Հաւատքը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել հիւանդի մը
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ մէջ հրաշագործ բուժումներուն դէպքերը մեզ կը վստահեցնեն թէ Աստուած հետաքրքրուած է մեր բարօրութեամբ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տան բուժելու իր զօրութիւնը։ Քանի որ այս հրաշագործ բուժումները Աստուած փառաբանեցին եւ շատ մեծ ուրախութիւն պատճառեցին, ուստի տրամաբանական է հարց տալ թէ սուրբ հոգիին կողմէ կատարուած բուժումները տակաւին ի զօրո՞ւ են։
Այս հարցումին պատասխանը ո՛չ է. ասոր պատճառը կրնայ ոմանց զարմացնել։ Առաջին դարուն կատարուած այդ հրաշագործ բուժումները իրենց նպատակին ծառայեցին։ Աստուածաշունչի բառարան մը (The Illustrated Bible Dictionary) շիտակ կերպով կը նշէ. «Բուժիչ հրաշքներուն նպատակը աստուածաբանական էր, ո՛չ թէ բժշկական»։ Այդ աստուածաբանական նպատակներէն ոմանք ի՞նչ էին։
Նախ, Յիսուսի բուժիչ հրաշքները զինք որպէս Մեսիա բնորոշելու ծառայեցին։ Իսկ իր մահուընէ ետք, անոնք օգնեցին հաստատելու թէ Աստուծոյ օրհնութիւնը Քրիստոնէական նոր ժողովքին վրայ էր։ (Մատթէոս 11։2–6. Եբրայեցիս 2։3, 4) Ասոնցմէ զատ, անոնք ցոյց տուին, որ նոր աշխարհին մէջ, մարդկութիւնը բուժելու Աստուծոյ խոստումը պիտի կատարուի։ Անոնք մեր հաւատքը կը հաստատեն, թէ ժամանակ մը պիտի գայ երբ «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի»։ (Եսայեայ 33։24) Անգամ մը որ առաջին դարու այս նպատակները իրագործուեցան, այլեւս հրաշքներուն կարիքը չմնաց։
Նկատողութեան արժանի է որ Յիսուսի առաջին դարու աշակերտները կարգ մը հաշմանդամութիւններ ունէին, որոնք հրաշքով չբուժուեցան։ Ասիկա յաւելեալ փաստ մըն է որ Յիսուսի, ինչպէս նաեւ առաքեալներուն հրաշագործ բուժումներուն նպատակն էր կարեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնել եւ ոչ թէ բժշկական ծառայութիւններ մատուցանել։ Տիմոթէոսի յաճախակի հիւանդութեան որպէս բուժում, Պօղոս որպէս դեղ, գինի գործածել յանձնարարեց եւ ոչ թէ հրաշագործ բուժում։ Պօղոս որ ինք հրաշագործ բուժումներ կը կատարէր, զինք ‘նեղող’ «մարմնի խայթոց»էն չբուժուեցաւ։—Բ. Կորնթացիս 12։7. Ա. Տիմոթէոս 5։23
Առաքեալներուն մահով, բուժումի պարգեւները վերջացան։ Պօղոս ինք խօսած էր այս մասին։ Քրիստոնէական ժողովքը մանուկի մը նմանցնելով, ան ըսաւ. «Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարուն ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի»։ Իր տուած օրինակին միտք բանին այդ էր, որ հրաշալի պարգեւները Քրիստոնէական ժողովքին մանկութեան մէկ մասն էին։ Անոնք «տղայութեան բաներ» էին։ Ուստի ան ըսաւ որ անոնք [հրաշալի պարգեւները] ‘պիտի խափանուէին’։—Ա. Կորնթացիս 13։8–11
Երբ Հիւանդանանք, Հաւատքը Կրնա՞յ Օգնել Մեզի
Սակայն, նոյնիսկ երբ հրաշագործ բուժում չենք սպասեր, վստահաբար պատշաճ է Աստուծոյ օգնութիւնը հայցել, երբ հիւանդանանք։ Նաեւ սխալ չէ երբ ուրիշներ մեզի համար աղօթեն։ Սակայն, այս աղօթքները իրապաշտ եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն պէտք է ըլլան։ (Ա. Յովհաննու 5։14, 15) Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ տեղ Աստուած մեզի կը պատուիրէ որ հրաշագործ բուժումի համար աղօթենք։a Այլ, հիւանդութեան պատճառած փորձութիւններու ընթացքին, Եհովայի սիրալիր օգնութեան համար կ’աղօթենք։
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ հաւատարիմները ի՛նչ բաներ կրնան խնդրել՝ երբ հիւանդ են։ «Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը»։ (Սաղմոս 41։3) Զգացական հիւանդութենէ տառապողները կրնան օգնութիւն ստանալ, Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալով։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր. իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։—Սաղմոս 94։18, 19. տես նաեւ 63։6–8
Ասկէ զատ, առողջապահական հարցերու մէջ լաւ դատողութիւն պէտք է ունենանք եւ Աստուածաշունչը այս ուղղութեամբ մեզ կը խրատէ։ Շատ աւելի լաւ է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կեանք մը վարել, քան թէ թմրեցուցիչի, ծխախոտի, ծանր խմիչքի կամ շատակերութեան անձնատուր ըլլալ եւ ապա երբ հիւանդութիւնը գայ, որպէս վերջին յոյս հրաշագործ բուժումներու դիմել։ Երբ հիւանդութիւն մը հարուածէ, փոխանակ հրաշքի մը համար աղօթելու, աւելի իմաստութիւն է կարգ մը հիւանդութիւններէ խուսափիլ, թերեւս եթէ կարելի է սննդարար բաներ ուտելով, կամ բժշկական որակելի օգնութիւն մը փնտռելով։
Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կը քաջալերէ մեզ որ առողջ մտավիճակ մը ունենանք, որ կրնայ մեր ֆիզիքական առողջութեան նպաստել։ Առակաց գիրքը կը խրատէ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է»։ «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ»։ (Առակաց 14։30. 17։22) Մեր ֆիզիքական առողջութեան մեծապէս կը նպաստէ, երբ կ’աղօթենք որ սուրբ հոգին մեր մէջ հանդարտութիւն եւ ուրախութիւն յառաջացնէ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7
Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Հրաշագործ Բուժումներուն Մասին
Անշուշտ, նոյնիսկ երբ անհատ մը առողջ կեանք մը վարէ, իր պարագային ներած չափով, տակաւին հիւանդութիւնը կրնայ զինք հարուածել։ Ի՞նչ կրնայ ընել։ Բուժուելու յոյսով հաւատքի բուժիչներուն երթալուն մէջ վնաս մը կա՞յ։ Այո՛, վնաս մը կայ։ Հազուագիւտ է որ արդի հաւատքի բուժիչները ձրիօրէն ընեն այդ բուժումները։ Իսկ հաւատքի բուժիչներուն վրայ դրամ ծախսելը մեզի սուղի կրնայ նստիլ, երբ զայն կրնանք ծախսել բժշկական օգնութիւն ստանալու համար։ Ասկէ զատ, ինչո՞ւ դրամ տալ անհատներու, որոնք մարդոց դիւրահաւատութենէն կ’օգտուին։
Ոմանք կրնան առարկել. ‘Վստահաբար, հրաշագործ բուժումը արժէք մը ունի, նոյնիսկ երբ «բուժիչներ»ու գացողներէն պզտիկ տոկոս մը անոնցմէ օգտուին’։ Սակայն, արդէն հարցական է հաւատքի բուժիչներուն կողմէ ոեւէ մէկուն իրապէս մնայուն կերպով բուժուիլը։ Պրիթանիքա Համայնագիտարանը կ’ընդունի. «Յարաբերաբար շատ քիչ հետազօտութիւններ կատարուած են, հրաշագործ բուժումներուն բազմաթիւ անծանօթ ազդակներուն մասին»։
Նոյնիսկ եթէ երեւութապէս քիչ թիւով անհատներ բուժուին, ասիկա սուրբ հոգիին ներգործութեան մէկ ապացոյցը չէ։ Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։ (Մատթէոս 7։23, 24) Յիսուս նաեւ ըսաւ որ կարգ մը անհատներ, Աստուծոյ հաւանութիւնը չունենալով հանդերձ, նշաններ ընելով, ուշադարութիւնը իրենց վրայ պիտի հրաւիրէին. «Վասնզի սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն»։ (Մատթէոս 24։24) Վստահաբար, արդի հաւատքի բուժիչները կարելի է այս ցանկին մէջ դնել, որոնք թատերական ներկայացումներ կ’ընեն, անդադար դրամ կը պահանջեն եւ հրաշագործ բուժումներ կը դաւանին։
Այսպիսիները Յիսուսի քայլերուն չեն հետեւիր։ Ուստի, որո՞ւ կը հետեւին։ Պօղոս առաքեալ ասոր կը մատնանշէ երբ կ’ըսէ. «Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերապարանքը առնեն։ Իրենց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։14, 15) Եթէ հաւատքի բուժիչները իրենց դաւանած բուժումները չեն ըներ, ուրեմն անոնք խաբեբաներ են, Սատանային ճամբուն կը հետեւին, «որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Բայց եթէ նոյնիսկ հազուագիւտ պարագաներու բուժումներ կատարեն... Անոնք Սատանայի եւ իր դեւերուն զօրութեամբ չէ՞ որ այս «հրաշքները» կ’ընեն։ Այո, ճիշդ ա՛յդ է պարագան։
Իրական Բուժումի Ժամանակը
Յիսուսի կատարած հրաշագործ բուժումները, Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեամբ էր։ Անոնք կ’ապացուցանէին թէ Աստուծոյ յարմար ժամանակին, մարդուն առողջապահական խնդիրները պիտի լուծուէին։ Եհովա կը խոստանայ «հեթանոսներուն բժշկութիւն»ը։ (Յայտնութիւն 22։2) Իսկ ան ոչ միայն հիւանդութիւնները պիտի բուժէ, այլ նաեւ մահը պիտի վերցնէ։ Յովհաննէս կը բացատրէ թէ Յիսուս եկաւ որպէսզի «ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։ (Յովհաննու 3։16) Ի՜նչ լաւ բուժում մը պիտի ըլլայ անիկա։ Յիսուս դարձեալ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած բուժումները պիտի կատարէ, բայց աւելի մեծ տարողութեամբ մը։ Ան նոյնիսկ մեռելները պիտի յարուցանէ։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։
Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, որ ըստ բոլոր տուեալներուն շատ մօտ է։ Այդ նոր աշխարհը որ պիտի հաստատուի, երբ իրերու այս դրութենէն ամբարշտութիւնը յաւիտեան անյայտանայ, իրապէս օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ արդարասիրտ մարդոց համար։ Անիկա առանց տառապանքի աշխարհ մը պիտի ըլլայ։ «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։4) Ներկայիս մեր շուրջը եղող բաներուն ճի՛շդ հակառակը։
Ուստի, հիւանդութեան պարագաներուն, աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրեցէք։ Իսկ հիւանդ ըլլաք թէ առողջ, սորվեցէք թէ ինչպէս առանց հիւանդութեան յաւիտենական կեանքը կարելի պիտի ըլլայ։ Աստուծոյ այս վստահելի խոստումին հաւատք ընծայեցէք, այդ մասին եղած շատ մը ակնարկումները սերտելով Աստուածաշունչէն։ Սորվեցէք թէ այս ուղղութեամբ Աստուծոյ նպատակին իրագործումը ի՛նչպէս իր կատարման կը մօտենայ, ըստ Աստուծոյ ժամանակացոյցին։ Կասկած մի՛ ունենաք. քանի որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը վստահեցնէ. «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովա ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։—Եսայեայ 25։8
[Ստորանիշ էջ 5]
a Ոմանք կը խորհին որ Յակոբու 5։14, 15–ի խօսքերը, հրաշագործ բուժումի կ’ակնարկէ։ Բայց բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ Յակոբ հոս կը խօսի հոգեւոր հիւանդութեան մասին։ (Յակոբու 5։15բ, 16, 19, 20) Ան հաւատքի մէջ տկարացողներուն կը խրատէ որ երէցներէն օգնութիւն խնդրեն։
[Նկար՝ էջ 7]
Յիսուսի հրաշալի բուժումները իրենց նպատակին ծառայեցին
Յիսուս իր բուժիչ հրաշքները պիտի կրկնէ աւելի մեծ տարողութեամբ