Եհովայի ապաւինեցէք
«Ո՛վ Եհովա, քեզի ապաւինեցայ»։—ՍԱՂՄՈՍ 31։1, ՆԱ
1. 31–րդ Սաղմոսը ի՞նչ վստահութիւն կը յայտնէ ապաստան հայթայթելու Եհովայի կարողութեան վրայ։
ՔԱՂՑՐԱՀՆՉԻՒՆ ձայն մը, կ’երգէ մարդու մը մասին, որ մտքով ու մարմնով խոնջած ըլլալով, ինքզինք Եհովայի կը յանձնէ։ Այդ սրբազան քերթուածը կ’ըսէ որ հաւատքը կը յաղթէ։ Ամենակալին երկարած բազուկներուն մէջ, այս մարդը ապաստան կը գտնէ զինք հետապնդող հալածիչներէն։ «Ո՛վ Եհովա, քեզի ապաւինեցայ (ՆԱ)». այս խօսքերով կը սկսի այս սաղմոսը։ «Յաւիտեան պիտի չամչնամ. քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ»։—Սաղմոս 31։1
2. (ա) Ո՞ր երկու սիւներուն վրայ հիմնուած կրնանք Եհովայի վստահիլ որպէս մեր ամրոցը։ (բ) Եհովա ինչպի՞սի Աստուած մըն է։
2 Սաղմոսերգուն միայն մէկ ապաստան ունէր՝ լաւագոյնը։ Հոգ չէ թէ ուրիշ բաներ անորոշ էին, կարեւոր իրողութիւնը կը մնար. Եհովան էր իր ապաստանը, իր ամրոցը։ Անոր վստահութիւնը երկու հաստատուն սիւներու վրայ կռթնած էր։ Մէկը՝ իր հաւատքն էր, որու համար Եհովա զինք պիտի չամչցնէր, իսկ երկրորդը՝ Եհովայի արդարութիւնը որ կը նշանակէր թէ Ան բնաւ պիտի չլքէր իր ծառան։ Եհովա իր հաւատարիմ ծառաները ամչցնող Աստուած մը չէ. ան խոստմնադրուժ չէ։ Այլ ան ճշմարտութեան Աստուածն է եւ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց որ անխոնջ կերպով իրեն կ’ապաւինին։ Վերջ ի վերջոյ, հաւատքը պիտի յաղթէ. ազատագրումը պիտի գայ։—Սաղմոս 31։5, 6
3. Սաղմոսերգուն ինչպէ՞ս կը փառաւորէ Եհովան։
3 Իր երաժշտութիւնը ելեւէջային եղանակով յօրինելով, որ վշտի ու վայի խորութենէն բարձրանալով վստահութեան բարձրակէտին կը հասնի, սաղմոսերուն ներքին զօրութիւն մը կը գտնէ։ Ան Եհովան կը գովաբանէ Իր հաւատարիմ սիրոյն համար։ «Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը», կ’երգէ ան, «վասնզի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի պարսպաւոր քաղաքի մէջ»։—Սաղմոս 31։21
Թագաւորութեան Հրատարակիչներու Հզօր Երգչախումբը
4, 5. (ա) Ի՞նչ հզօր երգչախումբ մը ներկայիս Եհովան կը գովաբանէ, եւ անոնք ասիկա ինչպէ՞ս ըրած են ծառայութեան անցեալ տարուան ընթացքին։ (բ) Յիշատակատօնին ներկայ եղողները ի՞նչ կերպով ցոյց կու տան որ տակաւին շատեր կը փափաքին Թագաւորութեան հրատարակիչներու երգչախումբին միանալ։ (գ) Ձեր ժողովքին մէջ ո՞ր խումբը թերեւս երգչախումբին միանալու ի վիճակի է։
4 Այսօր, այդ սաղմոսին խօսքերը դարձեալ իմաստ մը ստացած են։ Եհովան փառաբանող օրհներգները չեն կրնար մարիլ ոեւէ չար հակառակորդի, որեւէ բնական աղետի կամ որեւէ տնտեսական ցախաւերութեան պատճառով։ Արդարեւ, Եհովայի ողորմութիւնը զարմանալի եղած է իր ժողովուրդին աչքին։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, համայն աշխարհի մէջ 4,709,889 հոգիէ բաղկացած հզօր երգչախումբ մը, 231 երկիրներու մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը երգեցին։ Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Եհովայի երկնային կառավարութիւնը ապաստան մըն է, որ զիրենք յուսախաբ պիտի չընէ։ Անցեալ տարի, 73,070 ժողովքներէն Թագաւորութեան այս հրատարակիչները ընդհանուր 1,057,341,972 ժամ տրամադրեցին աւետարանչութեան։ Որպէս արդիւնք 296,004 անհատներ ջուրի մկրտութեամբ Աստուծոյ ըրած իրենց նուիրումը խորհրդանշեցին։ Իսկ անցեալ Օգոստոսին Ուգրանիոյ Գիէվ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Աստուածային Ուսուցում բնաբանով Միջազգային Համաժողովին ներկայ գտնուողները ի՜նչ հոյակապ անակնկալ մը ունեցան։ Անոնք ցարդ արձանագրուած ճշմարիտ Քրիստոնեաներու մեծագոյն զանգուածին պատմական մկրտութեան ականատեսները եղան։ Ինչպէս Եսայեայ 54։2, 3–ին մէջ մարգարէացուած էր, Աստուծոյ ժողովուրդը աննախընթաց կերպով կ’աւելնայ։
5 Սակայն, Աստուծոյ Թագաւորութեան ուրիշ հպատակներ, տակաւին իրենց կարգին, կը սպասեն երգչախումբին միանալու։ Անցեալ տարի, Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին 11,865,765 անհատներ ներկայ գտնուեցան։ Կը յուսանք որ անոնցմէ շատեր այս տարուան ընթացքին որակելի պիտի ըլլան տունէ տուն Թագաւորութեան երգը երգելու։ Այդ հեռանկարը որքա՜ն զայրոյթով լեցուցած ըլլալու է ճշմարտութեան թշնամին՝ Բանսարկու Սատանան։—Յայտնութիւն 12։12, 17
6, 7. Բացատրեցէք թէ հետաքրքրուած անհատ մը, Եհովայի օգնութեամբ, ի՛նչպէս կրցաւ դեւերու յարձակումներուն հետ գլուխ ելլել։
6 Սատանան պիտի ջանայ արգելք հանդիսանալ որ ուրիշներ իրենց ձայները միացնեն այդ երգչախումբին։ Թայլանտայի մէջ, զոր օրինակ, երթալով աւելի շատ անհատներ դեւերու յարձակման թիրախ կը դառնան։ Սակայն, շատ մը անկեղծ անհատներ Եհովայի օգնութեամբ ազատագրուած են։ Պարզ հետաքրքրութենէ մղուած բուժակի մը այցելութիւն տալէ ետք, մարդ մը տասը տարի դեւերու ազդեցութեան ներքեւ եկաւ։ Ան փորձեց այդ ազդեցութենէն ձերբազատուիլ վարդապետի մը օգնութեամբ, բայց իրական բարելաւում մը չունեցաւ։ Եհովայի Վկայ լիաժամ քարոզիչ մը սկսաւ անոր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ Աստուածաշունչէն անոր սորվեցուց թէ ինչպէս կրնար դեւերու ազդեցութենէն դուրս գալ. ճշմարտութեան մասին գիտութիւն ստանալով, Եհովա Աստուծոյ հաւատալով եւ անոր պաղատելով։—Ա. Կորնթացիս 2։5. Եփեսացիս 4։6, 7. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4
7 Այս խօսակցութիւնը ունենալէ ետք, նոյն գիշերը, այս մարդը երազ մը տեսաւ, որու մէջ իր մեռած հայրը կը սպառնար իրեն, եթէ չվերադառնար ոգեհարցութեան։ Անոր ընտանիքը սկսաւ տառապիլ։ Մարդը անխախտ մնաց, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը շարունակեց եւ սկսաւ ժողովներու յաճախել։ Ուսումնասիրութեան մը ընթացքին, լիաժամ քարոզիչը բացատրեց որ ոգեհարցական արարողութիւններու ընթացքին գործածուած իրեր երբեմն դուռ կը բանան դեւերու որ իրենց իշխանութենէն հեռանալ փորձողները նեղեն։ Մարդը յիշեց որ ինք տակաւին քիչ մը իւղ ունէր, զոր կը գործածէր թովչանքի համար։ Հասկցաւ որ պէտք էր նետէր զայն։ Անկէ ձերբազատուելէ ետք, անգամ մը եւս չանհանգստացաւ չար ոգիներու կողմէ։ (Բաղդատել Եփեսացիս 6։13. Յակոբու 4։7, 8) Ինք եւ իր կինը իրենց ուսումնասիրութեան մէջ կը յառաջդիմեն եւ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչի դաստիարակիչ ժողովներուն կը յաճախեն։
8, 9. Թագաւորութեան կարգ մը հրատարակիչներ ուրիշ ի՞նչ արգելքներ յաղթահարած են։
8 Ուրիշ արգելքներ ալ կրնան բարի լուրին ձայնը խեղդել։ Կանայի մէջ տնտեսական շատ հարստահարիչ պայմաններու պատճառաւ, գործաւորներ գործէ կ’արձակուին։ Ապրուստը շատ սղած է, իրապէս դժուարացնելով կեանքի զուտ անհրաժեշտ բաները ձեռք ձգելը։ Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլեն ասոր հետ։ Եհովային վստահելով, ոչ թէ՝ իրենց անձին։ Օրինակի համար, օր մը մարդ մը նամակի գոց պահարան մը ձգեց մասնաճիւղի մը ընդունարանի գրասեղանին վրայ։ Պահարանին մէջ 200 տոլար կար, կամ երեք ամսուայ նուազագոյն աշխատավարձք մը։ Պահարանը կու գար անանուն նուիրատուէ մը, բայց պահարանին վրայ հետեւեալ գրութիւնը կար. «Գործս կորսնցուցի, բայց Եհովան ինծի ուրիշ գործ մը հայթայթեց։ Երախտապարտ եմ իրեն եւ իր Որդւոյն՝ Քրիստոս Յիսուսի։ Վախճանը գալէ առաջ Թագաւորութեան բարի լուրի տարածման օգնելու համար ձեզի ներփակ այս համեստ նուիրատուութիւնը կը դնեմ»։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 9։11։
9 Ժողովներու ներկայութիւնը Եհովան փառաբանող հզօր երգչախումբին միացողները մարզելու կը նպաստէ։ (Բաղդատել Սաղմոս 22։22։) Հոնտուրասի հարաւային կողմը, պզտիկ ժողովք մը կայ, որ կը կոչուի Էլ–Հորտէն։ Այս փոքր խումբը ի՞նչ մասնայատուկ բան մը ունի։ Ժողովներու անոնց հաւատարիմ ներկայութիւնը։ Այդ ժողովքին 19 հրատարակիչներէն 12–ը ժողովներու յաճախելու համար ամէն շաբաթ լայն գետէ մը պէտք է անցնին։ Չոր եղանակներուն, ասիկա մեծ խնդիր մը չէ, քանի որ անոնք կրնան գետէն անցնիլ ժայռերը որպէս ոտնդիր քար գործածելով։ Բայց, անձրեւոտ եղանակին, պայմանները կը փոխուին։ Ջուրի անկարեւոր այդ հոսանքը հեղեղատի կը դառնայ, իր ճամբուն վրայ քշել տանելով ի՛նչ որ գտնուի։ Այս արգելքը յաղթահարելու համար, եղբայրները եւ քոյրերը լաւ լողորդներ պէտք է ըլլան։ Գետէն անցնելէ առաջ, անոնք ժողովի հագուստները թինայի (մետաղեայ տակառ) մը մէջ կը դնեն եւ ապա զայն բլասթիքէ տոպրակով կը ծածկեն։ Ամենէն զօրաւոր լողորդը թինան որպէս ծփակ կը գործածէ եւ ամբողջ խումբը միւս ափը կ’անցնէ։ Միւս ափը ապահով անցնելով, անոնք կը չորցուին եւ Թագաւորութեան Սրահ կը հասնին զուարթ եւ պսպղուն մաքրութեամբ։—Սաղմոս 40։9
Բերդ մը, Ուր Կրնանք Բնակիլ
10. Ինչո՞ւ Եհովայի պէտք է դիմենք, երբ ճնշուած վիճակ մը ունենանք։
10 Ուղղակի դեւերու կողմէ ճակատային յարձակման ենթակայ ըլլաք թէ ուրիշ պատճառներով ճնշուած զգաք, Եհովա կրնայ ձեր ամրոցը ըլլալ։ Զինք կանչեցէք աղօթելով։ Ան իր ծառաներուն ամենադոյզն հեկեկանքն իսկ կը լսէ։ Սաղմոսերգուն ասոր գիտակցեցաւ ու գրեց. «Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր, շուտով զիս ազատէ։ Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։ Վասնզի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։ Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։ Վասնզի իմ զօրութիւնս դուն ես»։—Սաղմոս 31։2–4
11. Բացատրեցէք որ Եհովայի բերդը ի՛նչու ժամանակաւոր վայր մը չէ։
11 Եհովա ո՛չ միայն ժամանակաւոր ապաստան մը կը հայթայթէ, այլ՝ անառիկ բերդ մը, ուր կրնանք ապահովութեամբ բնակիլ։ Իր առաջնորդութիւնն ու ուղղութիւնը յուսախաբ չեն ըրած իր ժողովուրդը։ Աստուածային զօրութիւնը անպէտ պիտի դարձնէ Սատանայի եւ իր ձագերուն բոլոր ճարտար հնարքները։ (Եփեսացիս 6։10, 11) Երբ բոլոր սրտով Եհովայի վստահինք, ան մեզ պիտի ազատէ Սատանայի որոգայթներէն։ (Բ. Պետրոս 2։9) Անցեալ չորս տարիներուն ընթացքին, շուրջ 35 երկիրներ Եհովայի Վկաներու քարոզչութիւնը օրինականացուցած են։ Նաեւ, երկրին այդ շրջանները ուր ընկերային, տնտեսական կամ քաղաքական վիճակները արգելք կը հանդիսանան բարի լուրի քարոզչութեան, կարգ մը ոչխարանման անհատներ կը փոխադրուին հոն, ուր կարելի է աւելի դիւրութեամբ հասնիլ անոնց։ Ճաբոնը այսպիսի վայր մըն է։
12. Ճաբոնի մէջ ռահվիրայ մը ինչպէ՞ս Եհովան իր ամրոցը ըրաւ։
12 Ճաբոնի մէջ, օտար աշխատաւորներու մեծ ներգաղթ մը կայ եւ բազմաթիւ օտարախօս ժողովքներ հաստատուած են։ Ճաբոնական ժողովքէն եղբօր մը փորձառութիւնը օրինակ մըն է թէ այս օտարախօս դաշտը որքա՜ն արգասաբեր է։ Այս եղբայրը փափաքեցաւ երթալ հոն, ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Բայց իր գտնուած տեղը արդէն 10 ուսումնասիրութիւններ կը վարէր։ Իր ընկերներէն մէկը կատակելով ըսաւ. «Եթէ երթաս հոն, ուր աւելի մեծ կարիք կայ, ուրեմն 20 ուսումնասիրութիւն պէտք է վարես»։ Ան նշանակում մը ստացաւ եւ Հիրոշիմա գնաց։ Չորս ամիս ետք սակայն, միայն մէկ ուսումնասիրութիւն կը վարէր։ Օր մը, ան Պրազիլիացի մարդու մը այցելեց, որ միայն Փորթուկալերէն կը խօսէր։ Քանի որ եղբայրը չէր կրնար այս մարդուն հետ հաղորդակցիլ, ան Փորթուկալերէն սորվելու գիրք մը գնեց։ Խօսակցութեան քանի մը պարզ արտայայտութիւններ սորվելէ ետք, դարձեալ մարդուն քով գնաց։ Երբ եղբայրը Փորթուկալերէնով բարեւեց, մարդը ապշեցաւ ու մեծ ժպիտով դուռը լայն բացաւ եւ ներս հրաւիրեց զինք։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Շատ չանցած, եղբայրը ընդամէնը 22 ուսումնասիրութիւն կը վարէր. 14–ը Փորթուկալերէնով, 6–ը Սպաներէնով, իսկ 2–ը Ճաբոներէնով։
Վստահութեամբ Քարոզել
13. Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը մեզ պէտք չէ ամչցնէ Եհովայի ծառայելու համար։
13 Եհովայի ժողովուրդը վստահութեամբ կ’երգէ Թագաւորութեան երգը, բացարձակ հաւատք ունենալով որ Եհովա իր ապաւէնն է։ (Սաղմոս 31։14) Անոնք պիտի չամչնան. Եհովա զիրենք ամօթով պիտի չձգէ, քանի որ ան իր խօսքը կը պահէ։ (Սաղմոս 31։17) Բանսարկուն եւ իր դիւային գումարտակները պիտի ամչնան։ Քանի որ Եհովայի ծառաները յանձնարարութիւն ստացած են պատգամ մը քարոզելու որ ամչկոտութենէ զուրկ է, ուրեմն, անոնք ուրիշներուն քարոզելու չեն ամչնար։ Եհովա եւ իր Որդին չեն մղեր մարդոց որ այս կերպով զինք պաշտեն։ Երբ մարդոց սրտերը Եհովայի բարութեան եւ ողորմութեան հանդէպ հաւատքով եւ գնահատութեամբ լեցուին, անոնց սրտի լաւ վիճակն է, որ կը դրդէ զիրենք որ խօսին։ (Ղուկաս 6։45) Հետեւաբար, ամէն ամիս որքան ժամ որ յատկացնենք ծառայութեան մէջ, մանաւանդ եթէ այդ ժամանակը կը ներկայացնէ մեր լաւագոյն ջանքը լաւ է, մենք պէտք չէ ամըչնանք։ Յիսուս եւ իր Հայրը այրի կնոջ լուման լիովին չգնահատեցի՞ն։—Ղուկաս 21։1–4
14. Ռահվիրայութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։
14 Երթալով աւելի շատ հրատարակիչներու համար, պաշտամունքի մէջ բոլոր սրտով ըլլալը կը նշանակէ ռահվիրայ ըլլալ. անցեալ տարի 890,231 ռահվիրաներու գագաթ մը ունեցանք։ Հետեւեալ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ թէ Նիկերիոյ մէջ քոյր մը ի՛նչպէս ռահվիրաներու շարքը մտաւ։ Ան կը գրէ. «Երբ երկրորդական վարժարանը աւարտելու վրայ էի, Եհովայի Վկաներու ռահվիրայական դպրոցը յաճախողներուն համար ճաշ եփելու համար օգնելու գացի։ Հոն երկու քոյրերու հանդիպեցայ, որոնք իմ մեծ մօրմէս տարիքոտ էին։ Երբ գիտցայ որ անոնք ռահվիրաներ էին, որոնք այդ դպրոցին ներկայ ըլլալու համար հոն էին, ես ինծի խորհեցայ. ‘Եթէ այս երկուքը կրնան ռահվիրայութիւն ընել, ինչո՞ւ ո՛չ ես’։ Ուստի դպրոցս աւարտելէ ետք, ես ալ կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ»։
15. Անպաշտօն վկայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ճամբան հարթել որ ուրիշներ ալ Եհովայի ապաւինին։
15 Բոլորն ալ չեն կրնար ռահվիրայութիւն ընել, բայց կրնան վկայել։ 82 տարեկան քոյր մը մսավաճառի գնաց միս գնելու։ Ան նկատեց որ մսավաճառին կինը քաղաքական ընթացիկ տակնուվրայութիւններով շփոթած է։ Ուստի քոյրը վճարելու ատեն դրամին հետ սահեցուց՝ Ի՞նչ Են Եհովայի Վկաներուն Հաւատալիքները՝ թղթիկը։ Երբ քոյրը խանութ վերադարձաւ, մսավաճառին կինը անմիջապէս հարցուց թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ երրորդ աշխարհամարտի մը կարելիութեան մասին։ Քոյրը անոր բերաւ Իրական Խաղաղութիւն ու Ապահովութիւն—Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել գիրքը։ Քանի մը օր ետք, երբ տարեց քոյրը խանութ հանդիպեցաւ, մսավաճառին կինը ուրիշ հարցումներ ըրաւ իրեն։ Քոյրը ախորժեցաւ այս կնոջմէն. ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեց, կինն ալ ընդունեց։ Հիմա մսավաճառին կինը կը փափաքի մկրտուիլ։ Իսկ մսավաճա՞ռը։ Ան ալ թղթիկը կարդաց եւ հիմա ինքն ալ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։
‘Բարութեան Գանձ մը’
16. Եհովա ինչպէ՞ս բարութեան գանձ մը վերապահած է իր ժողովուրդին։
16 Այս լարուած վերջին օրերուն ընթացքին, Եհովա ‘զարմանալի ողորմութիւն ցոյց’ չէ՞ տուած իրեն ապաւինողներուն։ Սիրալիր, պահպանող հօր մը նման, Եհովա իր երկրային զաւակներուն համար բարութեան գանձ մը վերապահած է։ Ան բոլոր հանդիսատեսներուն աչքին առջեւ ուրախութիւն կը տեղացնէ անոնց վրայ, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ՝ որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր ու քեզի յուսացողներուն [ապաւիողներուն] համար ըրիր՝ մարդոց որդիներուն առջեւ»։—Սաղմոս 31։19, 21
17–19. Կանայի մէջ, ծերունիի մը ամուսնութեան վաւերացումը ի՞նչ լաւ արդիւնք ունեցած է։
17 Հետեւաբար, աշխարհային մարդիկ իրենց աչքերով կը տեսնեն Եհովան պաշտողներուն պարկեշտութիւնը ու կը հիանան։ Օրինակի համար, Կանայի մէջ, 96 տարեկան ծերունի մը ամուսնութիւն վաւերացնող գրասենեակը գնաց ու խնդրեց որ իր 70 տարուա, ոչ–օրինական ամուսնութիւնը վաւերացուի։ Պաշտօնեան ցնցուեցաւ եւ հարցուց. «Վստա՞հ էք որ այս է ձեր փափաքածը, այս տարիքի՞ն»։
18 Ծերունին պատասխանեց. «Կ’ուզեմ Եհովայի Վկայ մը ըլլալ եւ աշխարհի վախճանը գալէն առաջ ամենէն կարեւոր գործունէութեան՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան՝ մասնակցիլ։ Այս գործը յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Եհովայի Վկաները քաղաքացիական օրէնքներուն կը հնազանդին, մէջը ըլլալով՝ ամուսնութեան արձանագրութիւնը։ Ուստի, հաճեցէք այս արձանագրութիւնը կատարել»։ Պաշտօնեան պապանձեցաւ։ Ան արձանագրութիւնը կատարեց եւ, այլեւս իր ամուսնութիւնը օրինաւոր ըլլալով, ծերունին ուրախութեամբ մեկնեցաւ։—Բաղդատել Հռովմայեցիս 12։2։
19 Անկէ ետք, այս պաշտօնեան սկսաւ իր լսած բաներուն մասին մտածել։ ‘Եհովայի Վկաներ ... ամենէն կարեւոր գործունէութիւն ... աշխարհի վախճանը ... Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ... յաւիտենական կեանք’։ 96 տարեկան ծերունիի մը կեանքին մէջ այս բաներուն ունեցած իմաստը խռովեցնելով զինք, ան որոշեց Վկաները փնտռել եւ այս հարցը աւելի մօտէն քննել։ Ան տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց եւ արագ յառաջդիմութիւն ըրաւ։ Այս պաշտօնեան ներկայիս մկրտուած Վկայ մըն է։ Ուստի, երբ Եհովայի կը հնազանդինք ա՛յն բաներուն մէջ որ ուրիշները ջնջին կը նկատեն, անոր հետեւանքը մեզի եւ մեր վարքը տեսնողներուն համար, անպատում օրհնութիւններ կրնայ ըլլալ։—Բաղդատել Ա. Պետրոս 2։12
20. Միյանմարի մէջ, երիտասարդ քրոջ մը պարկեշտութիւնը ինչպէ՞ս լաւ վկայութեան մը առաջնորդած է։
20 Այն տարեցները, որոնք թոյլ տուած են որ ճշմարտութիւնը զիրենք կաղապարէ որպէս պարկեշտ անհատներ, երիտասարդներուն լաւ օրինակ մը կը հանդիսանան այս անպարկեշտ աշխարհին մէջ։ Միյանմարի մէջ, այսպիսի երիտասարդ քոյր մը կը բնակի։ Ան տասը զաւակներ ունեցող աղքատ ու խոնարհ ընտանիքէ մը կու գայ։ Հայրը, թոշակառու մը, կանոնաւոր ռահվիրայ մըն է։ Օր մը, այս քոյրը դպրոցին մէջ ադամանդէ մատանի մը գտաւ եւ անմիջապէս իր ուսուցիչին տարաւ։ Յաջորդ օրը, երբ դասարանը հաւաքուած էր, ուսուցիչը դասարանին յայտնեց թէ մատանին ի՛նչպէս գտնուած էր եւ զայն յանձնեց տիրոջը։ Ապա, ան երիտասարդ քրոջ ըսաւ որ ամբողջ դասարանին առջեւ կայնի եւ բացատրէ թէ ի՛նչու ասիկա ըրաւ, գիտնալով որ թերեւս ուրիշ երախաներ պիտի նախընտրէին զայն պահել։ Քոյրը բացատրեց որ ինք Եհովայի Վկայ մըն էր եւ թէ գողութիւնը կամ որեւէ տեսակի անպարկեշտութիւն իր Աստուծոյն հաճելի չէր։ Ամբողջ դասարանը այս մասին լսեց մեր երիտասարդ քրոջ պատեհութիւն տալով, որ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն վկայութիւն տայ։
21. Երբ երիտասարդներ Եհովայի կ’ապաւինին, իրենց վարքը ինչպէ՞ս կ’արտացոլացուի Իր վրայ։
21 Պելճիքայի մէջ, ուսուցիչ մը հետաքրքրական նկատողութիւն մը ըրաւ Եհովայի Վկաներու մասին։ Ան իր աշակերտներէն մէկուն, որ դարձեալ երիտասարդ քոյր մըն է, վարքը դիտած էր, ու ըսաւ. «Հիմա ես Եհովայի Վկաներուն մասին տարբեր կարծիք մը ունիմ։ Կանխադատողութեան պատճառաւ, կը խորհէի որ անոնք շատ անհանդուրժող անհատներ են։ Կը տեսնեմ որ անոնք շա՛տ հանդուրժող են, թէեւ իրենց սկզբունքներուն մէջ համակերպումներ չեն ըներ»։ Ամէն տարի ուսուցիչները պատուոյ մրցանակ մը կու տան իրենց լաւագոյն աշակերտներուն որոնց մաս կը կազմէ բարոյագիտութեան դասընթացքի մրցանակ մը։ Երեք յաջորդական տարիներէ ի վեր, այս ուսուցիչը երեք բարձրագոյն նիշերուն համար մրցանակները կու տայ Եհովայի Վկաներու զաւակներուն։ Ուստի, յաճախ ա՛յս է որ կը պատահի անոնց որոնք Եհովայի հաւատարմօրէն կը վստահին։—Սաղմոս 31։23
22. 31–րդ Սաղմոսին յաղթական եզրակացութիւնը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի իրերու այս դրութեան վերջին օրերուն ընթացքին։
22 31–րդ Սաղմոսը հետեւեալ յաղթական եզրակացութիւնը կը թնթացնէ. «Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը [Եհովայի] կը յուսաք»։ (Սաղմոս 31։24) Ուստի, մինչ Սատանայի ամբարիշտ դրութեան վերջին օրերը կը դիմագրաւենք, Եհովա աւելի պիտի մօտենայ մեզի եւ մեր մէջ պիտի զետեղէ իր զօրութիւնը։ Եհովա հաւատարիմ է ու մեզ յուսախաբ չ’ըներ։ Ան մեր ապաւէնն է. մեր աշտարակն է։—Առակաց 18։10
Կը Յիշէ՞ք
◻ Ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ Եհովան մեր ապաստանը ընել։
◻ Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ հզօր երգչախումբ մը քաջութեամբ կ’երգէ Թագաւորութեան փառաբանութիւնը։
◻ Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի ծառաները Սատանայի որոգայթին մէջ պիտի չիյնան։
◻ Եհովա ի՞նչ գանձ վերապահած է իրեն ապաւինողներուն։