Եհովա յոգնածին ոյժ կու տայ
«Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 40։31
1, 2. Եհովա իրեն ապաւինողներուն ի՞նչ կու տայ, եւ հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
ԱՐԾԻՒՆԵՐԸ երկնակամարի ամենազօրաւոր թռչուններէն են։ Անոնք հսկայ հեռաւորութիւններ կրնան սաւառնիլ նոյնիսկ առանց թեւաբախելու։ Երկու մեթրէն աւելի տարածուող թեւերով, «Թռչուններու Թագաւորը»՝ ոսկեգոյն արծիւը՝ «ամենատպաւորիչ արծիւն է. բլուրներէ ու դաշտերէ վեր բարձրանալով, [անիկա] ժամերով կը սաւառնի լեռնաշղթայի մը վրայ, ապա բոլորաձեւ կը բարձրանայ, մինչեւ որ երկնքի մէջ սեւ կէտ մը դառնայ»։—The Audubon Society Encyclopedia of North American Birds։
2 Արծիւի մը թռչելու կարողութիւնները ի մտի ունենալով, Եսայի գրեց. «[Եհովա] է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն, պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։ (Եսայեայ 40։29–31) Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ Եհովա իրեն ապաւինողներուն ոյժ կու տայ որ յարատեւեն, որպէս թէ զանոնք կ’օժտէ սաւառնող արծիւի անխոնջ թուող թեւերով։ Հիմա, նկատի առնենք յոգնածին ոյժ տալու համար իր ըրած կարգադրութիւններէն ոմանք։
Աղօթքի Զօրութիւնը
3, 4. (ա) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ յորդոր տուաւ։ (բ) Ի՞նչ կրնանք ակնկալել որ Եհովա ընէ մեր աղօթքներուն առ ի պատասխան։
3 Յիսուս իր աշակերտները յորդորեց որ ‘ամէն ատեն աղօթք ընեն ու չձանձրանան’։ (Ղուկաս 18։1) Երբ կեանքի ճնշումները պատեն մեզ, մեր սրտերը Եհովայի առջեւ բանալը իրապէս կ’օգնէ՞ որ ոյժ վերագտնենք ու չհեղգանանք։ Այո, բայց կարգ մը բաներ կան որոնք պէտք չէ մոռնանք։
4 Իրապաշտ պէտք է ըլլանք, երբ Եհովայէ մեր աղօթքներուն պատասխանը կ’ակնկալենք։ Խոր ընկճուածութեան մէջ ընկղմած Քրիստոնեայ քոյր մը հետագային դիտել տուաւ. «Ինչպէս միւս հիւանդութիւններու պարագային, ներկայիս Եհովա հրաշքներ չի գործեր։ Բայց մեզի կ’օգնէ որ այս դրութեան մէջ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ զանոնք դիմագրաւենք ու ապաքինում փնտռենք»։ Բացատրելով թէ իր աղօթքները ի՛նչ կերպով օգնեցին իրեն, ան աւելցուց. «Եհովայի սուրբ հոգին օրը 24 ժամ ինծի մատչելի էր»։ Հետեւաբար, Եհովա մեզ չի պաշտպաներ մեզ ծանրաբեռնող կեանքի ճնշումներէն, բայց «սուրբ հոգին [կու] տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ (Ղուկաս 11։13. Սաղմոս 88։1–3) Այդ հոգին մեզ կարող կը դարձնէ որ մեր դիմագրաւած որեւէ փորձութեան կամ ճնշումին հետ գլուխ ելլենք։ (Ա. Կորնթացիս 10։13) Եթէ հարկ ըլլայ, անիկա կրնայ մեր մէջ դնել «զօրութեան առաւելութիւն»ը, որպէսզի կարենանք տոկալ, մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, շատ մօտ եղող նոր աշխարհին մէջ բոլոր ընկճող խնդիրները մէջտեղէն վերցնէ։—Բ. Կորնթացիս 4։7
5. (ա) Մեր աղօթքները ազդու ըլլալու համար, ի՞նչ երկու բաներ կենսական են։ (բ) Եթէ մարմնի տկարութեան մը դէմ կը պայքարինք, ի՞նչպէս կրնանք աղօթել։ (գ) Մեր յարատեւ ու մասնայատուկ աղօթքները ի՞նչ պիտի ապացուցանեն Եհովայի։
5 Սակայն, մեր աղօթքները ազդու ըլլալու համար, անոնց մէջ պէտք է յարատեւենք ու զանոնք մասնաւորենք։ (Հռովմայեցիս 12։12) Օրինակի համար, եթէ մարմնի տկարութեան մը դէմ պայքարելու պատճառաւ, երբեմն սպառած կը զգաք, իւրաքանչիւր օրուան սկիզբը Եհովայի աղաչեցէք որ ձեզի օգնէ, օրուան ընթացքին այդ մասնայատուկ տկարութեան մէջ իյնալէ խուսափելու համար։ Նոյնպէս, ամբողջ օրուան ընթացքին, ու ամէն գիշեր քնանալէ առաջ՝ աղօթեցէք։ Եթէ ընկրկիք, Եհովայի աղաչեցէք որ ձեզի ներէ, բայց նաեւ իրեն ըսէք թէ ի՛նչ բան պատճառ եղաւ որ տեղի տաք եւ թէ հետագային ի՛նչ պիտի ընէք այդ պարագաներէն խուսափելու համար։ Այսպիսի յարատեւ ու մասնայատուկ աղօթքներ, «աղօթքի լսող»ին պիտի ապացուցանեն որ անկեղծօրէն կը փափաքիք պայքարը շահիլ։—Սաղմոս 65։2. Ղուկաս 11։5–13
6. Նոյնիսկ երբ զգանք որ աղօթելու արժանի չենք, ինչո՞ւ իրաւացիօրէն կրնանք ակնկալել որ Եհովա մեր աղօթքները լսէ։
6 Սակայն, յոգնութենէ սպառած անհատները երբեմն կը զգան որ աղօթելու արժանի չեն։ Այդպէս զգացած Քրիստոնեայ կին մը հետագային դիտել տուաւ. «Ասիկա շատ վտանգաւոր մտածելակերպ մըն է, քանի որ կը նշանակէ թէ մենք յանձն առած ենք մենք մեզ դատել, բայց մեզի չիյնար դատել»։ Արդարեւ, «Աստուած ինք դատաւոր է»։ (Սաղմոս 50։6) Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ որ թէեւ «մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, . . . Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ»։ (Ա. Յովհաննու 3։20) Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ երբ մենք մեզ աղօթելու անարժան կը դատենք, Եհովա նոյնպէս չի նկատեր մեզ։ Ան մեր մասին «ամէն բան գիտէ», մէջը ըլլալով մեր կեանքի ա՛յն պարագաները, որոնք կրնան պատճառ եղած ըլլալ որ մենք մեզ այդքան անարժան նկատենք։ (Սաղմոս 103։10–14) Իր ողորմութիւնը ու խոր հասկացողութիւնը կը մղեն զինք որ «կոտրած ու խոնարհ սրտ»է բխած աղօթքները լսէ։ (Սաղմոս 51։17) Ան ի՞նչպէս պիտի մերժէ լսել օգնութեան մեր աղաղակները, երբ ինք կը դատապարտէ այն անհատը «որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ»։—Առակաց 21։13
Եղբայրակցութեան Ջերմութիւնը
7. (ա) Եհովա ուրիշ ի՞նչ կարգադրութիւն ըրած է մեզի օգնելու որ ոյժ վերագտնենք։ (բ) Մեր եղբայրակցութեան մասին ի՞նչ բան գիտնալը կրնայ մեզ զօրացնել։
7 Մեր Քրիստոնէական եղբայրակցութիւնը ուրիշ կարգադրութիւն մըն է զոր Եհովա ըրած է մեզի օգնելու որ ոյժ վերագտնենք։ Ի՜նչ թանկագին առանձնաշնորհում մըն է մաս կազմել եղբայրներէ ու քոյրերէ բաղկացած համաշխարհային ընտանիքի մը։ (Ա. Պետրոս 2։17) Երբ կեանքի ճնշումները մեզ ծանրաբեռնեն, մեր եղբայրակցութեան ջերմութիւնը կրնայ օգնել մեզի որ ոյժ վերագտնենք։ Ի՞նչպէս։ Երբ կը գիտակցինք որ ճնշիչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու մէջ առանձին չենք, անիկա ինքնին կրնայ մեզ զօրացնել։ Անկասկած մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք նոյնանման ճնշումներ կամ փորձութիւններ դիմագրաւած ու ճիշդ մեզի պէս զգացած են։ (Ա. Պետրոս 5։9) Սրտապնդիչ է գիտնալ որ մեզի պատահածը արտակարգ բան մը չէ եւ մեր զգացումները անսովոր չեն։
8. (ա) Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան որ մեր եղբայրակցութեան մէջ կրնանք գտնել պէտք եղած օժանդակութիւնը ու մխիթարութիւնը։ (բ) Դուք անձնապէս ի՞նչ կերպով օժանդակութիւն կամ մխիթարութիւն ստացած էք «ճշմարիտ բարեկամ»է մը։
8 Ջերմ եղբայրակցութեան մէջ կրնանք ‘ճշմարիտ բարեկամներ’ գտնել, որոնք, երբ նեղութեան մատնուինք, մեզի պէտք եղած օժանդակութիւնը ու մխիթարութիւնը կարենան հայթայթել։ (Առակաց 17։17) Յաճախ, մի քանի ազնիւ խօսքեր կամ փափկանկատ արարքներ բաւարար են։ Անարժէքութեան զգացումներու դէմ մաքառող Քրիստոնեայ քոյր մը հետեւեալը կը վերյիշէ. «Բարեկամներ կային, որոնք իմ դրական կողմերուս մասին կը խօսէին, ինծի օգնելով որ ժխտական մտածումներս յաղթահարեմ»։ (Առակաց 15։23) Իր դեռատի աղջկան մահէն ետք, քոյր մը սկիզբը չկրցաւ ժողովքի ժողովներու ընթացքին Թագաւորութեան երգերը երգել, մանաւանդ յարութեան ակնարկող երգերը։ Ան կը յիշէ. «Անգամ մը, նստաշարքին միւս կողմը նստող քոյր մը նկատեց որ կու լամ։ Ան քովս եկաւ, թեւը ուսիս վրայ դրաւ եւ երգեցողութեան մնացեալ մասը հետս երգեց։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սիրով լեցուեցայ եւ շատ ուրախացայ որ ժողովի եկած էինք, գիտակցելով որ հոս՝ Թագաւորութեան Սրահին մէջ, է տեղը օգնութիւն ստանալու»։
9, 10. (ա) Եղբայրակցութեան ջերմութեան նպաստելու մէջ մեր մասնակցութիւնը ի՞նչ կերպով կրնանք բերել։ (բ) Որո՞նք մասնաւորաբար կարիքը ունին շինիչ ընկերակցութեան։ (գ) Քաջալերութեան կարիքը ունեցողներուն օգնելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։
9 Անշուշտ, իւրաքանչիւրս Քրիստոնէական եղբայրակցութեան ջերմութեան նպաստելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Ուստի, մեր սրտերը պէտք է ‘լայն բանանք’ մեր բոլոր եղբայրները ու քոյրերը պարփակելու համար։ (Բ. Կորնթացիս 6։13) Յոգնութենէ սպառած անհատներու համար որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ զգալ որ իրենց հանդէպ եղբայրներուն սէրը պաղած է։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը Քրիստոնեաներ կ’ըսեն որ մինակ ու անտեսուած կը զգան։ Ճշմարտութեան հակառակող ամուսին ունեցող քոյր մը աղաչեց. «Ո՞վ չի փափաքիր ու կարիքը չունի շինիչ բարեկամութեան, քաջալերութեան եւ սիրալիր ընկերակցութեան։ Կը խնդրեմ որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն յիշեցնէք որ իրենց պէ՛տք ունինք»։ Այո, մասնաւորաբար կեանքի դժուար պայմաններով ծանրաբեռնուած անհատներ՝ անհաւատ ամուսին ունեցողներ, առանձին ծնողներ, երկարատեւ հիւանդութիւններէ տառապողներ, տարեցներ եւ ուրիշներ՝ շինիչ ընկերակցութեան կարիքը ունին։ Արդեօք մեզմէ ոմանք պէ՞տք ունին որ այս բաները յիշեցնենք իրենց։
10 Օգնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Թող մեր սէրը ցուցաբերելու մէջ ընդլայնինք։ Երբ հիւրեր կ’ընդունինք, քաջալերութեան կարիքը ունեցողները չմոռնանք։ (Ղուկաս 14։12–14. Եբրայեցիս 13։2) Փոխանակ ենթադրելու որ անոնց պարագաները թոյլ չեն տար որ մեր հրաւէրը ընդունին, ինչո՞ւ չփորձէք հրաւիրել զանոնք, ու ապա ձգել որ իրենք որոշեն։ Նոյնիսկ եթէ չեն կրնար հրաւէրը ընդունիլ, անկասկած պիտի քաջալերուին, գիտնալով որ ուրիշներ իրենց մասին կը մտածեն։ Թերեւս ճիշդ ասոր պէտք ունին, որպէսզի իրենց ոյժը նորոգուի։
11. Ծանրաբեռնուած անհատները թերեւս ի՞նչ կերպերով օգնութեան կարիքը ունին։
11 Ծանրաբեռնուած անհատները թերեւս ուրիշ կերպերով ալ օգնութեան կարիքը ունին։ Առանձին մայր մը, օրինակի համար, թերեւս պէտք ունի որ հասուն եղբայր մը հայր չունեցող իր տղուն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։ (Յակոբու 1։27) Լուրջ հիւանդութիւն ունեցող եղբայր մը կամ քոյր մը թերեւս գնումի կամ առտնին գործերու համար քիչ մը օգնութեան կարիքը ունի։ Տարեց մը թերեւս ընկերակցութեան կարօտը ունի, կամ դաշտի ծառայութեան ելլելու համար օգնութեան պէտք ունի։ Երբ այսպիսի օժանդակութեան յարատեւ կարիք կայ, ասիկա իրապէս ‘փորձի կ’ենթարկէ մեր սիրոյ հարազատութիւնը’։ (Բ. Կորնթացիս 8։8) Փոխանակ կարօտեալներէն խոյս տալու՝ պահանջուած ժամանակին ու ջանքին համար, Քրիստոնէական սիրոյ քննութենէն յաջողութեամբ անցնինք, ուրիշներու կարիքներուն հանդէպ զգայուն եւ ընդառաջող ըլլալով։
Աստուծոյ Խօսքին Զօրութիւնը
12. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ ոյժ վերագտնենք։
12 Անձ մը որ ուտելէ դադրի, շուտով իր ոյժը՝ կամ զօրութիւնը՝ պիտի կորսնցնէ։ Հետեւաբար, մեր հոգեւոր կերակրման հսկելով ալ Եհովա մեզի ոյժ կու տայ որ յարատեւենք։ (Եսայեայ 65։13, 14) Ան ի՞նչ հոգեւոր կերակուր հայթայթած է։ Ամէն բանէ առաջ, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ տուած է։ (Մատթէոս 4։4. բաղդատել Եբրայեցիս 4։12։) Ատիկա ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ մեր ոյժը վերագտնենք։ Երբ մեր դիմագրաւած ճնշումներն ու խնդիրները սկսին մեր ոյժը սպառել, կրնանք զօրութիւն ստանալ, կարդալով Աստուածաշունչի ժամանակներուն հաւատարիմ այրերու եւ կիներու զգացումներուն ու իրական կեանքէ առնուած պայքարներուն մասին։ Ուղղամտութեան ուշագրաւ տիպարներ ըլլալով հանդերձ, անոնք ալ «մեզի պէս կրքերու ենթակայ» մարդիկ էին։ (Յակոբու 5։17. Գործք 14։14) Անոնք նոյնանման փորձութիւններ ու ճնշումներ դիմագրաւեցին։ Քանի մը օրինակներ նկատի առնենք։
13. Սուրբ գրային ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան որ Աստուածաշունչի ժամանակներուն հաւատարիմ այրեր ու կիներ նոյնանման զգացումներ ու փորձառութիւններ ունէին։
13 Յարութեան հաւատալով հանդերձ, Աբրահամ նահապետ իր կնոջ մահուան համար խորապէս վշտացաւ։ (Ծննդոց 23։2. բաղդատել Եբրայեցիս 11։8–10, 17–19։) Զղջացող Դաւիթ զգաց որ իր մեղքերուն պատճառաւ Եհովայի ծառայելու արժանի չէր։ (Սաղմոս 51։11) Մովսէս ինքզինք անատակ զգաց։ (Ելից 4։10) Եպափրոդիտոս շատ նեղացաւ, երբ ուրիշներ իմացան որ լուրջ հիւանդութիւն մը «Քրիստոսին գործին» մէջ իր գործունէութիւնը սահմանափակած էր։ (Փիլիպպեցիս 2։25–30) Պօղոս իր ինկած մարմնին դէմ պայքարելու կարիքը ունէր։ (Հռովմայեցիս 7։21–25) Փիլիպպէի ժողովքին մէջ, երկու օծեալ քոյրեր՝ Եւոդիան ու Սիւնտիքը՝ երեւութապէս իրարու հետ համերաշխ ըլլալու դժուարութիւն ունէին։ (Փիլիպպեցիս 1։1. 4։2, 3) Որքա՜ն քաջալերական է գիտնալ որ այս հաւատարիմները նման զգացումներ ու փորձառութիւններ ունէին, այսուհանդերձ, անոնք տեղի չտուին, եւ Եհովա ալ զիրենք չլքեց։
14. (ա) Եհովա ի՞նչ միջոց գործածած է մեզի օգնելու որ իր Խօսքէն զօրութիւն ստանանք։ (բ) Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ինչո՞ւ ընկերային, ընտանեկան եւ զգացական հարցերու մասին յօդուածներ պարունակած են։
14 Իր Խօսքէն զօրութիւն ստանալու մէջ մեզի օգնելու համար, Եհովա հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգը կը գործածէ, մեզի կանոնաւորաբար ‘ատենին կերակուր’ տալու համար։ (Մատթէոս 24։45) Հաւատարիմ ծառան երկար ատենէ ի վեր Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը գործածած է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը պաշտպանելու համար եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանելու՝ որպէս մարդկութեան միակ յոյսը։ Մասնաւորաբար վերջին տասնամեակներուն, այս պարբերաթերթերը սուրբ գրային այժմէական յօդուածներ պարունակած են՝ ընկերային, ընտանեկան եւ զգացական դժուարութիւններու մասին, զորս նոյնիսկ Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք կը դիմագրաւեն։ Այս տեղեկութիւնները ի՞նչ նպատակով հրատարակուած են։ Վստահաբար այս դժուարութիւնները դիմագրաւողներուն օգնելու համար, որ Աստուծոյ Խօսքէն զօրութիւն ու քաջալերութիւն ստանան։ Բայց այսպիսի յօդուածներ նաեւ բոլորիս կ’օգնեն որ յստակօրէն հասկնանք թէ մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք ի՛նչ պարագաներէ կ’անցնին։ Այսպիսով, Պօղոսի խօսքերուն աւելի լաւ ուշադրութիւն կ’ընծայենք. «Վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14
Երէցներ Որոնք «Հովին Դէմ Դնող Պատսպարան» մըն Են
15. Եսայի ի՞նչ մարգարէացաւ որպէս երէցներ ծառայողներուն մասին, եւ ասիկա ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը դնէ անոնց վրայ։
15 Եհովա ուրիշ բան մըն ալ հայթայթած է, որ կրնայ օգնել մեզի, երբ շատ յոգնած ենք, որ է ժողովքի երէցները։ Անոնց մասին Եսայի մարգարէն հետեւեալը գրեց. «Ամէն մէկը հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ»։ (Եսայեայ 32։1, 2) Ուստի, երէցները իրենց մասին Եհովայի գուշակածին համաձայն վարուելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Անոնք ուրիշներու համար մխիթարութեան ու հանգստութեան աղբիւր ‘պէտք է ըլլան’ ու յօժարին ‘իրարու նեղութիւնները [կամ, «յոգնեցուցիչ բաները». բառացիօրէն, «ծանր բաները»] կրել’։ (Գաղատացիս 6։2, Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ստորանշումը) Երէցները ասիկա ի՞նչպէս կրնան ընել։
16. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել, ինքզինք աղօթելու արժանի չգտնող անհատի մը օգնելու համար։
16 Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, երբեմն յոգնութենէ սպառած անհատ մը կը զգայ որ աղօթելու արժանի չէ։ Երէցները ի՞նչ կրնան ընել։ Անոնք կրնան անհատին հետ ու անոր համար աղօթել։ (Յակոբու 5։14) Յոգնած անհատին համար որքա՜ն մխիթարական պիտի ըլլայ լսել Եհովայի մատուցած երէցներուն խնդրանքը, որ իրեն օգնէ հասկնալու թէ որքա՜ն սիրուած է Եհովայի եւ ուրիշներուն կողմէ։ Երէցի մը ջերմեռանդ ու սրտանց աղօթքը լսելը կրնայ օգնել որ անոր վստահութիւնը ամրապնդուի։ Ասիկա կրնայ իրեն օգնել մտածելու որ եթէ երէցները վստահ են որ Եհովա իրեն համար եղած աղօթքներուն պիտի պատասխանէ, ուրեմն ինքն ալ կրնայ այդ վստահութիւնը բաժնել։
17. Երէցները ինչո՞ւ կարեկցաբար մտիկ ընողներ պէտք է ըլլան։
17 «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու», կ’ըսէ Յակոբու 1։19–ը։ Յոգնութենէ սպառած անհատներուն օգնելու համար որ ոյժ վերագտնեն, երէցները նաեւ կարեկցաբար մտիկ ընողներ պէտք է ըլլան։ Կարգ մը պարագաներուն, ժողովքի անդամներ այնպիսի խնդիրներու կամ ճնշումներու դէմ կը պայքարին, որոնք իրերու այս դրութեան մէջ կարելի չէ լուծել։ Ուստի, անոնց պէտք ունեցածը իրենց խնդրին «վերջ դնող» լուծում մը չէ, այլ պարզապէս, լաւ մտիկ ընողի մը խօսիլ է. մէկը որ իրենց պիտի չըսէ թէ ի՛նչպէս պէտք է զգան, այլ մտիկ պիտի ընէ՝ առանց դատապարտելու։—Ղուկաս 6։37. Հռովմայեցիս 14։13
18, 19. (ա) Մտիկ ընելու մէջ արագ ըլլալը ի՞նչպէս կրնայ երէցի մը օգնել որ յոգնութենէ սպառած անհատի մը բեռը աւելի ծանրացնելէ խուսափի։ (բ) Երբ երէցները «կարեկից» զգացումներ ցուցաբերեն, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։
18 Ո՛վ երէցներ, մտիկ ընելու մէջ արագ ըլլալը կրնայ օգնել ձեզի որ յոգնութենէ սպառած անհատի մը բեռը անգիտակցաբար աւելի ծանրացնելէ խուսափիք։ Օրինակի համար, եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մի քանի ժողովներէ բացակայած է, կամ դաշտի ծառայութեան մէջ դանդաղած է, ան իրապէս աւելի ծառայելու կամ ժողովներուն աւելի կանոնաւորաբար յաճախելու մասին խրատուելո՞ւ կարիք ունի։ Թերեւս։ Սակայն, ընդհանուր պարագան լաւ գիտէ՞ք։ Աւելցող առողջապահական խնդիրներ կա՞ն։ Վերջերս ընտանեկան պատասխանատուութիւնները փոխուա՞ծ են։ Զինք ծանրաբեռնող ուրիշ պարագաներ կամ ճնշումներ կա՞ն։ Մի՛ մոռնաք որ անհատը աւելին ընելու կարող չըլլալով, արդէն շատ յանցապարտ կրնայ զգալ։
19 Արդ, այս եղբօր կամ քրոջ ի՞նչպէս կրնաք օգնել։ Եզրակացութիւններու յանգելէ եւ խրատ տալէ առաջ, մտիկ ըրէք։ (Առակաց 18։13) Խորաթափանց հարցումներով անհատին սրտի զգացումները ‘դուրս հանեցէք’։ (Առակաց 20։5) Այս զգացումները մի՛ անտեսէք. զանոնք նկատի առէք։ Յոգնած անհատը թերեւս կարիքը ունի վստահ ըլլալու որ Եհովա հոգ կը տանի մեզի ու կը հասկնայ որ երբեմն մեր պարագաները մեզ կը սահմանափակեն։ (Ա. Պետրոս 5։7) Երբ երէցները այսպիսի «կարեկից» զգացումներ ցուցաբերեն, յոգնած անհատները ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնեն’։ (Ա. Պետրոս 3։8. Մատթէոս 11։28–30) Երբ անոնք այսպիսի հանգստութիւն գտնեն, պէտք պիտի չըլլայ անոնց ըսել որ աւելին ընեն. անոնց սրտերը զիրենք պիտի մղեն որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ընեն ամէն ինչ որ տրամաբանօրէն կրնան ընել։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 8։12. 9։7։
20. Այս ամբարիշտ սերունդին վախճանը շատ մօտ ըլլալով, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։
20 Իրապէս, մենք մարդկային ամբողջ պատմութեան ամենապահանջկոտ ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Մինչ վախճանի ժամանակին մէջ աւելի կը խորանանք, Սատանայի աշխարհին մէջ կեանքի ճնշումները կ’աւելնան։ Յիշեցէք որ, որսացող առիւծի մը նման, Բանսարկուն կը սպասէ որ սպառած զգանք ու տեղի տանք, որպէսզի կարենայ մեզ շահագործել որպէս դիւրին զոհ մը։ Որքա՜ն շնորհապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա յոգնածին ոյժ կու տայ։ Թող որ լման կերպով օգտագործենք այն կարգադրութիւնները զորս ան ըրած է մեզի ոյժ տալու որ յարատեւենք. կարծես թէ սաւառնող արծիւի հզօր թեւերով մեզ օժտած ըլլայ։ Այս ամբարիշտ սերունդին վախճանը շատ մօտ ըլլալով, հիմա մրցանակը՝ յաւիտենական կեանքը՝ ձեռք ձգելու մեր վազքին մէջ կանգ առնելու ժամանակը չէ։—Եբրայեցիս 12։1
Ձեր պատասխանները ի՞նչ են
◻ Ի՞նչ կրնանք ակնկալել Եհովայէ, որպէս մեր աղօթքներուն պատասխան։
◻ Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր Քրիստոնէական եղբայրակցութենէն զօրութիւն ստանալ։
◻ Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ ոյժ վերագտնենք։
◻ Երէցները ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի յոգնած անհատները ոյժ վերագտնեն։
[Նկար՝ էջ 15]
Երբ հիւրեր կ’ընդունինք, քաջալերութեան կարիքը ունեցողները չմոռնանք
[Նկար՝ էջ 16]
Երէցները կրնան Եհովայէ խնդրել որ յոգնութենէ սպառած անհատներուն օգնէ հասկնալու որ շատ սիրուած են