Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Յունիս 1—Քու հոգդ Տէրոջը [Եհովայի] վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։—Սաղմոս 55։22, Դիտ. 8/1/93 3, 4գ
Յունիս 2—Ասով զիս փորձեցէ՛ք, ... թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատաուհանները պիտի չբանա՞մ։—Մաղաքեայ 3։10, Դիտ. 4/1/93 1, 2ա
Յունիս 3—Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 60։21, Դիտ. 4/1/93 20բ
Յունիս 4—Աւետարանիչի [կամ՝ միսիոնարի] գործ գործէ՛։—Բ. Տիմոթէոս 4։5, լուսանցքի բացատրութիւն, Դիտ. 12/1/92 1, 2ա
Յունիս 5—Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ։ Ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին։—Մատթէոս 9։37, 38, Դիտ. 3/1/93 13, 14դ
Յունիս 6—Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։—Յակոբու 3։15, Դիտ. 7/1/93 13, 14գ
Յունիս 7—Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ ու Տէրը [Եհովան] զիս պիտի փրկէ։ Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։ Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։—Սաղմոս 55։16, 17, Դիտ. 2/1/93 11, 12բ
Յունիս 8—Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։—Թուոց 12։3, Դիտ. 5/1/93 18, 20
Յունիս 9—[Ան] բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց [ձեւով (ՆԱ)] պարգեւներ տուաւ։—Եփեսացիս 4։8, Դիտ. 8/1/93 8, 9գ
Յունիս 10—Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։—Եբրայեցիս 13։4, Դիտ. 5/1/93 11բ
Յունիս 11—Վասնզի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։—Բ. Կորնթացիս 4։6, Դիտ. 6/1/93 18, 19ա
Յունիս 12—Արքայութեան այս աւետարանը [Թագաւորութեան այս բարի լուրը (ՆԱ)] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ։—Մատթէոս 24։14, Դիտ. 8/1/93 18, 19ա
Յունիս 13—Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։—Սաղմոս 51։17, Դիտ. 6/1/93 1–3գ
Յունիս 14—Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասնզի օրերս չար են։—Եփեսացիս 5։15, 16, Դիտ. 7/1/93 5, 6գ
Յունիս 15—Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս ... պիտի ըլլայ։—Եսայեայ 32։2, Դիտ. 8/1/93 10, 11գ
Յունիս 16—Հոն աշակերտ մը կար Տիմոթէոս անունով, որ հաւատացեալ Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր, իսկ հայրը Յոյն էր։ Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր։—Գործք 16։1, 2, Դիտ. 12/1/92 17
Յունիս 17—Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։—Ա. Յովհաննու 2։1, Դիտ. 12/1/92 13, 14բ
Յունիս 18—Եթէ ձեզի ըսեն թէ «Ահա [Քրիստոսը] անապատին մէջ է», մի՛ ելլէք. եւ թէ՝ «Ահա [ան] ներքին սենեակներուն մէջ է», մի՛ հաւատաք։—Մատթէոս 24։26, Դիտ. 5/1/93 8–10
Յունիս 19—Լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։—Յովհաննու 1։5, Դիտ. 7/1/93 15–17
Յունիս 20—[Եհովա Աստուծոյ օրէնքը] սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։—Սաղմոս 119։165, Դիտ. 3/1/93 19, 20ա
Յունիս 21—Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը [Եհովայի] հոգին, իմաստութեան ու հանճարի հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան հոգին։—Եսայեայ 11։2, Դիտ. 1/1/93 14, 15ա
Յունիս 22—Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին։—Առակաց 15։22, Դիտ. 1/1/93 3, 4գ
Յունիս 23—Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը [Եհովա] զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։—Յակոբու 5։15, Դիտ. 8/1/93 20, 21գ
Յունիս 24—Անոնք պիտի սորվեցնեն քու պատուիրանքներդ Յակոբին ու քու օրէնքդ՝ Իսրայէլին։—Բ. Օրինաց 33։10, Դիտ. 2/1/93 12, 13
Յունիս 25—Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։—Ա. Տիմոթէոս 2։8, Դիտ. 3/1/93 20–22բ
Յունիս 26—Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 7/1/93 21, 22
Յունիս 27—Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ [Եհովայէ] պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։—Եսայեայ 54։13, Դիտ. 4/1/93 18ա
Յունիս 28—Ո՛վ Տէր [Եհովա], սորվեցուր ինծի քու ճամբադ։—Սաղմոս 86։11, Դիտ. 2/1/93 1, 2գ
Յունիս 29—Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս։—Եփեսացիս 5։1, Դիտ. 3/1/93 16–18դ
Յունիս 30—Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար։—Հռովմայեցիս 15։1, Դիտ. 8/1/93 18, 19գ