«Իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»
«Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 11։29
1, 2. (ա) Կեանքի մէջ ի՞նչ բաներ հանգստութիւն կու տան ձեզի։ (բ) Յիսուսի խոստացած հանգստութիւնը ստանալու համար անհատ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։
ՏԱՔ ու խոնաւ օրուան մը վերջաւորութեան պաղ լոգանք մը, կամ երկար ու յոգնեցուցիչ օրէ մը ետք գիշերային լաւ քուն մը որքա՜ն կը հանգչեցնէ։ Նոյնպէս է, երբ ծանր բեռ մը մեր վրայէն կը վերցուի կամ մեր մեղքերն ու յանցանքները կը ներուին։ (Առակաց 25։25. Գործք 3։19, 20) Այսպիսի զուարթարար փորձառութիւններու տուած հանգստութիւնը վերստին կ’երիտասարդացնէ մեզ եւ յառաջ մղուելու կորով մը կ’ունենանք։
2 Բոլոր իրենք զիրենք բեռնաւորուած ու յոգնած զգացողները կրնան Յիսուսի գալ, քանի որ ան ճիշդ այդ է որ խոստացաւ. հանգստութիւն։ Սակայն, այդ շատ փափաքելի հանգստութիւնը գտնելու համար, բան մը կայ զոր անհատ մը պէտք է յօժարի ընել։ «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք», ըսաւ Յիսուս, «եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։ (Մատթէոս 11։29) Այս լուծը ի՞նչ է։ Անիկա ինչպէ՞ս հանգստութիւն կու տայ։
Քաղցր Լուծ մը
3. (ա) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ի՞նչպիսի լուծեր կը գործածուէին։ (բ) Լուծին այլաբանական ի՞նչ իմաստ կը յարակցի։
3 Երկրագործական ընկերութեան մը մէջ ապրելով, Յիսուս եւ իր ունկնդիրները քաջածանօթ էին լուծին։ Ընդհանրապէս, լուծ մը փայտէ կազմած մըն է, որու տակի մասը երկու խոռոչք գոգացուած է բեռ գաշող զոյգ մը անասուններու, սովորաբար եզներու, պարանոցներուն յարմարելու համար, որպէսզի անոնք արօր մը, բեռնակառք մը, կամ ուրիշ բեռ մը միասնաբար լծեն։ (Ա. Թագաւորաց 6։7) Մարդոց համար ալ լուծեր կը գործածուէին։ Անոնք պարզ ձողեր կամ ցիցեր էին, որոնք ուսերու վրայ կը դրուէին, իւրաքանչիւր ծայրին կախուած բեռնով մը։ Բանուորները կը կարողանային անոնց հետ ծանր բեռներ կրել։ (Երեմեայ 27։2. 28։10, 13) Բեռներուն եւ աշխատանքին հետ իր յարակցութեանը համար, Աստուածաշունչին մէջ լուծը յաճախ այլաբանօրէն գործածուած է տիրապետութիւն կամ ղեկավարութիւն խորհրդանշելու համար։—Բ. Օրինաց 28։48. Գ. Թագաւորաց 12։4. Գործք 15։10
4. Ի՞նչ կը խորհրդանշէ այն լուծը զոր Յիսուս կը հրամցնէ իրեն եկողներուն։
4 Ուստի, ի՞նչ է այն լուծը զոր Յիսուս հանգըստանալու համար իրեն եկողները կը հրաւիրէր, որ իրենց վրայ առնեն։ Յիշենք որ ան ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք»։ (Մատթէոս 11։29) Սորվող մը աշակերտ մըն է։ Ուստի, Յիսուսի լուծը առնելը պարզապէս կը նշանակէ իր աշակերտը ըլլալ։ (Փիլիպպեցիս 4։3) Սակայն, ասիկա իր ուսուցումներուն մտովին ընկալում տալէ աւելին կը պահանջէ։ Անիկա անոնց հետ ներդաշնակ արարքներ կը պահանջէ, իր ըրած նոյն գործը ընելով եւ իր վարած նոյն ապրելակերպը վարելով։ (Ա. Կորնթացիս 11։1. Ա. Պետրոս 2։21) Անիկա կը պահանջէ յօժարակամօրէն ենթարկուիլ իր հեղինակութեան եւ այն անհատներուն հեղինակութեան զոր ան տուած է անոնց։ (Եփեսացիս 5։21. Եբրայեցիս 13։17) Անիկա կը նշանակէ նուիրուած, մկրտուած Քրիստոնեայ մը ըլլալ եւ այսպիսի նուիրումէ առթող բոլոր առանձնաշնորհումներն ու պատասխանատուութիւնները ընդունիլ։ Այս է այն լուծը զոր Յիսուս կը հրամցնէ մխիթարութեան եւ հանգստութեան համար բոլոր իրեն եկողներուն։ Զայն ընդունելու պատրա՞ստ էք։—Յովհաննու 8։31, 32
5. Յիսուսի լուծը առնելը ինչո՞ւ բիրտ փորձառութիւն մը պիտի չըլլար։
5 Հանգստութիւն գտնել լուծ մը առնելով, ասիկա հակասութիւն մը չէ՞։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ, քանի որ Յիսուս ըսաւ որ իր լուծը «քաղցր» է։ Այս բառը մեղմ, հաճելի, ախորժելի ըլլալու իմաստը ունի։ (Մատթէոս 11։30. Ղուկաս 5։39. Հռովմայեցիս 2։4. Ա. Պետրոս 2։3) Արհեստավարժ հիւսն մը ըլլալով, Յիսուս շատ հաւանաբար արօրներ ու լուծեր շինած էր եւ ան գիտէր լուծ մը ի՛նչպէս ձեւաւորել, որ յարմարէր, այնպէս որ կարելի եղած հանգստաւէտ կերպով առաւելագոյնս աշխատանք կատարուէր։ Ան թերեւս լուծերուն տակի մասը լաթի կտորով կամ կաշիով կ’աստառէր։ Շատ մը լուծեր այդ կերպով կը շինուէին, որպէսզի անոնք պարանոցը շատ չքերթեն, կամ չսկրթեն։ Նոյն կերպով, այն այլաբանական լուծը զոր Յիսուս մեզի կը հրամցնէ «քաղցր» է։ Եթէ նոյնիսկ իր աշակերտը ըլլալը որոշ պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ կը ներփակէ, բայց անիկա բիրտ կամ հարստահարիչ փորձառութիւն մը չէ, այլ՝ հանգստացուցիչ է։ Իր Հօրը՝ Եհովայի՝ պատուիրանքներն ալ ծանր բան չեն։—Բ. Օրինաց 30։11. Ա. Յովհաննու 5։3
6. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք»։
6 Ուրիշ բան մըն ալ Յիսուսի լուծը «քաղցր», կամ դիւրատար կը դարձնէ։ Երբ ըսաւ. «Իմ լուծս ձեր վրայ առէք», ան հետեւեալ երկու գաղափարներէն մէկը ըսել ուզեց։ Եթէ ան երկու խոռոչքով լուծ մը ի մտի ունէր, այսինքն, այնպիսի լուծ մը որ բեռ քաշող երկու անասուններ միասնաբար կը կապէ, այդ պարագային, ան կը հրաւիրէր մեզ որ իրեն հետ նոյն լուծին տակ գանք։ Անիկա ի՜նչ օրհնութիւն մը պիտի ըլլար. Յիսուսը մեր կողքին ունենալ, մեզի հետ մեր բեռը քաշելու համար։ Իսկ միւս կողմէն, եթէ Յիսուս բանուորներու կողմէ գործածուած ձողէ լուծը ի մտի ունէր, այդ պարագային, ան մեզի միջոցներ կը հրամցնէր, որոնցմով կրնանք աւելի թեթեւցնել կամ հաւասարակշռելի ընել որեւէ բեռ զոր պէտք է կրենք։ Այս երկուքէն ո՛ր մէկն ալ ըլլայ, իր լուծը իրական հանգստութեան աղբիւր մըն է, քանի որ ան մեզ կը վստահեցնէ. «Հեզ եմ ու սրտով խոնարհ»։
7, 8. Ոմանք ի՞նչ սխալ կ’ընեն, երբ ճնշուած կը զգան։
7 Արդ, ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ կը զգանք որ կեանքի խնդիրներու բեռը զոր կը կրենք անհանդուրժելի կը դառնայ եւ որ զգետնուելու աստիճան կը ճնշուինք։ Ոմանք կրնան սխալ կերպով խորհիլ որ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ մը ըլլալու լուծը շատ ծանր է կամ շատ բան կը պահանջէ, մինչդեռ առօրեայ կեանքի հոգերն են, որոնք զիրենք կը ծանրաբեռնեն։ Այս վիճակին մէջ եղող կարգ մը անհատներ Քրիստոնէական ժողովներու յաճախելէ կը դադրին, կամ ծառայութեան մասնակցելէ ետ կը կենան, թերեւս խորհելով որ ասոնք քիչ մը սփոփանք պիտի տան։ Սակայն, ասիկա լուրջ սխալ մըն է։
8 Մենք կը հասկնանք որ այն լուծը զոր Յիսուս կը հրամցնէ «քաղցր» է։ Եթէ զայն լաւ կերպով չկրենք, անիկա կրնայ մեզ մաշել։ Այդ պարագային, մեր ուսերուն վրայ եղող լուծը աւելի մօտէն պէտք է քննենք։ Եթէ, պատճառով մը, մեր լուծը մաշուած է կամ շիտակ կերպով չէ յարմարցուած, զայն գործածելը ոչ միայն աւելի ջանք պիտի պահանջէ մեզմէ, այլ որոշ ցաւ մըն ալ պիտի պատճառէ մեզի։ Ուրիշ խօսքով, եթէ աստուածպետական գործունէութիւնները սկսին բեռի մը նման թուիլ մեզի, քննութիւն պէտք է կատարենք տեսնելու համար թէ զանոնք շիտակ կերպով ձեռք կ’առնենք։ Մեր ըրած բանին համար մեր շարժառիթը ի՞նչ է։ Երբ ժողովներուն կ’երթանք, յարմար կերպով կը պատրաստուի՞նք։ Երբ քարոզչութեան կը մասնակցինք, մարմնով ու մտքով պատրա՞ստ ենք։ Ժողովքին մէջ ուրիշներուն հետ սերտ ու լաւ յարաբերութիւն մը կը վայելե՞նք։ Իսկ մանաւանդ, Եհովա Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը ինչպէ՞ս է։
9. Քրիստոնէական լուծը ինչո՞ւ բնաւ անտանելի բեռ մը պէտք չէ ըլլայ։
9 Երբ սրտանց ընդունինք այն լուծը զոր Յիսուս կը հրամցնէ եւ սորվինք զայն պատշաճօրէն կրել, ոչ մէկ պատճառ կը մնայ որ անիկա անտանելի բեռ մը թուի։ Իրականութեան մէջ, եթէ կրնանք կացութիւնը մտապատկերել, նոյն լուծին տակ Յիսուսը մեզի հետ, այդ պարագային, դժուար չըլլար տեսնել որ բեռին ծանր մասը իրապէս ո՛վ կը կրէ։ Անիկա ճիշդ կը նմանի առաջին քայլը ընող մանկիկի մը որ իր դեգերիչին ձեռնաձողը կը բռնէ եւ կը խորհի որ ինք կը հրէ զայն, մինչդեռ, անշուշտ, ծնողն է, որ կ’ընէ ասիկա։ Սիրալիր Հօր մը նման, Եհովա Աստուած մեր սահմանափակումներն ու մեր տկարութիւնները շատ լաւ գիտէ եւ Յիսուս Քրիստոսին միջոցով, մեր կարիքներուն կ’ընդառաջէ։ «Աստուած ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով», ըսաւ Պօղոս։—Փիլիպպեցիս 4։19. բաղդատել Եսայեայ 65։24։
10. Աշակերտ մը ըլլալը լուրջի առնող Քրիստոնեայ կնոջ մը փորձառութիւնը ի՞նչ եղած է։
10 Նուիրուած Քրիստոնեաներէն շատեր ասիկա հասկցած են իրենց անձնական փորձառութիւնով։ Օրինակի համար, առնենք Ճէննիին պարագան. ան կը զգայ որ ամէն ամիս օժանդակ ռահվիրայ մը ըլլալը եւ լման ժամանակով աշխարհային ծանր գործով զբաղիլը մեծ ճնշում կը բանեցնէ իր վրայ։ Սակայն, ան կը խորհի որ ռահվիրայ ըլլալը իրապէս կ’օգնէ իրեն իր հաւասարակշռութիւնը պահելու մէջ։ Իր զբաղած կեանքին մէջ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ իրեն՝ օգնել մարդոց որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվին եւ տեսնել որ անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք ձգելու համար իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն։ Ան ամբողջ սրտով համաձայն է Առակաց գրքին հետեւեալ խօսքերուն հետ. «Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ»։—Առակաց 10։22
Թեթեւ Բեռ մը
11, 12. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Իմ բեռս թեթեւ» է։
11 Մեզի «քաղցր» լուծ մը խոստանալէ զատ, Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ. «Իմ բեռս թեթեւ» է։ «Քաղցր» լուծ մը արդէն գործը աւելի կը դիւրացնէ. եթէ բեռն ալ թեթեւցուի, գործը իրապէս հաճոյք մը կ’ըլլայ։ Սակայն, Յիսուս այս խօսքերով ի՞նչ ի մտի ունէր։
12 Նկատի առնենք որ հողագործ մը ի՛նչ պիտի ընէր, երբ ուզէր իր անասուններուն աշխատանքը փոխել, ըսենք, արտ մը հերկել տալէ ետք բեռնակառք մը քաշել տալ։ Ան նախ արօրը կը քակէ եւ ապա բեռնակառքը կը կապէ։ Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ ան թէ՛ արօրը եւ թէ բեռնակառքը կապէր անասուններուն։ Նմանապէս, Յիսուս չէր ըսեր որ մարդիկ արդէն իրենց կրած բեռին վրայ իր բեռն ալ վերցնեն։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել»։ (Ղուկաս 16։13) Ուստի, Յիսուս մարդոց ընտրութիւն մը կը հրամցնէր։ Անոնք պիտի շարունակէի՞ն իրենց ունեցած ծանր բեռը կրել, թէ ոչ՝ անոնք զայն պիտի իջեցնէին եւ իր հրամցուցածը ընդունէին։ Յիսուս անոնց սա սիրալիր դրդապատճառը տուաւ. «Իմ բեռս թեթեւ» է։
13. Յիսուսի օրերուն, մարդիկ ի՞նչ բեռ կը կրէին եւ ի՞նչ հետեւանքներով։
13 Յիսուսի օրերուն, մարդիկ Հռովմէացի հարըստահարիչ կառավարիչներուն եւ ձեւապաշտ ու կեղծաւոր կրօնական առաջնորդներու կողմէ պարտադրուած ծանր լուծի մը տակ կը կքէին։ (Մատթէոս 23։23) Հռովմէական լուծէն ձերբազատուելու փորձով, ոմանք ջանացին հարցերը իրենց ձեռքը առնել։ Անոնք քաղաքական պայքարներու միջամուխ եղան, միմիայն աղիտալի վախճանի մը հասնելով։ (Գործք 5։36, 37) Ուրիշներ վճռեցին իրենց վիճակը բարելաւել նիւթապաշտական գործառնութիւններու մէջ թաղուելով։ (Մատթէոս 19։21, 22. Ղուկաս 14։18–20) Երբ Յիսուս սփոփանք գտնելու կերպը հրամցուց անոնց, հրաւիրելով զանոնք որ իր աշակերտները ըլլան, բոլորըն ալ ընդունելու պատրաստ չէին։ Անոնք կը վարանէին իր բեռը առնելու համար իրենց կրած բեռը իջեցնել, հակառակ անոր որ անիկա ծանր էր։ (Ղուկաս 9։59–62) Ի՜նչ լուրջ սխալ մը։
14. Կեանքի մտահոգութիւններն ու նիւթական ցանկութիւնները ինչպէ՞ս կրնան մեզ բեռնաւորել։
14 Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք այս նոյն սխալը ընել այսօր։ Յիսուսի աշակերտները ըլլալը աշխարհային մարդոց նոյն նպատակակէտերն ու արժէքները հետապնդելէ կ’ազատագրէ մեզ։ Թէեւ տակաւին ծանր պէտք է աշխատինք առօրեայ անհրաժեշտութինները ճարելու համար, բայց այդ բաները մեր կեանքին առանցքը չենք դարձներ։ Սակայն, կեանքի մտահոգութիւններն ու նիւթական հանգստութիւններու հրապոյրը կրնան զօրաւոր կերպով կաշկանդել մեզ։ Եթէ թոյլ տանք, այս ցանկութիւնները կրնան նոյնիսկ մեր մէջէն խլել այն ճշմարտութիւնը որ սիրով ընդունեցինք։ (Մատթէոս 13։22, ՆԱ) Կրնանք այս ցանկութիւններով այնքան զբաղուիլ որ մեր Քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները յոգնեցուցիչ պարտաւորութիւններ կը դառնան, զորս կ’ուզենք ընելու համար կատարել եւ շուտով վերջացնել։ Եթէ այս մտավիճակով Աստուծոյ կը ծառայենք, չենք կրնար այդ ծառայութենէն որեւէ հանգստութիւն ակնկալել։
15. Նիւթական ցանկութիւններու նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ։
15 Յիսուս նշեց որ գոհացուցիչ կեանք մը կ’ունենանք կեանքի մէջ աւելի կարեւոր բաները ապահովելով եւ ոչ թէ մեր բոլոր ցանկութիւնները ձեռք ձգել ջանալով։ «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք», խրատեց ան։ «Չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն»։ Ապա ան ուշադրութիւնը երկնքի թռչուններուն դարձուց եւ ըսաւ. «[Անոնք] ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք»։ Իսկ դաշտի շուշաններուն ակնարկելով, ան ըսաւ. «[Անոնք] ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ»։—Մատթէոս 6։25–29
16. Նիւթական հետապնդումներու հետեւանքները ի՞նչ եղած են։
16 Այս առարկայական պարզ դասերէն կրնա՞նք բան մը սորվիլ։ Սովորական փորձառութիւն մըն է որ անհատ մը որքան ճգնի կեանքի մէջ իր վիճակը նիւթապէս բարելաւելու համար, այդքան ան կը մխրճուի աշխարհային հետապնդումներու մէջ եւ իր ուսերուն վրայի բեռը նոյնքան կը ծանրանայ։ Աշխարհը լեցուն է ձեռնարկուներով որոնք իրենց նիւթական յաջողութիւնները վճարած են քայքայուած ընտանիքով, քանդուած ամուսնութիւնով, աւերուած առողջութիւնով եւ այլ բաներով։ (Ղուկաս 9։25. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Նոպելեան մրցանակիր Ալպէր Այնշթայն առիթով մը ըսաւ. «Ինծի համար միշտ արհամարհելի եղած են ստացուածքները, երեւութական յաջողութիւնը, համբաւաւոր ըլլալը, փարթամութիւնը։ Կը հաւատամ որ պարզ ու համեստ ապրելակերպ մը լաւագոյնն է ամենուն համար»։ Ասիկա պարզապէս կ’արձագանգէ Պօղոս առաքեալին տուած պարզ խրատին. «Աստուածպաշտութիւնը գոհութիւնով [ինքնաբաւութիւնով (ՆԱ)] մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է»։—Ա. Տիմոթէոս 6։6
17. Աստուածաշունչը ի՞նչպիսի ապրելակերպ կը յանձնարարէ։
17 Կարեւոր երեսակ մը կայ, զոր պէտք չէ անտեսենք։ Թէեւ «պարզ ու համեստ ապրելակերպ մը» բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի, բայց միմիայն անիկա չէ, որ գոհունակութիւն կու տայ։ Կան շատեր որոնց ապրելակերպերը պարագաներու բերմամբ պարզ են, բայց անոնք ոչ մէկ կերպով գոհունակ կամ ուրախ են։ Աստուածաշունչը մեզ չի յորդորեր նիւթական ստացուածքները մերժել եւ ճգնաւորի կեանք մը վարել։ Շեշտը աստուածպաշտութեան վրայ է եւ ոչ թէ ինքնաբաւութեան վրայ։ Երբ այս երկուքը իրարու հետ կը զօդենք, միայն այն ատեն է որ «մեծ շահավաճառութիւն մը» կ’ըլլայ։ Ի՞նչ շահավաճառութիւն։ Այդ նոյն նամակին մէջ, Պօղոս կը նշէ որ անոնք որոնք ‘անստոյգ հարստութեան վրայ իրենց յոյսը չեն դներ, հապա Աստուծոյ վրայ’ ‘հանդերձեալին համար անձին բարի հիմ կը դնեն, որպէսզի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն’։—Ա. Տիմոթէոս 6։17–19
18. (ա) Ինչպէ՞ս կրնանք իրական հանգստութիւն գտնել։ (բ) Ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք այն փոփոխութիւնները զորս թերեւս պէտք է կատարենք։
18 Հանգստութիւն պիտի գտնենք, եթէ սորվինք մեր անձնական ծանր բեռը իջեցնել զոր թերեւըս կը կրենք եւ այն թեթեւ բեռը առնենք զոր Յիսուս կը հրամցնէ։ Թագաւորութեան ծառայութեան աւելի լման կերպով մասնակցելու համար իրենց կեանքը վերակազմակերպած անհատներէն շատեր ուրախ ու գոհացուցիչ ապրելակերպը գտած են։ Անշուշտ, հաւատք ու քաջութիւն կը պահանջէ որ անհատ մը այսպիսի փոփոխութիւններ կատարէ, իսկ ճամբուն վրայ խոչընդոտներ կրնան գտնուիլ։ Բայց Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի. «Հովը դիտողը չի կրնար ցանել եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել»։ (Ժողովողի 11։4) Շատ մը բաներ այդքան ալ դժուար չեն անգամ մը որ մտքով համոզուինք ընել զանոնք։ Այնպէս կը թուի որ ամենէն դժուար բաժինն է մտքով համոզուիլը։ Կրնանք մենք մեզ մաշեցնել այդ գաղափարին դէմ պայքարելով կամ անոր ընդդիմանալով։ Եթէ մեր մտքերը գօտեպնդենք եւ մարտահրաւէրը ընդունինք, թերեւս զարմանանք տեսնելով որ անիկա ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։ Սաղմոսերգուն յորդորեց. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է»։—Սաղմոս 34։8. Ա. Պետրոս 1։13
«Ձեր Անձերուն Հանգստութիւն»
19. (ա) Մինչ աշխարհի վիճակները շարունակ կը վատթարանան, ի՞նչ կրնանք ակնկալել։ (բ) Երբ Յիսուսի լուծին տակ գանք, ի՞նչ բանի երաշխիքը կ’ունենանք։
19 Պօղոս առաքեալ առաջին դարու աշակերտներուն վերյիշեցուց. «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ (Գործք 14։21) Նոյնն է պարագան այսօր։ Մինչ աշխարհի վիճակները շարունակ կը վատթարանան, բոլոր արդար ու աստուածապաշտ կեանք մը վարելու վճռակամ եղողներուն վրայ ճնշումները ալ աւելի մեծ պիտի ըլլան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12. Յայտնութիւն 13։16, 17) Սակայն, մենք Պօղոսի զգացումը կը բաժնենք, երբ ըսաւ. «Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք. հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք»։ Պատճառը այդ է թէ մենք կրնանք Յիսուս Քրիստոսի ապաւինիլ, որպէսզի բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը տայ մեզի։ (Բ. Կորնթացիս 4։7–9) Եթէ աշակերտ ըլլալու լուծը սրտանց ընդունինք, Յիսուսի խոստումին կատարումը պիտի վայելենք. «Ձեր անձերուն հանգըստութիւն պիտի գտնէք»։—Մատթէոս 11։29
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Յիսուսի հրամցուցած քաղցր լուծը ի՞նչ է։
◻ Երբ կը զգանք որ մեր լուծը բեռ մը կը դառնայ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
◻ Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Իմ բեռս թեթեւ» է։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր բեռը թեթեւ կը մնայ։