Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 2/1 էջ 3-5
  • Ծնունդը—Իրապէս քրիստոնէակա՞ն է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծնունդը—Իրապէս քրիստոնէակա՞ն է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ծնունդ»ի Հեթանոսական Ծագումը
  • Ուրախ Դէպք մը
  • Ծնունդի Նուէրներ
  • Քրիստոսը Պատուենք Որպէս Թագաւոր
  • Քրիստոնեաները պէ՞տք է Սուրբ Ծնունդը տօնեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ծնունդի տօն. ինչո՞ւ նոյնիսկ արեւելքի մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 2/1 էջ 3-5

Ծնունդը—Իրապէս քրիստոնէակա՞ն է

ԸՍՏ Համայնագիտարանի մը (The World Book Encyclopedia), «Ծնունդը տօն մըն է այն օրը, երբ Քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը կը տօնեն»։ Այսուհանդերձ, համայնագիտարանը նաեւ կ’ըսէ. «Նախկին Քրիստոնեաները [Յիսուսի] ծնունդը չէին տօներ, քանի որ անոնք ոեւէ մէկու մը ծնունդը տօնելը հեթանոսական սովորութիւն մը կը նկատէին»։

Ժ. Կոլպի եւ Ու. Փըրտիու, իրենց գրքին մէջ (The Making of the Modern Christmas), կ’ընդունին. «Նախկին Քրիստոնեաները Քրիստոսի ծնունդը չէին տօներ։ Ծննդեան տարեդարձները հեթանոսական սովորութիւններու մաս կը կազմէին. Աւետարանները բան մը չեն ըսեր Քրիստոսի ծննդեան բուն թուականին մասին»։

Եթէ տարեդարձներու տօնակատարութիւնը Քրիստոնէական հիմ մը չունի, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ Քրիստոսի տարեդարձը այսքան կարկառուն «Քրիստոնէական» տօն մը եղած է։

«Ծնունդ»ի Հեթանոսական Ծագումը

«Ամէն մարդ կը տօնախմբուէր եւ կ’ուրախանար, որոշ շրջան մը գործն ու առեւտուրը առկախուած էին, տուները դափնիով եւ մշտադալար տերեւներով զարդարուած էին, բարեկամներ իրար կ’այցելէին եւ նուէրներ կը փոխանակէին, իսկ մարդիկ պարգեւներ կու տային իրենց խնամակալներուն։ Ամբողջովին ուրախութեան եւ բարեմաղթութեան եղանակ մըն էր, իսկ մարդիկ ամէն տեսակ զուարճութեան կը մասնակցէին»։—Քրիստոնէական Տօնախմբութիւններու մէջ Հեթանոսութիւն, Ուիլըրի կողմէ, Անգլերէնով։

Այս նկարագրութիւնը ձեզի ծանօթ Ծնունդի տօնախմբութի՞ւնը կը յիշեցնէ։ Զարմանալիօրէն, հոս խօսքը Ծնունդի մասին չէր։ Ընդհակառակը, ատիկա Սատուռնալիայի մասին նկարագրութիւն մըն է, հեթանոս Հռովմէական տօն մը որ ձմեռուան արեւադարձին հետ կ’ընկերակցէր եւ շաբաթ մը կը տեւէր (վերը պատկերացուած)։ Անպարտելի արեգակին տարեդարձը կը տօնուէր Դեկտեմբեր 25–ին, Հռովմի մէջ Միհրական պաշտամունքի տօնախմբութեան գլխաւոր օր մը։

Ըստ Համայնագիտարանի մը (The New Encyclopædia Britannica), «Դեկտեմբեր 25–ը, [այսինքն,] Միհրայի՝ լոյսի Պարսիկ չաստուծոյն՝ տարեդարձն ու ... անյաղթելի արեգակին նուիրուած օրը, որ Սատուռնալիայի յաջորդ օրուան կը համապատասխանէր, եկեղեցիին կողմէ որդեգրուեցաւ որպէս Ծնունդ, Քրիստոսի ծնած օրը, այս տօնախմբութիւններուն ազդեցութիւնը չէզոքացնելու համար»։ Հետեւաբար, հեթանոսական չաստուծոյ մը տարեդարձի տօնը շարունակուեցաւ անուններու պարզ փոփոխութիւնով մը. Միհրայի փոխարէն՝ Քրիստոս։

Սակայն, կրնաք խորհիլ որ Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուսի՝ ծնունդը մասնայատուկ բան մըն էր, որ յիշատակուելու արժանի է։ Այս մասին Աստուածաշունչի ըսածին վրայ ակնարկ մը նետելը կրնայ մեծապէս լուսաբանել մեզ։

Ուրախ Դէպք մը

Ղուկասու Աւետարանին 2–րդ գլուխը կը պարզէ տեսարանը։ Ղուկաս մեզի կը բացատրէ թէ երկնային հրեշտակներ, խոնարհ հովիւներ, Աստուծոյ նուիրուած ծառաներ, նոյնինքն Մարիամ, ի՛նչպէս հակազդեցին այս ակնբախ դէպքին ընթացքին։

Նախ նկատի առնենք «դաշտին մէջ կեցած» հովիւները «որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին», ինչ որ ըրած պիտի չըլլային ձմեռուան կիսուն։ Երբ Եհովայի «հրեշտակը» երեւցաւ եւ Աստուծոյ փառքը անոնց բոլորտիքը փայլեցաւ, հովիւները նախ վախցան։ Բայց անոնք հանգստացան, երբ հրեշտակը բացատրեց. «Մի՛ վախնաք, վասնզի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ Վասնզի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ ... որ Օծեալ Տէրն է»։ Երբ յանկարծ հրեշտակներու «երկնային զօրքերու բազմութիւն մը» երեւցաւ, հովիւները հասկցան որ այս ծնունդը միւս ծնունդներէն տարբեր էր։ Հետաքրքրական է որ հրեշտակները նորածին մանուկին պարգեւներ չբերին։ Այլ անոնք Եհովան գովաբանեցին, ըսելով. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։—Ղուկաս 2։8–14

Բնականաբար, հովիւները ուզեցին այս մանուկը անձամբ տեսնել, քանի որ Եհովան էր, որ ծանուցանած էր այս ուրախ դէպքը։ Երբ մսուրին մէջ պարկած մանուկը գտան, անոնք ծնողքին ըսին ինչ որ հրեշտակները ըսած էին։ Ապա հովիւները մեկնեցան, ‘Աստուած փառաբանելով ու օրհնելով’, ոչ թէ՝ մանուկը։—Ղուկաս 2։15–18, 20

Մարիամ՝ Յիսուսի մայրը՝ անկասկած ուրախ էր իր անդրանիկը յաջող կերպով աշխարհ բերած ըլլալուն համար։ Բայց ան նաեւ «իր սրտին մէջ կը մտածէր»։ Ապա, իր ամուսնոյն՝ Յովսէփին՝ ընկերակցութեամբ, ան Երուսաղէմ ճամբորդեց, Մովսիսական Օրէնքին հնազանդելով։ Ասիկա տարեդարձ տօնել չէր։ Այլ մանուկը Աստուծոյ ներկայացնելու համար ժամանակ մըն էր, «ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ՝ ‘Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ Տէրոջը սուրբ ըսուի’»։—Ղուկաս 2։19, 22–24

Երուսաղէմի տաճարին մէջ, Մարիամ եւ Յովսէփ Սիմէօնի հանդիպեցան, որու Ղուկաս կը նկարագրէ որպէս «արդար ու աստուածավախ» մարդ մը, որ «Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր»։ Ներշնչմամբ անոր ըսուած էր որ ան «Տէրոջը Օծեալը» տեսնելէ առաջ պիտի չմեռնէր։ Ապա ինչ որ տեղի ունեցաւ դարձեալ «[Աստուծոյ] հոգիին զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)» եղաւ։ Սիմէօն մանուկը իր գիրկը առաւ ոչ թէ անոր պարգեւ մը տալու համար, այլ Աստուած օրհնելու համար, ըսելով. «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. վասնզի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր»։—Ղուկաս 2։25–32

Անկէ ետք, տարեց Աննա մարգարէուհին մօտեցաւ։ Ան ալ «Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին»։—Ղուկաս 2։36–38

Մարիամը, Սիմէօնը, Աննան, հովիւներն ու երկնային հրեշտակները, բոլորն ալ ուրախացան Յիսուսի ծննդեան առթիւ։ Բայց հաճեցէք նկատի առնել որ անոնք տարեդարձի տօնախմբութիւն մը չըրին, ոչ ալ նուէրներ փոխանակեցին։ Ընդհակառակը, անոնք Եհովան՝ փառաւորեցին որպէս իրենց փրկութեանը համար երկնային Հայթայթիչը։

Ոմանք տակաւին կրնան խորհիլ. ‘Վստահաբար Ծնունդի առթիւ նուէրներ տալը չի կրնար սխալ ըլլալ, քանի որ «երեք իմաստունները» Յիսուսը չպատուեցի՞ն ընծաներով’։

Ծնունդի Նուէրներ

Դարձեալ Աստուածաշունչի պատմութիւնը նկատի առնենք։ Այս մասին արձանագրուած է Մատթէոսի Աւետարանին մէջ երկրորդ գլուխը։ Հոն ծնունդի տօնակատարութիւն չէ յիշուած, ոչ ալ մասնայատուկ թուական մը տրուած է, սակայն ակներեւ է որ անիկա Յիսուսի ծնունդէն որոշ ժամանակ ետք էր։ Առաջին համարին մէջ, Մատթէոս այցելուները կը կոչէ որպէս «արեւելքէն մոգեր [Յունարէն՝ մակոյի]». հետեւաբար անոնք Եհովա Աստուծոյ գիտութիւնը չունեցած հեթանոսներ էին։ Այն աստղը, որու այս մարդիկը հետեւեցան, զանոնք ոչ թէ ուղղակի Բեթլէհէմին մէջ Յիսուսի ծննդավայրը առաջնորդեց, այլ՝ Երուսաղէմ, ուր Հերովդէս Թագաւոր կ’իշխէր։

Երբ լսեց որ անոնք ‘Հրեաներուն թագաւոր ծնած’ անհատին մասին կը հարցնէին, այս չար կառավարիչը քահանաներուն դիմեց ճշգրտօրէն գիտնալու համար թէ ‘Քրիստոսը ո՛ւր պիտի ծնանէր’, որպէսզի մանուկը սպաննել տար։ Քահանաները պատասխանեցին Միքիայի մարգարէութիւնը մէջբերելով, ըստ որուն, Մեսիան պիտի ծնէր Բեթլէհէմի մէջ։ (Միքիայ 5։2) Հերովդէս կեղծաւորութեամբ իր այցելուներուն ըսաւ. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին [երախային (ՆԱ)] վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէսզի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։ Մոգերը իրենց ճամբան շարունակեցին, իսկ աստղը «անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին [երախային (ՆԱ)] եղած տեղին վրայ»։ Նկատի առնենք որ Յիսուս նկարագրուած է որպէս «երախայ» մը, ոչ թէ՝ որպէս նորածին մանուկ մը։—Մատթէոս 2։1–10

Ինչպէս որ սովորութիւն էր ընել, երբ Արեւելքցի ջոջեր կառավարիչի մը այցելէին, հեթանոս մոգերը ինկան երկրպագութիւն ըրին եւ «ընծաներ տուին անոր [երախային]՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս»։ Մատթէոս կ’աւելցնէ. «Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը»։—Մատթէոս 2։11, 12

Սուրբ գրային այս հակիրճ պատմութենէն, ոմանք թերեւս փորձեն արդարացնել Ծնունդի առթիւ նուէրներ փոխանակելը։ Սակայն, աշխատասիրութիւն մը (Discovering Christmas Customs and Folklore) կը բացատրէ որ նուէրներ տալու սովորութեան արմատը կը գտնուի Սատուռնալիայի սովորութիւններուն մէջ, երբ Հռովմէացիները նուէրներ կու տային իրենց աղքատ դրացիներուն։ «Վաղեմի Եկեղեցին ... ճարպիկութեամբ այս սովորութիւնը ծիսականութեան վերածեց Մոգերուն տուած ընծաները յիշեցնել տալով»։ Որքա՜ն հակառակը ճշմարիտ երկրպագուներուն, զոր օրինակ՝ խոնարհ հովիւներուն, որոնք Յիսուսի ծննդեան առթիւ պարզապէս Աստուած փառաւորեցին։

Քրիստոսը Պատուենք Որպէս Թագաւոր

Ներկայիս Յիսուս այլեւս մանուկ մը չէ։ Ան հզօր Վեհապետ մը, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորն է եւ այս հանգամանքով պէտք է պատուել զինք։—Ա. Տիմոթէոս 6։15, 16

Եթէ դուք հիմա չափահաս մըն էք, բնաւ անհանգիստ զգացա՞ծ էք, ձեր ներկայութեան ձեր մանկութեան լուսանկարները ցոյց տրուած ատեն։ Ճիշդ է որ այդ լուսանկարները ուրախ պահեր կը յիշեցնեն ձեր ծնողներուն։ Բայց հիմա որ ձեր անձնաւորութիւնը կազմուած է, ընդհանրապէս չէ՞ք նախընտրեր որ ուրիշներ ձեզ նկատեն ինչպէս որ էք դուք։ Նոյն կերպով, խորհեցէք որ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ի՜նչ անպատուութիւն է, երբ իր հետեւորդները ըլլալ դաւանողները ամէն տարի Ծնունդի հեթանոսական աւանդութիւններով եւ մանուկ մը պատուելով այնքան տարուած կ’ըլլան, որ անոնք կը թերանան զինք պատուել որպէս Թագաւոր։ Այո, նոյնիսկ առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ պատշաճ էր Քրիստոսը նկատել ինչպէս որ է ան ներկայիս. երկնքի մէջ Թագաւոր մը։ Պօղոս գրեց. «Թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար»։—Բ. Կորնթացիս 5։16

Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ըլլալով, Քրիստոս շուտով պիտի կատարէ ցաւը, տառապանքը, հիւանդութիւնն ու մահը մէջտեղէն վերցնելու մարգարէական խոստումը։ Ինքն է որ հոս երկրի վրայ դրախտային վիճակներու ներքեւ բոլոր ապրողներուն յարմար բնակարան եւ վարձահատոյց գործ մը պիտի ապահովէ։ (Եսայեայ 65։21–23. Ղուկաս 23։43, ՆԱ. Բ. Կորնթացիս 1։20. Յայտնութիւն 21։3, 4) Վստահաբար, ասոնք Յիսուսը չանպատուելու բաւարար պատճառներ են։

Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը ջանան իրենց դրացիներուն լաւագոյն նուէրներէն մէկը տալ. Աստուծոյ նպատակին հասկացողութիւնը որ կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել։ (Յովհաննու 17։3) Այսպիսի նուէր մը տալը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ անոնց, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35. Ղուկաս 11։27, 28

Իրարու հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ունեցող Քրիստոնեաները դժուարութիւն չեն գտներ տարուան մէջ որեւէ ժամանակ իրենց ինքնաբուխ սէրը յայտնելու մէջ։ (Փիլիպպեցիս 2։3, 4) Պարզ օրինակ մը առնենք. Դասախօս մը չո՞ւրախանար պատանիի մը կողմէ եղած գծագրութիւն մը ստանալով, որ ան կը փափաքի այս կերպով իր երախտագիտութիւնը արտայայտել սուրբ գրային դասախօսութիւնը լսելէ ետք։ Նոյնքան քաջալերական է ազգականի մը կողմէ տրուած անակնկալ նուէր մը ստանալ որպէս իր սիրոյ մէկ արտայայտութիւնը։ Նմանապէս, Քրիստոնեայ ծնողները մեծ ուրախութիւն կը գտնեն, երբ տարուան ընթացքին յարմար առիթներ կ’ընտրեն իրենց զաւակներուն նուէրներ տալու համար։ Քրիստոնէական այսպիսի առատաձեռնութիւն մը չ’առատաւորուիր որոշ տօնական օրերու պարտադրութիւններէ կամ հեթանոսական աւանդութիւններէ։

Հետեւաբար, ներկայիս բոլոր ազգերէ եկած չորսուկէս միլիոնէ աւելի Քրիստոնեաներ Ծնունդը չեն տօներ։ Անոնք Եհովայի Վկաներն են, որոնք կանոնաւորաբար կը ջանան իրենց դրացիներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին վկայութիւն տալ։ (Մատթէոս 24։14) Թերեւս մօտօրէն անոնց հանդիպիք, երբ անոնք ձեզի այցելեն։ Անոնց ձեզի բերածը փութով ընդունիլը մեծ ուրախութեան թող առաջնորդէ ձեր ընտանիքը, մինչ կը սորվիք Եհովա Աստուած ի՛նչպէս գովաբանել տարուան մէջ ամէն օր։—Սաղմոս 145։1, 2

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել