Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 7/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՛նչպէս Կառավարիչ մարմինը կազմակերպուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Եհովայի կարգադրութիւնը՝ «տրուած»ները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ներկայիս ո՞վ կ’առաջնորդէ Աստուծոյ ժողովուրդը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ներկայիս Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կը գործէ
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 7/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Օգոստոս 1—Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։—Կողոսացիս 4։6

Օգոստոս 2—Քանզի անոնց ըսաւ. «Յոգնածը հանգստացնելու միջոցը ասիկա է ու մխիթարութիւնը ասիկա է»։ Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին։—Եսայեայ 28։12

Օգոստոս 3—[Քրիստոս] սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց ... ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով։—Եբրայեցիս 5։7, Դիտ. 3/1/91 12, 13ա

Օգոստոս 4—Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես»։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները»։—Մատթէոս 5։43, 44

Օգոստոս 5—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ։—Առակաց 27։11

Օգոստոս 6—Հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։—Ա. Պետրոս 2։13, 14

Օգոստոս 7—Եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար։—Ա. Կորնթացիս 13։3, Դիտ. 1/1/91 15, 16

Օգոստոս 8—Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։—Սաղմոս 145։4

Օգոստոս 9—Մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է։—Բ. Կորնթացիս 3։5, Դիտ. 11/1/90 1, 2ա

Օգոստոս 10—Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։—Եսայեայ 55։11

Օգոստոս 11—Սակայն դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասնզի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։—Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15, Դիտ. 9/1/91 10, 14ա

Օգոստոս 12—Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք»։—Մատթէոս 25։34, Դիտ. 2/1/91 6, 7ա

Օգոստոս 13—Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։—Եբրայեցիս 10։24, 25, Դիտ. 12/1/90 1–3ա

Օգոստոս 14—Անոնք որ ծառայութեան լուծի տակ են, իրենց տէրերը ամէն պատիւի արժանի թող սեպեն, որպէսզի Աստուծոյ անուան ու վարդապետութեան չհայհոյեն։—Ա. Տիմոթէոս 6։1, Դիտ. 3/1/91 6, 7բ

Օգոստոս 15—Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։—Ա. Յովհաննու 3։18

Օգոստոս 16—Իրաւունքը՝ կապարալար, արդարութիւնը խորաչափ պիտի ընեմ։ Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն։—Եսայեայ 28։17

Օգոստոս 17—Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի։—Գործք 17։24

Օգոստոս 18—Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը։ Ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։—Հռովմայեցիս 11։33, Դիտ. 4/1/91 14, 15ա

Օգոստոս 19—Ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասնզի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։—Ա. Յովհաննու 3։22, Դիտ. 5/1/91 12ա

Օգոստոս 20—Եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։—Եզեկիէլ 3։19

Օգոստոս 21—Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։—Սաղմոս 103։10, 11, Դիտ. 6/1/91 18, 19

Օգոստոս 22—Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, որպէսզի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։—Սոփոնեայ 3։9

Օգոստոս 23—Սէրը երկայնամիտ է։—Ա. Կորնթացիս 13։4, Դիտ. 8/1/91 17, 20ա

Օգոստոս 24—Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ. ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ։ Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու»։—Եսայեայ 28։16

Օգոստոս 25—Միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։—Ա. Պետրոս 3։15, Դիտ. 9/1/91 19, 20ա

Օգոստոս 26—Եպիսկոպոսը [վերատեսուչը (ՆԱ)] պէտք է ... ըլլայ ... ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, հապա հանդարտ, ո՛չ կռուող, ո՛չ արծաթասէր։—Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3, Դիտ. 11/1/90 21, 22ա

Օգոստոս 27—Տէրը [Եհովան] արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։ Տէրը [Եհովան] մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։—Սաղմոս 145։17, 18

Օգոստոս 28—Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ։—Եզեկիէլ 34։16, Դիտ. 7/1/91 8–10ա

Օգոստոս 29—Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր։ Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին։—Յովհաննու 1։32, 34

Օգոստոս 30—[Եհովան] փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, թերեւս [Եհովայի] բարկութեան օրը ծածկուիք։—Սոփոնեայ 2։3

Օգոստոս 31—Ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասնզի վէմի վրայ հաստատուած էր։—Մատթէոս 7։24, 25

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել