Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 12/1 էջ 17-21
  • Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ջերմօրէն կը Յորդորէ որ Յիշեն
  • Ծաղրողներուն Ցանկութիւնները
  • Կամայական եւ Անարգ
  • Աստուծոյ Խօսքը Վստահելի Է
  • Անձկանօք Վախճանը Սպասել
  • Եհովայի Տեսակէտը Պէտք Է Ունենանք
  • Ի՞նչ Բան Պիտի Անցնի
  • Ձեր Աչքերը Սեւեռեցէք Ձեր Յոյսին Վրայ
  • Ժամանակի Ստիպողականութիւնը եւ Բարոյական Մաքրութիւնը Պահպանենք
  • Մեր թանկագին հաւատքին կառչած մնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ան Տէրոջմէն ներողամտութիւն սորվեցաւ
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
  • Հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց
    Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 12/1 էջ 17-21

Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահենք

«Վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան»։—Բ. ՊԵՏՐՈՍ 3։3

1. Արդի Քրիստոնեայ մը ստիպողական ի՞նչ զգացում ունեցաւ։

ԱՒԵԼԻ քան 66 տարիներէ ի վեր լիաժամ քարոզիչ մը, գրեց. «Միշտ ստիպողականութեան սուր զգացում մը ունեցած եմ։ Իմ մտքիս մէջ, Արմագեդոնը միշտ յաջորդ օրը ըլլալիք բան մը եղած է։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Իմ հօրս եւ անկէ առաջ անոր հօրը նման, ես իմ կեանքս ապրած եմ [Պետրոս] առաքեալին յորդորին համաձայն, ‘Եհովայի օրուան ներկայութիւնը մտքիս մէջ պահելով’։ Խոստացեալ նոր աշխարհը միշտ նկատած եմ որպէս ‘չտեսնուած իրողութիւն մը’»։—Բ. Պետրոս 3։11, 12, ՆԱ. Եբրայեցիս 11։1, ՆԱ. Եսայեայ 11։6-9. Յայտնութիւն 21։3, 4

2. Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովայի օրը մեր մտքին մէջ պահել։

2 Եհովայի օրուան կապակցաբար, Պետրոսի՝ «ձեր մտքին մէջ պահեցէք» արտայայտութիւնը, կը նշանակէ որ զայն մեր մտքէն չենք հաներ։ Բնաւ պէտք չէ մոռնանք որ խոստացեալ նոր աշխարհը հաստատելու համար անհրաժեշտ եղող իրերու այս դրութիւնը կործանելու Եհովայի օրը շատ մօտ է։ Անիկա ա՛յնքան իրական պէտք է ըլլայ մեզի համար, որ զայն կարենանք յստակօրէն տեսնել, որպէս թէ ճիշդ մեր դիմաց ըլլար։ Անիկա այն աստիճան իրական էր Աստուծոյ վաղեմի մարգարէներուն համար, որ այդ մասին յաճախ խօսեցան, որպէս մօտ եղող բան մը։—Եսայեայ 13։6. Յովելեայ 1։15. 2։1. Աբդիու 15. Սոփոնեայ 1։7, 14

3. Բացայայտօրէն ի՞նչ բան մղեց որ Պետրոս Եհովայի օրուան մասին խրատ տայ։

3 Պետրոս ինչո՞ւ մեզ յորդորեց որ Եհովայի օրը նկատենք որպէս «յաջորդ օրը» գալիք բան մը։ Քանի որ ոմանք բացայայտօրէն սկսած էին ծաղրել Քրիստոսի խոստացեալ ներկայութեան գաղափարը, որու ընթացքին յանցագործները իրենց պատիժը պիտի ստանային։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Ուստի, իր երկրորդ նամակին երրորդ գլուխին մէջ, Պետրոս այդ ծաղրողներուն ըրած ամբաստանութիւններուն կը պատասխանէ, զոր հիմա նկատի պիտի առնենք։

Ջերմօրէն կը Յորդորէ որ Յիշեն

4. Պետրոս ի՞նչ կ’ուզէ որ յիշենք։

4 Իր եղբայրներուն հանդէպ Պետրոսի ունեցած սէրը կը տեսնուի, այս գլուխին մէջ յաճախ անոնց ակնարկելով որպէս «սիրելիներ»։ Անոնց ջերմօրէն յորդորելով որ իրենց սորված բաները չմոռնան, Պետրոս կ’ըսէ. «Սիրելինե՛ր, . . . ձեր անկեղծ միտքը [կ’արթնցնեմ] որ յիշէք եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք»։—Բ. Պետրոս 3։1, 2, 8, 14, 17. Յուդա 17

5. Կարգ մը մարգարէներ ի՞նչ ըսին Եհովայի օրուան մասին։

5 Պետրոս իր ընթերցողները կը յորդորէր որ «նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած [ո՞ր] խօսքերը» յիշէին։ Թագաւորութեան զօրութեամբ Քրիստոսի ներկայութեան եւ ամբարիշտներու դատաստանին մասին ըսուած խօսքերը։ Պետրոս նախապէս ուշադրութիւն հրաւիրած էր այդ խօսքերուն։ (Բ. Պետրոս 1։16-19. 2։3-10) Յուդա կը յիշէ Ենովքը, որ չարերուն վրայ Աստուծոյ գալիք դատաստանին մասին խօսող առաջին արձանագրուած մարգարէն էր։ (Յուդա 14, 15) Ուրիշ մարգարէներ յաջորդեցին Ենովքին եւ Պետրոս չէր ուզեր որ անոնց գրածները մոռնանք։—Եսայեայ 66։15, 16. Սոփոնեայ 1։15-18. Զաքարեայ 14։6-9

6. Քրիստոսի եւ առաքեալներուն ո՞ր խօսքերը Եհովայի օրուան մասին լուսաբանութիւն կու տան։

6 Ասկէ զատ, Պետրոս իր ընթերցողներուն կ’ըսէ որ ‘Տիրոջ եւ Փրկչին պատուէրը’ յիշեն։ Յիսուսի պատուէրը կը բովանդակէր հետեւեալ յորդորը. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ . . . ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի . . . որոգայթի մը պէս»։ «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։ (Ղուկաս 21։34-36. Մարկոս 13։33) Պետրոս մեզ կը յորդորէ որ առաքեալներուն ըսածներուն ալ ուշադրութիւն ընենք։ Պօղոս առաքեալ, զոր օրինակ, գրեց. «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ . . . Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 6

Ծաղրողներուն Ցանկութիւնները

7, 8. (ա) Աստուծոյ ազդարարական պատգամները ծաղրողները ի՞նչպիսի մարդիկ են։ (բ) Ծաղրողները ի՞նչ կը դաւանին։

7 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Պետրոսի խրատին պատճառը այդ էր որ կարգ մը անհատներ այսպիսի ազդարարութիւններ ծաղր կ’ընէին, ճիշդ ինչպէս որ վաղեմի Իսրայելացիները Եհովայի մարգարէները կը ծաղրէին։ (Բ. Մնացորդաց 36։16) Պետրոս կը բացատրէ. «Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն»։ (Բ. Պետրոս 3։3) Յուդա կ’ըսէ որ այս ծաղրողները «ամբարիշտ» բաներ կը ցանկային։ Զանոնք ‘հոգեւորականութիւն չունեցող շնչաւորներ’ կը կոչէ։—Յուդա 17-19, ՆԱ։

8 Սուտ ուսուցիչները, որոնք ըստ Պետրոսի «պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան», հաւանաբար հոգեւորականութիւն չունեցող այս ծաղրողներուն մաս կը կազմեն։ (Բ. Պետրոս 2։1, 10, 14) Անոնք հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն հեգնանքով կը հարցնեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր»։—Բ. Պետրոս 3։4

9. (ա) Ծաղրողները ինչո՞ւ կը ջանան նսեմացնել Աստուծոյ Խօսքին մէջի ստիպողական զգացումը։ (բ) Եհովայի օրը մեր միտքը պահելը ի՞նչպէս պաշտպանութիւն մըն է մեզի համար։

9 Անոնք ինչո՞ւ կը ծաղրեն։ Ինչո՞ւ այն գաղափարը կու տան որ Քրիստոսի ներկայութիւնը բնաւ տեղի պիտի չունենայ եւ թէ Աստուած մարդոց գործերուն բնաւ չէ միջամտած ու պիտի չմիջամտէ։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ շեշտուած ստիպողականութիւնը նսեմացնելով, այս շնչաւոր ծաղրողները կը ջանան ուրիշները հոգեւոր անտարբերութեան մէջ ձգել եւ այս կերպով զանոնք անձնասէր մոլորութիւններու դիւրին որս մը դարձնել։ Ասիկա շա՜տ ուժգին քաջալերութիւն մըն է մեզի, որ հոգեւորապէս արթուն մնանք։ Եհովայի օրը միշտ մեր մտքին մէջ պահենք եւ միշտ յիշենք որ իր աչքերը մեր վրայ են։ Այսպիսով Եհովայի նախանձախնդրութեամբ ծառայելու եւ բարոյական մաքրութիւն պահելու պիտի մղուինք։—Սաղմոս 11։4. Եսայեայ 29։15. Եզեկիէլ 8։12. 12։27. Սոփոնեայ 1։12

Կամայական եւ Անարգ

10. Պետրոս ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ որ ծաղրողները կը սխալին։

10 Այսպիսի ծաղրողներ կենսական իրողութիւն մը կը մոռնան։ Անոնք կամայականօրէն զայն կ’անտեսեն եւ կը ջանան որ ուրիշներուն ալ զայն մոռցնել տան։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի զանոնք աւելի հեշտօրէն մոլորեցնեն։ Պետրոս կը գրէ. «Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է,) այն բանը մոռցեր են»։ Ի՞նչ բան։ «Թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ»։ (Բ. Պետրոս 3։5, 6) Այո, Նոյի օրուան Ջրհեղեղով՝ Եհովա երկիրը մաքրեց իր ամբարշտութենէն, իրողութիւն մը զոր Յիսուս ալ շեշտեց։ (Մատթէոս 24։37-39. Ղուկաս 17։26, 27. Բ. Պետրոս 2։5) Ուստի, ծաղրողներուն ըսածին հակառակը, ‘ամէն բան այնպէս չէ մնացած, արարածներուն սկիզբէն ի վեր’։

11. Նախկին Քրիստոնեաներուն ո՞ր կանխահաս ակնկալութիւնները պատճառ եղան որ ոմանք ծաղրեն զիրենք։

11 Քանի որ այս բաները տակաւին չիրականացած ակնկալութիւններ էին, ծաղրողները կրնային խնդալ հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն վրայ։ Յիսուսի մահուընէ քիչ առաջ, իր աշակերտները ‘կը կարծէին թէ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի’։ Ապա անոր յարուցուելէն ետք, անոնք հարցուցին որ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի հաստատուէր թէ ոչ։ Նաեւ, Պետրոս իր երկրորդ նամակը գրելէն շուրջ տասը տարի առաջ, ոմանք «խօսքով» կամ իբրեւ թէ Պօղոս առաքեալի կամ իր ընկերակիցներուն կողմէ եկած «թուղթով մը»՝ ‘խռոված’ էին, «որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած» ըլլար։ (Ղուկաս 19։11. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2. Գործք 1։6) Յիսուսի աշակերտներուն այս ակնկալութիւնները սակայն, սուտ չէին, միայն կանխահաս էին։ Եհովայի օրը պի՛տի գար։

Աստուծոյ Խօսքը Վստահելի Է

12. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս փաստած է որ ‘Եհովայի օրուան’ մասին իր տուած մարգարէութիւններուն կրնանք վստահիլ։

12 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, նախաքրիստոնէական շրջանի մարգարէները յաճախ կը զգուշացնէին որ Եհովայի վրէժխնդրութեան օրը մօտ էր։ ‘Եհովայի օրը’ պզտիկ չափով մը եկաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Եհովա իր վրէժխնդրութիւնը բերաւ իր մոլորած ժողովուրդին վրայ։ (Սոփոնեայ 1։14-18) Հետագային, ուրիշ ազգեր, ինչպէս Բաբելոնն ու Եգիպտոսը, նոյն կերպով ‘Եհովայի օրուան’ հետեւանքը կրեցին։ (Եսայեայ 13։6-9. Երեմեայ 46։1-10. Աբդիու 15) Առաջին դարու հրէական իրերու դրութեան վախճանն ալ նախագուշակուած էր, եւ անիկա տեղի ունեցաւ, երբ հռովմէական բանակները Յուդան աւերեցին Հ.Դ. 70–ին։ (Ղուկաս 19։41-44. Ա. Պետրոս 4։7) Բայց Պետրոս Եհովայի ապագայ ‘օրուան’ կը մատնանշէ, որ Ջրհեղեղէն շա՜տ աւելի մեծածաւալ պիտի ըլլայ։

13. Պատմական ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ որ իրերու այս դրութեան վախճանը վստահ է։

13 Պետրոս այդ գալիք կործանումը կը նկարագրէ, ըսելով. «Նոյն խօսքով»։ Ան տակաւին նոր ըսած էր որ «Աստուծոյ խօսքովը» նախաջրհեղեղեան երկիրը «ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է»։ Աստուածաշունչի ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ նկարագրուած այս կացութիւնը կարելի դարձուց Ջրհեղեղը, երբ ջուր տեղաց Աստուծոյ հրամանին կամ խօսքին համաձայն։ Պետրոս կը շարունակէ. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են [Աստուծոյ] նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ (Բ. Պետրոս 3։5-7. Ծննդոց 1։6-8) Ասոր համար Եհովայի վստահելի խօսքը ունինք։ Ինքն է որ իր կրակոտ բարկութեան մեծ օրուան ընթացքին վերջ պիտի դնէ ‘երկնքի ու երկրի’՝ իրերու այս դրութեան։ (Սոփոնեայ 3։8) Բայց ե՞րբ։

Անձկանօք Վախճանը Սպասել

14. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ հիմա «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։

14 Յիսուսի աշակերտները ուզեցին գիտնալ թէ վախճանը ե՛րբ պիտի գար, ուստի իրեն հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Անոնք բացայայտօրէն կը հարցնէին որ հրէական իրերու դրութիւնը ե՛րբ իր վախճանին պիտի հասնէր, սակայն Յիսուսի պատասխանը աւելի կը կեդրոնանար թէ ներկայ ‘երկինքն ու երկիրը’ ե՛րբ պիտի կործանին։ Յիսուս նախագուշակեց մեծ պատերազմներ, ուտելիքի պակաս, երկրաշարժներ, հիւանդութիւններ եւ ոճիր։ (Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։5-36) 1914–էն ի վեր, Յիսուսի տուած ‘իրերու դրութեան վախճանին’ նշանին, ինչպէս նաեւ «վերջին օրեր»ը բնորոշող Պօղոս առաքեալի յիշած բաներուն կատարուիլը տեսած ենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Արդարեւ, ջախջախիչ փաստեր կան թէ մենք իրերու այս դրութեան վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։

15. Հակառակ Յիսուսի տուած զգուշացումին, Քրիստոնեաներ ի՞նչ ընել փորձած են։

15 Եհովայի Վկաները անձկագին փափաքած են գիտնալ թէ Եհովայի օրը ե՛րբ պիտի գայ։ Իրենց ունեցած այս տենչին պատճառաւ, երբեմն փորձած են անոր գալուն հաւանական ժամանակը ենթադրել։ Բայց այս ընելով, Յիսուսի աշակերտներուն նման, թերացած են իրենց Տիրոջ տուած կանխազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայելու, թէ մենք չենք «գիտեր ատենը ե՞րբ է»։ (Մարկոս 13։32, 33) Ծաղրողները հեգնած են հաւատարիմ Քրիստոնեաները, իրենց կանխահաս ակնկալութիւններուն պատճառաւ։ (Բ. Պետրոս 3։3, 4) Բայց եւ այնպէս, Պետրոս կը հաստատէ որ Եհովայի օրը պի՛տի գայ՝ Իր ժամանակացոյցին համաձայն։

Եհովայի Տեսակէտը Պէտք Է Ունենանք

16. Իմաստութեամբ ո՞ր խրատին ականջ կու տանք։

16 Ժամանակի նկատմամբ, պէտք է Եհովայի տեսակէտը ունենանք, ինչպէս Պետրոս մեզի կը վերյիշեցնէ. «Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս»։ 70 կամ 80 տարի եղող մեր կեանքի երկարութիւնը, բաղդատաբար որքա՜ն կարճ է։ (Բ. Պետրոս 3։8. Սաղմոս 90։4, 10) Ուստի, եթէ այնպէս կը թուի որ Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը կ’ուշանայ, պէտք է Աստուծոյ մարգարէին տուած խրատը ընդունինք. «Եթէ ուշանայ [որոշուած ժամանակը]՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ»։—Ամբակումայ 2։3

17. Թէեւ վերջին օրերը ոմանց ակնկալածէն երկար տեւած է, բայց ի՞նչ բանէն վստահ ենք։

17 Այս դրութեան վերջին օրերը ինչո՞ւ ոմանց ակնկալածէն աւելի երկար տեւած են։ Լաւ պատճառով մը, ինչպէս Պետրոս կը շարունակէ ըսել. «Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Եհովա նկատի կ’առնէ ամբողջ մարդկութեան լաւագոյն շահերը։ Ան մարդոց կեանքով հետաքրքրուած է, ինչպէս ինք կ’ըսէ. «Ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի»։ (Եզեկիէլ 33։11) Ուստի, կրնանք վստահ ըլլալ որ վախճանը պիտի գայ ճիշդ ժամանակին, մեր ամենագէտ ու սիրալիր Ստեղծիչին նպատակը իրագործելու համար։

Ի՞նչ Բան Պիտի Անցնի

18, 19. (ա) Եհովա ինչո՞ւ որոշած է իրերու այս դրութիւնը կործանել։ (բ) Պետրոս իրերու այս դրութեան վախճանը ի՞նչպէս կը նկարագրէ. իրականութեան մէջ ի՞նչ պիտի կործանի։

18 Քանի որ Եհովա իրապէս կը սիրէ իրեն ծառայողները, ան մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր անոնք, որոնք անոնց կը վշտացնեն։ (Սաղմոս 37։9-11, 29) Ինչպէս Պօղոս նախապէս նշած էր, Պետրոս ալ նշելով որ այս կործանումը չակնկալուած ժամանակի մը մէջ պիտի ըլլայ, կ’ըսէ. «Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին»։ (Բ. Պետրոս 3։10. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2) Ջրհեղեղին՝ բառացի երկինքն ու երկիրը չկործանեցան. նոյնը պիտի ըլլայ Եհովայի օրուան ընթացքին։ Ուստի, ի՞նչ բան «պիտի անցնի», կամ պիտի կործանի։

19 Մարդկային կառավարութիւնները, որոնք մարդկութեան վրայ ‘երկնքի’ նման տիրած են, վերջ պիտի գտնեն, նոյնը պիտի պատահի ‘երկրին’, կամ մարդկային ամբարիշտ ընկերութեան։ «Սաստիկ շառաչիւն»ը թերեւս երկնքի արագօրէն անցնելուն կ’ակնարկէ։ Ներկայ մարդկային ստորնացած ընկերութիւնը կազմող «տարերքները» պիտի «լուծուին» կամ պիտի փճացուին։ Իսկ «երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին [«երեւան բերուին», ՆԱ]»։ Եհովա ամբողջովին պիտի քօղազերծէ մարդոց ամբարիշտ արարքները, աշխարհի համայն դրութիւնը իր վախճանին բերելով, որու իրապէս արժանի է։

Ձեր Աչքերը Սեւեռեցէք Ձեր Յոյսին Վրայ

20. Մեր դիմաց եղող դէպքերու մասին տեղեակ ըլլալը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեր կեանքին։

20 Քանի որ այս եղերական դէպքերը շուտով պիտի պատահին, Պետրոս կ’ըսէ թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուինք. «Սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ Ո՛չ մէկ կասկած. «Երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին»։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Ամէն ինչ որ կ’ընենք կամ կը ծրագրենք ընել, պէտք է ի մտի ունենանք այն իրողութիւնը, թէ այս աղիտալի դէպքերը կրնան վաղն իսկ սկսիլ։

21. Ի՞նչ բան պիտի փոխարինէ ներկայ երկնքին ու երկրին։

21 Արդ, Պետրոս մեզի կ’ըսէ թէ ինչ բան պիտի փոխարինէ հին դրութեան. «Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13. Եսայեայ 65։17) Ո՜հ, ինչ մեծ հանգստութիւն պիտի ըլլայ։ Քրիստոս եւ իր 144,000 իշխանակիցները պիտի կազմեն կառավարական «նոր երկինք»ը, իսկ աշխարհի վախճանէն վերապրողները՝ «նոր երկիր»ը։—Ա. Յովհաննու 2։17. Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3

Ժամանակի Ստիպողականութիւնը եւ Բարոյական Մաքրութիւնը Պահպանենք

22. (ա) Ի՞նչ կերպով կրնանք հոգեւոր բիծերէ ու արատներէ զերծ ըլլալ։ (բ) Պետրոս ո՞ր վտանգին մասին զգուշացուց։

22 Պետրոս կը շարունակէ. «Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։ Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք»։ Անձկալից ակնկալութեամբ սպասելը եւ Եհովայի օրուան որեւէ երեւութական ուշացում որպէս աստուածային համբերութեան արտայայտութիւն նկատելը, մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս անբիծ ու անարատ մնանք։ Բայց վտա՛նգ մը կայ։ Պետրոս կը զգուշացնէ որ ‘մեր սիրելի եղբօր՝ Պօղոսի’ նամակներուն մէջ «քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, որոնք տգէտներն ու անհաւատները ծուռ կը մեկնեն, ինչպէս ուրիշ գրքեր ալ՝ իրենց անձին կորուստին համար»։—Բ. Պետրոս 3։14-16

23. Պետրոսի եզրափակիչ խրատը ի՞նչ էր։

23 Սուտ ուսուցիչները Աստուծոյ անարժան ողորմութեան մասին Պօղոսի գրածները բացայայտօրէն խեղաթիւրեցին, զայն անառակութեան համար որպէս արդարացում գործածելով։ Թերեւս Պետրոս ասիկա ունէր իր մտքին մէջ, երբ գրեց իր վերջին խրատը. «Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք»։ Ապա իր նամակը կ’եզրափակէ, հետեւեալ յորդորը տալով. «Աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը»։—Բ. Պետրոս 3։17, 18

24. Եհովայի բոլոր ծառաները ի՞նչ կեցուածք պէտք է որդեգրեն։

24 Պարզ է որ Պետրոս կը փափաքի իր եղբայրները զօրացնել։ Ան կը ցանկայ որ բոլորն ալ բացումին մէջ մեր նշած 82 տարեկան հաւատարիմ Վկային կեցուածքը ունենան, որ ըսաւ. «Ես իմ կեանքս ապրած եմ առաքեալին յորդորին համաձայն, ‘Եհովայի օրուան ներկայութիւնը մտքիս մէջ պահելով’։ Խոստացեալ նոր աշխարհը միշտ նկատած եմ որպէս ‘չտեսնուած իրողութիւն մը’»։ Թող որ բոլորս ալ ա՛յս կերպով ապրինք մեր կեանքը։

Ի՞նչպէս կրնաք պատասխանել

◻ Եհովայի օրը ‘մտքի մէջ պահել’ ի՞նչ կը նշանակէ։

◻ Ծաղրողները ի՞նչ բան կամայականօրէն կ’անտեսեն եւ ինչո՛ւ։

◻ Ի՞նչ պատճառով ծաղրողները հեգնած են հաւատարիմ Քրիստոնեաները։

◻ Ի՞նչ տեսակէտ պէտք է պահենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել