Ինչո՞ւ բարի մարդիկ կը տառապին
ՏԱՐԻՆ 1914–ն էր, աշխարհը պատերազմի մէջ մխրճուած էր։ Յանկարծ, Սերպիոյ պատերազմի բանտարկեալներու ճամբարի մը մէջ, ժանտաջերմը ծայր տուաւ։ Բայց անիկա միայն սկիզբն էր։ Սոսկալի ախտը տարածուեցաւ քաղաքացիներուն մէջ եւ միայն վեց ամսուան մէջ 150,000 զոհ խլեց։ Պատերազմական վիճակներուն եւ անոնց յաջորդած յեղափոխութեան ընթացքին Ռուսիոյ մէջ, երեք միլիոն անհատներ ժանտաջերմէ մահացան։ Կրնաք եզրակացնել որ այդ զոհերուն մէջ կային բազմաթիւ բարի անհատներ եւ իրենց սիրելիներէն զրկուած ընտանիքի անդամներ։
Ասիկա մարդկային ողբերգութեան միայն մէկ օրինակն է։ Թերեւս դուք ալ փորձառութիւնը ունեցած էք այն տառապանքին որ կը պատճառուի երբ սիրելիներ հիւանդութիւններու, արկածներու եւ որոշ աղետներու զոհ կ’երթան։ Հաւանաբար, կը վշտանաք երբ արդարամիտ անհատ մը անբուժելի հիւանդութեան մը ցաւով հարուածուի։ Անշուշտ մեծապէս կը տխրիք երբ բարի անհատ մը, թերեւս ծանր աշխատող ընտանիքի գլուխ մը, արկածով մը սպաննուի։ Կորուստ ունեցողներուն կսկիծը տեսնելով ձեր սիրտն ալ կը ցաւի անոնց համար։
Շատեր կը խորհին որ բարի անհատ մը պէտք է վարձատրուի տառապանքէ զերծ մնալով։ Իսկ ոմանք կը խորհին որ տառապանքը ապացոյց մըն է թէ զոհը յանցագործ մըն է։ Այսպէս պատճառաբանեցին շուրջ 3,600 տարիներ առաջ ապրած երեք անհատներ։ Անոնք բարի մարդու մը՝ Յոբին՝ ժամանակակիցներ էին։ Իրենց օրերուն երթանք, որպէսզի՝ Բարի մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին հարցումին պատասխան մը գտնենք։
Յոբի Տառապանքները
Երբ Յոբի երեք կարծեցեալ բարեկամները իրեն այցելութեան եկան, ան անբացատրելի ցաւէ եւ հիւանդութենէ կը տառապէր։ Ան իր տասը զաւակները ինչպէս նաեւ իր նիւթական բոլոր ստացուածքը կորսնցուցած էր։ Յոբի հանդէպ ակնածանք ունեցած անհատներ, հիմա կ’անարգէին զինք։ Նոյնիսկ իր կինը իրեն դէմ ելաւ եւ զինք յորդորեց որ Աստուած անիծէ ու մեռնի։—Յոբ 1։1–2։13. 19։13–19
Յոբի այցելուները եօթը օր, ցորեկ ու գիշեր զինք լուռ դիտեցին։ Ապա անոնցմէ մէկը զինք դատապարտեց թէ անիրաւ ընթացք մը ունեցած եւ հետեւցուց որ անոր համար կը պատժուէր։ «Աղէ՜, միտքդ բեր», ըսաւ Եղիփազ կոչուած անհատը, «ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։ Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։ Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան»։—Յոբ 4։7–9
Հետեւաբար, Եղիփազ կը պնդէր որ Աստուած Յոբը կը պատժէր իր մեղքերուն համար։ Այսօր ալ, ոմանք կը պատճառաբանեն որ յանցագործները պատժելու համար Աստուած անոնց վրայ չարիքներ կը բերէ։ Բայց Եհովա Յոբը չէր պատժեր անիրաւութիւն գործած ըլլալուն համար։ Ասիկա կը տեսնենք հետագային Եղիփազի ըսած Աստուծոյ խօսքերէն. «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասնզի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։—Յոբ 42։7
Աստուած Յանցաւոր Չէ
Ներկայիս միլիոնաւոր անհատներ, անշուշտ բազմաթիւ բարիներ ալ, աղքատութենէ կը տառապին եւ սովամահութեան սեմին կը գտնուին։ Ոմանք անոնց տառապանքը տեսնելով կը դառնանան եւ Աստուած կ’այպանեն։ Բայց չենք կրնար Աստուած այպանել սովին համար։ Իրականութեան մէջ, մարդկութեան ուտելիք հայթայթողը Ի՛նքն է։—Սաղմոս 65։9
Սակայն անձնասիրութիւնը, ընչաքաղցութիւնը եւ մարդկային ուրիշ ազդակներ արգելք կը հանդիսանան որ ուտելիքը բաշխուի անօթիներուն։ Սովի պատճառներէն մէկն է պատերազմը։ Համաշխարհային համայնագիտարանը (Անգլ.) այս մասին կ’ըսէ. «Երբ պատերազմելու համար գիւղացիները իրենց դաշտերը ձգելով զինեալ ուժերուն միանան, արդիւնքը սով կ’ըլլայ։ կարգ մը պարագաներու, բանակը ինք գիտակցաբար սով պատճառած է, որպէսզի թշնամին ստիպուի յանձնուիլ։ Բանակը կը փճացնէ մթերուած ուտելիքը եւ աճող բերքը եւ թշնամիին ուտելիքի հասոյթը կտրելու համար արգելափակում կը հաստատէ։ Նիկերիոյ Քաղաքացիական Պատերազմին (1967–70), արգելափակումը արգելք եղաւ որ ուտելիք ուղղարկուի Պիաֆրայի շրջանը։ Ասոր հետեւանքով, սով յառաջացաւ եւ շուրջ մէկ միլիոնէ աւելի Պիաֆրացիներ սովամահ եղան։
Ոմանք անտեղիօրէն Աստուած այպանեցին մասնաւորաբար Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ բազմաթիւ բարի անհատներ տառապեցան ու մահացան։ Սակայն, մարդիկ Աստուծոյ օրէնքը կը բեկանեն զիրար ատելով եւ իրարու դէմ պատերազմելով։ Երբ Յիսուս Քրիստոսի հարցուեցաւ թէ ո՛րն էր «առաջին» պատուիրանքը, ան պատասխանեց. «Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’։ ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ’»։—Մարկոս 12։28–31
Երբ մարդիկ Աստուծոյ օրէնքը կը բեկանեն զանգուածային սպանդ մը կատարելով, ոեւէ մէկը կրնա՞յ տեղին ըլլալով զինք այպանել, գոյացած տառապանքին համար։ Եթէ ծնող մը իր զաւակներուն ըսէ որ իրարու հետ չկռուին, իսկ անոնք անտեսեն այս լաւ խրատը ու վիրաւորուին, ի՞նքն է պատասխանատուն։ Ուստի, ինչպէս որ ծնողը պատասխանատուն չէ, նոյնը կրնանք ըսել Աստուծոյ համար, երբ մարդիկ աստուածային օրէնքը բեկանելով տառապին։
Թէեւ երբ Եհովայի օրէնքները անտեսուին, հետեւանքը կրնայ տառապանք ըլլալ, բայց Աստուածաշունչը ցոյց չի տար որ աղէտները ընդհանրապէս Աստուծոյ արարքներն են ամբարիշտը պատժելու համար։ Երբ մարդկային առաջին զոյգը մեղանչեց, անոնք իր մասնայատուկ օրհնութենէն ու պաշտպանութենէն զրկուեցան։ Եհովայի նպատակները իրագործելու նպատակաւ եղած աստուածային միջամտութիւններէն դուրս, օրէ օր ինչ որ պատահած է մարդկութեան, սուրբ գրային հետեւեալ սկզբունքով կառավարուած է. «Ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։—Ժողովողի 9։11
Թէ՛ Բարին ու Թէ Չարը կը Տառապին
Ժառանգուած մեղքին ու անկատարութեան պատճառով, թէ՛ բարին եւ թէ չարը կը տառապին։ (Հռովմայեցիս 5։12) Օրինակի համար, թէ՛ արդարները եւ թէ ամբարիշտները կրնան ցաւագին հիւանդութիւններ ունենալ։ Հաւատարիմ Քրիստոնեան՝ Տիմոթէոսը ‘ստամոքսի ցաւէ եւ յաճախակի հիւանդութիւններէ’ կը տառապէր։ (Ա. Տիմոթէոս 5։23) Երբ Պօղոս առաքեալ յիշեց ‘իր մարմնի խայթոց’ը, հաւանաբար կ’ակնարկէր ֆիզիքական որոշ ցաւերու։ (Բ. Կորնթացիս 12։7–9) Նոյնիսկ իր հաւատարիմ ծառաներուն վրայէն Աստուած հիմա չի վերցներ ժառանգուած տկարութիւնները կամ հիւանդութեան կարելիութիւնները։
Երբեմն աստուածավախ անհատներ կրնան տառապիլ լաւ դատողութիւն մը չունենալով կամ սուրբ գրային խրատ մը կիրարկելու մէջ թերանալով։ Օրինակ մը տանք. Անհատ մը Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալով կ’ամուսնանայ անհաւատի մը հետ ամուսնական դժուարութիւններ կը կրէ, որոնցմէ կրնար խուսափիլ։ (Բ. Օրինաց 7։3, 4. Ա. Կորնթացիս 7։39) Եթէ Քրիստոնեայ մը պէտք եղած կերպով չ’ուտեր եւ բաւարար չի հանգստանար կրնայ վատառողջութենէ տառապիլ։
Իսկ երբ տկարութեան անձնատուր ըլլանք եւ սխալ վարք մը ունենանք զգացական գետնի վրայ կրնանք տառապիլ։ Բերսաբէին հետ Դաւիթի գործած շնութիւնը մեծ տառապանքի դուռ բացաւ իրեն։ (Սաղմոս 51) Երբ փորձեց իր յանցագործութիւնը ծածկել, ան մեծ վիշտէ տառապեցաւ։ «Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ», ըսաւ ան, «ոսկորներս մաշեցան ամէն օր աղաղակելովս։ ... Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ»։ (Սաղմոս 32։3, 4) Իր յանցանքէն առթած Դաւիթի կրած չարչարանքը իր կենսունակութիւնը նուազեցուց, տօթին կամ ամառուան չոր տաքութեան ընթացքին իր կենսատու խոնաւութիւնը կորսնցող ծառի մը պէս։ Ան երեւութապէս թէ՛ մտային եւ թէ ֆիզիքական գետնի վրայ տառապեցաւ։ Սակայն 32–րդ Սաղմոսը ցոյց կու տայ թէ անհատ մը կրնայ այսպիսի տառապանքէ ձերբազատուիլ, երբ զղջումով իր մեղքը խոստովանի եւ Աստուծմէ թողութիւն ստանայ։—Առակաց 28։13
չար մարդիկ յաճախ իրենց լկտի ընթացքին պատճառով կը տառապին եւ ոչ թէ Աստուծոյ կողմէ պատժուելով։ Մեծն Հերովդէսը իր չար բարքերուն համար ախտերէ կը տառապէր։ Իր վերջին օրերուն, Հերովդէս սարսափելի տառապեցաւ», կ’ըսէ Հրեայ պատմաբան՝ Յովսէփոս։ «Ան ինքզինք ճանկելու ահաւոր տենչ մը ունէր, անոր փորոտիքը խոցոտուած էր, իսկ իր գաղտնի անդամները փտած ու որդոտած էին։ Ան զուր տեղը փորձեց իր շնչարգելութեան եւ խռովութեան համար ամոքում փնտռել Գալիրոէի ջերմուկներուն մէջ։ ... Հերովդէս այնքան ահաւոր կերպով կը տառապէր որ փորձեց ինքզինք դաշունահարել, բայց իր զարմիկը արգելք հանդիսացաւ իրեն»։—Յովսէփով. Կենսական Գրութիւններ, թարգմանուած՝ Փոլ Լ. Մայէըրի կողմէ։
Աստուծոյ օրէնքին կառչիլը պաշտպանութիւն կը հայթայթէ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած ախտերէն, օրինակի համար։ Սակայն, իր հաճութիւնը փնտռող անհատներ ինչու բնականէն աւելի կը տառապին։
Ի՛նչու Բարեպաշտ Մարդիկը կը Տառապին
Քանի որ արդար են. ահաւասիկ գլխաւոր պատճառը բարեպաշտ մարդոց տառապանքին։ Նահապետ Յակոբի որդիին՝ Յովսէփի պարագան օրինակ մըն է։ Թէեւ Պէտափրէսի կինը անդադար Յովսէփէն կը խնդրէր որ իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ, ան ըսաւ. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ (Ծննդոց 39։9) Ասիկա պատճառ եղաւ որ ինք անիրաւի բանտարկուի եւ Յովսէփ տառապեցաւ, քանի որ արդար էր։
Բայց Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ իր հաւատարիմ ծառաները տառապին։ Ասոր պատասխանը կը գտնուի ըմբոստ հրեշտակին՝ Բանսարկու Սատանային՝ յարուցած մէկ հարցին մէջ։ Անիկա Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութեան հարցն է։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Քանի որ ասիկա ցոյց կը տրուի արդար մարդուն՝ Յոբի պարագայով, զոր նախապէս յիշեցինք։
Երկնքի մէջ, Աստուծոյ հրեշտակային որդիներուն ժողովի մը ընթացքին, Եհովան հարցուց Սատանային. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ Բանսարկուին պատասխանը կը փաստէ որ վէճ մը կար. մարդիկ փորձութեան ներքեւ Եհովայի հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պիտի պահէ՞ին թէ ոչ։ Սատանան պնդեց որ Յոբ Աստուծոյ կը ծառայէր ոչ թէ սէրէ մղուած, այլ՝ իր վայելած նիւթական օրհնութիւններուն համար։ Ապա Սատանան ըսաւ. «Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր [Յոբին] ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Եհովա պատասխանեց. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։—Յոբ 1։6–12
Սատանան իր ձեռքէն եկածը ըրաւ, սակայն Յոբ իր արդար ընթացքը պահեց ու փաստեց որ ինք սէրէ մղուած Եհովայի կը ծառայէր։ Արդարեւ, Յոբ զինք դատապարտողներուն ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։ Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ»։ (Յոբ 27։5) Այո, իրենց ուղղամտութիւնը պահողներէն շատեր յօժարած են արդարութեան համար տառապիլ։ (Ա. Պետրոս 4։14–16) Աստուածաշունչը կը խօսի շատերու մասին, որոնք Աստուծոյ հանդէպ անշեղ սէր ունեցած են եւ արդար կեանքեր վարած են Աստուած պատուելու եւ բոլոր մարդիկը Եհովայէ կարենալ հեռացնելու Սատանայի դաւանութեան սխալ ըլլալը փաստելու համար։ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահելուն համար տառապող ոեւէ մէկը ուրախ պէտք է ըլլայ, քանի որ իր ընթացքով կը փաստէ Բանսարկուին ստախօս ըլլալը եւ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ։—Առակաց 27։11
Աստուած անտարբեր չէ իր հաւատարիմ ծառաներուն տառապանքին հանդէպ։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։ (Սաղմոս 145։14) Կրնայ ըլլալ որ Եհովայի նուիրուած ծառաները անձնական բաւարար ոյժ չունենան կեանքի տառապանքներուն եւ որպէս իր ժողովուրդը իրենց կրած հալածանքներուն տոկալու։ Բայց Աստուած կը զօրացնէ զանոնք, զօրավիգ կը կանգնի անոնց եւ պէտք եղած իմաստութիւնը կը շնորհէ, որպէսզի փորձութիւններու տոկան։ (Սաղմոս 121։1–3. Յակոբու 1։5, 6) Եթէ հալածիչները սպաննեն, իսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն քանի մը հատը, անոնք յարութեան աստուածատուր յոյսը ունին։ (Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Նոյնիսկ երբ այդ աստիճանի հասնի, Աստուած կրնայ զինք սիրողներուն տառապանքին պատճառանքները շրջել։ Ան Յոբին տառապանքը կասեցուց եւ առատօրէն օրհնեց այդ արդար մարդը։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ, մեր օրերուն ալ, Եհովա պիտի չմոռնայ իր ժողովուրդը։—Յոբ 42։12–16. Սաղմոս 94։14
Տառապանքին Վախճանը՝ Շուտով
Հետեւաբար, ուրեմն, իրերու այս ամբարիշտ դրութեան մէջ, ամէն մարդ կրնայ տառապիլ ժառանգուած անկատարութեան եւ կեանքի բերումով։ Բարեպաշտ անհատներ ալ կրնան Եհովայի հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահելուն պատճառաւ, տառապանք ակնկալել։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Բայց անոնք ուրախանալ, քանի որ Աստուած շուտով վերջ մը պիտի դնէ արցունքներուն, մահուան, սուգին, աղաղակին ու ցաւին։ Յովհաննէս առաքեալ այս մասին գրեց.
«Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասնզի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։ Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած։ Եւ երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։ Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան’։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասնզի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։—Յայտնութիւն 21։1–5
Պետրոս առաքեալ ալ ըսաւ. «Իր [Եհովա Աստուծոյ] խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Ի՜նչ մեծ յոյս մը ունինք մեր դիմաց։ Կրնաք դրախտային երկրի մը վրայ կեանքը վայելելու ուրախ առանձնաշնորհումը ունենալ։ (Ղուկաս 23։43) Ուստի, թոյլ մի՛ տաք որ անմիջական տառապանքը դառնացնէ ձեզ։ Ընդհակառակը, ապագան լաւատեսութեամբ դիտեցէք։ Ձեր յոյսը եւ վստահութիւնը Աստուծոյ նոր աշխարհին վրայ դրէք, որ հիմա շատ մօտ է։ Եհովա Աստուծոյ ընդունելի ընթացք մը որդեգրեցէք եւ պիտի կարենաք բոլոր տառապանքներէ զերծ աշխարհի մը մէջ ապրիլ։
[Նկար՝ էջ 4]
Թէեւ Յոբ տառապեցաւ, սակայն ան շարունակեց Աստուծոյ ընդունելի ընթացք մը ունենալ
[Նկար՝ էջ 6]
Կրնաք բոլոր տառապանքներէ զերծ աշխարհի մը մէջ ապրիլ