Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 7/1 էջ 8-9
  • Իրապէս գողութի՞ւն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրապէս գողութի՞ւն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այդ Դրամը Որո՞ւն կը Պատկանի
  • Փոխառութի՞ւն թէ Գողութիւն
  • Աստուծոյ Վստահիլ
  • Բոլոր չարութիւններուն արմատը դրա՞մն է
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Դրամը ինչպէ՛ս գործածել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ի՞նչպէս կրնաք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 7/1 էջ 8-9

Իրապէս գողութի՞ւն է

ՆԻԿԵՐԻՈՅ մեծ պանդոկի մը մէջ, Ապիոտիւնը սպասեակապետ էր։ Երեկոյ մը, երբ խնճոյքի սրահը կը կղպէր, ան պայուսակ մը գտաւ, որու մէջ 1,827 Ամերիկեան տոլարի համարժէք դրամ կար։ Ան անյապաղ յանձնեց պայուսակը որու տէրը, պանդոկ եկած տիկին մը, հետագային այս կորուստը յայտնեց։ Պանդոկի տնօրէնութիւնը վարձատրեց Ապիոտիւնը, կրկնակի բարձրացում տալով անոր, նաեւ զայն որակեց «տարուան լաւագոյն գործաւոր»ը։ Դրամին տէրն ալ վարձատրեց զինք։

Տեղական լրագիր մը (Quality) այս դէպքը արձանագրեց, Ապիոտիւնը «Բարի Սամարացի» կոչելով։ Երբ այս լրագրին կողմէ իրեն հարցուեցաւ որ արդեօք ինք փորձուեցա՞ւ դրամը իրեն պահել, ան ըսաւ. ‘Ես Եհովայի Վկայ մըն եմ։ Ուրեմն երբ ինծի չպատկանող բան մը գտնեմ, տիրոջը կը վերադարձնեմ’։

Համայնքին մէջ, շատեր զարմացան Ապիոտիւնի ցուցաբերած պարկեշտութեան վրայ։ Անոր բարեկամներուն, ուրիշ Վկաներուն, համար ալ այս պատահածը հաճելի էր, բայց անոնք չզարմացան։ Համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաները ճանչցուած են իրենց ունեցած բարձր սկզբունքներուն համար։ Անոնց մէջ պարկեշտութիւնը բացառիկ բան մը չէ. այլ կանոն մըն է, ճշմարիտ Քրիստոնէութեան կենսական մէկ մասը։

Պարբերաբար սակայն, պարկեշտութիւնը անպարկեշտութենէն զատորոշելը կրնայ դժուար թուիլ։ Հետեւեալ պարագան նկատի առէք։ Արեւմտեան Ափրիկէի Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն մէկուն մէջ, նուիրատուութիւններու եւ հաշիւներու պատասխանատու եղող Ֆեստոս դրամի մեծ կարիք ունեցաւ։a Իր կինը լուրջ գործողութեան մը կարիքը ունէր, որ, ըստ բժիշկներուն, պէտք չէր ուշացուէր։ Հիւանդանոցը դրամին կէսը սկիզբէն կը պահանջէր։

Ֆեստոսին դրամը բաւական չէր։ Երբ կարգ մը անհատներէ պարտք ուզեց, ան մերժուեցաւ։ Ապա, ան իր հոգածութեան ներքեւ եղող դրամին վրայ խորհեցաւ եւ հետեւեալ կերպով տրամաբանեց. ‘Շիտա՞կ է որ կինս մահուան վտանգին դիմաց գտնուի, երբ ես կրնամ բան մը ընել զայն արգիլելու համար։ Ինչո՞ւ ժողովքին սնտուկէն «փոխ չառնեմ»։ Ետ կը դարձնեմ, երբ ինծի պարտք ունեցողները վերադարձնեն’։

Ֆեստոս իրեն չպատկանած այդ դրամը գործածեց հիւանդանոցին վճարելու համար։ Արդեօք իր տրամաբանութիւնը շիտա՞կ էր։ Իր դիմագրաւած ստիպողական պարագային ի տես, իր արարքը արդարացի՞ էր։

Այդ Դրամը Որո՞ւն կը Պատկանի

Այս հարցումները վերլուծելէ առաջ, հակիրճօրէն վերաքաղ ընենք Ֆէստոսի գործածած դրամի աղբիւրին եւ նպատակին շուրջ կարգ մը կէտեր։ Անիկա ժողովքի անդամներուն յօժարակամ նուիրատուութենէն կու գայ, որոնք կ’ուզեն Եհովայի մաքուր պաշտամունքը յառաջ տանիլ։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Անիկա չգործածուիր ամսականներ վճարելու համար, քանի որ ժողովքին մէջ ոեւէ մէկը ամսավճար չստանար իր մատուցած ծառայութեան համար։ Այլ, նուիրատրուած դրամը կը գործածուի գլխաւորաբար ժողովի վայր մը, սովորաբար Թագաւորութեան Սրահ մը, ունենալու եւ անոր հոգ տանելու համար։ Այս կերպով կարելի է պատշաճ եւ հանգստաւէտ վայր մը ունենալ, ուր երիտասարդ թէ տարեց, հարուստ թէ աղքատ, կրնան Աստուածաշունչի կրթութիւն ստանալու համար հաւաքուիլ։

Անիկա որո՞ւ դրամն է։ Անիկա ամբողջ ժողովքին կը պատկանի։ Ոչ մէկ անհատ կրնայ որոշել թէ դրամը ի՛նչպէս պիտի ծախսուի։ Թէեւ երէցներու մարմինը կը կատարէ ժողովքի սովորական ծախսերը, բայց երբ անսովոր վճարումի մը կարիքը ըլլայ, երէցները, հարցը ժողովքին ներկայացնելով, անոր հաւանութիւնը կ’ուզեն առնել։

Փոխառութի՞ւն թէ Գողութիւն

Քանի որ որոշած էր կարելի եղածին չափ շուտով վերադարձնել դրամը, Ֆեստոս իր արարքը նկատեց որպէս փոխառութիւն։ Սակայն, բառարան մը (Webster’s New Dictionary of Synonyms), «ուրիշ բառեր կը գործածէ ուրիշի մը ստացուածքը գաղտագողի կամ առանց իր տեղեկութեան եւ յաճախ առանց անհատին հաւանութեան առնելու կամ վերցնելու» արարքին համար, որոնք են՝ «գողութիւն» եւ «գող»։ Ֆեստոս ժողովքին պատկանած դրամը առաւ առանց թոյլատուութեան կամ արտօնութեան։ Ուստի, ան գողութեամբ յանցաւոր էր։ Ան գող մըն էր։

Անշուշտ, գողութեան ետին եղող մղումները կ’որոշեն յանցանքին աստիճանը։ Ասիկա կրնանք տեսնել Իսկարիովտացի Յուդայի օրինակով, որու յանձնուած էր Յիսուսի եւ հաւատարիմ առաքեալներուն ունեցած դրամը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Յուդա] գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր»։ (Յովհաննու 12։6) Գէշ սրտով եւ բացայայտ ընչաքաղցութենէ մղուած, Յուդա երթալով աւրուեցաւ։ Վերջապէս, ան ստորնացաւ Աստուծոյ Որդին 30 կտոր արծաթի փոխարէն մատնելու աստիճան։—Մատթէոս 26։14–16

Սակայն, Ֆեստոս ցաւի մէջ եղող իր կնոջմով մտահոգուած էր։ Ասիկա կը նշանակէ՞ որ ան անմեղադրելի էր։ Վստահաբար ոչ։ Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչպէս կը նկատէ գողութիւնը, նոյնանման ստիպողական պարագայ մը առնելով. «Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, չեն քամահրեր զանիկա։ Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ»։ (Առակաց 6։30, 31) Ուրիշ խօսքով, երբ բռնուի, գողը օրէնքին պարտադրած պատիժը պիտի կրէ։ Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, գող մը իր գողութեան հատուցումը պէտք էր ընէր։ Ուստի, փոխանակ գողութիւնը քաջալերելու կամ արդարացնելու, Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ որ, նոյնիսկ ստիպողական պայմաններու ներքեւ, գողութեան հետեւանքը կրնայ տնտեսական կորուստ, անպատուութիւն եւ ամենէն լուրջը՝ Աստուծոյ հաճութեան կորուստ, ըլլալ։

Որպէս Եհովայի Վկաներ, բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները, մանաւանդ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունեցողները, օրինակելի, «անմեղադրելի» պէտք է ըլլան։ (Ա. Տիմոթէոս 3։10) Ֆեստոս չկրցաւ իր ակնկալած դրամները ստանալ, հետեւաբար ան չկրցաւ իր առածը տեղը դնել։ Իր ըրածը յայտնի եղաւ։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Եթէ ան չզղջար իր գողութեան համար, Քրիստոնէական մաքուր ժողովքէն վտարուած պիտի ըլլար։ (Ա. Պետրոս 4։15) Բայց ան սրտաբեկ եղաւ ու զղջաց։ Ուստի, ան ժողովքին մէջ մնաց, թէեւ իր ծառայութեան պատասխանատուութիւնը կորսնցուց։

Աստուծոյ Վստահիլ

Պօղոս առաքեալ ազդարարեց որ եթէ Եհովայի ծառայել դաւանող մը գողութիւն ընէ, ան կրնայ Աստուծոյ անուան եւ իր անունը կրող ժողովուրդին վրայ նախատինք բերել։ Պօղոս գրեց. «Դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս։ Վասնզի ‘ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն’ մէջ ‘Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն’»։—Հռովմայեցիս 2։21, 24

Անցեալի իմաստուն մարդ մը, Ագուր, նոյն կէտը շեշտեց։ Իր աղօթքին մէջ, ան խնդրեց որ ‘չըլլայ թէ աղքատանար ու գողութիւն ըներ եւ իր Աստուծոյն անունը պարապ տեղ բերանը առներ’։ (Առակաց 30։9) Նկատի առէք որ այդ իմաստուն մարդը գիտակցեցաւ թէ աղքատութիւնը անհատը այնպիսի վիճակներու մէջ կը ձգէ որ նոյնիսկ արդար մէկը կրնայ գողնալու փորձութեան մէջ իյնալ։ Այո, դժուար պարագաները կրնան իր ծառաներուն պէտքերը հոգալու Եհովայի կարողութեան վրայ Քրիստոնեային հաւատքը փորձի ենթարկել։

Բայց, Եհովայի հաւատարիմ Վկաները, նոյնիսկ աղքատները, կը հաւատան որ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Անոնք գիտեն որ Եհովա կը վարձատրէ իր հաւատարիմները, օգնելով որ անոնք իրենց կարիքներուն հոգ տանին։ Յիսուս ասիկա շեշտեց իր Լերան Քարոզին մէջ, ըսելով. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ ... Վասնզի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։—Մատթէոս 6։31–33

Աստուած ինչպէ՞ս հոգ կը տանի Քրիստոնէական ժողովքին մէջ գտնուող կարօտեալներուն։ Շատ մը կերպերով։ Անոնցմէ մէկն է՝ հաւատակիցներու միջոցով։ Աստուծոյ ծառաները իրար հանդէպ անկեղծ սէր կ’արտայայտեն։ Անոնք լուրջի կ’առնեն սուրբ գրային հետեւեալ խրատը. «Ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։ Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով»։—Ա. Յովհաննու 3։17, 18

Համայն աշխարհի մէջ, աւելի քան 73,000 ժողովքներու մէջ, չորս ու կէս միլիոնէ աւելի Եհովայի Վկաներ կը ջանան Աստուծոյ ծառայել իր արդար սկզբունքներուն համաձայն։ Անոնք գիտեն որ Աստուած բնաւ պիտի չլքէ իր հաւատարիմները։ Անոնք որոնք տարիներէ ի վեր Եհովայի ծառայած են, իրենց ձայները կը բարձրացնեն, Դաւիթ Թագաւորին հետ, որ գրեց. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող»։—Սաղմոս 37։25

Որքան աւելի լաւ է այս խօսքերը ներշնչող Աստուծոյ վրայ հաւատք դնել, քան թէ՝ գողնալու փորձութեան մէջ իյնալ եւ հաւանաբար Աստուծոյ հաճութիւնը յաւիտեան կորսնցնել։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10

[Ստորանիշ էջ 8]

a Անունը փոխուած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել