«Գտանք Մեսիան»
«[Անդրէաս] նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. ‘Գտանք Մեսիան’ (որ Քրիստոս կը թարգմանուի)»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1։41
1. Յովհաննէս Մկրտիչ ի՞նչ վկայեց Նազովրեցի Յիսուսի մասին, եւ Անդրէաս ի՞նչ եզրակացութեան հանգեցաւ անոր մասին։
ԱՆԴՐԷԱՍ երկար ատեն մօտէն քննեց Նազովրեցի Յիսուս կոչուած Հրեայ մարդը։ Ան թագաւորի մը, իմաստունի մը, կամ ռաբբիի մը երեւոյթը չունէր։ Ան ո՛չ արքայական շքուածք ունէր, ոչ սպիտակ մազեր եւ ոչ ալ նուրբ ձեռքեր ու փափուկ մորթ մը։ Յիսուս երիտասարդ էր—շուրջ 30 տարեկան—ձեռային աշխատաւորի մը կոշտաւոր ձեռքերով ու կարծրացած մորթով։ Ուստի Անդրէաս թերեւս չզարմացաւ երբ իմացաւ որ ան ատաղձագործ մըն էր։ Այսուհանդերձ, Յովհաննէս Մկրտիչ այս մարդուն մասին ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ Օր մը առաջ, Յովհաննէս ա՛լ աւելի ապշեցուցիչ բան մը ըսած էր. «Ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։ Ասիկա կրնա՞ր շիտակ ըլլալ։ Այդ օրը, Անդրէաս որոշ ժամանակ մը անցուց Յիսուսին մտիկ ընելով։ Մենք չենք գիտեր թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ. բայց գիտենք որ իր խօսքերը Անդրէասի կեանքը փոխեցին։ Ան արտորնօք իր եղբայրը՝ Սիմոնը՝ գտաւ եւ բացագանչեց. «Գտանք Մեսիան»։—Յովհաննու 1։34–41
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է նկատի առնել այն ապացոյցները թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր թէ ոչ։
2 Անդրէաս եւ Սիմոն (որու Յիսուս Պետրոս անուանեց) հետագային Յիսուսին առաքեալները եղան։ Իր աշակերտը ըլլալէն աւելի քան երկու տարի ետք, Պետրոս Յիսուսին ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը [Մեսիան], կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ (Մատթէոս 16։16) Հաւատարիմ առաքեալներն ու աշակերտները ի վերջոյ պատրաստակամութիւն ցոյց տուին այս համոզումին համար մեռնելու։ Այսօր, միլիոնաւոր անկեղծ անհատներ նոյնքան նուիրուած են։ Բայց ի՞նչ ապացոյցներու հիման վրայ։ Ապացոյցը, վերջ ի վերջոյ, տարբերութիւն կը դնէ հաւատքին եւ դիւրահաւատութեան միջեւ։ (Տես Եբրայեցիս 11։1։) Հետեւաբար, նկատի առնենք ապացոյցներու երեք ընդհանուր շարքեր որոնք կը փաստեն որ Յիսուս արդարեւ Մեսիան էր։
Յիսուսի Շառաւիղը
3. Մատթէոսի ու Ղուկասու Աւետարանները ի՞նչ մանրամասնութիւններ կու տան Յիսուսի շառաւիղին մասին։
3 Յիսուսի շառաւիղը առաջին ապացոյցն է զոր Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կու տան իր Մեսիան ըլլալը պաշտպանելու համար։ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր որ Մեսիան Դաւիթ Թագաւորին շառաւիղէն պիտի գար։ (Սաղմոս 132։11, 12. Եսայեայ 11։1, 10) Մատթէոսի Աւետարանը այսպէս կը սկսի. «Գիրք ծնունդին Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին»։ Մատթէոս այս յանդուգն դաւանութիւնը կը հաստատէ Յիսուսի շառաւիղը ուրուագծելով իր որդեգիր հօր՝ Յովսէփի տոհմային գծով։ (Մատթէոս 1։1–16) Ղուկասու Աւետարանը կ’ուրուագծէ Յիսուսի շառաւիղը իր բնական մօր՝ Մարիամի՝ միջոցաւ, Դաւիթին եւ Աբրահամին միջոցաւ ետ երթալով մինչեւ Ադամ։ (Ղուկաս 3։23–38)a Այսպիսով Աւետարան գրողները ամբողջովին կը հաստատեն իրենց դաւանութիւնը թէ Յիսուս Դաւիթի ժառանգորդ մըն էր, թէ՛ օրինական եւ թէ բնական գետնի վրայ։
4, 5. (ա) Յիսուսի ժամանակակիցները իր Դաւիթէն սերած ըլլալուն մասին առարկութիւն ըրի՞ն, եւ ասիկա ինչո՞ւ յատկանշական է։ (բ) Սուրբ Գրային չեղող աղբիւրները ինչպէ՞ս թիկունք կը կանգնին Յիսուսի շառաւիղին։
4 Յիսուս Մեսիան ըլլալուն մասին նոյնիսկ ամենակասկածամիտ հակառակորդը չի կրնար հերքել Դաւիթի որդի մը ըլլալ Յիսուսի դաւանութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Երկու պատճառներով։ Առաջին, այդ դաւանութիւնը լայն կերպով շեշտուեցաւ Երուսաղէմի մէջ, Հ.Դ. 70–ին քաղաքը կործանուելէն տասնեակ տարիներ առաջ։ (Բաղդատել Մատթէոս 21։9. Գործք 4։27. 5։27, 28։) Եթէ այս դաւանութիւնը սուտ ըլլար, Յիսուսի հակառակորդներէն ոեւէ մէկը—եւ ան շատ ունէր—պիտի կարենար փաստել թէ Յիսուս նենգամիտ մէկն էր, պարզապէս քննելով անոր շառաւիղը հանրային արխիւներուն պատկանող ազգաբանութիւններուն մէջ։b Սակայն արձանագրութիւն մը չկայ թէ ոեւէ մէկը հերքած ըլլայ Յիսուսի Դաւիթ Թագաւորէն սերած ըլլալը։ Բացայայտօրէն, դաւանութիւնը անժխտելի էր։ Անկասկած Մատթէոս եւ Ղուկաս հանրային արձանագրութիւններէն ուղղակիօրէն ընդօրինակեցին աչքառու անունները իրենց արձանագրութիւններուն համար։
5 Երկրորդ, Աստուածաշունչէն դուրս եղող աղբիւրները ընդհանուր առմամբ կը հաստատեն Յիսուսի շառաւիղը։ Օրինակի համար, Թալմուտը կը տեղեկագրէ չորրորդ դարու ռաբբի մը որ գռեհիկ յարձակում կը գործէ Մարիամի՝ Յիսուսի մօրը վրայ, ‘ատաղձագործներուն հետ պոռնիկ խաղցածին’ համար. բայց նոյն հատուածը կ’ընդունի որ «ան իշխաններու եւ կառավարիչներու սերունդէն էր»։ Աւելի վաղ օրինակ մըն է երկրորդ դարու պատմաբան Եգեսիպպոսը։ Ան կը պատմէ որ երբ Հռովմէական Կայսր Տոմիթեանոս ուզեց Դաւիթի սերունդէն ոեւէ անհատ բնաջնջել, նախկին Քրիստոնեաներու կարգ մը թշնամիներ Յուդայի՝ Յիսուսի կէս եղբօր թոռները յայտնաբերեցին «որպէս Դաւիթի ընտանիքէն եղողներ»։ Եթէ Յուդա ճանչցուած էր որպէս Դաւիթի սերունդէն եղող մը, նոյնը չէ՞ր Յիսուսի պարագային։ Անկասկած։—Գաղատացիս 1։19. Յուդա 1
Մեսիական Մարգարէութիւններ
6. Մեսիական մարգարէութիւնները որքա՞ն շատ են Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։
6 Կատարուած մարգարէութիւնները ուրիշ ապացոյց մըն են թէ Յիսուս Մեսիան էր։ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Մեսիային կիրարկուող բազմաթիւ մարգարէութիւններ կան։ Յիսուս Մեսիային Ժամանակները եւ Կեանքը (Անգլ.) խորագրով իր երկին մէջ, Ալֆրէտ Էտըրշայմ 456 հատուածներ կը թուէ Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններէն զորս նախկին ռաբբիները Մեսիական կը նկատէին։ Սակայն, ռաբբիները Մեսիային մասին շատ մը սխալ գաղափարներ ունէին. այն շատ մը հատուածները, որոնց կը մատնանշէին անոնք, երբեք մեսիական չեն։ Այսուհանդերձ, առնուազն տասնեակ մարգարէութիւններ կան, որոնք Յիսուսը կը բնորոշեն որպէս Մեսիան։—Բաղդատել Յայտնութիւն 19։10։
7. Ի՞նչ են կարգ մը մարգարէութիւններ զորս Յիսուս կատարեց երկրի վրայ իր բնակութեան ընթացքին։
7 Ի միջի այլոց, իր ծննդեան քաղաքը (Միքիա 5։2. Ղուկաս 2։4–11). զանգուածային մանկասպանութեան ողբերգութիւնը որ տեղի ունեցաւ իր ծնունդէն ետք (Երեմեայ 31։15. Մատթէոս 2։16–18). ան Եգիպտոսէն պիտի կանչուէր (Ովսեայ 11։1. Մատթէոս 2։14, 15). ազգերու կառավարիչները պիտի միանային զինք կործանելու համար (Սաղմոս 2։1, 2. Գործք 4։25–28). 30 սիկղ արծաթի փոխարէն պիտի մատնուէր։ (Զաքարեայ 11։12. Մատթէոս 26։15). նոյնիսկ ինչ կերպով պիտի մեռնէր։—Սաղմոս 22։16. Յովհաննու 19։18, 23. 20։25, 27c
Անոր Գալը Մարգարէացուած Էր
8. (ա) Ո՞ր մարգարէութիւնը կը մատնանշէր թէ Մեսիան ե՛րբ պիտի գար։ (բ) Որո՞նք են գիտնալիք երկու ազդակները այս մարգարէութիւնը հասկնալու համար։
8 Միմիայն մէկ մարգարէութեան վրայ կեդրոնանանք։ Դանիէլ 9։25–ին մէջ Հրեաներուն ըսուեցաւ որ Մեսիան ե՛րբ պիտի գար։ Այս համարը կ’ըսէ. «Գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ [Մեսիա] Իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսունըերկու եօթնեակ կայ»։ Առաջին ակնարկով, այս մարգարէութիւնը կրնայ դժուարիմաց թուիլ։ Բայց աւելի լայն իմաստով, անիկա մեզմէ կը պահանջէ տեղեկագրութեան միայն երկու մասերը գտնել. մեկնակէտ մը եւ ժամանակի երկարութիւն մը։ Լուսաբանենք. եթէ քարտէս մը ունենայիք, որ մատնանշած ըլլար «գիւղաքաղաքին հանրային պարտէզին մէջ, ջրհորէն 50 եղէգ դէպի արեւելք թաղուած գանձի մը», թերեւս ուղղութիւնները շփոթեցուցիչ գտնէիք—մանաւանդ եթէ չէք գիտեր թէ այս ջրհորը ո՛ւր կը գտնուի, կամ ‘եղէգ’ի մը երկարութիւնը ի՛նչ է։ Այս երկու իրողութիւնները պիտի չփնտռէի՞ք, որպէսզի կարենայիք գանձին տեղը գտնել։ Այո, Դանիէլի մարգարէութիւնը ճիշդ նոյնն է, ի բացառեալ որ մենք կը բնորոշենք ժամանակի մեկնակէտ մը եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին երկարութիւնը։
9, 10. (ա) 69 եօթնեակները հաշուելու մեկնակէտը ե՞րբ է։ (բ) 69 եօթնեակները որքա՞ն երկար էին, եւ ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։
9 Նախ, մեր մեկնակէտը, այսինքն, ‘Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելուն’ թուականը բնորոշելու կարիքը ունինք։ Ապա, պէտք է գիտնանք այդ կէտէն սկսեալ հեռաւորութիւնը՝ 69 (7 առաւել 62) եօթնեակներուն երկարութիւնը։ Այս տեղեկութեան որեւէ մէկ մասը դժուար չէ ձեռք ձգել։ Նէեմիա բացայայտօրէն մեզի կ’ըսէ որ Երուսաղէմը շրջապատած պարիսպը վերաշինելու հրամանը, որ զանիկա վերջապէս վերահաստատուած քաղաք մը պիտի դարձնէր, ելաւ «Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին»։ (Նէեմեայ 2։1, 5, 7, 8) Ասիկա մեր մեկնակէտը կը նշէ Հ.Դ.Ա. 455–ին։d
10 Իսկ ինչ որ կը վերաբերի այս 69 եօթնեակներուն, անոնք կրնայի՞ն եօթը օրերէ բաղկացած բառացի շաբաթներ ըլլալ։ Ոչ, քանի որ Մեսիան Հ.Դ.Ա. 455–էն աւելի քան տարի մը ետք չյայտնուեցաւ։ Հետեւաբար, Աստուածաշունչի շատ մը ուսումնականներ եւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ (ի ներառեալ Հրէական Թանախ թարգմանութիւնը այս համարին վերաբերեալ ծանօթագրութեան մէջ) կը համաձայնին որ ասոնք «տարիներու» շաբաթներ են։ ‘Տարիներու շաբթուան’ մը, կամ եօթնամեայ շրջանի մը այս գաղափարը վաղեմի Հրեաներուն քաջածանօթ էր։ Ճիշդ ինչպէս որ անոնք ամէն եօթներորդ օրը հանգստութեան օր մը կը պահէին, նոյնպէս ամէն եօթներորդ տարին հանգստութեան կամ շաբաթական տարի մը կը պահէին։ (Ելից 20։8–11. 23։10, 11) Ուստի, 69 տարիներու շաբաթները պիտի ըլլային 69 անգամ 7 տարի, կամ 483 տարի։ Հիմա կը մնայ հաշուել։ Հ.Դ.Ա. 455 թուականէն 483 տարի հաշուելը մեզի կը հասցնէ Հ.Դ. 29 թուականին—այն տարին երբ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ մաշիախ՝ Մեսիան՝ եղաւ։—Տես «Եօթանասուն Եօթնեակներ», Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 899։
11. Ինչպէ՞ս պիտի կարենայինք պատասխանել անոնց որոնք կ’ըսեն թէ ասիկա Դանիէլի մարգարէութիւնը մեկնաբանելու միայն արդի կերպ մըն է։
11 Ոմանք կրնան առարկել թէ ասիկա պարզապէս մարգարէութիւնը մեկնաբանելու արդի կերպ մըն է պատմութեան յարմարեցնելու համար։ Եթէ պարագան այս է, Յիսուսի օրերուն ժողովուրդը ինչո՞ւ կ’ակնկալէր որ Մեսիան պիտի յայտնուէր այդ ժամանակ։ Քրիստոնեայ պատմաբան Ղուկաս, Հռովմէացի պատմաբաններ Տակիտոս եւ Սուետոնիոս, Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս եւ Հրեայ փիլիսոփայ Փիլոն, բոլորն ալ գրեթէ այս ժամանակին ապրեցան եւ ակնկալութեան այս վիճակին վկայեցին։ (Ղուկաս 3։15) Կարգ մը ուսումնականներ ներկայիս կը պնդեն որ Հռովմէական կեղեքումը պատճառ եղաւ որ Հրեաները Մեսիային տենչան ու զայն ակնկալեն այդ օրերուն։ Սակայն, Հրեաները ինչո՞ւ Մեսիան կ’ակնկալէին ա՛յն ատեն եւ ոչ դարեր առաջ Յունական վայրագ հալածանքին ընթացքին։ Տակիտոս ինչո՞ւ ըսաւ որ «խորհրդաւոր մարգարէութիւններ» առաջնորդած էին Հրեաները ակնկալելու թէ հզօր կառավարիչներ Յուդայէ պիտի գային եւ «տիեզերական կայսրութիւն ձեռք պիտի ձգէին»։ Մեսիական Ենթադրութեան Պատմութիւն Իսրայէլի մէջ (Անգլ.) խորագրով իր գրքին մէջ, Ապպը Հիլլել Սիլվըր կ’ընդունի որ «Մեսիան կ’ակնկալուէր Հ.Դ. առաջին դարուն շուրջ երկրորդ քառորդին», ոչ թէ Հռովմէական հալածանքին պատճառաւ, այլ՝ «այդ օրուան ժողովրդական ժամանակագրութեան» պատճառաւ, որ մասամբ ծագում կ’առնէր Դանիէլի գրքէն։
Վերէն Բնորոշուած
12. Եհովա ինչպէ՞ս Յիսուսը բնորոշեց որպէս Մեսիան։
12 Յիսուս Մեսիան ըլլալուն ապացոյցի երրորդ շարքն է Աստուծոյ անձնական վկայութիւնը։ Ըստ Ղուկաս 3։21, 22–ին, մկրտուելէ ետք, Յիսուս օծուեցաւ տիեզերքի ամենասուրբ ու ամենահզօր ոյժով՝ Եհովա Աստուծոյ սուրբ հոգիով։ Իսկ ուղղակի իր ձայնով, Եհովա ընդունեց որ հաւնած էր իր Որդին՝ Յիսուսը։ Ուրիշ երկու առիթներով, Եհովա երկնքէն ուղղակիօրէն խօսեցաւ Յիսուսի, այսպիսով ցոյց տալով Իր հաճութիւնը. անգամ մը, Յիսուսի երեք առաքեալներու դիմաց, իսկ ուրիշ անգամ մը, հանդիսատեսներու բազմութեան մը դիմաց։ (Մատթէոս 17։1–5. Յովհաննու 12։28, 29) Ասկէ զատ, երկնքէն հրեշտակներ ղրկուեցան որպէս Քրիստոս, կամ Մեսիա, Յիսուսի դիրքը հաստատելու համար։—Ղուկաս 2։10, 11
13, 14. Եհովա ինչպէ՞ս իր հաճութիւնը ցոյց տուաւ Յիսուս Մեսիան ըլլալուն մասին։
13 Եհովա ցոյց տուաւ որ իր օծեալին կը հաճէր մեծ գործեր իրագործելու զօրութիւն տալով անոր։ Օրինակի համար, Յիսուս մարգարէութիւններ տուաւ, որոնք պատմութիւնը առաջուընէ մանրամասնեցին—ոմանք հասնելով մինչեւ մեր օրերը։e Ան հրաշքներ ալ գործեց, զոր օրինակ, անօթի ամբոխներ կերակրել եւ հիւանդներ բուժել։ Ան նոյնիսկ մեռելներ յարուց։ Արդեօք իր հետեւորդները այս հզօր արարքներուն պատմութիւնները պարզապէս յօրինեցի՞ն։ Յիսուս իր շատ մը հրաշքները գործեց ականատեսներու, երբեմն հազարաւոր անհատներու դիմաց։ Նոյնիսկ Յիսուսի թշնամիները չէին կրնար ուրանալ թէ ան իրապէս այս բաները կ’ընէր։ (Մարկոս 6։2. Յովհաննու 11։47) Նաեւ, եթէ Յիսուսի հետեւորդները հակամէտ ըլլային այսպիսի պատմութիւններ յօրինելու, այն ատեն ինչո՞ւ այնքան անկեղծ պիտի ըլլային իրենց թերութիւններուն առնչութեամբ։ Իրապէս, անոնք պիտի յօժարէի՞ն հաւատքի մը համար մեռնելու, որ հիմնուած էր առասպելներու վրայ, զորս անոնք անձնապէս յօրինած էին։ Ոչ։ Յիսուսի հրաշքները պատմական իրողութիւններ են։
14 Յիսուս Մեսիան ըլլալուն մասին Աստուծոյ վկայութիւնը քայլ մը անդին գնաց։ Իր սուրբ հոգիին միջոցաւ, ան ապահովեց որ Յիսուս Մեսիան ըլլալու ապացոյցը գրուի այն գրքին մէջ եւ անոր մաս կազմէ, որ ամբողջ պատմութեան մէջ ամենէն շատ թարգմանուած է եւ ամենէն մեծ շրջաբերութիւնը ունեցած է։
Հրեաները Ինչո՞ւ Չընդունեցին Յիսուսը
15. (ա) Յիսուսը որպէս Մեսիան բնորոշող յանձնարարագրերը որքա՞ն շատ են։ (բ) Հրեաներուն ո՞ր ակնկալութիւնները առաջնորդեցին շատերուն որ մերժեն Յիսուսը որպէս Մեսիան։
15 Ի վերջոյ, ապացոյցի այս երեք շարքերը բառացիօրէն հարիւրաւոր իրողութիւններ կը պարփակեն, որոնք Յիսուսը կը բնորոշեն որպէս Մեսիան։ Ատիկա բաւարար չէ՞։ Երեւակայեցէք դիմումնագիր մը ներկայացնել ինքնաշարժ վարելու արտօնաթուղթի մը կամ վարկաթուղթի մը համար եւ ձեզի ըսուի որ ձեր ինքնութիւնը փաստելու համար երեք թուղթեր բաւարար չեն—հարիւրաւոր թուղթեր պէտք են։ Որքա՜ն անտրամաբանական պիտի ըլլար։ Հետեւաբար, Յիսուս վստահաբար լայնօրէն կը բնորոշուի Աստուածաշունչին մէջ։ Սակայն, Յիսուսի հայրենակիցներէն շատերը ինչո՞ւ ուրացան անոր Մեսիան ըլլալուն այս բոլոր ապացոյցները։ Քանի որ ապացոյցը որքան ալ կարեւոր ըլլայ հարազատ հաւատքի համար, հաւատք չ’երաշխաւորեր։ Դժբախտաբար, շատ մը անհատներ կը հաւատան այն ի՛նչ որ կ’ուզեն հաւատալ, նոյնիսկ ջախջախիչ ապացոյցներու դիմաց։ Իսկ Մեսիային նկատմամբ, շատ մը Հրեաներ շատ որոշ կարծիքներ ունէին իրենց ուզածին մասին։ Անոնք քաղաքական մեսիա մը կ’ուզէին, մէկը որ Հռովմէական կեղեքումին վերջ պիտի դնէր եւ Իսրայէլը պիտի վերահաստատէր փառքի մը մէջ, որ նիւթական կերպով մը նմանէր Սողոմոնի օրերու փառքին։ Արդ, անոնք ինչպէ՞ս կրնային ընդունիլ ատաղձագործի մը այս անշուք որդին, այս Նազովրեցին որ քաղաքականութեամբ կամ հարստութեամբ բնաւ չէր հետաքրքրուած։ Մանաւանդ որ ան ինչպէ՞ս կրնար Մեսիան ըլլալ տանջանքի ցիցի մը վրայ տառապելէ եւ ամօթալի կերպով մեռնելէ ետք։
16. Յիսուսի հետեւորդները ինչո՞ւ պէտք էր բարեճշդէին Մեսիային վերաբերեալ իրենց ակնկալութիւնները։
16 Յիսուսի աշակերտներն իսկ խռովեցան իր մահուան վրայ։ Իր փառաւոր յարութենէն ետք, անոնք բացայայտօրէն կը յուսային որ ան անմիջապէս ‘Իսրայէլի թագաւորութիւնը նորէն պիտի հաստատէր’։ (Գործք 1։6) Բայց անոնք Յիսուսը չմերժեցին որպէս Մեսիան, պարզ անոր համար որ այս անձնական յոյսը չիրականացաւ։ Անոնք հաւատք ընծայեցին անոր մատչելի ճոխ ապացոյցներուն վրայ հիմնուած, իսկ անոնց հասկացողութիւնը աստիճանաբար աւելցաւ. խորհուրդները պարզուեցան։ Անոնք հասկցան որ Մեսիան չէր կրնար իր մասին եղած բոլոր մարգարէութիւնները կատարել որպէս մարդ երկրի վրայ գտնուած իր կարճ ժամանակին ընթացքին։ Մարգարէութիւն մը կը խօսէր անոր համեստ գալուն մասին, իշու ձագի՝ աւանակի վրայ հեծած, մինչ ուրիշ մը կը խօսէր ամպերով անոր փառաւոր գալուն մասին։ Այս մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կրնային, երկուքն ալ, շիտակ ըլլալ։ Յստակօրէն, ան պէտք էր գար երկրորդ անգամ մը։—Դանիէլ 7։13. Զաքարեայ 9։9
Մեսիան Ի՛նչու Պէտք Էր Մեռնէր
17. Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կը յստակացնէ թէ Մեսիան պէտք էր մեռնէր, եւ ան ի՞նչ պատճառի համար պիտի մեռնէր։
17 Անկէ զատ, Մեսիական մարգարէութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տային որ Մեսիան պէտք էր մեռնէր։ Օրինակի համար, այն մարգարէութիւնը որ կը նախագուշակէր այն ժամանակը երբ Մեսիան պիտի գար, յաջորդ համարին մէջ կը ծանուցանէր. «Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը [որոնք եօթը եօթնեակին յաջորդեցին] Օծուածը [Մեսիան] պիտի կտրուի»։ (Դանիէլ 9։26) «Կտրուի» բային համար հոս գործածուած Եբրայերէն քարաթհ բառը Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ մահուան դատապարտութեան համար գործածուած նոյն բառն է։ Անկասկած, Մեսիան պէտք էր մեռնէր։ Ինչո՞ւ։ 24–րդ համարը մեզի կու տայ պատասխանը. «Մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու ... համար»։ Հրեաները լաւ գիտէին թէ միայն զոհ մը՝ մահ մը՝ կրնար անօրէնութիւնը քաւել։—Ղեւտացւոց 17։11. բաղդատել Եբրայեցիս 9։22։
18. (ա) Եսայեայ 53–րդ գլուխը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Մեսիան պէտք է տանջուի ու մեռնի։ (բ) Այս մարգարէութիւնը ի՞նչ երեւութական յարակարծութիւն կը յարուցանէ։
18 Եսայեայ 53–րդ գլուխը Մեսիային մասին կը խօսի որպէս Եհովայի մասնայատուկ Ծառայ մը, որ պիտի տանջուէր ու մեռնէր ուրիշներու մեղքերը ծածկելու համար։ 5–րդ համարը կ’ըսէ. «Անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ»։ Նոյն մարգարէութիւնը, մեզի ըսելէ ետք թէ այս Մեսիան պէտք է մեռնի որպէս ‘ողջակէզ’ մը, կը յայտնէ որ այս նոյն Անհատը «իր օրերը պիտի երկնցնէ ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի»։ (Համար 10) Ատիկա յարակարծութիւն մը չէ՞։ Մեսիան ինչպէ՞ս կրնար մեռնիլ, ու ապա ‘իր օրերը երկնցնել’։ Ան ինչպէ՞ս կրնար զոհ մատուցուիլ եւ անկէ ետք ‘Տէրոջը կամքը յաջողցնել’։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնար մեռնիլ եւ մեռած մնալ առանց կատարելու իր մասին եղած ամենակարեւոր մարգարէութիւնները թէ ան յաւիտեան պիտի իշխէր որպէս Թագաւոր եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն ու երջանկութիւն պիտի բերէր։—Եսայեայ 9։6, 7
19. Յիսուսի յարութիւնը ինչպէ՞ս Մեսիային մասին երեւութապէս հակասական եղող մարգարէութիւնները կը ներդաշնակէ։
19 Այս երեւութական յարակարծութիւնը լուծուեցաւ, հանդիսավայել հրաշքով մը։ Յիսուս յարուցուեցաւ։ Պարկեշտ սրտով հարիւրաւոր Հրեաներ այս փառաւոր իրողութեան ականատեսներ եղան։ (Ա. Կորնթացիս 15։6) Պօղոս առաքեալ հետագային գրեց. «Ասիկա [Յիսուս Քրիստոս] մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին»։ (Եբրայեցիս 10։10, 12, 13) Այո, երկնային կեանքի յարուցուելէն եւ ժամանակ մը ‘սպասել’էն ետքն էր որ Յիսուս վերջապէս պիտի գահակալուէր որպէս Թագաւոր եւ իր Հօր՝ Եհովայի՝ թշնամիներուն դէմ գործի պիտի լծուէր։ Որպէս երկնաւոր Թագաւոր իր դերով, Յիսուս Մեսիան կ’ազդէ հիմա ապրող ամէն անհատի կեանքին։ Ի՞նչ կերպով։ Մեր յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ ասիկա։
[Ստորանիշ էջ 8]
a Երբ Ղուկաս 3։23–ը կ’ըսէ. ‘Յովսէփ, որդին Հեղիի’, անիկա բացայայտօրէն «որդի» բառը կը գործածէ «փեսայ» իմաստով, քանի որ Հեղի Մարիամին բնական հայրն էր։—Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Ա., էջ 913–17, Անգլ.։
[Ստորանիշ էջ 8]
b Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս, իր շառաւիղը ներկայացնելով, յստակ կ’ընէ որ այսպիսի արձանագրութիւններ մատչելի էին Հ.Դ. 70–էն առաջ։ Այս արձանագրութիւնները երեւութապէս ոչնչացան Երուսաղէմ քաղաքին հետ, անփաստելի դարձնելով Մեսիականութեան շուրջ հետագայ բոլոր դաւանութիւնները։
[Ստորանիշ էջ 8]
c Տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 387։
[Ստորանիշ էջ 9]
d Վաղեմի Յունական, Բաբելոնական եւ Պարսկական աղբիւրներէն հաստատ ապացոյց կայ թէ Արտաշէսի իշխանութեան առաջին տարին Հ.Դ.Ա. 474–ն էր։ Տես Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ., էջ 614–16, 900։
[Ստորանիշ էջ 10]
e Այսպիսի մարգարէութիւններէն մէկուն մէջ, ան նախագուշակեց որ սուտ մեսիաներ պիտի ելլէին իրմէ ետք։—Մատթէոս 24։23–26
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ քննել ապացոյցները թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է թէ ոչ։
◻ Յիսուսի շառաւիղը ինչպէ՞ս զօրավիգ կը կանգնի իր Մեսիան ըլլալուն։
◻ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կ’օգնեն փաստելու թէ Յիսուս Մեսիան էր։
◻ Ի՞նչ կերպերով Եհովա անձամբ հաստատեց Յիսուսի ինքնութիւնը որպէս Մեսիան։
◻ Ինչո՞ւ այսքան շատ Հրեաներ Յիսուսը մերժեցին որպէս Մեսիան, եւ ինչո՞ւ այս պատճառները շիտակ չէին։
[Նկար՝ էջ 9]
Յիսուսի բազմաթիւ հրաշքներուն իւրաքանչիւրը յաւելեալ փաստ հայթայթեց թէ ան Մեսիան է