Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Սեպտեմբեր 1—Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք»։—Ծննդոց 1։28, Դիտ. 10/1/91 4–6
Սեպտեմբեր 2—Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է։—Առակաց 19։22, Դիտ. 10/1/91 13–15բ
Սեպտեմբեր 3—Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։ Որպէսզի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով։—Հռովմայեցիս 13։12, 13, Դիտ. 11/1/91 15, 16
Սեպտեմբեր 4—Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ։—Սաղմոս 104։24
Սեպտեմբեր 5—Եպիսկոպոս մը [վերակացու մը (ՆԱ)] պէտք է ... ըլլայ ... հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ։—Տիտոս 1։7, 8, Դիտ. 11/1/90 23, 24ա
Սեպտեմբեր 6—Պատասխան տուին սպասաւորները. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։—Յովհաննու 7։46
Սեպտեմբեր 7—Բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր։—Ա. Պետրոս 2։23
Սեպտեմբեր 8—Ե՛տ քաշուեցէք ինծմէ, ո՛վ չարագործներ, վասնզի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։—Սաղմոս 119։115, Դիտ. 10/1/91 8, 9բ
Սեպտեմբեր 9—Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։ Վասնզի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան»։—Ղուկաս 1։46–48, Դիտ. 10/1/91 20, 21
Սեպտեմբեր 10—[Աստուծոյ] աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը։—Հռովմայեցիս 1։20
Սեպտեմբեր 11—Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։—Յովհաննու 3։19, Դիտ. 11/1/91 1, 2
Սեպտեմբեր 12—Իմ բերանս Տէրոջը [Եհովայի] գովութիւնը պիտի պատմէ ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։—Սաղմոս 145։21
Սեպտեմբեր 13—Բարերար անձը պիտի գիրնայ եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։—Առակաց 11։25, Դիտ. 1/1/91 18, 19ա
Սեպտեմբեր 14—Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։—Ա. Կորնթացիս 9։27
Սեպտեմբեր 15—Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, Քրիստոս ըսուածը»։ ... Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։—Յովհաննու 4։25, 26, Դիտ. 10/1/91 3ա
Սեպտեմբեր 16—Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։—Սաղմոս 13։5, Դիտ. 10/1/91 11, 12բ
Սեպտեմբեր 17—Երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ։—Մատթէոս 13։45, 46
Սեպտեմբեր 18—Լուսոյ պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է։ Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին. ու կցորդ մի՛ ըլլաք խաւարին անպտուղ գործերուն։—Եփեսացիս 5։9–11
Սեպտեմբեր 19—Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին։—Յայտնութիւն 7։10, Դիտ. 11/1/91 13, 14
Սեպտեմբեր 20—Ես քու խօսքերդ գտնուելուն պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ծնցութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասնզի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ զօրքերու Տէր [Եհովա] Աստուած։—Երեմեայ 15։16, Դիտ. 2/1/91 16
Սեպտեմբեր 21—Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։16, Դիտ. 3/1/91 9, 10ա
Սեպտեմբեր 22—Հայրը հաճեցաւ որ ... անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը։—Կողոսացիս 1։19, 20, Դիտ. 4/1/91 10ա
Սեպտեմբեր 23—Կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին ... որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։—Մարկոս 15։40, 41, Դիտ. 10/1/91 4, 6ա
Սեպտեմբեր 24—Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են։—Սաղմոս 139։14
Սեպտեմբեր 25—Վասնզի ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։—Եսայեայ 60։2, Դիտ. 11/1/91 20, 21ա
Սեպտեմբեր 26—Իսկ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի ըսածս լսէ՛, այն ապստամբ տանը պէս ապստամբ մի՛ ըլլար. բերանդ բաց ու քեզի տուածս կեր։—Եզեկիէլ 2։8
Սեպտեմբեր 27—«Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 4, 7
Սեպտեմբեր 28—Ջանալով սուրբ հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել։—Եփեսացիս 4։3, Դիտ. 5/1/91 10, 11ա
Սեպտեմբեր 29—Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։—Սաղմոս 119։97, Դիտ. 6/1/91 17, 19ա
Սեպտեմբեր 30—Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր [Եհովա] Աստուածդ կու տայ քեզի։—Ելից 20։12, Դիտ. 10/1/91 12, 13