Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 3/1 էջ 4-7
  • Շուտով՝ ա՛ւելի լաւ կեանք մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շուտով՝ ա՛ւելի լաւ կեանք մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աւելի Լաւ Կեանք մը—Ե՞րբ
  • Աւելի Լաւ Կեանք մը—Ի՞նչպէս
  • Ինչ Պէտք է Ընէք
  • Դրախտը՝ մօտ է
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Աստուծոյ նպատակը շուտով պիտի իրագործուի
    Ի՞նչ է կեանքին նպատակը. ի՞նչպէս կրնաք գտնել զայն
  • Դրախտը ե՞րբ պիտի գայ
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 3/1 էջ 4-7

Շուտով՝ ա՛ւելի լաւ կեանք մը

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ օդերեւութաբան մը, որու գուշակութիւնները գրեթէ միշտ անսխալ ելած են։ Եթէ երեկոյեան լուրերուն մէջ ան ծանուցանէ որ վաղը պիտի անձրեւէ, չէք վարանիր յաջորդ առաւօտ ձեր հովանոցը առնելու, երբ տունէն դուրս կ’ելլէք։ Անոր անցեալի տեղեկագրութիւնները ձեր վստահութիւնը շահած են։ Անոր խօսքերուն համաձայն կը գործէք։

Արդ, դրախտային երկրի մը վրայ աւելի՛ լաւ կեանքի մասին Եհովայի խոստումը ո՞րքան վստահելի է։ Լաւ, իր անցեալի տեղեկագրութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը Եհովայի մասին եղած յստակ տեղեկագրութիւն մըն է։ Ան Աստուած մըն է, որու ճշգրտութիւնը եւ ճշմարտախօսութիւնը անթերի է։ (Յեսուայ 23։14. Եսայեայ 55։11) Եհովայի խոստումները ա՛յդքան վստահելի են, որ երբեմն ապագային իրականալիք իր խոստումներուն մասին կը խօսի որպէս արդէն կատարուած բաներ։ Օրինակ, մահէ ու սուգէ զուրկ նոր աշխարհի իր խոստումէն անմիջապէս ետք, կը կարդանք. «Եղա՛ւ [ինչ որ խոստացուած էր]։ Ուրիշ խօսքով՝ «Անոնք իրողութիւն մըն են»։—Յայտնութիւն 21։5, 6.

Այո, Եհովայի անցեալի խոստումներուն կատարումը, մարդկութեան համար աւելի՛ լաւ կեանքի մը խոստման կատարման վրայ մեր վստահութիւնը կ’աւելցնէ։ Բայց այս աւելի լաւ կեանքը ե՞րբ պիտի գայ։

Աւելի Լաւ Կեանք մը—Ե՞րբ

Շուտով աւելի՛ լաւ կեանք մը պիտի գայ։ Այս մասին կրնանք վստահ ըլլալ, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ աւելի լաւ կեանքի մը համար Դրախտը հաստատուելէն առաջ, երկրի վրայ շատ գէշ բաներ պիտի պատահէին։ Այդ գէշ բաները արդէն կը պատահին։

Օրինակ, Յիսուս Քրիստոս գուշակեց որ մեծ պատերազմներ պիտի ըլլային։ Ան ըսաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ (Մատթէոս 24։7) Այս մարգարէութեան ճշմարիտ ըլլալը փաստուած է։ 1914–էն մինչեւ 1945, երկու աշխարհամարտեր եղան եւ անոնց յաջորդեցին բազմաթիւ ուրիշ պատերազմներ, որոնց ընթացքին ազգեր իրարու դէմ կռուեցան։ «Այս շրջանին, [Բ. Աշխարհամարտէն ի վեր] պատերազմի մէջ մեռնողներուն տարեկան միջինը, աւելի քան կրկինն է ԺԹ. դարէն, իսկ եօթը անգամ բարձր՝ ԺԸ. դարէն»։—World Military and Social Expenditures 1993.

Հիւանդութիւններուն ծաւալումը ուրիշ ապացոյց մըն է որ Դրախտին մէջ աւելի լաւ կեանք մը մօտ է։ Յիսուս գուշակեց որ ‘տեղ տեղ մահտարաժամներ’ պիտի ըլլային։ (Ղուկաս 21։11) Այս մարգարէութիւնն ալ կատարուա՞ծ է։ Ա՛յո։ Առաջին աշխարհամարտէն ետք, Սպանական հարբուխը աւելի քան 20 միլիոն մարդ սպաննեց։ Անկէ ի վեր քաղցկեղը, սրտի հիւանդութիւնը, դեղնախտը, ԱԴԱ–ն, [AIDS] եւ ուրիշ հիւանդութիւններ միլիոնաւոր մարդիկ սպաննած են։ Զարգացումի վրայ եղող երկիրներու մէջ, վարակուած ջուրերու հետեւանքով (փորհարութիւն եւ աղիքային որդի վարակումներ), ամէն տարի միոլիոնաւոր զոհեր կը խլէ։

Յիսուս նաեւ ըսաւ որ «Սովեր պիտի ըլլան»։ (Մատթէոս 24։7) Ինչպէս նշուած է նախորդ յօդուածին մէջ, աշխարհի անօթի անհատները բաւարար ուտելիք չունին։ Ասիկա ուրիշ ապացոյց մըն է որ Դրախտին մէջ աւելի լաւ կեանք մը շուտով պիտի գայ։

«Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան», ըսաւ Յիսուս։ (Ղուկաս 21։11) Այս ալ կատարուած է մեր օրերուն։ 1914–էն ի վեր, աւերիչ երկրաշարժներ հարիւր հազարաւոր կեանքերու բնաջնջման պատճառ եղած են։

Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ որ «վերջին օրեր»ը պիտի յատկորոշուէին մարդոց փոխուած կենցաղով։ Անոնք «անձնասէր» եւ «արծաթասէր» պիտի ըլլային. իսկ զաւակները՝ «իրենց ծնողներուն անհնազանդ»։ Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» պիտի ըլլային։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5) Համաձայն չէ՞ք որ շատեր կը յարմարին այս նկարագրութեան։

Քանի որ երթալով աւելի շատ անհատներ գէշ կերպով կը վարուին, անօրէնութիւնը շատցած է։ Ասիկա ալ նախագուշակուած էր։ Ըստ Մատթէոս 24։12–ի, Յիսուս խօսեցաւ «անօրէնութեան շատնալուն» մասին։ Անկասկած կը համաձայնիք որ հիմա ոճիրը աւելի ծաւալուն է քան մի քանի տարի առաջ։ Ամէն տեղ մարդիկ կը վախնան որ պիտի կողոպտուին, խաբուին կամ կերպով մը վնասուին։

Պատերազմները, համատարած հիւանդութիւնները, ուտելիքի պակասը, երկրաշարժները, աւելցող ոճիրը եւ մարդկային յարաբերութեանց վատթարացումը բացայայտ են ներկայիս, ինչպէս Աստուածաշունչը գուշակած էր։ Բայց կրնաք հարցնել. ‘Այս բոլորը չե՞ն պատահած մարդկային ամբողջ պատմութեան տեւողութեան։ Մեր օրերը ի՞նչով տարբեր են’։

Ներկայ պատահած բաներուն մէջ շատ յատկանշական երեւոյթներ կան։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ միայն մէկ երեւոյթ՝ ինչպէս ուտելիքի պակասը՝ ինքնին փաստ մը պիտի ըլլայ որ մենք վերջին ժամանակին մէջ ենք եւ թէ՝ աւելի լաւ կեանք մը մօտ է։ Վերջին ժամանակին մասին Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները պիտի կատարուէին անբարեպաշտ սերունդի մը վրայ։—Մատթէոս 24։34–39. Ղուկաս 17։26, 27

Ասկէ զատ, շատ անբնական է որ Յիսուսի մարգարէութիւններէն կարգ մը երեւոյթներ՝ ինչպէս ուտելիքի պակասը, կամ համատարած հիւանդութիւնները՝ մեր օրերուն կատարուին։ Ի՞նչու։ Քանի որ որեւէ ժամանակ ա՛յսքան գիտական իրագործումներ եղած չեն։ Որեւէ ժամանակ բժշկական գիտութիւնը եւ բուժումի տեսակները ա՛յսքան յառաջացած կամ ծաւալուն եղած չեն։ Միայն Աստուած իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ կրնար նախագուշակած ըլլալ որ այսպիսի ժամանակի մը մէջ, հիւանդութիւնն ու սովը փոխանակ բարելաւուելու, աւելի պիտի վատթարանային։

Քանի որ վերջին ժամանակին կամ «վերջին օրեր»ու մասին Աստուածաշունչի բոլոր մարգարէութիւնները շիտակ ելած են, ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Կրնանք եզրակացնել թէ աւելի լաւ կեանք մը մօ՛տ է։ Բայց անիկա ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։

Աւելի Լաւ Կեանք մը—Ի՞նչպէս

Կը խորհի՞ք որ մարդիկ Դրախտ մը կրնան բերել։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մինչեւ օրս, տարբեր ձեւի մարդկային կառավարութիւններ եղած են։ Անոնցմէ ոմանք իրապէս տգնած են, մարդոց կարիքները գոհացնելու համար։ Սակայն, խնդիրներուն մեծամասնութիւնը երթալով կը վատթարանայ։ Հարուստ թէ աղքատ երկիրներուն մէջ, կառավարութիւնները կը պայքարին թմրեցուցիչի մոլութեան, խեղճ բնակարանի, ոճիրի, գործազրկութեան եւ պատերազի հարցերով։

Եթէ նոյնիսկ կառավարութիւններ այս հարցերէն քանի մը հատը լուծեն, բնաւ պիտի չկարենան հիւանդութիւններէ զերծ աշխարհ մը բերել, ոչ ալ պիտի կարենան վերջ դնել ծերութեան եւ մահուան։ Որոշ է ուրեմն, որ մարդիկ բնաւ պիտի չկարենան Դրախտ մը բերել այս երկրի վրայ։

Աստուածաշունչը իմաստունօրէն կ’ըսէ. «Մի՛ յուսաք իշխաններուն, մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ»։ Ուրեմն մեր վստահութիւնը որո՞ւ վրայ պէտք է դնենք։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է»։ (Սաղմոս 146։3, 5) Եթէ մեր յոյսը Եհովա Աստուծոյ վրայ դնենք, բնաւ յուսախաբ պիտի չըլլանք։

Երկիրը, արեւը եւ աստղերը ստեղծելու իմաստութիւնն ու զօրութիւնը Ունեցողը, անկասկած կրնայ երկիրը դրախտի մը վերածել։ Ան կրնայ այնպէս մը ընել որ մարդիկ կարենան աւելի լաւ կեանք մը վայելել։ Եհովա Աստուած ի՛նչ բանի որ ձեռնարկէ, զայն անպայման կը կատարէ։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ (Ղուկաս 1։37) Բայց Աստուած ի՞նչ կերպով աւելի լաւ կեանք մը պիտի բերէ։

Եհովա մարդկութեան շատ աւելի լաւ կեանք մը պիտի տայ, իր Թագաւորութեան միջոցով։ Իսկ ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անիկա իրական կառավարութիւն մըն է, որու նշանակուած Կառավարիչն է, Յիսուս Քրիստոս։ Աստուծոյ Թագաւորութեան վայրը երկինքն է, բայց ան շատ շուտով հոյակապ օրհնութիւններ եւ շատ աւելի լաւ կեանք մը պիտի շնորհէ Դրախտ երկրի բնակիչներուն։—Եսայեայ 9։6, 7

Թերեւս ձեզի ծանօթ է Յիսուսի տիպար աղօթքը, որ կը գտնուի Մատթէոս 6։9–13–ի մէջ։ Աստուծոյ մատուցուած այդ աղօթքին մէկ մասը կ’ըսէ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Այդ աղօթքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պի՛տի «գայ», երկրի նկատմամբ Եհովա Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Իսկ իր նպատակն է որ երկիրը դրախտ մը ըլլայ։

Վերջին հարցում մը. Ի՞նչ պէտք է ընէք գալիք Դրախտին մէջ այդ ա՛ւելի լաւ կեանքը վայելելու համար։

Ինչ Պէտք է Ընէք

Եհովա Աստուած իր կամքը կատարողներուն, սիրալիր կերպով կը հրամցնէ Դրախտին մէջ ա՛ւելի լաւ կեանքի մը ակնկալութիւնը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեզի. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։29) Բայց անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ արդար ըլլալ Աստուծոյ աչքին։

Եհովան հաճեցնելու համար, պէտք է աւելի լայն տեղեկութիւն մը ունենանք թէ ինք մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ։ Եթէ Աստուծոյ գիտութիւնը ստանանք եւ զայն կիրարկենք մեր կեանքին մէջ, կրնանք յաւիտեան ապրիլ։ Աստուծոյ մատուցած աղօթքի մը մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։—Յովհաննու 17։3

Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ կը խօսի Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Անիկա Եհովայի ամենէն թանկագին պարգեւներէն մէկն է։ Աստուածաշունչը կը նմանի նամակի մը զոր սիրալիր հայր մը գրած է իր զաւակներուն։ Անիկա մեզի կը խօսի մարդկութեան ա՛ւելի լաւ կեանք մը բերելու Աստուծոյ խոստման մասին, մեզի ցոյց տալով թէ ինչպէս կրնանք ձեռք ձգել զայն։ Աստուածաշունչը մեզի կը բացատրէ ինչ որ Աստուած անցեալին ըրած է եւ ինչ որ ապագային պիտի ընէ։ Անիկա, հիմա մեր խնդիրները յաջողապէս լուծելու մասին գործնական խրատներ ալ կ’ուտայ։ Արդարեւ, Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս կրնանք որոշ չափով ուրախութիւն գտնել այս տագնապալի աշխարհին մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութեան մը կարգադրութիւնը կրնան ընել ձեր հետ։ Սորվեցէք թէ ինչպէս կրնաք հի՛մա իսկ աւելի ուրախ կեանք մը վայելել, մօտ ապագային շատ աւելի լաւ կեանքի մը հեռանկարը ունենալով։

[Նկար՝ էջ 5]

Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները ցոյց կու տան որմօտ ատենէն աւելի լաւ կեանք մը պիտի ըլլայ

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան համար աւելի լաւ կեանք մը պիտի բերէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել