Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 12/1 էջ 24-28
  • Սէրը կը յաղթէ անտեղի նախանձին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սէրը կը յաղթէ անտեղի նախանձին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քրիստոնեաներու մէջ Նախանձ
  • Ժողովքին մէջ
  • Ընտանիքին մէջ
  • Նախանձը Սանձելու Օրինակներ
  • Ամենէն Կարկառուն Օրինակները
  • Ձեր Նախանձը Սանձեցէք
  • Նախանձոտ՝ Եհովայի մաքուր պաշտամունքին համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Յովսէփ նախանձի զոհը կ’երթայ
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Սիրոյ ճամբան անվախճան է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 12/1 էջ 24-28

Սէրը կը յաղթէ անտեղի նախանձին

«Սէրը չի նախանձիր»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13։4

1, 2. (ա) Յիսուս իր աշակերտներուն սիրոյ մասին ի՞նչ ըսաւ։ (բ) Կարելի՞ է թէ՛ սիրալիր եւ թէ նախանձոտ ըլլալ, եւ ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանէք։

ՍԷՐԸ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը յատկորոշող նշան մըն է։ «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս։ (Յովհաննու 13։35) Ներշնչման ներքեւ, Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ սէրը ի՛նչպէս պէտք է ազդէ Քրիստոնէական յարաբերութիւններուն։ Ի միջի այլոց, ան գրեց. «Սէրը չի նախանձիր»։—Ա. Կորնթացիս 13։4

2 Երբ այս խօսքերը գրեց, Պօղոս անտեղի նախանձին կ’ակնարկէր։ Ապա թէ ոչ, ան պիտի չկարենար այս նոյն ժողովքին ըսել. «Ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։2) Իր «աստուածային նախանձ»ը շարժեցաւ մարդոց պատճառաւ, որոնք ժողովքին մէջ ապականիչ ազդեցութիւն մը կը բանեցնէին։ Ասիկա մղեց Պօղոսին որ Կորնթացի Քրիստոնեաներուն շատ սիրալիր խրատներ բովանդակող երկրորդ ներշնչեալ նամակ մը գրէ։—Բ. Կորնթացիս 11։3–5

Քրիստոնեաներու մէջ Նախանձ

3. Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն մէջ նախանձ պարփակող ի՞նչ խնդիր զարգացաւ։

3 Իր առաջին Կորնթացիս նամակին մէջ, Պօղոս խնդիր մը ձեռք առնելու հարկը տեսաւ, որ այդ նոր Քրիստոնեաները իրարու հետ համերաշխ ըլլալէ կ’արգիլէր։ Անոնք կարգ մը անհատներ կը բարձրացնէին ‘ուրիշի մը դէմ մէկուն համար հպարտանալով’։ Ասիկա ժողովքին մէջ երկպառակութիւններ կը յառաջացնէր, ամէն մէկը ըսելով. «Ես Պօղոսեան եմ», «Ես Ապօղոսեան եմ», «Ես՝ Կեփասեան [եմ]»։ (Ա. Կորնթացիս 1։12. 4։6) Սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ, Պօղոս առաքեալ կարողացաւ խնդրին արմատին հասնիլ։ Կորնթացիները մարմնաւոր մտայնութիւն ունեցողներու նման կը գործէին եւ ոչ թէ «հոգեւորներու» պէս։ Ուստի, Պօղոս գրեց. «Դեռ մարմնաւոր էք։ Որովհետեւ տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան։ Չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք»։—Ա. Կորնթացիս 3։1–3

4. Պօղոս ի՞նչ օրինակ գործածեց իր եղբայրներուն օգնելու համար, որ մէկզմէկու մասին շիտակ տեսակէտը ունենան, եւ ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք առնել։

4 Պօղոս օգնեց Կորնթացիներուն որ ժողովքին տարբեր անդամներու տաղանդներուն եւ կարողութիւններուն մասին շիտակ տեսակէտը հասկնան։ Ան հարցուց. «Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս»։ (Ա. Կորնթացիս 4։7) Ա. Կորնթացիս 12–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս բացատրեց որ անոնք որոնք ժողովքին մաս կը կազմէին, մարդկային մարմնի մը տարբեր անդամներուն պէս էին, ինչպէս ձեռքը, աչքը եւ ականջը։ Ան նշեց որ Աստուած մարմնին անդամները այնպէս մը ըրաւ որ անոնք իրարու հոգ կը տանին։ Պօղոս նաեւ գրեց. «Եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ»։ (Ա. Կորնթացիս 12։26) Այսօր, Աստուծոյ բոլոր ծառաները այս սկզբունքը պէտք է կիրարկեն մէկզմէկու հետ իրենց յարաբերութեան մէջ։ Փոխանակ ուրիշ մէկու մը նախանձելու իր նշանակումին կամ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իր իրագործումներուն համար, մենք պէտք է ուրախանանք անոր հետ։

5. Յակոբու 4։5–ին մէջ ի՞նչ կը յայտնաբերուի, եւ Սուրբ Գրութիւնները այս խօսքերուն ճշգրտութիւնը ինչպէ՞ս կը հաստատեն։

5 Ընդունինք որ աւելի դիւրին է ըսել քան ընել ասիկա։ Աստուածաշունչի գրող Յակոբոս մեզ կը յիշեցնէ որ ամէն մեղաւոր մարդու մէջ ‘նախանձի փափաք’ մը առկայ է։ (Յակոբու 4։5) Մարդկային առաջին մահը պատճառուեցաւ, քանի որ Կայէն իր անտեղի նախանձին տեղի տուաւ։ Փղշտացիները Իսահակը հալածեցին, քանի որ անոնք անոր երթալով աւելցող բարգաւաճումին կը նախանձէին։ Ռաքէլ իր քրոջ որդեծնութեամբ պտղաբեր ըլլալուն կը նախանձէր։ Յակոբի որդիները իրենց կըրտսեր եղբօրը՝ Յովսէփին՝ կը նախանձէին, անոր նախասիրուած ըլլալուն պատճառաւ։ Մարիամ բացայայտօրէն իր ոչ–Իսրայելացի հարսին կը նախանձէր։ Կորխ, Դաթան եւ Աբիրոն, նախանձէ մղուած, Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ դաւ մը սարքեցին։ Սաւուղ Թագաւոր Դաւիթի զինուորական յաջողութիւններուն նախանձեցաւ։ Անկասկած, դարձեալ նախանձն էր պատճառը որ Յիսուսի աշակերտները բազմիցս իրարու հետ վիճաբանին թէ իրենցմէ ո՛վ աւելի մեծ էր։ Իրողութիւնը այդ է որ ոչ մէկ անկատար մարդ «նախանձի» մեղանչական «փափաք»էն ամբողջովին զերծ է։—Ծննդոց 4։4–8. 26։14. 30։1. 37։11. Թուոց 12։1, 2. 16։1–3. Սաղմոս 106։16. Ա. Թագաւորաց 18։7–9. Մատթէոս 20։21, 24. Մարկոս 9։33, 34. Ղուկաս 22։24

Ժողովքին մէջ

6. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան իրենց նախանձի փափաքը սանձել։

6 Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ անտեղի նախանձէ իրենք զիրենք պէտք է պահեն։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքներուն հոգ տանելու համար նշանակուած երէցներու մարմինը։ Եթէ հեզ է, երէց մը փառասիրաբար պիտի չփորձէ ուրիշները շուքի մէջ ձգել։ Իսկ միւս կողմէն, եթէ որոշ երէց մը կարկառուն կարողութիւններ ունի որպէս կազմակերպող կամ հանրային դասախօս, միւսները ասոր համար պիտի ուրախանան, զայն ժողովքին համար օրհնութիւն մը սեպելով։ (Հռովմայեցիս 12։15, 16) Եղբայր մը կրնայ լաւ յառաջդիմութիւն ընել, ապացուցանելով որ իր կեանքին մէջ Աստուծոյ հոգիին պտուղը կու տայ։ Երբ անոր որակումները նկատի կ’առնեն, երէցները զգոյշ պէտք է ըլլան, որ անոր կարգ մը պզտիկ թերութիւնները չմեծցնեն զայն օգնական ծառայ մը կամ երէց մը չյանձնարարուիլը արդարացնելու համար։ Ատիկա սիրոյ ու բանականութեան պակաս մը պիտի մատնէր։

7. Ի՞նչ խնդիր կրնայ զարգանալ, երբ Քրիստոնեայ մը աստուածպետական նշանակում մը ստանայ։

7 Երբ մէկը աստուածպետական նշանակում մը կամ հոգեւոր օրհնութիւն մը ստանայ, ժողովքին մէջ ուրիշներ իրենք զիրենք նախանձէ պէտք է պահեն։ Օրինակի համար, կրնայ ըլլալ որ կարող քոյր մը շատ աւելի յաճախ գործածուի քան ուրիշ մը Քրիստոնէական ժողովներու ընթացքին ցուցադրութիւններ ներկայացնելու համար։ Ասիկա կրնայ քոյրերէն ոմանց նախանձը շարժել։ Նոյնանման խնդիր մը գոյութիւն ունեցած ըլլալու է Փիլիպպէի ժողովքին մէջ Եւոդիայի եւ Սիւնտիքի միջեւ։ Մեր օրերուն, այսպիսի կիներ կրնան երէցներուն կողմէ տրուած հեզ ըլլալու եւ ‘Տէրոջմով միեւնոյն խորհուրդը ունենալ’ու ազնիւ քաջալերութեան կարիքը ունենալ։—Փիլիպպեցիս 2։2, 3. 4։2, 3

8. Նախանձը կրնայ ի՞նչ մեղանչական արարքներու առաջնորդել։

8 Քրիստոնեայ մը թերեւս ժողովքին մէջ հիմա առանձնաշնորհումներով օրհնուած մէկու մը անցեալի մէկ թերութեան տեղեակ է։ (Յակոբու 3։2) Նախանձէ մղուած, ան կրնայ այս մասին ուրիշներուն խօսելու փորձութեան մատնուիլ եւ ժողովքին մէջ այդ անհատին նշանակումը հարցի տակ դնել։ Ասիկա սիրոյ հակառակ պիտի ըլլար, քանի որ «սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։ (Ա. Պետրոս 4։8) Նախանձ շարժող խօսակցութիւններ կրնան ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։ «Եթէ դառն նախանձ ու հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ», զգուշացուց Յակոբոս աշակերտ, «մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք։ Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է»։—Յակոբու 3։14, 15

Ընտանիքին մէջ

9. Կողակիցներ ինչպէ՞ս կրնան նախանձի զգացումները սանձել։

9 Շատ մը ամուսնութիւններ կը ձախողին անտեղի նախանձի պատճառաւ։ Կողակիցի մը հանդէպ վստահութեան պակաս ցուցաբերելը սիրալիր չէ։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Իսկ միւս կողմէն, կողակից մը կրնայ միւս կողակիցին նախանձի զգացումներուն հանդէպ անտարբեր ըլլալ։ Օրինակի համար, կին մը կրնայ նախանձիլ, քանի որ իր ամուսինը հակառակ սեռի պատկանող ուրիշի մը ուշադրութիւն կ’ընծայէ։ Կամ ամուսին մը կրնայ նախանձիլ, քանի որ իր կինը կարօտեալ ազգականի մը հոգ տանելու համար շատ ժամանակ կը տրամադրէ։ Այսպիսի զգացումներէ տագնապած, կողակիցներ իրարու հետ չեն խօսիր եւ իրենց ընդվզումը այն կերպերով կը յայտնաբերեն, որոնք հարցը կը բարդացնեն։ Ընդհակառակը, նախանձոտ կողակից մը պէտք է հաղորդակցի եւ իր զգացումներուն հանդէպ պարկեշտ ըլլայ։ Իր կարգին, միւս կողակիցը հասկացող պէտք է գտնուի եւ իր սիրոյ մասին պէտք է վստահեցնէ իր կողակիցը։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Երկուքն ալ իրենց մէջ նախանձի զգացումները պէտք է սպաննեն, անոր նպաստող կացութիւններէ խուսափելով։ Երբեմն Քրիստոնեայ տեսուչ մը թերեւս հարկը տեսնէ իր կնոջ հասկցնելու որ ինք հակառակ սեռի պատկանող անդամներու սահմանափակ, պատշաճ ուշադրութիւն կ’ընծայէ որպէս հովիւ Աստուծոյ հօտին իր պատասխանատուութիւնը կատարելու համար։ (Եսայեայ 32։2) Անշուշտ, երէց մը զգոյշ պէտք է ըլլայ, որ նախանձի որեւէ վաւերական պատճառ չտայ։ Ասիկա հաւասարակշռութիւն կը պահանջէ, վստահ ըլլալով որ ինք իր ամուսնական կապերը զօրացնելուն ժամանակ կը յատկացնէ։—Ա. Տիմոթէոս 3։5. 5։1, 2

10. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ նախանձի զգացումներուն հետ գլուխ ելլեն։

10 Ծնողները իրենց զաւակներուն ալ պէտք է օգնեն, որ անտեղի նախանձին իմաստը ըմբռնեն։ Երախաները յաճախ իրարու հետ կռուըտուք կ’ունենան, որ վերջը կռիւի կը դառնայ։ Յաճախ բուն պատճառը նախանձն է։ Քանի որ իւրաքանչիւր զաւկի կարիքները իւրայատուկ են, կարելի չէ ամենուն հետ նոյնպէս վարուիլ։ Ասկէ զատ, զաւակները պէտք է հասկնան որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը զօրաւոր եւ տկար տարբեր կէտեր ունի։ Եթէ զաւակ մը միշտ յորդորուի միւսին պէս ընել, ասիկա առաջինին մէջ նախանձ կը մշակէ, իսկ երկրորդին մէջ՝ հպարտութիւն։ Հետեւաբար, ծնողները իրենց զաւակները պէտք է մարզեն, որ իրենց յառաջդիմութիւնները չափեն Աստուծոյ Խօսքին օրինակները նկատի առնելով եւ ոչ թէ մէկզմէկ գրգռելով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»։ Հապա, «ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ»։ (Գաղատացիս 5։26. 6։4) Ամենէն կարեւորը, Քրիստոնեայ ծնողները պէտք է օգնեն իրենց զաւակներուն Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ, Աստուծոյ Խօսքին մէջ բովանդակուած լաւ եւ գէշ օրինակները ցցուն ընելով։—Բ. Տիմոթէոս 3։15

Նախանձը Սանձելու Օրինակներ

11. Մովսէս նախանձը սանձելու մէջ ինչպէ՞ս լաւ օրինակ հանդիսացաւ։

11 Այս աշխարհին հեղինակութեան անյագ առաջնորդներուն հակառակը, «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։ (Թուոց 12։3) Երբ Իսրայելացիներուն վրայ առանձին առաջնորդութիւն ընելը ծանր բեռ մը դարձաւ Մովսէսին համար, Եհովա պատճառ եղաւ որ Իր հոգին ներգործէ 70 ուրիշ Իսրայելացիներու վրայ, զանոնք զօրացնելով, որ Մովսէսին օգնեն։ Երբ այդ մարդոցմէ երկուքը սկսան մարգարէութիւններ ընել, Յեսու խորհեցաւ որ ասիկա Մովսէսի հեղինակութիւնը անտեղի կերպով պիտի նուազեցնէր։ Յեսու ուզեց արգիլել անոնց, բայց Մովսէս խոնարհութեամբ տրամաբանեց. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր հոգին անոնց վրայ դնէր»։ (Թուոց 11։29) Այո, Մովսէս կ’ուրախանար, երբ ուրիշներ ծառայութեան առանձնաշնորհումներ ստանային։ Ան չէր ուզեր փառքը նախանձով իրեն պահել։

12. Ի՞նչ բան կարող դարձուց Յովնաթանը որ նախանձի զգացումներէ խուսափի։

12 Յովնաթան՝ Իսրայէլի թագաւոր Սաւուղի որդին՝ լաւ օրինակ հանդիսացաւ թէ սէրը ի՛նչպէս կրնայ հաւանական անտեղի նախանձի զգացումներուն վրայ տիրական ըլլալ։ Յովնաթան իր հօրը անմիջական գահաժառանգն էր, բայց Եհովա Յեսսէի որդին Դաւիթը ընտրած էր որպէս յաջորդ թագաւորը։ Շատեր, Յովնաթանի տեղ, Դաւիթին նախանձած պիտի ըլլային զայն նկատելով որպէս մրցակից մը։ Սակայն, Դաւիթին հանդէպ Յովնաթանի սէրը այսպիսի զգացում մը զինք պատելուն արգելք հանդիսացաւ։ Երբ Յովնաթանի մահը լսեց, Դաւիթ կրցաւ ըսել. «Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, կանանց սէրէն աւելի էր»։—Բ. Թագաւորաց 1։26

Ամենէն Կարկառուն Օրինակները

13. Նախանձի հարցին մէջ լաւագոյն օրինակը ո՞վ կը հանդիսանայ եւ ինչո՞ւ։

13 Եհովա Աստուած նոյնիսկ տեղին եղող նախանձը սանձելու մէջ ամենէն կարկառուն օրինակը կը հանդիսանայ։ Ան այսպիսի զգացումներ կատարելապէս կը սանձէ։ Աստուածային նախանձի ամէն հզօր յայտնաբերում միշտ Աստուծոյ սիրոյն, արդարութեան եւ իմաստութեան հետ ներդաշնակ է։—Եսայեայ 42։13, 14

14. Սատանային հակառակը, Յիսուս ի՞նչպիսի օրինակ հանդիսացաւ։

14 Նախանձը սանձելու մէջ երկրորդ կարկառուն օրինակը կը հանդիսանայ Աստուծոյ սիրելի Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս։ «Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով», Յիսուս «յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը»։ (Փիլիպպեցիս 2։6) Բանսարկու Սատանայ եղած փառատենչ հրեշտակին բռնած ընթացքին ճիշդ հակառակը։ «Բաբելոնի թագաւորին» նման, Սատանան նախանձալից ցանկաց ‘Բարձրելոյն նմանիլ’, ինքզինք Եհովայի հակառակող մրցակից աստուած մը ընելով։ (Եսայեայ 14։4, 14. Բ. Կորնթացիս 4։4) Սատանան նոյնիսկ փորձեց Յիսուսը որ իր առջեւ ‘իյնայ ու իրեն երկրպագութիւն ընէ’։ (Մատթէոս 4։9) Բայց ոչ մէկ բան կրնար Յիսուսը շեղիլ տալ Եհովայի գերիշխանութեան հպատակելու իր խոնարհ ընթացքէն։ Սատանային հակառակը, Յիսուս իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ»։ Յիսուս իր Հօրը իշխանութեան իրաւացիութիւնը ջատագովեց, Սատանային հպարտութեան եւ նախանձի ընթացքը ամբողջովին մերժելով։ Յիսուսի հաւատարմութեանը համար, «Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. որպէսզի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար»։—Փիլիպպեցիս 2։7–11

Ձեր Նախանձը Սանձեցէք

15. Նախանձի զգացումները սանձելու մէջ ինչո՞ւ զգոյշ պէտք է ըլլանք։

15 Աստուծմէ եւ Քրիստոսէ տարբեր ըլլալով, Քրիստոնեաները անկատար են։ Մեղաւոր ըլլալով, անոնք երբեմն մեղանչական նախանձէ մղուած կը գործեն։ Հետեւաբար, փոխանակ թոյլ տալու որ նախանձը մեզ մղէ գործուած պզտիկ կամ երեւակայական յանցանքի մը համար հաւատակից մը քննադատելու, կարեւոր է որ այս ներշնչեալ խօսքերուն վրայ խոկանք. «Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։ Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր։ ... Ինչո՞ւ համար ատենըդ չեկած մեռնիս»։—Ժողովողի 7։16, 17

16. Այս պարբերաթերթին նախորդ թիւերէն մէկուն մէջ նախանձի մասին ի՞նչ լաւ խրատ տրուած է։

16 Նախանձի նիւթով, Դիտարան Մարտ 15, 1911–ի Անգլերէն թիւը զգուշացուց. «Թէեւ Տիրոջ դատին մէջ շատ նախանձախնդիր, շատ նախանձոտ պէտք է ըլլանք, սակայն շատ վստահ պէտք է ըլլանք որ [ուրիշ Քրիստոնեայի մը տկարութիւնը] անձնական հարց մը չենք ըներ. նկատի պէտք է առնենք որ մենք ‘ուրիշին բանին չենք խառնուիր’։ Նաեւ նկատի պէտք է առնենք որ պատշա՞ճ է որ երէցները միջամտեն, ոչ թէ՝ մեր պարտականութիւնն է երէցներուն երթալ։ Բոլորս ալ Տիրոջ դատին ու գործին հանդէպ շատ մեծ նախանձ պէտք է ունենանք, բայց շատ զգոյշ պէտք է ըլլանք որ ատիկա դառն նախանձ չըլլայ, ... ուրիշ խօսքով, շատ վստահ պէտք է ըլլանք որ ուրիշի մը չենք նախանձիր, այլ ուրիշի մը համար, անոր շահերուն եւ բարօրութեանը համար նախանձոտ ենք»։—Ա. Պետրոս 4։15

17. Ինչպէ՞ս կրնանք նախանձի մեղանչական արարքներէ խուսափիլ։

17 Մենք՝ Քրիստոնեաներս՝ ինչպէ՞ս կրնանք հպարտութենէ, նախանձէ խուսափիլ։ Ասոր լուծումն է թոյլ տալ որ Աստուծոյ սուրբ հոգին անարգել հոսի մեր կեանքէն ներս։ Օրինակի համար, պէտք է աղօթենք Աստուծոյ հոգին ստանալու համար եւ օգնութիւն խնդրենք անոր բարի պտուղը յայտնաբերելու համար։ (Ղուկաս 11։13) Քրիստոնէական ժողովներուն պէտք է յաճախենք, որոնք աղօթքով կը սկսին եւ որոնց վրայ Աստուծոյ հոգին ու օրհնութիւնը կը հանգչին։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը պէտք է ուսումնասիրենք, որ Աստուծմէ ներշնչուած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Նաեւ Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութեան պէտք է մասնակցինք, որ Եհովայի սուրբ հոգիին զօրութեամբ կը կատարուի։ (Գործք 1։8) Գէշ փորձառութեամբ ընկճուած Քրիստոնեայ հաւատակիցներու օգնելն ալ Աստուծոյ հոգիին բարի ազդեցութեան ենթարկուելու ուրիշ կերպ մըն է։ (Եսայեայ 57։15. Ա. Յովհաննու 3։15–17) Այս բոլոր Քրիստոնէական պարտաւորութիւնները նախանձախնդրութեամբ կատարելը նախանձի մեղանչական սովորութիւններէն պիտի պաշտպանէ մեզ, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։—Գաղատացիս 5։16

18. Անտեղի նախանձի զգացումներուն դէմ ինչո՞ւ միշտ պայքարելու կարիքը պիտի չունենանք։

18 Սէրը՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղներու ցանկին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Սէր գործադրելը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր մեղանչական հակումները հիմա սանձենք։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել ապագային մասին։ Եհովայի ծառաներէն միլիոնաւորներ վերահաս երկրային Դրախտի մը մէջ ապրելու յոյսը ունին, ուր անոնք պիտի ակնկալեն մարդկային կատարելութեան հասնիլ։ Այդ նոր աշխարհին մէջ, սէրը տիրական պիտի ըլլայ եւ ոչ մէկը անտեղի նախանձի զգացումներու ենթակայ պիտի ըլլայ, քանի որ «ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին»։—Հռովմայեցիս 8։21

Խոկալու Կէտեր

◻ Նախանձը չէզոքացնելու մէջ օգնելու համար Պօղոս ի՞նչ օրինակ գործածեց։

◻ Նախանձը ինչպէ՞ս կրնայ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։

◻ Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները մարզել, որ նախանձին հետ գլուխ ելլեն։

◻ Ինչպէ՞ս կրնանք նախանձի մեղանչական արարքներէ խուսափիլ։

[Նկար՝ էջ 25]

Թոյլ մի՛ տաք որ նախանձը ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարէ

[Նկար՝ էջ 26]

Ծնողներ կրնան իրենց զաւակները մարզել, որ նախանձի զգացումներուն հետ գլուխ ելլեն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել