Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 11/1 էջ 19-20
  • Վկաները ինչո՞ւ կը շարունակեն այցելել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վկաները ինչո՞ւ կը շարունակեն այցելել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Առջեւ Պատասխանատու Ըլլալ
  • Վկաներուն Դրդապատճառը Ի՞նչ Է
  • Վկաները Վճարուա՞ծ Են
  • Անոնց Վկայութեան Ազդեցութիւնը
  • «Բոլոր ազգերուն» վկայութիւն տալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Առաջ այս աւետարանը պէտք է քարոզուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովայի կազմակերպութիւնը սատար կը կանգնի ձեր ծառայութեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 11/1 էջ 19-20

Վկաները ինչո՞ւ կը շարունակեն այցելել

‘ՆՈՐԷՆ հոս են։ Քանի մը շաբաթ առաջ հոս էին’։ Այս բառերը ձեր մտքէն կ’անցնի՞ն, երբ Եհովայի Վկայ մը ձեզ այցելէ։ Այսօր Եհովայի Վկաները կանոնաւորաբար միլիոնաւոր անհատներու կ’այցելեն։ Թերեւս հարց կու տաք. Անոնք ինչո՞ւ կը շարունակեն այցելել, երբ գիտեն որ շատեր իրենց կրօնքը ունին կամ չեն հետաքրքրուիր։ Այս հարցումը պատասխանի կը կարօտի։

Աստուծոյ Առջեւ Պատասխանատու Ըլլալ

Եհովայի Վկաները Սուրբ Գրութիւններէն սորված են թէ 1914–էն՝ Առաջին Աշխարհամարտը սկսելէն՝ ի վեր, աշխարհի իրադարձութիւնները կը կատարեն ներկայ աշխարհի դրութեան վախճանին եւ այս երկրին վրայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մօտալուտ իշխանութեան առնչութեամբ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները։ Այնպէս կը թուի որ գրեթէ դար մը երկարող բռնութիւնը, արիւնահեղութիւնն ու ատելութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի անյոյս ձգած են մարդիկը՝ անոնց խնդիրներուն քաղաքական լուծում մը գտնելու հարցով։ Տակաւին մարդկային ընտանիքը տառապեցնող պատերազմներն ու ահաբեկչութիւնը կ’ապացուցանեն որ մարդկային իշխանութիւնը չէ կրցած մարդոց սիրտը, միտքն ու կենցաղը փոխել։ Անցեալին պատահած դէպքերուն հանդէպ խոր արմատ կապած ընդվզումը տակաւին կը թունաւորէ ցեղային, ազգային եւ կրօնական խմբակցութիւններու միջեւ եղող յարաբերութիւնները։ Ասիկա տեղի կ’ունենայ Աֆղանիստանի, նախկին Եուկոսլավիոյ, Հարաւային Ափրիկէի, Հիւսիսային Իրլանտայի, Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ։ Ուստի, միակ մնայուն լուծումը ի՞նչ է։

Վկաներուն Դրդապատճառը Ի՞նչ Է

Եհովայի Վկաները կ’ընդունին որ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ կառավարուած իր խոստացեալ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ միակ վստահելի լուծումն է։ Յիսուս նոյնիսկ այդ Թագաւորական իշխանութեան համար խնդրանք մը ներկայացուց իր համբաւաւոր տիպար աղօթքին մէջ. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ։ Քու թագաւորութիւնդ գայ։ Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’»։—Մատթէոս 6։9– 10

Արդ, Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ այդ պատգամը տալու համար անդադար տունէ տուն երթալու կարիքը կը զգան։ Յիսուսի շեշտած սա երկու պատուէրներուն համար. «‘Քու Տէր Աստուածդ [պէտք է] սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ’։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’»։—Մատթէոս 22։37–39

Վկաները կը փափաքին Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելել եւ քանի որ անոնք իրենց դրացիները կը սիրեն, կը փափաքին որ անոնք ալ օրհնուին։ Ուստի, Յիսուսի օրինակին հետեւելով, անձնուրած սէրէ մղուած, անոնք իրենց դրացիներուն կ’այցելեն։ Անոնք գոնէ կը փափաքին անոնց պատեհութիւն հրամցնել, որպէսզի գիտնան թէ «ուրախ Աստուածը» ի՛նչ խոստացած է սրբուած երկրի մը վրայ հնազանդ մարդկութեան համար։—Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ. Բ. Պետրոս 3։13

Քրիստոնեայ միսիոնար Պօղոս Աստուծոյ խոստումներուն կը հաւատար եւ հետեւաբար, կրնար գրել. «Պօղոս՝ Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ կանչուած Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքն ու ճշմարտութեան գիտութիւնը առաջնորդելու, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ»։ Այո, «անսուտն» Աստուած յաւիտենական կեանք «խոստացած» է անոնց որոնք հեզութեամբ կը ջանան զինք ճանչնալ եւ իրեն ծառայել։—Տիտոս 1։1, 2. Սոփոնեայ 2։3

Վկաները Վճարուա՞ծ Են

Երբեմն ոմանք կը պնդեն որ Վկաները կը վճարուին իրենց ծառայութեանը համար։ Ասիկա ճշմարտութեան քովէն իսկ չանցնիր։ Անոնք Կորնթացւոց ժողովքին գրած Պօղոսի խօսքերը լուրջ կերպով նկատի կ’ունենան. «Մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով»։—Բ. Կորնթացիս 2։17

Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ դրամի համար կը քարոզեն, անիկա ըլլայ կրօնական սպասարկութիւններու համար վճարուիլը կամ հեռատեսիլի անոնց քարոզներուն մէջ առեւտրական պատգամներ հրահրելը։ Ընդհանրապէս կրօնքները վճարուած կղերներ ունին։

Ասոր հակառակը, Վկաները վճարուած կղերներ չունին եւ յաճախ անոնց սուրբ գրային գրականութիւնները ճշմարտութիւնը անկեղծօրէն փնտռողներուն կը մատուցուին առանց գին մը պահանջուելու, թէեւ անոնցմէ շատեր կը փափաքին յօժարակամ նուիրատուութիւններ ընել։ Այս նուիրատուութիւնները կը գործածուին քարոզչութեան այս համաշխարհային գործին ծախսերը հոգալու համար։ Վկաները ամէն տարի Աստուծոյ ծառայութեան համար միլիոնաւոր ժամեր կը տրամադրեն եւ անոր համար իրենց նիւթականը, ժամանակն ու ոյժը յօժարակամօրէն կը յատկացնեն, Յիսուսի տուած խրատին համաձայն, որ ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։ Այս կերպով, անոնք հետաքրքրուած անհատներուն կը սորվեցնեն տունէ տուն եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններու միջոցաւ։—Մատթէոս 10։8. 28։19, 20. Գործք 20։19, 20

Իրողութիւնները կը փաստեն որ անհատական գետնի վրայ Եհովայի Վկաները, ժողովքները եւ Դիտարանի Ընկերութիւնը դրամ շահելու համար ոչ մէկ դրդապատճառ ունին։ Տունէ տուն երթալու համար ոչ մէկը կը վճարուի։ Ուստի, այս գործին ծախսերը ինչպէ՞ս կը հոգացուին։ Համայն աշխարհի մէջ գնահատութիւն ունեցող անհատներու յօժարակամ նուիրատուութիւններով։ Որեւէ ատեն հանգանակութիւն չըլլար։

Անոնց Վկայութեան Ազդեցութիւնը

Տունէ տուն ծառայութիւնը եւ Վկաներուն անպաշտօն քարոզչութիւնը որեւէ ազդեցութիւն կը ձգե՞ն հանրութեան վրայ։ Տեղեկագրական մամուլը ‘այո’ կը հնչեցնէ այդ հարցումին։ Հեռատեսիլի յայտագիրներու կամ շարժապատկերներու մէջ, երբ անհատ մը դուռը կը զարնէ, անմիջապէս Եհովայի Վկաներու ակնարկութիւն կ’ըլլայ։ Ծաղրանկարներուն մէջ, Վկաները կը յիշուին։ Անոնց նախանձախնդիր գործունէութիւնը ա՛յնքան հանրածանօթ է որ համայն աշխարհի ծաղրանկարիչները Եհովայի Վկաներուն ակնարկութիւններ կ’ընեն։ Անոնք կրնան երգիծական ըլլալ, բայց ընդհանրապէս հիմնական դրական իրողութիւն մը կը շօշափեն թէ՝ Վկաները ճանչցուած են իրենց տունէ տուն քարոզչութեանը համար։—Գործք 20։20

Վերջերս ծաղրանկար մը մարդ մը կը ցուցապատկերացնէր, որ «հոգեւոր ուսուցիչ»ի մը դիմելու համար լեռ կը մագլցի։ Ան կ’ըսէր. «Ինծի խօսիր գալիք հոյակապ բաներուն մասին»։ «Հոգեւոր ուսուցիչ»ը ի՞նչ կը պատասխանէր։ «Տեսնե՜մ ... սովեր, համաճարակներ եւ երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Արեւը խաւարի եւ լուսինը արիւնի պիտի դառնայ»։ Մարդը կը հարցնէր. «Բարի լուրը ի՞նչ է»։ «Հոգեւոր ուսուցիչ»ը կը պատասխանէր. «Աստուած ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ ... եւ այլեւս մահ պիտի չըլլայ, ո՛չ սուգ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ Այցելուն կը հարցնէր. «Այս բաները ինչպէ՞ս գիտես»։ Պատասխա՞նը։ «Ո՛չ ոք կ’ազատի Եհովայի Վկաներու ձեռքէն»։ Ասիկա ճշմարիտ եղած է նոյնիսկ ծաղրանկարի արուեստագէտին պարագային։

Այս ծաղրանկարին եւ ուրիշներու մէջ կարեւոր կէտը այդ է որ անիկա ոչ միայն կը յայտնէ Վկաներուն կանոնաւոր այցելութիւնները, այլ նաեւ՝ անոնց պատգամին ներդաշնակութիւնը։ Քանի մը խօսքերով, արուեստագէտը անոնց տունէ տուն վկայութեան գլխաւոր նպատակը ցոյց տուաւ եւ համարներ մէջբերեց։—Բաղդատել Մատթէոս 24։7, 29. Յայտնութիւն 21։3, 4։

Այն իրողութիւնը թէ շատեր կը մերժեն պատգամը չի յուսահատեցներ Վկաները, ոչ ալ կը նսեմացնէ անոնց եռանդը։ Պետրոս առաքեալ զգուշացուց. «Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն եւ պիտի ըսեն. ‘Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասնզի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր’»։ Հակառակ այս իրավիճակին, Վկաները, սէրէ մղուած, կը շարունակեն իրենց դրացիներուն այցելել եւ պիտի շարունակեն այցելել մինչեւ որ Աստուած այս ներկայ ապականած դրութեան վերջ մը դնէ։—Բ. Պետրոս 3։3, 4

Յիսուս ըսաւ որ վերջին օրերուն, նախ բարի լուրը պէտք էր քարոզուէր։ Ասիկա ի՛նչու եւ ի՛նչպէս կատարուելուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեան համար, յաջորդ երկու յօդուածները կարդանք։—Մարկոս 13։10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել