Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Յունիս 1—Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։—Յովհաննու 16։33, Դիտ. 5/1/91 13–15
Յունիս 2—Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։—Առակաց 11։25, Դիտ. 1/1/91 16, 17ա
Յունիս 3—Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար։—Ա. Տիմոթէոս 3։2, Դիտ. 11/1/90 18, 19ա
Յունիս 4—Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը։—Գործք 20։35
Յունիս 5—Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասնզի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար։—Ծննդոց 45։5, Դիտ. 8/1/91 16, 17
Յունիս 6—Ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։—Ղուկաս 9։26, Դիտ. 6/1/91 12–14
Յունիս 7—Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն։—Սաղմոս 145։11
Յունիս 8—Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։—Մատթէոս 10։28
Յունիս 9—Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։—Հռովմայեցիս 5։12, Դիտ. 12/1/91 5, 6
Յունիս 10—Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։ Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է։—Ամբակումայ 3։18, 19, Դիտ. 2/1/91 15
Յունիս 11—Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։—Եբրայեցիս 10։24, 25, Դիտ. 1/1/91 15ա
Յունիս 12—Դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, հալածանքներուս, ... եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։—Բ. Տիմոթէոս 3։11, 12, Դիտ. 8/1/91 19–21
Յունիս 13—Բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ [տունէ տուն (ՆԱ)] սորվեցնելէ։—Գործք 20։20
Յունիս 14—Ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ։—Յայտնութիւն 12։12
Յունիս 15—Չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է։—Յակոբու 4։4, Դիտ. 5/1/91 7, 8
Յունիս 16—Ժողովուրդներուն շրթունքները [լեզուները (ՆԱ)] մաքուր շրթունքներու [լեզուներու (ՆԱ)] պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչեն ու մէկ ուսով անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9, Դիտ. 6/1/91 8, 9ա
Յունիս 17—Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասնզի այդ է արժանը։ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ»։—Եփեսացիս 6։1, 2, Դիտ. 3/1/91 8, 9բ
Յունիս 18—Հոգիին պտուղը այս է. ... երկայնամտութիւն։—Գաղատացիս 5։22, Դիտ. 8/1/91 1, 2ա
Յունիս 19—Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։—Ա. Կորնթացիս 5։6, Դիտ. 7/1/91 8, 9
Յունիս 20—Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։—Սաղմոս 145։13
Յունիս 21—Տէ՛րը [Եհովա], Տէ՛ր [Եհովա] Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը՝ յանցանքը ու մեղքը ներող։—Ելից 34։6, 7
Յունիս 22—Աստուած այնպէս սիրեց [մարդոց] աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ։—Յովհաննու 3։16, Դիտ. 1/1/91 4, 5ա
Յունիս 23—Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար։—Ա. Տիմոթէոս 3։2, Դիտ. 11/1/90 20ա
Յունիս 24—Այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։—Ա. Պետրոս 3։7, Դիտ. 8/1/91 7, 8ա
Յունիս 25—Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։—Մատթէոս 7։12
Յունիս 26—Ան [Եհովա] ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։—Եզեկիէլ 2։1
Յունիս 27—Ժողովուրդներուն շրթունքները [լեզուները (ՆԱ)] մաքուր շրթունքներու [լեզուներու (ՆԱ)] պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը [Եհովայի] անունը կանչեն ու մէկ ուսով անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9, Դիտ. 6/1/91 21, 23ա
Յունիս 28—Լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասնզի մեր Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց»։—Յայտնութիւն 19։6, Դիտ. 12/1/90 4ա
Յունիս 29—Ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստւածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։—Բ. Կորնթացիս 13։11, Դիտ. 5/1/91 7, 8ա
Յունիս 30—Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարող ըլլաք համբերել։—Ա. Կորնթացիս 10։13, Դիտ. 8/1/91 12, 13ա