Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 4/1 էջ 15-20
  • Յիշատակութեան արժանի օրը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիշատակութեան արժանի օրը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նիսան 14
  • Խոնարհութիւն եւ Սէր Հագնիլ
  • «Ճամբան ու Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը»
  • Հալածանքի Տոկալ
  • Նոր Ուխտի մը Հաստատումը
  • «Զիս Յիշելու Համար»
  • «Իմ Հօրս Թագաւորութեանը մէջ»
  • Ամենէն Անձկալից Աղօթքը
  • Մեծագոյն Սողոմոնին Իմաստութիւնը
  • Յիսուսի աղօթքին հետ ներդաշնակ գործէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուծոյ սիրած անհատներէն մէ՞կն էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Երկինքի մէջ եղողներուն եւ երկրի վրայ եղողներուն համախմբումը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Ուրիշ ոչխարները եւ նոր ուխտը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 4/1 էջ 15-20

Յիշատակութեան արժանի օրը

«Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 16։33

1, 2. Պատմութեան մէջ, ո՞ր օրը միւս բոլոր օրերէն տարբեր է եւ ինչո՞ւ։

ԱՅՍՕՐ աշխահը շատ բան ունի ըսելիք խաղաղութեան մասին։ Բ. Աշխարհամարտէն ետք, խաղաղութիւնը զուգորդուեցաւ Ե–Յ Օրուան եւ Ճ–Յ Օրուան հետ։a Ամէն տարի, Ծննդեան տօնը ‘երկրի վրայ խաղաղութեան’ մասին խորհիլ կու տայ մարդոց։ (Ղուկաս 2։14) Բայց մարդկային պատմութեան մէջ օր մը կայ, որ միւս բոլոր օրերէն տարբեր է։ Ատիկա այդ օրն է երբ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ վերոյիշեալ խօսքերը։ Երկրի վրայ մարդուն գոյութիւն ունեցած աւելի քան երկու միլիոն օրերէն, այդ մէկ օրն է, որ ամբողջովին փոխեց մարդկութեան ընթացքը իր յաւիտենական բարօրութեան համար։

2 Այդ ծանրակշիռ օրը, Հրէական օրացոյցով, Նիսան 14–ն էր։ Մեր Հասարակ Դարաշրջանի 33 թուականին, Նիսան 14–ը սկսաւ Ապրիլ 1–ի արեւնամուտին։ Այդ գերնշանակալից օրուան դէպքերը նկատի առնենք։

Նիսան 14

3. Յիսուս ինչպէ՞ս անցուց իր վերջին ժամերը։

3 Մինչ մթնշաղը կ’իջնէ, սիրուն լիալուսին մը հաւանաբար կը շողշողայ յիշեցնելու համար որ Եհովա ժամերը եւ ժամանակները կը սահմանէ։ (Գործք 1։7) Իսկ ի՞նչ տեղի կ’ունենայ այն վերնատան մէջ, ուր Յիսուս եւ իր 12 առաքեալները հաւաքուած են տարին անգամ մը Հրէական Զատիկը տօնելու համար։ Մինչ Յիսուս կը պատրաստուի ‘այս աշխարհէն ելլել Հօրը քով, մինչեւ վերջ սէր ցոյց կը ցուցաբերէ իրեններուն հանդէպ’։ (Յովհաննու 13։1, ՆԱ) Ասիկա ինչպէ՞ս կ’ընէ ան։ Թէ՛ խօսքով եւ թէ օրինակով, Յիսուս կը շարունակէ իր աշակերտներուն մէջ քանդակել յատկութիւններ որոնք պիտի օգնեն անոնց աշխարհի յաղթելու։

Խոնարհութիւն եւ Սէր Հագնիլ

4. (ա) Յիսուս ինչպէ՞ս իր աշակերտներուն հիմնական յատկութիւն մը ցոյց տուաւ։ (բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Պետրոս սորվեցաւ խոնարհութեան կարեւորութիւնը։

4 Առաքեալները տակաւին կարիքը ունին ցանկասէր նախանձէ եւ հպարտութենէ ձերբազատուելու։ Ուստի Յիսուս ղենջակ մը առնելով մէջքը կը փաթթէ եւ կը սկսի անոնց ոտքերը լուալ։ Ասիկա կեղծ խոնարհութեան ցուցադրութիւն մը չէ, ինչպէս կ’ընեն Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ամէն տարի։ Բնաւ երբե՜ք։ Ճշմարիտ խոնարհութիւնը անձնուիրութիւն մըն է, որ կը բղխի ‘խոնարհութիւնով ուրիշները մեր անձէն լաւ սեպելէն’։ (Փիլիպպեցիս 2։2–5) Պետրոս նախ չի հասկնար ու կը մերժէ որ Յիսուս իր ոտքերը լուայ։ Երբ կը սրբագրուի, ան Յիսուսէ կը խնդրէ որ իր ամէն մարմինը լուայ։ (Յովհաննու 13։1–10) Սակայն, անպայման Պետրոս տրուած դասը հասկցած ըլլալու է։ Տարիներ ետք, կը տեսնենք որ, իր կարգին, ան ուրիշները կը խրատէ շիտակ կերպով։ (Ա. Պետրոս 3։8, 9. 5։5) Որքա՜ն կարեւոր է որ ներկայիս բոլորս ալ խոնարհութեամբ ծառայենք Քրիստոսի։—Տես նաեւ Առակաց 22։4. Մատթէոս 23։8–12։

5. Յիսուսի տուած ո՞ր պատուէրը ուրիշ հիմնական յատկութեան մը կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։

5 Տասնըերկուքէն մէկը չ’օգտուիր Յիսուսի խրատէն։ Ան Իսկարիովտացի Յուդան է։ Մինչ Պասէքի ճաշը կ’ընթանայ, Յիսուս հոգիին մէջ կը խռովի, Յուդայի կը մատնանշէ որպէս իր մատնիչը եւ զայն դուրս կը ղրկէ։ Միայն անկէ ետքն է որ Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն կ’ըսէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։34, 35) Ասիկա իրապէս նոր պատուիրան մըն է, Յիսուսի գերադրական օրինակով պատկերացուած։ Մինչ իր զոհաբերական մահուան ժամը կը մօտենայ, Յիսուս ուշագրաւ սէր կը ցուցաբերէ։ Ան իր իւրաքանչիւր թանկագին վայրկեանը կը գործածէ այս աշակերտներուն սորվեցնելու եւ քաջալերելու համար։ Յետոյ, ան կը շեշտէ սիրոյ կարեւորութիւնը, ըսելով. «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։—Յովհաննու 15։12, 13

«Ճամբան ու Ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը»

6. Յիսուս ի՞նչ նպատակակէտ կը դնէ իր մտերիմ աշակերտներուն դիմաց։

6 Յիսուս 11 հաւատարիմներուն կ’ըսէ. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։ Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’»։ (Յովհաննու 14։1, 2) Այս տեղը ‘երկնքի թագաւորութեան’ մէջ պիտի ըլլայ։ (Մատթէոս 7։21) Յիսուս կը նշէ թէ այս հաւատարիմ աշակերտներու մտերիմ խումբը ի՛նչպէս կրնայ հասնիլ իր նպատակակէտին։ Ան կ’ըսէ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով»։ (Յովհաննու 14։6) Ասիկա կը կիրարկուի նաեւ այն մարդոց որոնք երկրի վրայ յաւիտենական կեանք կը ստանան։—Յայտնութիւն 7։9, 10. 21։1–4

7–9. Յիսուս ինչո՞ւ ինքզինք կը նկարագրէ որպէս «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։

7 Յիսուս «ճամբան» է։ Աղօթքով Աստուծոյ մօտենալու Միակ ճամբան Յիսուս Քրիստոսն է։ Յիսուս անձամբ կը վստահեցնէ իր աշակերտներուն թէ Հայրը պիտի տայ անոնց ի՛նչ որ խնդրեն Յիսուսի անունով։ (Յովհաննու 15։16) Նուիրական իրերու կամ կրօնական «սուրբեր»ու ուղղուած եւ կամ Ավէ Մարիաներով ու կրկնուած մեղեդիներով լեցուն աղօթքները Հօրը կողմէ լսելի կամ ընդունելի չեն։ (Մատթէոս 6։5–8) Ասկէ զատ, Յիսուսի առնչութեամբ, Գործք Առաքելոց 4։12–ի մէջ կը կարդանք. «Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասնզի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։

8 Յիսուս «ճշմարտութիւն»ն է։ Յովհաննէս առաքեալ իր մասին ըսաւ. «Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս, շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն»։ (Յովհաննու 1։14) Յիսուս Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ հարիւրաւոր մարգարէութիւններուն ճշմարտութիւնը դարձաւ, զանոնք կատարելով։ (Բ. Կորնթացիս 1։20. Յայտնութիւն 19։10) Ան ճշմարտութիւնը գիտցուց աշակերտներուն եւ բազմութիւններուն խօսելով, որոնք զինք կ’ունկնդրէին, կեղծաւոր կղերներուն հետ վիճաբանելով եւ իր կենդանի օրինակը հայթայթելով։

9 Յիսուս «կեանք»ն է։ Որպէս Աստուծոյ Որդին, Յիսուս ըսաւ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ»։ (Յովհաննու 3։36) Յիսուսի զոհագործութեան վրայ ընծայուած հաւատքը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ. օծեալ Քրիստոնեաներու «պզտիկ հօտ»ի մը համար երկնքի մէջ անմահ կեանք, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ու մեծ բազմութեան մը համար դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք։—Ղուկաս 12։32. 23։43. Յովհաննու 10։16

Հալածանքի Տոկալ

10. Ինչո՞ւ «աշխարհին» պէտք է յաղթենք, եւ այս առնչութեամբ Յիսուս ինչ քաջալերութիւն տուաւ։

10 Եհովայի նոր դրութեան մէջ ապրիլ յուսացողները պէտք է պայքարին Բանսարկու Սատանային՝ ‘չարին զօրութեան ներքեւ’ եղող աշխարհին դէմ։ (Ա. Յովհաննու 5։19, ՆԱ) Որքա՜ն քաջալերական են Յովհաննու 15։17–19–ի մէջ Յիսուսի խօսքերը։ Ան կ’ըսէ. «Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք։ Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ»։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ատուած են մինչեւ օրս՝ այս 1992 թուականին, իսկ որքա՜ն կ’ուրախանանք տեսնելով անոնց լաւ օրինակները, որոնք կը շարունակեն հաստատ մնալ, խոնարհութեամբ Եհովայի հզօր ձեռքին տակ զօրութիւն գտնելով։ (Ա. Պետրոս 5։6–10) Բոլորս ալ կրնանք փորձութիւններու տոկալ Յիսուսի հաւատք ընծայելով, որ իր խօսակցութիւնը կ’աւարտէ հետեւեալ սրտապնդիչ բառերով. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։—Յովհաննու 16։33

Նոր Ուխտի մը Հաստատումը

11. Երեմիա ի՞նչ մարգարէացաւ նոր ուխտի մը մասին։

11 Պասէքի տօնակատարութիւնը իր վախճանին հասնելէ ետք, այդ երեկոյեան, Յիսուս նոր ուխտի մը մասին կը խօսի։ Երեմեայ մարգարէն դարեր առաջ նախագուշակեց ասիկա, ըսելով. «‘Ահա օրեր կու գան’, կ’ըսէ Տէրը, ‘երբ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ։ ... Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ ... Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ’»։ (Երեմեայ 31։31–34) Այս նոր ուխտը վաւերացնող զոհը պիտի կատարուի Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ին։

12. Յիսուս ինչպէ՞ս հաստատեց նոր ուխտը, եւ անիկա ի՞նչ իրագործեց։

12 Յիսուս իր 11 հաւատարիմներուն կ’ըսէ թէ մեծապէս փափաքեցաւ այս Զատիկը իրենց հետ ուտել։ Ապա հաց մը կ’առնէ, կը գոհանայ, զայն կը կտրէ ու անոնց կու տայ, ըսելով. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Նոյն կերպով, կարմիր գինիով լեցուն գաւաթն ալ անոնց կ’անցնէ, ըսելով. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։ (Ղուկաս 22։15, 19, 20) Նոր ուխտը ի զօրու կը դառնայ Յիսուսի «պատուական արիւնովը» որ շատ աւելի արժէքաւոր է քան Իսրայէլի Օրէնքը վաւերացնելու համար անասունի սրսկուած արիւնը։ (Ա. Պետրոս 1։19. Եբրայեցիս 9։13, 14) Նոր ուխտին մէջ բերուողները մեղքերու ամբողջական թողութիւն կը վայելեն։ Հետեւաբար, անոնք կրնան 144,000–ի մաս կազմելու համար որակելի ըլլալ, որոնք յաւիտենական ժառանգութիւն կը ստանան որպէս հոգեւոր Իսրայէլ։—Գաղատացիս 6։16. Եբրայեցիս 9։15–18. 13։20. Յայտնութիւն 14։1

«Զիս Յիշելու Համար»

13. (ա) Յիշատակատօնի ժամանակ ի՞նչ բանի մասին պէտք է խորհինք։ (բ) Միայն որո՞նք պէտք է մասնակցին խորհրդանիշերուն եւ ինչո՞ւ։

13 Յիսուսի մահուան 1,960–րդ տարեկան Յիշատակատօնը կ’իյնայ Ապրիլ 17, 1992–ին։ Մինչ այդ օրը կը մօտենայ, տեղին է խորհիլ այն բոլոր բաներուն մասին, զորս Յիսուսի կատարեալ զոհագործութիւնը իրագործեց։ Այս կարգադրութիւնը Եհովայի իմաստութիւնը եւ մարդկութեան հանդէպ իր ունեցած սէրը կը գովաբանէ։ Նոյնիսկ մինչեւ տանջալից մահ, Յիսուսի անթերի ուղղամտութիւնը կը ջատագովէ Եհովան Սատանայի հեգնանքներուն դէմ, ըստ որու, Իր մարդկային արարածները թերի են եւ փորձութեան ներքեւ տեղի պիտի տան։ (Յոբայ 1։8–11. Առակաց 27։11) Իր զոհաբերական արիւնով, Յիսուս միջնորդն է նոր ուխտին որ Եհովայի միջոցն է ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը’ ընտրելու։ Մինչ տակաւին երկրի վրայ են, անոնք իրենց Աստուծոյն՝ Եհովայի ‘առաքինութիւնները կը հռչակեն’, որ զիրենք «խաւարէն իր սքանչելի լոյսին» կանչած է։ (Ա. Պետրոս 2։9. բաղդատել Ելից 19։5, 6–ը)։ Տեղին ըլլալով, միայն անոնք ամէն տարի կը մասնակցին Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն։

14. Միլիոնաւոր հանդիսականներ ինչպէ՞ս կը պարարտանան։

14 Անցեալ տարուան Յիշատակատօնին, համայն աշխարհի մէջ 10,650,158 անհատներ ներկայ գտնուեցան, բայց անոնցմէ միայն 8,850 հոգի—մէկ առ հարիւրին մէկ տասանորդէն պակաս—մասնակցեցան խորհրդանիշերուն։ Ուստի, այս տօնակատարութիւնը ի՞նչ օգտակարութիւն ունի միլիոնաւոր հանդիսականներուն։ Անոր օգտակարութիւնը շա՜տ մեծ է։ Թէեւ չեն մասնակցիր, անոնք հոգեւորապէս կը պարարտանան համաշխարհային եղբայրութեան այս ընկերակցութեամբ, լսելով այն հոյակապ բաները զորս Եհովա կ’իրագործէ իր Որդւոյն զոհագործութեան միջոցաւ։

15. Օծեալներէն զատ ինչպէ՞ս ուրիշներն ալ կ’օգտուին Յիսուսի զոհագործութենէն։

15 Նաեւ, Ա. Յովհաննու 2։1, 2–ի մէջ, առաքեալը մեզ կը տեղեկացնէ. «Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն՝ հապա բոլոր աշխարհին ալ»։ Այո, Յիսուսի զոհագործութիւնը թէեւ առաջին հերթին օգտակար է նոր ուխտին մէջ բերուած Յովհաննէս դասակարգին, սակայն «բոլոր աշխարհին ալ» մեղքերու թողութիւն կը հայթայթէ։ Անիկա ‘կը քաւէ’ աշխարհին մէջ այն բոլոր մարդոց մեղքերը, որոնք հաւատք կ’ընծայեն Յիսուսի թափած արեան։ Այս արիւնը անոնց առջեւ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի ուրախ ակնկալութիւնը կը բանայ։—Մատթէոս 20։28

«Իմ Հօրս Թագաւորութեանը մէջ»

16. (ա) Յիսուս եւ իր ժառանգակիցները հիմա հաւանաբար ի՞նչի կը մասնակցին։ (բ) Ներկայիս ի՞նչ կը պահանջուի թէ՛ օծեալ մնացորդէն եւ թէ մեծ բազմութենէն։

16 Շարունակելով իր առաքեալները խրախուսել, Յիսուս կը մատնանշէ այն օրուան երբ, փոխաբերական իմաստով, իր աշակերտներուն հետ նոր գինիին բերքէն պիտի խմէ իր Հօրը Թագաւորութեանը մէջ։ (Մատթէոս 26։29) Ան կ’ըսէ իր աշակերտներուն. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ։ Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէսզի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներուն վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ (Ղուկաս 22։28–30) Քանի որ Յիսուս 1914–ին երկնքի մէջ Թագաւորական զօրութիւն ստացաւ, կրնանք եզրակացնել որ դարերու ընթացքին Յիսուսի հաւաքած ժառանգակիցներուն մեծամասնութիւնը արդէն յարուցուած է, իրեն հետ ‘աթոռներուն վրայ նստել’ու համար։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15, 16) Արագօրէն կը մօտենայ այդ օրը երբ հրեշտակները ‘մեծ նեղութեան’ «չորս հովերը» պիտի արձակեն։ Մինչ այդ, 144,000 հոգեւոր Իսրայելացիներուն կնքումը եւ մեծ բազմութեան հաւաքումը ամբողջացած պիտի ըլլան։ Անոնք Յիսուսի նման իրենց ուղղամտութիւնը պէտք է պահեն, որպէսզի յաւիտենական կեանքի մրցանակը ստանան։—Յայտնութիւն 2։10. 7։1–4, 9

17 եւ տուփը. (ա) Եթէ օծեալներէն մէկը որպէս անհաւատարիմ մերժուի, տրամաբանականօրէն որմո՞վ կարելի է զայն փոխարինել։ (բ) 1938–ի Դիտարանի յօդուածները ի՞նչ լոյս սփռեցին երկրին վրայ Եհովայի աստուածպետական կազմակերպութեան շինութեան եւ ապա ընդլայնումին վրայ։

17 Իսկ ի՞նչ կը պատահի երբ օծեալներէն ոմանք թերանան իրենց ուղղամտութիւնը պահելու մէջ։ Այս ուշ ժամանակին, այսպիսի անհաւատարիմներուն թիւը անկասկած շատ քիչ պիտի ըլլայ։ Տրամաբանական է որ զանոնք փոխարինելու համար նոր մկրտուածներու մէջէն պիտի չառնուի, այլ՝ անոնց մէջէն, որոնք երկար տարիներու հաւատարիմ ծառայութեամբ Յիսուսի կառչած մնացին իր փորձութիւններուն մէջ։ 1920–ական եւ 1930–ական թուականներուն Դիտարանով հայթայթուած հոգեւոր լոյսի շողերը ցոյց կու տան որ օծեալ մնացորդին հաւաքումը արդէն գրեթէ ամբողջացած էր այդ շրջանին։ Անոնք որոնք անկէ ի վեր ‘իրենց հանդերձները կը լուան եւ Գառնուկին արիւնովը կը ճերմկցնեն’ ուրիշ ուրախ յոյս մը ունին։ Քրիստոսի միջոցաւ, Եհովայի հոգին Դրախտ երկրին վրայ «կենդանի ջուրերու աղբիւրներ»ու կ’առաջնորդէ զանոնք։—Յայտնութիւն 7։10, 14, 17

Ամենէն Անձկալից Աղօթքը

18. Յովհաննու 17–րդ գլուխի Յիսուսի աղօթքէն ի՞նչ զօրաւոր դասեր կը սորվինք։

18 Յիսուս իր աշակերտներուն հետ իր Յիշատակատօնի հաւաքոյթը կ’աւարտէ անձկալից աղօթքով մը, որ արձանագրուած է Յովհաննու 17։1–26–ի մէջ։ Ան նախ կ’աղօթէ որ իր Հայրը զինք փառաւորէ, մինչ ինք իր ուղղամտութիւնը կը պահէ մինչեւ վերջ։ Այս կերպով, Եհովա ալ պիտի փառաւորուի եւ իր անունը պիտի սրբացուի բոլոր նախատինքէ մաքրուելով։ Քանի որ, արդարեւ, կատարեալ մարդ Յիսուս կը փաստէ որ Աստուծոյ մարդկային արարածները կրնան անթերի ըլլալ, նոյնիսկ ամենախիստ փորձութեան դիմաց։ (Բ. Օրինաց 32։4, 5. Եբրայեցիս 4։15) Ասկէ զատ, Յիսուսի զոհաբերական մահը հոյակապ պատեհութիւն մը կ’ընծայէ Ադամի սերունդին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ Որքա՜ն անհրաժեշտ է ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Աստուծոյ Գառին՝ մասին, որ իր կեանքը տուաւ Եհովայի ջատագովման եւ մարդկութեան փրկութեան համար։ (Յովհաննու 1։29. Ա. Պետրոս 2։22–25) Այդ ամենէն սիրալիր զոհագործութիւնը այդ աստիճան կը գնահատէ՞ք որ ամբողջովին նուիրուիք Եհովայի եւ իր թանկագին ծառայութեան։

19. Մնացորդը եւ մեծ բազմութիւնը ինչպէ՞ս անգին միութիւն մը կրնան վայելել։

19 Տակաւին, Յիսուս կ’աղօթէ իր Սուրբ Հօրը որ Ան հսկէ աշակերտներուն վրայ, երբ անոնք կը փաստեն որ աշխարհին մէկ մասը չեն, Իր խօսքին որպէս ճշմարտութիւն կը կառչին եւ Հօրը ու Որդւոյն հետ անգին միութիւն կը պահեն։ Այս աղօթքը հոյակապ կերպով մինչեւ օրս չէ՞ պատասխանուած, երբ օծեալ մնացորդը եւ մեծ բազմութիւնը սիրոյ կապով միացած, միակամօրէն կը ծառայեն, չէզոքութիւն պահելով աշխարհի, անոր բռնութեան եւ ամբարշտութեան հանդէպ։ Իսկ, որքա՜ն թանկագին են իր հօրը՝ Եհովայի ուղղած Յիսուսի վերջին խօսքերը։ «Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ», կ’ըսէ Յիսուս, «որպէսզի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։—Յովհաննու 17։14, 16, 26

20. Ինչո՞ւ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ը վստահաբար յիշատակութեան արժանի օրն է։

20 Գեթսեմանիի պարտէզը երթալով, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ յաւելեալ հակիրճ եւ շինիչ ընկերակցութիւն մը կը վայելէ։ Ապա թշնամիները կը հասնին։ Կարելի չէ բառերով նկարագրել Յիսուսի ֆիզիքական տառապանքը, Եհովայի վրայ կուտակուած նախատինքին համար իր սրտաբեկ վիշտը եւ այս բոլորին մէջ իր օրինակելի ուղղամտութիւնը։ Յիսուս ամբողջ գիշերը եւ այդ օրուան ցորեկուան մեծ մասը այս բոլորին կը տոկայ մինչեւ վերջ։ Ան յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ իր Թագաւորութիւնը այս աշխարհին մէկ մասը չէ։ Իսկ վերջին շունչով, ան կ’աղաղակէ. «Ամէն բան կատարուեցաւ»։ (Յովհաննու 18։36, 37. 19։30) Աշխարհին վրայ իր տարած յաղթանակը կատարեալ է։ Վստահաբար, Հ.Դ. 33–ի Նիսան 14–ը յիշատակութեան արժանի օրն է։

[Ստորանիշ էջ 15]

a Եւրոպայի մէջ Յաղթանակի Օր եւ Ճաբոնի վրայ Յաղթանակի Օր։

Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Յիսուս խոնարհութեան եւ սիրոյ մասին ի՞նչ սորվեցուց։

◻ Յիսուս ինչպէ՞ս «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» եղաւ։

◻ Ի՞նչ է նոր ուխտին նպատակը։

◻ Օծեալ մնացորդը եւ մեծ բազմութիւնը ի՞նչ միութիւն եւ սէր կը բաժնեկցին։

[Շրջանակ՝ էջ 19]

Մեծագոյն Սողոմոնին Իմաստութիւնը

«Կազմակերպութիւն» խորագրով Դիտարանի Յունիս 1 եւ Յունիս 15, 1938–ի թիւերը (Անգլ.) աստուածպետական հիմնական կարգադրութիւնը կը հաստատէին, որու կը հետեւին Եհովայի Վկաները մինչեւ օրս։ Ասիկա 1919–էն սկսեալ, վարդապետական եւ կազմակերպչական վերաճշդումներու ակնառու շրջան մըն էր։ (Եսայեայ 60։17) Այս 20 տարուան շրջանը բաղդատելով այդ 20 տարուան շրջանին հետ, որու ընթացքին Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ տաճարը եւ թագաւորին տունը շինեց, Դիտարանը կ’ըսէր. «Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տան որ Սողոմոն քսան տարուան շինարարութեան յայտագրէն ետք, ... ամբողջ երկրին մէջ շինարարական յայտագրի մը ձեռնարկեց։ (Գ. Թագ. 9։10, 17–23. Բ. Մնաց. 8։1–10) Անկէ ետք, Սաբայի Թագուհին «երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու»։ (Մատթ. 12։42. Գ. Թագ. 10։1–10. Բ. Մնաց. 9։1–9, 12) Ասիկա հետեւեալ հարցումը կը յարուցանէ. Երկրի վրայ Եհովայի ժողովուրդին ի՞նչ կը սպասէ մօտ ապագային։ Կատարեալ վստահութեամբ պիտի սպասենք եւ պիտի տեսնենք»։ Այդ վստահութիւնը ի դերեւ չելաւ։ Աստուածպետական կազմակերպութեան ներքեւ, հոգեւոր կերտումի համաշխարհային հսկայական յայտագիր մը մեծ բազմութենէն աւելի քան չորս միլիոն անհատներ հաւաքած է։ Սաբայի Թագուհիին նման, անոնք երկրի հեռաւոր մասերէն կու գան Մեծագոյն Սողոմոնի՝ Յիսուս Քրիստոսի իմաստութիւնը լսելու, որ իրենց կը հասնի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ։—Մատթէոս 24։45–47

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել