Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է
ՄԵՌԵԼՆԵՐԷՆ վախնալը հիմնուած է այն ենթադրութեան վրայ թէ հանգուցեալները հոգի մը ունին, որ մահուընէ ետք կ’ապրի։ Եթէ Աստուածաշունչը յստակօրէն սորվեցնէ թէ այս հաւատալիքը սուտ է, այդ պարագային, մեռելները կրնա՞ն ձեզ վնասել հարցումը թաղուած կ’ըլլայ։ Ուստի, Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Մեռելներու վիճակին մասին, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասնզի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։ Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին»։—Ժողովողի 9։5, 6
Ըստ այս համարներուն, մեռելները կրնա՞ն ձեզի օգնել կամ ձեզ վնասել։ Ո՛չ, կը պատասխանեն Սուրբ Գրութիւնները։ Մեռելները անգիտակից ու մունջ են։ Անոնք անկարող են ապրողներուն հետ հաղորդակցիլ կամ որեւէ զգացում՝ սէր կամ ատելութիւն՝ արտայայտել կամ որեւէ արարք ընել։ Անոնցմէ վախնալու ոչ մէկ պատճառ ունիք։
‘Այո, ձեր ըսածը ճիշդ է, եթէ ֆիզիքական մարմնին մահուան կ’ակնարկէք’, կրնան ըսել ոմանք։ ‘Բայց, ֆիզիքական մահը կեանքին վախճանը չէ. անիկա պարզապէս հոգին մարմինէն կ’անջատէ։ Այդ հոգին է, որ կրնայ ապրողներուն օգնել կամ վնասել’։ Երկրի վրայ գտնուող միլիոնաւոր անհատներ այսպէս կը խորհին։
Մատակասկարի մէջ, զոր օրինակ, կեանքը նկատուած է որպէս պարզ փոխանցում մը, հետեւաբար յուղարկաւորութիւնը եւ արտաշիրումը հարսանիքէ մը աւելի կարեւոր նկատուած են։ Կը կարծուի որ անհատը իր նախնիքներուն քովէն եկած է եւ անոնց կը վերադառնայ, երբ մեռնի։ Անոր համար, ապրողներուն տուները փայտէ կամ աղիւսէ՝ ժամանակի ընթացքին քայքայուող նիւթերէ՝ շինուած են, իսկ գերեզմանները՝ մեռելներուն «տուներ»ը՝ ընդհանրապէս աւելի շքեղ եւ դիմացկուն նիւթերէ։ Արտաշիրման ատեն, ընտանիքն ու բարեկամները կը խորհին որ իրենք պիտի օրհնուին, իսկ կիները կը հաւատան որ արգասաբեր պիտի ըլլան, եթէ մեռած ազգականին ոսկորներուն դպչին։ Բայց դարձեալ, Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Չէր Մտադրուած որ Մարդիկ Մեռնէին
Հետաքրքրական է նկատել որ Եհովա Աստուած մարդը ստեղծեց, որ ապրի, իսկ Ան մահուան մասին միմիայն խօսեցաւ որպէս անհնազանդութեան հետեւանք մը։ (Ծննդոց 2։17) Դժբախտաբար, առաջին մարդն ու կինը մեղանչեցին եւ առ ի հետեւանք, մեղքը ամբողջ մարդկութեան վրայ տարածուեցաւ որպէս մահաբեր ժառանգութիւն մը։ (Հռովմայեցիս 5։12) Ուստի, կրնանք ըսել որ մարդկային առաջին զոյգին անհնազանդութենէն ի վեր, մահը կեանքի իրողութիւն մը եղած է, այո, կեանքի ցաւալի իրողութիւն մը։ Մենք ապրելու համար ստեղծուած էինք, ինչ որ մասամբ կը բացատրէ թէ անհամար անհատներու համար ի՛նչու դժուար է մահը դիմագրաւել որպէս վախճան մը։
Ըստ Աստուածաշունչի պատմութեան, Սատանան փորձեց մահուան մասին մարդկային առաջին զոյգը խաբել Աստուծոյ ազդարարութեան հակասելով, ըստ որու անհնազանդութիւնը մահուան պիտի առաջնորդէր։ (Ծննդոց 3։4) Ժամանակի ընթացքին, սակայն, յստակօրէն պարզուեցաւ որ մարդիկ կը մեռնին ինչպէս Աստուած ըսած էր։ Ուստի, դարերէ ի վեր, Սատանան ուրիշ սուտ մը հնարած է թէ մարմնին մահէն ետք, մարդուն հոգեւոր մասը կը վերապրի անկէ։ Այսպիսի խաբէութիւն մը լաւ կը յարմարի Բանսարկու Սատանային, որու Յիսուս կոչեց ‘ստութեան հայր’։ (Յովհաննու 8։44) Իսկ միւս կողմէն, մահուան մասին Աստուծոյ պատասխանը խրախուսիչ խոստում մըն է։
Ի՞նչ Խոստում
Անիկա շատերու յարութիւն տալու խոստումն է։ «Յարութիւն» թարգմանուած Յունարէն բառը անասթասիս է։ Անիկա բառացիօրէն կը նշանակէ «վերականգնիլ» եւ մահէն վեր գալուն կը կիրարկուի։ Այո, մարդը մահուան մէջ կը ննջէ, բայց Աստուած կրնայ իր զօրութեամբ զայն վեր բերել։ Մարդը կեանքը կը կորսնցնէ, բայց Աստուած կրնայ զայն վերադարձնել անոր։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ ըսաւ որ «ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։ (Յովհաննու 5։28, 29) Պօղոս առաքեալ իր «յոյս»ը արտայայտեց «առ Աստուած, ... թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ (Գործք 24։15) Յոբն ալ, նախա–Քրիստոնէական ժամանակներէն Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ մը, յարութեան հանդէպ իր յոյսը յայտնեց. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։ Պիտի կանչես [ո՛վ Աստուած] ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ»։—Յոբ 14։14, 15
Յարութեան յստակ խոստումը սուտ չի՞ հաներ այն գաղափարը թէ մեռելները ողջ են հոգեղէն կերպով։ Եթէ մեռելները ողջ ըլլային եւ երկնքի մէջ կամ հոգեղէն աշխարհի մը մէջ գոյութիւն ունենային, յարութիւնը ի՞նչ նպատակի պիտի ծառայէր։ Անոնք արդէն իրենց վարձքը կամ վիճակումը ստացած պիտի չըլլայի՞ն։ Աստուծոյ Խօսքին ուսումնասիրութիւն մը կը յայտնէ թէ մեռելները իրապէս մեռած, անգիտակից են ու կը ննջեն մեր սիրալիր Հօր՝ Եհովայի՝ կողմէ խոստացուած նոր աշխարհի մը՝ դրախտի մը՝ մէջ յարութեամբ զարթնումին սպասելով։ Սակայն, եթէ մահը մարմնին ու հոգիին անջատումը չէ եւ եթէ հոգին չ’ապրիր, ի՞նչ կրնանք խորհիլ հոգեղէն աշխարհէն եկող առերեւոյթ հաղորդակցութիւններու մասին։
Հոգեղէն Ծիրէն Եկող Հաղորդակցութիւններ
Հոգեղէն ծիրէն ենթադրաբար ստացուած հաղորդակցութիւններու անհամար պարագաներ տեղեկագրուած են։ Իրապէս ի՞նչ է անոնց ծագումը։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ մեզ թէ «Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն»։ (Բ. Կորնթացիս 11։14, 15) Այո, մարդիկը աւելի դիւրութեամբ խաբելու համար, դեւերը (ըմբոստ հրեշտակները) ապրողներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտած են, երբեմն ձեւացնելով որ կ’ուզեն ծառայութիւն մատուցանել։
Պօղոս առաքեալ յաւելեալ զգուշացում կու տայ խաբէութեան այս փորձերուն դէմ. «Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։1) Ուստի մեռելներու վերագրուած որեւէ պատասխան կրնայ շատ հաւանաբար դեւերու կողմէ ըլլալ, որոնք «արդարութեան պաշտօնեաներու» կերպարանք կ’առնեն եւ կրօնական սուտ մը յառաջ կը մղեն մարդիկը նախապաշարումներու գերի դարձնելով, նախապաշարումներ որոնք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութենէն հեռու կը պահեն զանոնք։
Հաստատելով որ մեռելները բան մը չեն կրնար ըսել, ընել եւ զգալ, Սաղմոս 146։3, 4–ը կը նշէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։ Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ Ի՞նչ է այն հոգին որ «կ’ելլէ»։ Անիկա անհատին կեանքի ոյժն է, որ շնչառութեամբ կը պահպանուի։ Հետեւաբար, երբ անհատ մը շնչելէ դադրի, անոր զգայարանքները այլեւս չեն գործեր։ Ան ամբողջական անգիտակից վիճակի մը մէջ կը մտնէ։ Ուստի անկարելի է որ ան ապրողներուն տիրապետէ։
Ասոր համար է որ Աստուածաշունչը մարդուն մահը կը բաղդատէ անասունին մահուան հետ, նշելով որ երկուքն ալ մահուան ատեն անգիտակից կ’ըլլան եւ հողի կը դառնան, ուրկէ առնուած էին։ Ժողովողի 3։19, 20–ը կ’ըսէ. «Մարդոց որդիներուն պատահածը եւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։ Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, վասնզի ամէն բան ունայնութիւն է։ Ամէնքը նոյն տեղը կ’երթան։ Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ»։
Գիտնալով որ դեւերը կը փորձեն մարդիկը խաբել, խորհիլ տալով անոնց որ կրնան մեռելներուն հետ հաղորդակցիլ եւ անոնցմէ ազդուիլ, Եհովա Աստուած իր ժողովուրդը՝ վաղեմի Իսրայելացիները՝ ազդարարեց. «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ ... բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. վասնզի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ»։—Բ. Օրինաց 18։10–12
Որոշ է ուրեմն որ մեռելները կրնան մեզ վնասել գաղափարը Աստուծմէ ծագում չառներ։ Ան ճշմարտութեան Աստուած է։ (Սաղմոս 31։5. Յովհաննու 17։17) Իսկ ան հոյակապ ապագայ մը վերապահած է ճշմարտութիւնը սիրողներուն որոնք զինք կը պաշտեն «հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։—Յովհաննու 4։23, 24
Եհովա՝ Ճշմարտութեան ու Սիրոյ Աստուած մը
Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը՝ «անսուտն Աստուած»՝ իր խօսքը տուած է. գերեզմաններու մէջ դրուած միլիոնաւոր մեռելները պիտի յարուցանուին արդար եւ նոր աշխարհի մը մէջ յաւիտեան ապրելու ակնկալութեամբ։ (Տիտոս 1։1, 2. Յովհաննու 5։28) Յարութեան այս սիրալիր խոստումը կը յայտնէ որ Եհովա իր մարդկային արարածներուն բարօրութեամբ խոր կերպով կը հետաքրքրուի եւ սրտանց կը փափաքի մահուան, վշտին եւ ցաւին վերջ մը դնել։ Հետեւաբար մեռելներէն վախնալու կամ անոնց եւ անոնց ապագային մասին անտեղիօրէն մտահոգուելու ոչ մէկ պատճառ կայ։ (Եսայեայ 25։8, 9. Յայտնութիւն 21։3, 4) Մեր սիրալիր եւ արդար Աստուածը՝ Եհովա՝ կրնայ զանոնք յարուցանել եւ պիտի յարուցանէ մահուան խայթոցը չքացնելով։
Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ճոխ կերպով կը նկարագրէ թէ երկրի վրայ ի՛նչ վիճակներ պիտի կայանան խոստացուած այդ արդար եւ նոր աշխարհին մէջ։ (Սաղմոս 37։29. Բ. Պետրոս 3։13) Բոլոր մարդոց համար անիկա խաղաղութեան, ուրախութեան ու սիրոյ ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ (Սաղմոս 72։7. Եսայեայ 9։7. 11։6–9. Միքիայ 4։3, 4) Ամէն մարդ ապահով ու լաւ տուներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ հաճելի աշխատանք մը։ (Եսայեայ 65։21–23) Ամենուն համար լաւ ուտելիքի առատութիւն պիտի ըլլայ։ (Սաղմոս 67։6. 72։16) Ամէն մարդ լաւ առողջութիւն պիտի վայելէ։ (Եսայեայ 33։24. 35։5, 6) Թէեւ առաքեալներն ու սահմանափակ թիւով ուրիշ անհատներ երկնքի մէջ Յիսուսի հետ պիտի իշխեն, սակայն Աստուածաշունչը չի խօսիր մահէն ետք ուրիշ մարդոց հոգիներուն համար երկնքի մէջ երանելի վիճակներուն մասին։ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 20։6) Այս մանրամասնութիւններուն բացակայութիւնը տարօրինակ պիտի ըլլար, եթէ միլիառաւոր մեռած անհատները մահէն ետք ապրէին։
Բայց ասիկա տարօրինակ չի հնչեր, երբ Աստուածաշունչի յստակ ուսուցումները գիտենք. մեռելները այլեւս ապրող հոգիներ ըլլալէ դադրած են։ Անոնք չեն կրնար ձեզ վնասել։ Յիշատակի դամբաններուն մէջ եղողները պարզապէս կը հանգչին եւ անգիտակից են մինչեւ որ Աստուծոյ յարմար ժամանակին յարուցանուին։ (Ժողովողի 9։10. Յովհաննու 11։11–14, 38–44) Ուստի, մեր յոյսերն ու տենչերը Աստուծմէ կախեալ են։ «Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։—Եսայեայ 25։9