Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Ապրիլ 1—Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան։—Եբրայեցիս 13։17, Դիտ. 12/1/92 8
Ապրիլ 2—Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով, գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։—Զաքարեայ 9։10, Դիտ. 12/1/92 8, 9դ
Ապրիլ 3—Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին։—Մատթէոս 16։16, Դիտ. 1/1/93 1, 2
Ապրիլ 4—Իմաստութիւնը Տէրը [Եհովան] կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։—Առակաց 2։6, Դիտ. 2/1/93 10, 11
Ապրիլ 5—«Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, որպէսզի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը [Եհովա]։ «Թէ արդեօք ... ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։—Մաղաքեայ 3։10, Դիտ. 4/1/93 10, 15, 16ա
Ապրիլ 6—Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ ու Յակոբին տունը՝ օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն, Յուդան՝ անոր սրբարանը ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։—Սաղմոս 114։1, 2, Դիտ. 3/1/93 12, 13
Ապրիլ 7—Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը [Եհովայի] վարժութիւնովն ու խրատովը։—Եփեսացիս 6։4, Դիտ. 1/1/93 9, 10բ
Ապրիլ 8—Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին ... հոգիին ազդեցութիւնովը իրեն յայտնուած ... գաղափարը տուաւ։—Ա. Մնացորդաց 28։11, 12, Դիտ. 3/1/93 17, 18գ
Ապրիլ 9—Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ ու Տէրոջը [Եհովայի] փառքը քու վրադ ծագեցաւ։ Վասնզի ահա ... քու վրադ Տէրը [Եհովան] պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։—Եսայեայ 60։2, Դիտ. 4/1/93 15, 16բ
Ապրիլ 10—Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը, փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ. լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։—Սաղմոս 51։14, Դիտ. 6/1/93 12գ
Ապրիլ 11—Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։—Գաղատացիս 6։1, Դիտ. 5/1/93 9, 10ա
Ապրիլ 12—Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր [Եհովա], վասնզի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։ Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը, վասնզի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր [Եհովա]։—Սաղմոս 86։3, 4, Դիտ. 2/1/93 6, 7բ
Ապրիլ 13—Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։—Ա. Կորնթացիս 7։39, Դիտ. 5/1/93 3, 4գ
Ապրիլ 14—Ձեր վրայէն [պէտք է] հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը [անձնաւորութիւնը (ՆԱ)], որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր։—Եփեսացիս 4։22, Դիտ. 6/1/93 8, 9ա
Ապրիլ 15—Եկէ՛ք, Տէրոջը [Եհովային] դառնանք, ... [Եհովան] ճանչնալու ետեւէ պիտի ըլլանք։—Ովսեայ 6։1–3, Դիտ. 7/1/93 13, 14բ
Ապրիլ 16—Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։—Եսայեայ 9։2, Դիտ. 7/1/93 12–14
Ապրիլ 17—Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։ Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, ... անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ։—Բ. Կորնթացիս 11։25, 26, Դիտ. 12/1/92 9
Ապրիլ 18—Ո՛վ Տէր [Եհովա], քու անուանդ համար ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասնզի մեծ է։—Սաղմոս 25։11, Դիտ. 12/1/92 11, 12բ
Ապրիլ 19—Քու ներկայութեանդ ու իրերու դրութեան վախճանին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ։—Մատթէոս 24։3, ՆԱ, Դիտ. 1/1/93 9, 10ա
Ապրիլ 20—Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ։—Ա. Կորնթացիս 1։19, Դիտ. 2/1/93 13–15ա
Ապրիլ 21—Դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը [Եհովայի] վարժութիւնովն ու խրատովը։—Եփեսացիս 6։4, Դիտ. 1/1/93 9, 13, 14գ
Ապրիլ 22—Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։—Սաղմոս 103։10, Դիտ. 3/1/93 6ա
Ապրիլ 23—«Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, ...։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը [Եհովա]։ «Թէ արդեօք ... ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ»։—Մաղաքեայ 3։10, Դիտ. 4/1/92 10–12ա
Ապրիլ 24—Սուրբ հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք ... մինչեւ երկրին ծայրերը։—Գործք 1։8, Դիտ. 3/1/93 6, 7դ
Ապրիլ 25—Քու Տէր [Եհովա] Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ Աստուած է։—Բ. Օրինաց 4։24, Դիտ. 4/1/93 5, 13դ
Ապրիլ 26—Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները։—Մատթէոս 7։12, Դիտ. 5/1/93 4, 5ա
Ապրիլ 27—Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ։—Առակաց 21։9, Դիտ. 5/1/93 1, 2գ
Ապրիլ 28—Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ։—Եփեսացիս 4։17, Դիտ. 6/1/93 7, 8ա
Ապրիլ 29—Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ «Տէրոջը [Եհովային] պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։—Սաղմոս 32։5, Դիտ. 6/1/93 1, 8բ
Ապրիլ 30—Քու վրադ Տէրը [Եհովան] պիտի ծագի եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։ Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան։—Եսայեայ 60։2, 3, Դիտ. 7/1/93 9, 10