Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 3/1 էջ 5-7
  • Իսկական ուրախութիւն ի՞նչ է բանալին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իսկական ուրախութիւն ի՞նչ է բանալին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հոգեւորականութիւնը Ուրախութեան կ’Առաջնորդէ
  • Ընտրելու Մեր Կարողութիւնը
  • Բանալին—Աստուածային Իմաստութիւնը եւ Հնազանդութիւնը
  • Իրական ուրախութիւն՝ Եհովայի ծառայելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • «Երանելի Աստուծոյ» ծառայողները երջանիկ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Կրնա՛ս իսկական ուրախութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Մարդկային առաջին զոյգէն կրնանք սորվիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 3/1 էջ 5-7

Իսկական ուրախութիւն ի՞նչ է բանալին

ՄԱՐԴԻԿ ստեղծուած են ուրախ ըլլալու համար։ Ինչո՞ւ այսքան վստահ ենք ասկէ։ Եկէք նկատի առնենք մարդուն սկիզբը։

Եհովա Աստուած առաջին մարդկային զոյգը ստեղծեց ուրախութիւն վայելելու կարողութեամբ։ Ադամ ու Եւա զետեղուեցան դրախտի մը՝ Եդեմ կոչուած՝ հաճոյքի պարտէզի մը մէջ։ Ստեղծիչը՝ ապրելու համար ֆիզիքական բոլոր անհրաժեշտութիւնները հայթայթեց։ Պարտէզը «տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ» ունէր։ (Ծննդոց 2։9) Ադամն ու Եւա առողջ, զօրաւոր, գեղեցիկ, կատարեալ ու իրապէս ուրախ էին։

Սակայն, իրենց ուրախութեան բանալին ի՞նչ էր։ Արդեօք անոնց դրախտային բնակարանը կամ ֆիզիքական կատարելութի՞ւնն էր։ Աստուծոյ այս պարգեւները կեանքը վայելելու նպաստեցին, բայց անոնց ուրախութիւնը այս շօշափելի բաներէն կախեալ չէր։ Եդեմի դրախտը գեղեցիկ պարտէզ մը ըլլալէն աւելի էր։ Անիկա սրբարան մը, Աստուած պաշտելու վայր մըն էր։ Անոնց յաւիտենական ուրախութեան բանալին՝ Ստեղծիչին հետ սիրալիր յարաբերութիւն մը հաստատելու եւ պահպանելու կարողութիւնն էր։ Ուրախ ըլլալու համար, ամէն բանէ առաջ անոնք հոգեւոր անհատներ պէտք էր ըլլային։—Բաղդատել՝ Մատթէոս 5։3։

Հոգեւորականութիւնը Ուրախութեան կ’Առաջնորդէ

Սկիզբը, Ադամ Աստուծոյ հետ հոգեւոր յարաբերութիւն ունէր։ Անիկա սիրալիր, քնքուշ յարաբերութիւն մըն էր, զաւկի ու հօր մը յարաբերութեան նման։ (Ղուկաս 3։38) Եդեմի պարտէզին մէջ, Ադամն ու Եւա իտէալ պարագաներու մէջ էին, որոնք թոյլ կու տային որ պաշտամունք մատուցանելու իրենց փափաքը գոհացում ստանայ։ Եհովայի հանդէպ կամայական ու սիրալիր հնազանդութիւն ցոյց տալով, անոր փառք ու պատիւ պիտի բերէին, բան մը՝ զոր անասնական ստեղծագործութիւնը չէր կրնար ընել։ Անոնք կրնային գիտակցօրէն Աստուած փառաբանել իր սքանչելի յատկութիւններուն համար եւ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնիլ։ Նաեւ կրնային շարունակաբար ստանալ Եհովայի սիրալիր ու քնքուշ հոգատարութիւնը։

Ստեղծիչին հետ այս միաբանութիւնը եւ անոր օրէնքներուն հանդէպ հնազանդութիւնը, մեր առաջին ծնողքին իսկական ուրախութիւն բերին։ (Ղուկաս 11։28) Ուրախութեան բանալին գտնելու համար, Ադամն ու Եւան պէտք չունէին տարիներ իյնալ–ելլելով սորվիլ։ Անոնք իրենց ստեղծման վայրկեանէն իսկ ուրախ էին։ Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլալը եւ իր հեղինակութեան ենթարկուիլը զիրենք կ’ուրախացնէր։

Սակայն, այդ ուրախութիւնը վերջ գտաւ, այն վայրկեանին որ անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան։ Ադամ ու Եւա ըմբոստանալով, Եհովայի հետ իրենց հոգեւոր յարաբերութիւնը խզեցին։ Այլեւս անոնք Աստուծոյ բարեկամները չէին։ (Ծննդոց 3։17-19) Այնպէս կ’երեւի թէ պարտէզէն վռնտուելէն ետք, Եհովա անոնց հետ ամէն հաղորդակցութիւն խզեց։ Անոնք կորսնցուցին իրենց կատարելութիւնը, յաւիտեան ապրելու հեռանկարը եւ պարտիզանման բնակարանը։ (Ծննդոց 3։23) Բայց ամենակարեւորը, քանի որ Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը կորսնցուցին, ուրախութեան բանալին ալ կորսնցուցած եղան։

Ընտրելու Մեր Կարողութիւնը

Մեռնելէ առաջ, Ադամ ու Եւա իրենց զաւակներուն փոխանցեցին իրենց մարդկային յատկանիշները, բնածին խղճմտանքը եւ հոգեւորականութիւն կերտելու կարողութիւնը։ Մարդկային ընտանիքը անասուններու մակարդակին չիջաւ։ Կրնանք Ստեղծիչին հետ հաշտուիլ։ (Բ. Կորնթացիս 5։18) Որպէս մտացի արարածներ, մարդիկ տակաւին Աստուծոյ հնազանդելու կամ չհնազանդելու ընտրութիւնը ունին։ Ասիկա դարեր ետք ցոյց տրուեցաւ, երբ Եհովա նորակազմ Իսրայէլի ազգին առջեւ դրաւ կեանքի կամ մահուան ընտրութիւնը։ Աստուած իր խօսնակին՝ Մովսէսի՝ միջոցաւ ըսաւ. «Ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի»։—Բ. Օրինաց 30։15-18

Սկզբնական Դրախտը կորսուելէն հազարաւոր տարիներ ետք, տակաւին մարդիկ կրնան շիտակ ընտրութիւնը ընել։ Մեր մէջ ունինք գործող խղճմտանք մը եւ Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելու հիմնական կարողութիւն մը։ Աստուածաշունչը կը խօսի «ներսի մարդուն» մասին։ (Բ. Կորնթացիս 4։16. Հռովմայեցիս 7։22) Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ որ բոլորս ալ Աստուծոյ անձնաւորութիւնը արտացոլացնելու, անոր մտածելակերպը որդեգրելու, հոգեւոր անձ մը ըլլալու բնածին կարողութիւն մը ունինք։

Պօղոս առաքեալ մեր բարոյական բնոյթին եւ խղճմտանքին նկատմամբ հետեւեալը գրեց. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը»։—Հռովմայեցիս 2։14, 15

Բանալին—Աստուածային Իմաստութիւնը եւ Հնազանդութիւնը

Սակայն անհատ մը թերեւս հարց տայ. ‘Եթէ բոլորս ալ Աստուած պաշտելու բնական հակում մը ունինք՝ որու պատճառաւ իսկական ուրախութիւն կրնանք վայելել՝ ինչո՞ւ ապերջանկութիւնը այսքան լայնատարած է’։ Քանի որ ուրախ ըլլալու համար, իւրաքանչիւրս հոգեւորականութիւն պէտք է մշակենք։ Թէեւ մարդը սկիզբը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուեցաւ, բայց ետքը ան իր Ստեղծիչէն օտարացաւ։ (Եփեսացիս 4։17, 18) Հետեւաբար, ամէն մէկս որոշ քայլեր պէտք է առնենք, Աստուծոյ հետ հոգեւոր յարաբերութիւն մը հաստատելու եւ պահպանելու համար։ Այսպիսի յարաբերութիւն մը ինքնաբերաբար պիտի չզարգանայ։

Հոգեւորականութիւն մշակելու երկու կարեւոր սկզբունքներ ուրուագծեց Յիսուս։ Առաջինը, Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ, իսկ երկրորդը՝ հնազանդութեամբ իր կամքին ենթարկուիլ։ (Յովհաննու 17։3) Աստուծոյ Խօսքը մէջբերելով, Յիսուս ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ (Մատթէոս 4։4) Ուրիշ առիթով մը, ան ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ»։ (Յովհաննու 4։34) Պէտք չունինք բազմաթիւ տասնամեակներ վատնելու, իյնալ–ելլելով ուրախութիւն փնտռելու համար։ Փորձառութիւնը ուրախութեան բանալին չէ։ Այլ, միայն աստուածային իմաստութիւնը եւ մեր Ստեղծիչին հանդէպ հնազանդութիւնը, կրնան կեանքի մէջ իսկական ուրախութեան առաջնորդել։—Սաղմոս 19։7, 8. Ժողովողի 12։13

Բացայայտօրէն, աստուածային իմաստութեամբ վարուելէն եւ Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք ունենալէն յառաջ եկած ուրախութիւնը, մեր հասողութենէն հեռու չէ։ (Գործք 17։26, 27) Եհովայի եւ իր նպատակին մասին գիտութիւն ստանալը բոլորին մատչելի է։ Բազմաթիւ լեզուներով ու միլիառաւոր օրինակներ տպուած ըլլալով, Աստուածաշունչը կը շարունակէ ըլլալ աշխարհի ամենաշատ շրջաբերութիւն ունեցող գիրքը։ Աստուածաշունչը ձեզի կրնայ օգնել որ Աստուծոյ բարեկամը դառնաք եւ իսկական ուրախութիւն վայելէք, քանի որ անիկա կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։—Սաղմոս 144։15

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Ուրախութեան առաջնորդող քայլեր

1. Հոգեւորականութիւնը արժեւորեցէք ու զայն մշակեցէք։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։—Ղուկաս 11։28

2. Գիտակցեցէք որ Աստուծոյ հաճութիւնը աւե՛լի կարեւոր է քան հարստութիւնը կամ պերճանքը։ Պօղոս գրեց. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ . . . Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։—Ա. Տիմոթէոս 6։6-8

3. Ջանացէք Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանք մը մշակել եւ անոր ընդառաջել։—Հռովմայեցիս 2։14, 15

4. Վճռեցէք Եհովա Աստուծոյ հնազանդիլ, իր ծառաներէն մէկը ըլլալու որակելի դառնալով։ Վաղեմի Դաւիթ գրեց. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան Է»։—Սաղմոս 144։15

[Նկար՝ էջ 7]

«Ուրախ են՝ իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից եղողները»։—Մատթէոս 5։3, ՆԱ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել