիւնը
3, 4. Սուրբ հոգիին զօրութիւնը բացատրեցէք։
3 Նախ նկատի առնենք սուրբ հոգիին զօրութիւնը։ Վայրկեան մը ետ երթանք՝ 1954 տարին, երբ ջրածնային ռումբ մը պայթեցաւ Հարաւային Խաղաղականի Պիքինի Բստային Կղզիին վրայ։ Ռումբը պայթելէն երկվայրկեան մը ետք, այդ գեղեցիկ կղզին հսկայական հրկիզման ճարակ դարձաւ, որու յաջորդեց պայթում մը, որ 15 միլիոն թոն TNT–ի ոյժը ունէր։ Այդ ամբողջ կործանարար զօրութիւնը ուրկէ՞ եկաւ։ Անիկա ուրանիոմի եւ ջրածինի, որոնք ռումբին կորիզը կը կազմէին, փոքր մասնիկի մը ուժականութեան փոխուելուն արդիւնքն էր։ Իսկ եթէ գիտնականներ կարենային Պիքինիի մէջ իրենց կատարածին հակառակը իրագործել։ Ենթադրենք որ անոնք կարենային այդ ամբողջ կրակոտ ուժականութիւնը կալանաւորել եւ զայն վերածել քանի մը քիլօ ուրանիոմի եւ ջրածինի։ Ի՜նչ մեծ քաջագործութիւն մը պիտի ըլլար ատիկա։ Սակայն, Եհովա նոյնանման բան մը ըրաւ, բայց շատ աւելի մեծ չափով մը, երբ «սկիզբէն [ան] երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։—Ծննդոց 1։1
4 Եհովա ուժականութեան անսահման պահեստներ ունի։ (Եսայեայ 40։26) Ստեղծագործութեան ժամանակ, ան հաւանաբար այս ուժականութենէն մաս մը օգտագործեց, երբ տիեզերքը կազմող բոլոր նիւթերը շինեց։ Իր այս արարչական գործին մէջ, ան ի՞նչ գործածեց։ Սուրբ հոգին։ Կը կարդանք. «Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը»։ (Սաղմոս 33։6) Իսկ Ծննդոցի ստեղծագործութեան պատմութիւնը կ’ըսէ. «Աստուծոյ [սուրբ] հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր»։ (Ծննդոց 1։2) Սուրբ հոգին ի՜նչ հզօր ոյժ մըն է։
Հրաշալի Գործեր
5. Սուրբ հոգին ի՞նչ վեհ կերպերով կը գործէ։
5 Սուրբ հոգին տակաւին կը գործէ շատ վեհ կերպերով։ Անիկա Եհովայի երկնային կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ եւ կ’ուղղէ։ (Եզեկիէլ 1։20, 21) Ջրածնային ռումբէն արձակուած ուժականութեան նման, անիկա կրնայ կործանարար կերպով գործածուիլ Եհովայի թշնամիներուն վրայ դատաստան ի գործ դնելու համար, բայց անիկա ուրիշ կերպերով ալ գործած է, որոնք մեզ կը հիացնեն։—Եսայեայ 11։15. 30։27, 28. 40։7, 8. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։8
6. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս թիկունք կանգնեցաւ Մովսէսի եւ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի հետ անոնց ունեցած գործառնութեանց մէջ։
6 Օրինակի համար, Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Եհովա Մովսէսը ղրկեց Եգիպտոսի Փարաւոնին, Իսրայէլի որդիներուն ազատագրումը պահանջելու համար։ Մովսէս, անցեալ 40 տարիներու ընթացքին, Մադիամու մէջ հովիւ մը եղած էր. արդ, Փարաւոն ինչո՞ւ հովիւի մը մտիկ պիտի ընէր։ Քանի որ Մովսէս միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի անունովը կու գար։ Ասիկա ապացուցանելու համար, Եհովա անոր հրաշքներ ընելու զօրութիւն տուաւ։ Անոնք այդքա՛ն տպաւորիչ էին որ նոյնիսկ Եգիպտացի մոգերը ստիպուեցան ընդունիլ. «Այս Աստուծոյ մատն է»։a (Ելից 8։19) Եհովա տասը պատուհասներ բերաւ Եգիպտոսի վրայ, որոնցմէ վերջինը ստիպեց Փարաւոնին որ արտօնէ Աստուծոյ ժողովուրդին մեկնումը։ Երբ Փարաւոն իր բանակով յամառօրէն հետապնդեց զանոնք, Իսրայելացիներուն համար Կարմիր Ծովուն մէջէն հրաշալիօրէն բացուեցաւ փախուստի անցք մը։ Եգիպտական բանակը անոնց հետեւեցաւ ու ծովուն մէջ խեղդամահ եղաւ։—Եսայեայ 63։11–14. Անգեայ 2։4, 5
7. (ա) Ի՞նչ են սուրբ հոգիին հրաշքներ գործելուն կարգ մը պատճառները։ (բ) Թէեւ այլեւս սուրբ հոգիին կողմէ հրաշքներ չեն գործուիր, սակայն Աստուածաշունչին մէջ անոնց արձանագրութիւնը ինչո՞ւ մխիթարական է։
7 Այո, Եհովա իր հոգիին միջոցաւ զօրաւոր հրաշքներ գործեց Իսրայելացիներուն ի նպաստ, Մովսէսի ժամանակ եւ ուրիշ ատեններ։ Այս հրաշքներուն նպատակը ի՞նչ էր։ Անոնք Եհովայի նպատակները յառաջ տարին, իր անունը ճանչցուցին եւ իր զօրութիւնը ցոյց տուին։ Իսկ երբեմն, ինչպէս Մովսէսի պարագային, անոնք փաստեցին որ Եհովա զօրավիգ կեցած էր անհատի մը։ (Ելից 4։1–9. 9։14–16) Սակայն, սուրբ հոգիին կողմէ գործուած հրաշքները հազուագիւտ եղած են ամբողջ պատմութեան ընթացքին։b Հաւանաբար, Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրողներէն շատեր անոնց ականատես չեղան, իսկ ներկայիս այլեւս անոնք տեղի չեն ունենար։ Այսուհանդերձ, մինչ երեւութապէս անյաղթելի թուող խնդիրներու հետ կը մենամարտինք, մխիթարական չէ՞ գիտնալ որ եթէ հաւատքով խնդրենք Եհովայէ, ան մեզի պիտի տայ այն նոյն հոգին որ Մովսէսի թիկունք կանգնեցաւ Փարաւոնին դիմաց եւ Կարմիր Ծովէն անցք մը բացաւ Իսրայելացիներուն։—Մատթէոս 17։19
Ներշնչեալ Գրութիւններ
8. Տասը Պատուիրանները տալուն մէջ սուրբ հոգին ի՞նչ դեր ունեցաւ։
8 Իսրայելացիները Եգիպտոսէ ազատագրուելէ ետք, Մովսէս զանոնք Սինա Լեռը առաջնորդեց, ուր Եհովա անոնց հետ ուխտ մը հաստատեց եւ իր Օրէնքը տուաւ անոնց։ Մովսէսի միջոցաւ տրուած այդ Օրէնքին կորիզը կը կազմէր Տասը Պատուիրանները որոնք առաջին անգամ քարէ տախտակներու վրայ փորագրուեցան։ Ի՞նչ կերպով։ Սուրբ հոգիով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երբ [Եհովա] Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ»։—Ելից 31։18. 34։1
9, 10. Սուրբ հոգին ինչպէ՞ս գործեց Եբրայերէն Գրութիւնները գրի առնուած ատեն, եւ ասիկա ինչպէ՞ս բացայայտ է Յիսուսի աշակերտներուն գործածած արտայայտութիւններէն։
9 Տասը Պատուիրաններէն զատ, Եհովա իր հոգիին միջոցաւ Իսրայէլի հարիւրաւոր օրէնքներ եւ կանոններ տուաւ հաւատարիմ այրերու ու կիներու կեանքերը առաջնորդելու համար։ Սակայն, տակաւին ասկէ աւելին պիտի ըլլար։ Մովսէսի օրէն դարեր ետք, Նէեմիա իր հանրային աղօթքին մէջ վկայեց. «Շատ տարիներ անոնց [Իսրայելացիներուն] երկայնմտութիւն ըրիր ու քու հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր»։ (Նէեմեայ 9։30) Այդ մարգարէներուն կողմէ եղած բազմաթիւ ներշնչեալ մարգարէութիւններ գրի առնուեցան։ Ասկէ զատ, սուրբ հոգին հաւատարիմ մարդոց մղեց սրբազան պատմութիւններ եւ փառաբանութեան խորազգաց երգեր գրելու։
10 Պօղոս այս բոլոր գրութիւններուն կ’ակնարկէր, երբ ըսաւ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16. Բ. Թագաւորաց 23։2. Բ. Պետրոս 1։20, 21) Արդարեւ, երբ այս համարները կը մէջբերէին, Յիսուսի առաջին դարու աշակերտները յաճախ կը գործածէին այսպիսի արտայայտութիւններ. «Սուրբ հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ», «սուրբ հոգին աղէկ խօսեցաւ ... Եսայի մարգարէին միջոցով», կամ պարզապէս՝ «ինչպէս կ’ըսէ սուրբ հոգին»։ (Գործք 1։16. 28։25, 26. Եբրայեցիս 3։7) Ի՜նչ օրհնութիւն մըն է թէ նոյն հոգին, որ Սուրբ Գրութիւններուն արձանագրութեան ազդեց, նաեւ պահպանեց զանոնք, որպէսզի այսօր մեզ առաջնորդեն ու մխիթարեն։—Ա. Պետրոս 1։25
Սուրբ Հոգիին Ապաւինիլ
11. Սուրբ հոգիին ո՞ր գործունէութիւնը տեսնուեցաւ տաղաւարի շինութեան ատեն։
11 Մինչ Իսրայելացիները կը բանակէին Սինա Լերան ստորոտը, Եհովա անոնց պատուիրեց որ տաղաւար մը շինեն, որ ճշմարիտ պաշտամունքի որպէս կեդրոն պիտի ծառայէր։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի կարենային իրագործել։ «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։ Աստուծոյ հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա»։ (Ելից 35։30, 31) Սուրբ հոգին Բեսելիէլի ունեցած բնական հմտութիւնները աւելի սրեց, իսկ ան կարողացաւ յաջող կերպով վերահսկել այդ արտակարգ կառոյցին շինութեան վրայ։
12. Մովսէսի ժամանակէն ետք, սուրբ հոգին ինչպէ՞ս արտակարգ կերպերով զօրացուց կարգ մը անհատներ։
12 Աւելի ետք, Եհովայի հոգին Սամփսոնի վրայ գործեց, անոր գերմարդկային ոյժ մը տալով, որպէսզի Իսրայէլը փղշտացիներուն ձեռքէն ազատագրէր։ (Դատաւորաց 14։5–7, 9. 15։14–16. 16։28–30) Տակաւին աւելի ետք, Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին թագաւոր նշանակուած Սողոմոնին մասնայատուկ իմաստութիւն շնորհուեցաւ։ (Բ. Մնացորդաց 1։12, 13) Անոր իշխանութեան ներքեւ, Իսրայէլ որեւէ ժամանակէ աւելի բարգաւաճեցաւ եւ այս ուրախ վիճակը կը պատկերացնէ Մեծագոյն Սողոմոնի՝ Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ներքեւ Աստուծոյ ժողովուրդին վայելելիք օրհնութիւնները։—Գ. Թագաւորաց 4։20, 25, 29–34. Եսայեայ 2։3, 4. 11։1, 2. Մատթէոս 12։42
13. Հոգիին կողմէ Բեսելիէլի, Սամփսոնի եւ Սողոմոնի զօրացած ըլլալուն արձանագրութիւնները ինչպէ՞ս կը քաջալերեն մեզի այսօր։
13 Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն է որ Եհովա այդ նոյն հոգին մատչելի կը դարձնէ մեզի։ Երբ նշանակումի մը, կամ քարոզչութեան գործին մասնակցելու համար մենք մեզ անատակ զգանք, Եհովայէ կրնանք խնդրել որ Բեսելիէլի տուած նոյն հոգին մեզի ալ տայ։ Երբ հիւանդութենէ տառապինք, կամ հալածանքի տոկանք, նոյն հոգին, որ Սամփսոնի արտակարգ զօրութիւն տուաւ, մեզ ալ պիտի զօրացնէ, անշուշտ ո՛չ հրաշալի կերպով։ Իսկ երբ դժուար խնդիրներու առջեւ գտնուինք, կամ կարեւոր որոշումներ պէտք է առնենք, Սողոմոնի արտակարգ իմաստութիւն տուած Եհովայէն կրնանք խնդրել որ մեզի օգնէ իմաստուն կերպով վարուելու։ Այդ ատեն, Պօղոսի նման, պիտի ըսենք. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլիպպեցիս 4։13) Իսկ Յակոբոսի խոստումն ալ պիտի կիրարկուի մեր պարագային. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի»։—Յակոբու 1։5
14. Որո՞նք, անցեալին եւ ներկայիս, սուրբ հոգիին օգնութիւնը ունեցած են։
14 Եհովայի հոգին Մովսէսին ալ վրան էր, երբ ան Իսրայէլ ազգը կը դատէր։ Երբ Մովսէսի օգնելու համար ուրիշներ նշանակուեցան, Եհովա ըսաւ. «Քու վրադ եղած հոգիէն պիտի առնեմ ու անոնց վրայ պիտի դնեմ, որպէսզի ժողովուրդին բեռը վերցնեն քեզի հետ ու դուն մինակ չվերցնես»։ (Թուոց 11։17) Հետեւաբար, այդ մարդիկը իրենց անձնական ոյժին ապաւինելով պէտք չէր գործէին։ Սուրբ հոգին անոնց թիկունք պիտի կանգնէր։ Կը կարդանք որ ուրիշ առիթներով, Եհովայի հոգին ուրիշ անհատներու վրայ ալ հանգչեցաւ։ (Դատաւորաց 3։10, 11. 11։29) Երբ Սամուէլ Դաւիթը օծեց որպէս Իսրայէլի ապագայ թագաւորը, արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ»։ (Ա. Թագաւորաց 16։13) Ներկայիս, ընտանեկան, ժողովքային կամ կազմակերպչական ծանր պատասխանատուութիւն ունեցողներն ալ կրնան մխիթարուիլ, գիտնալով որ Աստուծոյ հոգին տակաւին թիկունք կը կանգնի իր ծառաներուն որոնք լուրջի կ’առնեն իրենց պարտաւորութիւնները։
15. Սուրբ հոգին ի՞նչ կերպով զօրացուցած է Եհովայի կազմակերպութիւնը (ա) Անգէի եւ Զաքարիայի օրերուն, եւ (բ) մեր օրերուն։
15 Մովսէսի օրուընէ շուրջ հազար տարիներ ետք, Իսրայէլի որդիներէն հաւատարիմներ Բաբելոնէն Երուսաղէմ վերադարձան տաճարը վերաշինելու յանձնարարութեամբ։ (Եզրասայ 1։1–4. Երեմեայ 25։12. 29։14) Սակայն, դժուար արգելքներ մէջտեղ ելան եւ տարիներ անոնք յուսահատ վիճակ մը ունեցան։ Վերջապէս, Եհովա Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէները հանեց Հրեաներուն քաջալերելու որ իրենց անձնական ոյժին չապաւինին։ Բայց այս պարտականութիւնը ինչպէ՞ս պիտի իրագործուէր։ «‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը»։ (Զաքարեայ 4։6) Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, տաճարը շինուեցաւ։ Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը նոյն կերպով շատ բաներ իրագործած է։ Բարի լուրի քարոզչութիւնը ամբողջ երկրի վրայ տարածուած է։ Միլիոնաւոր անհատներ ճշմարտութեան եւ արդարութեան մէջ կը դաստիարակուին։ Համաժողովներ կը կազմակերպուին։ Թագաւորութեան Սրահներ եւ մասնաճիւղի գրասենեակներ կը կառուցուին։ Ասոնցմէ շատերը դառն հակառակութեան դիմաց կատարուած են։ Բայց Եհովայի Վկաները չեն յուսահատած, գիտնալով որ իրենց ամէն իրագործում ոչ թէ զօրութեամբ, կամ մարդկային ոյժով եղած է, այլ՝ Աստուծոյ հոգիովը։
Աստուծոյ Հոգին Առաջին Դարուն
16. Եհովայի նախա–Քրիստոնէական դարաշրջանի ծառաները ի՞նչ փորձառութիւն ունեցան Աստուծոյ հոգիին գործունէութեան հետ։
16 Ինչպէս տեսանք, նախա–Քրիստոնէական դարաշրջանի Աստուծոյ ծառաները Աստուծոյ հոգիին զօրութեան գիտակից էին։ Անոնք անոր օգնութեան կ’ապաւինէին իրենց ծանր պարտաւորութիւնները իրագործելու եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Անոնք նաեւ գիտէին որ Օրէնքը եւ մնացեալ սրբազան գրութիւնները Եհովայի հոգիին ազդեցութեան ներքեւ ներշնչուած ու գրուած էին եւ հետեւաբար՝ ‘Աստուծոյ Խօսք’ն էին։ (Սաղմոս 119։105) Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել Քրիստոնէական դարաշրջանին մասին։
17, 18. Քրիստոնէական դարաշրջանին, հոգիին հրաշալի յայտնաբերումներէն ոմանք ի՞նչ էին, եւ անոնք ի՞նչ նպատակի ծառայեցին։
17 Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարն ալ Աստուծոյ հոգիին հիանալի գործունէութիւնները տեսաւ։ Հոգիէն ներշնչուած մարգարէութիւններ կային։ (Ա. Կորնթացիս 14։1, 3) Սուրբ հոգիին ազդեցութեան ներքեւ բազմաթիւ գիրքեր գրուեցան առ ի կատարում Յիսուսի խոստման թէ սուրբ հոգին իր ըսած բոլոր բաները պիտի յիշեցնէր իր աշակերտներուն եւ թէ ճշմարտութեան ուրիշ երեսակներ ալ պիտի սորվեցնէր անոնց։ (Յովհաննու 14։26. 15։26, 27. 16։12, 13) Հրաշքներ ալ գործուեցան, որոնց մասին աւելի պիտի խօսինք յաջորդ յօդուածով։ Արդարեւ, առաջին դարը սկսաւ ակնառու հրաշքով մը։ Հ.Դ.Ա. շուրջ 2 թուականին, մասնայատուկ մանուկ մը պիտի ծնէր եւ որպէս նշան, անոր երիտասարդ մայրը կոյս մը պիտի ըլլար։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար։ Սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ սուրբ հոգիէն յղացած գտնուեցաւ»։—Մատթէոս 1։18. Ղուկաս 1։35, 36
18 Երբ Յիսուս չափահաս եղաւ, ան դեւեր հանեց, հիւանդներ բժշկեց, նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց սուրբ հոգիին զօրութեամբ։ Իր հետեւորդներէն ոմանք ալ հրաշքներ եւ հզօր գործեր ըրին։ Այս մասնայատուկ կարողութիւնները հոգիին պարգեւներ էին։ Անոնց նպատակը ի՞նչ էր։ Նախկին հրաշքներուն նման, անոնք ալ Աստուծոյ նպատակները յառաջ տանելու նպաստեցին եւ իր զօրութիւնը ցոյց տալու ծառայեցին։ Ասկէ աւելին, անոնք ապացուցանեցին Աստուծմէ ղրկուած ըլլալուն մասին Յիսուսի դաւանութեան հարազատութիւնը։ Իսկ, հետագային, անոնք փաստեցին որ առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքը Աստուծոյ ընտրեալ ազգն էր։—Մատթէոս 11։2–6. Յովհաննու 16։8. Գործք 2։22. Ա. Կորնթացիս 12։4–11. Եբրայեցիս 2։4. Ա. Պետրոս 2։9
19. Մեր հաւատքը ինչպէ՞ս կը զօրանայ Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն գործած հրաշքներու Աստուածաշունչի պատմութեամբ։
19 Սակայն, Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ հոգիին այսպիսի հրաշալի յայտնութիւնները կը պատկանէին մանուկ ժողովքին եւ ժամանակաւոր էին. ուստի ներկայիս սուրբ հոգիէն գործուած հրաշքներ չենք տեսներ։ (Ա. Կորնթացիս 13։8–11) Տակաւին, Յիսուսի եւ իր առաքեալներուն գործած հրաշքները պատմական հետաքրքրութիւն ունենալէն աւելի մեծ իմաստ մը ունին։ Անոնք մեր հաւատքը կը զօրացնեն Աստուծոյ այն խոստումին վրայ թէ Յիսուսի իշխանութեան ներքեւ, նոր աշխարհին մէջ հիւանդութիւնն ու մահը ա՛լ գոյութիւն պիտի չունենան։—Եսայեայ 25։6–8. 33։24. 65։20–24
Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին Օգուտները
20, 21. Սուրբ հոգիին հայթայթումէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։
20 Այս հոգին հոյակապ զօրութիւն մըն է։ Բայց ներկայիս Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան անկէ օգտուիլ։ Նախ, Յիսուս ըսաւ որ զայն պէտք է խնդրենք. ուստի, ինչո՞ւ ասիկա չընենք։ Եհովայէ խնդրեցէք որ այս հոյակապ պարգեւը ձեզի տայ, ո՛չ միայն նեղութեան ժամանակներուն, այլ՝ ամէն առիթով։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կարդացէք որպէսզի սուրբ հոգին խօսի ձեզի։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 3։7)։ Ձեր կարդացածին վրայ խոկացէք եւ զանոնք կիրարկեցէք, որպէսզի սուրբ հոգին ձեր կեանքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ։ (Սաղմոս 1։1–3) Աւելին, ընկերակցեցէք՝ անհատապէս, ժողովներուն եւ համաժողովներուն մէջ՝ անոնց հետ, որոնք Աստուծոյ հոգիին կ’ապաւինին։ Սուրբ հոգին որքա՜ն կը զօրացնէ անոնց որոնք կ’օրհնեն իրենց Աստուածը «ժողովուրդներուն մէջ»։—Սաղմոս 68։26
21 Եհովա առատաձեռն Աստուած մը չէ՞։ Ան մեզի կ’ըսէ որ պարզապէս իրմէ խնդրենք սուրբ հոգին եւ ան մեզի պիտի տայ զայն։ Որքա՜ն յիմարութիւն է մեր անձնական իմաստութեան եւ ոյժին ապաւինիլ, երբ այսքան զօրաւոր օգնութիւն մը մեր տրամադրութեան տակ է։ Աստուծոյ հոգիին հետ առնչուած տակաւին ուրիշ հարցեր ալ կան, որոնք մեզի՝ Քրիստոնեաներուս՝ կ’ազդեն, իսկ ասոնց մասին պիտի խօսինք յաջորդ յօդուածով։
[Ստորանիշ էջ 9]
a «Աստուծոյ մատ»ը արտայայտութիւնը սովորաբար կ’ակնարկէ սուրբ հոգիին։—Բաղդատել Ղուկաս 11։20–ը Մատթէոս 12։28–ին հետ։
[Ստորանիշ էջ 9]
b Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքներուն մեծամասնութիւնը տեղի ունեցաւ Մովսէսի ու Յեսուի, Եղիայի ու Եղիսէի, Յիսուսի ու իր առաքեալներուն ժամանակին։
Կրնա՞ք Հետեւեալ Հարցումներուն Պատասխանել
◻ Եհովա ինչպէ՞ս ստեղծեց տիեզերքի բոլոր նիւթերը։
◻ Նախա–Քրիստոնէական դարաշրջանին սուրբ հոգիին գործելուն կարգ մը կերպերը ի՞նչ էին։
◻ Ինչպէ՞ս մխիթարական է գիտնալ սուրբ հոգիին անցեալի իրագործումները։
◻ Սուրբ հոգիին հայթայթումէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։
[Նկար՝ էջ 10]
Սամփսոնին գերմադկային ոյժ տուած հոգին կրնայ մեզի ալ ամէն բանի մէջ զօրութիւն տալ