Կորիզային սպառնալիքը—Վերջապէս վերացուա՞ծ է
«ԵՐԿՐԻ վրայ խաղաղութիւնը հիմա շատ աւելի հաւանական կը թուի քան Երկրորդ Աշխարհամարտէն ի վեր որեւէ ժամանակ»։ 1980–ական տարիներու վերջաւորութեան, լրագրատուի մը կողմէ այս լաւատես գնահատականը հիմնուած էր այն իրողութեան վրայ թէ յատկանշական սպառազինման համաձայնութիւնները եւ քաղաքական անսպասելի վերիվայրումները վերջապէս վերջ մը դրած են Պաղ Պատերազմին։ Բայց ասով, նաեւ վերջ գտա՞ւ կորիզային սպառնալիքը որ նախկին գերուժերու բախումներուն մէջ այդքան յատկանշական էր։ Մնայուն խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը իրապէս մատչելի՞ էին։
Ուռճացման Վտանգները
Պաղ Պատերազմին ընթացքին, մինչ խաղաղութիւնը պահելու համար սարսափի հաւասարակշռութեան մը կ’ապաւինէին, գերուժերը համաձայնեցան կորիզային գիտելիքներ զարգացնելը թոյլատրել խաղաղութեան նպատակներ հետապնդելու համար, բայց կորիզային զէնքեր շինելու մէջ անոնց գործածութիւնը սահմանափակել։ 1970–ին, Կորիզային Զէնքերու Հակա–Ուռճացման Դաշնագիրը կնքուեցաւ. հետագային շուրջ 140 ազգեր վաւերացուցին զայն։ Սակայն, կորիզային զէնքեր շինելու կարող ազգեր, ինչպէս Արժանթինը, Պրազիլիան, Հնդկաստանը եւ Իսրայէլը, մինչեւ օրս մերժած են զայն ստորագրել։
1985–ին, սակայն, կորիզային ոյժի հաւանականութիւն ունեցող ուրիշ ազգ մը՝ Հիւսիսային Գորէան՝ ստորագրեց։ Ուստի, 12 Մարտ 1993–ին, երբ անիկա ծանուցանեց որ ինք ետ կը քաշուէր այդ դաշնագրէն, տեղին ըլլալով աշխարհի աչքին ախորժելի չեղաւ ասիկա։ Գերմանական շաբաթաթերթ մը (Der Spiegel) նշեց. «Կորիզային Զէնքերու Հակա–Ուռճացման Դաշնագրէն ետ քաշուելու ծանուցումը նախկին վիճակ մը կը ստեղծէ. Այժմ կորիզային զէնքերու մրցակցութեան վտանգը կայ, Ասիայէն սկսեալ, որ կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ քան գերուժերու միջեւ եղած ռումբերու մրցակցութիւնը»։
Ապշեցուցիչ համեմատութեամբ նոր ազգերու ծնունդ տուող ազգայնականութեամբ, կորիզային ուժերու թիւը շատ հաւանաբար պիտի աւելնայ։ (Տես շրջագիծը։) Լրագրող Չարլզ Գրաութհէմըր կ’ազդարարէ. «Խորհրդային սպառնալիքի վախճանը կորիզային վտանգի վախճանը չի նշանակեր։ Իրական վտանգը ուռճացումն է եւ այդ ուռճացումը տակաւին նոր սկսած է»։
Ծախու Ռումբեր
Կրնայ ըլլալ որ կորիզային զէնքերու մատուցած վարկն ու զօրութիւնն են որոնք ոմանց տենչալ կու տան անոնց։ Կ’ըսուի որ երկիր մը առնուազն երկու կորիզային ռազմամթերանոցներ գնած է Ղազախաստանէն։ Խորհրդային այս նախկին հանրապետութիւնը պաշտօնապէս յայտարարած է որ այս ռազմամթերանոցները «կորսուած» են։
1992–ի Հոկտեմբերին, Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ բազմաթիւ անհատներ ձերբակալուեցան, որոնք 200 կրամ մեծապէս ցոլարձակ սէզիում ունէին, ինչ որ բաւարար է ամբողջ քաղաքի մը ջուրի մթերքը թունաւորելու համար։ Շաբաթ մը ետք, եօթը մաքսանենգեր բռնուեցան Միւնիխի մէջ, 2.2 քկ. իւրանիումով։ Երկու շաբթուան մէջ կորիզային մաքսանենգութեան երկու ցանցերու երեւան բերուիլը սոսկում պատճառեց հեղինակութիւններուն, քանի որ նախորդ տարուան ընթացքին, միմիայն հինգ նոյնանման պարագաներ տեղեկագրուած էին ամբողջ աշխարհի մէջ։
Չենք գիտեր թէ այդ անհատները ահաբեկչական խմբակցութիւններու թէ կառավարութիւններու զանոնք ծախելու միտք ունէին։ Այսուհանդերձ, կորիզային ահաբեկչութեան հաւանականութիւները երթալով կը մեծնան։ Եւրոպական Ուռճացման Տեղեկատուութեան Կեդրոնէն, Տոքթ. Տէյվիտ Լորի կը բացատրէ վտանգը. «Ահաբեկիչի մը միակ ընելիքն է մեծապէս հարստացուած իւրանիումի նմոյշ մը ղրկել համբաւաւոր հեղինակութեան մը, ըսելով որ ասկէ շատ ունինք եւ ահաւասիկ փաստը։ Ճիշդ կը նմանի առեւանգողի մը որ իր զոհին մէկ ականջը կը ղրկէ»։
Խաղաղարար «Ժամացուցաւոր Ռումբեր» եւ «Մահուան Որոգայթներ»
1992–ի սկիզբը, 420 կորիզային բարդեր ելեկտրականութիւն հայթայթելու խաղաղարար նպատակի կը ծառայէին. իսկ 76 ուրիշներ կառուցուելու վրայ էին։ Բայց տարիներուն ընթացքին, կորիզային բարդերու արկածները յաւելեալ հիւանդութիւններ, վիժումներ եւ ծնընդական խեղանդամութիւններ պատճառած են։ Տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ որ 1967–ին, Սովետական բլիւթոնիումի գործարանի մը արկածը Չէրնոպիլի աղէտէն երեք անգամ աւելի շողարձակումներ պատճառած է։
Անշուշտ, այս վերջինին՝ Ուքրանիոյ Չէրնոպիլ քաղաքին արկածը, 1986–ի Ապրիլին, մեծ տեղ գրաւեց մամուլի խորագրերուն մէջ։ Չէրնոպիլի գործարանին 1970–ական տարիներու կորիզային ճարտարապետի տեղակալ Կրիկորի Մէտվէտէֆ կը բացատրէ թէ «երկարատեւ ազդեցութիւն ունեցող շողարձակումի հսկայական զանգուածը», որ մթնոլորտին մէջ նետուեցաւ, «երկարատեւ ազդեցութեան հարցով Հիրոշիմայի ռումբին տասնապատիկն էր»։
Իր գրքին մէջ (Tschernobylskaja chronika) Մէտվէտէֆ կը ցուցարկէ նախկին Սովետական Միութեան մէջ կորիզային բարդերու 11 լուրջ արկածներ 1980–ի կիսուն, իսկ 12 ուրիշներ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Վերջինը կը բովանդակէր 1979–ի Թրի Մայլ Այլէնտի ցնցիչ արկածը։ Այդ միջադէպին մասին Մէտվէտէֆ կը նշէ. «Անիկա կորիզային ոյժին դէմ առաջին լուրջ հարուածն էր եւ կորիզային ուժանիւթի գործարաններու ապահովութեան շուրջ պատրանքը վանեց շատերուն մտքերուն մէջէն, բայց ոչ՝ բոլորին»։
Ասիկա կը բացատրէ թէ ի՛նչու գէշ պատահարներ տակաւին տեղի կ’ունենան։ 1992–ի ընթացքին, Ռուսաստանի մէջ այդ պատահարները գրեթէ 20 առ հարիւր աւելցան։ Այդ տարուան Մարտին, Սոսնովի Պօրի, Սբ. Փէթէրզպուրկի աթոմակայանի մէկ պատահարէն ետք, շողարձակումի աստիճանը 50 տոկոսով բարձրացաւ Անգլիոյ հիւսիս–արեւելեան շրջանին մէջ, իսկ Էսթոնիոյ եւ հարաւային Ֆինլանտայի մէջ թոյլատրելի բարձրագոյն աստիճանին կրկինն էր։ Նիուգէսլ Համալսարանէն Փրոֆ. Ճոն Ուրգարթ կ’ընդունի. «Չեմ կրնար փաստել որ Սոսնովի Պօրը պատճառ եղաւ շողարձակման յաւելումին, բայց եթէ Սոսնովի Պօրը չէր, հապա ի՞նչն էր»։
Կարգ մը հեղինակութիւններ կը դաւանին որ Չէրնոպիլի ոճով շինուած բարդեր իրենց կառոյցին մէջ թերութիւն մը ունին եւ պարզապէս շատ վտանգաւոր են աշխատցնելու համար։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ աւելի քան տասնեակ մը տակաւին կ’օգտագործուին ելեկտրական հսկայ պահանջներ լեցնելու համար։ Բարդեր աշխատցնողներէն ոմանք մեղադրուած են որ ապահովութեան օրէնքի դրութիւնը կը փակեն, որպէսզի աւելի շատ ոյժ արտածեն։ Այսպիսի տեղեկագրութիւններ ահ ու սարսափի կը մատնեն երկիրները, ինչպէս Ֆրանսան, որ կորիզային բարդեր կը գործածէ իր ելեկտրականութեան 70 առ հարիւրը արտադրելու համար։ Եթէ ուրիշ «Չէրնոպիլ» մըն ալ պատահի, Ֆրանսա պարտադրուած կ’ըլլայ իր շատ մը գործարանները վերջնականապէս փակելու։
Նոյնիսկ «ապահով» նկատուած կորիզային բարդեր ժամանակի ընթացքին անապահով կը դառնան։ 1993–ի սկիզբը, ապահովութեան սովորական զննութեան մը ընթացքին, Պրունսպիւթէլիի մէջ, Գերմանիոյ ամենահին կորիզային բարդին պողպատէ խողովակին վրայ աւելի քան հարիւր ճեղքեր գտնուեցան։ Նոյնանման ճաթուքներ գտնուած են Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ կորիզային բարդերուն մէջ։ 1991–ին, Ճաբոնական աթոմակայանի մը մէջ առաջին լուրջ արկածը տեղի ունեցաւ, որու նպաստող հաւանական ազդակը տարիքը ըլլալու էր։ Ասիկա չարագուշակ է Միացեալ Նահանգներուն համար, ուր առեւտրական բարդերուն երկու երրորդը աւելի քան տասնամեակներէ ի վեր կը գործեն։
Կորիզային բարդի արկածներ կրնան պատահիլ որեւէ տեղ եւ որեւէ ատեն։ Որքան շատ բարդեր կան, այդքան մեծ է սպառնալիքը. որքան հին է բարդը, այդքան մեծ է վտանգը։ Առանց պատճառի չէ որ օրաթերթ մը զանոնք կոչեց ժամացուցաւոր ռումբեր եւ մահուան շողարձակ որոգայթներ։
Անոնք Ո՞ւր Պէտք Է Թաղեն Կեղտերը
Վերջերս մարդիկ զարմացան տեսնելով որ Ֆրանսական Ալպեան լեռներու գետափի մը շրջանը ցանկապատուած եւ ոստիկաններու կողմէ պահպանուած էր։ Լրագիր մը (The European) բացատրեց. «Երկու ամիս առաջ, տեղացի կին մը պէրիլիումէ մահանալէ ետք, պահանջուած սովորական քննութիւններ երեւան հանեցին որ ժամանցի այդ վայրին մէջ շողարձակումի աստիճանները 100 անգամ աւելի բարձր էին միւս շրջաններէն»։
Պէրիլիումը, որ տարբեր գործողութիւններով յառաջ եկող չափազանց թեթեւ մետաղ մըն է, կը գործածուի օդանաւային ճարտարարուեստի մէջ, ինչպէս նաեւ երբ շողարձակումի ենթարկուի, աթոմակայաններու մէջ։ Բացայայտօրէն պէրիլիում արտադրող գործարան մը շողարձակուած վտանգաւոր կեղտեր թափած ըլլալու էր ժամանցի այդ շրջանին մէջ կամ մօտերը։ Վերոյիշեալ լրագիրը կը շարունակէ ըսել. «Պէրիլիումի փոշին, նոյնիսկ երբ շողարձակումի չէ ենթարկուած, ճարտարարուեստական ճանչցուած կեղտերուն ամենէն թունաւորն է»։
Մինչ այդ, կը տեղեկագրուի որ 30 տարուան ընթացքին, շողարձակ կեղտեր պարունակող շուրջ 17,000 ընդունարաններ նետուած են Նովայա Զէմլիայի եզրի ջուրերուն մէջ, զոր Սովետական Միութիւնը կը գործածէր որպէս կորիզային փորձերու վայր 1950–ական թուականներուն սկիզբը։ Ասկէ զատ, կորիզային ընդծովեաներու մասեր եւ առնուազն 12 կորիզային բարդեր թաղուած են յարմար եղող այս աղբանոցին մէջ։
Դիտումնաւոր ըլլայ կամ ոչ, կորիզային ապականութիւնը վտանգաւոր է։ 1989–ին Նորվէկեան ծովափին լայնքին ընկղմած ընդծովեայի մը մասին, Թայմ–ը (Անգլ.) ազդարարեց. «Այդ բեկորը արդէն սէսիում–137–ի ծորումի պատճառ կ’ըլլայ, որ խլիրդային իզոտոպ մըն է։ Մինչեւ հիմա արտածորումը շատ քիչ է ծովային կամ մարդկային առողջութեան վնասելու համար։ Բայց Գոմսոմոլէթց–ը [ընդծովեան] նաեւ կը տանէր երկու կորիզային թորփիլներ որոնք 23 քկ. բլութոնիում կը պարունակէին, որ 24,000–ամեայ կեանք ունի եւ ա՛յնքան թունաւոր է որ մանրիկ կտոր մը կրնայ սպաննել։ Ռուս մասնագէտներ նախազգուշացուցին որ բլութոնիումը կրնայ ջուրին մէջ թափուիլ եւ 1994–ի սկիզբը ովկիանոսի հսկայ մասը վարակել»։
Անշուշտ, շողարձակ կեղտերէն ձերբազատուիլը միայն Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ խնդիրը չէ։ Միացեալ Նահանգները «շողարձակ կեղտերու կոյտեր ունին եւ զանոնք կուտակելու մնայուն վայր մը չունին», կը տեղեկագրէ Թայմը։ Անիկա կ’ըսէ որ մահացու նիւթեր պարունակող մէկ միլիոն տակառներ ժամանակաւոր մառաններու մէջ պահուած են, որոնք յարատեւաբար «կորուստի, գողութեան եւ սխալ գործածութեամբ միջավայրին վնաս հասցնելու վտանգ» մըն են։
Այս վտանգը պատկերացնելու համար, Սիպերիոյ Թոմսք քաղաքին նախկին զէնքի գործարանի մը մէջ կորիզային հսկայ կեղտի տակառ մը պայթեցաւ 1993–ի Ապրիլին, երկրորդ Չէրնոպիլի մը ուրուականը արթնցնելով։
Բացայայտ է, ուրեմն, որ կորիզային սպառնալիքին ենթադրեալ վերացումի մը վրայ հիմնուած խաղաղութեան եւ ապահովութեան որեւէ աղաղակ անհիմն է։ Այսուհանդերձ, խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը մօտ են։ Ի՞նչպէս գիտենք։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
ԿՈՐԻԶԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐ 12 Հատ եւ Տակաւին կ’Աւելնան
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ կամ ԲԱՑԱՅԱՅՏ. Բրիտանիա, Իսրայէլ, Ղազախաստան, Հարաւային Ափրիկէ, Հնդկաստան, Միացեալ Նահանգներ, Ուքրանիա, Չինաստան, Պէլարուսիա, Ռուսիա, Փաքիստան, Ֆրանսա
ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ. Ալճերիա, Արժանթին, Թայուան, Իրան, Իրաք, Լիպիա, Հարաւային Գորէա, Հիւսիսային Գորէա, Պրազիլիա, Սուրիա։
[Նկար՝ էջ 5]
Կորիզային ուժանիւթի նոյնիսկ խաղաղարար գործածութիւնը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ