Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 11/1 էջ 4-8
  • Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հոգին՝ Եբրայերէն Գրութեանց Մէջ
  • Յունական Ազդեցութիւնը
  • Առաջին Քրիստոնեաներու Տեսակէտը Հոգիի Մասին
  • Վարդապետութեան Բուն Ծագումը
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Յարութեան վրայ ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հոգին՝ ըստ Աստուածաշունչին
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
  • Մահուան ժամանակ ի՞նչ կը պատահի հոգիին
    Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 11/1 էջ 4-8

Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը

ՀՌՈՎՄԷԱՑԻ զինուորները չէին սպասեր այս արդիւնքը։ Մինչ անոնք լեռներուն մէջ բոյն դրած Հրէական ըմբոստ ուժերու վերջին ամրոցին՝ Մասատային վրայ խուժեցին, անոնք կ’ակնկալէին իրենց թշնամիները ջարդել, ռազմիկներու պոռչտուքը եւ կիներու ու երեխաներու լաց ու կոծը լսել։ Սակայն միմիայն ճարճտող բոցերու ձայնը լսեցին։ Մինչ հրոյ ճարակ դարձած բերդը կը խուզարկէին, Հռովմէացիները տեղեկացան ահաւար ճշմարտութեան. թշնամիները՝ 960 հոգի՝ արդէն մահացած էին։ Հրեայ ռազմիկները կարգաւ իրենց ընտանիքի անդամները, ապա զիրար սպաննած էին։ Վերջին մնացած անհատն ալ անձնասպան եղած էր։a Ի՞նչ բան զիրենք առաջնորդած էր այս զանգուածային ահաւոր սպաննութեան ու անձնասպանութեան։

Ըստ ժամանակակից պատմաբան, Յովսեփոսի՝ հոգիի անմահութեան վրայ անոնց ունեցած հաւատքը կարեւոր դեր խաղցած է։ Էլիազար Պէն Ժայիր, Մասատայի Մոլեռադներու առաջնորդը, նախ փորձած է իր մարտիկները համոզել որ անձնասպանութիւնը աւելի պատուաբեր է քան մահը, կամ՝ Հռովմէացիներու ձեռքը գերի իյնալը։ Տեսնելով որ կը վարանին, ան հոգիի մասին խանդավառ բանախօսութիւն մը ըրած է։ Անոնց ըսած է որ մարմինը պարզ պատեան մը, հոգիին բանտն է։ Ապա շարունակած է ըսել. «Բայց երբ անիկա զինք երկիր քաշող ու իր մէջ պահող բեռէն ձերբազատուի, հոգին իր տեղը կը վերադառնայ, ապա ի՛րապէս օրհնեալ զօրութիւն եւ վերջապէս անկաշկանդ ոյժ կը ստանայ, մարդկային աչքին անտեսանելի մնալով, ինչպէս՝ Աստուած»։

Այս բանախօսութիւնը ի՞նչպէս կ’ողջունուի։ Յովսեփոս կը տեղեկագրէ որ Էլիազարի այս ճառը լսելով, «իր բոլոր ունկնդիրները զինք ընդմիջեցին եւ անզսպելի եռանդով վառուած՝ գործի անցան»։ Յովսեփոս կ’աւելցնէ. «Կարծես ոյժէ մը մղուած, անոնք խուժեցին, ամէն մէկը ջանալով միւսէն առաջ անցնիլ, . . . իրենց կիները, զաւակները եւ իրենք զիրենք սպաննելու անդիմադրելի ցանկութիւն մը պատած էր զիրենք»։

Այս դաժան օրինակը լաւ կերպով ցոյց կու տայ թէ հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՛նչպէս կրնայ մահուան մասին մարդոց բնական տեսութիւնը խեղաթիւրել։ Հոգիի անմահութեան հաւատացողներուն սորվեցուցած են որ մահը ո՛չ թէ վատ թշնամի մը նկատեն, այլ, որպէս՝ անցք, որ հոգին կ’ազատէ որպէսզի աւելի բարձր գոյութիւն մը վայելէ։ Բայց այդ Հրեայ Մոլեռանդները ի՞նչպէս տիրացած էին այս հաւատքին։ Շատեր կրնան խորհիլ որ իրենց սուրբ գրութիւնները, Եբրայերէն Գրութիւնները, կը սորվեցնեն որ մարդը իր մէջ գիտակից հոգի մը ունի որ մահուընէ ետք կը վերապրի։ Արդեօք իրապէս ա՞յս է պարագան։

Հոգին՝ Եբրայերէն Գրութեանց Մէջ

Նախ ըսենք որ պատասխանը ո՛չ է։ Աստուածաշունչի առաջին գրքէն՝ Ծննդոցէն՝ իսկ ըսուած է որ հոգին բան մը չէ որ ունիք, այլ հոգին դուք էք։ Առաջին մարդ արարածին, Ադամի ստեղծագործութեան մասին կը կարդանք. «Մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ (Ծննդոց (2։7) Հոս հոգիի համար գործածուած Եբրայերէն բառը՝ նէֆէշ՝ որ 700 անգամ կը տեսնուի Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ, ո՛չ մէկ անգամ կը հաղորդէ այն գաղափարը թէ անիկա մարդէն անջատ, եթերային, կամ անոր հոգեւոր մէկ մասն է։ Ընդհակառակը, հոգին շօշափելի, հաստատուն, ֆիզիքական բան մըն է։

Աստուածաշունչի ձեր անձնական օրինակին մէջ հետեւեալ համարները բացէք, քանի որ իւրաքանչիւրին մէջ Եբրայերէն նոյն նէֆէշ բառը գործածուած է, թէեւ՝ տարբեր բառերով թարգմանուած։ Անոնք յստակօրէն ցոյց կու տան որ հոգին վտանգի կ’ենթարկուի եւ նոյնիսկ կրնայ առեւանգուիլ. (Բ. Օրինաց 24։7. Դատաւորաց 9։17. Ա. Թագաւորաց 19։11, ՆԱ) իրերու դպչիլ (Յոբայ 6։7). երկաթներու մէջ դրուիլ (Սաղմոս 105։18). ուտելու ցանկութիւն ունենալ, ծոմապահութեամբ չարչարուիլ, անօթութենէ ու ծարաւէ նուաղիլ եւ մաշեցնող հիւանդութենէ տառապիլ, կամ նոյնիսկ վշտի հետեւանքով անքուն մնալ։ (Բ. Օրինաց 12։20. Սաղմոս 35։13. 69։10. 106։15. 107։9. 119։28) Ուրիշ խօսքով, ձեր հոգին դուք էք, ուրեմն ձեր անձը ի՛նչ բանի որ ենթարկուի, ձեր հոգին ալ նոյն բանին կ’ենթարկուի։b

Հետեւաբար, ասիկա կը նշանակէ՞ որ հոգին իրապէս կրնայ մեռնիլ։ Այո՛։ Եբրայերէն Գրութիւնները ցոյց կու տան որ հոգին ո՛չ թէ անմահ է, այլ անիկա յանցագործութեան համար կրնայ «կտրուիլ» կամ մեռցուիլ, մահուան մատնուիլ, փճացուիլ, եւ կտոր–կտոր ըլլալ։ (Ելից 31։14. Բ. Օրինաց 19։6. 22։26. Սաղմոս 7։2) «Այն հոգին (ՆԱ) որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի», կ’ըսէ Եզեկիէլ 18։4–ը։ Արդ, քանի որ բոլորս ալ կը մեղանչենք, ուրեմն, բոլոր մարդոց հոգիները կը մեռնին։ (Սաղմոս 51։5) Առաջին մարդուն՝ Ադամի՝ ըսուած էր որ մեղքին պատիժը մահ պիտի ըլլար եւ ոչ թէ հոգեղէն կամ անմահ կեանքի փոխադրութիւն մը։ (Ծննդոց 2։17) Ուստի, երբ ան մեղանչեց, հետեւեալ դատապարտութիւնը ստացաւ. «Հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Երբ Ադամն ու Եւան մեռան, անոնք պարզապէս ‘մեռած հոգիներ’ դարձան, ինչպէս յաճախ Աստուածաշունչը կը կոչէ։—Թուոց 5։2. 6։6

Զարմանալի չէ որ Համայնագիտարան մը (The Encyclopedia Americana) Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ հոգի բառին մասին կ’ըսէ. «Հին Կտակարանի համաձայն մարդը միաւոր մըն է եւ ոչ թէ հոգիի եւ մարմինի միացում մը»։ Ան կ’աւելցնէ. «նէֆէշը . . . մարմինէն անջատ գործելու գաղափարը բնաւ գոյութիւն չունի»։

Ուստի, հաւատարիմ Հրեաներուն համար մահը ի՞նչ էր։ Անոնք պարզապէս կը հաւատային որ մահը՝ կեանքին հակառակն է։ Սաղմոս 146։4–ը կ’ըսէ թէ ինչ կը պատահի, երբ ոգին, կամ կեանքի ոյժը մարդ արարածը կը ձգէ։ «Անոր [ոգին] հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ, նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։c Նոյն գծով, Սողոմոն Թագաւոր գրեց որ «մեռելները բան մը չեն գիտեր»։—Ժողովողի 9։5

Արդ, ի՞նչու առաջին դարու Հրեաներէն շատեր՝ ինչպէս Մասատայի Մոլեռանդները՝ այդքան կը հաւատային հոգիի անմահութեան։

Յունական Ազդեցութիւնը

Հրեաները այս գաղափարը ո՛չ թէ Աստուածաշունչէն առած էին, այլ՝ Յոյներէն։ Այնպէս կը թուի որ Հ.Դ.Ա. եօթէն հինգերորդ դարերուն, այս հաւատալիքը Յոյն կրօնական խորհրդաւոր արարողութիւններէն Յունական փիլիսոփայութեան մէջ անցած էր։ Հանդերձեալ կեանքի գաղափարը՝ ըստ որու չարերուն հոգիները տանջալից պատիժի պիտի ենթարկուին՝ արդէն երկար ատենէ ժողովրդական դարձած էր. ուստի այս միտքը կերպար առաւ ու տարածուեցաւ։ Փիլիսոփաները անվերջօրէն կը վիճէին հոգիին ճշգրիտ բնոյթին շուրջ։ Հոմերոս կը դաւանէր որ հոգին մահուան ժամանակ դուրս կը թռչի, լսելի բզզոց մը, ճռուողիւն մը կամ խշրտուք մը հանելով։ Եպիկուրոսի համաձայն հոգին իրապէս ծանրութիւն ունի եւ հետեւաբար ամենափոքր մարմինն է։d

Բայց թերեւս հոգիի անմահութեան մեծագոյն ջատագովը եղած է Յոյն իմաստասէր Պղատոնը, որ Հ.Դ.Ա. չորրորդ դարուն ապրած է։ Դարեր ետք Մասատայի Մոլեռանդներուն նոյն համազումները կը գտնենք իր ուսուցիչին՝ Սոկրատի մահուան նկարագրականին մէջ։ Ինչպէս Օսգար Գիւլման ուսումնականը կը բացատրէ, «Պղատոն ցոյց կու տայ որ Սոկրատ ինչպէս խաղաղ ու հանդարտօրէն մահը դիմագրաւեց։ Սոկրատի մահը գեղեցիկ մահ մըն է։ Մահուան սարսափը չկայ։ Սոկրատ չէր կրնար մահուընէ վախնալ, քանի որ անիկա մեր մարմինը կ’ազատագրէ։ . . . Մահը հոգիին մեծագոյն բարեկամն է։ Սոկրատ այդպէս կը սորվեցնէ եւ իր ուսուցումին հետ հոյակապ ներդաշնակութեան մէջ կը մեռնի»։

Բացայայտօրէն Մակաբայեցւոց շրջանին, այսինքն, Քրիստոսէ առաջ երկրորդ դարուն էր որ Հրեաները՝ Յոյներէն փոխ առնելով՝ սկսան իւրացնել հոգիի անմահութեան ուսուցումը։ Յովսեփոս կ’ըսէ որ Հ.Դ. առաջին դարուն, Փարիսեցիները եւ Եասէնեաները՝ Հրէական զօրաւոր աղանդներ՝ այս վարդապետութիւնը որդեգրեցին։ Կարգ մը բանաստեղծութիւններ, հաւանաբար այդ շրջանին գրուած՝ նոյն հաւատալիքը կ’արտացոլացնեն։

Ի՞նչ կրնանք ըսել Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Ինք եւ իր հետեւորդներն ալ Յունական կրօնքէն ծագում առած այս գաղափարը սորվեցուցի՞ն։

Առաջին Քրիստոնեաներու Տեսակէտը Հոգիի Մասին

Առաջին դարու Քրիստոնեաները հոգիին մասին Յոյներուն տեսակէտը չէին բաժներ։ Նկատի առէք զոր օրինակ, Յիսուսի բարեկամին՝ Ղազարոսի մահը։ Եթէ Ղազարոս անմահ հոգի մը ունեցած ըլլար, որ մահուան ատեն թռչած, ազատ եւ ուրախ ըլլար, չէ՞ք խորհիր որ Յովհաննու 11–րդ գլուխի տեղեկութիւնը շատ տարբեր պիտի ըլլար։ Եթէ Ղազարոս երկնքի մէջ ողջ ու առողջ ու գիտակից ըլլար, վստահաբար Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսած պիտի ըլլար. ճիշդ հակառակը, ան Եբրայերէն Գրութիւններուն համաձայն արտայայտուեցաւ եւ անոնց ըսաւ որ Ղազարոս կը քնանար եւ անգիտակից էր։ (Համար 11) Վստահաբար Յիսուս պիտի ուրախանար եթէ իր բարեկամը հոյակապ նոր վիճակի մէջ եղած ըլլար. բայց կը տեսնենք որ անոր մահուան վրայ ան հանրապէս լացաւ։ (Համար 35) Եթէ Ղազարոսի հոգին երկինքը երանելի անմահութեան մէջ եղած ըլլար, վստահաբար Յիսուս այնքան դաժան պիտի չըլլար զայն ետ բերելով, որպէսզի քանի մը տարի եւս ապրի հիւանդ ու մահացու մարդոց ու անկատար մարմնի «բանտին» մէջ։

Ղազարոս մահուընէ վերադառնալէ ետք խանդավառօրէն պատմե՞ց չորս օր որպէս անկաշկանդ ու անմարմին իր հոյակապ գոյութեան մասին։ Ո՜չ, ան բան մը չըսաւ։ Հոգիի անմահութեան հաւատացողները կը պատասխանեն որ մարդուն այս փորձառութիւնը բառերով չի բացատրուիր։ Բայց այդ պատճառաբանութիւնը համոզիչ չէ. Ղազարոս գէթ իր սիրելիներուն պիտի չպատմէ՞ր թէ աննկարագրելի փորձառութիւն մը ունեցած էր։ Ընդհակառակը, Ղազարոս իր մեռած ժամանակին մասին բան մը չըսաւ։ Պահ մը խորհեցէք. լուռ մնալ նիւթի մը մասին, որ մարդոց մեծագոյն հետաքրքրութեան առարկան է, որ է՝ ի՞նչպիսի բան մըն է մահը։ Այդ լռութիւնը միայն մէկ կերպով կարելի է բացատրել. պատմելիք բան չկար քանի որ մեռելները անգիտակից կը ննջեն։

Արդ, Աստուածաշունչը մահը կը ներկայացնէ՞ որպէս հոգիին բարեկամը եւ մէկ գոյութենէ ուրիշի մը անցնելու կերպ մը։ Ո՛չ։ Պօղոս առաքեալի նման ճշմարիտ Քրիստոնեաներու համար, մահը բարեկամ մը չէր, այլ՝ «վերջին թշնամին»։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) Քրիստոնեաները մահը բնական չեն նկատեր, այլ որպէս սարսափելի, անբնական բան մը, քանի որ անիկա ուղղակիօրէն կապ ունի մեղքի եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան հետ։ (Հռովմայեցիս 5։12. 6։23) Անիկա մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակին երբեք մաս չէ կազմած։

Սակայն հոգիին մահկանացու ըլլալը՝ ճշմարիտ Քրիստոնեաները անյոյս չի ձգեր։ Ղազարոսի յարութիւնը Աստուածաշունչի բազմաթիւ պատմութիւններէն մէկն է որ ցոյց կու տայ մեռած հոգիներուն համար սուրբ գրային իրական յոյսը՝ յարութիւնը։ Աստուածաշունչը երկու տեսակ յարութիւններու մասին կը խօսի։ Գերեզմանի մէջ ննջող մարդոց հսկայ մեծամասնութեան համար, անոնք ըլլան արդարներ թէ անիրաւներ, հոս երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքի համար յարուցուելու յոյսը կայ։ (Ղուկաս 23։43. Յովհաննու 5։28, 29. Գործք 24։15) Իսկ պզտիկ խումբի մը համար, որու «Յիսուս ակնարկեց որպէս իր «պզտիկ հօտ»ը, երկնքի մէջ անմահ կեանքի յարութիւն մը հրամցուած է որպէս հոգեղէն արարածներ։ Ասոնք՝ որոնց մէջ կան Քրիստոսի առաքեալները՝ Քրիստոս Յիսուսի հետ մարդկութեան վրայ պիտի իշխեն եւ զանոնք կատարելութեան պիտի հասցնեն։—Ղուկաս 12։32. Ա. Կորնթացիս 15։53, 54. Յայտնութիւն 20։6

Ուստի, Քրիստոնեայ Աշխարհի եկեղեցիները ի՞նչու հոգիի անմահութիւնը կը սորվեցնեն եւ ոչ թէ յարութիւնը։ Ասոր պատասխանած է աստուածաբան Ուէրնըր Ճիկըր 1959–ին. «Քրիստոնէական վարդապետութեան ամենակարեւոր իրողութիւնը այդ է որ Քրիստոնէական աստուածաբանութեան հայրը՝ Օրիկէն՝ Աղէքսանդրիոյ դպրոցին մէջ Պղատոնական իմաստասէր մըն էր։ Ան Քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ աւելցուց Պղատոնէն առած հոգիի մասին ամբողջ ուսուցումները»։ (The Harvard Theological Review) Հետեւաբար, եկեղեցիները ըրին ճիշդ ինչ որ Հրեաները դարեր առաջ ըրած էին. անոնք սուրբ գրային ուսուցումը մոռցան, ի սէր Յունական փիլիսոփայութեան։

Վարդապետութեան Բուն Ծագումը

Արդ, հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը պաշտպանելու համար անհատ մը կրնայ հարց տալ. Ի՞նչու այս նոյն վարդապետութիւնը այս կամ այն կերպով կ’ուսուցուի աշխարհի այսքան տարբեր կրօնքներուն կողմէ։ Աստուածաշունչը այս մասին տրամաբանական պատճառ մը կու տայ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», մասնաւորաբար Սատանայի մատնանշելով որպէս «այս աշխարհի իշխանը»։ (Ա. Յովհաննու 5։19. Յովհաննու 12։31) Բացայայտօրէն, աշխարհի կրօնքները Սատանայի ազդեցութենէն զերծ չեն մնացած։ Հակառակը, անոնք ներկայ աշխարհի խնդիրներուն եւ պայքարներուն մեծապէս նպաստած են։ Իսկ հոգիի հարցով, անոնք շատ յստակօրէն Սատանայի միտքը ցոլացուցած են։ Ի՞նչպէս։

Յիշեցէք առաջին խօսուած սուտը։ Աստուած Ադամին ու Եւային ըսած էր որ եթէ մեղանչէին իր դէմ, հետեւանքը մահ պիտի ըլլար։ Սակայն, Սատանան հաւաստիացուց Եւայի. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ (Ծննդոց 3։4) Անշուշտ, ինչպէս Աստուած ըսած էր, Ադամն ու Եւան մեռան. անոնք հող դարձան։ Սատանան՝ «ստութեան հայրը»՝ բնաւ չմոռցաւ իր առաջին սուտը։ (Յովհաննու 8։44) Աստուածաշունչի վարդապետութենէն շեղած կամ բոլորովին զայն անտեսած անհամար կրօնքներու մէջ այս նոյն գաղափարը հրամցուած է. ‘Անշուշտ պիտի չմեռնիք։ Ձեր մարմինը կրնայ փճանալ, բայց ձեր հոգին կը շարունակէ ապրիլ յաւիտեան՝ Աստուծոյ նման’։ Հետաքրքրական է նաեւ ինչ որ Սատանան ըսաւ Եւայի, թէ ան «Աստուծոյ պէս» պիտի ըլլար։—Ծննդոց 3։5

Ո՜րքան նախընտրելի է ճշմարտութեան վրայ հիմնուած յոյս մը ունենալ, քան՝ սուտերու կամ մարդկային փիլիսոփայութիւններու վրայ։ Ո՜րքան նախընտրելի է վստահ ըլլալ որ մեր ննջող սիրելիները անգիտակից են գերեզմանին մէջ, քան թէ անմահ հոգիներուն ո՛ւր ըլլալուն մասին մտատանջուիլ։ Մեռելներու ննջաց վիճակը մեզ սարսափի կամ ընկճուածութեան մէջ չի պահեր։ Կերպով մը մեռելները կրնանք երեւակայել ապահով հանգստութեան վայրի մը մէջ։ Ի՞նչու ապահով։ Քանի որ Աստուածաշունչը այն երաշխիքը կու տայ որ Եհովայի սիրած մեռելները մասնայատուկ իմաստով մը ողջ են։ (Ղուկաս 20։38) Անոնք իր յիշողութեան մէջ ողջ են։ Ասիկա իրապէս մեզ կը մխիթարէ, քանի որ Անոր յիշողութիւնը անսահման է։ Ան անհամար միլիոնաւոր սիրելի մարդոց կեանք եւ դրախտ երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւն պիտի տայ։—Բաղդատել Յոբայ 14։14, 15

Յարութեան փառաւոր օրը պիտի գայ, քանի որ Եհովայի բոլոր խոստումները պի՛տի կատարուին։ (Եսայեայ 55։10, 11) Միայն երեւակայեցէք որ հետեւեալ մարգարէութիւնը կատարուած է. «Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ»։ (Եսայեայ 26։19) Ուրեմն, գերեզմանին մէջ ննջող մեռելները, իր մօրը արգանդին մէջ գտնուող երեխային նման ապահով են։ Անոնք շուտով ‘դուրս’ պիտի գան, դրախտ երկրի վրայ ապրելու համար։

Ասկէ աւելի գեղեցիկ յոյս գոյութիւն կրնա՞յ ունենալ։

[Ստորանիշներ]

a Տեղեկագրութեան համաձայն, երկու կին եւ հինգ երեխայ պահուըտած ըլլալով վերապրած են։ Յետոյ կիները մանրամասնութիւնները պատմած են Հռովմէացիներուն։

b Անշուշտ, լայն գործածութիւն ունեցող շատ մը բառերուն նման, նէֆէշ բառն ալ ուրիշ իմաստներ կը կրէ։ Օրինակի համար, անիկա կրնայ ակնարկել ներքին մարդուն, մանաւանդ անոր խոր զգացումներուն։ (Ա. Թագաւորաց 18։1) Անիկա կրնայ ակնարկել նաեւ որպէս ապրող հոգի մէկու մը վայելած կեանքին։—Ա. Թագաւորաց 17։21–23

c «Ոգի»ի համար Եբրայերէն բառն է ռուախ, որ կը նշանակէ «շունչ» կամ «հով»։ Մարդ արարածներուն կապակցաբար, անիկա չակնարկէր գիտակից հոգեղէն էութեան մը, այլ ինչպէս Բառարան մը (The New International Dictionary of New Testament Theology) կ’ըսէ՝ «անհատին կեանքի ուժին»։

d Այսպիսի արտակարգ գաղափար ունեցողներուն մէջ ան վերջինը չէր։ Այս դարուն սկիզբը, գիտնական մը ըսաւ որ ինք տարբեր անհատներու հոգին կշռած էր, մահուընէ առաջ եւ վերջ անոնց կշիռքը բաղդատելով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել