Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ—Մարդկային տառապանքները
ՄԱՐԴՈՒՆ պատմութեան սկիզբը, վշտի կամ ցաւի արցունքներ չկային։ Մարդկային տառապանքը գոյութիւն չունէր։ Մարդկութեան կատարեալ սկիզբ մը տրուած էր։ «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։—Ծննդոց 1։31
Բայց ոմանք կ’առարկեն. ‘Եդեմի պարտէզին մէջ Ադամի ու Եւայի պատմութիւնը պարզապէս այլաբանութիւն մըն է’։ Դժբախտաբար, Քրիստոնեայ Աշխարհի բազմաթիւ կղերներ այսպէս կ’արտայայտուին։ Այսուհանդերձ, Յիսուս Քրիստոսի նման ոչ մէկ հեղինակութիւն հաստատած է Եդեմի դէպքերուն պատմական ըլլալը։ (Մատթէոս 19։4–6) Ասկէ զատ, մարդուն սկիզբի պատմութեան այս դէպքերը քննելը միակ կերպն է հասկնալու թէ Աստուած ի՛նչու թոյլատրած է մարդկային տառապանքները։
Առաջին մարդուն՝ Ադամին՝ յանձնուեցաւ Եդեմի պարտէզին հոգ տանելու հաճելի գործը։ Աստուած անոր դիմաց նաեւ դրաւ իր Եդեմական բնակարանը հաճոյքի համերկրային պարտէզի մը վերածելու նպատակակէտը։ (Ծննդոց 1։28. 2։15) Այս մեծ գործը կատարելու մէջ Ադամին օգնելու համար, Աստուած անոր կողակից մը՝ Եւան՝ տուաւ եւ ըսաւ անոնց որ աճին, շատնան ու երկրին տիրեն։ Սակայն, երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար, ուրիշ բանի մը կարիքը կար։ Աստուծոյ պատկերովը շինուած ըլլալով, մարդը ազատ կամքով օժտուած էր. ուստի, անհրաժեշտ էր որ մարդուն կամքը բնաւ չհակառակի Աստուծոյ կամքին։ Ապա թէ ոչ, տիեզերքին մէջ անկարգութիւն պիտի տիրէր եւ երկիրը խաղաղ մարդկային ընտանիքով մը լեցնելու Աստուծոյ նպատակը պիտի չիրականանար։
Աստուծոյ իշխանութեան ենթարկուիլը ինքնաբերաբար չէր։ Անիկա մարդուն ազատ կամքի սիրալիր արտայայտութիւն մը պիտի ըլլար։ Օրինակի համար, կը կարդանք որ, երբ դառն փորձ մը կը դիմագրաւէր, Յիսուս Քրիստոս աղօթեց. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։—Ղուկաս 22։42
Նոյնպէս, Ադամի ու Եւայի կը պատկանէր փաստել թէ իրենք կ’ուզէին Աստուծոյ իշխանութեան ենթարկուիլ։ Այս նպատակով, Եհովա Աստուած պարզ փորձ մը կարգադրած էր։ Պարտէզին ծառերէն մէկը «բարին ու չարը գիտնալու ծառ» կոչուած էր։ Անիկա շիտակ վարքի չափանիշները սահմանելու Աստուծոյ իրաւունքը կը ներկայացնէր։ Ուրիշ խօսքով, Աստուած այս մասնայատուկ ծառէն պտուղ ուտելը արգիլած էր։ Եթէ Ադամն ու Եւան անհնազանդ գտնուէին, պիտի մեռնէին։—Ծննդոց 2։9, 16, 17
Մարդկային Տառապանքներուն Սկիզբը
Օր մը, Աստուծոյ հոգեղէն որդի մը յանդգնեցաւ Աստուծոյ իշխելու կերպը հարցի տակ դնել։ Օձ մը գործածելով որպէս խօսնակ, ան Եւայի հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ (Ծննդոց 3։1) Այս կերպով, Աստուծոյ իշխելու կերպին իրաւացի ըլլալուն մասին կասկածի սերմ մը ցանուեցաւ Եւայի մտքին մէջ։a Եւա այս հարցումին շիտակ պատասխանը տուաւ, զոր ան սորված էր իր ամուսինէն։ Սակայն, հոգեղէն արարածը այն ատեն Աստուծոյ հակասեց եւ անհնազանդութեան հետեւանքներուն մասին ստեց, ըսելով. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։—Ծննդոց 3։4, 5
Դժբախտաբար, Եւան խաբուեցաւ այն աստիճան խորհելով թէ անհնազանդութիւնը պիտի բերէր ոչ թէ մարդկային տառապանք, այլ՝ աւելի լաւ կեանք մը։ Ան որքան կը նայէր պտուղին, այդքան փափաքելի կը թուէր անիկա, ու ան սկսաւ ուտել զայն։ Աւելի ետք, ան համոզեց Ադամը որ ինքն ալ ուտէ զայն։ Դժբախտաբար, Ադամ իր կնոջ հաճութիւնը ընտրեց, քան թէ՝ Աստուծոյ։—Ծննդոց 3։6. Ա. Տիմոթէոս 2։13, 14
Այս ըմբոստութիւնը հրահրելով, այս հոգեղէն արարածը Աստուծոյ հակառակորդ մը եղաւ։ Հետեւաբար, ան կոչուեցաւ Սատանայ, Եբրայերէն բառէ մը որ «հակառակորդ» կը նշանակէ։ Ան նաեւ Աստուծոյ մասին ստեց, ինքզինք զրպարտող մը դարձնելով։ Հետեւաբար, ան նաեւ կոչուած է Բանսարկու, Յունարէն բառէ մը որ «զրպարտիչ» կը նշանակէ։—Յայտնութիւն 12։9
Մարդկային տառապանքները այս կերպով սկսան։ Աստուծոյ արարածներէն երեքը ազատ կամքի իրենց պարգեւը սխալ գործածեցին, իրենց Ստեղծիչին հակառակ եղող անձնասէր ապրելակերպ մը ընտրելով։ Արդ հետեւեալ հարցը կը ծագէր. Աստուած այս ըմբոստութիւնը ինչպէ՞ս արդար կերպով ձեռք պիտի առնէր, այնպէս որ վստահեցնէր իր մնացեալ մտացի ստեղծագործութիւնը, այսինքն, երկնքի մէջ հաւատարիմ հրեշտակները եւ Ադամի ու եւայի ապագայ սերունդը։
Աստուծոյ Իմաստուն Հակազդեցութիւնը
Ոմանք կրնան պատճառաբանել թէ աւելի լաւ եղած պիտի ըլլար, եթէ Աստուած անմիջապէս բնաջնջած ըլլար Սատանան, Ադամն ու Եւան։ Բայց ատիկա ըմբոստութեամբ յարուցուած հարցերը լուծած պիտի չըլլար։ Սատանան Աստուծոյ իշխելու կերպը հարցի տակ դրած էր, թելադրելով որ մարդիկ Աստուծոյ իշխանութենէն անկախ աւելի լաւ կեանք մը պիտի վարէին։ Նաեւ, առաջին երկու մարդիկը Աստուծոյ իշխանութեան դէմ դարձնելու մէջ իր յաջողութիւնը ուրիշ հարցեր կը յարուցանէր։ Քանի որ Ադամն ու Եւան մեղանչեցին, ասիկա կը նշանակէ՞ր որ մարդը ստեղծած իր կերպին մէջ Աստուած սխալած էր։ Արդեօք երկրի վրայ ոեւէ մէկը պիտի կարենա՞ր Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ մնալ։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Աստուծոյ հրեշտակային որդիներուն մասին, որոնք Սատանայի ըմբոստութեան ականատես եղած էին։ Անոնք Իր գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն թիկունք պիտի կանգնէ՞ին։ Բացայայտօրէն, այս հարցերը լուծելու համար բաւական ժամանակի կարիքը կար։ Անոր համար, Աստուած թոյլ տուաւ որ Սատանան գոյատեւէ մինչեւ մեր օրերը։
Իսկ գալով Ադամին ու Եւային, անոնց անհնազանդութեան օրը, Աստուած մահուան դատապարտեց զանոնք։ Ուստի, այն ատեն է որ սկսաւ մեռնելու գործընթացը։ Անոնց սերունդը, որ Ադամին ու Եւային մեղանչելէն ետք յղացուեցաւ, իր անկատար ծնողներէն մեղք ու մահ ժառանգեց։—Հռովմայեցիս 5։14
Սատանան գործի լծուեցաւ այս հարցին մէջ առաջին երկու մարդիկը իր կողքին ունենալով։ Ան իրեն թոյլատրուած ժամանակը գործածած է Ադամի ամբողջ սերունդը իր հսկողութեան տակ պահել փորձելով։ Ան նաեւ յաջողած է մեծ թիւով հրեշտակներ հրապուրել, որ իր ըմբոստութեան մէջ իրեն միանան։ Բայց Աստուծոյ հրեշտակային որդիներուն մեծամասնութիւնը Եհովայի իշխանութեան իրաւացի ըլլալուն հաւատարմօրէն թիկունք կանգնած է։—Ծննդոց 6։1, 2. Յուդա 6. Յայտնութիւն 12։3, 9
Հարցը Աստուծոյ իշխանութիւնն էր ընդդէմ Սատանայի իշխանութեան, հարց մը որ շատ տաք կերպով կը ծեծուէր Յոբի օրերուն։ Այս հաւատարիմ մարդը իր վարքով փաստեց որ ինք Աստուծոյ արդար իշխանութիւնը կը նախընտրէր քան սատանայական անկախութիւնը, ինչպէս աստուածավախ Աբէլը, Ենովքը, Նոյը, Աբրահամը, Իսահակը, Յակոբն ու Յովսէփը արդէն նախընտրած էին։ Յոբ երկնքի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութեան մը նիւթը դարձաւ, Աստուծոյ հաւատարիմ հրեշտակներուն առջեւ։ Իր արդար իշխանութեան նեցուկ կանգնելու համար, Աստուած Սատանային ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։—Յոբ 1։6–8
Իր պարտութիւնը ընդունիլ մերժելով, Սատանան դաւանեցաւ որ Յոբ միայն անձնասէր պատճառներով Աստուծոյ կը ծառայէր, քանի որ Աստուած առատօրէն օրհնած էր Յոբը նիւթական բարիքով։ Ուստի Սատանան ըսաւ. «Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ (Յոբ 1։11) Սատանան նոյնիսկ աւելի հեռու գնաց, Աստուծոյ բոլոր արարածներուն ուղղամտութիւնը հարցի տակ դնելով։ «Մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ», պնդեց ան։ (Յոբ 2։4) Այս զրպարտիչ յարձակումը ոչ միայն Յոբին դէմ էր, այլ նաեւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ երկրպագուներուն դէմ։ Սատանան ըսել կ’ուզէր որ եթէ անոնց կեանքերը վտանգի տակ ըլլային, անոնք Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը պիտի խզէին։
Եհովա Աստուած Յոբի ուղղամտութեան վրայ լման վստահութիւն ունէր։ Զայն փաստելու համար, ան թոյլ տուաւ որ Սատանան Յոբին վրայ մարդկային տառապանքներ բերէ։ Իր հաւատարմութեամբ, Յոբ ոչ միայն իր իսկ անունը մաքրեց, այլ աւելի կարեւորը, Եհովայի գերիշխանութեան իրաւացի ըլլալուն թիկունք կանգնեցաւ։ Փաստուեցաւ որ Բանսարկուն ստախօս մըն էր։—Յոբ 2։10. 42։7
Սակայն, փորձի ներքեւ հաւատարիմ մնալու լաւագոյն օրինակը Յիսուս Քրիստոս կը հանդիսանար։ Աստուած այս հրեշտակային Որդւոյն կեանքը երկնքէն կոյսի մը արգանդը փոխադրած էր։ Հետեւաբար, Յիսուս մեղք եւ անկատարութիւն չժառանգեց։ Այլ ան մեծցաւ ու կատարեալ մարդ մը եղաւ, առաջին մարդը իր կատարելութիւնը կորսնցնելէ առաջ ճիշդ անոր համահաւասարը։ Սատանան Յիսուսը իր մասնայատուկ թիրախը դարձուց, անոր վրայ շատ մը փորձութիւններ ու նեղութիւններ բերելով եւ զանոնք պսակելով նուաստացուցիչ մահով մը։ Բայց Սատանան չյաջողեցաւ Յիսուսի ուղղամտութիւնը բեկանել։ Յիսուս կատարեալ կերպով մը իր Հօրը իշխանութեան իրաւացի ըլլալուն թիկունք կանգնեցաւ։ Ան նաեւ փաստեց որ կատարեալ մարդը՝ Ադամ՝ Սատանայի ըմբոստութեան մէջ անոր միանալուն համար ոչ մէկ չքմեղանք ունէր։ Ադամ կրցած պիտի ըլլար բաղդատաբար իր շատ աւելի պզտիկ փորձին մէջ հաւատարիմ մնալ։
Ուրիշ Ի՞նչ Փաստուեցաւ
Ադամի ու Եւայի ըմբոստութենէն ի վեր, մարդկային տառապանքներու շուրջ 6,000 տարիներ անցած են։ Այս ժամանակին ընթացքին, Աստուած թոյլ տուած է որ մարդիկ կառավարութեան տարբեր տեսակներ փորձարկեն։ Մարդկային տառապանքներուն սոսկալի արձանագրութիւնը կը փաստէ որ մարդը կարող չէ ինքզինք կառավարել։ Իրականութեան մէջ, ներկայիս երկրի շատ մը շրջաններուն մէջ անիշխանութիւն կը տիրէ։ Աստուծմէ անկախ ըլլալը, ինչպէս կը ջատագովէ Սատանան, աղիտալի է։
Եհովա իր անձին բան մը փաստելու հարկը չէ ունեցած։ Ան գիտէ որ իր իշխելու կերպը արդարացի եւ իր արարածներուն լաւագոյն շահերուն ի նպաստ է։ Սակայն, Սատանայի ըմբոստութեան բոլոր հարցերուն գոհացուցիչ կերպով պատասխանելու համար, ան թոյլ տուած է որ իր մտացի արարածները իր արդար իշխանութեան հանդէպ իրենց նախընտրութիւնը ցոյց տալու պատեհութիւնը ունենան։
Աստուած սիրելուն ու անոր հաւատարիմ ըլլալուն համար վարձատրութիւնները կը գերակշռեն Բանսարկուին ձեռքին տակ մեր կրած տառապանքներուն ժամանակաւոր շրջանը։ Յոբի պարագան կը պարզաբանէ ասիկա։ Եհովա Աստուած Յոբը բուժեց այն հիւանդութենէն որով Բանսարկուն զարկած էր զայն։ Ասկէ զատ, Աստուած «Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց»։ Վերջապէս, 140 տարուան երկար կեանքէ մը ետք, «Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ»։—Յոբ 42։10–17
Աստուածաշունչի գրող Քրիստոնեայ Յակոբոս ասոր վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ, ըսելով. «Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած [կարեկից (ՆԱ)] է»։—Յակոբու 5։11, ծանօթագրութիւն։
Հիմա Սատանայի եւ իր աշխարհին համար ժամանակը կարճցած է։ Աստուած շուտով պիտի յեղաշրջէ մարդկութեան վրայ Սատանայի ըմբոստութեան բերած բոլոր տառապանքները։ Նոյնիսկ մեռելները պիտի յարուցանուին։ (Յովհաննու 11։25) Այն ատեն, Յոբի նման հաւատարիմ մարդիկ պատեհութիւնը պիտի ունենան դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու։ Այս գալիք օրհնութիւնները, զորս Աստուած պիտի տեղացնէ իր ծառաներուն վրայ, զինք յաւիտեան պիտի ջատագովեն որպէս իրաւացի Գերիշխան որ արդարեւ «բազմագութ ու կարեկից է»։
[Ստորանիշ էջ 3]
a Ի. դարուն սկիզբը ապրած փաստաբան եւ հեղինակ Ֆիլիփ Մորօ, որ «Չարին Ծագումը» իր բանավէճին մէջ այս հարցը քննեց, եզրակացուց որ ասիկա էր «մարդկութեան բոլոր նեղութիւններուն պատճառը»։
[Շրջագիծ/Պատկերներ]
ՄԱՐԴՈՑ ԱՆԳՈՒԹ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ
ՎԱՂԵՄԻ աստուածները յաճախ նկարագրուած են որպէս արիւնախանձ ու հեշտասէր։ Զանոնք սիրաշահելու համար, ծնողներ նոյնիսկ իրենց զաւակները ողջ այրեցին կրակի մէջ։ (Բ. Օրինաց 12։31) Իսկ միւս ծայրայեղ կողմէն, հեթանոս փիլիսոփաներ սորվեցուցին թէ Աստուած բարկութեան կամ գթութեան զգացումներ չունէր։
Այս փիլիսոփաներուն դեւերէ ներշնչուած տեսակէտները ազդեցին Աստուծոյ ժողովուրդ ըլլալ դաւանողներուն՝ Հրեաներուն։ Հրեայ փիլիսոփայ Փիլոն՝ Յիսուսի ժամանակակից մը՝ պնդեց թէ Աստուած «որեւէ զգացումի երբեք ընդունակ չէ»։
Նոյնիսկ Փարիսեցիներու խստապահանջ Հրէական աղանդը զերծ չմնաց Յունական փիլիսոփայութեան ազդեցութենէն։ Անոնք որդեգրեցին Պղատոնի ուսուցումները թէ մարդը կը կազմուի անմահ հոգիէ մը որ մարդկային մարմինէ մը բռնուած է։ Ասկէ զատ, ըստ առաջին դարու պատմաբան Յովսեպոսի, Փարիսեցիները կը հաւատային թէ ամբարիշտներու հոգիները «յաւիտենական պատիժի կ’ենթարկուին»։ Սակայն, Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ հիմ կու տայ այսպիսի տեսակէտի մը։—Ծննդոց 2։7. 3։19. Ժողովողի 9։5. Եզեկիէլ 18։4
Ի՞նչ ըսել Յիսուսի հետեւորդներուն մասին։ Անոնք թոյլ տուի՞ն որ հեթանոս փիլիսոփայութենէն ազդուին։ Այս վտանգին գիտակցելով, Պօղոս առաքեալ Քրիստոնեայ ընկերակիցները զգուշացուց. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեան պէս»։—Կողոսացիս 2։8. տես նաեւ Ա. Տիմոթէոս 6։20։
Դժբախտաբար, երկրորդ եւ երրորդ դարու Քրիստոնէութիւն դաւանող տեսուչներէն ոմանք այդ ազդարարութիւնը անտեսեցին եւ ուսուցանեցին թէ Աստուած զգացումներ չունի։ Համայնագիտարան մը (The Encyclopedia of Religion) կը նշէ. «Ընդհանուր առմամբ, Աստուծոյ յատկութիւնները հասկցուեցան մեծաւ մասամբ ինչպէս որ հաստատուած էին այդ ժամանակուայ Հրէական եւ փիլիսոփայական մտածութեան մէջ։ . . . Այն գաղափարը թէ Հայր Աստուած կրնար զգացումներ ունենալ ինչպէս՝ գթութիւնը . . . ընդհանրապէս նկատուած էր որպէս անընդունելի բան մը առնուազն մինչեւ Ի. դարուն վերջերը»։
Այսպիսով, Քրիստոնեայ Աշխարհը որդեգրեց սխալ ուսուցումը անգութ աստուծոյ մը մասին որ մեղաւորները կը պատժէ զիրենք մշտնջենապէս ենթարկելով գիտակից տանջանքի։ Միւս կողմէն, Եհովա Աստուած բացայայտօրէն կը նշէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ թէ «մեղքին վարձքը մահ է» , ո՛չ թէ յաւիտենական գիտակից տանջանք։—Հռովմայեցիս 6։23
Վերը. Acropolis Museum, Greece
Courtesy of The British Museum
[էջ 12-13–ի շրջագիծը