Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 12/1 էջ 6-11
  • Օրէնքը՝ Քրիստոսէ առաջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրէնքը՝ Քրիստոսէ առաջ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մովսիսական Օրէնքին Նպատակը
  • Ողորմութիւն ու Կարեկցութիւն Ներշնչող Օրէնք մը
  • Օրէնքին Սխալ Գործածութիւնը
  • Փարիսեցիութեան Պատճառած Ապականութիւնը
  • Փարիսեցիներուն Սխալներէն Սորվինք
  • Քրիստոսին օրէնքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Նախկին քրիստոնեաները եւ Մովսիսական օրէնքը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Աստուածային օրէնքները մեր օգտին համար են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 12/1 էջ 6-11

Օրէնքը՝ Քրիստոսէ առաջ

«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—ՍԱՂՄՈՍ 119։97

1. Ի՞նչ բան կը ղեկավարէ երկնային մարմիններու շարժումները։

ԻՐ մանկութենէն ի վեր, Յոբ հաւանաբար հիացմունքով դիտած էր աստղերը։ Թերեւս իր ծնողները իրեն սորվեցուցած էին հսկայ համաստեղութիւններուն անունները եւ ի՛նչ որ գիտէին՝ երկնքի մէջ անոնց շարժումները ղեկավարող օրէնքներուն մասին։ Արդարեւ, անցեալին՝ մարդիկ այս հսկայ, շքեղ աստղերուն կանոնաւոր շարժումներով կը զանազանէին տարբեր եղանակները։ Բայց ամէն անգամ որ երկինքը հիացմունքով դիտած էր, Յոբ չէր գիտցած թէ ի՛նչ հզօր ուժեր այս աստղախումբերը համախմբուած կը պահէին։ Ուստի, ան չկրցաւ պատասխան տալ, երբ Եհովա Աստուած իրեն հարցուց. «Երկնքի կանոնները գիտե՞ս»։ (Յոբայ 38։31–33) Այո, աստղերը օրէնքներով կը ղեկավարուին. օրէնքներ՝ որոնք ա՛յնքան ճշգրիտ ու բարդ են, որ ներկայ գիտնականները զանոնք լիովին չեն ըմբռներ։

2. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ամբողջ ստեղծագործութիւնը օրէնքով կը ղեկավարուի։

2 Եհովա տիեզերքի Գերագոյն Օրէնսդիրն է։ Անոր բոլոր գործերը օրէնքով կը ղեկավարուին։ Անոր սիրելի Որդին, «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը», հաւատարմօրէն իր Հօր օրէնքին կը հնազանդէր նիւթական տիեզերքը գոյանալէ առաջ։ (Կողոսացիս 1։15) Հրեշտակներն ալ օրէնքով կ’առաջնորդուին։ (Սաղմոս 103։20) Նոյնիսկ անասունները օրէնքով կը ղեկավարուին, մինչ Ստեղծիչին կողմէ իրենց մէջ յայտագրուած բնազդին կը հնազանդին։—Առակաց 30։24–28. Երեմեայ 8։7

3. (ա) Մարդկութիւնը ինչո՞ւ օրէնքներու կարիքը ունի։ (բ) Եհովա ի՞նչ միջոցով Իսրայէլ ազգը կառավարեց։

3 Ի՞նչ կրնանք ըսել մարդկութեան մասին։ Մտացի, բարոյական ու հոգեւոր յատկանիշներով պարգեւատրուած ըլլալով հանդերձ, տակաւին որոշ չափով աստուածային օրէնքի կարիքը ունինք, այս կարողութիւնները գործածելու մէջ ուղղութիւն ստանալու համար։ Մեր առաջին ծնողները՝ Ադամն ու Եւան՝ կատարեալ էին, հետեւաբար կարգ մը օրէնքներ բաւարար էին զիրենք առաջնորդելու համար։ Իրենց երկնաւոր Հօր հանդէպ սէրը բաւարար պատճառ պէտք էր ըլլար որ անոնք ուրախութեամբ հնազանդէին։ Սակայն, անոնք անհնազանդ գտնուեցան։ (Ծննդոց 1։26–28. 2։15–17. 3։6–19) Որպէս հետեւանք, անոնց սերունդը մեղաւոր արարածներ եղան, որոնք ուղղութիւն հայթայթող շա՜տ աւելի օրէնքներու կարիքը ունեցան։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովա սիրալիր կերպով այս կարիքը լեցուց։ Ան Նոյի տուաւ մասնայատուկ օրէնքներ, որոնք իր ընտանիքին պէտք էր փոխանցէր։ (Ծննդոց 9։1–7) Դարեր ետք, Աստուած նորակազմ Իսրայէլ ազգին մանրամասն, գրաւոր Օրէնք մը տուաւ Մովսէսի միջոցաւ։ Ասիկա առաջին անգամն էր որ Եհովա ամբողջ ազգ մը աստուածային օրէնքով կը կառավարէր։ Այդ Օրէնքը քննելը պիտի օգնէ մեզի հասկնալու թէ ներկայիս աստուածային օրէնքը ինչ կենսական դեր կը խաղայ Քրիստոնեաներուն կեանքին մէջ։

Մովսիսական Օրէնքին Նպատակը

4. Աբրահամի ընտրեալ շառաւիղին համար ինչո՞ւ դժուար էր խոստացեալ Սերունդը յառաջ բերել։

4 Պօղոս առաքեալ որ Օրէնքը խորապէս ուսումնասիրած էր, հարցուց. «Հապա ինչո՞ւ համար է օրէնքը»։ (Գաղատացիս 3։19) Ասոր պատասխանելու համար, պէտք է վերյիշենք որ Եհովա իր բարեկամին՝ Աբրահամի՝ խոստացաւ որ իր շառաւիղը Սերունդ մը յառաջ պիտի բերէր, բոլոր ազգերուն վրայ հոյակապ օրհնութիւններ տեղացնելու համար։ (Ծննդոց 22։18) Սակայն ասիկա դժուարութիւն մը կը յարուցանէր. Աբրահամի ընտրեալ սերունդին՝ Իսրայելացիներուն՝ բոլորը Եհովան սիրող անհատներ չէին։ Ժամանակի ընթացքին, անոնց մեծամասնութիւնը խստապարանոց ու ապստամբ եղաւ, իսկ ոմանք նոյնիսկ անղեկավարելի դարձան։ (Ելից 32։9. Բ. Օրինաց 9։7) Այսպիսի անհատներ Աստուծոյ ժողովուրդին մէկ մասը եղան պարզապէս ծնունդով, եւ ո՛չ թէ անձնական ընտրութեամբ։

5. (ա) Եհովա Մովսիսական Օրէնքին միջոցաւ Իսրայելացիներուն ի՞նչ սորվեցուց։ (բ) Օրէնքը ինչպէ՞ս անոր յարողներուն վարքին պիտի ազդէր։

5 Այսպիսի ժողովուրդ մը ի՞նչպէս կրնար խոստացեալ Սերունդը յառաջ բերել ու անկէ օգտուիլ։ Փոխանակ զանոնք մարդամեքենաներու նման ղեկավարելու, Եհովա օրէնքի միջոցաւ անոնց սորվեցուց։ (Սաղմոս 119։33–35. Եսայեայ 48։17) Իրականութեան մէջ, «օրէնք» թարգմանուած Եբրայերէն բառը՝ թորա՝ «հրահանգ» կը նշանակէ։ Անիկա ի՞նչ կը սորվեցնէր։ Անիկա Իսրայելացիներուն գլխաւորաբար կը սորվեցնէր թէ կարիքը ունէին Մեսիային, որ զիրենք փրկէր իրենց մեղաւոր վիճակէն։ (Գաղատացիս 3։24) Օրէնքը նաեւ աստուածավախութիւն ու հնազանդութիւն կը սորվեցնէր։ Աբրահամական խոստումին հետ ներդաշնակ ըլլալով, Իսրայելացիները միւս բոլոր ազգերուն առջեւ Եհովայի համար որպէս վկաներ պիտի ծառայէին։ Ուստի, Օրէնքը անոնց պիտի սորվեցնէր Եհովան պատուող վսեմ ու ազնիւ վարքագիծ մը. անիկա Իսրայէլի պիտի օգնէր որ հեռու մնար զինք շրջապատող ազգերուն պիղծ սովորութիւններէն։—Ղեւտացւոց 18։24, 25. Եսայեայ 43։10–12

6. (ա) Մովսիսական Օրէնքը մօտաւորապէս քանի՞ կանոններ կը բովանդակէ, եւ ինչո՞ւ պէտք չէ այդ թիւը շատ սեպենք։ (Տես՝ ստորանիշը։) (բ) Մովսիսական Օրէնքը ուսումնասիրելով ի՞նչ ներատեսութիւն կրնանք ձեռք ձգել։

6 Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ Մովսիսական Օրէնքը բազմաթիւ կանոններ կը բովանդակէ՝ 600–է աւելի։a Այս օրինագիրքը պաշտամունքի, կառավարական, բարոյական, արդարադատական նոյնիսկ սննդականոնի ու առողջապահական մարզերը կարգի դրաւ։ Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ որ Օրէնքը պարզապէս սառն կանոններու ու համառօտ պատուիրանքներու հաւաքածոյ մըն էր։ Բնա՛ւ երբեք։ Այս Օրէնքին ուսումնասիրութիւնը Եհովայի սիրալիր անձնաւորութեան մասին խոր հասկացողութիւն կու տայ։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք։

Ողորմութիւն ու Կարեկցութիւն Ներշնչող Օրէնք մը

7, 8. (ա) Օրէնքը ի՞նչ կերպով ողորմութեան ու կարեկցութեան վրայ շեշտ դրաւ։ (բ) Եհովա ի՞նչպէս Օրէնքը ողորմութեամբ գործադրեց Դաւիթի պարագային։

7 Օրէնքը ողորմութիւնը ու կարեկցութիւնը կը քաջալերէր, մանաւանդ՝ չքաւորին կամ անօգնականին հանդէպ։ Որբեւայրիներու եւ որբերու պաշտպանութեան մասնաւոր տեղ տրուած էր։ (Ելից 22։22–24) Աշխատանքի համար գործածուող անասուններուն հետ վայրագութեամբ վարուելու դէմ օրէնքներ կային։ Ստացուածքի հիմնական իրաւունքները կը յարգուէին։ (Բ. Օրինաց 24։10. 25։4) Թէեւ Օրէնքը մարդասպանութեան համար մահապատիժ կը պահանջէր, բայց անդիտումնաւոր սպանութեան պարագային ողորմութեան տեղ կը տրուէր։ (Թուոց 35։11) Ակներեւաբար, Իսրայելացի դատաւորները որոշ ազատութիւն ունէին կարգ մը յանցանքներու համար տրուելիք պատիժը որոշելու, յանցագործին կեցուածքէն դատելով։—Բաղդատել Ելից 22։7 եւ Ղեւտացւոց 6։1–7։

8 Եհովա դատաւորներուն օրինակ հանդիսացաւ, Օրէնքը հաստատամտութեամբ կիրարկելով՝ երբ հարկ էր, բայց ողորմութեամբ՝ երբ կարելի էր։ Շնութիւն ու մարդասպանութիւն գործած Դաւիթ թագաւորին ողորմութիւն ցուցաբերուեցաւ։ Անշուշտ ան անպատիժ չմնաց, քանի որ Եհովա զինք չպաշտպանեց իր մեղքէն առթած ահռելի հետեւանքներէն։ Սակայն, Դաւիթ Թագաւորութեան ուխտին, եւ բնաւորութեամբ ողորմած ըլլալուն ու խորապէս զղջալուն պատճառաւ, մահուան չդատապարտուեցաւ։—Ա. Թագաւորաց 24։4–7. Բ. Թագաւորաց 7։16. Սաղմոս 51։1–4. Յակոբու 2։13

9. Սէրը ի՞նչ դեր խաղցաւ Մովսիսական Օրէնքին մէջ։

9 Մովսիսական Օրէնքը սիրոյ վրայ ալ շեշտ կը դնէր։ Երեւակայեցէ՛ք որ այժմու ազգերէն մէկը իրապէս սէր պահանջող օրինագիրք մը ունենար։ Արդ, Մովսիսական Օրէնքը ոչ միայն սպանութիւնը կ’արգիլէր, այլ նաեւ կը պատուիրէր. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ (Ղեւտացւոց 19։18) Անիկա ոչ միայն օտարականին հետ անիրաւութեամբ վարուիլը կ’արգիլէր, այլ նաեւ կը պատուիրէր. «Քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասնզի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք»։ (Ղեւտացւոց 19։34) Անիկա ոչ միայն շնութիւնը անօրէն կը սեպէր, այլ ամուսինին կը պատուիրէր որ իր կինը ուրախացնէ։ (Բ. Օրինաց 24։5) Միայն Բ. Օրինաց գրքին մէջ, սիրոյ յատկութիւնը բնորոշող Եբրայերէն բառերը շուրջ 20 անգամ գործածուած են։ Եհովա Իսրայելացիները վստահեցուց որ զիրենք սիրած էր, տակաւին կը սիրէր, եւ պիտի շարունակէր սիրել։ (Բ. Օրինաց 4։37. 7։12–14) Իրապէս, Մովսիսական Օրէնքին մեծագոյն պատուէրն էր. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ»։ (Բ. Օրինաց 6։5) Յիսուս ըսաւ որ ամբողջ Օրէնքը այս, եւ ընկերը սիրելու պատուիրանքէն կախուած է։ (Ղեւտացւոց 19։18. Մատթէոս 22։37–40) Զարմանալի չէ որ սաղմոսերգուն գրեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։—Սաղմոս 119։97

Օրէնքին Սխալ Գործածութիւնը

10. Հրեաները, մեծաւ մասամբ, ի՞նչպէս վարուեցան Մովսիսական Օրէնքին հետ։

10 Որքա՜ն ցաւալի է որ Իսրայէլ մեծապէս թերագնահատեց Մովսիսական Օրէնքը։ Ժողովուրդը Օրէնքին չհնազանդեցաւ, զայն անտեսեց կամ զանց ըրաւ։ Անոնք ուրիշ ազգերու կրօնական գարշելի սովորութիւններով մաքուր պաշտամունքը ապականեցին։ (Դ. Թագաւորաց 17։16, 17. Սաղմոս 106։13, 35–38) Անոնք տարբեր կերպերով ալ Օրէնքին հանդէպ անհաւատարիմ գտնուեցան։

11, 12. (ա) Եզրասի օրերէն ետք, կրօնական առաջնորդներու խմբակներ ի՞նչպիսի վնաս հասցուցին։ (Տես շրջագիծը։) (բ) Վաղեմի ռաբբիները ինչո՞ւ «Օրէնքին շուրջ ցանկապատ մը քաշել»ը անհրաժեշտ նկատեցին։

11 Օրէնքը սորվեցնել ու պահպանել դաւանողները՝ իրե՛նք էին որ մեծագոյն վնասը հասցուցին անոր։ Ասիկա պատահեցաւ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարու հաւատարիմ Եզրաս դպիրին օրերէն ետք։ Եզրաս ուրիշ ազգերու ապականիչ ազդեցութիւններուն դէմ ուժգնօրէն պայքարեցաւ ու Օրէնքը ընթերցելու եւ ուսուցանելու վրայ շեշտ դրաւ։ (Եզրասայ 7։10. Նէեմեայ 8։5–8) Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք դաւանեցան Եզրասի քայլերուն հետեւիլ ու կազմեցին ինչ որ ետքը կոչուեցաւ «Մեծ Ժողովարան»ը։ Անոր ասացուածքներէն մէկը հետեւեալ ցուցմունքն էր. «Օրէնքին շուրջ ցանկապատ մը քաշեցէք»։ Այս ուսուցիչները կը պատճառաբանէին որ Օրէնքը թանկագին պարտէզի մը նման էր։ Որպէսզի որեւէ մէկը այս պարտէզին օրէնքը բեկանելով չկարենայ հոն մուտք գործել, անոնք յաւելեալ օրէնքներ՝ «Բերանացի Օրէնք»ը՝ յօրինեցին, այսպիսի յանցագործութեան մօտենալու արգելք հանդիսանալու համար։

12 Ոմանք կրնան արդարացնել Հրեայ առաջնորդներու այս կերպը։ Եզրասէն ետք, Հրեաները օտար ուժերու, մանաւանդ Յունաստանի տիրապետութեան ներքեւ եկան։ Յունական փիլիսոփայութեան ու մշակոյթին ազդեցութեան դէմ դնելու համար, Հրեաներուն մէջ կրօնական առաջնորդներու խումբեր մէջտեղ եկան։ (Տես շրջագիծը, էջ 8–ի վրայ։) Ժամանակի ընթացքին, այս խումբերէն ոմանք ղեւտական քահանայութեան հետ մրցակցեցան ու նոյնիսկ գերազանցեցին զայն որպէս Օրէնքի ուսուցիչներ։ (Բաղդատել Մաղաքեայ 2։7։) Հ.Դ.Ա. 200–ի ատենները, բերանացի օրէնքը հրէական կեանքէն ներս սկսած էր թափանցել։ Սկիզբը, այս օրէնքները գրի պիտի չառնուէին, գրուած Օրէնքին հաւասար չսեպուելու համար։ Սակայն, աստիճանաբար մարդկային մտածելակերպը աստուածային մտածելակերպէն առաջ դրուեցաւ, այնպէս որ ի վերջոյ այս «ցանկապատ»ը իրապէս վնաս հասցուց այդ «պարտէզ»ին, զոր պէտք էր պաշտպանէր։

Փարիսեցիութեան Պատճառած Ապականութիւնը

13. Հրեայ կրօնական առաջնորդներէն ոմանք ի՞նչպէս արդարացուցին շատ մը կանոններու գործադրումը։

13 Ռաբբիները պատճառաբանեցին որ Թորան, կամ Մովսիսական Օրէնքը, կատարեալ ըլլալուն համար, յարուցուելիք ամէն հարցումի պէտք էր պատասխան մը հայթայթէր։ Ասիկա ա՛յդքան ալ վեհ գաղափար մը չէր։ Իրականութեան մէջ, անիկա ռաբբիներուն արտօնութիւն տուաւ որ մարդկային սրամիտ դատողութիւնը գործածեն, այն տպաւորութիւնը ձգելով որ ամէն տեսակ հարցեր շօշափող կանոնները Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած էին, որոնցմէ ոմանք անձնական, իսկ ուրիշներ պարզապէս ընդհանրական էին։

14. (ա) Հրեայ կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս միւս ազգերէն անջատ մնալու սուրբ գրային հրահանգը ծայրայեղութեան տարին։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ռաբունական կանոնները չկրցան Հրեայ ժողովուրդը պաշտպանել հեթանոսական ազդեցութիւններէն։

14 Կրօնական առաջնորդները յաճախ սուրբ գրային հրահանգները առնելով զանոնք չափազանցութեան տարին։ Օրինակի համար, Մովսիսական Օրէնքը միւս ազգերէն անջատ մնալը կը խրախուսէր, սակայն ռաբբիները հրէական չեղող ամէն բանի հանդէպ անտրամաբանական արհամարհանքի ձեւ մը կը քարոզէին։ Անոնք կը սորվեցնէին որ Հրեայ մը պէտք չէր իր արջառը Հեթանոսի մը իջեւանին մէջ ձգէր, քանի որ Հեթանոսները «կասկածելի են որպէս անասնապղծութիւն գործողներ»։ Հրեայ կին մը արտօնութիւն չունէր Հեթանոս կնոջ մը ծննդաբերութեան օգնելու, քանի որ այդպէս ընելով «օժանդակած կ’ըլլար կռապաշտ զաւկի մը ծնունդին»։ Իսկ քանի որ յունական մարզարաններուն վրայ կասկած ունէին, ռաբբիները բոլոր մարզանքները կ’արգիլէին։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ այս բոլոր բաները հեթանոսական հաւատալիքներէն չպաշտպանեցին Հրեաները։ Իրականութեան մէջ, Փարիսեցիները իրենք սկսան սորվեցնել հոգիի անմահութեան հեթանոս յունական վարդապետութիւնը։—Եզեկիէլ 18։4

15. Հրեայ կրօնական առաջնորդները ի՞նչպէս խեղաթիւրեցին մաքրութեան ու ազգապղծութեան հետ կապ ունեցող օրէնքները։

15 Փարիսեցիները մաքրուելու օրէնքներն ալ խեղաթիւրեցին։ Ըսուած էր որ Փարիսեցիները նոյնիսկ արեւը կը մաքրէին, եթէ իրենց առիթ տրուէր։ Անոնց օրէնքը կը նշէր որ «բնական պէտքը հոգալու» մէջ ուշանալը կրնար անհատը պղծել։ Ձեռք լուալը բարդ արարողութիւն մը դարձաւ. կանոններ դրուեցան թէ ո՛ր ձեռքը նախ պէտք էր լուացուէր եւ ի՛նչպէս։ Կիները յատկապէս անմաքուր կը նկատուէին։ Ոեւէ մօտիկ ազգականի ‘չմօտենալ’ու սուրբ գրային պատուէրին հիման վրայ (որ իրականութեան մէջ ազգապղծութեան դէմ օրէնք մըն էր), ռաբբիները օրէնք մը հանեցին որ ամուսին մը պէտք չէր իր կնոջ ետեւէն քալէր. ո՛չ ալ անոր հետ խօսակցէր շուկային մէջ։—Ղեւտացւոց 18։6

16, 17. Բերանացի օրէնքը ի՞նչպէս ընդլայնեց Շաբաթը պահելու պատուիրանը, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

16 Յատկապէս հանրածանօթ է բերանացի օրէնքին կողմէ Շաբաթը պահելու օրէնքին հոգեւոր խեղաթիւրումը։ Աստուած Իսրայէլի պարզ պատուիրան մը տուաւ. Շաբթուան եօթներորդ օրը որեւէ գործ պիտի չընէք։ (Ելից 20։8–11) Սակայն, բերանացի օրէնքը արգիլուած գործի 39 տարբեր տեսակներ սահմանեց, մէջը ըլլալով հանգոյց մը կապել կամ քակել, երկու կութ կարել, եբրայերէն երկու տառ գրել, եւայլն։ Տակաւին իւրաքանչիւր տեսակ յաւելեալ անվերջ կանոններ կը պահանջէր։ Ո՛ր հանգոյցները արգիլուած, իսկ ո՛ր հանգոյցները արտօնուած էին։ Բերանացի օրէնքը քմահաճ կանոններով կը պատասխանէր այս հարցումներուն։ Բժշկելը արգիլուած գործ մը նկատուեցաւ։ Օրինակի համար, Շաբաթ օրը արգիլուած էր կոտրած անդամ մը տեղը դնել։ Ատամնացաւ ունեցող մը կրնար իր կերակուրը համեմելու համար քացախ գործածել, սակայն ան քացախը պէտք չէր շրթներով ծծէր, քանի որ անիկա ակռաներուն մէջէն անցնելով կրնար իր ակռան բուժել։

17 Այսպիսի հարիւրաւոր մարդակերտ կանոններով ծանրաբեռնուած ըլլալով, Շաբաթը պահելու օրէնքը իր հոգեւոր իմաստը կորսնցուց բազմաթիւ Հրեաներու համար։ Երբ Յիսուս Քրիստոս՝ «շաբաթին տէր»ը՝ Շաբաթ օրով տպաւորիչ ու սիրտ տոգորող հրաշքներ կատարեց, դպիրներն ու Փարիսեցիները անտարբեր գտնուեցան։ Անոնց միակ հետաքրքրութիւնն էր իրենց կանոններուն անտեսումը։—Մատթէոս 12։8, 10–14

Փարիսեցիներուն Սխալներէն Սորվինք

18. Մովսիսական Օրէնքին վրայ բերանացի օրէնքներ ու աւանդութիւններ աւելցնելու հետեւանքը ի՞նչ եղաւ. բացատրեցէք։

18 Ամփոփելով, կրնանք ըսել որ յաւելուածական օրէնքներն ու աւանդութիւնները Մովսիսական Օրէնքին կցուեցան ճիշդ ինչպէս կռախեցիները կը փակին նաւու մը մարմնին։ Նաւատէր մը մեծ ջանք կը թափէ այս նեղիչ արարածները իր նաւուն վրայէն քերթելու համար, քանի որ անոնք նաւուն արագութիւնը կը դանդաղեցնեն ու ժանգի դէմ պաշտպանող ներկը կ’ուտեն։ Նմանապէս, բերանացի օրէնքներն ու աւանդութիւնները Օրէնքը ծանրաբեռնեցին ու անոր վնաս հասցուցին։ Սակայն, փոխանակ այսպիսի անհարազատ օրէնքներ քերթել հանելու, ռաբբիները շարունակեցին անոնց վրայ ուրիշներ աւելցնել։ Երբ Մեսիան եկաւ Օրէնքը կատարելու, «նաւ»ը «կռախեցիներ»ով ա՛յնքան պատուած էր որ հազիւ կը ծփար։ (Բաղդատել Առակաց 16։25։) Փոխանակ Օրէնքի ուխտը պաշտպանելու, այս կրօնական առաջնորդները զայն բեկանելու անմտութիւնը գործեցին։ Սակայն, անոնց կանոններու «ցանկապատ»ը ինչո՞ւ ձախողեցաւ։

19. (ա) «Օրէնքին շուրջ ցանկապատ մը քաշել»ը ինչո՞ւ ձախողեցաւ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Հրեայ կրօնական առաջնորդները հարազատ հաւատք չունէին։

19 Հրեայ առաջնորդները չըմբռնեցին որ ապականութեան դէմ պայքարը սրտին մէջ կը մղուի ու ո՛չ թէ օրինագրքերուն էջերուն վրայ։ (Երեմեայ 4։14) Յաղթութեան բանալին սէրն է. Եհովայի, իր օրէնքին ու արդար սկզբունքներուն հանդէպ սէր։ Այսպիսի սէր մը Եհովայի ատած բաներուն հանդէպ ատելութիւն յառաջ կը բերէ։ (Սաղմոս 97։10. 119։104) Հետեւաբար, այսպիսի սիրով լեցուած սիրտ ունեցողները Եհովայի օրէնքներուն հաւատարիմ կը մնան այս ապականած աշխարհին մէջ։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները, այսպիսի սէր մը խրախուսելու ու ներշնչելու համար ժողովուրդին սորվեցնելու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունէին։ Անոնք ինչո՞ւ թերացան ասոր մէջ։ Ակներեւաբար անոնք հաւատքի պակաս ունէին։ (Մատթէոս 23։23) Եթէ անոնք հաւատային որ Եհովայի հոգին հաւատարիմ մարդոց սրտերուն մէջ գործելու զօրութիւնը ունի, ուրիշներու կեանքը անթեքօրէն ղեկավարելու կարիքը պիտի չզգային։ (Եսայեայ 59։1. Եզեկիէլ 34։4) Հաւատքի պակաս ունենալով, անոնք ուրիշներու հաւատք չփոխանցեցին, այլ, մարդակերտ պատուիրաններով ժողովուրդը ծանրաբեռնեցին։—Մատթէոս 15։3, 9. 23։4

20, 21. (ա) Աւանդութեան հակամէտ եղող մտածելակերպը ի՞նչ ընդհանուր ազդեցութիւն ունեցաւ Հրէականութեան վրայ։ (բ) Հրէականութեան պատահածէն ի՞նչ դաս կը սորվինք։

20 Այդ Հրեայ առաջնորդները սէր չքաջալերեցին։ Անոնց աւանդութիւնները կրօնք մը յառաջ բերին, որ արտաքին երեւոյթով՝ երեւնալու սիրոյն մեքենայական հնազանդութիւն ցոյց տալով՝ հետաքրքրուած էր. ինչ որ կեղծաւորութեան նպաստող բեղմնաւոր արօտ մըն էր։ (Մատթէոս 23։25–28) Անոնց կանոնները ուրիշները դատելու անհամար պատճառներ կու տային։ Ուստի հպարտ, տիրապետող Փարիսեցիները խորհեցան որ նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոսը քննադատելու իրաւասութիւն ունէին։ Անոնք Օրէնքին բուն նպատակը չըմբռնեցին ու մերժեցին միակ ճշմարիտ Մեսիան։ Ան ալ իր կարգին ստիպուեցաւ Հրեայ ազգին ըսել. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։—Մատթէոս 23։38. Գաղատացիս 3։23, 24

21 Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Յստակ է որ անթեք, աւանդութեան հակամիտեալ մտածելակերպ մը Եհովայի մաքուր պաշտամունքը չի քաջալերեր։ Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ որ ներկայիս Եհովայի երկրպագուները Սուրբ Աստուածաշունչին մէջ յիշուած կանոններէն դուրս որ՛եւէ կանոն պէտք չէ ունենան։ Ո՛չ. իսկ ամբողջական պատասխան մը ստանալու համար, յաջորդ յօդուածով նկատի առնենք թէ ի՛նչպէս Յիսուս Քրիստոս Մովսիսական Օրէնքը փոխարինեց նոր ու աւելի ընտիր օրէնքով մը։

[Ստորանիշ]

a Անշուշտ, արդի ազգերուն օրինական դրութիւններուն հետ բաղդատած անոր թիւը շատ մեծ չէ։ Օրինակի համար, 1990–ական թուականներուն սկիզբը, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային օրէնքները աւելի քան 125,000 էջեր լեցուցին, որոնց վրայ ամէն տարի հազարաւոր նոր օրէնքներ կ’աւելնան։

Կրնա՞ք բացատրել

◻ Ամբողջ ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս աստուածային օրէնքով կը ղեկավարուի։

◻ Մովսիսական Օրէնքին գլխաւոր նպատակը ի՞նչ էր։

◻ Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Մովսիսական Օրէնքը ողորմութիւն ու կարեկցութիւն կը քաջալերէր։

◻ Հրեայ կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ Մովսիսական Օրէնքին վրայ անհամար կանոններ աւելցուցին, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։

[Շրջանակ՝ էջ 8]

Հրեայ կրօնական առաջնորդները

Դպիրներ. Անոնք իրենք զիրենք Եզրասի յաջորդները ու Օրէնքը բացատրողները կը նկատէին։ Գրքի մը համաձայն (A History of the Jews), «դպիրներուն բոլորն ալ վեհանձն անհատներ չէին ու օրէնքէն թաքուն իմաստներ հանելու անոնց փորձերը յաճախ անիմաստ բանաձեւերու ու անմիտ սահմանափակումներու այլասերուեցան։ Ասոնք կարծր բարքի վերածուեցան, որ շուտով դաժան բռնակալ մը դարձաւ»։

Հասիտիմ. Այս անունը «բարեպաշտներ» կամ «սուրբեր» կը նշանակէ։ Առաջին անգամ որպէս դասակարգ յիշուած են շուրջ Հ.Դ.Ա. 200–ին. անոնք քաղաքական գետնի վրայ զօրաւոր էին եւ յունական բռնակալ ազդեցութեան դէմ մոլեռանդօրէն Օրէնքին մաքրութիւնը կը պահպանէին։ Հասիտիմը երեք խումբի բաժնուեցաւ. Փարիսեցիներ, Սադուկեցիներ եւ Էսսենեաններ։

Փարիսեցիներ. Կարգ մը ուսումնականներ կը խորհին որ այս անունը «Անջատուածներ»՝ կամ «Անջատողականներ» բառէն ծագում առած է։ Արդարեւ, անոնք Հեթանոսներէն անջատ ըլլալու իրենց ջանքերուն մէջ մոլեռանդ էին, եւ իրենց եղբայրակցութիւնը կ’անջատէին՝ նոյնիսկ կը գերադասէին՝ Հրեայ հասարակ ժողովուրդէն, որ բերանացի օրէնքին բարդութիւններէն տեղեակ չէր։ Պատմաբան մը Փարիսեցիներուն մասին ըսաւ. «Ընդհանուր առմամբ, անոնք մարդիկը մանուկներու տեղ կը դնէին, ծէսերուն ամենադոյզն մանրամասնութիւնները բանաձեւելով ու սահմանելով»։ Ուրիշ ուսումնական մը ըսաւ. «Փարիսեցիութիւնը օրինական կանոններու երկար շարք մը յառաջ բերաւ, որ բոլոր պարագաները ձեռք կ’առնէր, որու անխուսափելի հետեւանքը եղաւ չնչին բաները մեծցնել ու կարեւոր հարցերը նսեմացնել (Մատթ. 23։23)»։

Սադուկեցիներ. Խումբ մը, որ սերտօրէն կապուած էր ազնուական դասակարգի ու քահանայութեան հետ։ Անոնք բուռն կերպով կը հակառակէին դպիրներուն եւ Փարիսեցիներուն, դաւանելով որ բերանացի օրէնքը գրաւոր Օրէնքին վաւերականութիւնը չունէր։ Բայց անոնք այս պայքարը կորսնցուցին, ինչպէս Միշնան կ’ապացուցանէ. «Աւելի շեշտ դրուած է Դպիրներու խօսքերը [պահելու] քան՝ [գրաւոր] Օրէնքին խօսքերը [պահելու] վրայ»։ Թալմուտը, որ բերանացի օրէնքին մասին բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ կը բովանդակէր, հետագային յանդգնեցաւ ըսել. «Դպիրներուն խօսքերը . . . աւելի արժէքաւոր են, քան Թորայի խօսքերը»։

Էսսենեաններ. Ճգնաւորներու խումբ մը որ իրենք զիրենք անջատ համայնքներու մէջ մեկուսացուցին։ Բառարանի մը համաձայն (The Interpreter’s Dictionary of the Bible), Էսսենեանները նոյնիսկ աւելի տարամերժ էին քան Փարիսեցիները ու «երբեմն Փարիսեցիներէն աւելի Փարիսեցի էին»։

[Նկար՝ էջ 6]

Շատ հաւանաբար Յոբի ծնողները իրեն սորվեցուցին համաստեղութիւնները կառավարող օրէնքներուն մասին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել