Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 3/1 էջ 13-19
  • Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Ամէն Մխիթարութեան Աստուածը»
  • Մարզուած՝ Մխիթարիչներ Ըլլալու
  • Պօղոսի Նեղութիւնները Ասիոյ մէջ
  • Արդի Օրինակներ
  • «Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Մխիթարութիւն՝ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծմէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ո՞ւր կարելի է իսկական մխիթարութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 3/1 էջ 13-19

Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենք

«Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը [«բաժնեկից», ՆԱ] պիտի ըլլաք»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1։7

1, 2. Ներկայիս, Քրիստոնեայ դարձած բազմաթիւ անհատներու պարագան ի՞նչ եղած է։

ԴԻՏԱՐԱՆԻ ընթերցողներէն շատեր մեծցած են առանց գիտնալու Աստուծոյ ճշմարտութեան գիտութիւնը։ Թերեւս ձեր պարագան ալ այս է։ Եթէ այդպէս է, վերյիշեցէք թէ ի՛նչպէս զգացիք երբ ձեր հասկացողութեան աչքերը սկսան բացուիլ։ Օրինակի համար, երբ առաջին անգամ հասկցաք որ մեռելները չեն տանջուիր, այլ՝ անգիտակից են, արդեօք չհանգստացա՞ք։ Իսկ երբ սորվեցաք մեռելներուն ունեցած յոյսին մասին, թէ միլիառաւորներ ետ կեանքի պիտի գան Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, արդեօք չմխիթարուեցա՞ք։—Ժողովողի 9։5, 10. Յովհաննու 5։28, 29

2 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ամբարշտութեան վերջ դնելու եւ այս երկիրը դրախտի մը վերածելու Աստուծոյ նպատակին մասին։ Երբ ասոր մասին սորվեցաք, անիկա ձեզ չմխիթարեց ու ձեր սիրտը յոյսով չտոգորե՞ց։ Ի՞նչպէս զգացիք երբ առաջին անգամ՝ մօտալուտ երկրային Դրախտին մէջ վերապրելու ու բնա՛ւ չմեռնելու կարելիութեան մասին սորվեցաք։ Անկասկած խայտացիք։ Այո, դուք ներկայիս համայն աշխարհի մէջ Եհովայի Վկաներու քարոզած Աստուծոյ մխիթարական պատգամը ընդունեցիք։—Սաղմոս 37։9–11, 29. Յովհաննու 11։26. Յայտնութիւն 21։3–5

3. Ինչո՞ւ Աստուծոյ մխիթարական պատգամը ուրիշներու հետ բաժնողներն ալ նեղութիւններ կը կրեն։

3 Սակայն, երբ փորձեցիք Աստուածաշունչի պատգամը ուրիշներուն հետ բաժնել, նկատեցիք թէ «ամէնքը հաւատք չունին»։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Թերեւս ձեր նախկին բարեկամներէն ոմանք ձեզ ծաղրեցին, երբ Աստուածաշունչի խոստումներուն հաւատք ընծայեցիք։ Թերեւս նոյնիսկ հալածուեցաք, քանի որ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութիւնը շարունակեցիք։ Թերեւս հակառակութիւնը սաստկացաւ, երբ սկսաք բարեփոխումներ ընել ձեր կեանքը Աստուծոյ սկզբունքներուն հետ ներդաշնակելու համար։ Աստուծոյ մխիթարութիւնը բոլոր ընդունողներուն վրայ Սատանայի ու իր աշխարհին բերած նեղութիւններէն դուք ալ սկսաք տառապիլ։

4. Նոր հետաքրքրուած անհատներ թերեւս ի՞նչ տարբեր կերպերով կը հակազդեն նեղութեան։

4 Դժբախտաբար, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, ոմանք նեղութեան պատճառաւ կը գայթակղին ու քրիստոնէական ժողովքին հետ իրենց ընկերակցութիւնը կը դադրեցնեն։ (Մատթէոս 13։5, 6, 20, 21) Իսկ ուրիշներ իրենց մտքերը կեդրոնացած պահելով իրենց սորված մխիթարական խոստումներուն վրայ՝ նեղութիւններու կը տոկան։ Ի վերջոյ, անոնք իրենց կեանքը Եհովայի կը նուիրեն ու կը մկրտուին, որպէս իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ աշակերտները։ (Մատթէոս 28։19, 20. Մարկոս 8։34) Անշուշտ, Քրիստոնեային մկրտուելէն ետք նեղութիւնները վերջ չեն գտներ։ Օրինակի համար, անարատ մնալը ծանր պայքար մը կրնայ ըլլալ անհատի մը համար, որ անբարոյ անցեալ մը ունեցած է։ Ուրիշներ՝ ընտանիքի անհաւատ անդամներէն եկած յարատեւ հակառակութեան դէմ պէտք է պայքարին։ Նեղութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բոլոր անոնք որոնք հաւատարմօրէն Աստուծոյ նուիրուած կեանք մը կը հետապնդեն, մէկ բանէ կրնան վստահ ըլլալ. շատ անհատական գետնի վրայ, Աստուծոյ մխիթարութիւնն ու օգնութիւնը պիտի վայելեն։

«Ամէն Մխիթարութեան Աստուածը»

5. Պօղոս իր կրած բազմաթիւ նեղութիւններուն կողքին, նաեւ ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցաւ։

5 Անհատ մը որ խորապէս գնահատեց Աստուծոյ հայթայթած մխիթարութիւնը՝ Պօղոս առաքեալն էր։ Ասիոյ ու Մակեդոնիոյ մէջ յատկապէս դժուարին ժամանակ մը անցընելէ ետք, ան մեծապէս հանգստացաւ երբ լսեց որ Կորնթոսի ժողովքը դրական կերպով ընդառաջած էր իր յանդիմանական նամակին։ Ասիկա մղեց զինք երկրորդ նամակ մը գրելու անոնց, որ փառաբանութեան հետեւեալ արտայայտութիւնը կը բովանդակէ. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։—Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

6. Բ. Կորնթացիս 1։3, 4–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերէն ի՞նչ կը սորվինք։

6 Այս ներշնչուած խօսքերը շատ բան կը յայտնեն։ Վերլուծե՛նք զանոնք։ Երբ Պօղոս իր նամակներուն մէջ Աստուծոյ փառաբանութիւն կամ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, կամ անկէ բան մը կը հայցէ, սովորաբար կը նկատենք որ ան Յիսուսի՝ քրիստոնէական ժողովքի Գլուխին՝ հանդէպ խոր գնահատանք կը ներփակէ։ (Հռովմայեցիս 1։8. 7։25. Եփեսացիս 1։3. Եբրայեցիս 13։20, 21) Ուստի, Պօղոս փառաբանութեան այս արտայայտութիւնը կ’ուղղէ ‘Աստուծոյ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հօրը’։ Ապա, իր նամակներուն մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ան Յունարէն գոյական մը կը գործածէ որ «գթութիւն» թարգմանուած է։ Այս գոյականը յառաջ կու գայ բառէ մը որ ուրիշի մը տառապանքին նկատմամբ վիշտ արտայայտելու համար կը գործածուի։ Այս կերպով, Պօղոս կը նկարագրէ Աստուծոյ կարեկցութիւնը՝ նեղութենէ տառապող Իր հաւատարիմ ծառաներէն ոեւէ մէկուն հանդէպ. կարեկցութիւն՝ որ զինք կը մղէ անոնց ի նպաստ ողորմածօրէն գործելու։ Վերջապէս, Պօղոս՝ Եհովան «գթութեան Հայրը» կոչելով, այս բաղձալի յատկութեան աղբիւրը կը բնորոշէ։

7. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Եհովա «ամէն մխիթարութեան Աստուած»ն է։

7 Աստուծոյ ‘գութը’՝ նեղութենէ տառապողին հանգստութիւն կը պատճառէ։ Ուստի, Պօղոս կը շարունակէ Եհովան նկարագրել որպէս «ամէն մխիթարութեան Աստուածը»։ Հետեւաբար, մեր հաւատակիցներու ցուցաբերած ազնուութենէն ի՛նչ մխիթարութիւն որ ստանանք, Եհովա՛ն կրնանք նկատել որպէս ատոր աղբիւրը։ Չկայ իսկական, մնայուն մխիթարութիւն մը որ Աստուծմէ ծագում չառնէ։ Ասկէ զատ, Ի՛նքն է որ մարդը իր պատկերով ստեղծեց, մխիթարիչներ ըլլալու որակելի դարձնելով մեզ։ Իսկ Աստուծոյ սուրբ հոգին է որ իր ծառաները կը մղէ, մխիթարութեան կարիքը ունեցողներուն հանդէպ գութ ցուցաբերելու։

Մարզուած՝ Մխիթարիչներ Ըլլալու

8. Թէեւ Աստուած չէ մեր փորձութիւններուն աղբիւրը, սակայն նեղութիւններու տոկալը ի՞նչ օգտակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր վրայ։

8 Թէեւ Եհովա Աստուած իր հաւատարիմ ծառաներուն վրայ եկած զանազան փորձութիւնները կը թոյլատրէ, սակայն անոնց աղբիւրը ինք չէ։ (Յակոբու 1։13) Սակայն, մինչ նեղութիւններու կը տոկանք, անոր հայթայթած մխիթարութիւնը կրնայ մեզ մարզել ուրիշներու կարիքներուն աւելի զգայուն ըլլալու։ Ի՞նչ արդիւնքով։ «Որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։4) Այսպէս, Եհովա կը մարզէ մեզ որ իր մխիթարութիւնը ազդուօրէն բաժնենք հաւատակիցներու եւ ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած անհատներուն հետ, մինչ Քրիստոսը կ’ընդօրինակենք ու ‘սգաւորները կը մխիթարենք’։—Եսայեայ 61։2. Մատթէոս 5։4

9. (ա) Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի նեղութիւններու տոկալու։ (բ) Երբ նեղութիւններու հաւատարմօրէն կը տոկանք, ուրիշներ ի՞նչ կերպով կը մխիթարուին։

9 Պօղոս բազմաթիւ նեղութիւններու տոկաց, Քրիստոսի միջոցաւ Աստուծմէ իր ստացած առատ մխիթարութեան շնորհիւ։ (Բ. Կորնթացիս 1։5) Մենք ալ կրնանք առատ մխիթարութիւն վայելել Աստուծոյ թանկագին խոստումներուն վրայ խոկալով, իր սուրբ հոգիին օգնութեան համար աղօթելով ու մեր աղօթքներուն պատասխանները Աստուծմէ ստանալով։ Այսպիսով, զօրութիւն պիտի ստանանք որ շարունակենք Եհովայի գերիշխանութիւնը ջատագովել ու փաստել որ Սատանան ստախօս մըն է։ (Յոբայ 2։4. Առակաց 27։11) Երբ որեւէ տեսակ նեղութեան հաւատարմօրէն տոկանք, Պօղոսի նման ամբողջ վարկը Եհովայի պէտք է տանք, որու տուած մխիթարութիւնը Քրիստոնեաները կարող կը դարձնէ փորձութեան ներքեւ հաւատարիմ մնալու։ Հաւատարիմ Քրիստոնեաներու համբերութիւնը եղբայրութեան վրայ մխիթարական ազդեցութիւն մը ունի, ուրիշներու օգնելով որ վճռեն ‘համբերութեամբ տանիլ այն չարչարանքները’։—Բ. Կորնթացիս 1։6, Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն։

10, 11. (ա) Ի՞նչ են այդ կարգ մը բաները որոնք նեղութիւն պատճառեցին վաղեմի Կորնթոսի ժողովքին։ (բ) Պօղոս ի՞նչպէս մխիթարեց Կորնթացիներու ժողովքը, եւ ան ի՞նչ յոյս արտայայտեց։

10 Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներու կրած չարչարանքներէն Կորնթացիներն ալ բաժին ունեցան։ Ասկէ զատ, անոնք անզեղջ պոռնիկ մը վտարելու նկատմամբ խրատի կարիքը ունեցան։ (Ա. Կորնթացիս 5։1, 2, 11, 13) Վտարելու քայլը առնելու ու կռիւներու եւ երկպառակութիւններու վերջ դնելու մէջ թերանալը ժողովքին վրայ նախատինք բերած էր։ Սակայն անոնք վերջապէս Պօղոսի խրատը կիրարկեցին ու անկեղծ զղջում ցուցաբերեցին։ Հետեւաբար, ան ջերմօրէն գովեց զանոնք ու նշեց որ իր նամակին հանդէպ անոնց ցուցաբերած ընտիր ընդառաջումը զինք մխիթարած էր։ (Բ. Կորնթացիս 7։8, 10, 11, 13) Ակներեւաբար, վտարուած անհատն ալ զղջացած էր։ Ուստի Պօղոս անոնց խրատեց որ ‘ներեն ու մխիթարեն զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի’։—Բ. Կորնթացիս 2։7

11 Պօղոսի երկրորդ նամակը վստահաբար մխիթարած էր Կորնթոսի ժողովքը։ Արդէն իր նպատակներէն մէկն ալ այդ էր։ Ան բացատրեց. «Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը [«բաժնեկից», ՆԱ] պիտի ըլլաք»։ (Բ. Կորնթացիս 1։7) Իր նամակին եզրափակութեան մէջ, Պօղոս յորդորեց. ‘Շարունակեցէք մխիթարուիլ, եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ’։—Բ. Կորնթացիս 13։11, ՆԱ։

12. Բոլոր Քրիստոնեաները ի՞նչ բանի կարիքը ունին։

12 Ի՜նչ կարեւոր դաս մը կրնանք սորվիլ ասկէ։ Քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները պէտք է ‘մխիթարութեան բաժնեկից ըլլան’, զոր Աստուած կը հայթայթէ իր Խօսքին, իր սուրբ հոգիին ու իր երկրային կազմակերպութեան միջոցաւ։ Նոյնիսկ վտարուած անհատներ մխիթարութեան կարիքը կրնան ունենալ, եթէ զղջացած ու իրենց սխալ ընթացքը շտկած են։ Հետեւաբար, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ողորմած կարգադրութիւն մը հաստատած է անոնց օգնելու համար։ Տարին անգամ մը, երկու երէցներ կարգ մը վտարուած անհատներու կրնան այցելութիւն մը տալ։ Թերեւս անոնք այլեւս ըմբոստ հոգի մը չեն ցուցաբերեր, կամ լուրջ մեղք գործողներ չեն ու թերեւս ալ վերահաստատման անհրաժեշտ քայլերը առնելու համար օգնութեան կարիքը ունին։—Մատթէոս 24։45. Եզեկիէլ 34։16

Պօղոսի Նեղութիւնները Ասիոյ մէջ

13, 14. (ա) Պօղոս ի՞նչպէս նկարագրեց Ասիոյ մէջ իր ունեցած խիստ նեղութիւններով լեցուն ժամանակը։ (բ) Պօղոս թերեւս ո՞ր դէպքը ի մտի ունէր։

13 Մինչեւ այդ ատեն Կորնթոսի ժողովքին կրած նեղութիւնը կարելի չէր բաղդատել Պօղոսի տոկացած բազմաթիւ նեղութիւններուն հետ։ Ուստի, ան կրնար անոնց յիշեցնել. «Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ»։—Բ. Կորնթացիս 1։8–10

14 Աստուածաշունչի ուսումնականներէն ոմանք կը խորհին որ Պօղոս՝ Եփեսոսի մէջ պատահած խռովութեան կ’ակնարկէր, որ կրնար Պօղոսի ինչպէս նաեւ իր երկու Մակեդոնացի ուղեկիցներուն՝ Գայիոսի ու Արիստարքոսի՝ մահուան պատճառ ըլլալ։ Այս երկու Քրիստոնեաները բռնի ոյժով թատրոն տարուեցան, ուր խռնուած էր խառնիճաղանճ բազմութիւն մը որ ‘երկու ժամու չափ կանչվռտեց թէ՝ «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»’։ Ի վերջոյ, քաղաքի ատենադպիրը յաջողեցաւ բազմութիւնը հանդարտեցնել։ Գայիոսի ու Արիստարքոսի կեանքերուն սպառնացող այս վտանգը մեծապէս վշտացուց Պօղոսը։ Իրականութեան մէջ, ան ուզեց ներս մտնել ու պատճառաբանել այդ մոլեռանդ խուժանին հետ, սակայն անոր թոյլ չտրուեցաւ որ իր կեանքը վտանգէ այս կերպով։—Գործք 19։26–40

15. Ա. Կորնթացիս 15։32–ի մէջ, թերեւս ի՞նչ ծանրակշիռ պարագայ մը նկարագրուած է։

15 Սակայն, թերեւս Պօղոս վերոյիշեալ դէպքէ շատ աւելի ծանրակշիռ պարագայ մը կը նկարագրէր։ Կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս հարցուց. «Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի ինծի»։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Ասիկա կրնայ նշանակել որ Պօղոսի կեանքը վտանգի մէջ էր ոչ միայն գազանանման մարդոց պատճառաւ, այլ՝ Եփեսոսի կրկէսին մէջ բառացի վայրի գազաններու պատճառով։ Երբեմն ոճրագործները կը պատժէին զանոնք ստիպելով որ վայրի գազաններու հետ մարտնչին, մինչ արիւնարբու ամբոխը կը դիտէր։ Եթէ Պօղոս ըսել կ’ուզէր որ բառացի գազաններու հետ կռուած էր, վստահաբար վերջին վայրկեանին դաժան մահուընէ հրաշալիօրէն ազատուած ըլլալու էր, ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ բառացի առիւծներու բերնէն ազատուեցաւ։—Դանիէլ 6։22

Արդի Օրինակներ

16. (ա) Եհովայի Վկաներէն շատեր ինչո՞ւ Պօղոսի կրած նեղութիւնները կրնան հասկնալ։ (բ) Իրենց հաւատքին համար մեռնողներուն նկատմամբ, ի՞նչ բանէ վստահ կրնանք ըլլալ։ (գ) Երբ Քրիստոնեաներ մահուընէ ճողոպրին, ասիկա ի՞նչ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ։

16 Ներկայ Քրիստոնեաներէն շատեր Պօղոսի նման նոյն վիճակներէն անցած են։ (Բ. Կորնթացիս 11։23–27) Այսօր ալ, կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց ‘կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուած են’, ու շատեր այնպիսի պարագաներու մէջ գտնուած են, որ ‘յոյսերնին կտրած են ապրելէ’։ (Բ. Կորնթացիս 1։8) Շատեր սպաննուած են ջարդարարներու եւ դաժան հալածիչներու ձեռքով։ Վստահ կրնանք ըլլալ որ Աստուծոյ մխիթարիչ զօրութիւնը կարողացուց որ անոնք տոկան, ու մեռան՝ իրենց սրտերը ու մտքերը զօրաւոր կերպով հաստատուած իրենց յոյսին իրականացման վրայ, ըլլա՛յ երկնային թէ երկրային։ (Ա. Կորնթացիս 10։13. Փիլիպպեցիս 4։13. Յայտնութիւն 2։10) Ուրիշ պարագաներու, Եհովա հարցերը ա՛յնպէս մը ուղղեց որ մեր եղբայրները մահուընէ ազատուեցան։ Անկասկած, այսպիսի փրկութիւն վայելողները, յաւելեալ վստահութիւն մշակած են «Աստուծոյ՝ [վրայ] որ մեռելները կը յարուցանէ»։ (Բ. Կորնթացիս 1։9) Անկէ ետք, անոնք կրնան ա՛լ աւելի համոզումով խօսիլ, մինչ Աստուծոյ մխիթարական պատգամը ուրիշներու հետ կը բաժնեն։—Մատթէոս 24։14

17-19. Ի՞նչ փորձառութիւններ ցոյց կու տան որ Ռուանտայի մեր եղբայրները Աստուծոյ մխիթարութեան բաժնեկից եղած են։

17 Վերջերս, Ռուանտայի մեր սիրելի եղբայրները, Պօղոսի ու իր ընկերակիցներուն նման փորձառութենէ մը անցան։ Շատեր իրենց կեանքերը կորսնցուցին, սակայն անոնց հաւատքը բեկանելու Սատանայի ջանքերը ձախողեցան։ Փոխարէն, այս երկրին մէջ ապրող մեր եղբայրները անհատապէս Աստուծոյ մխիթարութիւնը վայելեցին բազմաթիւ կերպերով։ Ռուանտայի մէջ ապրող Թութսիներու եւ Հութուներու զանգուածային ջարդի ընթացքին, կային Հութուներ, որոնք իրենց կեանքերը վտանգեցին Թութսիները պաշտպանելու, նոյնպէս ալ եղան Թութսիներ որոնք Հութուները պաշտպանեցին։ Ոմանք սպաննուեցան ծայրայեղականներու կողմէ, քանի որ իրենց հաւատակիցները կը պաշտպանէին։ Օրինակի համար, Կահէզի անունով Հութու Վկայ մը սպաննուեցաւ, Շանթալ անունով Թութսի քոյր մը պահելուն պատճառաւ։ Իսկ Շանթալի Թութսի ամուսինը՝ Ժանը, տարբեր վայրի մը մէջ պահուըտած էր, Շարլոթ անունով Հութու քրոջ մը կողմէ։ Ժանը եւ ուրիշ Թութսի եղբայր մը 40 օր հսկայ ծխնելոյզի մը մէջ պահուըտած մնացին, միայն գիշերը դուրս գալով կարճ պահերով։ Այս ամբողջ ժամանակամիջոցին, Շարլոթ անոնց ուտելիք ու պաշտպանութիւն հայթայթեց, հակառակ անոր որ ան Հութու բանակատեղիի մը շատ մօտը կ’ապրէր։ Այս էջին վրայ, կրնաք տեսնել Ժանի ու Շանթալի վերամիացումը, որոնք շնորհապարտ են որ Հութու հաւատակիցները «իրենց պարանոցները տուին» ի նպաստ իրենց, ճիշդ ինչպէս որ Պրիսկէն ու Ակիւղաս ըրին՝ Պօղոս առաքեալին համար։—Հռովմայեցիս 16։3, 4

18 Ուրիշ Հութու Վկայ մը՝ Ռուագապուպու՝ Թութսի հաւատակիցներ պատսպարելուն համար, Ինթարեմարա լրագրին կողմէ գովասանքի արժանացաւ։a Լրագիրը յիշեց. «Նաեւ կայ Ռուագապուպուն՝ Եհովայի Վկաներէն մէկը՝ որ շարունակեց հոս հոն, իր եղբայրներուն (հաւատակիցները իրար այսպէս կը կոչեն) քով մարդիկ պատսպարել։ Ան ամբողջ օրը կ’անցընէր ուտելիք ու խմելիք ջուր փոխադրելով, հակառակ անոր որ շնչարգելութենէ կը տառապի։ Սակայն Աստուած զայն արտակարգօրէն զօրացուց»։

19 Նկատի առէք նաեւ, Նեգոտէմի ու Աթանազիի՝ հետաքրքրուած Հութու զոյգի մը՝ պարագան։ Ջարդը չսկսած, այս զոյգը Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր Ալֆոնս կոչուած Թութսի Վկայի մը հետ։ Անոնք իրենց կեանքը վտանգելով, Ալֆոնսը իրենց տան մէջ պահեցին։ Յետոյ նկատեցին որ տունը ապահով չէր, քանի որ Հութու դրացիները տեղեակ էին անոնց Թութսի բարեկամին մասին։ Հետեւաբար, Նեգոտէմն ու Աթանազին պահեցին Ալֆոնսը իրենց բակին մէջ գտնուող փոսի մը մէջ։ Ասիկա լաւ գաղափար մըն էր, քանի որ դրացիները սկսան գրեթէ ամէն օր գալ ու Ալֆոնսը փնտռել։ Մինչ 28 օր այս փոսին մէջ պահուըտած էր, Ալֆոնս խոր կերպով մտածեց Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած դէպքերուն մասին, զոր օրինակ՝ Ռախաբի մասին, որ Երիքովի մէջ երկու Իսրայելացիներ իր տան տանիքը պահեց։ (Յեսուայ 6։17) Այսօր Ալֆոնս Ռուանտայի մէջ իր ծառայութիւնը կը շարունակէ որպէս բարի լուրի քարոզիչ մը, շնորհապարտ ըլլալով որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող իր Հութու աշակերտները իրենց կեանքը վտանգեցին իրեն համար։ Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ Նեգոտէմի ու Աթանազիի։ Ներկայիս անոնք մկրտուած Եհովայի Վկաներ են ու շուրջ 20 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն հետաքրքրուած անհատներու հետ։

20. Եհովա ի՞նչ կերպով մխիթարած է Ռուանտայի մեր եղբայրները, սակայն անոնցմէ շատեր յարատեւաբար ի՞նչ բանի կարիքը ունին։

20 Ռուանտայի մէջ ջարդին սկսուած ատեն, երկրին մէջ 2,500 բարի լուրը հրատարակողներ կային։ Թէեւ հարիւրաւորներ իրենց կեանքերը կորսնցուցին կամ հարկադրուեցան երկրէն փախչիլ, Վկաներուն թիւը աւելնալով 3,000–ը անցաւ։ Ասիկա ապացոյց մըն է որ Աստուած իրապէս մխիթարեց մեր եղբայրները։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի Վկաներուն մէջ գտնուող բազմաթիւ որբերուն ու որբեւայրիներուն մասին։ Բնականաբար, ասոնք տակաւին կը տառապին ու յարատեւ մխիթարութեան կարիքը ունին։ (Յակոբու 1։27) Անոնց արցունքները բոլորովին պիտի սրբուին մի՛միայն երբ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ յարութիւնը տեղի ունենայ։ Այսուհանդերձ, իրենց եղբայրներուն ծառայութիւններուն շնորհիւ ու քանի որ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ երկրպագուներն են, անոնք կարող են իրենց կեանքը շարունակել։

21. (ա) Մեր եղբայրները ո՞ր երկիրներու մէջ ալ Աստուծոյ մխիթարութեան շատ կարիք ունին, եւ բոլորս ալ ի՞նչ կերպով կրնանք օգնել անոնց։ (Տես՝ շրջագիծը, «Մխիթարութիւն՝ Պատերազմի Չորս Տարիներու Ընթացքին»։) (բ) Մխիթարութեան մեր կարիքը ե՞րբ ամբողջական գոհացում պիտի ստանայ։

21 Էրիթրիոյ, Սինկաբուրի ու նախկին Եուկոսլաւիոյ նման ուրիշ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, մեր եղբայրները կը շարունակեն հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել՝ հակառակ նեղութիւններու։ Թող որ այս եղբայրներուն օգնենք, կանոնաւորաբար պաղատելով որ անոնք մխիթարութիւն ստանան։ (Բ. Կորնթացիս 1։11) Իսկ շարունակենք հաւատարմօրէն համբերել, մինչեւ այն ժամանակ, երբ Աստուած Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ «[մեր] աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» բառին բուն իմաստով։ Այն ատեն, լման կերպով պիտի վայելենք այն մխիթարութիւնը, զոր Եհովա պիտի հայթայթէ իր արդար նոր աշխարհին մէջ։—Յայտնութիւն 7։17. 21։4. Բ. Պետրոս 3։13

[Ստորանիշ]

a Դիտարան 1 Յունուար 1995 (Անգլերէնով), էջ 26–ի վրայ յիշուած էր Ռուագապուպուի աղջկան՝ Դեբօրայի փորձառութիւնը, որուն աղօթքը Հութու զինուորական ջոկատի մը գութը շարժեց եւ ընտանիքը սպաննուելէ փրկեց։

Գիտէի՞ք

◻ Եհովա ինչո՞ւ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կոչուած է։

◻ Նեղութիւնները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։

◻ Որո՞նց հետ կրնանք մխիթարութիւն բաժնել։

◻ Մխիթարութեան մեր կարիքը ի՞նչպէս ամբողջական գոհացում պիտի ստանայ։

[Նկար՝ էջ 18]

Ռուանտայի ջարդի ընթացքին, ժանը ու Շանթալը Թութսի Վկաներ ըլլալով հանդերձ, Հութու Վկաներու կողմէ տարբեր վայրերու մէջ պատսպարուեցան

[Նկար՝ էջ 18]

Ռուանտայի մէջ Եհովայի Վկաները կը շարունակեն Աստուծոյ մխիթարական պատգամը բաժնել իրենց դրացիներուն հետ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել