Մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն. բազմաթիւ երեսակներ ունեցող գոհարներ
ՇԱՏԵՐՍ պահեր ունեցած ենք, երբ մենք մեզ չափազանց խեղճ զգացած ենք. ոչ թէ անպայման նիւթական գետնի վրայ, այլ՝ հոգւով. սրտաբեկ եւ նոյնիսկ խորապէս ընկճուած։ Այդպիսի պահերուն սակայն, կրնայինք շատ թանկագին բան մը ձեռք անցնել, որ շատ մեծ օգուտ պիտի ընէր մեզի։ Այդ «գոհար»ը՝ քաջալերութիւնն է։
Աստուածաշունչին մէջ, «քաջալերել» եւ «մխիթարել» բայերուն համար Յունարէն նոյն բառը գործածուած է։ Երկու բառերն ալ քաջութիւն, ոյժ կամ յոյս տալու գաղափարը կը փոխանցեն։ Որոշ է ուրեմն, որ երբ մենք մեզ տկար կամ զգետնուած զգանք, մխիթարութեան եւ քաջալերութեան կարիքը ունինք։ Բայց ո՞ւր կրնանք գտնել զանոնք։
Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ որ Եհովա «ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։ (Բ. Կորնթացիս 1։3) Անիկա նաեւ կ’ըսէ որ Ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։ (Գործք 17։27) Ուստի, կարելի է մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն ձեռք ձգել։ Հիմա նկատի առնենք չորս ընդհանուր մարզեր, որոնցմով Եհովա քաջալերութիւն կը հայթայթէ։
Աստուծոյ Հետ Անձնական Յարաբերութեամբ
Մխիթարութեան մեծագոյն աղբիւրը՝ Եհովա Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւնն է։ Այսպիսի յարաբերութեան մը կարելի ըլլալը արդէն ինքնին քաջալերութիւն մըն է։ Իրապէս, աշխարհային ո՞ր կառավարիչը պիտի պատասխաներ մեր հեռաձայններուն կամ անձնապէս պիտի հետաքրքրուէր մեր խնդիրներով։ Եհովա այդ մարդոցմէ անհունօրէն աւելի հզօր է։ Այսուհանդերձ, ան խոնարհ է։ (Սաղմոս 18։35) Բայց Եհովա ինկած, անկատար մարդոց հետ միայն գործառնութիւն ունենալով չբաւարարուիր, Ան մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց տալու մէջ նախաքայլը առած է։ Առաջին Յովհաննու 4։10–ն կ’ըսէ. «Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու»։ Հետեւաբար, Եհովա սիրալիր կերպով մարդիկը Յիսուսի կը քաշէ։—Յովհաննու 6։44
Աստուծոյ բարեկամութեան ընդառաջելով մխիթարութիւն փնտռա՞ծ էք։ (Յակոբու 2։23) Օրինակ, ձեզի համար հաճոյք չէ՞ սիրելի ու մտերիմ բարեկամի մը հետ քիչ մը առանձին ժամանակ անցնել ու ձեր մտավախութիւններուն ու հոգերուն, ինչպէս նաեւ ձեր յոյսերուն եւ ուրախութիւններուն մասին ազատօրէն խօսիլ։ Եհովա ձեզ կը հրաւիրէ որ իրեն հետ ալ նոյնը ընէք։ Ան սահման չի դներ թէ ո՛րքան երկար պիտի խօսիք իր հետ. իսկ ան ի՛րապէս մտիկ կ’ընէ։ (Սաղմոս 65։2. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Իր 12 առաքեալները ընտրելէն առաջ, Յիսուս ամբողջ գիշեր մը աղօթելով անցուց։—Ղուկաս 6։12–16. Եբրայեցիս 5։7
Ժամանակ առ ժամանակ, ամէն մէկս կրնանք Եհովայի հետ առանձին ըլլալ։ Մեր սիրտը աղօթքով Եհովայի բանալու լաւ առիթ մըն է, երբ պատուհանի մը քով հանդարտօրէն նստած ենք, կամ երբ դանդաղօրէն կը քալենք։ Ասիկա ընելը շա՜տ մեծ հանգստութիւն ու մխիթարութիւն կու տայ։ Մինչ կը խոկանք, եթէ մեր նայուածքը սեւեռենք Եհովայի ստեղծագործութեան մէկ երեսակին վրայ՝ երկնքին մէկ ծայրը, կարգ մը ծառեր կամ թռչուններ՝ կրնանք անոնց մէջ մխիթարութիւն գտնել, յիշելով որ Եհովա մեզ կը սիրէ եւ մեզմով կը հետաքրքրուի։—Հռովմայեցիս 1։20
Աստուծոյ Խօսքին Անձնական Ուսումնասիրութեամբ
Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը անձնապէս սերտելով է որ Եհովայի յատկութիւնները իրապէս կը պարզուին մեր դիմաց։ Աստուածաշունչը կրկնակիօրէն կը յայտնէ որ Եհովա «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ ու առատ, ողորմութիւնով» Աստուած մը է։ (Ելից 34։6. Նէեմեայ 9։17. Սաղմոս 86։15) Իր երկրային ծառաները մխիթարելու փափաքը, Եհովայի անձնաւորութեան բնական մէկ երեսակը կը կազմէ։
Նկատի առէք, զոր օրինակ, Եսայեայ 66։13–ի մէջ Եհովայի խօսքերը. «Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ»։ Եհովա մօր մէջ զետեղած է իր զաւակներուն հանդէպ անձնազոհ եւ հաւատարիմ սէր մը։ Եթէ տեսած էք իր վիրաւոր զաւակը մխիթարող սիրալիր մայր մը, այդ պարագային պիտի հասկնաք թէ Եհովա ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ ինք պիտի մխիթարէ իր ծառաները։
Աստուածաշունչի շատ մը պատմութիւններուն մէջ գործնականօրէն կը տեսնենք այս մխիթարութիւնը։ Երբ Յեզաբէլ չար Թագուհին Եղիայի կեանքին կը սպառնար, ան վախցաւ եւ իր կեանքը ազատելու համար փախաւ։ Ան ա՛յնքան վհատած էր որ ամբողջ օր մը քալեց անապատին մէջ, բացայայտօրէն իր հետ ոչ ջուր առած էր եւ ոչ՝ ուտելիք։ Եղիա չափազանց նեղուած՝ Եհովայի ըսաւ որ կը փափաքէր մեռնիլ։ (Գ. Թագաւորաց 19։1–4) Եհովա ի՞նչ ըրաւ իր մարգարէն մխիթարելու եւ քաջալերելու համար։
Եղիա փոխանակ Եհովայի կողմէ յանդիմանուելու որ ինքզինք առանձին ու անարժէք կը զգար ու կը վախնար, մարգարէն «բարակ ձայն մը» լսեց։ (Գ. Թագաւորաց 19։12) Եթէ Գ. Թագաւորաց 19–րդ գլուխը կարդաք, պիտի նկատէք որ Եհովան ի՛նչպէս մխիթարեց Եղիան, զինք հանդարտեցուց ու անոր հաւատքը կերտեց։ Ասիկա մակերեսային մխիթարութիւն մը չէր, քանի որ Եղիային խռոված սրտին հասաւ, զինք քաջալերելով որ շարունակէ։ (Բաղդատել Եսայեայ 40։1, 2։) Ան շուտով իր գործունէութեան վերադարձաւ։
Յիսուս Քրիստոս ալ կը մխիթարէ ու կը քաջալերէ իր հաւատարիմ հետեւորդները։ Եսայի հետեւեալը մարգարէացաւ Մեսիայի մասին. «Տէր Եհովա ... զիս ղրկեց ... կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու ... բոլոր սգաւորները մխիթարելու»։ (Եսայեայ 61։1–3) Իր կեանքի տեւողութեան, Յիսուս ապացուցանեց որ այս խօսքերը իրեն կը կիրարկուէին։ (Ղուկաս 4։17–21) Եթէ մխիթարութեան կարիքը ունիք, վիրաւորուած եւ կարօտեալ եղողներուն հանդէպ Յիսուսի ազնիւ ու սիրալիր վերաբերմունքին մասին խորհեցէք։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը ուշադիր կերպով սերտելը, շա՛տ մեծ մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն կու տայ։
Ժողովքին Միջոցաւ
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, մխիթարութեան եւ քաջալերութեան գոհարները շատ մը երեսակներով կը շողշողան։ Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11) Ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն գտնել ժողովքի հանդիպումներուն։
Անշուշտ, Քրիստոնէական ժողովներու կ’երթանք, գլխաւորաբար ‘Եհովայէ սորվելու’ եւ իր ու իր ճամբաներուն մասին դաստիարակութիւն ստանալու համար։ (Յովհաննու 6։45) Այս դաստիարակութիւնը քաջալերական եւ մխիթարիչ պէտք է ըլլայ։ Գործք Առաքելոց 15։32–ի մէջ կը կարդանք. «Յուդա ու Շիղա ... շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին» զանոնք։
Պատահա՞ծ է որ Քրիստոնէական ժողովի մը գացած էք վհատած վիճակով եւ տուն վերադարձած էք դուք ձեզ շատ աւելի լաւ զգալով։ Թերեւս դասախօսութեան մէջ, պատասխանի մը մէջ կամ աղօթքին մէջ բան մը ըսուեցաւ, որ ձեր սրտին դպաւ եւ ձեզի պէտք եղած մխիթարութիւնը եւ քաջալերութիւնը տուաւ։ Ուստի, Քրիստոնէական ժողովներէն հեռու մի՛ կենաք։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ծառայութեան երթալը եւ ուրիշ առիթներով անոնց հետ ընկերակցիլը նոյնանման ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ։ Եբրայերէնին մէջ, «իրարու հետ կապել» իմաստը ունեցող շատ բայեր, «զօրութիւն» կամ «զօրացնել» իմաստն ալ կը կրեն, այն գաղափարը տալով որ իրար կապուած բաները աւելի զօրաւոր կ’ըլլան։ Նոյն սկզբունքը կը կիրարկուի ժողովքին մէջ։ Մենք կը մխիթարուինք, կը քաջալերուինք, այո, կը զօրանանք իրար հետ ընկերակցելով։ Իսկ մենք ամենազօրաւոր կապով՝ սիրոյ կապով՝ իրար կապուած ենք։—Կողոսացիս 3։14
Երբեմն մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հաւատարմութիւնն է որ մեզ կը քաջալերէ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։7, 8) Երբեմն անոնց ցուցաբերած սէրն է։ (Փիլիմոն 7) Իսկ երբեմն՝ պարզապէս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրիշներուն խօսելու համար իրարու հետ, ուս–ուսի աշխատիլն է։ Եթէ ծառայութեան մէջ դուք ձեզ տկար զգաք եւ քաջալերութեան կարիքը ունենաք, ինչո՞ւ ճշմարտութեան մէջ աւելի հին ու փորձառու Թագաւորութեան հրատարակիչի մը հետ ծառայելու կարգադրութիւն չընէք։ Եթէ ասիկա ընէք, շա՜տ մխիթարութիւն պիտի գտնէք։—Ժողովողի 4։9–12. Փիլիպպեցիս 1։27
«Հաւատարիմ ու Իմաստուն Ծառայ»ին Միջոցով
Մեր պաշտամունքին մխիթարական երեսակները ո՞վ կը պատրաստէ։ Յիսուս դասակարգի մը մասին խօսեցաւ, որու նշեց որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ», որ ‘ատենին կերակուր պիտի տար’։ (Մատթէոս 24։45) Հ.Դ. առաջին դարուն, հոգիէն ծնած Քրիստոնեաներու այս մարմինը արդէն կը գործէր։ Երուսաղէմի երէցներու կառավարիչ մարմինը ժողովքներուն հրահանգներ եւ ուղղութիւններ ղրկեց։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուածաշունչը կ’արձանագրէ որ այսպիսի նամակ մը ստանալէն ետք, ժողովք մը ի՛նչպէս հակազդեց. «Երբ կարդացին, ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար»։—Գործք 15։23–31
Այս դժուարին վերջին օրերուն ալ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան հոգեւոր կերակուր կը հայթայթէ եւ Եհովայի ծառաներուն մեծ մխիթարութիւն ու քաջալերութիւն կու տայ։ Այդ կերակուրին կը մասնակցի՞ք։ Զայն առատօրէն կրնաք գտնել ծառայ դասակարգին գրականութիւններուն մէջ, որոնք մատչելի են համայն աշխարհի մէջ։ Դիտարանի Ընկերութեան հրատարակած Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը, ինչպէս նաեւ գրքերը, գրքոյկներն ու թղթիկները, անհամար ընթերցողներուն մխիթարութիւն տուած են։
Ճամբորդող տեսուչ մը գրեց. «Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատերը կ’ուզեն շիտակը ընել, բայց յաճախ կը պայքարին, ընդվզումի, վախերու եւ իրենք իրենց օգնելու անզօր ըլլալու զգացումին դէմ։ Մեր պարբերաթերթին մէջ գտնուող շատ մը յօդուածներ անոնց կ’օգնեն, որպէսզի իրենց կեանքին ու զգացումներուն ղեկը դարձեալ ձեռք առնեն։ Այս յօդուածները երէցներուն ալ կ’օգնեն որ մակերեսային քաջալերութենէ աւելին ընեն»։
Հաւատարիմ ծառայ դասակարգին հայթայթած գրականութիւնները լաւ կերպով գործածեցէք։ Ժամանակայարմար պարբերաթերթերը, գրքերն եւ ուրիշ գրականութիւնները մեզի կրնան օգնել որ մխիթարութիւն գտնենք, երբ դժուար պահերէ կ’անցնինք։ Իսկ եթէ ընկճուած մէկու մը քաջալերութիւն պիտի մատուցանէք, այս պարբերաթերթերուն հոգեւոր տեղեկութիւնները գործածեցէք։ Յօդուածները շատ խնամքով գրուած են, երբեմն շաբաթներ ու ամիսներ ծանր հետազօտութիւններ, ուսումնասիրութիւններ եւ աղօթքներ կատարելով։ Հոն տրուած խրատները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած, փորձուած եւ վստահելի են։ Երբեմն ոմանք շատ օգտակար գտած են մէկ կամ երկու յօդուած կարդալ յուսահատած մէկու մը։ Ասիկա շա՛տ մեծ մխիթարութիւն ու քաջալերութիւն կու տայ։
Եթէ դուք թանկարժէք գոհարներ գտնէիք, զանոնք գաղտնի կը պահէի՞ք թէ ոչ ուրիշներուն հետ այդ հարստութիւնը կը բաժնէիք։ Որոշեցէք ժողովքին մէջ ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մխիթարութեան աղբիւր մը ըլլալ։ Եթէ զանոնք քանդելու տեղ՝ կերտէք, քննադատելու տեղ՝ գովէք, ‘սուրի պէս խոցոտելու’ տեղ՝ «իմաստուններու» պէս խօսիք, այս ընթացքը ուրիշներուն կեանքին մէջ մեծ տարբերութիւն պիտի ընէ։ (Եսայեայ 50։4. Առակաց 12։18) Արդարեւ, այդ պարագային դուք ալ գոհար մը պիտի սեպուիք՝ իրական մխիթարութեան եւ քաջալերութեան աղբիւր մը։
[Շրջանակ՝ էջ 28]
Վշտահարներուն՝ մխիթարութիւն
ՇԱՏԵՐ ըսած են թէ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի որոշ թիւեր ինչպէս Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը խորացուցած են։ Կին մը ըսաւ. «Այս յօդուածը կարդալէ ետք, զգացի որ Եհովան իր բոլոր զօրութիւնով եւ մեծութեամբ իմ կողքս էր։ Զգացի որ Ան իրական էութիւն մըն է»։ Ուրիշ նամակ մը կը նշէր. «Մեր սրտին ու մտքին մէջ Եհովայի հանդէպ մեր ունեցած տեսակէտը ա՛յնքան փոխուեցաւ, որ այլեւս նոյն անհատները չենք։ Կարծես մէկը մեր ակնոցները սրբեց եւ հիմա ամէն բան աւելի յստակ կը տեսնենք»։
Ոմանք կը գրեն ըսելու համար որ պարբերաթերթերը ինչպէս օգնած են իրենց մասնայատուկ խնդիրներուն կամ դժուարութիւններուն մէջ եւ անով վստահ եղած են որ Եհովա անհատապէս կը հետաքրքրուի իրենցմով։ Ընթերցող մը այսպէս բացատրեց. «Մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք, քանի որ մեզի օգնեցիք անգամ մը եւս տեսնելու թէ Եհովա որքա՜ն իր ծառաներուն հոգ կը տանի ու զանոնք կը սիրէ»։ Ճաբոնի մէջ կին մը որու զաւակը մահացած էր, այս նիւթը շօշափող Զարթի՛րին մասին հետեւեալը ըսաւ. «Էջերէն կը ծորէր Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ես լացի, լացի ու լացի։ Այդ յօդուածները դրած եմ ձեռքի տակ տեղ մը որ կարենամ անմիջապէս կարդալ, երբ ինքզինքս թշուառ ու առանձին զգամ»։ Ուրիշ սգաւոր կին մը գրեց. «Դիտարանի ու Զարթի՛րի յօդուածները եւ ‘Երբ Սիրելի մը կը Կորսնցնէք’ խորագրով գրքոյկը ինծի ոյժ տուին, որու պէտք ունէի վշտիս դիմանալու համար»։
Սուրբ Աստուածաշունչը մխիթարութեան գլխաւոր աղբիւրն է։ (Հռովմայեցիս 15։4) Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը Աստուածաշունչին կը յենուին որպէս միակ ազդու հեղինակութեան աղբիւր։ Անոր համար այս պարբերաթերթերով՝ ընթերցողները մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն ստացած են։
[Նկար՝ էջ 31]
Ամէն մխիթարութեան Աստուածը Աղօթքի Լսող ալ է