Շիտակ կրօնքը ճանչնալուն հետ պատասխանատուութիւնը կ’ընկերանայ
«Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—ՂՈՒԿԱՍ 11։28
1. Անգամ մը որ շիտակ կրօնքը բնորոշեն, ի՞նչպիսի անհատներ իրենց կեանքերը անոր շուրջ կը կերտեն։
ՇԻՏԱԿ կրօնքը բնորոշելը ինքնին բաւարար չէ։ Եթէ կը սիրենք ինչ որ շիտակ ու ճշմարիտ է, անգամ մը որ զայն գտնենք, մեր կեանքերը անոր շուրջ պիտի կերտենք։ Ճշմարիտ կրօնքը պարզապէս մտային փիլիսոփայութիւն մը չէ. անիկա ապրելակերպ մըն է։—Սաղմոս 119։105. Եսայեայ 2։3. բաղդատել Գործք 9։2։
2, 3. (ա) Յիսուս ինչպէ՞ս շեշտեց Աստուծոյ կամքը ընելու կարեւորութիւնը։ (բ) Շիտակ կրօնքը ճանչցող ամէն անհատ ի՞նչ պատասխանատուութեան դիմաց կը գտնուի։
2 Յիսուս Քրիստոս շեշտեց Աստուծոյ յայտնուած կամքը ընելու կարեւորութիւնը։ Իր հանրածանօթ Լերան Քարոզը եզրափակելով, Յիսուս հասկցուց որ իրեն Տէր ըսած բոլոր անհատները (հետեւաբար Քրիստոնեաներ ըլլալ դաւանողները) Թագաւորութիւնը պիտի չմտնէին, այլ՝ միմիայն իր Հօրը կամքը ընողները։ Իսկ միւսները, ըսաւ ան, պիտի մերժուէին որպէս ‘անօրէնութիւն գործողներ’։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւն։ Քանի որ, ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ, Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ թերանալը մեղք է, իսկ ամէն մեղք անօրէնութիւն է։ (Մատթէոս 7։21-23. Ա. Յովհաննու 3։4. բաղդատել Հռովմայեցիս 10։2, 3։) Անհատ մը կրնայ շիտակ կրօնքը ճանչնալ, զայն սորվեցնողները գովել եւ զայն գործադրողներուն մասին աղէկ խօսիլ, բայց ան նաեւ իր կեանքին մէջ զայն կիրարկելու պատասխանատուութիւնը ունի։ (Յակոբու 4։17) Եթէ ընդունի այդ պատասխանատուութիւնը, ան պիտի նկատէ որ իր կեանքը ճոխացած է ու այնպիսի ուրախութիւն մը պիտի ունենայ զոր կարելի չէ ուրիշ կերպով ձեռք ձգել։
3 Նախորդ յօդուածին մէջ, նկատի առինք ճշմարիտ կրօնքը յատկորոշող նշաններէն վեց հատը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ոչ միայն մեզի կ’օգնէ որ շիտակ կրօնքը բնորոշենք, այլ նաեւ՝ անհատապէս մեր դիմաց կը դնէ մարտահրաւէրներ ու պատեհութիւններ։ Ինչպէ՞ս։
Ինչպէ՞ս կ’Ընդառաջէք Աստուծոյ Խօսքին
4. (ա) Մինչ նորեկներ կը սկսին Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցիլ, Վկաներուն Աստուածաշունչը գործածելուն նկատմամբ, անոնք շուտով ի՞նչ կը նկատեն։ (բ) Հոգեւորապէս լաւ սնուցանուիլը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ Եհովայի ծառաներուն վրայ։
4 Մինչ Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն նոր հետաքրքրուած անհատներու հետ, այս նորեկներէն շատեր շուտով կը նկատեն որ իրենց սորվածը Աստուածաշունչէն է։ Անոնց հարցումներուն պատասխանելու համար, ակնարկում չըլլար եկեղեցական հանգանակներու, մարդկային աւանդութիւններու, կամ երեւելի անհատներու կարծիքներուն։ Աստուծոյ Խօսքը իրենց համար հեղինակութիւն է։ Երբ անոնք Թագաւորութեան Սրահ կ’երթան, կը նկատեն որ հոն ալ Աստուածաշունչը գլխաւոր դասագիրքն է։ Անկեղծօրէն ճշմարտութիւնը փնտռողները շատ շուտով կը գիտակցին որ Եհովայի Վկաներուն մէջ իրենց նշմարած ուրախութեան գլխաւոր ազդակը Աստուծոյ Խօսքէն անոնց հոգեւորապէս լաւ սնուցանուիլն է։—Եսայեայ 65։13, 14
5. (ա) Եհովայի Վկաներու ընթացքը ի՞նչ կը թելադրէ զանոնք նկատողներուն։ (բ) Անոնք ինչպէ՞ս կրնան Վկաներուն ուրախութեան մասնակցիլ։
5 Եթէ ասոր կը գիտակցիք, ինչպէ՞ս կ’ընդառաջէք։ Եթէ անոր իմաստը կ’ըմբռնէք, չէք կրնար պարզապէս միայն կրաւորական դիտող մը ըլլալ, ոչ ալ պէտք է ուզէք ըլլալ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ ‘միայն լսողներ’ եղողները, բայց ‘խօսքը կատարողներ’ չեղողները, ‘իրենք զիրենք կը խաբեն’։ (Յակոբու 1։22) Անոնք իրենք զիրենք կը խաբեն, քանի որ չեն գիտակցիր որ, ի՛նչ ալ ըսեն, Աստուծոյ հնազանդելու մէջ իրենց թերացումը կ’ապացուցանէ որ անոնք իրապէս չեն սիրեր զինք։ Հաւատք ունենալ դաւանող, բայց անոր թիկունք կանգնող գործեր չունեցող անհատին հաւատքը մեռած է։ (Յակոբու 2։18-26. Ա. Յովհաննու 5։3) Ճիշդ հակառակը, այն անհատը որ Եհովայի հանդէպ սէրէ մղուած ‘կատարող’ մը կ’ըլլայ, «երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ»։ Այո, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս բացատրեց, «երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—Յակոբու 1։25. Ղուկաս 11։28. Յովհաննու 13։17
6. Եթէ Աստուծոյ Խօսքը իրապէս կը գնահատենք, ի՞նչ պատեհութիւններ անձնապէս պիտի ջանանք օգտագործել։
6 Այդ ուրախութիւնը պիտի խորանայ, մինչ Աստուծոյ կամքին գիտութեան մէջ կ’աճիք եւ ձեր սորված նոր բաները կը գործադրէք։ Ո՞րքան ջանք պիտի թափէք Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելու համար։ Տասնեակ հազարաւոր անհատներ որոնք անգրագէտ էին, ծանր աշխատեցան կարդալ սորվելու համար. անոնք ասիկա կ’ընէին մասնաւորաբար Սուրբ Գրութիւնները կարդալու եւ զայն ուրիշ անհատներու սորվեցնելու համար։ Ուրիշներ ամէն առաւօտ կանուխ կ’արթննան, որպէսզի կարենան ժամանակ տրամադրել ամէն օր Աստուածաշունչը եւ զայն ուսումնասիրելու օժանդակող գրականութիւններ, ինչպէս՝ Դիտարանը, կարդալուն։ Մինչ անձնապէս Աստուածաշունչը յաջորդաբար կը կարդաք կամ ուսումնասիրելիք ուրիշ նիւթի մը մէջ մէջբերուած համարները կը փնտռէք, ուշադրութեամբ նկատի առէք Եհովայի օրէնքներն ու պատուէրները եւ ջանացէք ըմբռնել մեր առաջնորդութեան համար հոն գտնուող շատ մը սկզբունքները։ Խորհեցէք թէ իւրաքանչիւր հատուած ի՛նչ կը յայտնէ Աստուծոյ, իր նպատակին եւ մարդկութեան հետ իր ունեցած գործառնութիւններուն մասին։ Ժամանակ տրամադրեցէք, որպէսզի անիկա ձեր սիրտը կաղապարէ։ Նկատի առէք թէ կա՛ն մարզեր որոնց մէջ կրնաք Աստուածաշունչի խրատը աւելի լման կերպով կիրարկել ձեր կեանքին մէջ։—Սաղմոս 1։1, 2. 19։7-11. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։1
Եհովայի Հանդէպ Ձեր Նուիրումը Կատարեա՞լ Է
7. (ա) Երրորդութեան վարդապետութիւնը Աստուած պաշտելու մարդոց ջանքերուն ինչպէ՞ս ազդած է։ (բ) Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, երբ անհատ մը Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը սորվի։
7 Միլիոնաւոր մարդիկ հանգստացած են, գիտնալով որ ճշմարիտ Աստուածը Երրորդութիւն մը չէ։ «Անիկա խորհուրդ մըն է» բացատրութիւնը երբեք իրենց գոհացում չէր տուած։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնային Աստուծոյ մը հետ մտերմանալ, որ անըմբռնելի էր։ Այդ ուսուցումին առ ի հետեւանք, անոնք հակումը ունեցան Հայրը անտեսելու (որու անունը եկեղեցիին մէջ բնաւ չէին լսած) եւ Յիսուսը պաշտելու որպէս Աստուած կամ իրենց պաշտամունքը Մարիամին ուղղելու (որու մասին սորված էին թէ «Աստուածածին» էր)։ Բայց անոնց սրտերը հրճուեցան, երբ Եհովայի Վկաներէն մէկը Աստուածաշունչը բացաւ ու անոնց ցոյց տուաւ Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա։ (Սաղմոս 83։18) Վենեզուէլացի կին մը ա՛յնքան խանդավառուեցաւ, երբ իրեն աստուածային անունը ցոյց տրուեցաւ, որ բառացիօրէն գրկեց այդ թանկագին ճշմարտութիւնը իրեն հետ բաժնած պատանի Վկան եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց։ Երբ այսպիսի անհատներ կը սորվին որ Յիսուս իր Հօր մասին ըսաւ ‘իմ Աստուածս ու ձեր Աստուածը’ եւ որ Յիսուս իր Հայրը կոչեց «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը, անոնք կ’անդրադառնան որ Աստուծոյ մասին ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ անըմբռնելի չէ։ (Յովհաննու 17։3. 20։17) Մինչ անոնք Եհովայի յատկութիւնները կը գիտնան, կը զգան որ իրեն կը մօտենան, կը սկսին իրեն աղօթել եւ կը փափաքին զինք հաճեցնել։ Ի՞նչ արդիւնքով։
8. (ա) Եհովայի հանդէպ սէր եւ զինք հաճեցնելու փափաք ունենալով, միլիոնաւոր անհատներ ի՞նչ ըրած են։ (բ) Քրիստոնէական մկրտութիւնը ինչո՞ւ կենսականօրէն կարեւորութիւն ունի։
8 Անցեալ տասը տարիներուն ընթացքին, վեց ցամաքամասերուն եւ բազմաթիւ կղզիներու վրայ ապրող 2,528,524 անհատներ իրենց կեանքերը Եհովայի նուիրած են եւ ապա ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշած են զայն։ Դուք անոնցմէ մէ՞կն էիք, թէ ոչ հիմա մկրտուելու կը պատրաստուիք։ Մկրտութիւնը կարեւոր պատահար մըն է ամէն ճշմարիտ Քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն յանձնարարեց, որ բոլոր ազգերէն անհատներ աշակերտեն ու մկրտեն։ (Մատթէոս 28։19, 20) Նաեւ, նկատողութեան արժանի է որ Յիսուսի մկրտութենէն անմիջապէս ետքն էր որ Եհովա անձամբ խօսեցաւ երկնքէն, ըսելով. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։—Ղուկաս 3։21, 22
9. Եհովայի հետ ընդունելի յարաբերութիւն մը պահպանելու համար, մեզմէ ի՞նչ կը պահանջուի։
9 Եհովայի հետ ընդունելի յարաբերութիւն ունենալը բան մըն է, որու վրայ պէտք է գուրգուրալ։ Եթէ նուիրումով ու մկրտութեամբ այսպիսի յարաբերութեան մը մէջ մտած էք, խուսափեցէք որեւէ բանէ որ կրնայ զայն նսեմացնել։ Թոյլ մի՛ տաք որ կեանքի հոգերը եւ նիւթական բաներու մասին մտահոգութիւնը զայն երկրորդական տեղ մը քշեն։ (Ա. Տիմոթէոս 6։8-12) Իրապէս, Առակաց 3։6–ի խրատին համաձայն ապրեցէք. «Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ [Եհովան] ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։
Քրիստոսի Սէրը Ո՞րքան Խոր Ազդեցութիւն Ունի Ձեր Վրայ
10. Եհովան պաշտելը ինչո՞ւ պատճառ չըլլար մեզի որ Յիսուսը անտեսենք։
10 Եհովայի հանդէպ պատշաճ գնահատանքը որպէս միակ ճշմարիտ Աստուած, անշուշտ, պատճառ չըլլար որ անհատ մը անտեսէ Յիսուս Քրիստոսը։ Ճիշդ հակառակը, Յայտնութիւն 19։10–ն (ՆԱ) կ’ըսէ. «Յիսուսի վկայութիւն տալու համար ներշնչուած են մարգարէական յայտարարութիւնները»։ Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն, ներշնչուած մարգարէութիւնները Եհովայի նպատակին մէջ Յիսուս Քրիստոսի դերին առնչութեամբ մանրամասնութիւններ կը հայթայթեն։ Մինչ անհատ մը կը ծանօթանայ այդ մանրամասնութիւններուն, զգլխիչ պատկեր մը երեւան կու գայ, որ զերծ է այն խեղաթիւրումներէն ու սխալ ըմբռնումներէն որոնք յառաջ եկած են Քրիստոնեայ Աշխարհի սխալ ուսուցումներէն։
11. Աստուծոյ Որդւոյն մասին Աստուածաշունչի ուսուցումը գիտնալը իրապէս ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Լեհաստանին մէջ կնոջ մը վրայ։
11 Աստուծոյ Որդւոյն մասին ճշմարտութիւնը հասկնալը կրնայ խոր ազդեցութիւն մը ունենալ անհատին վրայ։ Այս եղաւ պարագան Լեհաստանի մէջ կնոջ մը՝ Տանութային՝ համար։ Ան ութը տարի շփման մէջ եղած էր Եհովայի Վկաներուն հետ, անոնց սորվեցուցածը հաճոյքով ընդունած էր, բայց ճշմարիտ պաշտամունքը իր ապրելակերպը չէր ըրած։ Ապա ան Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է խորագրով գիրքէն օրինակ մը ստացաւ, որ դիւրըմբռնելի կերպով Քրիստոսի կեանքը կը ներկայացնէ։a Գիշերը ուշ ատեն, ան գիրքը բացաւ, մտադրելով անկէ միայն գլուխ մը կարդալ։ Սակայն, միայն արշալոյսին էր որ ան գիրքը մէկ կողմ դրաւ, զայն ամբողջովին կարդալէ ետք։ Ան փղձկեցաւ։ «Ո՛վ Եհովա, ներէ ինծի», աղաչեց ան։ Այս ընթերցանութեամբ, ան որեւէ ժամանակէ աւելի յստակօրէն հասկցաւ Եհովայի ու իր Որդւոյն ցուցաբերած սէրը։ Ան գիտակցեցաւ որ ութ տարիէ ի վեր ապերախտութեամբ կը մերժէր այն օգնութիւնը զոր Աստուած համբերութեամբ մատուցանած էր իրեն։ 1993–ին, Յիսուս Քրիստոսի հաւատք ընծայելով, ան մկրտուեցաւ որպէս խորհրդանիշ Եհովայի ըրած իր նուիրումին։
12. Յիսուս Քրիստոսին մասին ճշգրիտ գիտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր կեանքին։
12 «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալ»ը գործունեայ ու պտղաբեր Քրիստոնեայ մը ըլլալուն հետ կ’ընկերակցի։ (Բ. Պետրոս 1։8) Ո՞ր տարողութեամբ բաժին պիտի բերենք այս գործունէութեան՝ Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներու հետ բաժնելու՝ մէջ։ Շատ մը պարագաներու կապուած է թէ անհատներ ո՛րքանով կրնան ասոր մասնակցիլ։ (Մատթէոս 13։18-23) Կարգ մը պարագաներ չենք կրնար փոխել. ուրիշ պարագաներ՝ կրնանք։ Ի՞նչ բան պիտի մղէ մեզի որ բնորոշենք ու ընենք այն փոփոխութիւնները որոնք մեր ձեռքն են։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ». ուրիշ խօսքով, այն սէրը որ ան յայտնաբերեց, իր կեանքը ի նպաստ մեզի զոհելով, ա՛յնքան ուշագրաւ է, որ մինչ անոր հանդէպ մեր գնահատանքը կ’աւելնայ, մեր սրտերը խորապէս պիտի ազդուին։ Որպէս հետեւանք, պիտի գիտակցինք որ շա՜տ անտեղի պիտի ըլլար շարունակել անձնասէր նպատակակէտեր հետապնդել եւ մեր կեանքին մեծ մասը միայն մեր անձը հաճեցնելու համար ապրիլ։ Ընդհակառակը, մեր գործերը պիտի վերաճշդենք, որպէսզի առաջին տեղը դնենք այն գործը զոր Քրիստոս սորվեցուց իր աշակերտներուն որ կատարեն։—Բ. Կորնթացիս 5։14, 15
Աշխարհէն Անջատ Ըլլալ—Ո՞ր Տարողութեամբ
13. Ինչո՞ւ պէտք է փափաքինք մաս չկազմել այն կրօնքին որ ինքզինք աշխարհին մէկ մասը ըրած է։
13 Դժուար չէ տեսնել աշխարհին մէկ մասը ըլլալ փափաքող Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ միւս կրօնքներուն ունեցած արձանագրութիւնը։ Եկեղեցական հիմնադրամները գործածուած են յեղափոխական շարժումներու նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար։ Քահանաներ ֆէտայիներ եղած են։ Ամէն օր, լրագիրները երկրի զանազան մասերուն մէջ իրարու դէմ պատերազմող կրօնական խումբերու մասին տեղեկագրութիւններ կը ներկայացնեն։ Անոնց ձեռքերէն արիւն կը ծորի։ (Եսայեայ 1։15) Իսկ համայն աշխարհի մէջ, կղերները կը շարունակեն փորձել քաղաքական աշխարհը ղեկավարել։ Ճշմարիտ երկրպագուները որեւէ կերպով չեն մասնակցիր անոր։—Յակոբու 4։1-4
14. (ա) Ի՞նչ բաներէ անձնապէս պէտք է խուսափինք, եթէ կ’ուզենք աշխարհէն անջատ մնալ։ (բ) Ի՞նչ բան կրնայ օգնել մեզի որ աշխարհային կեցուածքներու ու սովորութիւններու որոգայթէն բռնուելէ խուսափինք։
14 Բայց աշխարհէն անջատ ըլլալը անկէ աւելին կը պարփակէ։ Աշխարհի նկարագիրը դարձած են դրամի սէրը եւ ի՛նչ որ դրամը կրնայ գնել, անձնական երեւելիութեան տենչը եւ հաճոյքի յարատեւ փնտռտուքը, որոնց հետ կ’ընթանայ ուրիշներու հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութեան պակասը, ստախօսութիւնն ու հայհոյութիւնը, հեղինակութեան դէմ ըմբոստութիւնն ու ժուժկալութիւնը գործադրելուն մէջ թերացումը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2-5. Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Մեր անկատարութեան պատճառով, երբեմն մենք ալ այս յատկանիշերէն ոմանք թերեւս կերպով մը արտացոլացնենք։ Ի՞նչ բան կրնայ այսպիսի որոգայթներէ խուսափելու մեր պայքարին մէջ մեզի օգնել։ Պէտք չէ մոռնանք որ այդ բոլորին ետին ո՛վ կը գտնուի։ «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Որոշ ընթացք մը ո՛րքան ալ հրապուրիչ թուի, այդ կերպով ապրող անհատները որքան ալ շատ ըլլան, երբ անոր ետին տեսնենք Եհովայի գլխաւոր հակառակորդը՝ Բանսարկու Սատանան՝ կ’անդրադառնանք որ անիկա իրապէս շա՜տ գարշելի է։—Սաղմոս 97։10
Ձեր Սէրը Ո՞ր Աստիճան Է
15. Ձեր նկատած անձնուրաց սէրը ինչպէ՞ս օգնեց ձեզի որ շիտակ կրօնքը բնորոշէք։
15 Երբ նոր սկսաք Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցիլ, անոնց մէջ յայտնաբերուած սէրը անկասկած դուրեկան գտաք, քանի որ անիկա աշխարհի հոգիին հակառակն է։ Անձնուրաց սիրոյ վրայ շեշտ դնելով, Եհովայի մաքուր պաշտամունքը կը զատորոշուի պաշտամունքի մնացեալ բոլոր ձեւերէն։ Թերեւս ասիկա է որ ձեզ համոզեց թէ արդարեւ Եհովայի Վկաները կը գործադրեն շիտակ կրօնքը։ Յիսուս Քրիստոս անձամբ ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։—Յովհաննու 13։35
16. Ի՞նչ պատեհութիւններ կրնան ըլլալ, որոնք նպաստեն անհատապէս մեր սէրը ընդլայնելուն։
16 Այդ յատկութիւնը ձեզ ալ կը բնորոշէ՞ որպէս Քրիստոսի աշակերտներէն մէկը։ Կա՞ն մարզեր որոնց մէջ կրնաք աւելի ընդարձակ կերպով ձեր սէրը ցուցաբերել։ Անկասկած բոլորս ալ կրնանք։ Անիկա Թագաւորութեան Սրահին մէջ ուրիշներու հանդէպ բարեկամական ըլլալէն աւելին կը պարփակէ։ Իսկ եթէ միայն մեզ սիրողներուն հանդէպ սէր ցուցաբերէինք, աշխարհէն որքա՞ն տարբեր պիտի ըլլայինք։ «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք», կը յորդորէ Աստուածաշունչը։ (Ա. Պետրոս 4։8) Որո՞նց հանդէպ կրնանք աւելի մեծ սէր ցուցաբերել։ Քրիստոնեայ եղբօր կամ քրո՞ջ մը հանդէպ, որու միջավայրը մեր միջավայրէն տարբեր է եւ որու ըրած կարգ մը բաները մեզ կը բարկացնեն։ Այն անհատի՞ն հանդէպ որ, հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառաւ, չկրնար ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Մեր կողակիցի՞ն հանդէպ։ Կամ թերեւս մեր ծերացած ծնողքի՞ն հանդէպ։ Կարգ մը անհատներ, որոնք լաւ կերպով կը յայտնաբերէին հոգիին պտուղները, մէջը ըլլալով՝ սէրը, երբ շատ դժուար պարագաներու դիմաց գտնուեցան՝ մեծապէս անկարող դարձած ընտանիքի անդամ մը գրեթէ լման կերպով խնամելով՝ այդ զգացումը ունեցան թէ այդ պտուղները տակաւին նոր կը սորվէին։ Անշուշտ, նոյնիսկ երբ այսպիսի պարագաներ դիմագրաւենք, տակաւին մեր սէրը մեր ընտանիքի անդամներէն անդին պէտք է հասնի։
Թագաւորութեան Մասին Վկայութիւն Տալ—Որքա՞ն Կարեւոր Է Ձեզի Համար
17. Եթէ անձնապէս օգտուած ենք Եհովայի Վկաներուն այցելութիւններէն, հիմա ի՞նչ ընելու մղուած պէտք է զգանք։
17 Մեր ընկերակիցներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու կարեւոր կերպերէն մէկն է Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին վկայութիւն տալ անոնց։ Միայն մէկ խումբ կայ, որ Յիսուսի գուշակած այս գործը կը կատարէ։ (Մարկոս 13։10) Անոնք Եհովայի Վկաներն են։ Մենք անձամբ օգտուած ենք անկէ։ Հիմա մեր առանձնաշնորհումն է ուրիշներու օգնել։ Եթէ այս հարցին շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը ունենանք, այս գործը մեր կեանքերուն մէջ աչքառու տեղ մը պիտի գրաւէ։
18. Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրատարակողներ գիրքը կարդալը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել մեզի որ Թագաւորութեան մասին վկայութիւն տալուն մասնակցինք։
18 Այս վերջին օրերուն, երկրի ամենէն հեռաւոր վայրերուն մէջ Թագաւորութեան պատգամը ի՛նչպէս հասած ըլլալուն խայտալի պատմութիւնը արձանագրուած է Եհովայի Վկաներ—Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Հրատարակողներ գրքին մէջ։ Եթէ Անգլերէն գիտէք, անպայման կարդացէք զայն։ Իսկ մինչ կը կարդաք, յատկապէս նկատի առէք այն բոլոր կերպերը զորս անհատներ գործածած են Թագաւորութեան մասին վկայութիւն տալուն մէջ։ Կա՞ն ոմանք որոնց օրինակին կրնաք հետեւիլ։ Մեր բոլորին դիմաց շատ մը պատեհութիւններ կան։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը թող մղէ մեզ զանոնք օգտագործելու։
19. Երբ շիտակ կրօնքը ճանչնալուն հետ ընկերակցող պատասխանատուութիւնը ընդունինք, ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։
19 Երբ Եհովայի կամքը կատարելու համար ջանադիր ըլլանք, ‘Կեանքին իմաստը ի՞նչ է’ հարցումին պատասխանը կը գտնենք։ (Յայտնութիւն 4։10) Այլեւս չենք խարխափիր, ունայնութեան զգացումին մէջ թաղուած։ Չկայ ուրիշ ասպարէզ որ կարենայ Եհովա Աստուծոյ ծառայութեան ձեր սրտանց մասնակցելէն աւելի մեծ գոհունակութիւն տալ։ Իսկ անիկա ի՜նչ մեծ ապագայ մը կը վերապահէ։ Յաւիտեան գոհացուցիչ կեանք մը Իր նոր աշխարհին մէջ, ուր պիտի կարենանք մեր կարողութիւնները լիովին գործածել, մարդկութիւնը ստեղծելուն մէջ Աստուծոյ սիրալիր նպատակին հետ ներդաշնակ ըլլալով։
[Ստորանիշ էջ 18]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ինչո՞ւ կենսական է որ կրօնք մը Աստուածաշունչը ընդունի որպէս Աստուծոյ Խօսքը եւ Եհովան պատուէ որպէս ճշմարիտ Աստուածը։
◻ Ճշմարիտ կրօնքը ի՞նչ կը սորվեցնէ որպէս Փրկարար Յիսուսի դերին մասին։
◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ աշխարհէն անջատ պէտք է մնան եւ անձնուրաց սէր գործադրեն։
◻ Թագաւորութեան մասին վկայութիւն տալը ի՞նչ կապ ունի շիտակ կրօնքին հետ։
[Նկար՝ էջ 16]
Ճշմարիտ պաշտամունքի պատասխանատուութիւնները ընդունելուն մէջ մկրտութիւնը կենսական քայլ մըն է։ Ամէն ամիս, շուրջ 25,000 անհատներ այդ քայլը կ’առնեն համայն աշխարհի մէջ
Ռուսիա
Սենեկալ
Պապուա Նոր Կուինիա
Ա.Մ.Ն.
[Նկար՝ էջ 17]
Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելը ճշմարիտ պաշտամունքին մէկ մասն է
Ա.Մ.Ն.
Ա.Մ.Ն.
Պրազիլիա
Հոնկ Քոնկ