Բռնութեան վերջնական վախճանը—Ի՛նչպէս
ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ հոսանքը կասեցնելու համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ քաղաքներ նոր կերպի մը դիմեցին. յանձնուած զէնքերու փոխարէն հատուցում ընել, ապրանքով կամ դրամով, առանց հարցուփորձ կատարելու։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Սէնթ Լուիզ քաղաքը, զոր օրինակ, 341,000 տոլարի փոխարէն, 8,500 զէնքեր հաւաքեց։ Նոյն գծով, Նիւ Եորք Քաղաքին մէջ աւելի քան հազար զէնքեր հաւաքուեցան։
Այս բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան ոճիրին վրայ։ Դժբախտաբար՝ շատ քիչ։ Յաջորդ տարի, զէնքով մարդասպանութիւնը բարձրագոյն աստիճանի հասաւ Սէնթ Լուիզի մէջ։ Իսկ Նիւ Եորքի մէջ, կը կարծուի որ տակաւին երկու միլիոն զէնք շրջագայութեան մէջ է։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, շուրջ 200 միլիոն զէնքեր կան անձնական տուներու մէջ. գրեթէ իւրաքանչիւր մարդու, կնկայ եւ երախայի համար մէկ զէնք։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, զէնքով կատարուած բռնութիւնները ահաւոր համեմատութեամբ կ’աւելնան։ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, «1983–էն 1993–ի միջեւ ոստիկանութեան կողմէ տեղեկագրուած, զինեալ յարձակումներուն թիւը գրեթէ կրկնապատկուած է, հասնելով 14,000–ի», կ’ըսէ Էգոնիմիստը։ Թէեւ մարդասպանութեան համեմատութիւնը յարաբերաբար ցած է, բայց շուրջ մէկ միլիոն անօրինական զէնքեր կան այդ երկրին մէջ։
Այս ահաւոր թիւը որքան որ նուազի, վստահաբար որոշ չափով յառաջխաղաց մըն է։ Սակայն, վերոյիշեալին նման քայլեր բռնութեան բուն պատճառներուն խորը չեն թափանցեր։ Ի՞նչ են այդ պատճառները։ Շատ ազդակներ յիշուած են, բայց անոնցմէ քանի մը հատը հիմնականներն են։ Ընտանեկան կայունութեան եւ բարոյական դաստիարակչութեան պակասը, շատ մը երիտասարդներու մղած է որ խմբակցութիւններու միանան, պատկանելիութեան զգացում մը ունենալու համար։ Մեծ շահերու հրապոյրը շատերը դրդած է որ բռնութեան դիմեն։ Անարդարութիւնը ուրիշներուն մղած է որ հարցերը բռնութեամբ լուծեն։ Ազգային, ցեղային հպարտութիւնը, կամ կեանքի մակարդակը պատճառ եղած է որ մարդիկ անտեսեն ուրիշներուն տառապանքը։ Ասոնք խոր արմատ կապած ազդակներ են, որոնց լուծումը դիւրին չէ։
Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Յաւելեալ ոստիկանութիւն, աւելի խիստ բանտարկութիւն, զէնքերու վաճառքի հսկողութիւն, մահապատիժ. այս բոլորը առաջարկուած եւ փորձուած են, ոճիրը եւ բռնութիւնը նուազեցնելու մտքով։ Անոնք որոշ յաջողութիւններ արձանագրած են, բայց տխուր իրողութիւնը այդ է որ բռնութիւնը տակաւին մեր կեանքին մէկ մասն է։ Ի՞նչու։ Քանի որ այս առնուած քայլերը միայն ախտանշանները կը դարմանեն։
Իսկ բազմաթիւ մասնագէտներ կը խորհին որ բռնութեան վերջ դնելու բանալին՝ կրթութիւնն է։ Թէեւ այս գաղափարը լաւ է, բայց պէտք է նշել որ բռնութիւնը, կրթութեան նուազ պատեհութիւն ունեցողներուն միայն սահմանափակուած չէ։ Իրականութեան մէջ, ամենէն վայրագ ազգերէն ոմանք՝ կրթութեան ամենէն բարձր մակարդակը ունեցողներն են։ Դժուար չէ տեսնել որ հարկ եղածը ոչ թէ միայն կրթութիւնն է, այլ՝ շիտակ տեսակի կրթութիւնը։ Ատիկը ի՞նչպիսի կրթութիւն մը պէտք է ըլլայ։ Կա՞յ մէկը որ կարողանայ մարդոց սորվեցնել որ խաղաղասէր եւ ուղղամիտ անհատներ ըլլան։
«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար»։ (Եսայեայ 48։17, 18) Եհովա ի՞նչպէս մարդոց կը սորվեցնէ որ խաղաղասէր եւ արդար ըլլան։ Գլխաւորաբար իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ։
Աստուծոյ Խօսքին Զօրութիւնը
Աստուածաշունչը վստահաբար ժամանակավրէպ եւ անգործածական հնամենի առակներու եւ ասացուածքներու հաւաքածոյ մը չէ։ Անիկա մարդուն Ստեղծիչէն եկած սկզբունքներ եւ գաղափարներ կը պարունակէ, որ Իր բարձրեալ դիրքէն մարդկային բնոյթը ոեւէ մէկէն աւելի լաւ գիտէ։ «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն», կ’ըսէ Եհովա Աստուած։—Եսայեայ 55։9
Այս պատճառաւ, Պօղոս առաքեալ կը վկայէ որ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) Այո, Աստուծոյ Խօսքը մարդոց սրտին հասնելու եւ անոր դպչելու եւ անոնց խորհուրդները եւ վարքը փոխելու զօրութիւնը ունի։ Ներկայիս, մարդիկ ճիշդ ասոր կարիքը չունի՞ն, իրենց վայրագ կենցաղը փոխելու համար։
Հիմա աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, հինգ միլիոնէ աւելի Եհովայի Վկաներ կենդանի ապացոյց մըն են որ Աստուծոյ Խօսքը արդարեւ կեանքեր բարելաւելու զօրութիւն ունի։ Անոնց մէջ կան ամէն ազգի, լեզուի եւ ցեղի պատկանող անհատներ։ Անոնք կեանքի ամէն մակարդակէ եկած են եւ ընկերային տարբեր ծագումներ ունին։ Անոնցմէ ոմանք նախապէս վայրագ եւ անհանդարտ կեանք մը ունէին։ Բայց փոխանակ թոյլ տալու որ այս ազդակները թշնամութիւն, մրցակցութիւն, խտրականութիւն եւ ատելութիւն յառաջացնեն իրենց մէջ, անոնք սորված են այս խոչընդոտները վերցնել եւ համայն աշխարհի մէջ խաղաղասէր եւ միակամ ժողովուրդ մը եղած են։ Ի՞նչ բանի շնորհիւ։
Վայրագութեան Վերջ Դնող Արշաւ մը
Եհովայի Վկաները յանձնարարութիւն ունին ուրիշներու օգնելու որ Աստուծոյ նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանան Աստուածաշունչէն՝ Աստուծոյ Խօսքէն։ Երկրի ամէն կողմերը, անոնք կը փնտռեն այնպիսի անհատներ, որոնք կ’ուզեն Եհովայի ճամբաները գիտնալ եւ Իրմէ սորվիլ։ Անոնց ջանքերը ապարդիւն չեն մնար։ Դաստիարակչական այս արշաւին որպէս հետեւանք, հոյակապ մարգարէութիւն մը կը կատարուի։
2,700 տարիներ առաջ, Եսայի մարգարէն ներշնչմամբ գրեց. «Վերջին օրերը ... շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’»։—Եսայեայ 2։2, 3
Եհովայէ սորվիլը եւ անոր շաւիղներուն մէջ քալելը հոյակապ փոփոխութիւններ կը բերէ մարդոց կեանքին մէջ։ Նոյն մարգարէութեան մէջ նախագուշակուած է այդ փոփոխութիւններէն մէկը. «Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին»։ (Եսայեայ 2։4) Շատեր կարդացած են այս համարը։ Անիկա նոյնիսկ քանդակուած է Նիւ Եորք Քաղաքի Միացեալ Ազգերու Հրապարակին վրայ գտնուող պատի մը վրայ։ Անիկա կը յիշեցնէ ինչ որ Միացեալ Ազգերը կը տենչան՝ բայց չեն կրնար իրականացնել։ Մարդակերտ քաղաքական կազմակերպութիւն մը չէ որ պատերազմին եւ բռնութեան վերջ պիտի դնէ։ Անիկա բան մըն է որ միմիայն Եհովա Աստուած կարող է ընել։ Աստուած ի՞նչպէս պիտի իրագործէ ասիկա։
Արդարեւ, ամէն մարդ պիտի չընդառաջէ ‘իր ճամբաները սորվելու’ եւ ‘անոր շաւիղներուն մէջ քալելու’ համար ‘Եհովայի լեռը ելլելու’ հրաւէրին։ Ոչ ալ բոլորը պիտի ուզեն «իրենց սուրերէն խոփեր եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ» շինել։ Այսպիսիներուն Եհովա ի՞նչ պիտի ընէ։ Ան պատեհութեան դուռը յաւիտեան բաց պիտի չպահէ, ոչ ալ պիտի սպասէ որ անոնք փոխուին։ Բռնութեան վերջ դնելու համար, Եհովա նաեւ վերջը պիտի բերէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց վայրագ ճամբաներուն մէջ կը յարատեւեն։
Կենսական Դաս մը
Ինչ որ Աստուած ըրաւ Նոյի օրերուն, մեզի համար ազդարարական դաս մըն է։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ որ այդ ատեն ի՛նչպիսի աշխարհ մը կար. «Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ»։ Անոր համար, Աստուած Նոյի տեղեկացուց. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ»։—Ծննդոց 6։11, 13
Կարեւոր կէտ մը նշենք։ Երբ Աստուած այդ սերունդին վրայ Ջրհեղեղը բերաւ, Նոյը եւ իր ընտանիքը պահեց։ Ի՛նչու։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ [ճշմարիտ. (ՆԱ)] Աստուծոյ հետ քալեց»։ (Ծննդոց 6։9. 7։1) Թէեւ այդ ժամանակ ապրողներուն բոլորն ալ անպայման վայրագ անհատներ չէին, բայց միայն Նոյ եւ իր ընտանիքը ‘ճշմարիտ Աստուծոյ հետ կը քալէին’։ Այդ պատճառաւ, անոնք վերապրեցան, երբ այդ վայրագ աշխարհին վերջ տրուեցաւ։
Ինչպէս կը տեսնենք, երկիրը անգամ մը եւս «անիրաւութեամբ լեցուեցաւ». կրնանք վստահ ըլլալ որ անիկա Աստուծոյ ուշադրութիւնը գրաւած է։ ճիշդ ինչպէս որ Նոյի օրերուն ըրաւ, Ան շուտով գործի լծուելով բռնութեան վերջ պիտի դնէ. վե՛րջնականապէս։ Բայց ապահով ելք մըն ալ պիտի հայթայթէ անոնց, որոնք հիմա կը սորվին ‘ճշմարիտ Աստուծոյ հետ քալել’ եւ խաղաղութեան մէջ դաստիարակելու իր մեծ արշաւին կ’ընդառաջեն։
Սաղմոսերգուին միջոցաւ Եհովա հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։—Սաղմոս 37։10, 11
Եհովայի Վկաներուն համար ուրախութիւն է ձեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, որպէսզի դուք ալ միանաք անոնց որ կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովայի լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ (Եսայեայ 2։3) Այսպէս ընելով, դուք ալ պիտի ըլլաք անոնց մէջ, որոնք ամէն ամբարշտութեան ու բռնութեան վերջը պիտի տեսնեն։ Դուք ալ ‘խաղաղութեան առատութիւնով պիտի ուրախանաք’։