Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 3/1 էջ 3-4
  • Ուրախութիւն որքա՜ն անհասանելի է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ուրախութիւն որքա՜ն անհասանելի է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ապերջանկութեան Բանալին
  • Խաբուսիկ Նպատակակէտ մը
  • Իրական ուրախութիւն՝ Եհովայի ծառայելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Գոհունակութիւն եւ առատաձեռնութիւն
    Զարթի՛ր 2018
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 3/1 էջ 3-4

Ուրախութիւն որքա՜ն անհասանելի է

ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ, մտահոգութիւնը եւ յուսալքումը երկար ժամանակէ ի վեր գիտական հետազօտութեան նիւթ դարձած են։ Սակայն, վերջին տարիներուն, երեւելի գիտնականներ իրենց հետազօտութիւնը կեդրոնացուցած են մարդկային շինիչ եւ փափաքելի փորձառութեան վրայ, որ է՝ ուրախութիւնը։

Ի՞նչ բան մարդիկը աւելի ուրախ կրնայ դարձնել. արդեօք աւելի երիտասարդ, աւելի հարուստ, աւելի առողջ, աւելի բարձրահասակ կամ աւելի նիհար ըլլա՞լը։ Իսկական ուրախութեան բանալին ի՞նչ է։ Շատերու համար դժուար կամ անկարելի է այս հարցումին պատասխանել։ Նկատի ունենալով ուրախութիւն գտնելու համատարած ձախողութիւնը, թերեւս ոմանց համար աւելի դիւրին է ըսել թէ ի՛նչ բաներ չեն նպաստեր ուրախութեան։

Երկար ժամանակ, կարկառուն հոգեբաններ անձնակեդրոն ըլլալու փիլիսոփայութիւն մը յանձնարարեցին, որպէս ուրախութեան բանալին։ Անոնք ապերջանիկ մարդոց քաջալերեցին որ բացարձակապէս շեշտը դնեն իրենց անձնական կարիքներուն գոհացում տալու վրայ։ Հոգեբուժութեան մէջ հետեւեալ գրաւիչ արտայայտութիւնները գործածուած են. «Ի՛նչ որ ես՝ ան եղիր», «դուն քեզի հետ շփման մէջ եղիր» եւ «դուն քեզ ճանչցիր»։ Սակայն, այս մտածելակերպը յանձնարարող մասնագէտներէն ոմանք, ներկայիս կը համաձայնին որ այսպիսի անհատապաշտական կեցուածք մը մնայուն ուրախութիւն չի բերեր։ Անձնապաշտութիւնը անխուսափելիօրէն ցաւ ու ապերջանկութիւն պիտի բերէ։ Անձնասիրութիւնը ուրախութեան բանալին չէ։

Ապերջանկութեան Բանալին

Ուրախութիւն գտնելու համար հաճոյք հետապնդողները սխալ տեղ կը փնտռեն զայն։ Վաղեմի Իսրայէլի իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը նկատի առէք։ Աստուածաշունչի Ժողովողի գրքին մէջ, ան կը բացատրէ. «Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։ Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։ Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր»։ (Ժողովողի 2։10) Սողոմոն իրեն համար տուներ շինեց, այգիներ տնկեց, պարտէզներ, մրգաստաններ եւ աւազաններ շինեց։ (Ժողովողի 2։4-6) Ան անգամ մը հարց տուաւ. «Ինծմէ զատ [«լաւ», ՆԱ] ո՞վ կրնայ ուտել եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ»։ (Ժողովողի 2։25) Ան կը զուարճանար լաւագոյն երգիչներով եւ երգչուհիներով, նաեւ կը վայելէր երկրին ամենէն գեղեցիկ կիներուն ընկերակցութիւնը։—Ժողովողի 2։8

Կէտը այն է, որ Սողոմոն ետ չկեցաւ հաճոյալի գործունէութիւններ հետապնդելէ։ Կեանքի մէջ բազմաթիւ հաճոյքներ վայելելէն ետք, ան ի՞նչ եզրակացութեան հասաւ։ Ան ըսաւ. «Ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար»։—Ժողովողի 2։11

Իմաստուն թագաւորին երեւան հանած իրողութիւնները մինչեւ օրս ճշմարիտ կը մնան։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Միացեալ Նահանգներու նման երկիր մը։ Վերջին 30 տարիներուն, Ամերիկացիները գրեթէ կրկնապատկած են իրենց նիւթական ստացուածքները, ինչպէս՝ ինքնաշարժները եւ հեռատեսիլները։ Սակայն, մտային առողջապահութեան մասնագէտներու համաձայն, Ամերիկացիները նախկինէն աւելի ուրախ չեն։ Աղբիւրի մը համաձայն, «միեւնոյն ժամանակաշրջանին, յուսալքումէ տառապողներու թիւը աւելցած է։ Պատանիներու անձնասպանութիւնը եռապատկուած է։ Ամուսնալուծումի համեմատութիւնը կրկնապատկուած է»։ Վերջերս, շուրջ 50 տարբեր երկիրներու ժողովուրդներուն մէջ, դրամի եւ ուրախութեան միջեւ եղած կապակցութիւնը ուսումնասիրելէ յետոյ, հետազօտողներ նոյնանման եզրակացութիւններու յանգած են։ Ուրիշ խօսքով, ուրախութիւնը չէք կրնար գնել։

Ընդհակառակը, հարստութեան ետեւէ ըլլալը պատշաճօրէն կրնայ կոչուիլ՝ ապերջանկութեան բանալին։ Պօղոս առաքեալ ազդարարեց. «Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

Ո՛չ հարստութիւնը, ո՛չ առողջութիւնը, ո՛չ երիտասարդութիւնը, ո՛չ գեղեցկութիւնը, ո՛չ զօրութիւնը, ո՛չ ալ ասոնցմէ քանի մը հատը միասնաբար՝ մնայուն ուրախութիւն կրնան երաշխաւորել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ փորձանքներուն արգելք հանդիսանալու կարողութիւն չունինք։ Սողոմոն Թագաւոր տեղին ըլլալով նշեց. «[Մարդը իր] ժամանակն անգամ չի գիտեր։ Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան, երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ գայ»։—Ժողովողի 9։12

Խաբուսիկ Նպատակակէտ մը

Գիտական բոլոր հետազօտութիւնները չեն կրնար յառաջ բերել ուրախութեան մարդակերտ բանաձեւ մը կամ մեթոտ մը։ Սողոմոն նաեւ ըսաւ. «Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, թէ ճամբան վազողներունը չէ, պատերազմը զօրաւորներունը չէ նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։—Ժողովողի 9։11

Վերոյիշեալ խօսքերուն համաձայնողները, այն եզրակացութեան յանգած են որ իսկական ուրախ կեանք մը ակնկալելը իրապաշտութիւն չէ։ Կարկառուն ուսումնական մը ըսաւ թէ «ուրախութիւնը երեւակայական վիճակ մըն է»։ Ուրիշներ կը հաւատան թէ ուրախութեան բանալին խորհրդաւոր գաղտնիք մըն է, իսկ զայն երեւան հանելը սահմանափակուած է քանի մը խելացի ու տաղանդաւոր խորհրդապաշտներու։

Մարդիկ տակաւին զանազան կենցաղներ կը փորձեն, յուսալով ուրախութիւն գտնել։ Հակառակ իրենց նախնիքներու ձախողութեան, ներկայիս շատեր տակաւին հարստութիւն, զօրութիւն, առողջութիւն կամ հաճոյք կը հետապնդեն, իրենց ապերջանկութեան դարման մը գտնելու յոյսով։ Փնտռտուքը կը շարունակուի, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը ներքնապէս կը հաւատայ որ մնայուն ուրախութիւնը միայն երեւակայական վիճակ մը չէ։ Անոնք յոյս ունին որ ուրախութիւնը խաբուսիկ երազ մը չէ։ Ուստի, կրնաք հարցնել. ‘Ի՞նչպէս կրնամ ուրախութիւն գտնել’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել