Քրիստոնէական դարաշրջանին՝ աստուածպետական վարչութիւնը
«Իր կամքին համաձայն . . . Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 1։9, 10, ՆԱԹ։
1, 2. (ա) Հ.Դ. 33–էն սկսեալ, «ինչ որ կայ երկինքի մէջ» ի՞նչպէս սկսաւ հաւաքուիլ։ (բ) 1914–էն ի վեր օծեալ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Մովսէսի ու Եղիայի հոգին ցուցաբերած են։
«ԻՆՉ որ կայ երկինքի մէջ», հաւաքուելու սկսաւ Հ.Դ. 33–ին, երբ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ծնաւ։ (Գաղատացիս 6։16. Եսայեայ 43։10. Ա. Պետրոս 2։9, 10) Հ.Դ. առաջին դարէն ետք, հաւաքումը դանդաղեցաւ, երբ Սատանայի ցանած հաւատուրաց «որոմ»ները չափազանց աճելով, ծածկեցին (Յիսուսի կողմէ «ցորեն» կոչուած) հարազատ Քրիստոնեաները։ Սակայն, երբ «վերջին ժամանակ»ը մօտեցաւ, Աստուծոյ ճշմարիտ Իսրայէլը դարձեալ երեւան ելաւ եւ 1919–ին Յիսուսի բոլոր ունեցածներուն վրայ նշանակուեցաւ։a —Մատթէոս 13։24-30, 36-43. 24։45-47. Դանիէլ 12։4
2 Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, ճիշդ Մովսէսի ու Եղիայի նման, օծեալ Քրիստոնեաները հրաշալի գործեր կատարեցին։b (Յայտնութիւն 11։5, 6) 1919–էն ի վեր, անոնք բարի լուրը քարոզած են թշնամական աշխարհի մը մէջ՝ Եղիայի քաջութեամբ։ (Մատթէոս 24։9-14) Իսկ 1922–էն ի վեր, մարդկութեան վրայ Եհովայի դատաստանները յայտարարած են, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէս Աստուծոյ պատուհասները բերաւ վաղեմի Եգիպտոսին վրայ։ (Յայտնութիւն 15։1. 16։2-17) Ներկայիս, այս օծեալ Քրիստոնեաներու մնացորդը Եհովայի Վկաներու նոր աշխարհի ընկերութեան կորիզը կը կազմէ։
Կառավարիչ Մարմին մը Գործի Լծուած
3. Ո՞ր դէպքերը ցոյց կու տան որ նախկին քրիստոնէական ժողովքը լաւ կերպով կազմակերպուած էր։
3 Սկիզբէն իսկ, Յիսուսի օծեալ հետեւորդները կազմակերպուած էին։ Մինչ աշակերտներուն թիւը բազմապատկուեցաւ, տեղական ժողովքներ հաստատուեցան ու երէցներ նշանակուեցան։ (Տիտոս 1։5) Հ.Դ. 33–էն ետք, 12 առաքեալները գործեցին որպէս հեղինակաւոր կեդրոնական կառավարիչ մարմին մը։ Այս հանգամանքով ալ, անոնք քաջութեամբ առաջնորդեցին վկայութեան գործը։ (Գործք 4։33, 35, 37. 5։18, 29) Կարօտեալներուն համար ուտելիքի բաշխումը կազմակերպեցին, նաեւ Պետրոսն ու Յովհաննէսը Սամարիա ղրկեցին, որպէսզի հետամուտ ըլլան հոն ցուցաբերուած հետաքրքրութեան։ (Գործք 6։1-6. 8։6-8, 14-17) Բառնաբաս՝ Պօղոսը անոնց տարաւ, հաստատելու համար թէ այս նախկին հալածիչը, ներկայիս Յիսուսի հետեւորդ մը եղած էր։ (Գործք 9։27. Գաղատացիս 1։18, 19) Իսկ Կոռնելիոսի ու անոր ընտանիքին քարոզելէ յետոյ, Պետրոս Երուսաղէմ վերադարձաւ ու առաքեալներուն եւ Հրէաստանէ եղող եղբայրներուն բացատրեց թէ այս առնչութեամբ սուրբ հոգին ի՛նչպէս Աստուծոյ կամքը նշեց իրեն։—Գործք 11։1-18
4. Պետրոսը սպաննելու ի՞նչ փորձ եղաւ, բայց ան ի՞նչպէս փրկուեցաւ։
4 Անկէ ետք կառավարիչ մարմինը վայրագ յարձակման ենթարկուեցաւ։ Պետրոս բանտարկուեցաւ ու միայն հրեշտակային միջամտութեամբ էր որ իր կեանքը փրկուեցաւ։ (Գործք 12։3-11) Այժմ, առաջին անգամ ըլլալով, Երուսաղէմի մէջ 12 առաքեալներէն զատ ուրիշ մը երեւան եկաւ կարկառուն դիրքի մը վրայ։ Երբ Պետրոս բանտէն ազատ արձակուեցաւ, ան Յովհաննէս Մարկոսի մօրը տան մէջ հաւաքուած խումբին հետեւեալը ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին [Յիսուսի կէս եղբայրը] ու եղբայրներուն պատմեցէք»։—Գործք 12։17
5. Կառավարիչ մարմինին կառոյցը ի՞նչպէս փոխուեցաւ Յակոբոսի նահատակութենէն ետք։
5 Յուդա Իսկարիովտացին՝ մատնիչ առաքեալը՝ անձնասպան ըլլալէն ետք, որպէս առաքեալ «անոր պաշտօնը» ուրիշի մը տալու կարիքը տեսնուեցաւ. մէկը որ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին անոր հետ եւ անոր մահուան ու յարութեան ականատես՝ եղած էր։ Սակայն, երբ Յակոբոս՝ Յովհաննէսին եղբայրը՝ սպաննուեցաւ, ոչ ոք զայն փոխարինեց որպէս 12–էն մէկը։ (Գործք 1։20-26. Գործք 12։1, 2) Սակայն, կառավարիչ մարմինին նկատմամբ սուրբ գրային յաջորդ ակնարկումը ցոյց կու տայ թէ անոր թիւը աւելցած էր։ Երբ վէճ մը ծագեցաւ թէ Յիսուսի հեթանոս հետեւորդները պէ՞տք էր Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուէին թէ ոչ, հարցը ներկայացուեցաւ ‘Երուսաղէմ եղող առաքեալներուն ու երէցներուն’, որպէսզի որոշումի մը յանգէին։ (Գործք 15։2, 6, 20, 22, 23. 16։4) Ինչո՞ւ այժմ «երէցներ»ը սկսած էին կառավարիչ մարմինին մաս կազմել։ Աստուածաշունչը այս մասին բան մը չ’ըսեր, բայց բացայայտօրէն ասիկա օգտակար էր։ Յակոբոսի մահը եւ Պետրոսի բանտարկութիւնը ցոյց տուած էին թէ առաքեալները օր մը իրենք ալ թերեւս բանտարկուէին կամ սպաննուէին։ Այսպիսի հաւանականութեան մը ի տես, կառավարիչ մարմինի գործելակերպին ընտելացած ուրիշ որակելի երէցներու ներկայութիւնը, կրնար վերակացութեան կարգապահօրէն շարունակուիլը երաշխաւորել։
6. Կառավարիչ մարմինը ի՞նչպէս շարունակեց գործել Երուսաղէմի մէջ, նոյնիսկ երբ այդ մարմինին գլխաւոր անդամները այդ քաղաքէն հեռացան։
6 Երբ Պօղոս Հ.Դ. 56–ի ատենները Երուսաղէմ եկաւ, Յակոբոսին տեղեկագրութիւն մը ներկայացուց եւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «բոլոր երէցներն ալ եկան»։ (Գործք 21։18) Ինչո՞ւ այս ժողովին մէջ առաքեալներուն մասին ակնարկում մը չկայ։ Դարձեալ, Աստուածաշունչը չ’ըսեր։ Բայց պատմաբան Եւսեբիոս հետագային տեղեկագրեց թէ Հ.Դ. 66–էն քիչ մը առաջ, «մնացեալ առաքեալները, սպանութեան դաւադրութիւններու պատճառաւ շարունակ վտանգի տակ ըլլալով, ստիպուեցան Հրէաստանէն դուրս ելլել։ Սակայն իրենց պատգամը սորվեցնելու համար, անոնք Քրիստոսի զօրութեամբ շատ երկիրներ ճամբորդեցին»։ (Եւսեբիոս, Գիրք Գ., Ե., համար 2) Թէեւ Եւսեբիոսի խօսքերը ներշնչուած արձանագրութեան մաս չեն կազմեր, սակայն անոնք ներդաշնակ են Աստուածաշունչի արձանագրութեան հետ։ Օրինակի համար, Հ.Դ. 62–ին, Պետրոս Բաբելոն կը գտնուէր, Երուսաղէմէ հեռու։ (Ա. Պետրոս 5։13) Այսուհանդերձ, Հ.Դ. 56–ին եւ հաւանաբար մինչեւ Հ.Դ. 66, տակաւին կառավարիչ մարմին մը բացայայտօրէն կը գործէր Երուսաղէմի մէջ։
Վարչութիւնը՝ Արդի Ժամանակներուն
7. Ի՞նչ աչքառու տարբերութիւն մը կայ առաջին դարու կառավարիչ մարմինին եւ ներկայ Կառավարիչ Մարմինի կառոյցին միջեւ։
7 Հասարակ դարաշրջանի 33–էն մինչեւ Երուսաղէմի վրայ եկած նեղութիւնը, կառավարիչ մարմինը ակներեւաբար հրեայ Քրիստոնեաներէ կը բաղկանար։ Հ.Դ. 56–ին, Երուսաղէմ իր այցելութեան ընթացքին, Պօղոս տեղեկացաւ որ Հրեայ եղող Քրիստոնեաներէն շատեր, ‘մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատքը պահելով’ հանդերձ, տակաւին «[Մովսիսական] օրէնքին նախանձաւոր» էին։c (Յակոբու 2։1. Գործք 21։20-25) Այսպիսի Հրեաներու համար թերեւս դժուար էր երեւակայել որ Հրեայ չեղող մը՝ կառավարիչ մարմինի անդամ ըլլար։ Սակայն, արդի ժամանակներուն, կառավարիչ մարմինի կառոյցին մէջ ուրիշ փոփոխութիւն մը եղած է։ Այսօր, անիկա կը բաղկանայ միմիայն ոչ–հրեայ՝ օծեալ Քրիստոնեաներէ եւ Եհովա մեծապէս օրհնած է անոնց վերակացութիւնը։—Եփեսացիս 2։11-15
8, 9. Արդի ժամանակներուն, Կառավարիչ Մարմինին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։
8 1884–ին, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան օրինագրուելէն մինչեւ 1972, Եհովայի կազմակերպութեան մէջ Ընկերութեան նախագահը մեծ հեղինակութիւն ունէր, մինչ Կառավարիչ Մարմինը սերտօրէն առնչակից էր Ընկերութեան վարչական խորհուրդին հետ։ Այդ տարիներուն, անոնց վայելած օրհնութիւնները ապացոյց մըն են որ Եհովա ընդունեց այդ կարգադրութիւնը։ 1972–էն 1975–ի միջեւ, Կառավարիչ Մարմինը ընդարձակուեցաւ հասնելով 18 անդամներու։ Անիկա աւելի նման եղաւ առաջին դարու կարգադրութեան, երբ աւելի մեծ հեղինակութիւն տրուեցաւ այս ընդարձակուած մարմինին, որու կարգ մը անդամները Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան վարչականներն ալ են։
9 1975–էն ի վեր, այս 18 անդամներէն ոմանք իրենց երկրային ընթացքը աւարտած են։ Անոնք աշխարհին յաղթած ու ‘Յիսուսի հետ իր աթոռին վրայ նստած’ են։ (Յայտնութիւն 3։21) Այս եւ այլ պատճառներով, Կառավարիչ Մարմինը ներկայիս տասը անդամներ ունի, 1994–ին աւելցուած նոր անդամին հետ։ Մեծամասնութիւնը յառաջացած տարիք մը ունի։ Բայց եւ այնպէս, այս օծեալ եղբայրներուն շատ լաւ աջակցութիւն կը տրուի, մինչ իրենց ծանր պատասխանատուութիւնները կը կատարեն։ Այս աջակցութիւնը ո՞րմէ կը ստանան։ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տեղի ունեցող արդի զարգացումներուն ակնարկ մը նետելը, կը պատասխանէ այդ հարցումին։
Աստուծոյ Իսրայէլին Տրուած Աջակցութիւն
10. Եհովայի ծառայութեան մէջ որո՞նք օծեալներուն միացան այս վերջին օրերուն մէջ եւ ասիկա ի՞նչպէս մարգարէացուած էր։
10 1884–ին, Աստուծոյ Իսրայէլին հետ ընկերակցողներուն գրեթէ բոլորը օծեալ Քրիստոնեաներ էին։ Սակայն, աստիճանաբար, ուրիշ խումբ մը սկսաւ երեւան գալ եւ 1935–ին այս խումբը բնորոշուեցաւ որպէս Յայտնութիւն 7–րդ գլուխին «մեծ բազմութիւն»ը։ Երկրային յոյս ունենալով, անոնք կը ներկայացնեն ‘ինչ որ երկրի վրայ կայ’, զոր Եհովա նպատակադրած է բովանդակել Քրիստոսով։ (Եփեսացիս 1։10) Անոնք կը ներկայացնեն Յիսուսի բակերու մասին տուած առակին «ուրիշ ոչխարներ»ը։ (Յովհաննու 10։16) 1935–էն ի վեր, ուրիշ ոչխարները Եհովայի կազմակերպութենէն ներս խուժած են։ Անոնք ‘ամպի պէս, դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս’ եկած են։ (Եսայեայ 60։8) Քանի որ մեծ բազմութիւնը կ’աւելնայ ու օծեալ դասակարգին պատկանողները կը նուազին՝ իրենց երկրային ընթացքը մահով աւարտելուն պատճառաւ՝ որակելի ուրիշ ոչխարներ քրիստոնէական գործունէութիւններուն մէջ սկսած են աւելի մեծ դեր մը ունենալ։ Ի՞նչ կերպերով։
11. Նախապէս օծեալ Քրիստոնեաներուն սահմանուած ի՞նչ առանձնաշնորհումներ ուրիշ ոչխարներուն տրուած են։
11 Եհովայի առաքինութիւնները հռչակելը մի՛շտ Աստուծոյ «սուրբ ազգ»ին մասնայատուկ պարտաւորութիւնը եղած է։ Պօղոս ատոր մասին խօսեցաւ որպէս տաճարի զոհ մը, իսկ Յիսուս «թագաւորական քահանայութիւն»ը կազմողներուն տուաւ քարոզելու եւ սորվեցնելու յանձնարարութիւնը։ (Ելից 19։5, 6. Ա. Պետրոս 2։4, 9. Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Եբրայեցիս 13։15, 16) Բայց եւ այնպէս, Դիտարան 1 Օգոստոս 1932–ի համարը (Անգլերէն) յատկապէս քաջալերեց Յովնադաբով նախապատկերացուած անհատները, որ այս գործունէութեան մասնակցին։ Արդարեւ, ուրիշ ոչխարներէն շատեր արդէն իսկ ասիկա կ’ընէին։ Ներկայիս, քարոզչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կը կատարուի ուրիշ ոչխարներու կողմէ, որպէս ‘տաճարին մէջ ցորեկ ու գիշեր [Աստուծոյ] մատուցած իրենց ծառայութեան’ գլխաւոր մասը։ (Յայտնութիւն 7։15) Նոյնպէս, Եհովայի ժողովուրդին արդի պատմութեան սկիզբի օրերուն, ժողովքի երէցները՝ Յիսուս Քրիստոսի աջ ձեռքին մէջի «աստղ»երը՝ օծեալ Քրիստոնեաներ էին։ (Յայտնութիւն 1։16, 20) Սակայն, Դիտարան 1 Մայիս 1937–ի համարը (Անգլերէն), ծանուցանեց որ ուրիշ ոչխարներէն որակելի անհատներ կրնային խումբի ծառաներ (վերակացու տեսուչներ) ըլլալ։ Նոյնիսկ երբ օծեալ տղամարդիկ մատչելի ըլլային, ուրիշ ոչխարներէն անհատներ կրնային գործածուիլ եթէ օծեալներ կարող չըլլային այս պատասխանատուութիւնը ստանձնել։ Այսօր, ժողովքներուն մէջ գրեթէ բոլոր երէցները ուրիշ ոչխարներէն են։
12. Որակելի ուրիշ ոչխարներուն կազմակերպչական ծանր պատասխանատուութիւններ տալը, սուրբ գրային ի՞նչ նախատիպեր ունի։
12 Արդեօք սխա՞լ է այսպիսի ծանր պատասխանատուութիւններ տալ ուրիշ ոչխարներուն։ Ո՛չ. ասիկա պատմական նախատիպ մը ունի։ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ նորադարձներէն (պանդուխտներէն) ոմանք կարեւոր դիրքեր ունէին։ (Բ. Թագաւորաց 23։37, 39. Երեմեայ 38։7-9) Բաբելոնական գերութենէն ետք, որակելի Նաթանայիմներուն (Իսրայելացի չեղող տաճարի ծառաներ) տաճարի ծառայութեան առանձնաշնորհումներ տրուեցան, որոնք նախապէս միայն Ղեւտացիներուն կը պատկանէին։ (Եզրասայ 8։15-20. Նէեմեայ 7։60) Ասկէ զատ, Մովսէս՝ որ այլակերպութեան տեսիլքին մէջ Յիսուսի հետ երեւցած էր՝ Մադիանացի Յոթորի կողմէ մատուցուած ընտիր խրատը ընդունեց։ Հետագային, ան Յոթորի որդւոյն Յոբաբէն խնդրեց որ իրենց ուղղութիւն տայ անապատին մէջ։—Ելից 18։5, 17-24. Թուոց 10։29
13. Որակելի ուրիշ ոչխարներու խոնարհաբար պատասխանատուութիւններ տալով, օծեալները որո՞ւ ընտիր հոգին կ’ընդօրինակեն։
13 Անապատին մէջ 40 տարուան վերջաւորութեան, Մովսէս գիտնալով որ անձնապէս Խոստացեալ Երկիրը պիտի չմտնէր, Եհովայի աղօթեց որ իրեն յաջորդ մը նշանակէր։ (Թուոց 27։15-17) Եհովա անոր ըսաւ որ բոլոր ժողովուրդին առջեւ Յեսուն նշանակէ եւ Մովսէս այդպէս ըրաւ, թէեւ ան տակաւին ֆիզիքապէս զօրաւոր էր ու անմիջապէս չդադրեցաւ Իսրայէլի ծառայելէ։ (Բ. Օրինաց 3։28. 34։5-7, 9) Օծեալները նոյն խոնարհ հոգիով արդէն իսկ յաւելեալ առանձնաշնորհումներ տուած են ուրիշ ոչխարներէն եղող որակելի տղամարդոց։
14. Ո՞ր մարգարէութիւնները ցոյց կու տան որ ուրիշ ոչխարներուն յաւելեալ կազմակերպչական պատասխանատուութիւններ պիտի տրուին։
14 Կազմակերպութեան մէջ ուրիշ ոչխարներուն յաւելեալ պատասխանատուութիւններ տալն ալ մարգարէացուած է։ Զաքարիա նախագուշակեց որ Իսրայելացի չեղող Փղշտացին «Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս» պիտի ըլլայ։ (Զաքարեայ 9։6, 7) Հազարապետները տոհմային պետեր էին, հետեւաբար Զաքարիան կ’ըսէր որ Իսրայէլի նախկին թշնամի մը ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի որդեգրէր ու Խոստացեալ Երկրին մէջ տոհմային պետի մը պէս պիտի ըլլար։ Երբ Աստուծոյ Իսրայէլին կ’ակնարկէր, Եհովա նաեւ ըսաւ. «Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։ Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։ Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ, մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք»։ (Եսայեայ 61։5, 6) «Օտարականներ»ն ու «Օտարներ»ը ուրիշ ոչխարներն են։ Ասոնց պատասխանատուութիւններ տրուած են որպէսզի հետզհետէ աւելի շատ գործեր ստանձնեն, մինչ ծերացող օծեալ մնացորդին անդամները իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն եւ կ’երթան ամբողջական կերպով ծառայելու որպէս «Տէրոջը՝ [երկնային] քահանաներ», Եհովայի վեհափառութեան գահը շրջապատելով, որպէս «մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ»։—Ա. Կորնթացիս 15։50-57. Յայտնութիւն 4։4, 9-10. Յայտնութիւն 5։9, 10
‘Գալու Սերունդը’
15. Այս վերջին ժամանակին մէջ, Քրիստոնեաներու ո՞ր խումբը ‘ծերացած’ է, իսկ ո՞ր խումբը կը ներկայացնէ «գալու սերունդ»ը։
15 Օծեալ մնացորդը հաճոյքով փափաքած է ուրիշ ոչխարներէն անհատներ մարզել, որպէսզի յաւելեալ պատասխանատուութիւններ կրեն։ Սաղմոս 71։18–ն կ’ըսէ. «Մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին [«սերունդին», ՆԱ] եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան»։ Այս համարը մեկնաբանելով, Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1948–ի համարը (Անգլերէն) նշեց թէ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը իրականութեան մէջ ծերացած էր։ Անիկա շարունակեց ըսել որ օծեալները ուրախութեամբ «դէպի յառաջ կը նային Աստուածաշունչի լոյսին տակ, ու նոր սերունդ մը կը տեսնեն»։ Ասիկա գլխաւորաբար որո՞ւն կ’ակնարկէ։ Դիտարան–ը ըսաւ. «Յիսուս անոնց մասին խօսեցաւ որպէս իր ‘ուրիշ ոչխարները’»։ ‘Գալու սերունդը’ կ’ակնարկէ՝ երկնքի Թագաւորութեան կողմէ կառավարուած երկրային նոր վարչութեան մը ներքեւ ապրելիք մարդկութեան։
16. «Գալու սերունդ»ին պատկանող անհատները ի՞նչ օրհնութիւններ անձկագին կ’ակնկալեն։
16 Աստուածաշունչը յստակօրէն չ’ըսեր թէ օծեալ Քրիստոնեաները ե՛րբ այս «գալու սերունդին» պատկանող եղբայրները պիտի թողուն ու երթան Յիսուս Քրիստոսի հետ փառաւորուելու համար։ Սակայն այս օծեալները վստահ են որ այս ժամանակը կը մօտենայ։ «Վերջին ժամանակ»ի մասին Յիսուսի հռչակաւոր մարգարէութեան մէջ գուշակուած դէպքերը 1914–էն ի վեր տեղի կ’ունենան, ցոյց տալով որ այս աշխարհին կործանումը մօտ է։ (Դանիէլ 12։4. Մատթէոս 24։3-14. Մարկոս 13։4-20. Ղուկաս 21։7-24) Շուտով, Եհովա նոր աշխարհ մը պիտի բերէ, որու մէջ «գալու սերունդ»ը ‘աշխարհի սկիզբէն անոնց համար պատրաստուած թագաւորութիւնը [երկրային ծիրը] պիտի ժառանգեն’։ (Մատթէոս 25։34) Անոնք կը խայտան Դրախտին վերահաստատման ու միլիոնաւոր մեռելներու Հատէսէն յարուցուելու ակնկալութեամբ։ (Յայտնութիւն 20։13) Արդեօք օծեալները հոն պիտի ըլլա՞ն այս յարուցուողները դիմաւորելու համար։ Դիտարան 1 Մայիս 1925–ի համարը (Անգլերէն) կ’ըսէր. «Ինքնագլուխօրէն պէտք չէ ըսենք թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ կամ՝ պիտի չընէ . . . [Սակայն] այդ եզրակացութեան կը յանգինք թէ Եկեղեցիին անդամները [օծեալ Քրիստոնեաները] պիտի փառաւորուին՝ վաղեմի երեւելիներուն [նախա–քրիստոնէական հաւատարիմ վկաներուն] յարութենէն առաջ»։ Նոյնպէս, երբ նկատի կ’առնէր թէ արդեօք օծեալներէն ոմանք ներկայ պիտի ըլլայի՞ն յարուցեալները դիմաւորելու համար, Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1989–ի համարը ըսաւ. «Ասիկա անհրաժեշտ պիտի չըլլար»։d
17. Օծեալները որպէս խումբ, գահակալուած Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հետ ո՞ր հոյակապ առանձնաշնորհումներուն պիտի մասնակցին։
17 Ճիշդ է որ չենք գիտեր թէ ի՛նչ պիտի պատահի իւրաքանչիւր օծեալ Քրիստոնեայի։ Սակայն այլակերպութեան տեսիլքին մէջ Յիսուսի հետ Մովսէսի ու Եղիայի ներկայութիւնը կը մատնանշէ թէ յարուցեալ օծեալ Քրիստոնեաները կ’ակնկալեն Յիսուսի հետ ըլլալ, երբ ան փառքով գայ իր դատաստանը ի գործ դնելու ու «ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում» ընելու։ Ասկէ զատ, կը յիշենք Յիսուսի խոստումը թէ՝ ‘յաղթող’ օծեալ Քրիստոնեաները իրեն հետ ‘երկաթէ գաւազանով ազգերը պիտի հովուեն’ Արմագեդոնին։ Երբ Յիսուս փառքով գայ, անոնք իրեն հետ «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու» պիտի նստին։ Յիսուսի հետ, անոնք ‘Սատանան իրենց ոտքերուն տակ պիտի խորտակեն’։—Մատթէոս 16։27–17։9. 19։28. Յայտնութիւն 2։26, 27. 16։14, 16. Հռովմայեցիս 16։20. Ծննդոց 3։15. Սաղմոս 2։9. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։9, 10
18. (ա) ‘Ամէն ինչ որ կայ երկնքի մէջ՝ Քրիստոսով բովանդակելուն’ նկատմամբ ի՞նչ է կացութիւնը։ (բ) Ի՞նչ կրնանք ըսել ‘ամէն ինչ որ կայ երկրի վրայ Քրիստոսով բովանդակելուն’ մասին։
18 Հարցերը ձեռք առնելու իր կերպին համաձայն, Եհովա աստիճանաբար կ’ընթանայ որ «ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով»։ Իսկ ‘երկնքի մէջ եղած բաներուն’ նկատմամբ, իր նպատակը իր լրումին կը մօտենայ։ Երկինքը տեղի ունենալիք «Գառնուկին հարսանիք»ին համար, բոլոր 144,000–ին Յիսուսի հետ միացումը կը մօտենայ։ Հետեւաբար, իրենց օծեալ եղբայրներուն օգնելու համար, ‘երկրի վրայինները’ ներկայացնող ուրիշ ոչխարներէն հասուն եւ հին եղբայրներու, աւելի ծանր պատասխանատուութիւններ տրուած են։ Որքա՜ն խայտալի ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Ի՜նչ խայտալի է տեսնել որ Եհովայի նպատակը իր կատարումին կը հասնի։ (Եփեսացիս 1։9, 10. 3։10-12. Յայտնութիւն 14։1. 19։7, 9) Իսկ ուրիշ ոչխարները որքա՜ն ուրախ են որ իրենց օծեալ եղբայրներուն կ’օգնեն, մինչ երկու խումբերն ալ միասնաբար կը ծառայեն որպէս «մէկ հօտ»՝ «մէկ հովիւ»ի ներքեւ, հնազանդելով Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի, Տիեզերքի մեծ Գերիշխանին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ փառքին համար։—Յովհաննու 10։16. Փիլիպպեցիս 2։9-11
[Ստորանիշներ]
a Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1981 (Անգլերէն), էջ 16-26։
b Օրինակի համար, 1914–էն սկսեալ, չորս մասէ բաղկացած տեսալսողական «Ստեղծագործութեան Պատկերա–Տրամը» ցուցադրուեցաւ խճողուած թատերասրահներու մէջ, ամբողջ Արեւմտեան աշխարհի մէջ։
c Հաւանական պատճառներու համար թէ ինչո՛ւ Հրէութենէ եկած կարգ մը Քրիստոնեաներ Օրէնքին հանդէպ նախանձախնդիր էին, տես՝ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ (Անգլերէն), հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Հատոր Բ., էջ 1163-1164։
d Տես՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 1990, էջ 30-31. 15 Դեկտեմբեր 1990 (Անգլերէն), էջ 30։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Առաջին դարուն Աստուծոյ կազմակերպութիւնը ի՞նչպէս զարգացաւ։
◻ Եհովայի Վկաներու արդի պատմութեան մէջ Կառավարիչ Մարմինը ի՞նչպէս զարգացաւ։
◻ Ո՞ր սուրբ գրային համարները Եհովայի կազմակերպութեան մէջ ուրիշ ոչխարներուն հեղինակութիւն տալը կը վաւերացնեն։
◻ «Երկինքի մէջ» եղածները եւ «երկրի վրայ» եղածները ի՞նչպէս բովանդակուած են Քրիստոսով։
[Նկարներ՝ էջ 29]
Հասուն օծեալ Քրիստոնեաներ Եհովայի ժողովուրդին օրհնութիւն մը եղած են
Չ. Թ. Ռասըլ 1884-1916
Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ 1916-1942
Ն. Հ. Նոր 1942-1977
Ֆ. Ու. Ֆրանզ 1977-1992
Մ. Կ. Հէնշըլ 1992-