Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 11/1 էջ 28-31
  • Յիսուսի մասին կասկածները արդարացի՞ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուսի մասին կասկածները արդարացի՞ են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսի Մասին Կասկածները Ի՛նչպէս Ցանուեցան
  • Կասկածները Վանող Վկայութիւններ
  • Ոմանք Յիսուսի Հրաշքներուն Մասին Ի՛նչու կը Կասկածին
  • Յիսուսի Յարութեան Մասին Կասկածները Արդարացի՞ Են
  • Յիսուսի Ներկայ Դերին Մասին Ի՛նչու Կասկածիլ
  • Հրաշքները իրապէս տեղի ունեցա՞ծ են
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Յիսուսին հրաշքներէն
    2004−ի անգլերէն «Դիտարան»էն յօդուածներ
  • Յիսուսի յարութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ մեզի համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Յիսուս Քրիստոս. մեր հարցումները կը պատասխանուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 11/1 էջ 28-31

Յիսուսի մասին կասկածները արդարացի՞ են

ՆԱԶՈՎՐԵՑԻ Յիսուս իրապէս հրաշքներ կատարա՞ծ է։ Ան մեռելներէն յարուցանուեցա՞ւ, ինչպէս իր աշակերտները յայտարարեցին։ Ան բնաւ ապրա՞ծ է։ Մեր արդի դարուն, այնպէս կը թուի որ շատեր այս հարցումներուն որոշ պատասխան մը տալու անկարող են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք Յիսուսի մասին կասկածներ կը սնուցանեն։ Իսկ կասկածները իրողութեան մը ճշմարիտ կամ կարելի ըլլալուն մասին անվստահութեան զգացումներ են։ Սակայն Յիսուսի նկատմամբ անվստահութեան զգացումները արդարացի՞ են։ Տեսնե՛նք։

Յիսուսի Մասին Կասկածները Ի՛նչպէս Ցանուեցան

ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարուն սկիզբը, Գերմանացի աստուածաբաններ Յիսուսը ներկայացուցին որպէս «նախկին Եկեղեցիին շինծու դէմք մը»։ Այս դարուն սկիզբը Յիսուսի պատմականութիւնը հարցի տակ դրուիլը հակաճառութեան դուռ բացաւ ուսումնականներուն մէջ, որ այն ատեն հանրութեան հասաւ եւ ցարդ ազդեցութիւն մը ունի։ Օրինակի համար, Գերմանիոյ մէջ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը յայտնեց որ հարցաքննուած անհատներու 3 տոկոսը կը հաւատան որ Յիսուս «բնաւ չէ ապրած» եւ որ «առաքեալները հնարած էին զայն»։ Այո, այս դարուն սկիզբը Յիսուսի մասին ցանուած կասկածի սերմերը մարդոց սրտերուն մէջ բարեբեր գետին կը գտնեն։

Յիսուսի ‘հնարուած’ ըլլալուն եզրակացութիւնը ինչո՞ւ պարզապէս արդարացի չէ։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ուոլֆկանկ Թրիլինկ կը մեկնաբանէ. «Յիսուսի բնաւ ապրած ըլլալուն հակաճառութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ անոր պատմական դէմք մը թէ առասպել մը ըլլալուն հարցը ծագած է։ Անիկա լուծուած է ուսումնական կերպով մը, գոնէ այնպիսի կերպով մը որ լրջամիտ անհատներ այլեւս խնդիրը ակադեմական նիւթ չեն նկատեր»։ Այսուհանդերձ, ոմանք տակաւին կը կասկածին որ Յիսուս բնաւ գոյութիւն ունեցած է։ Հետեւաբար, քննենք թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ Յիսուսի պատմականութիւնը հաստատել, ինչպէս նաեւ իր մասին միւս կասկածները վանել։

Կասկածները Վանող Վկայութիւններ

Թրիլինկ կը նշէ որ Յիսուս նախատական մահապատիժի ենթարկուիլը որպէս արգահատելի ոճրագործ մը «Յիսուսի պատմականութեան հակառակողներուն դէմ ամենէն համոզիչ առարկութիւնը» կը հայթայթէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս մահապատիժը «Հրեաներուն եւ ոչ–Հրեաներուն մէջ նոր հաւատքին տարածումը կը խափանէր, նոյնիսկ կ’արգիլէր»։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 1։23։) Եթէ Մեսիա Յիսուսին մահապատիժը այսքան մեծ նախատինք մըն էր թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ հեթանոսներուն, անիկա դժուարաւ առաքեալներուն կողմէ հնարում մը եղած պիտի ըլլար։ Ասկէ զատ, Յիսուսի մահը վկայուած է որպէս պատմական դէպք մը ոչ միայն չորս Աւետարաններուն մէջ, այլ նաեւ Հռովմէացի գրող Տակիտոսի կողմէ եւ Հրէական Թալմուտին մէջ։a

Յիսուսի կեանքին ընթացքին ուրիշ դէպքեր ալ նկատուած են որպէս Աւետարաններուն հաւատալիութեան ներքին ապացոյցներ, դէպքեր որոնք իր մասին կը խօսին։ Օրինակի համար, Յիսուսի հետեւորդները հիւսած պիտի ըլլայի՞ն որ ան Նազարէթէն՝ աննշան նկատուած վայրէ մը՝ կու գար։ Կամ հաւանակա՞ն է որ անոնք հնարած ըլլային Յուդայի՝ վստահելի բարեկամի մը՝ կողմէ իր մատնուիլը։ Իրապաշտ կը թուի՞ խորհիլ որ անոնք միւս աշակերտներուն կողմէ Յիսուսի վատթար կերպով մը լքուելուն պատմութիւնը կազմած ըլլային։ Վստահաբար անտրամաբանական է որ աշակերտները այսպիսի ի բնուստ իրենց ի վնաս մանրամասնութիւններ շինած ըլլային զանոնք ամէնուրեք յայտարարելու համար։ Ասկէ զատ, Յիսուսի սորվեցնելու արուեստը մասնայատուկ ոճով մը կը յատկորոշուէր։ Առաջին դարու Հրէական գրականութիւնը Յիսուսի օրինակներուն հետ բաղդատելի բան մը չէր բովանդակեր։ Ո՞ր անանուն անհատը կրցած պիտի ըլլար գլուխ գործոցը՝ Լերան Քարոզը՝ ‘հնարել’։ Այս բոլոր պատճառաբանութիւնները կը հաստատեն որ Աւետարաններուն մէջ Յիսուսի կեանքին մասին տեղեկագրութիւնները վստահելի են։

Յիսուսի պատմականութեան մասին արտաքին ապացոյցներ ալ կան։ Չորս Աւետարանները զինք կը ներկայացնեն մասնայատուկ, ճշգրտօրէն մանրամասնուած, պատմական վայրերով։ Բեթլէհէմի եւ Գալիլիայի նման վայրեր. կարկառուն անձնաւորութիւններ եւ խումբ մը անհատներ, ինչպէս Պոնտացի Պիղատոսը եւ Փարիսեցիները. ինչպէս նաեւ Հրէական սովորութիւններ եւ ուրիշ առանձնայատկութիւններ պարզապէս հնարուած պատմութիւններ չէին։ Անոնք առաջին դարու կենցաղին մաս կը կազմէին եւ ոչ–սուրբ գրային աղբիւրներու կողմէ եւ հնախուզական գիւտերով հաստատուած են։

Հետեւաբար, թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին համոզիչ ապացոյցներ կան թէ Յիսուս պատմական անձնաւորութիւն մըն է։

Սակայն, բազմաթիւ անհատներ Յիսուսի վերագրուած հրաշքներու մասին կասկածներ կը սնուցանեն։ Արդարեւ, ըստ վերոյիշեալ փորձագիտանքին, եկեղեցի գացող Գերմանացիներէն միայն փոքրամասնութիւն մը կը հաւատայ որ Յիսուսի հրաշքներն ու յարութիւնը «իրապէս պատահած» են։ Յիսուսի հրաշքներուն ու յարութեան մասին կասկածները արդարացի՞ են։

Ոմանք Յիսուսի Հրաշքներուն Մասին Ի՛նչու կը Կասկածին

Մատթէոս 9։18–36–ը կը տեղեկագրէ որ Յիսուս հրաշքով հիւանդներ բժշկեց, մեռելներ յարուցանեց եւ դեւեր հանեց։ Ուսուցչապետ ու պատմաբան Հիւկօ Սթաւտինկըր կը բացատրէ. «Իրապէս անհաւատալի է, իսկ պատմութեան տեսանկիւնէն դիտուած՝ անկարելի է որ այս արտակարգ տեղեկագրութիւնները վառ երեւակայութեան մը արտադրութիւնը ըլլան»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այնպէս կը թուի որ առաջին Աւետարանները գրի առնուեցան այն ժամանակ, երբ այդ հրաշքներուն ականատեսներէն շատեր տակաւին ողջ էին։ Ուրիշ հաստատում մը այն է որ, ինչպէս Սթաւտինկըր կը շարունակէ ըսել, Հրեայ հակառակողները «բնաւ չժխտեցին որ Յիսուս արտակարգ գործեր կը կատարէր»։ Միւս բոլոր փաստերը անտեսելով եւ մեր ամբողջ դատողութիւնը միայն այս արտաքին ապացոյցին վրայ հիմնելով, կը տեսնենք որ Յիսուսի հրաշքները յայտնապէս արժանահաւատ են։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

Թէեւ «Գերմանացիներու մեծամասնութիւնը համոզուած է որ Յիսուս հիւանդներ բժշկեց», սակայն շատեր այս բուժումներուն ետին գտնուող զօրութեան մասին կասկած ունին։ Օրինակի համար, հանրածանօթ Գերմանացի աստուածաբան մը հանրապէս ըսաւ որ Յիսուսի կողմէ կատարուած բուժումները թելադրումի զօրութեան արդիւնքն էին, հոգեկան տագնապէ տառապած մարդոց ազդելով։ Ասիկա խոհեմ բացատրութի՞ւն մըն է։

Հետեւեալը նկատի առէք։ Մարկոս 3։3–5–ը կը տեղեկագրէ որ Յիսուս ձեռքը չորցած մարդ մը բուժեց։ Բայց չորցած ձեռք մը հոգեկան տագնապէ յառաջ կու գա՞յ։ Անշուշտ ոչ։ Հետեւաբար, այս բուժումը կարելի չէր թելադրումի զօրութեան մը վերագրել։ Ուստի, ի՞նչ բան Յիսուսը կարող դարձուց, որ հրաշքներ կատարէ։ Ուսուցչապետ Սթաւտինկըր կ’ընդունի. «Եթէ բացարձակապէս անփոփոխ օրէնքներ չկան եւ եթէ Աստուած ամբողջովին չենք ուրանար, այդ պարագային չենք կրնար հիմնովին մերժել այն կարելիութիւնը թէ Աստուած, որու զօրութիւնը մարդուն զօրութենէն շատ գերիվեր է, կարող է սովորականէն դուրս բաներ կատարել»։ Այո, արդարեւ, «Աստուծոյ զօրութեան» շնորհիւ, Յիսուս բառացիօրէն հիւանդ անհատներ բժշկեց։ Ուստի, իր հրաշքներուն հարազատութեան մասին կասկածելու ոչ մէկ պատճառ կայ։—Ղուկաս 9։43. Մատթէոս 12։28

Ինչպէս Համայնագիտարան մը (The American Peoples Encyclopedia) դիտել կու տայ, եթէ մեծագոյն հրաշքը՝ Յիսուսի յարութիւնը՝ տեղի ունեցած է, այդ պարագային Աւետարաններուն մէջ տեղեկագրուած միւս բոլոր հրաշքները «կարելիութեան ծիրին մէջ կ’իյնան»։ Յիսուս իրապէս մեռելներէն յարուցանուեցա՞ւ։

Յիսուսի Յարութեան Մասին Կասկածները Արդարացի՞ Են

Նախ նկատի առնենք այն զօրաւոր անուղղակի ապացոյցը որ թիկունք կը կանգնի Յիսուսի յարութեան ճշմարտութեան. իր դատարկ շիրիմը։ Այդ իրողութիւնը թէ Յիսուսի գերեզմանը դատարկ գտնուեցաւ հակաճառութիւն չգտաւ իր ժամանակակիցներուն, նոյնիսկ իր հակառակորդներուն կողմէ։ (Մատթէոս 28։11–15) Խարդախութիւն մը դիւրութեամբ քօղազերծուած պիտի ըլլար։ Տեղին ըլլալով, վերոյիշեալ աշխատասիրութիւնը կ’եզրափակէ. «Դատարկ շիրիմին համար ոչ մէկ ընդունելի բացատրութիւն թելադրուած է, ի բացառեալ սուրբ գրային խօսքէն. ‘Ան հոս չէ, վասնզի յարութիւն առաւ’ (Մատթէոս 28։6)։»

Ոմանք կ’առարկեն, ըսելով որ միայն Յիսուսի աշակերտներն էին, որոնք ամէնուրեք յայտարարեցին որ ան յարուցեալ Մեսիան էր։ Անոնք ըրին ասիկա։ Բայց անոնց պատգամին հաւատալիութիւնը զօրաւոր կերպով չէ՞ր խարսխուած պատմական իրողութեան մէջ, մասնաւորաբար Յիսուսի մահուան ու յարութեան նկատմամբ։ Անշո՛ւշտ։ Պօղոս առաքեալ գիտակից էր այս յարակցութեան, երբ գրեց. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքըն ալ պարապ է եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ’ըլլանք. որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայութիւն տուինք, թէ ինք մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը»։—Ա. Կորնթացիս 15։14, 15. բաղդատել Յովհաննու 19։35. 21։24. Եբրայեցիս 2։3։

Առաջին դարուն, հանրածանօթ շատ անհատներ կային, որոնք կրնային վկայել թէ Յիսուս իր մահէն ետք երեւցաւ։ Անոնց մէջ կը գտնուէին 12 առաքեալները եւ Պօղոս, ինչպէս նաեւ 500–է աւելի ականատեսներ։b (Ա. Կորնթացիս 15։6) Նաեւ ի մտի ունեցէք այն պատճառները թէ Մատաթիան ի՛նչու անհաւատարիմ առաքեալին՝ Յուդային՝ փոխարինելու պահանջները կը լեցնէր։ Գործք 1։21–23–ը կը տեղեկագրէ որ Մատաթիան կրնար Յիսուսի յարութեան եւ իրեն հետ կապակցութիւն ունեցող նախկին դէպքերուն մասին վկայել։ Եթէ Յիսուսի կեանքն ու յարութիւնը շինծու պատմութիւն մը եղած ըլլար եւ ոչ թէ իրողութիւն մը, նշանակուելու համար այսպիսի պահանջք մը վստահաբար ամբողջովին անիմաստ եղած պիտի ըլլար։

Քանի որ առաջին դարուն ապրած այսքան շատ ականատեսներ կրնային Յիսուսի կեանքին, հրաշքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին վկայել, Քրիստոնէութիւնը յարաբերաբար արագօրէն տարածուեցաւ ամբողջ Հռովմէական Կայսրութեան մէջ, հակառակ վերոյիշեալ արգելքներուն։ Իր հետեւորդները յօժարակամ էին նեղութիւններ, հալածանքներ կրելու եւ նոյնիսկ մեռնելու, որպէսզի ամէնուրեք ծանուցանէին յարութիւնը եւ անկէ առթող հիմնական ճշմարտութիւնը։ Ո՞ր ճշմարտութիւնը։ Այն ճշմարտութիւնը թէ իր յարութիւնը կարելի եղած էր միայն Աստուծոյ զօրութեան շնորհիւ։ Իսկ Եհովա Աստուած ինչո՞ւ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանած էր։ Այս հարցումներուն պատասխանը ցոյց կու տայ որ պատմական Յիսուսը ո՛վ է։

Պէնտէկոստէի օրը, Պետրոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ ապշած Հրեաներու համարձակօրէն ըսաւ. «Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք։ Ուստի Աստուծոյ ձեռքով բարձրանալով ու սուրբ հոգիին խոստումը Հօրմէն առնելով՝ տարածեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք։ Վասնզի Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»’։ Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ (Գործք 2։32–36) Այո, Եհովա Աստուած Նազովրեցի Յիսուսը «Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ»։ Աստուծոյ նպատակին այս երեսակին մէջ Իր դերին մասին կասկածները արդարացի՞ են։

Յիսուսի Ներկայ Դերին Մասին Ի՛նչու Կասկածիլ

Յիսուսի ինքնութեան եւ դերին մասին բոլոր կասկածները ինչպէ՞ս կարելի է վանել։ Այն իրողութեամբ որ ան յստակօրէն իրական մարգարէ մըն էր։ Ան պատերազմները, սովերը, երկրաշարժները, ոճիրը եւ սիրոյ պակասը գուշակեց, զորս ներկայիս կը տեսնենք։ Ասկէ զատ, ան գուշակեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։3–14) Այս մարգարէութիւններուն կատարումը կ’ապացուցանէ որ Յիսուս յարուցեալ Քրիստոսն է, որ անտեսանելիօրէն կ’իշխէ ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը’ եւ շուտով Աստուծոյ նոր աշխարհը պիտի հաստատէ։—Սաղմոս 110։1, 2. Դանիէլ 2։44. Յայտնութիւն 21։1–5

Հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի, մարդկութիւնը գերմարդկային իմաստութեամբ օժտուած Փրկիչի մը ստիպողական կարիքը ունի։ Ինչո՞ւ կասկածիլ որ Յիսուսն է իրաւացիօրէն ընտրուած այդ Փրկիչը մարդկութեան համար։ Յովհաննէս, որ Յիսուսի տպաւորիչ հրաշքներուն ու յարութեան ականատես մըն էր, ըսաւ. «Մենք տեսանք ու կը վկայենք թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու»։ (Ա. Յովհաննու 4։14. բաղդատել Յովհաննու 4։42։) Ինչպէս որ Յիսուսի գոյութեան, հրաշքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին կասկածելու տրամաբանական հիմեր չունինք, նոյնպէս ալ կասկածելու պատճառ չունինք որ ան Եհովա Աստուծոյ կողմէ գահակալուած է Աստուծոյ աջ կողմը օրինաւոր Թագաւոր մը ըլլալով։ Անկասկած, Նազովրեցի Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եւ «աշխարհի Փրկիչ»ն է։—Մատթէոս 6։10

[Ստորանիշ էջ 29]

a Թալմուտին մէջ Յիսուսի մասին եղած բանավիճական ակնարկութիւնները ընդունուած են որպէս հարազատ՝ միայն կարգ մը ուսումնականներու կողմէ։ Միւս կողմէն, Յիսուսի մասին ակնարկութիւններ եղած են Տակիտոսի, Սուետոնիոսի, Պլինիոս Կրտսերի եւ առնուազն անգամ մը Յովսեպոս Փլաբիոսի կողմէ, որոնք ընդհանրապէս ընդունուած են Յիսուսի պատմական գոյութեան մասին փաստեր։

[Ստորանիշ էջ 30]

b Առիթով մը, յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ձուկ կերաւ, ինչ որ կ’ապացուցանէ որ իր երեւնալը պարզապէս տեսիլք մը չէր, ինչպէս ոմանք կը դաւանին ներկայիս։—Ղուկաս 24։36–43

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել