Օրհնութիւն՝ կամ անէծք—Կրնա՛նք ընտրել
«Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէսզի ապրի[ս]»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 30։19
1. Մարդիկ ի՞նչ կարողութեամբ օժտուած են։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մեզ՝ մարդկային մտացի արարածներս՝ օժտած է բարոյական ազատ կամքով։ Մենք որպէս ինքնագործ, կամ մարդամեքենաներ չենք ստեղծուած, հապա ընտրելու առանձնաշնորհումը եւ պատասխանատուութիւնը տրուած է մեզի։ (Սաղմոս 100։3) Մարդկային առաջին արարածները՝ Ադամն ու Եւան՝ իրենց ընթացքը ընտրելու ազատ էին, բայց իրենց ընտրութեան համար Աստուծոյ համարատու էին։
2. Ադամ ի՞նչ ընտրեց եւ ի՛նչ արդիւնքով։
2 Արարիչը ամէն բան առատօրէն հայթայթեց, որպէսզի մարդիկ դրախտ երկրի մը վրայ անվերջ օրհնութիւններ վայելէին։ Այդ նպատակը տակաւին ինչո՞ւ չէ իրագործուած։ Քանի որ Ադամ սխալ ընտրութիւն մը ըրաւ։ Եհովա մարդուն հետեւեալ պատուէրը տուած էր. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ուստի, մեղքն ու մահը Ադամի ամբողջ սերունդին անցաւ։—Հռովմայեցիս 5։12
Օրհնութիւնները Մատչելի Եղած Են
3. Աստուած ինչպէ՞ս երաշխաւորեց որ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործուի։
3 Եհովա Աստուած միջոց մը հայթայթած է, որու շնորհիւ մարդկութիւնը օրհնելու իր նպատակը վերջապէս պիտի իրագործուի։ Ան Սերունդի մը մասին հետեւեալ մարգարէութիւնը տուաւ. «Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ (Ծննդոց 3։15) Աստուած հետագային խոստացաւ որ Աբրահամի շառաւիղէն գալիք այս Սերունդին միջոցաւ հնազանդ մարդկութեան վրայ օրհնութիւններ պիտի գային։—Ծննդոց 22։15–18
4. Մարդկութիւնը օրհնելու համար Եհովա ի՞նչ կարգադրութիւն ըրաւ։
4 Օրհնութիւններ բերելիք այդ Սերունդը Յիսուս Քրիստոսը պիտի ըլլար։ Մարդկութիւնը օրհնելու Եհովայի կարգադրութեան մէջ Յիսուսի խաղալիք դերին մասին Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք»։ (Հռովմայեցիս 5։8) Մեղաւոր մարդոցմէ անոնք որոնք Աստուծոյ հնազանդին եւ Յիսուս Քրիստոսի քաւիչ զոհին արժէքը գնահատեն՝ օրհնութիւններ պիտի ստանան։ (Գործք 4։12) Հնազանդութիւն եւ անոր ընկերակցող օրհնութիւնները պիտի ընտրէ՞ք։ Անհնազանդութեան հետեւանքը բոլորովին տարբեր պիտի ըլլայ։
Ի՞նչ Կրնանք Ըսել Անէծքի Մասին
5. «Անէծք» բառին իմաստը ի՞նչ է։
5 Օրհնութեան հակառակը՝ անէծք է։ «Անէծք» բառը կը նշանակէ մէկու մը մասին գէշ խօսիլ կամ չարամաղթութիւն մը ընել։ Եբրայերէն գէլալա բառին արմատն է գալալ, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «թեթեւ ըլլալ»։ Սակայն երբ փոխաբերական իմաստով գործածուի, կը նշանակէ ‘վրան չարիք կանչել‘ կամ ‘անարգանքով վարուիլ’։—Ղեւտացւոց 20։9. Բ. Թագաւորաց 19։43
6. Վաղեմի Բէթէլի մօտ Եղիսէի հետ առնչութիւն ունեցող ի՞նչ դէպք պատահեցաւ։
6 Անէծքի մը անմիջականօրէն գործադրուելուն եղեռական օրինակ մը նկատի առէք։ Այս դէպքը պատահեցաւ, երբ Աստուծոյ մարգարէն՝ Եղիսէ՝ Երիքովէն Բէթէլ կ’երթար։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Երբ ճամբայէն վեր կ’ելլէր, քաղաքէն պզտիկ տղաքներ ելան եւ զանիկա ծաղր կ’ընէին ու կ’ըսէին. ‘Ելի՛ր կնտակ, ելի՛ր կնտակ’։ Ետին դարձաւ ու զանոնք տեսաւ եւ Տէրոջը անունովը զանոնք անիծեց։ Անտառէն երկու մատակ արջ ելան ու անոնցմէ քառասունըերկու տղայ պատառեցին»։ (Դ. Թագաւորաց 2։23, 24) Յայտնի չէ որ ծաղր ընող տղաքը անիծելու համար Եղիսէն ճիշդ ի՛նչ ըսաւ։ Այսուհանդերձ, բերանացի այդ արտայայտութիւնը ազդու եղաւ, քանի որ աստուածային կամքին հետ ներդաշնակ գործող Աստուծոյ մարգարէն զայն արտասանեց Եհովայի անունով։
7. Եղիսէն ծաղրող տղոց ի՞նչ պատահեցաւ եւ ի՛նչու։
7 Այնպէս կը թուի որ այդ ծաղրանքին գլխաւոր պատճառը այդ էր որ Եղիսէն Եղիայի պաշտօնական վերարկուն հագած էր եւ տղաքը չէին ընդուներ այդ մարգարէն փոխարինող մը այդ շրջանին մէջ։ (Դ. Թագաւորաց 2։13) Ապացուցանելու համար որ ինք ի՛րապէս Եղիային յաջորդն էր եւ այդ տղոց ու անոնց ծնողներուն սորվեցնելու համար որ Եհովայի մարգարէին հանդէպ պատշաճ յարգանք պէտք է ունենան, Եղիսէ Եղիայի Աստուծոյն անունով անիծեց այդ ծաղրողները։ Եհովա անտառէն երկու մատակ արջեր հանելով եւ թոյլ տալով որ ծաղրողներէն 42 հոգի պատառեն, ցոյց տուաւ որ Եղիսէն որպէս մարգարէ իր հաճութիւնը կը վայելէր։ Եհովա վճռական քայլ առաւ, քանի որ անոնք այդ ժամանակ երկրի վրայ իր գործածած հաղորդակցութեան խողովակին հանդէպ բացայայտ կերպով անյարգալից վարուած էին։
8. Իսրայելացիները ի՞նչ ընելու հաւանութիւն տուին եւ ի՞նչ ակնկալութեամբ։
8 Տարիներ առաջ, Իսրայելացիները Աստուծոյ կարգադրութիւններուն հանդէպ յարգանքի նոյնանման պակաս մը ցոյց տուին։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչպէս. Հ.Դ.Ա. 1513–ին, Եհովա Իսրայէլ ժողովուրդին հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց տուաւ, զանոնք ‘արծիւի թեւերուն վրայ վերցնելով’ Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրեց։ Անկէ քիչ ետք, անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան։ Նկատի առէք որ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար, հնազանդութիւնը անհրաժեշտ է։ Մովսէսի միջոցաւ Եհովա ըսաւ. «Եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասնզի բոլոր երկիրը իմս է»։ Իսկ ժողովուրդը իր համաձայնութիւնը յայտնեց, ըսելով. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ (Ելից 19։4, 5, 8. 24։3) Իսրայելացիները հաստատեցին որ Եհովան կը սիրէին, Անոր նուիրուած էին եւ իր ձայնին հնազանդիլ ուխտեցին։ Այսպէս ընելը մեծ օրհնութիւններու դուռ պիտի բանար։
9, 10. Մինչ Մովսէս Սինա Լերան վրայ էր, Իսրայելացիները ի՞նչ ըրին եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
9 Սակայն, այդ համաձայնութեան հիմնական պայմանները տակաւին «Աստուծոյ մատովը» քարի վրայ քանդակուելէն առաջ իսկ, հարկ տեսնուեցաւ որ աստուածային անէծքը գար անոնց վրայ։ (Ելից 31։18) Ինչո՞ւ այսպիսի ողբերգութեան արժանացան։ Իսրայելացիները Եհովայի բոլոր ըսածները ընելու ցանկութիւն չէի՞ն յայտնած։ Այո, անոնք խօսքով օրհնութիւններ ուզեցին, բայց իրենց արարքներով ընթացք մը ընտրեցին որ անէծքի արժանացուց զիրենք։
10 Երբ Մովսէս Տասը Պատուիրանները ստանալու համար 40 օր Սինա Լերան վրայ էր, Իսրայելացիները Եհովայի հաւատարիմ գտնուելու իրենց նախկին խոստումը դրժեցին։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. ‘Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։ (Ելից 32։1) Ասիկա իր ժողովուրդը առաջնորդելու եւ անոնց ուղղութիւն տալու համար Եհովայի գործածած մարդկային գործակալին հանդէպ անյարգալից կեցուածքի ուրիշ օրինակ մըն էր։ Իսրայելացիները Եգիպտական կռապաշտութիւնը ընդօրինակելու մղուեցան եւ անոր հետեւանքը քաղեցին, երբ այդ օրը 3,000 սուրով սպաննուեցան։—Ելից 32։2–6, 25–29
Օրհնութիւններ եւ Անէծքներ
11. Օրհնութիւններու եւ անէծքներու մասին ո՞ր ցուցմունքներուն հետեւեցաւ Յեսու։
11 Մինչ անապատին մէջ Իսրայելացիներու 40 տարուան թափառումը իր վախճանին կը մօտենար, Մովսէս մանրամասնեց այն օրհնութիւնները զորս պիտի ստանային, եթէ Աստուծոյ հնազանդ ընթացք մը որդեգրէին։ Ան նաեւ թուեց այն անէծքները, զորս Իսրայելացիները պիտի ստանային, եթէ Եհովայի անհնազանդ գտնուէին։ (Բ. Օրինաց 27։11–28։10) Իսրայէլ Աւետեաց Երկիրը մտնելէն քիչ ետք, Յեսու այս օրհնութիւններու ու անէծքներու նկատմամբ Մովսէսի տուած հրահանգներուն հետեւեցաւ։ Իսրայէլի վեց ցեղերը Գեբաղ Լերան ստորոտը կայնեցուց, իսկ միւս վեց ցեղերը Գարիզին Լերան դիմաց դիրք բռնեցին։ Ղեւտացիները երկուքին միջեւ՝ հովիտին մէջ կայնեցան։ Այնպէս կը թուի որ Գեբաղ Լերան դիմաց կայնած ցեղերը իրենց ուղղութեամբ կարդացուած անէծքներուն՝ «Ամէն» կ’ըսէին։ Միւսները՝ Գարիզին Լերան ստորոտը եղողները՝ կը պատասխանէին դէպի իրենց կարդացուած օրհնութիւններուն։—Յեսուայ 8։30–35
12. Ղեւտացիներուն թուած անէծքներէն ոմանք ի՞նչ էին։
12 Պահ մը երեւակայեցէք Ղեւտացիներուն ըսածը. «Անիծեալ ըլլայ ա՛յն մարդը՝ որ արուեստաւորի ձեռագործ ու Տէրոջը առջեւ պիղծ սեպուող փորուած կամ ձուլածոյ կուռք կը շինէ ու գաղտուկ տեղ մը կը դնէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը կամ մօրը դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր դրացիին սահմանը կը փոխէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ կոյրը իր ճամբայէն կը խոտորեցնէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին իրաւունքը կը ծռէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր խորթ մօրը հետ կը պառկի. քանզի իր հօրը քղանցքը կը բանայ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ ոեւէ անասունի հետ կը պառկի։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը եղող իր քրոջ հետ կը պառկի։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր զոքանջին հետ կը պառկի։ . . . Անիծեալ ըլլայ ան որ իր դրացին գաղտուկ կը մեռցնէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ անմեղ մարդ մը մեռցնելու համար կաշառք կ’առնէ։ . . . Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ այս օրէնքին բոլոր խօսքերուն մէջ չի կենար,՝ որ զանոնք կատարէ»։—Բ. Օրինաց 27։15–26
13. Ձեր բառերով բացատրեցէք Ղեւտացիներուն թուած օրհնութիւններէն ոմանք։
13 Հիմա երեւակայեցէք որ Գարիզին Լերան դիմաց կայնողները Ղեւտացիներուն յիշած իւրաքանչիւր օրհնութեան իրենց հաւանութիւնը կու տան. «Քաղաքին մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։ Քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։ Մտած ատենդ օրհնեալ ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս»։—Բ. Օրինաց 28։3–6
14. Իսրայելացիները ի՞նչ հիման վրայ օրհնութիւններ պիտի ստանային։
14 Այս օրհնութիւնները ստանալու պայմանը ի՞նչ էր։ Տեղեկութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով՝ զգուշութեամբ գործադրես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քու Տէր Աստուածդ երկրի բոլոր ազգերէն աւելի պիտի բարձրացնէ քեզ։ Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին»։ (Բ. Օրինաց 28։1, 2) Այո, աստուածային օրհնութիւններ վայելելու բանալին՝ հնազանդութիւնն է։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ներկայիս մեր մասին։ Անհատապէս պիտի շարունակե՞նք ‘Եհովայի ձայնին մտիկ ընելով’ օրհնութիւններ եւ կեանքը ընտրել։—Բ. Օրինաց 30։19, 20
Աւելի Մօտէն Քննենք
15. Բ. Օրինաց 28։3–ի մէջ յիշուած օրհնութիւններուն մէջ կարեւոր ի՞նչ կէտ շեշտուած էր եւ ինչպէ՞ս կրնանք անկէ օգտուիլ։
15 Հիմա խորհինք կարգ մը օրհնութիւններու մասին զորս Իսրայելացի մը կրնար վայելել՝ Եհովայի հնազանդելով։ Օրինակ, Բ. Օրինաց 28։3–ը կ’ըսէ. «Քաղաքի մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս»։ Աստուծոյ օրհնութիւնը ո՛չ վայրէն եւ ո՛չ մեր նշանակումէն կախեալ է։ Ոմանք իրենց պարագաներով կաշկանդուած կրնան զգալ, թերեւս ապրելով տնտեսապէս քայքայուած շրջանի մը կամ պատերազմով պառակտուած երկրի մը մէջ։ Ուրիշներ տարբեր վայրի մը մէջ Եհովայի ծառայելու կարօտը ունին։ Քրիստոնեայ կարգ մը այրեր կրնան յուսահատիլ, քանի որ ժողովքին մէջ որպէս օգնական ծառայ կամ երէց նշանակում չեն ստացած։ Երբեմն Քրիստոնեայ կիներ կը յուսալքուին, քանի որ միջոց չունին որպէս ռահվիրայ կամ միսիոնար բոլորանուէր ծառայութիւն մը մատուցանելու։ Սակայն, ամէն անհատ որ ‘Եհովայի ձայնին մտիկ կ’ընէ եւ անոր բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կը կատարէ’՝ պիտի օրհնուի հիմա եւ յաւիտեան։
16. Ներկայիս Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչպէս Բ. Օրինաց 28։4–ի սկզբունքին կիրարկումը կը տեսնէ։
16 Բ. Օրինաց 28։4–ը կ’ըսէ. «Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան»։ Եբրայերէն՝ «քու» եզակի դերանունին գործածութիւնը կը նշէր որ իւրաքանչիւր հնազանդ Իսրայելացի այս բաները պիտի վայելէր։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ներկայիս Եհովայի հնազանդ ծառաներուն մասին։ Եհովայի Վկաներուն կազմակերպութեան համաշխարհային յաւելումը եւ ընդլայնումը, Թագաւորութեան բարի լուրի աւելի քան 5,000,000 հրատարակիչներու թափած անխոնջ ջանքերուն վրայ Աստուծոյ օրհնութեան արդիւնքն է։ (Մարկոս 13։10) Իսկ աւելի մեծ յաւելումի մը կարելիութիւնը բացայայտ է, քանի որ 13,000,000–է աւելի անհատներ ներկայ գտնուեցան 1995–ի Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան։ Անհատաապէս Թագաւորութեան օրհնութիւնները կը վայելէ՞ք։
Իսրայէլի Ընտրութիւնը Տարբերութիւն Ըրաւ
17. Օրհնութիւններուն կամ անէծքներուն մեր վրայ ‘հասնիլը’ ի՞նչ բանէն կախեալ է։
17 Արդարեւ, օրհնութիւնները հնազանդ Իսրայելացիի մը ետեւէն պիտի երթային։ Հետեւեալ խոստումը տրուած էր. «Այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին»։ (Բ. Օրինաց 28։2) Անէծքներուն համար ալ ըսուած էր. «Հետեւեալ անէծքները քու վրադ պիտի հասնին»։ (Բ. Օրինաց 28։15) Եթէ դուք այն ատեն ապրած Իսրայելացի մը ըլլայիք, ձեր վրայ օրհնութիւննե՞ր թէ անէծքներ ‘պիտի հասնէին’։ Անիկա Աստուծոյ հանդէպ ձեր հնազանդութենէն կամ անհնազանդութենէն կախեալ պիտի ըլլար։
18. Իսրայելացիները ինչպէ՞ս կրնային խնայուիլ անէծքներէն։
18 Բ. Օրինաց 28։15–68–ի մէջ անհնազանդութեան ցաւալի հետեւանքները բացատրուած են որպէս անէծքներ։ Անոնցմէ ոմանք Բ. Օրինաց 28։3–14–ի մէջ յիշուած օրհնութիւններուն ճիշդ հակառակն էին։ Յաճախ Իսրայելացիները սուտ պաշտամունքի ետեւէ երթալով անէծքի դառն հետեւանքները կը հնձէին։ (Եզրաս 9։7. Երեմեայ 6։6–8. 44։2–6) Ափսո՜ս։ Անոնք կրնային խուսափիլ այսպիսի հետեւանքներէ, շիտակ ընտրութիւն մը ընելով, ուրիշ խօսքով, լաւը եւ վատը յստակօրէն նշող Եհովայի օգտակար օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հնազանդելով։ Շատեր ներկայիս ցաւի ու վշտի մէջ են, որովհետեւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ ընթացք մը որդեգրած են սուտ կրօնքին հետեւելով, սեռային անբարոյութեան միջամուխ ըլլալով, թմրեցուցիչ գործածելով, խմիչքի անձնատուր ըլլալով եւ նման բաներով։ Վաղեմի Իսրայէլի ու Յուդայի նման, այսպիսի գէշ ընտրութիւն մը աստուածային տհաճութեան կ’արժանացնէ եւ անհարկի սրտցաւ կը պատճառէ։—Եսայեայ 65։12–14
19. Բացատրեցէք թէ Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ ի՛նչ վիճակները կը տիրէին, երբ Իսրայէլ Եհովայի հնազանդէր։
19 Երբ Իսրայէլ Եհովայի հնազնադէր, անհամար օրհնութիւններ կը ստանար եւ հանդարտութիւն կը վայելէր։ Օրինակ, Սողոմոն Թագաւորին օրերուն մասին ըսուած է. «Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։ . . . Սողոմոնի բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր»։ (Գ. Թագաւորաց 4։20–25) Դաւիթ Թագաւորին օրերուն ալ՝ հակառակ անոր որ Աստուծոյ թշնամիները շատ մը հակառակութիւններ ըրին՝ Իսրայէլ ազգը Եհովայի օգնութիւնը եւ օրհնութիւնը վայելեց, երբ ընտրեց ճշմարտութեան Աստուծոյն հնազանդիլ։—Բ. Թագաւորաց 7։28, 29. 8։1–15
20. Մարդկութեան վրայ Աստուած ի՞նչ վստահութիւն ունի։
20 Աստուծոյ պիտի հնազանդի՞ք՝ թէ անհնազանդ պիտի ըլլաք։ Իսրայելացիները ազատ էին ընտրելու։ Թէեւ բոլորս ալ Ադամէ բնածին մեղաւոր հակումներ ժառանգած ենք, բայց ազատ ընտրութեան ձրի պարգեւն ալ ստացած ենք։ Ի հեճուկս Սատանայի, այս ամբարիշտ դրութեան եւ մեր անկատարութեան, կրնա՛նք շիտակ ընտրութիւն մը ընել։ Մեր Ստեղծիչը վստահ է որ պիտի ըլլան անհատներ, որոնք որեւէ փորձութեան դիմաց շիտակ ընտրութիւն մը պիտի ընեն, ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով։ (Ա. Պետրոս 5։8–10) Դուք ալ անոնց մէջ պիտի գտնուի՞ք։
21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննենք։
21 Յաջորդ յօդուածին մէջ, անցեալի օրինակներուն լոյսին տակ պիտի կշռենք մեր կեցուածքը եւ արարքները։ Թող որ բոլորս ալ Մովսէսի միջոցով տրուած Աստուծոյ հետեւեալ խօսքերուն երախտագիտութեամբ հակազդենք. «Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէսզի ապրի[ս]»։—Բ. Օրինաց 30։19
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Եհովա ինչպէ՞ս կարելի ըրաւ որ մեղաւոր մարդկութեան վրայ օրհնութիւններ գային։
◻ Անէծքները ի՞նչ են։
◻ Իսրայելացիները ի՞նչպէս կրնային օրհնութիւններ ստանալ, փոխան՝ անէծքներու։
◻ Աստուծոյ հնազանդելով Իսրայէլ ի՞նչ օրհնութիւններ վայելեց։
[Նկար՝ էջ 18]
Իսրայելացիները Գարիզին եւ Գեփաղ Լերան դիմաց հաւաքուեցան